Խմբագրական Archives - Aztag Daily

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Պիտի Փորձենք Իրականացնել: Միասին: (Գ.)
Օրաթերթի, յաւելուածներու, բացառիկներու եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու  այլեւս սովորական դարձած աշխատանքները բնականաբար պիտի շարունակուին: Ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի աշխուժութեան նոր թափ ապահովելու համար, Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի «Ազդակ»-ի էջերուն պիտի աւելնայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ բաժին ապահովելը: Նկատուած է, որ «Ինսթակրամ»-ը բացառաբար երիտասարդ օգտատէրեր ունի եւ նախաձեռնութիւնը կը միտի առնուազն «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելը. եւ այս ցանցի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով առաւել զարկ պիտի տրուի լուսանկարներուն եւ անոնց ընկերակցող ամփոփ լրատուութիւններուն:

Ելեկտրոնային տարածքին վերաբերեալ, «Ազդակ» նկատելով ընդհանուր միտումը` համացանցային եւ արբանեակային հեռատեսիլներու համատեղման, պիտի փորձէ ծրագրել «Ազդակ»-ի համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարցազրոյցներուն առընթեր հետզհետէ տեղադրել լրատուական նիւթեր, հեռակայ կարգով զրոյց-քննարկումներ եւ մանաւանդ ձեռնարկներու ցանցային ուղղակի սփռումներ: Կը մնայ, որ արդէն իսկ սմարթ ֆոներու վրայ կարդացուող «Ազդակ-մոպայլ»-ը ունենայ իր էփլիքէյշընը, ամէնէն արագ միջոցին եւ «Ազդակ»-ի էփը ներբեռնողը իր հեռախօսին վրայ ստանայ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հաղորդագրութիւնները:

Այս մարզի աշխուժացումը հրամայական է նաեւ այն առումով, որ տարին ամբողջ 100-ամեակ է եւ թէ՛ այստեղ տեղի ունենալիք ձեռնարկները եւ թէ՛ հայրենիքի կամ տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունենալիքները օգտակար կ՛ըլլայ ցանցային դրութեամբ հեռարձակելը:

100-ամեակին «Ազդակ»  կը ծրագրէ ապրիլքսանչորսեան բացառիկին տալ տարողունակ բովանդակութիւն եւ համագործակցիլ հայրենիքի թէ սփիւռքի ցեղասպանագիտական տարբեր կեդրոններու հետ` ապահովելու համար ժամանակակից գիտաշխատութիւններ: Այս հրատարակութեան կը հետեւի նաեւ օտարալեզու  յաւելուած, որ ուղղուած պիտի ըլլայ լիբանանցի կամ ընդհանրապէս արաբ ընթերցող լսարանին:

Տպարանն ու ցրուումի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ «Փիւնիկ» սրահի յանձանձումը  յանձնուած են արդէն հաշուապահական-վարչարարական պատասխանատուութեան: Մեր տպարանը «Ազդակ»-ի տպագրութեան առընթեր սկսած է ստանձնել նաեւ այլ թերթերու հրատարակութիւնը, որ շուտով կը սկսի գործադրուիլ: Նախատեսած ենք, որ «Փիւնիկ» սրահը աւելի աշխուժ թափով հիւրընկալէ միութենական եւ անհատական ձեռնարկներ:

2015-ի առաջին եռամսեակին «Ազդակ» հրապարակի վրայ կը դնէ 88-ամեայ իր արխիւին թուայնացուած ամբողջութիւնը: Նկարահանուած, ծրագրաւորուած եւ որոնողական համակարգի ենթակայ` մեր թերթը կը դառնայ ուսումնասիրողին համար ժամանակակից արհեստագիտութեամբ որոնելի սկզբնաղբիւր: Դժուար է պատկերացնելը թէ տասնամեակներու վրայ ի՛նչ տեսակի նիւթեր, մեկնաբանութիւններ, քաղաքական կեցուածքներ, գաղութային, միջազգային, հայրենական, սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի ժամանակակից պատմութեան ի՛նչ վիթխարի գրականութեան մասին է խօսքը, որ արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով տրամադրելի է այսօր հանրութեան, բայց մանաւանդ աշխարհի որ ծայրը գտնուող ուսումնասիրող մարդուն: Հրապարակումի սկիզբը պիտի փորձենք կատարել արժանավայել շուքով` ներգրաւելով հայաստանեան թէ սփիւռքեան արխիւային կարեւորագոյն կեդրոնները:

Այն ինչ որ խմբագրականի առաջին սիւնակով ընդգծած էինք իբրեւ չյաղթահարուած դժուարութիւններ, պիտի փորձենք այդ ուղղութեամբ լուծման ուղիներ փնտռել: Բոլորը` խոստումի կարգով. եւ չէ բացառուած, որ վերը նշուած առաջադրանքներէն այլ ծրագիրներ եւս իրականացնենք: Համացանցային հեռատեսիլի նախագիծի պատրաստութենէն զատ, այն ինչ որ յայտնեցինք  գրեթէ իրենց լրումին հասած ծրագիրներ են: Մնացեալը պէտք է ձգել ժամանակին եւ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ իրականութիւն դարձած են:

Տարին կը փակենք անբաւարարուածութեան զգացումով: Ըրինք այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք. չկրցանք ընել, դարձեալ այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք: Կ՛ակնկալենք առողջ, բաց քննադատութիւն: Առանց ցեխարձակումի, առանց վարկաբեկումի: Կը հրապարակենք բոլոր քննադատութիւնները, երբ այնտեղ զգանք կառուցողականութիւնը, միայն սրբագրուած տեսնելու մօտեցումը: Մնացեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալն իսկ կը գտնենք անիմաստ: «Ազդակ»-ը հերթական արեւածագին 10 էջով ինքզինք կը յանձնէ իր ընթերցողներու դատողութեան: Եւ չէ բացառուած, որ մենք ամէն օր այս կամ այն ձեւով տեղի տանք սխալի մը: Մեր ընթերցողները սրբագրիչներ չեն. բայց մեր ընթերցողները մաս կը կազմեն «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իբրեւ այդպիսին սխալները պէտք է մատնացոյց ընեն օրին, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով, անձամբ` ունենալու համար այն «Ազդակ»-ը, որ բոլորս կ՛ուզենք: Միասին:

Խմբագրական . Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Կրցանք Ընել (Բ.)
Թէեւ իբրեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ընկալել, այսուհանդերձ այսօր տպագիր մամուլ, այն ալ պաշտօնաթերթ, այն ալ օրաթերթ, եւ այն ալ հայերէն` սփիւռքի մէջ ինքնին ամէն օր իրագործում արձանագրել է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթին համար:

Գերարժեւորում չէ այս մէկը, այլ բառին բուն իմաստով ժամանակին, ժամացոյցին դէմ եւ  հետզհետէ նիւթական, կենցաղային, արժէքային առումներով առօրեայ պայքար: Ժամանակը բացարձակօրէն ի նպաստ տպագիր մամուլին չէ: Արագութեան կշռոյթը կայծակնային է` լուր տալու, հասանելի դառնալու, զանգուածային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Լուր տալու հեւքը` արհեստագիտութեան առումով նոր մրցանիշեր կը կտրէ, ժամանակավրէպութեան վտանգի սպառնալիքով, ամէն օր, օրաթերթին լոյս տեսած իւրաքանչիւր օր:

Տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առեւտրական հաստատութիւններն անգամ կրճատումներու կը դիմեն, երբ ամէն տեղ սեղմումի քաղաքականութեան ներքոյ ամփոփուելու միտումներ կը դրսեւորուին, ժամանակավրէպութեան դէմ պայքարի ելած մամուլը, իբրեւ ոչ եկամտաբեր հաստատութիւն,  իր անձնակազմը կը պահէ, սարքաւորումները կ՛այժմէականացնէ  եւ ճիգ կը թափէ յաղթահարելու տնտեսական զարգացող տագնապը:

Այստեղ մեզի օգնութեան կը հասնին թերթին առաքելութեան հաւատացող հովանաւորները, որոնք տուեալ էջ թէ կայք, գրական յաւելուած թէ բացառիկ կամ արաբերէն բաժին հովանաւորելու իրենց քայլերով կ՛օժանդակեն թերթին կանգուն մնալուն եւ զարգացման:

Նիւթական դժուարութիւնը սակայն մեզ չի պարտադրեր նոր ծրագիրներու չդիմելու եւ նոր բաժանմունքներ չյառաջացնելու: Այս տարուան հիմնական նորութիւնն ու իրագործումը «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի աշխատանքի արդիւնքն էր: Մամուլի թուայնացման աշխատանքը, արդէն շուտով հանրութեան տրամադրելի կը դարձնէ ոչ միայն «Ազդակ»-ի ութսունեօթնամեայ հաւաքածոն, այլ նաեւ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ թուայնացուած մամուլն` արխիւի պահպանման եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար օգտագործելի նիւթ տրամադրելու ճիշդ, գործնական  եղանակն ու համակարգը:

Արաբերէն կայքը նոր այցելուներ ապահովեց: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը այցելուներու աճի երեւոյթին մասին ի յայտ բերաւ, որ յատկապէս Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն նոր ընթերցողներ միացան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի արաբ թէ արաբատառ լրատուութիւններու հետեւող հայ ընթերցողներուն: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը արդէն իբրեւ կայացած օտարալեզու լրատուամիջոց` կը լուսաբանէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ Հայ դատի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Մանկապատանեկան յաւելուածը, իր հերթին,  ազդուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններէ: Ամառուան ժամանակաշրջանին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի թիւերը լոյս չտեսան տպագիր տեսքով. անոնք էջադրուած ձեւով առցանց հասանելի դարձան «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով: Դպրոցական վերամուտին հետ «Պզտիկ-Մզտիկ» դարձեալ սկսաւ հասնիլ ամիսը անգամ մը իր ընթերցողներուն: Մինչ, շարունակուեցան նաեւ «Անսխալ գրենք» մրցումները, որոնք համախմբեցին հարիւրաւոր մասնակիցներ:

Մամլոյ լսարաններու թիւը կը բախէ 100-ի դռները: Այս տարի եւս թէ՛ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ սփիւռքի վերաբերող  օրակարգերու մասին կազմակերպուեցան զեկուցական երեկոներ, մամլոյ լսարան տարազին տակ: Մինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, Միջին Արեւելքի հայութեան, արխիւային նիւթերու թէ քաղաքական ժամանակակից խնդիրներու մասին «Ազդակ» հաստատեց վիտէօ հարցազրոյցի բաժին, որ գրեթէ երկշաբաթեայ հերթականութեամբ տեղադրուեցաւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Բաւական աշխուժ էր «Ազդակ»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցին վրայ: Դիմատետրի իբրեւ օգտատէր «Ազդակ»-ի երկու խումբերը հաւաքած են շուրջ տասնհինգ հազար «ընկերներ», որոնք առնուազն տեղեակ կ՛ըլլան «Ազդակ»-ի օրական լուրերու խորագիրներէն: Դիմատետրի ճամբով նաեւ կտրուկ աճած է «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն թիւը:

Եւ եթէ «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի քանակը կայուն պահելու յատուկ ճիգ կը կեդրոնացնենք, ապա ելեկտրոնայինի աճը, վերահսկողութենէ դուրս ամիս առ ամիս բազմապատկուելու ընթացքին մէջ է: «Ազդակ»-ի արտալիբանանեան ընթերցողներուն թիւը, այս միտումով, գերակշիռ է եւ տակաւին նոր մրցանիշեր ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէ:

«Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու, թէ արտադրած լուրերու եւ տարբեր բնոյթի նիւթերու արտատպումը ոչ միայն սփիւռքեան մամուլին, այլ նաեւ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  նկատելի եւ կայացած երեւոյթ է: Յաւելեալ գնահատականը այս մարզին մէջ կը ձգենք հայ մամուլի նիւթերը մշտադիտարկողներու դատողութեան: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ նախորդ խմբագրականով մեր յիշած մարդուժի նկատառելի դժուարութեան, «Ազդակ» առանձնացաւ յատկապէս իր խմբագրակազմի անդամներու այլեւս կայացած անուններու յօդուածագրական արտադրութեամբ: Գաղափարական-գաղափարաբանական հարցերով, Հայ դատի վերաբերող դիպուկ ակնարկներով, լիբանանեան եւ գաղութային ու ազգային նիւթերու լրագրական-մեկնաբանական նիւթերով, թէ մշակութաբանական այժմէական անդրադարձներով կամ մօտիկ անցեալի վերաբերող ուսումնասիրութիւններով «Ազդակ» ընդգծեց իր հեղինակային արտադրողականութիւնը: Ի վերջոյ դիւրին չէր ազգային, կուսակցական ամէն յոբելեանի` այժմէականացման կարգով առաջնորդող գրութիւն հրապարակելը, այդ առիթով էջ պատրաստելը, համահայկական տարողութեամբ հրատապ իրադարձութիւնները թերթի լուսարձակներէն չվրիպեցնելու յատուկ կեդրոնացում պահանջող աշխատանքին առընթեր:

«Ազդակ»-ի բացառիկները` թէ՛ ապրիլեան եւ թէ՛ Ամանորի, շարունակեցին «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ արձանագրել Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն մամուլի  գործիչներու, մտաւորականներու անուններ, հրատարակութեան ապահովելով համահայկական դիմագիծ: «Ազդակ»-ի բացառիկներու երեւանեան շնորհահանդէսները  նպաստեցին թերթին առաւել ծանօթացման աշխատանքին: Ծանօթացում մանաւանդ հայաստանեան պետական,  լրագրական եւ գիտական շրջանակներուն:

Ժամանակակից հայ մամուլէն ակնկալուած աշխատանքներն են, որոնք փորձեցինք իրականացնել. ոչ աւելին: Բայց այս պարտականութիւնը կատարեցինք մամուլի համար հետզհետէ դժուարացող պայմաններու մէջ: Պիտի շարունակենք իրականացնել, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Այս հաստատակամութիւնը քննարկումի ենթակայ չէ: Ընկրկիլը բացառուած է:

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին. Այն Ինչ Որ Չկրցանք Իրագործել (Ա.)
Օրինաչափ է, որ տարեփակի եւ տարեմուտի այս հանգրուանին, իւրաքանչիւր հաստատութիւն թէ անհատ մէկ տարուան կտրուածքով եւ յետադարձ հայեացքով նախ գնահատականը կատարէ մայրամուտին հասնող տարուան եւ ապա նախանշէ գալիք տարուան իր ծրագիրներն ու զանոնք իրականացնելու համար համապատասխան եղանակներն ու միջոցները:

Հետզհետէ օրինաչափ կը դառնայ նաեւ այն, որ նման գնահատականներ եւ նախանշումներ կատարուին հրապարակային, այսօրուան բաց համակարգի թելադրած կանոններուն համահունչ, որպէսզի առիթ տրուի նաեւ այս կամ այն կերպով առնչակից կողմերուն, անհատներուն իրենց առարկութիւնները կամ համաձայնութիւնները բարձրաձայնելու եւ մասնակցելու հրապարակային քննարկման:

Առարկայականութիւնը կը յուշէ, որ սեւէն, սպիտակէն եւ վարդագոյնէն զատ այլ երանգներ եւս կան, որոնք բացթողումներուն, ճիշդ է, կ՛անդրադառնան` յոռետեսական եւ ինքնախարազանման մղումներէ հեռու, սակայն միայն զանոնք սրբագրելու կամքին իրականացման համար հրապարակային տեսքով յանձնառութեան տակ մտնելով:

Այս առումով ալ հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար, իւրաքանչիւր տարեվերջին վերադառնալ տարեսկիզբին յայտարարուած առաջադրանքներուն եւ անոնց ընդառաջ իրականացուած կամ չիրականացուած աշխատանքներուն մասին ընդհանուր գնահատական տալ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ երիտասարդութեան համախմբման միտող թերթի նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտ չեղան: Խմբագրութեան բազմաթիւ դիմումները մեր երիտասարդ գրիչներուն` ազատօրէն արտայայտուելու, գրելու, քննադատելու նոյնիսկ`  համապատասխան արձագանգումը չունեցան: Չենք ժխտեր, որ ուսանողականի էջերէն թէ այլապէս ալ ուղղակի «Ազդակ»-ի խմբագրութեան յղուած գրութիւններ, հրապարակագրական խոստմնալի հմտութիւններ մատնեցին եւ ուշադրութիւն գրաւեցին: Սակայն տարբեր մասնագիտութիւններու ընտրութիւնը, լրագրութիւնը կամ խմբագրութիւնը ոչ իբրեւ ասպարէզ ընկալելը, պատճառներէն էին, որ չկայանայ թերթին շուրջ երիտասարդ հրապարակագիրներու երեւոյթ ստեղծելը: Ասիկա աւելի համալիր լուծումի կը կարօտի եւ կը տեղաւորուի լրագրող մարդուժ պատրաստելու անյետաձգելի հրամայականին գծած ընդհանուր պարունակին մէջ:

Այս հետեւութեամբ ալ մենք չկրցանք բուժել թերթի ագիլեսեան կրունկը: Լեզուական սայթաքումները տողանցեցին մեր թերթի գրեթէ բոլոր էջերուն վրայէն: Արդարացի չենք գտներ անշուշտ օրաթերթային հեւքոտ աշխատանքէն բխած գործնական դժուարութիւններու հետեւանքով պարզուող այս երեւոյթը: Լեզուն, մանաւանդ մամուլի լեզուն, մանաւանդ դասական-տպագիր մամուլի լեզուն անաղարտութիւն պահպանելու հիմնական առաքելութիւնը ունի: Մանաւանդ որ այսօր ելեկտրոնային դաշտը այս ուղղութեամբ հեռու է նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելէ:

Մարդուժի սակաւութեան հետ կապուած հիմնական այլ երեւոյթ մը նկատի ունեցած պիտի ըլլան մանաւանդ լրագրական փորձառութիւն ամբարած ընթերցող լսարանի որոշ խաւեր, որոնք ի սպառ փնտռեցին «Ազդակ»-ի էջերուն  յատուկ ռըփորթաժային նիւթեր, տրուող նիւթերուն ընկերակցող խմբագրական մեկնաբանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ, խմբագրական միջամտութիւններ:

Մեր լրատուական էջերէն երբեմն բացակայեցաւ օրուան կարեւոր իրադարձութեան մասին տրուելիք լուրը, անիկա ըլլայ միջազգային թէ ընդհանրապէս հայկական իմաստով: Օտարաբանական, լեզուամտածողական կամ ընդհանրապէս լրատուութիւններու համար ընտրուած խորագրային սխալները, պարագայաբար զգայացնցեցին ընթերցողը:

Մեր խմբագրականներն ու ակնարկները քննադատուեցան հիմնականին  մէջ բարդ եւ քաղաքագիտական, հետեւաբար ոչ մատչելի բառապաշար օգտագործելու եւ երբեմն ոչ ընկալելի ոճաբանական մօտեցումներուն համար: Այնտեղ համեմատաբար բացակայ էին լիբանանեան եւ գաղութային երեւոյթներու մասին մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները, ինչ որ հաւանաբար առաւել չէր բերեր թերթի համահայկական դիմագիծին առընթեր նաեւ լիբանանեան նկարագրին:

Խմբագրութիւնը յաճախ առաջարկի ձեւով, սակայն բացթողում ընդգծող ենթաթեքսթով ստացաւ գրութիւններ` մարզական իր բաժնին ուղղուած, երբեմն մարզական կարեւոր լուրեր չտալու, երբեմն անկարեւոր լուրեր ներկայացնելու եւ երբեմն ալ տարողունակ մարզական իրադարձութեան մը անհամաչափ արձագանգումներուն համար:

Գրաշարութեան եւ վերստուգման սրբագրութենէն սպրդած սխալները, խմբագրութիւնը բաւարարէն աւելի մղեցին` «Վրիպակ»-ներով դիմելու ընթերցողներու հասկացողութեան: Մինչ տպագրական որակի (տարուան վերջաւորութեան բարելաւուած) թէ ցրուումի հետ կապուած բողոքներ տարուան ընթացքին այս բաժանմունքներուն յարուցած դժուարութիւններուն հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին առջեւ դրին վարչական բաժանմունքը:

Ճիշդ պիտի չըլլար ըսելը անշուշտ, որ մատնացոյց եղած այս բացթողումներու սրբագրութեան համար մենք ձեռնածալ եւ կրաւորական ականատեսի դիրքին վրայ մնացինք: Այդպէս չէ: Բայց փաստ է նաեւ, որ մենք հակառակ այդ ճիգին, մատնանշուած թերութիւնները չկրցանք վերացնել:

Այս հարցերը կը մնան մեզի համար քննարկելի, բայց մանաւանդ անոնց լուծումն ու սրբագրութիւնը` առաջադրելի: Դժուար է ենթադրելն ու նախատեսելը, թէ այս հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Թէ` ճիգ ու աշխատանք պէտք է կեդրոնացնել այս հարցերու լուծման համար, այդքանը կարելի է հաստատ արձանագրել:

Ակնարկ. Տատանումներ
Ակնկալելի էր, որ Արեւմուտքի կողմէ մեկուսացուող Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին մամլոյ ասուլիսը խլէր մեծագոյն լուսարձակները: Ռուսիոյ գերիշխանութեան պահպանման համար մղուող պայքարի սահմաններուն մէջ բացատրուած եղելոյթները մեկնաբանական եւ վերլուծման խոր քննարկման կը շարունակեն ենթարկուիլ:

Ճիշդ է, որ այս գործընթացներուն հիմնական հանգոյցները Ուքրանիան ու Խրիմն են, այսուհանդերձ նախ փորձենք կեդրոնանալ հայկական հարցերուն հետ ուղղակի, աւելի ճիշդ անուղղակիօրէն կապուած բաժիններուն վրայ: Թէեւ մեկուսացման եւ տնտեսական ճնշամիջոցները անմիջականօրէն ազդած են եւ յայտնաբար պիտի ազդեն տակաւին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ:

Ուշադրութենէ չվրիպեցաւ Փութինի այն յայտարարութիւնը, որ ռուսական արտասահմանեան ռազմակայաններուն թիւը ներկայացուց երկու` Խըրխըզիստան եւ Տաճիկիստան:

Գիւմրին չյիշատակելը պայմանաւորուած էր ամենավերջին շրջանի ռուս-թրքական գործընթացներով: Աւելորդ է քննարկելը, թէ ռազմակայանի համաձայնագիրի երկարաձգումը, նոր զինուժ տրամադրելը, զինուորականութեան քանակի բարձրացումը, այս բոլորը որո՞ւ դէմ ուղղուած էին: Թրքական մամուլը ուղղակի այս երեւոյթը գնահատած էր իբրեւ թրքական պետութեան դէմ ուղղուած ուղերձ: Չմոռնանք, որ բաւական լարուած էին ռուս-թրքական յարաբերութիւնները Սուրիոյ եւ իսլամականներու հարցով Անգարայի որդեգրած դիրքորոշումներուն պատճառով: Իրականութիւնը այն է սակայն, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ քաղաքական փոխյարաբերութիւնները շատ աւելի բազմաշերտ են եւ բարդ:

Երկրորդ կէտը այս պարագային աւելի յստակ բացատրութիւն ունի եւ որոշ չափով կրնայ պարզաբանում բերել այս պարագային խնամքով անուշադրութեան մատնուած Գիւմրիին: Թրքական գործօնի մասին խօսելով` Փութին ընդգծեց, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը պայմանական է տարածքային խնդիրներ լուծելու համար:

Թէեւ Ռուսիան երբեք չի նպաստեր եւ չի հանդուրժեր Թուրքիոյ ներթափանցումը Կովկաս` սկսած միջնորդական առաքելութենէն: Ռուսիոյ համար Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական արժէքը պուֆերային գօտի ըլլալն է Թուրքիոյ` այսօր նաեւ իսլամական շարժումներու եւ Ռուսիոյ պայթիւնավտանգ հարաւին միջեւ:

Դէպի Անգարա եւ դէպի միջազգային ընտանիք ու Արեւմուտք յղուած այս ուղերձը, Փութին-էրտողան հանդիպումին արծարծուած խօսակցութիւններուն եւ ձեռք ձգուած համաձայնութիւններուն նկատառումները կը ներառէ: Տնտեսական պատժամիջոցներու ենթարկուող Մոսկուան իր նոր գործընկերոջ մէջ կը փնտռէ կացութենէն դուրս գալու ելքեր, որ իր հերթին միեւնոյն կողմերը կը զգուշացնէ Մոսկուայի հետ իր յարաբերութիւնները զարգացնելու հեռանկարով:

Վերադառնանք հայկական հարցերուն եւ ընդգծենք, որ անտեղի չէ ենթադրելն ու մեկնաբանելը, թէ տարածաշրջանային հարցերուն գլխաւորներէն է արցախեան հակամարտութիւնը, որուն լուծման համար այս ձեւով Փութինը գոնէ յայտարարողական (դժուար թէ իրողական) մակարդակի վրայ կը նուիրականացնէ Անգարայի միջնորդութիւնը: Տարածաշրջանային այլ խնդիր է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիա փակ սահմանը, որուն լուծման համար եւս, ըստ Փութինի արժեւորումին, Անգարան դերակատարութիւն ունի կատարելիք. իսկ Անգարան արդէն բազմիցս վերապայմանաւորած է սահմանը բանալու իր քայլը:

Ուրեմն, Գիւմրիի ռազմակայանի աշխարհագրական դիրքը` Թուրքիոյ սահմանակից ըլլալով ենթադրել կու տայ, որ ռազմակայանի գոյութիւնը նախ եւ առաջ դէպի ո՛ւր ուղղուած մարտահրաւէր է կամ ո՛ր պետութենէն պաշտպանուելու նպատակով տեղակայուած է: Գիւմրին չյիշելը, որոշ տրամաբանութեամբ, ռուսական երրորդ ռազմակայանի կարեւորութիւնը նսեմացնելու մտադրութիւն ունի եւ նոր գործընկերը հանգստացնելու կը միտի:

Նման տատանումներ թերեւս աւելի վտանգաւոր են, քան հայկական դրամին դիմաց օտար դրամանիշերու արձանագրած տատանումները եւ կտրուկ ոստումները, որոնք բնականաբար կապուած են մեկուսացման ենթակայ Ռուսիոյ նկատմամբ կիրարկուող տնտեսական ճնշումներուն եւ ռուսական ռուբլիի գերարժեզրկումին:

Հայկական դրամը վերակայունացման միտումներ կը դրսեւորէ: Ասիկա գուցէ ժամանակաւոր երեւոյթ է: Ներհայկական քննարկումները անշուշտ մտահոգուելու եւ պահանջներ ներկայացնելու իրաւունքը ունին: Անտեղի է սակայն այս բոլորի շահարկումն ու գերքաղաքականացումը` ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով կեդրոնական դրամատան կամ իշխանութիւններուն վրայ: Երեւոյթը հիմնովին կապուած է աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հետ:

Անտեղի պիտի չըլլար սակայն նոյն թափով լուսարձակի տակ առնելը, որ հակառակ քարիւղի միջազգային գիներու կտրուկ անկումին, դրացի Ազրպէյճանը, ի՞նչ միջոցներու կը դիմէ իր դրամանիշը կայուն պահելու համար: Աշխարհաքաղաքական շարժառիթներէ մեկնած քարիւղի միջազգային գիներու նուազումը կրնայ լուրջ հարուածել Պաքուի նաւթատոլարային համակարգը, որ Պաքուն տնտեսաքաղաքական շահագրգիռ կեդրոն դարձնելու միակ հանգամանքն է:

Եթէ Գիւմրին «վրիպած է» Փութինի ուշադրութենէն, Պաքուին ստանալիք հարուածը պէտք չէ վրիպի մեր ուշադրութենէն:

«Ա.»

Ակնարկ. Խորհուրդներ` Հակառակ Ուղղութեամբ
Որքան մօտենայ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, այնքան պիտի շատնան  Թուրքիոյ վարչապետին հայազգի խորհրդականին յայտարարութիւնները: Եւ այս առումով երեւոյթը պէտք է ընկալել օրինաչափ. ի վերջոյ ճիշդ չեն այն պնդումները, որ Մահճուբեանի նշանակման մէջ դեր չէ ունեցած անոր հայազգի ըլլալը եւ թէ Մահճուբեանը ընդհանրապէս թրքական հրատապ հարցերու նկատառումով է, որ նշանակուած է  վարչապետի խորհրդական:

Անգարայի համար երեւոյթը ինքնին լիարժէք շահարկման ենթակայ է. միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ, որ ազգային փոքրամասնութիւնները կը յարգուին աշխարհիկ կարգերով ղեկավարուող կառավարման համակարգին կողմէ: Խորքին մէջ Մահճուբեանին առաքելութիւնը կը կապուի ուղղակիօրէն հայկական գործօնին հետ եւ աւելի մասնակի` 100-ամեակի հետ կապուած  Անգարայի ձեռնարկած գործողութիւններուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ սահմանի բացումի պայմանականութեան մասին խօսելով Տաւութօղլուին խորհրդականը պարզապէս վերաբանաձեւած է Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութիւնը: Բեկումնային այլ յայտարարութիւն ակնկալելը քաղաքականօրէն կրնար մեկնաբանուիլ պարզամտութեամբ:

100-ամեակին ընդառաջ հայկական ծայրայեղականութեան աճի մասին նախատեսութիւն ընելով, Մահճուբեանը` իբրեւ Թուրքիոյ պետական գործիչ, հայկական կողմին վրայ բարդած է փոխզիջումներով լուծումի չյանգելու պատասխանատուութիւնը:

Այս յայտարարութիւնները Անգարայի դասական տեսակէտներուն համահունչ եւ գուցէ նաեւ ակնկալելի կեցուածքներ են: Հայկական կողմը քաղաքական, հասարակական թէ լրագրական մակարդակներով աղմուկ բարձրացնելու տենդին չլծուելու հարկադրանքին առջեւն է: Ասիկա տակաւին սկիզբն է եւ  նախանշած է որոշ վարքագիծ մը 100-ամեակի հետ կապուած թրքական քարոզչաքաղաքական գործողութիւններուն:

Այս վարքագիծին առընթեր, այսինքն պաշտօնական կեցուածքներու  յայտարարութիւններուն կողքին, կը սպասուին այլ քայլեր: Հաշտեցման միտող սեմինարներ, նման խորհրդաժողովներու համար յատկացուելիք դրամաշնորհներ, «Թուրքիա հրամմեցէք»-ի տարբեր հրաւէրներ, արուեստի եւ մշակոյթի միացեալ ելոյթներ, ձեռնարկներ եւ նմանատիպ նախաձեռնութիւններ:

Սահմանը փակ պահելով, ժողովուրդներու բարեկամութեան, հաշտեցման, «Անատոլուի հասարակաց մշակոյթ»-ի ներկայացման յատկացուած երեկոներու կազմակերպում եւ Թուրքիոյ կերպարի դրական կարծրատիպերու ստեղծման փորձերը հետեւողական, աշխուժ եւ անընդմէջ պիտի շարունակուին Թուրքիոյ մէջ թէ այլուր:

Հրաւէր ստացող հայկական կողմը կա՛մ մերժելու եւ կա՛մ ալ այս բոլորը գիտնալով ընդառաջելու եւ այնտեղ կարելիի սահմաններուն մէջ հարցերը արծարծելու ընտրանքին առջեւ է: Աւելի՛ն. Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն վերականգնելու առիթներ, պապենական կալուածներու վերատիրանալու կամ անոնց փոխհատուցումը ստանալու իրաւական ճանապարհներէ անցնելու ցուցմունքներ հետզհետէ շօշափելի կերպարանք պիտի ստանան:

Մահճուբեանը թէ՛ պիտի յայտարարէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պայմանական ըլլլաը հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն հետ. այսինքն սահմանը փակ է, այնքան ատեն որ իբրեւ առաջին նախապայման` հայկական զօրքերը չեն հեռացած Արցախէն: Թէ՛ ալ հայ-թուրք ժողովուրդներու հաշտեցման միտող ձեռնարկներ պիտի թելադրէ, կազմակերպել տայ, ուղերձներ յղէ: Միաժամանակ մեղադրէ 100-ամեակին առիթով հայկական զարգացող ծայրայեղականութիւնը:

Այս բոլորը վարչապետին ծրագիրներն են, յայտարարուած այս կամ այն ձեւով, նախապէս: Մահճուբեանը խորհրդական է այնպիսի երկրի մը վարչապետին, ուր խորհրդականները փոխանակ խորհուրդ տալու, կ՛իրականացնեն վարչապետին տուած ցուցմունքները, պատուէրները: Նաեւ խորհուրդները` հայկական հարցերուն առնչութեամբ:

«Ա.»

Ակնարկ. Թրքական Շրջադարձի Նախանշաննե՞ր
Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման գծով յանձնակատար Եոհաննես Հան Անգարայի մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ յունուարին:

«Գործը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ», ըսած է Հան:

Բացի ատկէ, եւրոպական պատուիրակութիւնը անդրադարձած է Իսլամական պետութեան դէմ պայքարին: Քննարկուած են Իսլամական պետութեան զինեալներուն մասին տեղեկատուութեան փոխանակման հարցը, ինչպէս նաեւ անոնց դէմ պայքարի համակարգուած ռազմավարութիւնը: Ան նաեւ յայտարարած է, որ քննարկման աւարտական փուլին մէջ կը գտնուի գաղթականներու կարիքներուն համար Թուրքիոյ մօտ 70 միլիոն եւրօ յատկացնելու հարցը:

Քաղաքական տրամաբանութիւնը չի թելադրեր զարմանալ, եւրոպական արժէքներուն դէմ ուղղակիօրէն հակադրուող Անգարայի այսօրուան թիւ 1 ղեկավարին դրսեւորած վարքագիծին  դիմաց Եւրոպական Միութեան այս տեսակ արձագանգումին առիթով:

Հակառակ անոր որ Պրիւքսէլը առկախած էր Անգարայի հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան միտող բանակցութիւնները յատկապէս Կիպրոսի հարցին պատճառով, Թուրքիոյ պաշտօնական հետագայ կեցուածքները Կիպրոսի հանգոյցէն շատ աւելի պատճառներ հրամցուցին բանակցութիւններուն չվերաձեռնարկելու համար:

Խօսքը միայն չի վերաբերիր ցեղապաշտական բնոյթի, սեռային խտրականութեան, իսլամ ամբոխ սիրաշահելու համար արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը ամբողջ հարցականի տակ առնող եւ նմանատիպ յայտարարութիւններուն, որոնք հնչեցին Թուրքիոյ նախագահին կողմէ:

Հիմնական հարցը, Արեւմուտքի մղումով եւ քաջալերանքով սկսած, սակայն վերահսկողութենէ դուրս եկած եւ այսօր միեւնոյն Արեւմուտքին կողմէ սահմանափակ պատերազմ յայտարարուած Իսլամական պետութեան նկատմամբ Անգարայի աջակցական քաղաքականութիւնն է:

Այս մեծ հակասութիւնն է, որ շատ բացայայտ ձեւով ոչ միայն անուշադրութեան կը մատնուի ընդհանրապէս Արեւմուտքի եւ այս պարագային Եւրոպական Միութեան կողմէ, որ լուրջ կասկածի տակ կ՛առնէ միջազգային այդ կառոյցներուն Իսլամական պետութեան նկատմամբ յայտարարուած եւ գործադրութեան դրուած քաղաքականութիւններուն միջեւ երեւցող հակասական անջրպետը: Այստեղ կարելի է առարկել, որ Անգարան իսլամական զինեալներուն նկատմամբ իր դիրքորոշումը փոխելու նկրտումներ կը ցուցադրէ: Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած են, որ ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ Իրաքի մէջ օտարերկրացի զինեալներ կ՛ուզեն տեսնել: Տաւութօղլուն ատիկա բացատրած է անով, որ օտարերկրացի զինեալները կը խեղաթիւրեն Սուրիոյ ընդդիմութեան արդարացի՛ պայքարի իմաստը:

Յայտարարողական մակարդակի վրայ կատարուած այս փոփոխութիւնը Անգարայի կողմէ պարզ կը դառնայ, երբ Թուրքիա իր սահմանը փակէ նման զինեալներու ազատ ելումուտին համար: Սուրիական կառավարական ուժերու կողմէ Հալէպի շրջափակումին հետեւելիք գործողութիւնները լոյս կը սփռեն հետագայ ընթացքին մասին:

Էրտողանի կիրարկած առաձգականութիւնը այս խաղին մէջ բաւական նեղցած է: Ռուսիոյ նախագահին Անգարա կատարած այցելութեան անմիջապէս հետեւած Եւրոպական Միութեան  պատուիրակութեան այցելութիւնը միայն Անգարան սիրաշահելու փորձերով չի բացատրուիր: Այստեղ յստակ ճնշում կայ Իսլամական պետութեան զարգացման եւ տարածման ընթացքին մեծ աջակցութիւն ցոյց տուած Անգարային վրայ, որուն ղեկավարը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան երկիրներու համաժողովին ընթացքին իր ելոյթին մէջ ըսած է. «Արեւմուտքը չի սիրեր իսլամները, անոնք կը ժպտին մեր երեսներուն, միաժամանակ կը հրճուին մեր եւ մեր երեխաներուն մահերով: Ինչքան երկար մենք պիտի հանդուրժենք այս իրավիճակը»: Իր ելոյթին մէջ Էրտողանը կոչ ուղղած էր մահմետական երկիրներուն միաւորուելու Արեւմուտքի դէմ պայքարին մէջ:

Նման հռետորաբանութիւն գործածող երկրի մը հետ Եւրոպական Միութիւնը կը խոստանայ վերսկսիլ անդամակցութեան բանակցութիւնները: Բանակցիլ եւ գումար յատկացնել, որպէսզի Անգարան չաջակցի Իսլամական պետութեան կայացման: Բայց այս մէկը իբրեւ հարց միակը չէ:

Իսլամականներուն աջակցութիւն ցոյց չտալու առումով Անգարային կողմէ կատարուող շրջադարձի նախանշանները տակաւին գետնի վրայ չեն առարկայացած: Մնացեալը` անդամակցութեան վերսկսման հետ կապուած, պարզապէս մեկուսացման ենթարկուող Մոսկուայի հետ Անգարայի  համագործակցութեան դռները նեղցնելու կը միտին: Մանաւանդ որ հազիւ աւարտած Փութինի հանդիպումները Էրտողանի հետ, Եւրոպական Միութեան պատուիրակները հասան Անգարա եւ սկսան բանակցիլ Արեւմուտքի դէմ պատերազմի յայտարարութեան համազօր հռետորաբանութեամբ հանդէս եկող Էրտողանի հետ:

«Ա.»

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան Երկրորդ Քաղաքը Միայն Ռազմակայան Չէ (Երկրաշարժի 26-րդ Տարելիցին Առիթով)
Սպիտակն ու Գիւմրին հարուածած երկրաշարժէն 26 տարի ետք հարցումը կը մնայ հրամայական: Աղէտի գօտին վերածուա՞ծ է զարգացման գօտիի: Անշուշտ կարելի չէ անտեսել այն ճիգերը, որոնք պետական եւ հասարակական մակարդակներու վրայ անցնող քսանամեակին տարուեցան` այս գօտին դուրս բերելու իր վիճակէն: Բնակարաններու շինարարութենէն, ճանապարհաշինութենէն մինչեւ ենթակառուցային ծրագիրներու իրականացում, կարելի է ըսել, շրջանը որ դիմափոխուած է:

Յատկապէս Գիւմրին, իբրեւ երկրորդ կարեւորագոյն քաղաք, քաղաքաշինութեան համապետական ծրագիրներուն մաս կը կազմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան երեւանակեդրոնութիւնը կամ Երեւանէն դուրս,  մնացեալ քաղաքներու եւ գիւղերու ոչ համաչափ զարգացման միտումներու գործընթացը շրջելու համար, առաջին աշխատանքային վայրը Գիւմրին կարելի է նկատել:

Անշուշտ աշխատանքները բաւարար չեն  եւ ակնկալուած արդիւնքը տակաւին չ՛երեւիր այս իմաստով: Երեւանակեդրոնութիւնն ու քաղաքներու անհամաչափ զարգացումը  միայն Գիւմրիին կամ առհասարակ աղէտի գօտիէն զարգացման գօտիի անցումի խնդիրը չէ: Համապետական խնդիր է այս մէկը, մանաւանդ, երբ նկատի կ՛ունենաք անոր ժողովրդագրական անվտանգութեան  երեսը:

Աղքատութեան յաղթահարման ծրագիրներու ոչ արդիւնաւէտ աշխատիլը հիմնական խոչընդոտ է ոչ միայն Գիւմրիի ու Սպիտակի, այլ նաեւ ամբողջ հանրապետութեան ոչ ակնկալուած չափերով զարգացման  ցուցանիշերու արձանագրութիւնը:

Մարդոց յիշողութեան մէջ երկար քանդակուած պիտի մնայ կիսափուլ հրապարակային ժամացոյցի  երկրաշարժի ճիշդ ժամը սահմանող եւ այնպէս ալ մնացած սլաքները: Այդ օրէն ասդին այդ սլաքները որքա՞ն ժամանակի ճշգրտութեամբ շարունակած են իրենց անընդմէջ երթը, դժուար է չափելը: Դժուար չէ սակայն համոզուիլը, որ ժամանակի կշռոյթով չէ աշխատած երկրաշարժի ժամուն կանգ առած ժամացոյցը: Վերը նշուած պատճառներով, մէկ կարեւոր մասով:

Մնացեալ մասը անպայման մեր հանրապետութեան շրջափակումն ու հակառակորդներու կողմէ մեր երկրին դէմ յայտարարուած տնտեսական պատերազմը չէ:  Թէեւ է՛, մէկ կարեւոր մասով:

Գիւմրին Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ` Ռուսիոյ դաշնութեան համար կը նկատուի զինուորակայան: Ռուսական ռազմակայանի այնտեղ կեցութեան համաձայնագիրի վերանորոգումը երկարատեւ կտրուածքով, ռուսական ջոկատներու նոր տեղակայումները եւ զինուժի նորագոյն արտադրութիւններու Գիւմրիի մէջ յայտնուիլը կը համոզեն, քաղաքին կամ  առհասարակ տարածքին ներկայացուցած ռազմական եւ ռազմավարական կարեւորութիւնը:

Իբրեւ Թուրքիոյ սահմանակից հայկական քաղաք Գիւմրիին տրուած ռազմական այս նշանակութիւնը իր հիմնաւորումներն ու բացատրութիւնները ունի անշուշտ: Սակայն մեր ռազմավարական գործընկերները պիտի իմանան նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ քաղաքը  միայն ռազմակայան չէ: Անիկա քաղաք է, որ պիտի ապրի, շնչէ, զարգանայ ու բարգաւաճի, ժամանակակից հասկացողութեամբ իբրեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ հանրապետութեան կարեւորագոյն երկրորդ քաղաքը: Ռազմավարական գործընկերները միայն ռազմական հիմնադրոյթներու վրայ չեն մշակեր իրենց հայեցակարգերն ու  համագործակցութեան դաշտը ընդհանրապէս:

Այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով է միայն, որ պէտք է մտածել թէ արդեօք կայացա՞ծ է աղէտի գօտիէն զարգացման գօտի անցումը:

Խմբագրական. Ցամաքային Ուղիներ, Թռիչքային Գօտիներ (Վարդենիս-Մարտակերտէն Դէպի Անկախութեան Ճանաչում)
Այսօր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի մարմինը ձեռնարկած է դրամահաւաքի ռատիոթոնի: Առաջադրանքը Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի կառուցումն է, որ այս տարուան հանգանակութեան նպատակային ծրագիրն է:

Ճանապարհաշինութիւնը պատմական ժամանակաշրջաններէն ի վեր ռազմավարական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացուցած է կայսրութիւններուն, թագաւորութիւններուն եւ պետութիւններուն համար: Հաղորդակցութիւնը զինուորական, առեւտրական թէ ընդհանրապէս կենցաղային առումներով խիստ կենսական է եւ ենթակառուցային համակարգի գլխաւոր բաժինը կը հանդիսանայ:

Արցախի իրողական անկախութեան միջազգային իրաւականացման աշխատանքները իրենց հունը գտած են արդէն: Ստեփանակերտը ներկայացնող բարձրաստիճան պաշտօնատարներու քաղաքական կարեւորագոյն միջավայրեր այցելութիւնները, գերտէրութիւններու օրէնսդիր իշխանութեանց մաս կազմող ամէնէն յայտնի անձնաւորութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները, քաղաքապետական թէ նահանգային մակարդակներու վրայ արձանագրուող ճանաչումները եւ տակաւին միջազգային ճանաչումի ճանապարհը ընտրած ժողովուրդներու պաշտօնական ներկայացուցիչներու հետ համագործակցութեան ուղիներու ճշդումը, այս բոլորը մաս կը կազմեն Արցախի միջազգային ճանաչման առաջնային առաջադրանքի իրականացման աշխատանքներուն:

Միաժամանակ սակայն, Արցախը կը շնչէ, կը զարգանայ եւ կը բարգաւաճի նախ եւ առաջ  Հայաստանի Հանրապետութեան նեցուկով, օժանդակութեամբ եւ անոր կողմէ ստանձնուած պաշտպանական երաշխաւորութեամբ:

Երբ Արցախի օդային տարածքին կը սպառնայ ազրպէյճանական վտանգը, երբ միջազգային նորմերը ամբողջացուցած Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը կ՛առկախուի զանազան ճնշումներու հետեւանքով, եւ տակաւին` հայկական ուսումնավարժողական ուղղաթիռներ կը խոցուին ազրպէյճանական  հրթիռակոծումներով, ցամաքային կապը անխափան բանեցնելու, միջազգային մակարդակով մայրուղիներ կառուցելու եւ ընդհանրապէս ապրանքաշրջանառութեան, զբօսաշրջութեան եւ նաեւ քաղաքական պատուիրակութիւններու այցելութիւնները կատարեալ ճանապարհներով առաջնորդելու համար ցամաքային ուղիները կրկնակի իմաստ եւ նշանակութիւն կ՛ունենան:

Վարդենիս-Մարտակերտը  ռազմավարական նշանակութեամբ կառուցելի մայրուղի է, որուն կը մասնակցի հայկական աշխարհը:

Մենք` իբրեւ լիբանանահայութիւն, չենք կրնար անմասն մնալ առաջնային նշանակութիւն ունեցող այս առաջադրանքի իրականացման աշխատանքներէն:

Հակառակ տնտեսական տագնապին, հակառակ ընկերային մակարդակի վրայ մեր գաղութին առջեւ ցցուող բազում դժուարութիւններուն, հակառակ մեր շուրջ տիրող անհեռանկար եւ անորոշ իրավիճակին, լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ պիտի տայ փաստը արցախաշինութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Արցախ ցամաքային ուղիներու կառուցման անյետաձգելի գործին իր մասնակցութեան:

Վարդենիս-Մարտակերտը առաւել եւս կը կապէ Արցախը Հայաստանի Հանրապետութեան: Այս ցամաքային ուղիները կը նպաստեն Արցախի զարգացման: Ցամաքային ուղիները իրենց հերթին`  թռիչքային գօտիներու անարգել աշխատելուն: Իսկ այս բոլորը` Արցախի անկախութեան ճանաչման:

Ակնարկ. Պոլիվիան Եւ Հայոց Հայրենազրկումը
Պոլիվիան հարաւային ամերիկեան տարածաշրջանի հինգերորդ երկիրն է, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Առաջին հարցումը հետեւողին համար  այն է, որ Պոլիվիան ի տարբերութիւն Ուրուկուէյի եւ մանաւանդ Արժանթինի չունի հայկական գործօնի տարողունակութիւնը, քանակը եւ քաղաքական լծակի հանգամանքը: Այս տարբերութիւնը կայ նոյնիսկ Վենեզուելայի եւ Չիլիի հետ համեմատութեամբ:  Կարելի չէ անշուշտ բացարձակ հաստատումներ կատարել այն շարժառիթներուն մասին, որոնք Պոլիվիոյ խորհրդարանի երկու պալատները մղեցին յանգելու նման բանաձեւի: Այսուհանդերձ, Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբերու հետեւողական աշխատանքը, համատեղման կարգով Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը եւ գուցէ նաեւ պոլիվիահայ փոքրաթիւ համայնքի հանգամանքները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած ըլլան այս բանաձեւին որդեգրման մէջ:

Հայկական կողմի համադրուած աշխատանքը այլեւս օրինաչափ եւ ակնկալելի  գործընթաց է նման որոշումներ ապահովելու համար: Քանի մը դիտարկում, այս առիթով, օգտակար կ՛ըլլան Պոլիվիոյ խորհրդարանի կայացուցած որոշումին քաղաքական մեկնաբանութիւնները կատարելու համար:

Կը թուի, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով թիրախաւորած աշխատանք սկսած է նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր անպայման դասական կազմակերպ, ուժական եւ քաղաքական գործօնի հանգամանք նուաճած համայնքներ գոյութիւն չունին: Հարաւային Ամերիկան իբրեւ տարածաշրջան այս իմաստով անբարենպաստ ենթահող չէ եւ այս իրականութիւնը կրնայ նախանշել, որ միեւնոյն տարածաշրջանին մէջ այլ երկիրներ հետեւին Ուրուկուէյի, Վենեզուելայի, Արժանթինի, Չիլիի եւ այժմ Պոլիվիոյ օրինակին:

Պոլիվիան սակայն, այս ռազմավարութեան իբրեւ ցուցանիշ ենթադրաբար պիտի աշխուժացնէ հակառակորդը, որ այլապէս ալ թրքական եւ ազրպէյճանական  դիմագիծերով կը փորձէ ազդել տեղւոյն իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան վրայ: Արժանթինի մէջ հայկական կողմի տարած յաղթանակը թրքականին վրայ անպայման ուժերու վերահաշուարկի մղած է ոչ միայն Անգարան, այլ նաեւ Պաքուն` այս տարածաշրջանին մէջ առաւելներ ձեռք ձգելու համար: Քաղաքական պայքարը կրնայ թէժանալ հարաւային ամերիկեան այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական համայնքները դասական ըմբռնումով գոյութիւն չունին: Նաեւ` թրքականներն ու ազրպէյճանականները, ինչ որ մտածել կու տայ պետական ճիգերու բազմապատկման անհրաժեշտութեան մասին:

Բանաձեւը իր ամբողջութեան մէջ դիտարժան կէտեր կը պարփակէ.

«1915 թուականի Ապրիլ 24-ի գիշերը Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւնները, Միութիւն եւ կուսակցութեան առաջնորդները, Երիտթուրքերը սկսան հայ մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու, գիտնականներու, գրողներու, արուեստի գործիչներու, հոգեւորականներու, բժիշկներու, հասարակական գործիչներու եւ մասնագէտներու ձերբակալութիւնները, ծրագրուած աքսորները, իսկ այնուհետեւ պատմական Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անատոլիոյ տարածքներուն մէջ հայազգի քաղաքացիական բնակչութեան զանգուածային ջարդերը»:

Խորհրդարանի երկու պալատները «կը հաստատեն իրենց հաւատարմութիւնը մարդու իրաւունքներուն, ճշմարտութեան եւ արդարութեան արժէքներուն, կ՛արտայայտեն իրենց զօրակցութիւնը եւ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուած մարդկային ծանր յանցագործութեան ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը»:

Ցեղասպանութիւն գործադրողներու էութեան ընդգծման շեշտադրումը յստակ է առաջին իսկ տողէն: Օսմանեան կայսրութիւն, Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն, Երիտասարդ թուրքեր: Կը խօսի հայ մտաւոր ուժի ծրագրուած սպանդին, տեղահանութեան, եւ ապա զանգուածային բնաջնջման մասին: Ցեղասպանութիւնը կը դիտարկուի իբրեւ մարդկային իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ արժէքներու ուղղակի հակադրուող երեւոյթ, զոհը կը ստանայ Պոլիվիոյ պաշտօնական զօրակցութիւնը, ցեղասպանը` դատապարտանքը: Այժմէական բաժին եւս ունի բանաձեւը այն առումով, որ կը դատապարտէ Անգարայի այսօրուան ժխտողական քաղաքականութիւնը:

Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտանքի առումով բաւական ամբողջական է բանաձեւի բովանդակութիւնը: Աւելի՛ն: Խօսելով զանգուածային տեղահանութեան եւ մանաւանդ Արեւմտեան Հայաստանի մասին, պոլիվիական բանաձեւը հաւանաբար իր ներառած բովանդակութեամբ եւ օգտագործած բառապաշարով կ՛առանձնանայ ցարդ քուէարկուած բանաձեւերէն: Այստեղ հայրենազրկումի գաղափարը այնքան ցայտուն է, որ ճանաչումէն եւ դատապարտանքէն քայլ մը անդին կ՛անցընէ բանաձեւային պայքարի փիլիսոփայութիւնը:

Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն մէջ Արեւմտեան Հայաստան  հասկացողութիւնը ներառելը հայրենազրկումի գաղափարն է. միաժամանակ նաեւ տարածքային մեր պահանջատիրութեան իրաւաքաղաքական ամրագրումներուն կարեւոր մեկնակէտը: 100-ամեակի առիթով նախանշուող այս բանաձեւային արշաւի պոլիվիական մեկնարկը ռազմավարական կարեւորագոյն ուղերձ կը փոխանցէ: Տարածքային պահանջատիրութեան մեր աշխատանքներուն մէջ օգտակար կ՛ըլլայ պոլիվիական բանաձեւին յղում կատարելը:

«Ա.»

Ակնարկ. Կանխահաս Սպառնալիք Եւ Հաւանական Հետեւանք
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած քաղաքական սպառնալիքը, ուղղուած` Միացեալ Նահանգներուն, կը յիշեցնէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հերթական բանաձեւի քննարկման նախօրեակին Անգարայի բեմադրած արարը: Կը հետեւին այլ արարներ նման պարագաներու: Բանաձեւի քուէարկութենէն անմիջապէս առաջ Անգարան կը սաստկացնէ իր սպառնալիքները. եթէ բանաձեւը անցաւ` տուն կը կանչէ տեղւոյն իր դեսպանը: Կիսապաշտօնական ամպիոններէ կը սկսին լսուիլ տուեալ պետութեան հետ կնքուած առեւտրական թէ ռազմավարական համաձայնութիւններու առկախման, յետս կոչման մասին պահանջներ: Ի վերջոյ` դեսպանը կը վերադառնայ իր աշխատանքին եւ ընդհանրապէս գործընթացը կ՛արձանագրէ «դարձ` ի շրջանս իւր» տեսութեան իրականութիւնը:

Ամբողջ առանձնայատկութիւնը այս նուիրականացած գործընթացին համեմատութեամբ այն է, որ Չաւուշօղլուն կանուխ կը շարժի այս պարագային: Թուրքիան կրնայ վերանայիլ իր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներուն հետ, եթե այդ երկրի իշխանութիւնները յաջորդ տարի բարձրացնեն 1915 թուականի իրադարձութիւններու հարցը: Անոր խօսքով` Թուրքիան թոյլ չի տար, որ այդ փաստը կիրարկուի իբրեւ Անգարայի վրայ ճնշման միջոց:

Խօսքը յաջորդ տարուան մասին է եւ ուղղակիօրէն կը կապուի 100-ամեակին: Ուղերձը միայն Ուաշինկթընին չէ ուղղուած: Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին փոխանցելով այս սպառնալիքը, թուրք արտաքին գործոց նախարարը յիշեցուցած է, որ թրքական արխիւները հայկական պնդումներուն առումով այլ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն` աւելցնելու համար, որ երրորդ երկիրներու միջամտութիւնը կը ստուերէ Թուրքիոյ եւ տուեալ պետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

Միեւնոյն յանկերգն է: Թրքական աղբիւրները կ՛ըսեն այլ բան. հայկականները` այլ. այս բանավէճը պէտք է ընթանայ պատմաբաններու ձեւաչափով, առանց երրորդ կողմի միջամտութեան: Միացեալ Նահանգներու դեսպանին եւ Ուաշինկթընի ճամբով Չաւուշօղլուն մէյ մը սպառնալով, մէյ մը առաջարկ կատարելով «մի՛ խառնուիք թուրքերու եւ հայերու գործին» կ՛ըսէ եւ կը վկայակոչէ երկու կողմերուն մօտ գոյութիւն ունեցող արխիւներու բովանդակութեան հակասութիւնը: Այդ հակասութիւնը փարատելու համար, ըստ թրքական մօտեցումին, պէտք կայ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբին երկարապատում, անվերջանալի քննարկումներուն, որոնք կ՛առկախեն երրորդ կողմի միջամտութեան որեւէ փորձ:

Պահ մը հայեացքները Ուաշինկթընէն դարձնենք տարածաշրջանի գերուժին ուղղութեամբ եւ նկատենք, որ Փութինի այցելութիւնը Անգարա տակաւին կը մնայ անորոշ: Նոյնիսկ յետաձգուած: Արագ անցնինք. սպառնական ոճ Ուաշինկթընին ուղղուած եւ չորոշուող ու յետաձգուող այցելութիւններ Ռուսիոյ հետ կապուած: Այստեղ հաւանաբար աւելորդ չ՛ըլլար նկատելը, որ սուրիական գերհանգոյցին հետ կապուած տրամագծօրէն հակոտնեայ են Անգարայի եւ Մոսկուայի մօտեցումները: Այստեղ սպառնական ոճը թէեւ հայկական հարցին հետ կապ չունի, այսուհանդերձ կը շեշտէ ոչ բնականոն յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը:

Արագ անցումներու դիտարկումներուն մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ պէտք է նայիլ, թէ ինչպէ՞ս  կը տեղաւորուին (կամ աւելի ճիշդը չե՛ն տեղաւորուիր) Թուրքիոյ նորընտիր նախագահին  նախընտրական արշաւի ընթացքին կատարած ցեղապաշտական յայտարարութիւնները կամ վերջերս կիներուն նկատմամբ կիրարկուած բռնամիջոցներու դէմ պայքարելու օրուան առիթով սեռային անհաւասարութեան աղաղակող հաստատում կատարելու փաստը: Այս երեւոյթները, ամէնէն մեղմ ըսելաձեւով, որեւէ աղերս չեն կրնար ունենալ եւրոպական արժեհամակարգին հետ:

Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ունայն շրջագիծի մէջ պահելու թէ կրօնական մարտավարութեամբ ամբոխներ սիրաշահելու իր քայլերուն մէջ Անգարան պէտք է հաշուարկէ իսլամներուն «յայտնաբերած» Ամերիկայի կեդրոնին` Ուաշինկթընի հետ սպառնալով խօսելու, Մոսկուայի հետ շրջանային հարցերով հակադրուելու եւ եւրոպական արժէքները հարուածելու փաստերուն ունենալիք հետեւանքները:

Այդ հետեւանքները կրնան անուղղակիօրէն առնչուիլ նաեւ 100-ամեակին: Որովհետեւ Չաւուշօղլուն գուցէ իրաւացի է իր յայտարարութեան վերջին բաժինին մէջ. «Թուրքիան թոյլ պիտի չտայ, որ այսպէս կոչուած «ցեղասպանութիւնը» օգտագործուի որեւէ մէկուն կողմէ Անգարայի վրայ ճնշում գործադրելու համար…»: Ցեղասպանութեան հարցը կրնա՛յ օգտագործուիլ Անգարայի վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

«Ա.»

Ակնարկ. Այո՛, Վե՛րջ Ազրպէյճանական Ֆլեշ Մոպերուն
12 նոյեմբերին հայկական խոցուած ուղղաթիռի օդաչուներու դիակներու հայրենիք վերադարձի գործողութիւնը կ՛առանձնանայ  հայկական ռազմարուեստի պատմութեան մէջ: Գուցէ նաեւ ոչ միայն հայկական ռազմարուեստի:

Գործողութեան կազմակերպման, նախապատրաստման, իրականացման եւ կատարողականութեան որակի ռազմագիտական վերլուծումները մասնագիտական մօտեցումներ կը պահանջեն: Պարզ է եւ յստակ այս պահուն, որ ուղղաթիռի վայրի ապաշրջափակումը, ազրպէյճանական ծուղակի չէզոքացումը, ազրպէյճանցի զինուորներու ոչնչացումը եւ հայ օդաչուներու դիակի եւ մասունքներու, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռի անհրաժեշտ մասերու տարհանումը բարդ, սակայն միաժամանակ կատարելագործութեան հասնող զինուորական միջամտութիւն է, որ վեր է ամէն գնահատականէ:

Պէտք չէ մոռնալ նախորդող զգուշացումները հայկական ուղղաթիռի խոցման առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Արցախի մէջ կատարած յայտարարութիւններէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանական համակարգերու համապատասխան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներուն հաւաստիացումները: Այո՛, վե՛րջ ազրպէյճանական ֆլեշ մոպերուն, որոնք ցաւոտ, համաչափէն քիչ մըն ալ աւելի պատասխան կը ստանան:

Ազրպէյճանական կողմը ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ ո՛չ ալ հայկական երկու պետութիւններու պաշտպանական համակարգերու գերատեսչութիւններու զգուշացումները ուզեց նկատել: Պաքուն շարունակեց իր վարքագիծը: Անտեսելով մարդասիրական միջազգային նորմերն ու չափանիշերը` ազրպէյճանական կողմը մերժեց վերադարձնել հայ զոհերու դիակն ու մասունքները եւ յոխորտաց գերեվարուած ազրպէյճանցի հետախոյզերուն հետ փոխանակել օդաչուներու մարմինները:

Ազրպէյճանական մերժումն ու յոխորտանքը աննախատեսելի չէին: Մերժումը սակայն միայն հայկական կողմին ուղղուած չէր: Կարմիր խաչի դիմումներն ու ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներու անպատասխան մնալը մերժում էր փաստօրէն ոչ միայն միջնորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն, այլ նաեւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին:

Հայկական կողմը այս պարագային նախընտրութիւնը տուած էր նման իրավիճակներու մէջ գործող մարդասիրական եւ միջնորդական կառոյցներու` առիթ տալով, որ անոնք յաջողին Ազրպէյճանի հետ համաձայնաբար տարհանել հայ զինուորներու դիակները:

Այս առիթը տրուեցաւ միջազգային ընտանիքին եւ Պաքուին` գուցէ քաջ գիտնալով, որ Պաքուն պիտի չընդառաջէ նման դիմումներու եւ անգամ մը եւս խախտէ միջազգային համաձայնութիւնները: Հայկական պաշտպանական համակարգը առիթին սպառումէն ետք ի՛նք ճշդեց հայ զինուորներու դիակ-մասունքները ազատագրելու 0 ժամը:

Մնացեալը արդէն զինուորական գործողութեան փայլուն կատարողականութեան առարկայացումն է, հայ զինուորին պատիւը փրկելու վեհանձնագոյն օրինակի կայացում: Զինուորական արհեստավարժութեան նման բարձրորակ մակարդակի նուաճումը, հակահարուածի ժամանակահատուածի ճշդումը, ուղղաթիռի խոցման վայրի դիտարկումը, ծուղակի չէզոքացումը, առանց հայ զոհի գործողութեան կատարումը եւ դիակներու վերադարձի գործողութեան իրականացումը ուղերձ ունին ոչ միայն Պաքուին, որ հասկցաւ, թէ պատերազմական ֆլեշ մոպեր կազմակերպելը հայկական կողմին նկատմամբ բացառուած է այլեւս, որ հասկցաւ նաեւ, թէ նման արկածախնդրութիւն կատարելը ի՛նչ տեսակ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Բայց ոչ միայն Պաքուին է ուղերձը: Ուղերձ կայ նաեւ առիթ եւ ժամանակ ունեցած միջազգային կառոյցներուն, որոնք Պաքուի մերժողականութեան պատճառով յայտնուեցան անաշխատունակ եւ անզօր իրավիճակի մէջ: Սկզբունքով անոնք եւս գիտակցած պիտի ըլլան, որ նման իրավիճակներու մէջ զինադադարի խախտման, կացինահարման, ներթափանցումի գործողութիւններ կատարելու եւ անզէն ուղղաթիռ խփելու միջադէպերուն պատասխանատուն բացառապէս մէկ կողմն է. ալիեւեան Պաքուն. եւ թէ մանաւանդ ֆլեշ մոպերու կազմակերպման նման վերջ պէտք է գտնէ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման խաղը:

Այո՛. արգիլուած է ազրպէյճանական ֆլեշ մոպեր կազմակերպելը:

«Ա.»

Խմբագրական. Նաեւ Քաղաքական Մակարդակի Վրայ (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Լիբանանի անկախութիւնը կը նշենք սովորական պայմաններու մէջ: Սովորականը այս պարագային բացասական երանգներ կը պարփակէ: Արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր անկախութեան օրը հեռացած է իր տօնական բնոյթէն եւ քաղաքական թէ ընդհանրապէս հասարակական առումներով նոր հեռանկարներու նախանշումներ կատարելու գլխաւոր առիթի հանգամանքէն:

Հանրապետութեան նախագահի թափուր աթոռ, ինքնավերարտադրուող խորհրդարան, շրջանային իրադարձութիւններու անմիջական ազդեցութիւններ, ապահովական մակարդակի կացութիւններու ստեղծումներ, բանակը թիրախաւորած գործողութիւններ:

Ահաւասիկ նման ընդհանուր պատկերի մէջ է, որ Լիբանան կը տօնակատարէ անկախութեան հերթական տօնը: Այս բոլոր երեւոյթներուն մէջ առանձնաբար լոյսին կու գայ ռազմական ոլորտը: Բանակն է, իբրեւ պետական ամէնէն հեղինակաւոր կառոյց, որ կը շարունակէ պահպանել մէկ պետութեան, մէկ ազգի եւ մէկ ժողովուրդի խորհրդանիշի իր հանգամանքը: Եւ պատահական չէ, որ բանակը կ՛որոշուէր իբրեւ թիրախ սահմանային շրջաններու մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ:

Տուեալ երկրի պետական սահմաններու անվերահսկելիութիւնը ինքնին տարածքային ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող նախաքայլ է: Երբ պետութիւնը ի վիճակի չ՛ըլլար իր սահմանները վերահսկելու, առիթ տուած կ՛ըլլայ անարգել թափանցումներու, ոտնձգութիւններու եւ այդ բոլորին իբրեւ անմիջական հետեւանք` ներքին անկայունութեան: Սահմաններու սասանելիութիւնը քաոսային վիճակի յառաջացման գրեթէ նախապայմանային օղակ է:

Եւ որքան ալ նախադրեալները յուշեն, որ Լիբանանի պարագային շրջանային թէ աշխարհաքաղաքական ուժեր զսպիչ միջոցառումներու դիմած են երկիրը տարածաշրջանային բռնկումներուն մէջ չներառելու, այսուհանդերձ պէտք է նկատել անպայման, որ կան կողմեր, որոնք առաջադրուած քաոսի յառաջացման համար կ՛աջակցին զինեալ խմբաւորումներու եւ կը հարուածեն բանակը, կ՛առեւանգեն անոր զինուորները, կը սպառնան գլխատել բանակայինները:

Բանակը փաստօրէն սանձեց այս երկրին դէմ նիւթուող դաւը: Յաջողեցեաւ կանխարգիլել հետագայ զարգացումները: Բանակը այս բոլորէն դուրս եկաւ պատուաբեր ձեւով, փրկելով թէ՛ բանակը, թէ՛ պետութիւնը եւ թէ՛ ժողովուրդը: Փրկելով երկիրը: Եւ անտեղի պիտի չըլլար նկատելը, որ նման սադրանքներու ետին կանգնողները նոյնանման տարրեր են, որոնք խժդժութիւններ գործեցին եւ կը շարունակեն գործել շրջանին մէջ եւ որոնք կը շարունակեն օժանդակութիւն ստանալ այլեւս բացայայտօրէն հիմնական աղբիւրէ: Համանման տարրերն են, որոնք Քեսապի թէ Մուսուլի, Արաբ Բունարի թէ Տէր Զօրի մէջ թէ այլուր կը գործեն ջարդեր, աւերներ եւ կը պատճառեն տեղահանութիւններ:

Լիբանանը պէտք է վերահաշուարկէ այդ տարրերուն ետին կանգնող պետութեան` Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները: Այդ տարրերն, որոնք կը սպառնան իր բանակին, կը հարուածեն զայն եւ այդ ճամբով կը հանդիսանան մեծագոյն վտանգ երկրին:

Համալիբանանեան կեցուածքը այս երեւոյթին նկատմամբ հրամայական է: Անկէ պիտի բխի նաեւ երկխօսութիւնը, որ պէտք է առաջնորդէ պետական հաստատութիւններու վերագործարկման, նախագահի ընտրութենէն մինչեւ  ընտրական օրէնքի շուրջ համաձայնութիւն, խորհրդարանական  նոր ընտրութիւններու կայացում:

Աշխարհաքաղաքական բաժանարար ծրագիրներ իրականացնելու համար Լիբանանը պարարտ ենթահող է: Այդ ծրագիրներու իրագործման միտումները կրնան հարուածել այլապէս արդէն տագնապներ դիմագրաւող այս երկիրը:

Անկախութիւնը ինքնիշխանութիւն ու գերիշխանութիւն է: Անոր պահպանման երաշխիքը բանակն է. բանակը այսօր թիրախ է: Բանակին շուրջ գոյացած եւ դրսեւորուած համալիբանանեան համախոհութիւնը իր դրսեւորումը պէտք է գտնէ նաեւ քաղաքական մակարդակի վրայ: Գուցէ այս ըլլայ անկախութեան հերթական  տօնին փոխանցելիք կարեւորագոյն պատգամը:

Խմբագրական. Մե՛ր Աշխատակարգի Սկզբունքը (ՀՅԴ 124-Ամեակին Առիթով)
Ժամանակակից աշխարհի բերած յարափոփոխութեան հետ անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ քայլ պահելը դիւրին գործ չէ: Առաւել եւս, երբ հարցը կը կեդրոնանայ գաղափարական արժեհամակարգերուն վրայ, որոնք առանցքային գիծեր պահելու դժուարին պայքարը կը մղեն այս օրերուն:

Ներկայ ժամանակները յատկանշուած են տեղեկացուածութեամբ, բաց համակարգով, փոխներգործօնութեամբ (interactivity) եւ այս բոլորին իրականացման համար գերարագութեամբ:

Համաշխարհային ներկայ կանոնները կը փորձեն ժամանակավրիպացնել արժէքները, աշխատակարգերը եւ այդ բոլորին առընթեր գաղափարական շարժումները: Աշխարհը այսօր ականատես կ՛ըլլայ գաղափարական շարժումներու նօսրացման, գաղափարականութենէ դէպի շուկայացում շատ արագ եւ կտրուկ անցումներու բերած պարապութեան:

Բաց համակարգը անընդհատ կը խօսի թափանցիկութեան, ամէն ինչ հրապարակայնացնելու մասին: «Փակ» եզրը այսօր ընդհանրապէս բացասական իմաստ կը փոխանցէ եւ ժամանակավրէպութեան  հասկացողութիւն կը քանդակէ հաւաքական մտապատկերներու մէջ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ գաղափարական աւանդութիւն ունեցող կազմակերպութիւն` հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս թիրախ է նման քննադատութիւններու, սլաքներու, երբեմն նաեւ հեգնական ակնարկներու:

Դաշնակցութեան հասցէին նման կարծրատիպ ստեղծել փորձողները չեն ուզեր նկատել, որ 124-ամեայ այս կազմակերպութիւնը երկար ատեն չէ վարանած հրապարակելու իր գերագոյն ժողովի որոշումները:

Դաշնակցութիւնը իբրեւ փակ կառոյց դասակարգելու միտուած նկրտումներուն ետին կանգնողները իրենք փորձած են փակ պահել այն, ինչ որ հանգամանաւոր ժողովներու բացման թէ փակման արարողութիւններուն կուսակցութեան պատասխանատուները իբրեւ անցած ուղիի արժեւորում թէ իբրեւ հետագայ ընելիքներու ուղենիշ, ներկայացուցած են քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ ժողովուրդին:

Տակաւին. անոնք չեն ուզած տեսնել ՀՅԴ լրատուամիջոցներով օրը օրին կուսակցութեան քաղաքական ուղեգիծը բացատրող, լուսաբանող առաջնորդող գրութիւնները, որոնց շուրջ այսօր նաեւ հնարաւորութիւնը կը տրուի արձագանգելու, տեսակէտ տալու, կարծիք բաժնել-չբաժնելու, առաջարկ ներկայացնելու:

Դաշնակցութեան գերագոյն մարմիններու, Ազգային ժողովի անդամներու այսօրուան աշխուժ երեւումն ու հասանելիութիւնը բոլոր խաւերուն, գրեթէ առօրեայ կշռոյթով բացատրողականները կուսակցութեան  քաղաքական որոշումներուն բաց համակարգի  համապատասխան այսօրուան աշխատակարգի համահունչ երեւոյթներ են:

«Փակ»-ի մեղադրանքը հասած է նաեւ պատմականին: Ցաւօք, ոչ միայն Անգարան է , որ առիթ չի փախցներ «Դաշնակցութեան արխիւները փակ են» յայտարարութեամբ քաղաքական շահարկումներ եւ պիտակաւորումներ կատարելու: Այդ ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ իր հիմնադրութեան տարիներէն, Ընդհանուր ժողովներու բոլոր ատենագրութիւնները, նամակագրութիւնները, ժողովական վէճերը, նոյնիսկ ժողովներէ բխած դատական հարցերն ու անոնց դէմ կատարուած բողոքարկումները կը հրատարակէ, բնագրային եւ մատենագիտական վաւերականութիւններով: Դաշնակցութի՛ւնն է, որ չի վարանիր նոյնիսկ Երիտթուրքերու հետ իր յարաբերութիւնները կանխած ժողովական քննարկումներն ու որոշումները հրապակարելու, ամենայն մանրամասնութեամբ:

Ժամանակակից ապագաղափարականացման ճարտարապետները չեն, որ պիտի ճշդեն  124-ամեայ կուսակցութեան աշխատակարգը: Բաց համակարգի ճշդած կանոններու յարմարուողականութեան մղումով չէ, որ Դաշնակցութիւնը կը բանայ իր արխիւները, կը հրապարակայնացնէ իր որոշումները եւ կը զեկուցէ իր աշխատանքներուն մասին:

Ժողովուրդը տեղեկացնելու, անոր հաշուետու ըլլալու սկզբունքը եղած է ու կը մնայ Դաշնակցութեան աշխատելաեղանակի կարեւոր կէտերէն մէկը:

Այսօր, ՀՅԴ-ի օրուան առիթով, Դաշնակցութիւնը այդ սկզբունքներէն մեկնած կը ներկայանայ իր ժողովուրդին:

Ակնարկ. Երեւանը Մեկուսացուող Մոսկուայի Եւ Ապամեկուսացուող Թեհրանի Միջեւ
Հիւլէական թղթածրարի հարցին շուրջ միջազգային ընտանիքի 6+1 ձեւաչափով տարուող բանակցութիւնները այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ կը միտին Իրանի ապամեկուսացման: Նախադրեալները կը յուշեն, որ Արեւմուտքը, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ելքեր կը փնտռէ Իրանի հետ յարաբերութիւններու նոր էջ բանալու: Հիւլէականի հետ կապուած իւրանիոմի հարստացման սահմանափակումի պահանջներն ու ընդառաջումներու ելեւէջները հիմնովին քաղաքական շարժառիթներ ունին:

Ընթացքը այնպէս է, որ Ռուսիոյ մեկուսացման դիմաց Իրանի ապամեկուսացման միտումներ կը դրսեւորուին Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ, ինչ որ նաեւ կը յատկանշէ Իրանի հետ բանակցութիւններու աշխուժացումը եւ դրական արդիւնքներու յանգման հաւանականութիւններու բարձրացումը:

Իրանի գործօնին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յարափոփոխ դիրքորոշումները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Երեւանի ուղղութեամբ. մանաւանդ որ միւս կողմը Ռուսիան է այս պարագային, որուն նկատմամբ որդեգրուած պատժամիջոցները կը ստանան հետեւողական մագլցողականութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկու ռազմավարական գործընկերներուն նկատմամբ կիրարկման ընթացքի մէջ է հակոտնեայ քաղաքականութիւն: Մէկուն ուղղութեամբ պատժամիջոցներու որդեգրում, միւսին ուղղութեամբ պատժամիջոցներու հետզհետէ վերացում:

Պահ մը կեդրոնանանք ապամեկուսացուող Թեհրանին եւ Երեւանին միջեւ կայացած վերջին համաձայնութեան վրայ:

Իրանն ու Հայաստանը համաձայնագիր կնքած են հայկական տարածքի վրայ ջրելեկտրակայանի կառուցման վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարութիւն ըրած է Իրանի ուժանիւթի նախարար Համիտ Չիտչեանը: «Ստորագրուած է համաձայնագիր` Հայաստանի մէջ ջրելեկտրակայան կառուցելու վերաբերեալ, եւ այդ երկրին մէջ իրանական կազմակերպութիւնները շուտով պիտի սկսին աշխատանքներուն», յայտարարած է Իրանի ուժանիւթի նախարարը:

Բայց նաեւ` այս տեղեկութեան վրայ:

Իրանա-ազրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, Բայահանլի գիւղին մօտ. իսկ փոխհրաձգութեան մասնակցած են ազրպէյճանցի սահմանապահները եւ թմրավաճառները: Այդուհանդերձ ազրպէյճանական պետական մարմինները չեն հաստատած այս տեղեկութիւնները:

Վերլուծական ամփոփ հայեացք նետելէ առաջ, անտեղի չ՛ըլլար յիշելը նաեւ Իրանի նախագահին Պաքու այցելութիւնը, որ համընկնեցաւ Ղարաբաղի միջադէպին հետ, երբ Ազրպէյճանը ռուսական հրթիռային համակարգով խփած էր հայկական ուղղաթիռը: Ռուհանին կարեւոր յայտարարութիւն ըրած էր Պաքուի մէջ` ըսելով, որ ղարաբաղեան խնդիրը զինուորական լուծում չունի: Այլ խօսքով, ան ակնարկած է, որ զինուորական արկածախնդրութեան պարագային, չի պատրաստուիր աջակցելու Պաքուին:

Անշուշտ կարելի չէ սահմանային միջադէպը գերագնահատելով յանգիլ այն եզրակացութեան, որ իրանաազրպէյճանական սահմանը լարուած իրավիճակի մէջ է: Սակայն, այն, որ զսպուած յարաբերութիւններ կան Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ, ատիկա փաստ է: Ծագումով ազերի բազմամիլիոնանոց ազգաբնակչութիւնը երկու պետութիւններուն համար զսպիչ գործօնի հանգամանք ունի:

Իրանի ապամեկուսացման նախադրեալներ, Թեհրան-Երեւան ուժանիւթային  բնոյթի համաձայնութեան կնքում, Իրան-Ազրպէյճան սահմանային միջադէպ, նախագահ Ռուհանիի յատկանշականութեամբ չառանձնացող այցելութիւն Պաքու եւ յայտարարութիւն` Արցախի հարցի լուծումի զինուորական միջոցը բացառելու:

Ուաշինկթըն-Թեհրան բնականոնացման  եւ Ուաշինկթըն-Մոսկուա խզման երեւցող միտումի նախադրեալները իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն տարբեր տարածաշրջաններու վրայ: Սկսելով Միջին Արեւելքէն, հասնելով Կովկաս: Երեւանը սուր հաւասարակշիռ քաղաքականութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ է:

«Ա.»

Ակնարկ. Միջազգային Երաշխաւորութեամբ Գործարկել Ստեփանակերտի Օդակայանը
Հայկական ուղղաթիռի խոցումը ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ զինադադարի հերթական խախտումներու ծիրէն դուրս կու գայ. ոչ անպայման այն իմաստով, որ ասիկա արձակազէններու գործողութիւններէն կամ անդադրում կրակահերթերէն տարբեր է: Այլ` յատուկ քաղաքական նպատակ հետապնդող քայլ է, առնուած Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ:

Դէպքի հանգամանքները պարզելը անշուշտ օգտակար է: Նկատելը, որ զինուած ուղղաթիռ չէր, որ ազրպէյճանական սահմանը չէր հատած, որ Ազրպէյճան այդ բոլորին հակառակը փաստելու համար պետական բարձրագոյն մակարդակով կազմակերպեց տեսանիւթային ապատեղեկատուութիւն հետզհետէ աւելի պարզ եւ համոզիչ կը դառնայ բոլորին համար:

Խնդիրը այն է, որ առաջին անգամը չէ, որ ուսումնավարժական թռիչքներ կը կատարեն հայկական ուղղաթիռները օդային նոյն տարածքներու սահմաններուն մէջ: Թէ Պաքուն ի՞նչ կը նպատակադրէ այս հարուածով, որոշ չափով պարզ կը դառնայ, եթէ կարդանք ազրպէյճանական աղբիւրներուն հրապարակած հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

«Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 12 նոյեմբերին հայկական ուղղաթիռի կործանման կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը տարածած է, որուն մէջ ոչ թռիչքային գօտի է յայտարարել «բռնագրաւուած տարածքներու օդային տարածութիւնը եւ ըստ սահմանուած կարգի այդ մասին տեղեակ պահած է Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամները»:

Ուրեմն հարուածել հայկական ուղղաթիռը` պատրուակելով, որ զինուած է անիկա եւ թէ հատած է ազրպէյճանական սահման կամ «բռնագրաւեալ տարածք», յայտարարելու համար ոչ թռիչքային գօտի:

Պաքուն անհանգիստ է Արցախի օդային տարածքի գործարկման հաւանականութեան բարձրացման դիմաց: Խնդիրը կը վերաբերի ոչ միայն հայկական ուղղաթիռներուն, այլ նաեւ քաղաքացիական ճամբորդատար թռիչքներու իրականացման. պարզ խօսքով` Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման:

Հիմա այն պահն է, որ հայկական կողմը առաւելագոյն քաղաքական աշխատանքներ ծաւալէ պահանջելու միջազգային երաշխիք Արցախի օդային տարածքի անվտանգութեան համար: Հիմա պահն է, որ պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման խաղը կանգ առնէ եւ իրերը կոչուին իրենց անուններով: Պատասխանատուութեան մատնանշումին բնականաբար կը յաջորդէ դատապարտում: Ուսումնավարժողական նպատակով թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի խոցումներ կանխարգիլելու համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորէ օդային անվտանգ  տարածք Արցախին:

Ուրեմն, եթէ հայկական ուղղաթիռի խոցումով Պաքուն կը հետապնդէր Արցախը ոչ թռիչքային գօտի յայտարարել, հայկական կողմը, պետական, հասարակական եւ սփիւռքեան լոպիինկի ուժերու լարումով այս պահը լիարժէք պէտք է օգտագործէ ապահովելու համար Արցախի թռիչքային անվտանգ գօտի յայտարարութիւնը:

Միանշանակ համոզիչ է ու արդարացուած, որ  պատասխանը ցաւոտ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի համար, որուն զինուորաքաղաքական իշխանութիւնները կը կրեն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պատահարին եւ անկէ բխելիք բոլոր հետեւանքներուն: Արդար են նաեւ իւրաքանչիւր հայ զոհի փոխարէն յաւելեալ դիրքեր նուաճելու նախապէս յայտարարուած եւ այժմ պահանջի վերածուած տրամադրութիւնները:

Հայկական ուղղաթիռի պատահարը սահմանային հերթական դէպք չէ: Քաղաքական նպատակաուղղուածութեամբ իրականացած գործողութիւն է: Հայկական համարժէք պատասխաններուն առընթեր քաղաքական առաւել ապահովելու հրամայականը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Այդ առաւելը Արցախի թռիչքային գօտիի ապահովումն է: Միջազգային երաշխաւորութիւններով Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը:

«Ա.»

Ակնարկ. Ժխտումի Համակարգող Կեդրոններ
«Ազերնիուզ»-ի  հրապարակած լուրը, որուն համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութեանց նախաձեռնութեամբ, ազրպէյճանական սփիւռքը համակարգող կեդրոններ պիտի բացուին աշխարհի տարածքին, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ուքրանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, հաւանաբար հիմնական նորութիւն չփոխանցէ: Ազրպէյճանական սփիւռք դասական հասկացողութեամբ գոյութիւն չունի. այս նախաձեռնութիւնը զուգահեռ բնոյթ ունի Անգարայի փորձին: Լրատուութիւններուն հետեւողները կը յիշեն անպայման, որ Թուրքիա քանի մը անգամ համագումարներ կազմակերպեց թրքական սփիւռքը համախմբելու եւ յանձնարարականներ տալու նպատակով:

Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք հետզհետէ զարգացող համագործակցութիւնը անշուշտ աննկատ չ՛անցնիր Անգարայի կողմէ, եւ ոչ միայն Անգարայի, այլ նաեւ յայտնաբար Պաքուի: Երկու երկիրներուն փորձածները խորքին մէջ հակակշիռ գործողութեան տրամաբանութիւնը ունին:

Անգարան իր սփիւռքի գոյութիւնը քանի մը անգամ զգացուց հակացոյցերով, ինչ որ աւելի համոզիչ դարձուց այդ նախաձեռնութիւններուն հակակշիռ բնոյթը: Թրքական սփիւռքի այսօրուան պատկերը ուսումնասիրելու համար բնականաբար պէտք է յենիլ արտաթուրքիա ապրող Թուրքիոյ քաղաքացիներու ժողովրդագրական սփռուածութեան, տեղւոյն երկիրներուն հասարակութեան հետ համարկման միտումներուն եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ կատարուող փորձին` քաղաքական հաստատութիւններուն մէջ ներկայութիւն ապահովելու: Այստեղ սակայն իբրեւ թուրք քաղաքացի ներկայացողներուն ծագումին մասին գաղափար կազմելը կարեւոր է` տրուած ըլլալով, որ անոնց մէկ կարեւոր մասը ոչ թուրք ինքնութիւն ունի: Բայց այդ մէկը արդէն տարբեր խնդիր է: Հիմա այս պարագային դիտարժան կէտը, թրքական սփիւռքին հայկական հարցերով կազմակերպուածութեան աստիճանաչափն է:

Հակազդող այս հանգամանքը անհամեմատելի չափերով կը զիջի հայկական սփիւռքի քաղաքական նկարագիրին եւ կազմակերպուածութեան: Այս դաշտին մէջ հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի: Խօսքը չի վերաբերիր պետական միջամտութիւններով կացութիւններ ստեղծելու կամ շրջելու Անգարայի դերակատարութեան, այլ Թուրքիայէն դուրս սփռուած միլիոնաւոր Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անկազմակերպուածութեան:

Ալ ուր մնաց ազրպէյճանական մանրապատկերին մասին համեմատութիւն կատարելը: Այս բոլորին վիճակագրական եւ վերլուծական գնահատական տալը խիստ կարեւոր է, մանաւանդ 100-ամեակի դիտանկիւններէն: Թուրքիայէն դուրս մղուելիք քարոզչաքաղաքական պատերազմին  ուժերու գնահատումը անգիր օրէնք է:

«Ազերնիուզ»-ը կը պարզաբանէ, որ ազրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններուն գործառոյթին մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս գործառոյթը չէ բացառուած, որ նախագծուած ըլլայ Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ: Աւելի համոզիչ կը դառնար, եթէ գործառոյթներուն առաջինը նման համակարգող խորհուրդներու ըլլար արցախեան հարցին վերաբերեալ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան տարածումը եւ պատմութեան նենգափոխումը: Սակայն 100-ամեակի նախօրէին ազրպէյճանական սփիւռքի համակարգող կեդրոններու ցանցի յայտարարութիւնը կը մատնէ Անգարայէն եկած ներշնչումին եւ պատուէրին առկայութիւնը:

Հայկական կողմը առաւելներ ունի. այս մէկը սեփական ուժի գերագնահատում չէ: Սփիւռքի կառուցակարգումն ու քաղաքականացումը հոլովոյթ ապրած են եւ հարիւրամեայ ճամբայ կտրած: Թուրքեւազրպէյճանական համակարգող կեդրոնները պարզապէս հակակշիռ գործողութիւններ կազմակերպելու տրամաբանութեամբ պիտի բանին: Եթէ բանին:

Խմբագրական. Պատմութեամբ Զինուած Կերտել Այսօրը (ՀՅԴ Պատանիի Օրուան Առիթով)
Կազմակերպութիւնները, եթէ ունին հեռանկարային պատկերացումներ, ամէն բանէ առաջ կ՛ունենան մարդուժի պատրաստութեան համար կառուցակարգուած շտեմարան: Մարդուժի հաւաքագրումը այսօր տուեալ պետութեան կամ կազմակերպութեան համար առաջնահերթ խնդիր է, որ աշխուժ ձեւով կ՛իրականացուի: Համաշխարհային դրուածքով, ազգային պատկանելիութիւնները  արգելակիչ տուեալ չեն, որպէսզի ուսանողական տարիներուն արդէն իսկ փայլունութեամբ յատկանշուած անհատը ուղղակի-անուղղակի ձեւերով հաւաքագրուի, լրիւ կրթաթոշակ ստանայ, ապա հետագային հրաւիրուի ասպարէզի, որուն համար ալ ստանայ բարձր աշխատավարձ: Անհատը արդէն հաւաքագրող ուժի համաշխարհային ցանցին մէջ է, եւ կատարուած ներդրումը կու տայ իր արդիւնքները: Յաճախ անգիտակցաբար նոյնիսկ, ան կը ծառայէ հաւաքագրողին:

Այս տեսութեան իրականացման եղանակներուն կամ այս նպատակով գործող համակարգին մասին կարելի է երկար գրել: Համաշխարհային այս դրութիւնը  պիտի շարունակէ գործել եւ իր ցանցին մէջ ներառել ընդունակութիւններով եւ հմտութիւններով ուշադրութիւն գրաւող պատանի-երիտասարդ տարրերը: Համակարգը էապէս անդրազգային բնոյթ ունի իր տեսքով, սակայն կը ծառայէ այս կամ այն պետութեան կամ կազմակերպութեան պատկերացուցած հեռանկարներու առարկայացման:

Անդրազգային, չըսելու համար ապազգային երեւոյթով տարուող համաշխարհային այս իրականութեան դիմաց, ազգերը, հասարակութիւններն ու կազմակերպութիւնները որոշ դիմադրողական  համակարգ յառաջացնելու անհրաժեշտութեան առջեւ են: Կանուխ տարիքէն մարդուժի շտեմարանի համար տարրեր համախմբելու աշխատանքը, կազմակերպութիւններու հիմնադրութեան առաջին շրջանէն իսկ եղած է գլխաւոր առաջադրանք:

Դաշնակցութիւնը միշտ, պատմականօրէն, կարեւոր նկատած է իր երիտասարդական միաւորները: Այստեղ երիտասարդական հասկացողութիւնը կը ներառէ նաեւ ուսանողականն ու պատանեկանը: Այս վերջինը փաստօրէն նախադուռն է մեր կազմակերպութեան շարքերուն: Եւ որքան հաստատ ըլլայ անիկա, որքան նպատակային աշխատի անոր կառոյցը, որքան յստակ եւ առողջ միջավայր ստեղծէ անոր գործունէութիւնը, այնքան ճիշդ կը կատարուի կազմաւորումի առաջին հանգրուանը:

Կազմաւորումը` իբրեւ մարդ, իբրեւ ազգի պատկանող անհատ, իբրեւ քաղաքացի, իբրեւ միութենական եւ իբրեւ կուսակցական, անհրաժեշտ հանգրուաններու ամբողջութիւն է, որ կը կերտէ մտածելակերպ, ոգի, բարոյական եւ նման ստորոգելիներով հաւաքականութեան մաս կազմող էակ. մէկ խօսքով, նկարագիր:

Հանգրուաններու ներդաշնակ ամբողջականութեան առաջին, անշրջանցելի եւ կարեւորագոյն հանգրուանն է ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու կառոյցը, որուն շարքերուն անդամագրուողը  մուտք կը գործէ մեծ կազմակերպութեան մը առաջին դուռէն:

Ոչ միայն համաշխարհային մակարդակի, այլ նաեւ տեղական առումով մեր կազմաւորման հանգրուաններու թեւակոխումը խոչընդոտող երեւոյթները շատ են: ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները այն միջավայրերն են, որոնք մեր կուսակցութեան  բարոյագաղափարական անվտանգութեան  հիմնարկին կարեւորագոյն սիւները կը հանդիսանան: Հոն է, որ ֆետայական դիւցազնութիւններու մէջ ընդգծուած ընկերասիրութեան, ծառայութեան, կռիւի բարոյական սկզբունքներու, հայրենիքին ու հայութեան ազատագրութեան համար ամէն ինչ նուիրելու, վճռակամութեան, չընկրկելու, պայքարելու եւ վեհ իտէալներու իրականացման համար անմնացորդ նուիրուելու դասերը կ՛առնեն մեր պատանիները:

Այս պատմատեսաբանութեան առընթեր, մեր պատանիները այսօր կարիքը ունին նաեւ այդ դասերուն ժամանակակից կրկնօրինակներուն հանդիպելու: Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի ներկայ պայմաններուն մէջ միեւնոյն արժեհամակարգին վրայ խարսխուած նորարարութեան: Պատանիներուն սորվելիքը միայն պատմութիւն չէ: Պատմութեամբ զինուած այսօրը կերտելն է: Արդի տեսքով, արդի պայմաններով: Սակայն միեւնոյն գաղափարական եւ բարոյական սկզբունքներուն վրայ:

Խմբագրական. Մերժեցի՛նք Երկարաձգողներու Եւ Պոյքոթողներու Ընտրանքները
Լիբանանի խորհրդարանի  չորեքշաբթի օրուան նիստը իր կանխատեսելի արդիւնքով հանդերձ, Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ կարեւոր հանգրուան ըլլալու հանգամանքները կը լրացնէ:

Երկիրը կ՛անցնի տագնապալի շրջանէ: Համալիբանանեան հիմնական միասնական խորհրդանիշ համարուող բանակը թիրախ է այսօր արտաքին ուժերու ներշնչումներէ սնուած ահաբեկչական  զինեալ խմբաւորումներու: Բանակին հարուածումով, անոնք կը նպատակադրեն անկայունացնել երկիրը ամբողջ եւ  աննախատեսելի իրավիճակներու առաջնորդել զայն:

Ապահովական այս անկայունութեան վրայ կ՛աւելնան քաղաքական անորոշութիւնը եւ քաղաքական դաշտի բեւեռացման միտող իրադրութիւններու զարգացումը: Փոխադարձ ամբաստանութիւններով յատկանշուող քաղաքական յայտարարութիւնները չեն նպաստեր միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած պետականութեան բնականոն գործունէութեան եւ պետական հաստատութիւններու աշխուժ բանեցման:

Թափուր է երկրին գերիշխանութեան թիւ մէկ խորհրդանշական բարձրագոյն պաշտօնը` հանրապետութեան նախագահութիւնը: Նման պաշտօնի թափուր մնալը, աւելի ճիշդը` թափուր պահելը կը սպառնայ երկրին ու պետութեան մէկութեան եւ զայն ամրագրած միջհամայնքային ամբողջ համակարգին:

Քաղաքական կեանքին նոր մեկնարկ տալու պատմական պատասխանատուութեան առջեւ էր երկրի օրէնսդիր իշխանութիւնը: Այս անհրաժեշտութեան իրականացման նախապայմանը ընտրական նոր օրինագիծի մշակումն ու որդեգրումն էր, որուն հիման վրայ  պիտի կատարուէին լիբանանցի հասարակութեան իրողական  ներկայացուցիչներու ընտրութիւնները: Քաղաքական բեմի վրայ արձանագրուած պառակտուածութիւնը պատճառ դարձաւ, որ խորհրդարանը չվերցնէ պատմութեան առջեւ իր ստանձնելիք պատասխանատուութիւնը: Նոր մեկնարկը չկայացաւ փաստօրէն. եւ խորհրդարանի կեանքին 19 ամսուան երկարաձգումը  վերածուեցաւ կորսուած մեծ առիթի` արդար եւ իրողական ներկայացուցչական խորհրդարանի մը կազմութեան համար նոր օրինագիծ մշակելու:

Յաւելեալ առիթ կամ յաւելեալ երկարաձգումը ուրեմն, որեւէ ձեւով պիտի չյաջողէր առաջադրուած օրինագիծի մշակումը ապահովել, պարզ այն պատճառով կը բացակայէր քաղաքական կամքը` համաձայնական մթնոլորտի մէջ երկրի քաղաքական կեանքին նոր մեկնարկ ապահովելու: Երկարաձգումի որոշումը պարզապէս տագնապի յետաձգում էր: Անորոշութեան տագնապի երկարաձգումը:

Նման կարեւոր հանգրուանի մէջ կատարուող նիստին խորհրդարանականներու ներկայ չըլլալը երկրին երկրորդ կարեւորագոյն հաստատութիւնը պոյքոթի ենթարկել էր: Ճիշդ է, որ պոյքոթը եւս ժողովրդավարական օրինաչափութիւններու մաս կազմող երեւոյթ է եւ տարբեր երկիրներու մէջ եւս անիկա կը գործածուի այս կամ այն պահուն խորհրդարանական նիստ չկայացնելու մտադրութիւններով, այսուհանդերձ նման վճռորոշ հանգրուաններու նախագահութեան թափուր վիճակին վրայ, օրէնսդիր իշխանութեան անդամալուծման փորձը  պարզապէս կը խորացնէ արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած անորոշութիւնը:

Խորհրդարանի ինքնաերկարաձգումը խոտոր կը համեմատի ժողովրդավարական սկզբունքներուն: Նման գործընթացի դէմ դիրքորոշումը` առանց պոյքոթելու, այլ նիստին ներկայ ըլլալով դէմ քուէարկելու եւ այդ դիրքորոշումները հաղորդագրութեամբ հիմնաւորելով եւ հրապարակային բացատրութիւն տալով, պետականութեան կայացման, պետական հաստատութիւններու յարգումին, ժողովրդավարական օրինաչափութիւններուն ընդառաջ շարժելու եւ քաղաքացիներու ներկայացուածութեան իրաւունքին տէր մնալու ցուցանիշեր են:

Այս բոլոր նկատառումներով է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը  ներկայանալով խորհրդարան դէմ քուէարկէ խորհրդարանի ինքնալիազօրումին: Դաշնակցութեան այս դիրքորոշումը օրինակելի նկատուեցաւ լիբանանեան քաղաքական, լրագրական եւ հասարակական շրջանակներու կողմէ:

Դաշնակցութիւնը իր այս դիրքորոշումով ոչ միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու յարգումի դաս փոխանցեց բոլորին, այլ նաեւ` սեփական պետութեան կարեւոր մէկ հաստատութիւնը յարգելու. տակաւին,  զայն բաղկացնող անդամներուն իրողական ներկայացուցչական հանգամանք ապահովելու` երկիրը անորոշ ոլորապտոյտներէն դուրս բերելու համար արդի օրինագիծի մը մշակման եւ որդեգրման հրամայականը վերաշեշտելով:

Դաշնակցութիւնը առանձնացաւ իր այս դիրքորոշումով ինքնաերկարաձգուողներու եւ պոյքոթողներու բեւեռներէն: Բեւեռները պէտք է գիտակցին, որ ա՛յս ուղին է, որ կը յարգէ պետականութիւնը եւ կը նպատակադրէ արդար օրինագիծի մը մշակումով, նոր մեկնարկ ստեղծելով երկիրը հեռացնել անկանխատեսելի հետեւանքներէ եւ դուրս բերել դէպի անորոշութիւն առաջնորդող ընթացքներէ:

Ակնարկ. Ստեփանակերտէն Դէպի Ինքնորոշուելու Փորձ Կատարող Ժողովուրդներ
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի այցելութիւնը Քանատա կը տեղադրուի Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու տարբեր երկիրներ այցելութեան, Արցախի քաղաքական խնդիրները միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծելու, անշուշտ ազրպէյճանական ապակողմնորոշող քաղաքականութեան դիմաց առարկայական տուեալներ փոխանցելու եւ նաեւ տեղւոյն հայ համայնքներուն հետ հանդիպումներ ունենալու ընդհանուր պարունակին մէջ:

Քանատա կատարուած այցելութեան նկարագրականը եւս այդ տպաւորութիւնն ու համոզումը կը փոխանցէ: Կարելի է ըսել, որ այս բոլորին մասին պաշտօնական լրատուութիւնը  բաւական զուսպ է եւ չի բանար բոլոր փակագիծերը: Որոշ շեշտադրումներ Ստեփանակերտի ճշդած առաջադրանքներուն մասին ընդհանուր տեղեկութիւն կը փոխանցեն անշուշտ: Պէտք է կարեւոր նկատել լրատուութեան հետեւեալ բաժինը. «Քեպեքի նահանգային խորհրդարանի անդամներուն  հետ հանդիպումին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է ղարաբաղեան – ազրպէյճանական տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլը, լուծման հարցին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումն ու մօտեցումները: Կողմերը նաեւ  անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական պետականաշինութեան հոլովոյթին եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած նուաճումներուն: Միտքեր փոխանակուած են նաեւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ»:

Խորքին մէջ այս հանդիպումը եզրափակած է Միրզոյեանի գործուղումը Քանատա: Այս հանդիպման ընթացքին Արցախի պատուիրակութիւնը յատկապէս խօսած է Արցախի մէջ ժողովրդավարական հիմունքներով պետականաշինութեան եւ այդ ուղղութեամբ արձանագրուած նուաճումներուն մասին: Հետզհետէ աւելի մօտենանք փակագիծերուն մէջ ամփոփուած բովանդակութեան: Ժողովրդավարական հիմունքի վրայ պետականաշինութեան մեկնարկը համաժողովրդային հանրաքուէն է, որ միջազգային օրէնքին համահունչ կը նուիրականացնէ եւ կ՛իրաւականացնէ ինքնորոշման սկզբունքը:

Կը վերադառնանք Քեպեք. յիշենք անմիջապէս շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ Միրզոյեանի կատարած այցելութիւնը Պասքերու երկիր: Այդ առիթով  Ստեփանակերտ եւ Տոնոսթիա քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած է համագործակցութեան համաձայնագիր, որուն մէջ կը նշուի, որ կողմերը հիմնուելով հաւասարութեան եւ փոխադարձ շահաւէտութեան սկզբունքներուն վրայ, պիտի իրականացնեն փորձառութեան փոխանակում եւ համագործակցութիւն տարբեր մարզերու մէջ:

Քեպեքի հետ եւս Ստեփանակերտը խորհրդակցած էր համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ: Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, որ ինքնորոշման ճամբուն վրայ գտնուող ժողովուրդներն ու զիրենք ներկայացնող քաղաքական ներկայացուցչութիւնները գործուղման աշխատանքային թիրախ ճշդուած են Արցախի կողմէ: Արցախը հանրաքուէի ճամբով ինքնորոշուած ըլլալու, պետականութիւն հաստատելու եւ պետականաշինութեան առումով ճամբայ կտրած ըլլալու իր փորձառութիւնները կը փոխանցէ ինքնորոշումը առաջադրած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն: Այստեղ հաւանաբար երկրորդական է հանրաքուէի արդիւնքը կամ տուեալ տարածքին ու ժողովուրդին ինքնորոշուած ըլլալու փաստին միջազգային գնահատականը: Խնդիրը, որ իբրեւ առաջադրանք յայտնաբար արծարծումի ենթակայ կը դառնայ Ստեփանակերտի կողմէ, փորձառութիւններու փոխանակման փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ուղիներու հաստատման շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել:

Ինչու չէ. նման համագործակցութիւնները իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան Արցախի անկախութեան ճանաչման հիմնական օրակարգի իրականացման աշխատանքին մէջ:

«Ա.»

Ակնարկ. «Աւելի Վատ Ծագում»-ով Գլխաւոր Խորհրդական Մը
Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականի նշանակման լուրը  բնականաբար պիտի գրաւէր բազմակողմանի ուշադրութիւն: Առաջին հայեացքով կը թուի, որ հայկական կողմին ուղղուած ծրագիրներուն հետ կապուած է «Ակօս»-ի նախկին խմբագիրին նշանակումը. աւելի մասնակի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած Անգարայի որդեգրած գործողութիւններու շարքին կարեւոր օղակի հանգամանք ունի այս քայլը:

Քաղաքական տրամաբանութիւն կը ներփակէ այս տեսակէտը, որուն համոզման կը ծառայէ նոյնինքն Մահչուփեանի պնդումը, թէ իր նշանակումը կապ չունի հայ-թուրք յարաբերութիւններու ուղղուածութեան հետ եւ համընդհանուր գործունէութեան մէջ կը տեղաւորուի:

Մահչուփեանի հրապարակագրաքաղաքական անցեալին անդրադառնալը անշուշտ օգտակար է  առնուած քայլին նկատմամբ մեկնաբանութիւններ կատարելու համար: Բայց նախքան այդ, պէտք է փորձել ընկալել Տաւութօղլուի հրամցուցած այս մարտավարութեան շարժառիթային հանգամանքները:

Նման բարձրաստիճան պաշտօնի ազգութեամբ հայ հրաւիրելը  կարելի է ըսել, որ քաղաքական որոշ համարձակութիւն կ՛ենթադրէ: Ներքին  դժգոհութեան ալիքի բարձրացում անպայման ակնկալելի է այս նշանակումին դիմաց: Դժգոհութեան ալիքի մակընթացութիւնը կու գայ ոչ միայն հակաիշխանական շրջանակներէն, այլ նաեւ նոյնինքն իշխանութեան գլուխի անմիջական շրջապատէն: Էրտողան գուցէ բացատրութիւն տալու անհրաժեշտութեան առջեւ է իր վարչապետին կողմէ տրուած այս որոշումին դիմաց: Ցեղային խտրականութեան առումով մեծ խախտումի փաստը տուած Թուրքիոյ այսօրուան նախագահը իր նախընտրական արշաւին ծառայեցուցած էր «աւելի վատը` նոյնիսկ հայկական ծագում» իրեն վերագրելու ամբաստանութիւնները շահարկելով:

Հիմա ազգային վատ պատկանելիութիւն ունեցողը կը հրաւիրուի իր նշանակած վարչապետի հիմնական խորհուրդներ տալու բարձր պաշտօնին: Էրտողանի դէմ այս առիթով ծաւալած փոթորիկին մէջ թէեւ Մահչուփեան արդարացումներ փորձած էր գտնել նախագահական այդ օրերու թեկնածուին կողմէ կատարուած յայտարարութեան, սակայն այդ չէ խնդիրը այստեղ, որ իբրեւ ներքաղաքական հակասութիւն կ՛ընդգծուի:

Աւելի ճիշդը, ոչ թէ հակասութիւն, այլ մարտավարական ընդհանուր հայեցակարգին մէջ տեղաւորուող ներդաշնակման գործընթացներ:   Իշխանական կուսակցութեան խօսափողը նկատուող «Սապահ»-ը այս մասին մտածելու առիթ կու տայ, երբ Մահչուփեանի նշանակումը կը բացատրէ իբրեւ Էրտողանի ցաւակցագիրին հետեւող բնական հանգրուան:

Մահչուփեանի նշանակման ընթացքին ամենայն հաւանականութեամբ ընդգրկուած են նաեւ այլ հանգամանքներ: Մահչուփեանը ընդգրկուած էր  կառավարութեան կողմէ քրտական հարցին լուծում տալու նպատակով ստեղծուած «Իմաստուններու խորհուրդ»-ի կազմին մէջ: Որոշ շրջան մը թրքական մամուլին մէջ հանդէս գալով ի պաշտպանութիւն կիւլենական իսլամական շարժման գաղափարախօսութեան, Մահչուփեանը հետագային` Էրտողան-Կիւլեն  պայքարին ուղղակի զօրակցած է առաջինին:  Վերջին շրջանին անոր անունը երեւցաւ Էրտողան-հակաէրտողան ներհայկական բանավէճերուն ընթացքին դարձեալ ի պաշտպանութիւն գործող նախագահին:

Այս հանգամանքները կրնան լրացուցիչ դեր կատարած ըլլալ Տաւութօղլուի առած քայլին հիմնական շարժառիթին, որ յաչս միջազգային ընտանիքին կը փորձէ ցոյց տալ հայկական կողմին ձեռք երկարելու գործողութիւններու շաղկապուած շղթայ մը:

Էթիեն Մահչուփեանը կը նկատուէր Տինքի դաւանած գաղափարախօսութեան անմիջական հետեւորդ մը: Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս»-ի խմբագիրի պաշտօնին իր ստանձնումը  կարճ ժամանակ մը խօսիլ տուաւ Հրանդ Տինքի գաղափարներու շարունակականութեան երաշխաւորի մասին: «Ակօս»-ի խմբագրապետութենէն հրաժարումը, եթէ որոշ շրջանակի համար մեկնաբանուեցաւ «Ակօս»-ի կողմէ նկատուած շեղումներու անհանդուրժողութիւն, այլոց կողմէ նաեւ անհատապէս ի՛ր՝ Մահչուփեանի ակօսական գիծէն դուրս գալու փաստ: Պարզ եւ միանշանակ չէ այս երկուութենէն մէկուն համոզուելու ընտրանքը: Մանաւանդ որ Մահչուփեան շատ բարդ հրապարակագիր էր, որուն յօդուածներուն բովանդակային առանցքը կառուցուած էր քաղաքագիտական փիլիսոփայութեան եւ այլաբանական մտածողութեան վրայ:

Գործող իշխանութիւններուն եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրով առաջին անգամն է, որ ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացի մը կը նշանակուի բարձր այս պաշտօնին: Ան իրաւականօրէն այլեւս տարբեր առիթներու կրնայ ներկայացնել գործող իշխանութիւները: Նաեւ 100-ի հետ կապուած տարբեր արարողութիւններուն:

«Ա.»