Զաւարեանական Archives - Aztag Daily

«Ազատ Արցախը Ողջունում Է Ձեզ»
ՆԱՆՈՐ ՊԱԼԱՊԱՆԵԱՆ

Հանրակառքին մէջ ենք` դէպի հերոսական Արցախ: Կիզիչ արեւը իրեն հետ կը բերէ քունս: Շուրջս կը նայիմ, ընկերներս ալ կէս քուն-կէս արթուն են: Կը պայքարիմ քունիս դէմ: Կ՛ուզեմ ամբողջ ճամբուն ընթացքին արթուն մնալ, ոչ մէկ տեսարան փախցնել, ուշի ուշով դիտել եւ մտքիս մէջ դրոշմել այդ բոլոր շքեղ պատկերները:

Չորս կողմս դալար ծառեր են… անվերջ ու անծայրածիր, աննկարագրելի տեսարան… կարծես Աստուծոյ գծագրած մէկ պատկերը ըլլայ: Քունս նորէն կ՛այցելէ, բայց դարձեալ կ՛արթննամ եւ կը դիտեմ շուրջս:

Արդէն իսկ բնութիւնը խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն ներշնչած էր: Վարորդը կը յայտարարէր, թէ քանի մը քիլոմեթրէն  կը հասնինք: Կը սթափիմ եւ անհամբեր կը սպասեմ, հեռուէն արդէն կը յայտնուի ծանօթ պատկեր մը` «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ»:

Վերջապէս Արցախի հողին վրայ ենք: Բերկրանքի, հպարտութեան եւ երախտապարտութեան վեհ զգացումներ տիրած էին հոգիիս վրայ: Հերոսներու հողին վրայ էի, արի հերոսներուն, որոնց համար հայրենիքի սէրն ու անոր ազատութիւնը ամէն բանէ բարձր էր, նոյնիսկ իրենց կեանքէն, որպէսզի «Ազատ Արցախը  ողջունէր մեզ»:

Շարունակելով մեր ուղեւորութիւնը` հասանք Բերձոր, ու ընկեր Սամուէլը մեզ դիմաւորեց: Հոն գիշերեցինք եւ յաջորդ առաւօտ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական: Քարքարոտ, երկար եւ անհասանելի ճամբան կ՛ընկերակցէր մեզի մեր ուղեւորութեան ընթացքին` դժուարացնելով վարորդին պարտականութիւնը: Ան ղեկը աջ ու ձախ կը դարձնէր ազատելու համար խոշոր փոսերէ: Ինքնաշարժը գրեթէ կը ցատկռտէր: Սագոն, Սալբին եւ ես նստած էինք ինքնաշարժին ետեւը` գիրկերնիս եւ ոտքերնուս քով լեցուցած մեր պայուսակներն ու առարկաները: Սալբին` բջիջայինը  դէպի պատուհան յենած, կը փորձէր կապ գտնել, իսկ Սագոն ձեռքը ունէր երկու «սառը քոֆէ»` տրամադրուած վարորդին կողմէ, ինքնաշարժին հետ անոնք նոյնպէս կը ցատկռտէին:

Այս վիճակին մէջ գրեթէ անշարժ պիտի մնայինք մօտ 4-5 ժամ մինչեւ հասնէինք Կովսական` մեր գործուղումի վայրը:

Կը մտածէի … «Արդեօք իրա՞ւ պիտի հասնինք Կովսական, հոն ինչպէ՞ս պիտի ըլլար վիճակը: Գիւղացիները եւ փոքրիկները ինչպէ՞ս պիտի ընդունէին մեզ: Պիտի կարենայի՞նք շաղուիլ իրենց հետ եւ համակերպիլ անոնց առօրեային, թէ պիտի մնայինք անոնցմէ հեռու եւ դժուար ըլլար շփուիլը անոնց հետ»:

Կը նայէի դիմացս, ճամբան վերջ չունէր: Ամէն անգամ որ վարորդին հարցնէինք, թէ ե՞րբ կը հասնինք, կը պատասխանէր. «Ոչինչ, մի քառասուն րոպէից արդէն հասնելու ենք»: Իրեն համար սովորական էր ճամբան, իսկ իր քառասուն րոպէն մեր մէկուկէս ժամն էր:

Անցած էր 4-5 ժամ, երբ արդէն կը նշմարէի գծագրուած գեղեցիկ պատկեր մը: Լեռները բնութեան շնորհած շարքով կանգնած էին իրարու ետին: Առաջին շարքինները մխրճուած ըլլալով Արցախի հողին մէջ` ստացած էին անոնց գոյնը, իսկ ետեւինները կը փորձէին հասնիլ դէպի անծայրածիր հորիզոն հոն ձգելով միայն իրենց շուքն ու խորհուրդը:

Սալբին կ՛ըսէր. «Նայեցէ՛ք … այս տեսարանը ամէնէն սիրածս է»: Այո՛, այդպիսի տեսարան որքան ալ նկարագրուի, մարդ պէտք է իր աչքերով տեսնէ, որ ըմբռնէ անոր գեղեցկութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը: Երկար սպասումէ ետք վերջապէս հասանք Կովսական: Ջերմ եւ սիրալիր ընդունելութիւն ստացանք ընկեր Կարէնէն, Հրաչէն եւ բոլոր Տօնապետեան ընտանիքէն, Թաթուլ Կրպէյեան դպրոցի տնօրէնէն եւ ինչպէս նաեւ հոն գաղթած եւ հաստատուած սուրիահայերէն:

Ճամբարին արդէն քանի մը օր անցած էր: Գրեթէ ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանար: Պարտականութիւնները կը բաժնուէինք մեր երեքին միջեւ: Օրական հերթականութեամբ իւրաքանչիւրս կը ստանձնէր փոքրիկներու  մէկ խմբակ: Այդ օրը ես ստանձնած էի «Խանասոր»  խմբակը, որ ամենափոքր տարիքով երեխաներու խմբակն էր (4-7 տարեկան):

Նկարչութեան պահն էր: Երեխաներուն խոստացած էի «տիպ» (բարենիշ), եթէ հնազանդ ու խելօք ըլլային եւ գեղեցիկ նկարներ գունաւորէին: «Տիպ»-ը տարօրինակ ազդեցութիւն ունի Արցախի փոքրիկներուն վրայ: Անոնք երբ «տիպ» լսեցին, ուրախացան, ցատկռտեցին եւ հապճեպով սկսան գունաւորել իրենց գծած պատկերները: Տասը վայրկեան չանցած արդէն բոլորը աւարտած էին իրենց գծագրութիւնները: Կը փորձէի զանոնք շարքի կեցնել, որպէսզի իւրաքանչիւրը կարգով  ստանար իր տիպը, սակայն ի զուր:

Անոնք աշխուժացած էին եւ տի՜պ կը բացագանչէին: Պայուսակէս հանեցի տիպերը եւ նոյն վայրկեանին իսկ փոքրիկները պաշարեցին զիս. կը քաշքշէին շապիկիս ծայրէն… «ընկեր Նանոր, … ե՛ս…ե՛ս»: Կը խնդրէի, որ իւրաքանչիւր ստացող երթար եւ իր տեղը նստէր, բայց ո՜վ էր լսողը…

Անոնք կը ստանային իրենց տիպերը. քանի մը վայրկեան կ՛երթային լուռ ու մունջ կը նստէին, յետոյ կը վերադառնային` խնդրելով երկրորդ տիպ մը եւ նոյնիսկ երրորդ մը…

Այդ վայրկեանին նշմարեցի երկու փոքրիկ աղջիկներ, որոնք ձեռք ձեռքի ինծի կը մօտենային: Անոնցմէ մէկը Անիքոնն էր, Աբրահամեաններու պզտիկ քոյրը: Լուռ եւ հնազանդ, կանաչ խոշոր եւ խօսուն աչքերով թշեղ դէմքով քաղաքավար այդ 4-5 տարեկան աղջնակը, իսկ միւսը իր ընկերուհին էր` Հռիփսիմէն: Անիքոն մօտեցաւ եւ իր քնքուշ ու մեղմ ձայնով յայտնեց, թէ Հռիփսիմէն տիպ չէր ստացած:

Այս փոքրիկը ապշեցուց զիս: Մինչ բոլորը կը ցանկային ունենալ երկրորդ եւ երրորդ տիպ, Անիքոն կը մտածէր իր ընկերուհիին մասին, որ տակաւին տիպ չէր ստացած:

…Աբրահամեանները օրէ օր ուշադրութիւնս կը գրաւէին:

Անոնք բազմազաւակ ընտանիք մըն էին, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ  բաւական խեղճ պայմաններու մէջ ապրին, մանաւանդ որ անոնց հայրը հազիւ օրուան ապրուստը կրնար ապահովել` նկատի ունենալով, որ բերքն ալ միշտ լաւ չէր ըլլար, եւ երբեմն վիճակը կը դարձնէր աւելի վատ: Հակառակ այս բոլորին` Աբրահամեանները միշտ ժպտուն, ուրախ եւ գոհունակ էին: Ամէնէն չնչին բաներն անգամ անոնց ուրախութիւն կը պատճառէին:

… Օր մը Անիքոն ներկայ չէր ճամբարին: Ընկերուհիները յայտնեցին, թէ անոր կօշիկները «պոկուած էին» եւ այդ պատճառով չէր կրցած գալ: Անոր քոյրերն ու եղբայրները բնաւ չգանգատեցան. իրենց ցաւը չյայտնեցին: Մնացին ժպտադէմ եւ միշտ լաւատես: Անիքոյին երկու քոյրերը` Վարդուհին եւ Սոնան, չարքաշ արցախցիի նկարագիրը կը մարմնաւորէին: Անոնք միշտ պատրաստ էին մեզի օգնելու: Գրասեղաններն ու աթոռները կը շտկէին, մեզի կ՛օգնէին դասարանները մաքրելու եւ հաւաքելու: Ուշի ուշով մտիկ կ՛ընէին ՀՅԴ պատմութեան մասին դասախօսութիւնները, շատ արագ կ՛ըմբռնէին տրուած գիտելիքներն ու երգերը: Կը սիրէին զարգացումը, երգն ու պարը: Ամէնէն կոկիկ եւ ամէնէն գեղեցիկ ձեռային աշխատանքները կը պատրաստէին:

Անոնց փոքր եղբայրը` Աբրահամը, իր կարճ հասակով եւ նիհար կազմով, սակայն հաստ ձայնով միշտ խանդավառ կը պահէր մթնոլորտը: Դասապահերու աւարտին, երբ արդէն մեկնելու ժամը կ՛ըլլար, ան մեզմէ կը խնդրէր, որ գրենք դասապահի ընթացքին երգուած յեղափոխական երգերուն բառերը, որ իրեն հետ տուն տանի շարունակէ երգել եւ ճամբարի աւարտին ան լաւապէս հարստացուցած էր իր երգի պաշարը:

Աբրահամեանները եւ անոնց նման փոքրիկներ Արցախի ապագայ սերունդն են: Անոնց երեխայի աշխարհը տարբեր էր շատ մը փոքրիկներու աշխարհէն: Անոնք չունին գեղեցիկ եւ նորաձեւութեան համաձայն հագուստներ կամ բջիջայիններու վերջին տարբերակներ: Ընդհանրապէս չունին համակարգիչ եւ համացանցի դրութիւն: Անոնց զբաղումները սահմանափակուած են գիրք կարդալով, զրուցելով, ազգագրական պարեր պարելով, երգելով, գետ այցելելով, ծնողքին օգնելով արտերը ցանելու եւ հնձելու ժամանակ:

Այս գանձն էր, որ կարելիութիւնը ունէիր տեսնելու Արցախի երեխային մտային եւ հոգեկան աշխարհին մէջ: Կեանքը պարզ էր, այո՛, բայց նաեւ լեցուն  բարձունքներով եւ հայրենասիրութեան վեհ զգացումներով:

… Ցաւօք սրտի ճամբարը աւարտած էր: Յուզմունքով ձգեցինք Արցախը, սակայն վստահ էինք, որ անպայման պիտի վերադառնայինք իր մօտ: Ճամբայ ելած էինք Արցախէն հասնելու Հայաստան:

Կը շրջէինք Երեւանի շքեղ փողոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ կ՛ունենայինք Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներէն Կարօտի, Պետոյի ինչպէս նաեւ Հրաչ Մուրատեանի բնակարանները:

Հանդիպումի նախօրեակին կազմած էինք այդ կարծիքը, թէ ազատամարտիկներու ծնողներու հետ հանդիպումը պիտի ընթանար տխուր, ցաւալի եւ յուսալքուած մթնոլորտի մէջ: Սխալած էինք: Ազատամարտիկներու ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ հպարտ էր իր զաւկի գերագոյն զոհողութեամբ: Անոնց աչքերուն մէջ կ՛եռար յեղափոխութեան, ազատութեան, հայրենասիրութեան աննկարագրելի զգացումները:

Ահաւասիկ դրոշմուած էր մտքիս մէջ Կարօտի հօր խօսքերը. «Օտարի համար չ՛արժեր քար քարի վրայ դնել, հայրենիք կու գամ, հոս կ՛աշխատիմ, նոյնիսկ կը նահատակուիմ, աւելի պատուաւոր է»:

… Ճամբարէն վերադարձած էինք:

Մեր գործուղումը յաջող աւարտ ունեցած էր:

Արցախը անգամ մը եւս եկած էր ամրապնդելու եւ շեշտելու  այդ համոզումը, որ ինք միշտ կը սպասէ համայն հայութեան այցելութեան եւ բնակչութեան` իր բարեբեր հողին վրայ: Այդ հողը, որուն վրայ մարդկային յարաբերութիւնները գնահատուած եւ յարգուած են, այդ հողը, ուր իւրաքանչիւր հայ անհատի կը յիշեցնէ, որ առանց Արցախի անկարելի է հայութեան գոյատեւումը, որովհետեւ ան միշտ պիտի կատարէ ներշնչողի եւ ազատագրողի դերը համայն հայութեան համար:

«Դէպի Երկիր» Գործուղումները Ինչո՞ւ Կարեւոր Են Եւ Ի՞նչ Ձեւով Կրնան Ազդել Գործուղուող ԶՈՄ-ականին Եւ Ճամբարներուն Մասնակցող Պատանիին Վրայ
«Դէպի Երկիր» գործուղումները կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կու տան սփիւռքահայուն` ապրելու հայրենիքի մէջ, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, որ կը պտտի Երեւանի լաւագոյն ճաշարանները եւ կը մնայ լաւագոյն պանդոկներուն մէջ: Գործուղուողը կ՛ապրի Արցախ, գիւղի մը մէջ, որ ոչ անպայման լաւագոյն գիւղն է. ընդհակառակը, հոն կրնան ըլլալ ջուրի, գործի, սննդամթերքի դժուարութիւններ: Գործուղուող ԶՈՄ-ականը կ՛ապրի հայ գիւղացիի մը կեանքը, կ՛ապրի Արցախի ժողովուրդին պէս, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նեղ պայմաններուն եւ անապահովութեան` տակաւին կը տոկայ, տակաւին կ՛աշխատի եւ վառ կը պահէ ապրելու իր տենչը: Ասոր դիմաց, սփիւռքահայը, որ ամէն ինչ ունի իր կեանքին մէջ, անգամ մը եւս արժէքը կը գիտնայ իր ունեցածին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իր եղբայրներուն, որոնք ճիգ կը թափեն գոյատեւելու հայրենիքի մէջ:

Ուրեմն գործուղուողը աւելի մօտէն պիտի ծանօթանայ հայրենիքին եւ հայրենիքի մէջ ապրող հայերուն, եւ այս մէկը շատ բան կը փոխէ իր մէջ: Ընդհանրապէս այնպէս մը եղած է, որ գործուղուողը յաճախ ուզած է վերադառնալ հայրենիք` կա՛մ կրկին գործուղումի համար, կա՛մ անձնական միջոցներով, կա՛մ ալ կազմակերպութիւններու ճամբով: Եթէ իմ գործուղումիս պարագան առնենք, տարիներէ ի վեր Բերձորի մէջ այսպիսի ամառնային դպրոց մը չէր կազմակերպուած. արդէն այդտեղ երեխաները ընդհանրապէս խաղալու կամ այլ ժամանցի միջոցներ շատ չունին, ուրեմն իրենց համար մեծ ուրախութիւն է, որ սփիւռքահայը իրենց համար եկած է եւ այսպիսի աշխատանքներ կազմակերպած է: Արդէն երեխաներուն ծնողները, ինչպէս նաեւ դպրոցին պատասխանատուները մէկ անգամէ աւելի շնորհակալութիւն յայտնեցին մեզի եւ այնքան ուրախ էին, որ այլեւս իրենց մանուկները փողոցները պիտի չթափառին, այլ դպրոց պիտի գան սորվելու, երգելու, պարելու եւ խմբային աշխատանքներու մասնակցելու: Այս գործուղումը առիթ կու տայ նաեւ այդտեղի երեխաներուն, որ ծանօթանան մեզի եւ գիտնան, թէ միայն մէկ տեսակ հայ չկայ. բերձորցիին, հայաստանցիին կողքին կայ նաեւ սփիւռքահայը. անոնք գիտցան նաեւ, որ սփիւռքը տարբեր երկիրներու ամբողջութիւնն է, եւ բոլոր երկիրներուն մէջ կան հայեր, որոնք պատրաստ են իրենց օգնելու բոլոր միջոցներով:

ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

Տասներորդ տարին ըլլալով ԶՈՄ-ը կը կազմակերպէ գործուղումներ: Այս տարի Արցախ գործուղուելէն բացի, ընկերները Հայաստան ալ գործուղուեցան: Այս գործուղումները շատ կարեւոր են, որովհետեւ առիթ կը ստեղծեն, որ արցախցին կամ հայաստանցին եւ ԶՈՄ-ականը իրարու ծանօթանան, գիտնան իրարու մտածելակերպերը եւ գիտնան, թէ ի՛նչ կրնան աւելցնել իրարու կեանքին մէջ: Գործուղուող ընկերը մօտաւորապէս երկու շաբաթ արցախցիին պէս կ՛ապրի, անոր դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ:

ԶՈՄ-ականը, որ քաղաքի կեանքին վարժ է, հոն կը տեսնէ, որ ամէն ինչ դիւրին չէ: Հոն գործէն կամ դպրոցէն ետք երիտասարդը շատ բան չունի ընելիք. ժամանցի առիթներ չկան Արցախի մէջ: Գործուղուող ընկերը կը փորձէ կարելի եղած չափով ուրախացնել արցախցի մանուկները, կը փոխէ անոնց առօրեան, որովհետեւ անոնք կը սպասեն այսպիսի առիթի մը: Կարելի է նշել, որ անոնք ամէնէն փոքր բանով իսկ կ՛ուրախանան: Գործուղումը առիթ կը ստեղծէ ԶՈՄ-ականին` կապ հաստատելու հայրենիքին եւ այդտեղի բնակչութեան հետ: Ես առաջին անգամ ըլլալով գացի Արցախ, եւ հողը շատ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս: Անպայման կրկին կ՛ուզեմ այցելել Արցախ, մանաւանդ` իմ գործուղուած վայրս եւ տեսնել, թէ բան մը կրցա՞յ փոխել այդտեղի մանուկներուն մէջ: Այդտեղի մանուկերը շատ հետաքրքրուած են մեզմով. կը զգան, որ չեն անտեսուած եւ կը գիտակցին, որ սփիւռքահայը հետաքրքրուած է իրենցմով: Անոնք նաեւ փափաք յայտնեցին, որ սփիւռքահայերը միշտ այցելեն Արցախ եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ հաստատուին հոն: Կ՛ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ Բերձոր երթալովս ծանօթացայ տիպար, բարոյականի տէր եւ շատ օրինակելի դաշնակցականի մը եւ շատ հպարտ եմ այս ծանօթացումով:

Յ. Ն.

«Դէպի Երկիր» գործուղումներուն կարեւորութիւնը առաջին հերթին սփիւռքահայ երիտասարդին եւ արցախցի կամ հայաստանցի պատանիին միջեւ կապի հաստատումն է, մանաւանդ ուղղակիօրէն շփում ունենալն է:

Հայաստան բնակող մեր հայրենակիցները, մանաւանդ պատանիները, դժուարութիւն ունին հասկնալու, թէ ինչո՛ւ հազարաւոր հայեր կ՛ապրին Հայաստանէն դուրս: Այսպիսի հարցումներ շատ կը հարցուին ճամբարի ընթացքին, եւ միակ պատասխանելու ձեւը, որ պատանին կը գոհացնէ, ուղղակիօրէն բացատրութիւնն է գործուղուող սփիւռքահայ երիտասարդին կողմէ, որովհետեւ պատանին որքան ալ պատկերասփիւռ դիտէ կամ թերթ կարդայ, շօշափելի փաստը ա՛լ աւելի կ՛ազդէ իր վրայ:

Պատմութեան պահերուն տասնեակ հարցեր կու տային ինծի, օրինակ` արդեօք ծնողներս հա՞յ են, արդեօք հայկակա՞ն վարժարան յաճախած եմ, թէ՞ օտար, ծնողքիս հետ տան մէջ հայերէ՞ն կը խօսիմ, թէ՞ օտար լեզու, ծնողներս ինչպէ՞ս իւրացուցած են հայերէնը, ունի՞մ շատ հայ ընկերներ, ո՞ր երկիրը կը սիրեմ աւելի, Հայաստա՞ն, թէ՞ Լիբանան, կ՛ուզե՞մ Հայաստան հաստատուիլ եւ այլն. արդէն ճամբարը եւ գործուղուողները ինքնին այս  հարցումներուն պատասխանը կը կազմեն` բացատրելով, որ մենք ալ նոյնքան հայ ենք, մենք ալ կը խօսինք հայերէն մեր տուներէն ներս եւ դուրս, նոյնիսկ եթէ մեր խօսածը արեւմտահայերէն է. մենք ալ իբրեւ սփիւռքահայ` կը սիրենք Հայաստանն ու Արցախը, մենք ալ մասնակցած ենք արցախեան պատերազմին եւ ունեցած ենք նահատակ ընկերներ` Վիգէնին ու Մհերին նման: Անոնց բացատրեցինք Ցեղասպանութեան մասին. բացատրեցինք, որ սփիւռքահայը չէ արտագաղթած գործի կամ ուսման պատճառով, այլ թուրքին սուրին տակ իյնալով, քալելով Հայաստանէն հասած է Տէր Զօր, Սուրիա, ապա Լիբանան եւ տարածուած` աշխարհի չորս կողմը: Այս պատասխանները արդէն բաւական գոհացուցիչ կ՛ըլլան պատանիին համար` փաստելու սփիւռքահային հայրենասէր ըլլալը:

Իբրեւ գործուղուող` ես շատ բան սորվեցայ այս գործուղումէն. օրինակ` 9 տարեկան պատանիին` Լութֆիկին հայրենասէր ըլլալը. երբ զբօսանքի պահուն կը տողանցէր զինուորի մը պէս, անոր հարցուցի. «Կ՛ուզե՞ս բանակ երթալ, երբ մեծնաս». անոր պատասխանը եղաւ. «Բա ի՞նչ, մենք պիտի ծառայենք, որ մեր մայրերն ու տատիկները հանգիստ քնեն»: Պահ մը լուռ, աչքերս ջրոտած, բերանս բաց` սառեցայ, ուզեցի գրկել ու համբուրել Լութֆիկը. երբ Լիբանան վերադարձայ, այս էր առաջին դէպքը, որուն մասին պատմեցի պատանիներուն:

Չէի գիտեր, թէ Հայաստանի պատանիները իսկապէս կը սիրեն սփիւռքահայը, մինչեւ այն ատեն որ միամտօրէն մօտ 10 անգամէ աւելի ըսին «Հաւաքեցէ՛ք ձեր ընկերները եւ եկէ՛ք Հայաստան. մենք ձեզ կու տանք մեր տուներն ու  անկողինները. հոս կ՛աշխատիք եւ կ՛ուսանիք»:

ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Անյայտ կորսուած արցախեան ազատամարտիկ Կարօտ Մկրտչեանին մասին տեսերիզ մը դիտելէն ետք 11 տարեկան Մանէն կը մօտենայ եւ երկար մտածելէ ետք կը հարցնէ.

«- Ընկե՛ր Արեւիկ, Կարօտը 1864-ի՞ն էր ծնուել, թէ՞ 1964-ին:

– 1964-ին:

– Ուրեմն հիմա 50 տարեկան կը լինի:

– Այո՛:

– Դէ՛, գնանք, մա՛ն գանք (ըսել կ՛ուզէ` «երթանք զինք փնտռենք»):

– (ժպիտ)»:

Այս եւ նման դէպքեր են, որ գործուղումի երկու շաբթուան ընթացքին կը լեցնեն սիրտդ: Որքան ալ մանր թուին անոնք, իրապէս հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կու տան քեզի եւ կը դառնան գործուղումէն ծագած բազմաթիւ միւս պատճառներէն մէկը, որ քեզ կը մղեն դարձեալ երթալու Հայաստան եւ հաղորդակցելու տեղի ժողովուրդին հետ, մոռնալու զբօսաշրջական Հայաստանը, ցուցափեղկ Երեւանը, եւ հետաքրքրուելու ապրող ժողովուրդով, անոնց մշակոյթով, առօրեայով: Բնականաբար տեսարժան վայրերը տեսնելը, համով կամ անհամ ճաշերը ուտելը, յուշանուէրներ գնելը իրենց դերը ունին հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման մէջ: Բայց այդ կապը կը մնայ մակերեսային, եթէ առօրեայ կեանքին մէջ յարաբերութիւն չմշակուի, եթէ իրարու հասկնալու փորձեր չըլլան, եթէ իրարու կեանքերուն մէջ ներդրումներ չըլլան: Եւ այս բոլորին առիթն է, որ կու տան  «Դէպի Երկիր» ճամբարները:

ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Կովսականը` Այս Անգամ
ՍԱԼԲԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Քաշաթաղ, Կովսական… 2012 թուականէն առաջ այս վայրերը հայրենի հողէն, արծուեբոյն Արցախէն պարզապէս շրջաններու անուններ էին, բայց հիմա անոնք ենթագիտակցութեանս, մտքիս ու առօրեային մէջ ունին հսկայ տեղ:

Քաշաթաղը իր լեռնային վայրի բնութեամբ, քարքարոտ անհասանելի ճամբաներով ապրելու տարրական դիւրութիւնները չունենալով հանդերձ, հայրենիքէն հեռու բնակողի մը հոգւոյն մէջ շատ արագ կ՛արթնցնէ պատկանելիութեան, նուիրումի, վերադառնալու եւ, ինչո՞ւ չէ, հաստատուելու մտածումները:

21 տարեկան Քաշաթաղը իր չափազանց դժուարութիւններով ճիգ չի խնայեր զարգանալու ու յառաջդիմելու: Այս մէկը զգալի էր նաեւ Կովսականի մէջ: Տուներու թիթեղեայ տանիքները փոխարինուած էին տոկուն քարերով, հիւանդանոցը նորոգուած էր, ունեցած էին մանկապարտէզ մը, գորգագործարան մը եւ երիտասարդական հաւաքավայր մը: Վերաբնակեցուողին համար Կովսական այլեւս սպասման վայր չէր, Կովսականը դարձած էր իր տունը, ամէն մարդ լծուած էր աշխատանքի, կարծէք բոլորին համար հասկնալի էր այլեւս այդ հողին կարեւորութիւնը:

Զգալի էր հողագործութեամբ զբաղողներուն թիւի աճը: Կովսականցին գիտէր այլեւս իր հողին արժէքը, հասկցած էր, թէ երբ մշակէր այդ հողը, պիտի վայելէր անոր բարիքները, անով պիտի ապահովէր ապրելու նպաստաւոր պայմանները, այդ հողին միջոցով պիտի ամրացնէր իր զաւակին սէրը հայրենիքին հանդէպ, իր մանուկը պիտի հասկնար, թէ հայրենիքը աղքատութիւն ըսել չէ, այդ հողին բարիքները երիտասարդին մտքէն պիտի շոգիացնէր օտար ափերու վրայ տուն շինելու, աշխատելու ու հոն հաստատուելու մոլութիւնը: Պիտի հասկնար, թէ հողը աշխատանքի կը կարօտի, հողը աշխատասէր  ձեռքերու կարիքը ունի, ու անտէր, չհերկուած ու չոր հողը ծիլ չի տար:

Կովսականը այս անգամ սրտիս աւելի մտերմիկ էր ու ջերմ, նաեւ` մտածումներուս ու երեւակայութեանս: Այս անգամուան այցելութիւնը յուսահատեցնող չէր, այդտեղ  պայքարն ու աշխատանքը կը տիրապետէր եւ ոչ` ծուլութիւնն ու յուսահատութիւն, այս անգամ, ընդհակառակը, կը համապատասխանէր նկարագրութիւններուն ու կարճ տեսերիզներուն, որոնցմով սփիւռքահայը կը յագեցնէ հայրենիքի կարօտի ծարաւը մինչեւ առաջին հանդիպում: Այս անգամ կը նմանէր գրութիւններուն մէջ յիշուած նկարագրութիւններուն: Այս անգամ գեղեցիկ էր, յուսադրիչ ու կեանքով լեցուն:

Այդ համեստ գիւղին մէջ կային ժպտուն դէմքեր, բաւարարուած հոգիներ, աւելի քան ուրիշ որեւէ մէկ տեղ:

Հոն երիտասարդը կը սպասէ ամբողջացնելու իր 18-րդ գարունը` ծառայելու համար բանակին, զայն կը ճամբէին քէֆով: Հայրենիքին համար զոհուիլը, թշնամիին փամփուշտին դէմ կենալը, մութ գիշերներուն սահմանները հսկելը քէֆ էր ու պատիւ իրենց համար: Վստահաբար քէֆ ու ուրախութիւն պիտի ըլլար հերոսներու արիւնով ոռոգուած հողին պաշտպանը ըլլալը ու անոր բնակիչներու խաղաղութիւնն ու ապահովութեան պատնէշ հանդիսանալը:

Շատ լաւ կը յիշեմ բոլորին զայրոյթը, երբ օգոստոս ամսուան ընթացքին թշնամին քանի մը  անգամ կրակած ու խախտած էր զինադադարը, բոլորը, մեծէն պզտիկ, պատրաստ էին սահման երթալու ու հայրենիքի համար իրենց կեանքերը նուիրելու. այդպէս էր իրենց մտածողութիւնը, այդ շունչով մեծցած էին, միշտ պատրաստ էին թշնամիին դէմ կենալու:

Այս անգամ տարբեր դիտանկիւնէ կը նայէի Կովսականին, փորձեցի բացատրութիւն գտնել անփոփոխ թերի կողմերուն: Հասկցայ, թէ Կովսականի կամ Քաշաթաղի որեւէ մէկ գիւղի ճամբաները անտեղի քարքարոտ չէին մնացած, այդ ճամբաները կարծես պիտի տաշէին երիտասարդին ոտքերը, որպէսզի մանկութենէն վարժուէր սահմանի դժուար բնութեան: Այդ թաղերը անտեղի առանց լուսաւորման ձգուած չէին, անոնք երիտասարդին պիտի պատրաստէին լուսնի լոյսով փամփուշտները փոխելու, ընկերոջը պաշտպան կենալու, ու թշնամիին հետքերը փնտռելու: Հասկնալի էր այս անգամ, թէ այդ հողին բնոյթը տարբեր էր, հայրենասէրներու ծնունդ կու տար, հայ քաջորդիներ կը կերտէր: Այդ հողը հերոսածին էր:

Մեր Խօսքը
ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ երեք տարիներէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ ուխտագնացութիւն` դէպի Արեւմտահայաստան: Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ բնակող դաշնակցական երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն մաս կազմող անհատներ առիթ կ՛ունենան շրջագայելու Արեւմտահայաստանի մէջ` անցնելով Կարսէն, Արտահանէն, Կարինէն, Համշէնէն: Այսպէս, դաշնակցական երիտասարդը առիթը կ՛ունենայ աւելի մօտէն ծանօթանալու իր հայրենիքին: Ընդհանրապէս երիտասարդը Արեւմտահայաստանը կը ճանչնայ Ռուբէնի, Համաստեղի, Դաշտենցի նկարագրութիւններէն, ան իր մտքին մէջ ունի երեւակայական եւ կարօտաբաղձ երկրի մը տպաւորութիւնը: Այս այցելութեամբ այս պատկերացումը կ՛առարկայանայ, կը դառնայ աւելի յստակ ու ամբողջական: Ուրեմն վերոյիշեալ ուխտագնացութեան կարեւորութիւններէն մէկն է ծանօթացում մեր այնքան երազած երկրին: Այսպէս, մեր նպատակներէն` միացեալ Հայաստանի կերտումը կը դառնայ աւելի յստակ եւ դուրս կու գայ պարզապէս իր երազային պարունակէն:

Երկրորդ կարեւորութիւնը կը կայանայ այնտեղի ծպտեալ հայերուն հետ շփման մէջ: Այսպէս, դաշնակցական երիտասարդը կը գիտակցի, որ երկրի մէջ կ՛ապրի հայութիւն մը, որ պայմաններու բերմամբ իրմէ տարբեր է: Ուխտագնացը հայերէն կը խօսի այդտեղի իր հայրենակիցներուն հետ, կը լսէ անոնց հարազատ երգը, կը պարէ անոնց հետ հայկական պարը: Այսպէս, ան կը գիտակցի այս շրջաններուն մէջ աշխատանքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան: Արդարեւ, ան կը տեսնէ մեծ թիւով հայութիւն, որ պատրաստ է վերադառնալու իր  արմատներուն եւ ինքնութեան: Երիտասարդը կը զգայ, թէ ան պէտք է գտնէ այսպիսի այլ թաքուն հայեր, օգնէ անոնց, որպէսզի վերադառնան իրենց ինքնութեան, յարաբերութիւններ մշակէ անոնց հետ:

Մենք քաջ կը գիտակցինք, թէ մեր Դատի յաջորդ հանգրուանի կեդրոնը պիտի ըլլան Թուրքիան եւ Արեւմտահայաստանը: Նոյնպէս կը գիտակցինք, թէ Արեւմտահայաստանի մէջ թաքուն հայերու գոյութիւնը ի նպաստ մեր Դատին է, անոնց վերադարձը դէպի ինքնութիւն` կը նշանակէ Արեւմտահայաստանի մէջ մեծ թիւով հայերու գոյութիւնը: Գիտենք, թէ դժուար է մտածել ազատագրել հող մը, եթէ անոր վրայ չկայ բնակչութիւն: Արեւմտահայերու գոյութիւնը կրնայ առաջին հանգրուանը ըլլալ միացեալ Հայաստանի մը գոյութեան: Արեւմտահայերու գոյութիւնը առիթ կու տայ Հայաստանին եւ սփիւռքին անոնց հետ յարաբերութիւններ եւ գործակցութիւններ մշակել յառաջիկայ տարիներուն, ասիկա ինքնաբերաբար կը նշանակէ` յարաբերութիւններ երկրին հետ: Ուրեմն մենք որպէս դաշնակցական երիտասարդութիւն եւ ուսանողութիւն,  այս ուխտագնացութիւններուն կողքին, անհրաժեշտութիւնը կը զգանք այլ աշխատանքներ ալ տանիլ Արեւմտահայաստանի թաքուն հայերուն հետ, լուրջ յարաբերութիւններու մէջ մտնել անոնց հետ, առարկայականօրէն քայլ մը առնել մեր նպատակներու իրագործման համար:

Արեւմտահայաստան Երթալու Ուղեցոյց
ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Արեւմտահայաստան եզրին շուրջ գոյութիւն ունեցող տրամադրութիւնները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, քան` Արեւմտահայաստանին ներկայ իրականութիւնը: Տարիներ շարունակ Արեւմտահայաստան հասկացողութեան բաղադրիչները կազմած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք անոր հայազուրկ ըլլալը, թրքական բռնատիրութեան տակ ըլլալուն պատճառով հոն երթալ մերժելը, ինչպէս նաեւ` հոն գացողները մերժելը, անշուշտ բաղադրիչներուն մաս կը կազմեն նաեւ այն աշխատանքները, որոնք կը հոսին հայապահպանման եւ հայակերտման ծովուն մէջ ու սփիւռքը կը պատրաստեն «երթալու» Արեւմտահայաստան` առանց իսկապէս երթալու:

Քանի մը տարիէ ի վեր եւ շնորհիւ Դաշնակցութեան` իր երիտասարդներուն տուած դիւրութեան, խումբ մը դաշնակցականներս կը մեկնինք Արեւմտահայաստան, իւրաքանչիւրս իր փնտռտուքներուն համար, ըլլայ ատիկա ուխտագնացութիւն, որոնում, ճանաչողական ուղեւորութիւն կամ այլ ձեւերու տակ կատարուած արեւմտահայաստանագնացութիւն: Բայց Արեւմտահայաստան երթալը վերոնշեալ ճամբորդութիւններու տեսակներէն անդին բան մըն է, ան ընթացք մըն է, որուն համար պէտք է պատրաստուիլ նախքան երթալ որոշելը:

Յաղթահարել «Ես»-ը

Արեւմտահայաստան երթալու համար նախ եւ առաջ հարկ է յաղթահարել մեր վրայ գերիշխող այն «ես»-ը, որ մէկ կողովի մէջ կը դնէ թրքական հետք ունեցող որեւէ բան` այս պարագային Արեւմտահայաստանին թրքական տիրապետութեան տակ ըլլալը: Այս «ես»-ը աւելի յստակ է Ցեղասպանութեան վերապրողներուն երկրորդ սերունդին մէջ, որ ականատես եղած է առաջին սերունդին հայրենաբաղձութեան եւ աքսորի անմիջական պատմութիւններ լսելով` շատ աւելի զգացած է անոնց արհաւիրքը, քան երրորդ կամ չորրորդ սերունդը: Լիբանանի մէջ այս գերիշխող «ես» ունեցող սերունդը ստիպուած եղած է կռուիլ հայութեան վտանգ հանդիսացող լիբանանեան պատերազմին ընթացքին ու նահատակ տուած է հայկական թաղերուն մէջ, ինչ որ պատճառ դարձած է անոնց մօտ հայապահպանման պայքարին մարմնացումին, քան` իմ սերնդակիցներուս մօտ: Ասկէ բացի, երկրորդ սերունդը ականատես եղած է թուրք դեսպաններու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններուն, Հայաստանի երկրորդ անկախացման ու Շուշիի ազատագրութեան: Այս բոլորը ամրապնդած է անոնց «ես»-ը եւ թրքական բռնատիրութեան տակ գտնուող Արեւմտահայաստան երթալը համազօր նկատած է անոնց անցագիրին մէջ թրքական կնիքի գոյութեան:

Նախքան Արեւմտահայաստան երթալը` պէտք է գիտնալ, որ Արեւմտահայաստանը թրքական կնիքէն աւելի գերակայ է եւ պէտք չէ արտօնել մելանի հետքերուն բռնատիրութիւնը եւ, հետեւաբար, Արեւմտահայաստանին հետ հաստատուելիք որեւէ կապ, քանի որ, որքան որ երկրորդ սերունդին մէջ ամրապնդուած ըլլայ Արեւմտահայաստանը, այդ իրականութիւնը ամբողջութեամբ անկարելի է տեսնել երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ:

Իսկ եթէ առանց յաղթահարելու մեր «ես»-ը` կ՛ուղղուինք դէպի ծննդավայր Երկիր, այդ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ եւ քանդիչ փորձառութիւն մը դառնալ, քան շինիչ, քանի որ մեզմէ պիտի խլէ հոն ըլլալու հաճոյքը: Այո՛, շատ հաճելի է Արեւմտահայաստանի մէջ ըլլալ եւ մեր կոթողներն ու հողերը տեսնելը, ոչ թէ անոր համար, որ աւերուած են, այլ անոր համար, որ մինչեւ հիմա երեւակայած ու կերտած մեր կապը կը մարմնաւորուի, մեզի ուժ կը ներշնչէ, եւ առիթ կը ստեղծէ իւրաքանչիւր քայլափոխի հետ մեր հայկականութիւնը նորոգելու: Եթէ պատրաստ չըլլանք յաղթահարելու մեր «ես»-ը, Արեւմտահայաստանը պիտի մնայ ըղձագին Երկիր ու անգամ մը եւս բռնատիրութեան դատապարտուած պիտի ըլլանք մեր Արեւմտահայաստանը, այս անգամ մեր ձեռքով:

Փորձել Ընկալել Եւ Հասկնալ

Յաղթահարելէ ետք մեր «ես»-ը, Արեւմտահայաստան պէտք է երթանք պատրաստ ըլլալու` տեսնելու անոր կրած փոփոխութիւնները, որուն ընթացքին մենք կը փորձէինք սփիւռքի մէջ կազմաւորուիլ, հոն երթալու պատրաստուելու:

Արեւմտահայաստան երթալը կ՛ակնկալէ որոշ չափով համբերատարութիւն, քանի որ պղծուած պիտի տեսնենք ամէն բան, որ սուրբ էր. հետեւաբար առաջին հերթին պէտք է գիտնանք Թուրքիոյ պետութեան հիմնադրութեան տարիները, որոնք առաւելաբար եւ ուղղակիօրէն ազդեցութիւն ունին Արեւմտահայաստանի ներկայ կացութեան: Այս գիտութիւնը մեզի առիթ պիտի ընծայէ քննական աչքով մօտենալու կոթողներուն եւ հողին վրայ կատարուած փոփոխութիւններուն: Արեւմտահայաստան երթալը նաեւ ընկալումն է այդ հողատարածքին մէջ տեղի ունեցած  փոփոխութիւններուն ընթացքին: Անշուշտ կարեւոր է Անիի մայր տաճարին մէջ աղօթելը, բայց նաեւ կարեւոր է հասկնալ Անիի մայր տաճարին մէջ Տեվլեթ Պահչելիներուն նամազ կատարելուն պատճառը: Հարկ է բաց միտք ունենալ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վայրին շուրջ բնակող ցեղախումբերուն նկատմամբ, որպէսզի ըմբռնենք անոնց` մեզի խաչքար ծախել փորձելու կամ շինարարութեան մէջ գործածուած խաչքարներուն վայրերը ցոյց տալուն պատճառը: Զգո՛ւշ, չշփոթենք ընկալումը իրողութեան յանձնուելուն հետ: Կրնանք լակոտ անուանել զանոնք, բայց պէտք է մտածենք նաեւ պայքարի աւելի ազդու ձեւերու մասին: Երբ Համշէն երթանք, պէտք չունինք անոնց հայկական ինքնութեան մասին պնդումներ կատարելու, այլ նախընտրաբար ժամանակ անցընենք անոնց հետ խօսելով ու լեզուներուն մէջ զուգահեռներ գտնելով: Համշէնը գեղեցիկ է իր լեռներով, անպայման պէտք է դիտենք անոնց թէյի լեռներուն կախարդանքը:

Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է ժամանակ տրամադրենք նաեւ մեր շուրջը անձայն դիտելու` մեր հոգիներով, ու խորհրդածելու, քանի որ այն կարճ ժամանակը, որ մեզի պիտի տրուի հողին վրայ կանգնելու, աննախընթաց է ու անկրկնելի: Ժամանակ պէտք չէ վատնել տխրութեան մէջ, այլ` վերանորոգման ու հողին ուժին ընկալման: Միայն այս ձեւով պիտի կարենանք վերադառնալէ ետք հասկնալ մեր տանելիք աշխատանքին կշիռը:

Սահման Անցնիլ

Արեւմտահայաստան երթալու համար սահման պիտի կտրենք: Պէտք է պատրաստ ըլլանք կտրելու աւելի քան մէկ սահման: Անցնելէ ետք քարտեսային սահմանները, հարկ է կտրել նաեւ մեր ներքին սահմանները ու հոն դրոշմուած կնիքները: Նախընտրաբար, նախքան Արեւմտահայաստան երթալը, սորվի՛նք անոր լեզուն եւ այդ լեզուով հաղորդակցինք անոր ներկայի ժողովուրդին հետ: Այս մէկը կարեւոր է, որպէսզի մեր միտքերուն մէջ հողատարածքը չմնայ ամայի վայրեր, քանի որ այդպէս չէ: Յանձնարարելի է պատրաստ ըլլալ մեզի մօտեցող տեղացիներուն մեր ըսելիքներուն մէջ: Պէտք է խուսափիլ կռիւէ, քանի որ բուն կռիւը այդ տեղացիներուն հետ հոն տեղի պիտի չունենայ:  Զինուած պէտք է ըլլալ միայն գիտելիքներով, որ թէեւ քաղաքական աշխարհի մէջ շատ մեծ ազդեցութիւն չի փաստեր, բայց անձնական կեանքի մէջ գերագոյն զէնքն է: Կարելի է նաեւ նախաձեռնել տեղացիներուն հետ հաղորդակցութիւն մշակելու եւ այդ պէտք է կատարել անոնց աչքերուն մէջ նայելով ու ժպիտով` պարզապէս փաստելու համար մեր յապաղած ներկայութիւնը: Արեւմտահայաստանի մէջ պէտք է անցնիլ նաեւ ժամանակային սահմանները, քանի որ այդ հողին տակը թաղուած է անցեալը, բայց անոր վրան կը քալէ ապագան:

Նախքան Արեւմտահայաստան երթալը պէտք է հասկնալ, որ Արեւմտահայաստանը միայն հարիւրամեակ չէ՛, միայն Թուրքիա չէ՛, միայն պահանջատիրութիւն կամ ուիլսընեան քարտես չէ՛, այլ ընթացք մըն է, որ ոեւէ հայ դուրս կը հանէ թուայնացած ամէնօրեայ հանգիստ կեանքէն ու պատճառ կը դառնայ նոր աչքով նայելու սփիւռքին եւ Հայաստանին:

Արեւմտահայաստանը մեր ծննդեան իրաւունքն է. թէ՛ վերադարձ է, թէ՛ երթալ է:

Արեւմտահայաստանը` Հայկական Հարցի Լուծում
ՎԱՉԷ Վ. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Եւ Մենք Հասանք Արտահան…

Անիի միւս կողմը Հայաստան

Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ շրջակայքը

24 յուլիս 2014-ին ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնած «Դէպի Արեւմտահայաստան» երթին հետ առաջին անգամ ըլլալով մտայ Արեւմտեան Հայաստան:

Պատմական Հայաստան, գրաւուած հողեր, Սեւրի Հայաստան… Այս զանազան անուններով ճանչցուած հողատարածքը առասպելական վայր մը դարձած է հայ ժողովուրդին համար` ըլլալով հայ ազգին ծննդավայրը: Յաճախած ըլլալով հայկական վարժարան, ապա անդամակցելով Զաւարեան ուսանողական միութեան, Երկիրը միշտ եղած է այն անմատչելի վայրը, ուր կ՛ուզէի վերադառնալ, բայց այս ցանկութիւնը անիրականանալի կը թուէր: Երբ դէպի Արեւմտահայաստան երթալու առաջարկը ներկայացուեցաւ, բաւական տատամսելէ  եւ նախապէս այս երթին մասնակցած ընկերներու հետ խօսելէ ետք էր միայն, որ որոշեցի մասնակցիլ այս ծրագիրին:

Մինչեւ 17-րդ դար Հայկական Բարձրաւանդակը եղած է գրեթէ ամբողջովին հայաբնակ: Ներկայիս այնտեղ բացարձակ մեծամասնութիւն կազմող քիւրտերը բնակութիւն սկսած են հաստատել միայն օսմանեան պետութեան քաջալերանքով, խրախուսմամբ եւ տեղւոյն հայերու իրաւունքներու ոտնահարմամբ: Օսմանեան տիրապետութեան ամբողջ տեւողութեան հայ ազգին պարտադրուած ծանր պայմանները, համիտեան հալածանքները, զանազան կոտորածները, 1915-1923  Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ, վերջապէս, քեմալական հանրապետութեան պարտադրած կրօնական եւ ազգային ծանր սեղմումները հայ ազգը դարձուցին եւ պահեցին թափառաշրջիկ եւ աշխարհասփիւռ` զրկուած իր ամբողջական մայր հայրենիքէն, ենթակայ ձուլման եւ անհետացման` ահաւասիկ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի շեմին: Այժմ հայ ազգը անտեսելով իր արմատէն` Արեւմտահայաստանէն զրկուած ըլլալու վտանգը, զրկուած այն վայրէն, ուրկէ ծնունդ առած են հայ ազգի ներկայ դիմագիծը ձեւաւորած ժողովուրդները, ինչպէս` Հայասայի, Ուրարտուի եւ Նայիրիի ժողովուրդները, օրէ օր կը կորսնցնէ իր ազգային առանձնայատկութիւնները, ինչ որ անխուսափելիօրէն պիտի յանգի հայ ազգի արեւմտեան թեւի ոչնչացման եւ Երիտասարդ Թուրքերու ծրագրի իրականացման: Ներկայիս հայ ազգը աւելի կը հետապնդէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այս կամ այն «մեծ տէրութեան» կողմէ, քան ցեղասպանութեան ստեղծած վիճակի սրբագրումը` Հայաստանի արեւմտեան հատուածի վերադարձը կամ Հայաստանի պետականութեան քաղաքական եւ տնտեսական հզօրացումը, հայ ազգի համախմբումը եւ ապահովութեան հաստատումը նոյնինքն ներկայ եւ ապա միացեալ Հայաստանի հողին վրայ:

Վերոյիշեալ Հայկական հարցը Պերլինի վեհաժողովէն այսօր որեւէ վերջնական լուծումի չէ յանգած: Այս հարցը վերջնական լուծման կրնայ յանգիլ միայն անբողջ հայ ազգի համագործակցութեամբ: Հայ ազգի անբաժանելի մաս կը կազմեն այն զանգուածային թիւով հայերը, որոնք մինչեւ հիմա իսլամացած կամ թաքնուած կ՛ապրին Արեւմտահայաստանի տարածքին վրայ, ինչպէս` Տէրսիմի եւ Համշէնի հայութիւնը: Թուրք կառավարութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար փոխհատուցման գործընթացը կրնայ դիւրանալ եւ արագանալ, երբ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մէջ բարձրանայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն թիւը: Այդ քարոզարշաւը կարելի կը դառնայ միայն Թուրքիոյ ներքին տարրերու օգտագործմամբ, որովհետեւ որեւէ արտաքին քարոզարշաւ կրնայ խորթ եւ թշնամական թուիլ թուրք ժողովուրդին: Ընկերային ցանցերը եւ արտաքին հայկական քարոզչութիւնը առանձին` չեն կրնար ամբողջ Թուրքիան համոզել ընդունելու Ցեղասպանութեան իրողութեան փաստը, ահա իբրեւ ապացոյց ունենալով վերջին 50 տարիներու աշխատանքը, որ կրցած է արթնցնել միայն ափ մը թուրքեր: Այդ գործը կրնայ ամէնէն արդիւնաբեր կերպով կատարուիլ միայն ներքին` «թրքական» տարրերու օժանդակութեամբ: Այն տարրերը, որոնք կրնան ամենալաւ օժանդակութիւնը ցուցաբերել Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին վրայ ապրող հայերն են: Անոնք են, որոնք կրելով թրքական անուններ եւ ըլլալով Թուրքիոյ քաղաքացի (ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան` թուրք)` կրնան Թուրքիոյ մէջ տարածել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այդպիսով յառաջ տանելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պէտք եղած աշխատանքը: Անոնք այս գործը յառաջ կրնան տանիլ միայն յարաբերութիւններ հաստատելով Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան հետ, որուն իբրեւ արդիւնք` անոնց մէջ դիւրութեամբ կ՛արթննայ ահա մօտ 100 տարիէ հալածանքի եւ ճնշման ենթարկուած հայկական ոգին, որ թերեւս քնացած է, բայց տակաւին չէ մեռած: Այդ յարաբերութիւնները կրնան հաստատուիլ, միայն երբ հայեր երթան ու այցելեն Արեւմտահայաստան եւ տարբեր ձեւերով յարաբերութիւններ հաստատեն անոնց հետ:

Արեւմտահայաստան այցելելով` հայ մը կը նորոգէ կապը իր արմատներուն հետ, ամրապնդելով իր հայկականութիւնը եւ հեռացնելով ձուլման վտանգը: Արեւմտահայաստանի կոթողները այցելելով է, որ կրնանք ունենալ անոնց ժամանակակից վիճակի պատկերացում եւ կանխել որեւէ փորձ թուրք կառավարութեան կողմէ քանդելու այդ կոթողները. եւ ընդհակառակը, այնտեղ այցելելով` կրնանք տեղի ժողովուրդին մէջ ցանկութիւնը արթնցնել վերանորոգելու կամ պահպանելու այդ կոթողները, անուղղակիօրէն հայկական պահելով Արեւմտահայաստանը: Արեւմտահայաստանի հայութեան այցելելով է, որ կրնանք անոնց մէջ կրկին արթնցնել եւ պահպանել Հայկական ոգին եւ խրախուսել Հայկական հարցի լուծման համար անոնց աշխատելու պատրաստակամութիւնը:

Անպայման պէտք է ազգովին յիշենք եւ վերյիշենք, որ Արեւմտահայաստանը, թէկուզ` ներկայիս ոչ հայկական, կորսուած չէ: Ան կը պահէ որոշ հայկական դիմագիծ եւ հայ բնակչութիւն, որ կրնայ մեծապէս օժանդակել Հայ դատի լուծման: Բոլորս նաեւ պէտք է անդրադառնանք, որ Արեւմտահայաստանով եւ անոր կորուստով սկսած հայկական հարցը կրնայ միայն լուծուիլ Արեւմտահայաստանի վերադարձով, Արտաշէս Ա.ի երազի իրականացմամբ` մէկ ազգ մէկ միացեալ հայրենիքի մէջ:

Բերձորի Լեռներուն Հետ
ԱՆԻ

Երբ «Արցախ» լսեմ, աչքերուս առջեւ անմիջապէս կը գծուին Բերձորի լեռները, որոնցմով հմայուած մնացի: Անոնց մէջ անցուցի մօտ տասնվեց օր. արկածախնդրական, հաճելի տասնվեց օր:

Երբ «Արցախ» լսեմ, կը յիշեմ ընկեր Սամուէլին գիշերօթիկին մանուկները, որոնք փոշիներուն մէջ ֆութպոլ խաղալով կը գտնէին իրենց երջանկութիւնը:

Բերձորի մէջ պարզ էր կեանքը. չկային ժամանցի յատուկ վայրեր, լայնատարած խաղավայրեր ու ճաշարաններ, այլ` միայն երկու դպրոց, եկեղեցի մը, դրամատուն մը եւ հրապարակը` իր քանի մը սրճարաններով:

Բերձորի լեռներուն հետ հոգեկան հանգստութիւն մը կարելի է գտնել. անոնց գեղեցկութեան, անոնց անդորրութեան, անոնց հրաշքին առջեւ կարելի է վայելել կեանքը:

Այդտեղ բնութեան հետ հաշտ կ՛ապրին. լեռներու մէջէն փորուած ճամբաները, ծառերուն մէջ շինուած տուները արդէն կը փաստեն, որ հոն մարդն ու բնութիւնը կը մնան անբաժան. ըստ իս, այս է, որ հոգեկան հանգստութիւն կը շնորհէ հոն ապրողին, սակայն միաժամանակ ֆիզիքական վտանգ մը գոյութիւն ունի: Բերձորը իր ռազմավարական եւ քաղաքական կարեւոր դիրքով կը հանդիսանայ ազերիին առաջնահերթ թիրախներէն մէկը: Բերձորի խաղաղութեան մէջ պատերազմի վտանգը միշտ ներկայ է. արդէն Արցախ-Ազրպէյճան սահմանային բախումները բազմաթիւ զոհեր կը պատճառեն: Կամաւորներ, ըլլան Բերձորէն, թէ Արցախի միւս շրջաններէն կ՛ուղղուին դէպի սահման` պաշտպանելու իրենց հայրենիքը: Արդէն այդ պատճառով ալ, երբ Բերձորի մէջ քալէինք, կը նկատէինք, որ բնակիչներուն մեծ մասը երեխաներ էին, ծերեր կամ կիներ: Երիտասարդները բանակ գացած կ՛ըլլային:

Այս բոլորը մտածել կու տան Արցախ հաստատուելու մասին: Այդքան մեծ տարածքի վրայ այդքան քիչ բնակչութիւն գոյութիւն ունի… այս է ամէնէն մեծ վտանգը հողի մը պաշտպանութեան: Դժուար է հող մը պահել առանց բնակչութեան: Ուրեմն ամէնէն տրամաբանական լուծումներէն մէկը Արցախի բնակչութիւնը բազմացնելն է` այդտեղ հաստատուելով:

Բայց ինչպէ՞ս ապրիլ հոն…

Առնենք Բերձորի օրինակը. ինչպէ՞ս ապրիլ հոն, ուր օրերով ջուր կամ հաց չ՛ըլլար. հոն, ուր գրեթէ գործ չկայ: Ինչպէ՞ս սփիւռքահայը, որ ընդհանրապէս վարժ է քաղաքի կեանքին եւ լաւ պայմաններու,  պիտի մտածէ հաստատուիլ Բերձոր…

Այս յօդուածով պիտի չփորձեմ համոզել, որ սփիւռքահայը պէտք է զոհէ ամէն ինչ Արցախ հաստատուելու համար, որովհետեւ այդպիսի որոշում մը ամէն մարդ իր համոզմունքով կը կայացնէ: Սակայն կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ կեանքի մէջ կ՛արժէ գոնէ նուազագոյնը մէկ անգամ երթալ Արցախ, ապրիլ հայրենի հողին վրայ, ծանօթանալ այդտեղի բնակչութեան եւ տեսնել, թէ նիւթական օժանդակութիւնները ի՛նչ նպատակի կը ծառայեն…

Այսպիսով է, որ սփիւռք-Արցախ կապերը օրէ օրէ կը զօրանան: Այսպիսով է, որ կը հասկնանք Արցախի կարեւորութիւնը: Այսպիսով է, որ կը գիտնանք մեր հողերուն արժէքը:

Մեր Կովսականը
ՍԱԳՕ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Արցախի մէջ արդէն յաճախ տեղի ունեցող երեւոյթ մըն է. երիտասարդ տղամարդը 2 տարի բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ զինուորական ծառայութիւնը աւարտած, եւ անոր հարազատները ուրախութեամբ կը դիմաւորեն զայն: Բայց այս անգամ ուրախութիւնը աւելի մեծ էր. 2 տարուան բացակայութենէ ետք, ԶՈՄ-ն էր, որ կը վերադառնար Կովսական քաղաքը:

Բերձորէն մինչեւ Կովսական տանող ճամբան բաւական յոգնեցուցիչ է: Մօտաւորապէս 4 ժամ տեւող այդ քարքարոտ ճամբուն վրայ կը սկսիս ինքնաշարժին հետ զգալ, հետը ցաւիլ: Այս ճամբան աւելի հետաքրքրական կը դառնայ, երբ վարորդը քեզի սուրճ հրամցնէ: Բայց առանց այդ ճամբուն ալ, հոն հասնիլը նոյն համը պիտի չունենայ: Այդ յոգնութիւնը արգելք չեղաւ, որ հազիւ հասած` խանդավառութեամբ տեղաւորենք մեր պայուսակները, դասաւորենք դպրոցի դասարանները եւ անցնինք գործուղման ամէնէն հետաքրքրական բաժինին` քաղաքին եւ անոր բնակիչներու ծանօթացման:

Կովսական քաղաքը ԶՈՄ-ի կազմակերպած ճամբարներու աւանդական վայրը դարձած է: Այդ պատճառով բոլոր դէմքերը ծանօթ են: Հոն կը հանդիպիս այն աղջկան, որուն նկարը «Դէպի Երկիր»-ի գրքոյկի կողքին վրայ տեսած ես, այդ ընտանիքին, որուն մասին լսած ես ԶՈՄ-ի կողմէ պատրաստուած տեսերիզներուն մէջ եւ ներկայացումներուն ընթացքին: Ամբողջ տարուան ընթացքին կը լսէի «ընկեր Կարէն» անունը, եւ հիմա վերջապէս ան մտքիս մէջ կերպար մը ունի, բայց աւելի կարեւորը` անուշ ձայն մը: Կովսականի մէջ քէֆ մը չ՛անցնիր առանց ընկեր Կարէնին երգին եւ պարին:

Կովսականի մէջ կը բնակին բազմաթիւ սուրիահայեր, որոնք Սուրիոյ տագնապալի վիճակէն հեռանալով` իրենց նոր տունը ընտրած են Կովսականը: Արցախցիին հիւրընկալ ըլլալուն մասին լաւապէս ծանօթ էի արդէն, բայց սուրիահայինը նորութիւն էր ինծի համար: Նիկոլը իր տունը տրամադրեց, Տօնապետեան ընտանիքը գրեթէ ամէն օր ընդունեց մեզ, Հրաչը մեր սառնարանը վայրկեան մը պարապ չձգեց… Բոլորին ալ երախտապարտ ենք: Անոնցմէ սորվեցայ` ինչպէ՛ս մարդու հետ վարուիլ: Վստահ եմ, որ անոնք նոյն ձեւով պիտի ընդունին ոեւէ ԶՈՄ-ական մը յաջորդ տարիներուն:

Գործուղման ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով, առիթը ունեցայ լաւապէս ծանօթանալու արցախցի երիտասարդին: Պարզուեցաւ, որ ան շատ նման է մեզի. բայց անոր մեզի նման ըլլալն ալ քիչ մը զարմանալի է: Շատ ուրախացայ, երբ օր մը Լիլիթը ըսաւ, որ կ՛ուզէ համակարգիչի ծրագրաւորում ուսանիլ: Թերեւս այս մէկը շատ պարզ բան կրնայ թուիլ, բայց Կովսականի պայմաններուն մէջ ապրողի մը համար ծրագրաւորում ուսանիլը բաւական մեծ երազ մըն է:

Առիթը ունեցայ նաեւ մօտէն դիտելու մայր մը, որ իր տղան կը ճամբէր զինուորութեան:

Երբ երիտասարդ մը ծառայութեան պիտի մեկնի, սովորութիւն է ոչ միայն անոր քէֆով ընդունիլ, այլ նաեւ քէֆով ճամբել: Նոյն ընտանիքին առաջին տղան տարիէ մը ի վեր կը ծառայէր եւ հիմա երկրորդը պիտի երթար զինուորութեան: Մենք ալ հրաւիրուած էինք անոր քէֆին: Բոլոր ներկաները բաւական պարեցին ու երգեցին: Տղուն մայրը սկսաւ կամաց կամաց յուզուիլ եւ արցունքներ երեւեցան աչքերուն մէջ:

«Մի՛ լար, Տիրուն», ըսաւ ամուսինը:

«Ինչպէ՞ս  չլամ-, ըսաւ Տիրունը,- եթէ տղաքս երկուքական տարիներ պիտի ծառայեն, ես պիտի ծառայեմ դաժան երեք տարիներ»:

Վերջապէս, քաջալերելի է, որ բոլոր ԶՈՄ-ականները մասնակցին «Դէպի Երկիր» գործուղումին: Այս գործուղումին ընթացքին նախ մօտէն պիտի ծանօթանանք արցախցիին, պիտի ապրինք հերոսական հողին վրայ եւ այդ կապը, որ պիտի ստեղծուի մեր եւ արցախցիին, Արցախի հողին, Արցախի երկինքին միջեւ, պիտի կերտէ մեր բնաւորութիւնը: Անպայման պէտք է ժամանակ գտնել եւ երթալ` նոյնիսկ կարճ շրջանի մը համար ապրելու հայրենիքի երիտասարդին ապրած առօրեան: Վերջ ի վերջոյ, Քաշաթաղը մեր տունն է:

Մեր Խօսքը
Այս տարի տասներորդ տարին ըլլալով Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կատարեց աւանդութիւն դարձած իր գործուղումները «Դէպի Երկիր» ճամբարներուն ընդմէջէն: Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն` այս տարի ճամբարներ տեղի ունեցան, Արցախէն բացի, նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայք մարզին մէջ: «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է» անունով ճամբարները առիթ հանդիսացան համախմբելու միջին հաշուով Կոտայք մարզի Քանաքեռաւան աւանին մէջ` 65, Չարենցաւան քաղաքին մէջ` 85, Արցախի Բերձոր քաղաքին մէջ` 60, եւ Կովսական գիւղին մէջ` 70 9-16 տարեկան պատանիներ:

Երկու շաբթուան տեւողութեան, 19 յուլիսէն 3 օգոստոս, այս շրջաններուն մէջ ստեղծուեցաւ իւրայատուկ մթնոլորտ. սփիւռքը գտաւ իր տունը, հայրենիքը գտաւ իր հարազատները, երկու շունչ խառնուեցան իրարու` ծնունդ տալու համար սերտ կապի մը, որ տարբեր է սփիւռքահայուն Հայաստան զբօսաշրջական այցելութենէն բխած կապէն: Բացի կարեւոր դեր ունեցող դաստիարակչական ծրագրի իրագործումէն` այս ճամբարները կը մտադրեն տեսական «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարը դարձնել գործնական: Անոնք առիթ կը դառնան, որ մէկ կողմէ ԶՈՄ-ական ընկերները զգան իրենց շօշափելի ներդրումը հայրենիքի մէջ, իսկ միւս կողմէ` ճամբարի մասնակից պատանիները անդրադառնան, թէ ինչպէ՛ս իրենցմէ մղոններ հեռու գտնուող երիտասարդներ ունին նոյն ինքնութիւնը եւ մեծ հետաքրքրութիւն` երկրին հանդէպ, ուր իրենք կ՛ապրին:

Ազգային պատմութենէն, մշակութային տեղեկութիւններէն, ընդհանուր զարգացումէն, պարէն, երգէն, ձեռայինէն, թատրոնէն, նկարչութենէն, խաղէն բացի, «Դէպի Երկիր» ճամբարները շրջանի պատանիներուն կը փոխանցեն հայրենիքի հողին կառչած մնալու գաղափարը, ազգային արժէքները սիրելու եւ գնահատելու առիթը, սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութեան ընդմէջէն ազգային մշակոյթի տարբեր երեսի մը ծանօթանալու առիթը եւ, տակաւին, շատ են անձնական տարբեր-տարբեր փորձառութիւնները: Փոխադարձաբար, «Դէպի Երկիր» ծրագիրը ԶՈՄ-ական ընկերներուն կու տայ առիթ` ապրելու հայկական որոշ չափով տարբեր մշակոյթի մը մէջ, զգալու Հայաստանի կամ Արցախի մէջ առօրեայ կեանքին պատճառած հեւքը, աւելի եւս ամրապնդելու կապը հայրենիքին հետ, թէ ինչո՞ւ չէ, կրնայ դուռ բանալ ապագայ հայրենադարձութեան:

Այս էջին մէջ կը գտնէք 2014-ի «Դէպի Երկիր» ճամբարներուն մասնակցած ընկերներուն վկայութիւնները եւ տպաւորութիւնները:

«Ազնիւ Մտածողը Թող Գայ»
ՇԱՂԻԿ ՉԱՓԱՐԵԱՆ

Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած գործուղումները կը ծառայեն ոչ միայն հարիւրաւոր պատանիներու ազգային դաստիարակչական ծրագրով քանի մը շաբաթ զբաղած պահելու, այլ նաեւ անոնք առիթ կու տան գործուղուած զաւարեանականին հայրենի հողին վրայ տեղացիին առօրեային ծանօթանալու եւ ազգային կամ ընկերային հարցերու մասին աւելի խոր մտածել տալու: Այս տարի իմ կարգս էր, որ ծանօթանամ Կոտայքի մարզի Չարենցաւան քաղաքի առօրեային եւ անոր բնակիչներուն: Երեք շաբթուան վրայ երկարող այս փորձառութեամբ կրցայ մուտք գործել տարբեր տեսակի մարդոց աշխարհը: Սակայն ամէնէն հաճելի, միեւնոյն ատեն արժէքաւոր աշխարհը ընկեր Վարդանին աշխարհն էր:

Ընկեր Վարդան մանրակազմ, գրեթէ ատամներէ զուրկ բերանով, զիլ ձայնով, իւրայատուկ եւ մանկական խնդուքով բարեսիրտ անձ մըն է: Ընդհանրապէս իր զուարթ տրամադրութեամբ, ան միշտ դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ ներկաներուն մօտ: Գործուղման սկզբնական շրջանին այնպէս մը թուեցաւ ինծի, թէ Վարդան իր ընկերներուն մօտ կարծես «խամաճիկ» մըն է: Յաճախ անոնք հեգնանքով կամ ծաղրանքով կը մօտենային անոր արտայայտութիւններուն կամ շարժուձեւերուն: Սակայն յաճախ կը նշմարէի, որ տարբեր նիւթերու արծարծման ժամանակ ան շատ կարճ, բայց խելացի խօսքեր կ՛ըսէր: Բայց նկատի ունենալով իր ունեցած փոքր տղու վարուելակերպը, անոր խելացի խօսքերը կը լուծուէին անոնց յաջորդող ծաղրանքի հոսանքին մէջ:

Առաջին անգամ Վարդանը տեսայ իր իսկական լուրջ եւ տղամարդու կերպարին մէջ, երբ ան հապճեպով ու մեծ հպարտութեամբ մտաւ Չարենցաւանի Երկրորդ դպրոց` պատասխանատուին յանձնելու թուղթի կտոր մը, որուն վրայ գրուած էր իր եղբօր` Սարգիս Պատալեանի կենսագրականը: Սարգիս Պատալեան Արցախի ազատագրական պայքարի ժամանակ իր արեան պարտքը մատուցած համեստ ազատամարտիկ մըն էր եւ անոր անունով է, որ ճամբարի փոքրերու խումբը անուանուեցաւ «Սարգիս Պատալեան» խումբ: Վարդանի հանդէպ նայուածքիս առաջին փոփոխութեան պատճառը այս եղելութիւնն էր: Այդ վառվռուն ու ծաղրանքի առարկայ դարձող անձը նահատակի մը եղբայրն էր:

Շատ չանցած` արդէն իսկ տեղեկացայ, թէ ինք` Վարդան եւս մասնակցած է Արցախի ազատագրական պայքարին: Այս տեղեկութիւնը ի յայտ եկաւ, երբ իր հազուադէպ ջղային վայրկեաններէն մէկուն ընթացքին ան պոռթկաց եւ գրեթէ իր կրկնակի հասակը ունեցող ընկերը ազդարարեց, թէ զայն գետին փռելու աստիճան ջղայնացած է անոր կատակներէն: Այդ ժամանակ էր, որ բարձրահասակ ընկերը խոստովանեցաւ, թէ Վարդան կարողութիւնը ունի այդ մէկը ընելու, որովհետեւ ան ազերիներուն դէմ կռուած մարդ է ու իր «հասակին չափ ալ գետնին տակ ունի»: Ահա այս մէկը Վարդանին հանդէպ իմ տպաւորութեանս երկրորդ հիմնական փոփոխութեան պատճառն էր: Յարգանքս Վարդանի հանդէպ, նահատակի եղբայր ըլլալուն կողքին, ինքնին ազատամարտիկ ըլլալու հանգամանքին համար էր:

Երրորդ եւ հիմնական ապտակը, որ ստացայ Վարդանէն, հասաւ աւելի ուշ` ճամբարին աւարտին յաջորդ օրը: Ի պատիւ գործուղման մասնակիցներուն, ՀՅԴ Չարենցաւանի կոմիտէի անդամները կազմակերպեցին դաշտագնացութիւն մը: Օրուան վերջը, երբ Վարդանին ընկերները հեռուն զբաղած էին, Վարդան կարծես շաբաթներով սրտին մէջ պահած խելացի խօսքերը արձակեց: Ֆետայիի նստուածքով գետեզերքը նստած` Վարդան սկսաւ պատմել պատերազմի իր յուշերէն կարճ դրուագներ: Ան ժիր ու ինքնավստահ ձեւով կը պատմէր ամէն մանրամասնութիւն: Աչքիս առջեւ այլեւս Վարդան այդ անտեսուած ու ծիծաղի առարկայ անձը չէր: Կատաղի բնութեան ձայները արդէն անլսելի դարձան, երբ Վարդան հպարտութեամբ յայտնեց, թէ ինք Պետոյի գումարտակի անդամ եղած է: Երրորդ ապտակը ամէնէն ուժեղն էր: Դիմացս նստած էր մեր անպարտ հրամանատար Պետոյին հետ դժուար օրեր բաժնեկցած, անոր ներկայութիւնը վայելած ու անկէ շատ դասեր սորված համեստ ազատամարտիկը: Հպարտութեան յաղթահարեց յուզմունքը, երբ Վարդան դժուարութեամբ բառերը կրցաւ քով քովի շարել նկարագրելու  Քարվաճառի շրջանի մէջ` Պետոյի խումբէն հեռանալու վերջին  քայլերը: Այդ տեսարանը եղած է Պետոյի վերջին կենդանի պատկերը, որմէ ետք ազատամարտիկները տեսած են Պետոյին անշունչ մարմինը: Արցունքներս կուլ տուի: Ի՛նչ ալ ըսէի, տեղին պիտի չըլլար: Վարդանին մանկական խնդուքը ճեղքեց տիրող երկար լռութիւնը: Խնդուքին յաջորդեց Պետոյին մասին դրուագ մը եւս: Երբ Վարդանի բերնէն ելած բառերուն հետ խառնուած էր անոր խնդուքը, ան պատմեց, թէ օր մը Պետոն, երբ իր  խուցին մէջ նստած էր, ազատամարտիկներէն մէկը ներս մտնելով` պնակ մը կերակուր կը հրամցնէ անոր: Պետոն իր սովորական խոժոռ դէմքը ա՛լ աւելի խոժոռած, առնելով պնակը` ազատամարտիկին երեսին կը նետէ ըսելով, որ ինք երբեք չ’ընդունիր, որ իր զինուորները «ծառայեն» իրեն: Վարդանին յաջորդող խօսքերը, որոնք կը նկարագրէին Պետոն, գրեթէ կրկնութիւն էր: Ներկաները լաւ գիտէին, թէ Պետոն որքան ազնիւ, համեստ, քաջ, խոհեմ եւ հետաքրքիր հրամանատար մըն էր: Վերջապէս, Վարդան յայտնեց, թէ յուլիս-օգոստոս ամսուան ընթացքին Արցախի սահմանի վրայ բուռն բախումները որքան կ՛անհանգստացնէին զինք, եւ ինք իբրեւ նախկին ազատամարտիկ անհամբեր կը սպասէր ճակատ երթալու հրամանին:

Վարդանի խօսքերէն բացի, Պետոյին յիշատակները ա՛լ աւելի դրոշմուեցան մտքիս մէջ, երբ ԶՈՄ-ի գործուղումներու աւանդութիւն դարձած ազատամարտիկի մը ընտանեկան պարագաներուն այցելութիւնը այս տարի զուգադիպեցաւ Պռօշեան շրջանի հերոսներու այցելութիւններուն: Հրաչ Մուրատեանի եւ Կարօտ Մկրտչեանի ընտանեկան պարագաներու այցելութենէն ետք, այցելեցինք Պետոյին ընտանիքին: Այցելութենէն քանի մը օր առաջ իսկ արդէն ես լուռ կ՛ապրէի Պետոյի յիշատակներով եւ անընդհատ կը մտածէի անոնց մասին: Իսկ Պետոյին տունը եղած ատենս Վարդանին նկարագրած պատկերները կը թափանցէին Պետոյի հարազատ տան իւրաքանչիւր անկիւն: Պետոյին խոժոռ նայուածքը կը տեսնէի հարազատներուն աչքերուն մէջ: Պետոյին կեցուածքը կը նմանէր անոր հօր` Արշալոյս հայրիկին կեցուածքին: ԶՈՄ-ական ընկերներու Լիբանան վերադարձէն ետք էր, որ տեղեկացանք, թէ հերոսածին Արշալոյս հայրիկը մահացած է:

Պետոյի տան այցելութեան ամէնէն ազդեցիկ բաժինը Պետոյի նշանաւոր ձիթագոյն գլխարկն էր: Երբ ներկաներուն ուշադրութիւնը Արշալոյս հայրիկին անհանգստութեան վրայ  էր, երեխայի մը նման փախայ այն սենեակը, ուր դրուած էր Պետոյի գլխարկը` մօտէն քննելու համար զայն: Գլխարկին արժէքը Պետոյինը ըլլալուն մէջն էր: Գուրգուրանքով շօշափելէ ետք, մեծ վախով զայն դրի գլխուս  ու աչքերս բարձրացուցի պատէն կախուած Պետոյի նշանաւոր նկարին, որուն մէջ ինք գլխուն ունէր նոյն գլխարկը: Այդ վայրկեանին Պետոն կը խօսէր ինծի: Վերապրեցայ Վարդանի պատմութիւններուն յուզմունքն ու անոր հետ խառն զգացումները: Սակայն քովի սենեակի ներկաներուն անակնկալ բարձր  աղմուկը ընդհատեց Պետոյի եւ իմ միջեւ եղած մտային խօսակցութիւնը: Վախս սաստկացաւ: Շատ արագ իր տեղը դրի գլխարկը ու վազեցի դուրս: Այդ ժամանակ զգացի, որ ներկաներուն խօսած նիւթերը բնաւ հաճելի չէին թուեր, քանի միտքս ու հոգիս ներսն էին` Պետոյին հետ:

Վարդանին աշխարհը յաւելեալ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ ապրումներուս վրայ: Աւելի ուշ, երբ կը մտածէի քանի մը շաբթուան եղածներուն մասին, այն եզրակացութեան հասայ, որ յաճախ լուռ եւ համեստ մարդիկն են, որ կրկնապատիկ գործ կը տանին: Համեստ Վարդանը, որ բոլորին ծաղրանքին առարկայ էր, պոռոտախօսներէն եւ ինքնահաւաններէ շատ աւելի ներդրում ունեցած է ազգային կեանքին մէջ: Պետոն իր համեստութեամբ ու լռութեամբ «թնդացուցած է ձորեր» եւ գրած է իր անմահութեան պատմութիւնը, իսկ անդին` հայկական իրականութեան մէջ «գործիչներ» ներկայիս հանդէս կու գան մի միայն իրենց լաւ շարադրուած խօսքերով: Հետեւաբար կ՛արժէ մտածել, թէ որո՛նք են մեր հիմնական արժէքները: Մենք մեզ միշտ ուրիշներէն բարձր գերադասելու եւ ինքնահաւանօրէն խօսքով ու վարուելակերպով զանոնք ծաղրանքի առարկայ դարձնելու սովորութեան բերումով հաւանաբար մենք հեռու կը մնանք Պետոյին ունեցած մարդկային ու դաշնակցական ազնիւ արժէքները ընկալելէ: Եկէ՛ք` չխաբուինք «պայծառ» երեւոյթներէ ու խօսքերէ եւ սորվինք լուռ ու ազնիւ գործիչներէ: Գործը շատ է եւ կարեւոր է, պէտք է  աշխատինք ու գործենք, բայց մնանք համեստ:  Հետեւաբար, միայն Պետոյին եւ Վարդանին պէս «ազնիւ մտածողը թող գայ» աշխատանքի դաշտ…

Այս Անգամ Ալ Տարբեր Չէր
ԱՐԱ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Գիշերօթիկը իր անհասանելի բարձունքով, քարքրոտ, դժուար, բայց հաճելի ճանապարհով կը սպասէր մեզ: Հասանք բաւական ուշ եւ յոգնած. երեխաներուն թիւը անցած էր քսանչորսը` Արայիկը, Մովսէսը, Պորիսը, Հայկը, Պարգեւը… իսկ Յակոբը արդէն կը կատարէր իր ազգային պարտականութիւնը` ծառայելով հայոց բանակին: Ընկեր Սամուէլը, ըստ սովորութեան, անցած էր կրակին գլուխը  եւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ ըսաւ. «Ընկե՛ր Արա, ուշացաք … մազերդ ո՞ւր են…»: Անցանք սեղան: Պատմութիւնները սկսան, բաժակները լեցուեցան, իսկ յոգնութիւնը արդէն մոռցուեցաւ:

Յաջորդ առաւօտ առաջին խումբը մեկնեցաւ Կովսական, իսկ մենք Բերձորի հրապարակը գացինք գնումներ կատարելու: Յանկարծ կը տեսնեմ ծանօթ դէմք մը, դէմք մը, զոր կը ճանչնամ, իսկ անունը լեզուիս ծայրն է… ո՞վ է ան: Կը մտնէ խանութ, կը մօտենամ … «Ընկեր Արա՜, ինչպէ՞ս ես, Տարօնը, Փաթիլը ո՞ւր են…»: 2010 թուականն է, կը գտնուինք Այգեհովիտ, տունը` ընկեր Զօրիկին, որ նաեւ գիւղի դպրոցին տնօրէնն է: Կը յիշեմ ընկերը, կը խօսինք. ան գործով եկած էր Բերձոր. մեզ կը հրաւիրէ գիւղ, կը հարցնէ միութեան մասին, կը հարցնեմ աշակերտներուն մասին. դպրոցը վերանորոգուած է… Կը հեռանամ ուրախ, իսկ Անին, Նանորը եւ Հրակը զարմացած կը նային, իսկ ես արդէն հոն չեմ մտքով, չորս տարի ետ կ՛երթամ, կը յիշեմ քանդուած եւ ցեխոտ դպրոցը, փլատակ աստիճանները, բայց կը հասկնամ, որ միայն հողին վրայ աշխատելով է, որ ամէն ինչ լաւ կը դառնայ…

Քանի մը ժամ ետք արդէն դպրոցն ենք. կը տեղաւորուինք, կը պատրաստենք առաջին օրուան աշխատանքները: Երիտասարդուհի մը կը մօտենայ իր փոքր աղջկան հետ. կը խօսի հետս ճամբարին մասին, իսկ ես… Լատա ինքնաշարժով Թամարին հետ կը հասնիմ Գարեկահ: Մեզ կը դիմաւորէ գիւղապետ եւ դպրոցի տնօրէն ընկեր Մարինէն: Տունին մէջ Լիլիթը անհանդարտ է, իսկ Նելլին կը փորձէ սեղանը շտկել: Ա՛յ քեզ բա՜ն, արդէն անցեր է 5 տարի առաջին գործուղումէս: Խօսակցութիւնը ընդհատելով` «Նելլի՛, կը յիշե՞ս զիս»: Նելլին պահ մը կը զարմանայ, թէ ուրկէ՛ գիտեմ անունը. կը մօտենամ եւ կը համբուրեմ նոյն անհանդարտ Լիլիթը, որ արդէն 8 տարեկան է… Նելլին կը յիշէ զիս եւ կ՛ըսէ` «Որքա՜ն փոխուեր ես Արա ջան». երկար կը խօսինք Գարեկահի մասին. յաջորդ առաւօտ կը սկսի ճամբարը Լիլիթի ներկայութեամբ ժամը 8-ին:

Ժամը 10, երեխաները արդէն դասարանն են. մուտքին կեցած` կը դիտեմ Բերձորի վրայ ծագած արեւը. կը մօտենայ նոր մանուկ մը, բաւական ամչկոտ` «պապիս ըսաւ` ես ալ պէտք է մասնակցիմ Դաշնակցութեան ճամբարին…». դասարան կը մտնէ. հեռուէն կը տեսնեմ շարժում մը եւ կը լսեմ ձայն մը, որ կ՛ըսէ. «Օ՜, ընկե՛ր Արա, դարձեալ կը հանդիպինք…», բայց արեւը թոյլ չի տար, որ ճանչնամ մօտեցող, բայց ձայնը` բաւական ծանօթ ու հարազատ… «կարմիր կակաչները … ծաղկած խնձորենի…». առաջին գիշերն է 2010-ին. ընկեր Արէնը իր կիթառով տան մէջ` Տիգրանաւան, կ՛ընդունի Կարոն, Վահանը, Կարինը եւ զիս, իսկ Ալեքսը տակաւին հինգ տարեկան` կը խաղար շան հետ: Երանելի երեկոյ, երանելի ընկերներ, երանելի դպրոց` Պետօ Ղեւոնդեանի անուան: Կը փաթթուիմ ընկերոջ, կը հարցնեմ Տիգրանաւանին մասին,  կը յիշենք այդ տարուան հանդէսը: Կը հեռանայ ընկերը, կը մտնեմ դասարան, կը նայիմ Ալեքսին  ու կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ այդ տղան գիտէր մեր կուսակցութեան անունը…

Քանի մը օր ետք կը բարձրանանք գիշերօթիկ. ընթրելէ ետք ընկեր Սամուէլը կ՛ըսէ, թէ պէտք է հրապարակ երթանք, ուր մեզ կը սպասեն ընկերներ: Կը հասնինք, երգն ու պարը արդէն սկսած էին… Կովսականի հանդէսի օրն է, 2011 թուական, բաւական ներկաներ կան, Շաղիկը պարախումբին գլուխը անցած, Փաթիլը լուսանկարչական մեքենան բռնած, Յովսէփեանը Անժելային հետ չարերուն ետեւէն ինկած, Դաւիթը եւ Մարիան հիւրերով զբաղած, Կարէնը եւ Սեպուհը զարդարանքով գործ գտած, իսկ ընկեր Կարէնը, Կովսականի Կարէնը, մեր Կարէնը կիթառը առած եւ ձայնը ձգած` կը մասնակցէր խնճոյքին: Այո՛, ընկեր Կարէնն է, որ հիմա փոքր խումբով եկած է Բերձոր, նոյն համեստ մեր ընկերը, որ իր աննման երգերով բոլորը կը փոխադրէր անբացատրելի աշխարհ մը: Կը խօսինք միասին, կը hարցնէ Մենարին, թէ ան ինչպէ՛ս է. կը հարցնեմ գիւղին աշխատանքներուն,  աշակերտներուն մասին… Ընկե՛ր Սամուէլը` «Կարէ՛ն ջան, երգո՞ւմ ենք, թէ՞…» ու յաջորդ երգը` «Ով կամաւոր է կռւում…». եւ իրապէս Արցախը կամաւորներու շնորհիւ է, որ ազատագրեցինք. մեր Կարէնը արդէն կամովին կը գտնուի Կովսական` շարունակելու իր սուրբ գործը, կազմելով հայ ազգագրական երգի ու պարի խումբեր…

Կը հասնի վերջին օրը, օր մը, երբ ոեւէ գործուղուող չի կրնար բացատրել իր զգացումները: Կը գտնուինք ընկեր Սամուէլին մօտ, ընկեր մը որ մեր 10 տարուան գործուղումներուն մէջ ունեցած է իր ներդրումը տարբեր ձեւերով. ընկեր մը, որ միշտ օգնած եւ ընդունած է մեզ, ընկեր մը, առանց որուն` մեր գործուղումները դժուարութիւններու կը հանդիպէին: Վստահ եմ, որ երբ ընկեր Սամը կարդայ այս տողերը, պիտի նեղանայ ինձմէ, քանի որ իր կարծիքով դաշնակցականը միշտ պարտաւոր է օգնել եւ թիկունք կանգնիլ իր դաշնակցական ընկերոջ, բայց վերջաւորութեան այս մէկը իրականութիւն մըն է, որ պէտք էր ըսէի: Վարձքդ կատար, ընկե՛ր, քեզմէ սորվեցայ շատ բաներ, հասկցայ, որ իսկական տէրը մեր կուսակցութիւնն է, առաջին բաժակ խմելը պարտադիր է, իսկ մահը միշտ ոսոխին է:

Վերջաւորութեան, կ՛ուզեմ ըսել, որ աշխարհի վրայ կան շատ մը իրականութիւններ, որոնց կրնանք աւելցնել նաեւ ուրիշ մը. ճիշդ է որ սփիւռքի մէջ մենք կ՛երգենք Արցախի մասին, կը խօսինք Արցախի մասին, բայց, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս պիտի կրկնեմ առաջին ճամբարէս վերադարձիս խօսքս` միայն Արցախի մէջ ըլլալով է, որ կը հասկնանք մեր յաղթութեան իմաստը, միայն Արցախի մէջ ըլլալով է, որ կը հասկնանք մեր հողին կարեւորութիւնը: Այս տարի 4-րդ եւ վերջին անգամն էր, որ կը գործուղուէի, բայց շատ շուտով կը հանդիպիմ վերը նշած բոլոր ընկերներուս, որովհետեւ Արցախը հարազատ է, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է. այս անգամ ալ տարբեր չէր:

Տեղեկատու
2014-2015 տարեշրջանի աշխատանքները սկսան ԶՈՄ-ի կեդրոնին բարեկարգումով` հայ ուսանողին համար կեդրոնը գրաւիչ եւ գործնական դարձնելու նպատակով: Կեդրոնը օժտուեցաւ նոր բազմոցներով, գրատախտակներով, գրադարաններով եւ ցուցատախտակով: Կեդրոնին դռները բաց են բոլոր հայ ուսանողներուն դիմաց:

Զաւարեան ուսանողական միութեան յարաբերական աշխատանքներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ հանդիպումներ եւ ժողովներ:

Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ գումարուեցան երկու ժողովներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նաեւ համալսարաններուն մէջ կայանալիք ընտրութիւնները:

Լիբանանեան համալսարանի կրթաթոշակին յաւելման որոշման դէմ կատարուեցան ցոյցեր, որոնցմէ ետք միացեալ յայտարարութիւն մը լոյս տեսաւ բոլոր ուսանողական քաղաքական ուժերուն կողմէ` բողոքելու համար որոշման դէմ: Ուսանողական այս բողոքին շնորհիւ` կրթաթոշակին յաւելման որոշումը բեկանուեցաւ:

ԶՈՄ-ը մասնակցեցաւ «Ֆորում ֆոր տիվելոփմընթ, քալչըր էնտ տայըլոկ»-ի կազմակերպած սեմինարին, որուն նիւթն էր` «Փիս պիլտինկ էնտ քոնֆլիքթ ռիզոլիուշըն»:

Էն. Տի. Եու. համալսարանին մէջ վերականգնեցաւ եւ այժմ կը գործէ հայկական «Սարդարապատ» ակումբը: Էն. Տի. Եու.ի աշակերտները կրնան հետեւիլ ակումբի աշխատանքներուն Դիմատետրի «Sartarabad ClubNDU»  էջին միջոցով: Անդամակցելու համար դիմել ակումբի անդամներուն:

Երկուշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` «Թեւանիկ» ժապաւէնի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին բեմադրիչը խօսեցաւ իր կեանքին, գործերուն, հայկական ֆիլմարուեստին եւ «Թեւանիկ» ժապաւէնի պատրաստութեան մասին:

Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի օժանդակութեամբ, «Վերադարձ Հայաստան» (www.repatarmenia.org) հիմնադրամը կատարեց ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին չորս հայրենադարձներ խօսեցան Հայաստան հաստատուելու իրենց անձնական փորձառութիւններուն մասին: Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց մը` ներկաներուն հետ Հայաստան տեղափոխուելու դժուարութիւններուն, առաւելութիւններուն եւ միջոցներուն մասին:

Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` քաղաքագիտութեան դասախօս դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին հետ: Ան խօսեցաւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:

Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, ԶՈՄ-ը կրպակով մը մասնակցեցաւ «Մենք եւ մեր Արցախը» խորագիրը կրող Պուրճ Համուտի փառատօնին` ներկայացնելով «Դէպի Երկիր» գործուղումները: Տեղի ունեցաւ ապարանջաններու եւ թռչնագիր բաժակներու վաճառք, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի «Դէպի Երկիր» գործուղումներուն: Բաժնուեցան նաեւ Արցախի քարտեսներ, գործուղումի շապիկներ եւ բանալեկալներ:

«Թուրքիա Ուղղակիօրէն Միջամուխ Է Սուրիական Հարցին: Շատ Յստակ Է, Որ Անոր Միջամտութիւնը Ուղղակի Է Իր Զինուորական Եւ Այլ Միջոցներով» Կ՛ըսէ Լէյլա Ռահպանի
ԶՈՄ-ի «Զաւարեանական էջ» յանձնախումբը հարցազրոյց մը ունեցաւ քաղաքագէտ դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին հետ` Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջամտութեան թեմայով:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ ձեզի, ո՞ր տուեալները երեք տարի առաջ սկիզբ դրին սուրիական պատերազմին, եւ ո՞ր երեւոյթները զայն դարձուցին անկառավարելի:

ԼԷՅԼԱ ՌԱՀՊԱՆԻ.- Կը կարծեմ, որ միջազգային միջամտութիւններն են, որոնք Սուրիոյ իրավիճակը այստեղ հասցուցին: Այո,՛ յեղափոխութիւն էր. այո՛, արժանապատուութեան համար էր, հացի, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար էր պատերազմը. սակայն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհի միջամտութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներու թիկունք կանգնիլը` հակաիշխանականներուն, բարդացուց պատերազմը` զայն դարձնելով անկառավարելի:

Հ.- Ի՞նչ են պատճառները Թուրքիոյ ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութեան` սուրիական հարցին մէջ:

Լ. Ռ.– Թուրքիա ուղղակիօրէն միջամուխ է սուրիական հարցին: Շատ յստակ է, որ անոր միջամտութիւնը ուղղակի է իր զինուորական եւ այլ միջոցներով: Այս մէկը փոխանորդութեան (փրոքսի) պատերազմ մըն է, յատկապէս` թրքական փոխանորդական պատերազմ մը: Այս մէկը միայն Սուրիոյ պարագային չէ, որովհետեւ «Արաբական գարուն»-ին թափ տրուեցաւ, որպէսզի Իսլամ եղբայրակցութիւնը արաբական աշխարհին կառավարիչ խաւը ըլլայ: Երբ իսլամական եղբայրակցութիւն ըսենք, թրքական «Ի. Ե.» կը հասկնանք, այսինքն այդ արաբական աշխարհին սուլթանը` օսմանական ուրուագիծով:

Հ.- Էրտողանի ներկայ վարչակարգը Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացման տարբերակ մը կը համարէ՞ք:

Լ. Ռ.– Այո՛, Տաւութօղլու արդէն բազմաթիւ անգամներ հաստատած է այս մէկը, մանաւանդ երբ խօսած է Արաբիոյ Լորանսին* մասին, ուր Թուրքիա կը վերականգնէ իր ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը: Երբ մտիկ ընենք թուրքերուն յայտարարութիւնները, յստակ նշուած կը գտնենք իրենց փափաքները: Անոնք առանց ամչնալու եւ բացայայտօրէն կը խօսին իրենց նպատակներուն մասին:

Հ.-  Կը կարծէ՞ք, որ ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ կողքին` Ուքրանիոյ մէջ, վերակենդանացումն է Պաղ պատերազմին` Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի կամ արեւմտեան երկիրներուն միջեւ:

Լ. Ռ.– Չեմ կարծեր, որ միայն Սուրիոյ պարագան այսպէս է: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին տեսանք, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ նուազած է:

Հիմնականին մէջ Օպամայի Միջին Արեւելքէն հեռանալու եւ նոր ռազմավարութեամբ մը Ծայրագոյն Արեւելք ուղղուելու յայտարարութենէն ետք կ՛արժէ պահ մը նայիլ, թէ ի՛նչ պատահած է Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ` նախքան Միացեալ Նահանգներուն հասնիլը:

Գիտենք, թէ բախումներ կան Պուրմայի մէջ, ժողովրդավարութիւն պահանջողներ` Հոնկ Քոնկի մէջ, Չինաստանի մէջ` փոքրամասնութիւններ, որոնք կ՛ապստամբին: Կը կարծեմ, որ հասած է ժամը, երբ Ամերիկեան կայսրութեան մէջ մտած է վախ մը, որ կը մղէ զինք հակազդելու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ վերազօրացման եւ հզօրացման: Ներկայիս Չինաստանը զբաղած է իր աշխարհագրական միջավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ` Ռուսիան, որ հսկայական տնտեսական եւ քաղաքական սպառնալիք եւ վտանգ կը հանդիսանայ համաշխարհային գետնի վրայ:

Հ.- Ձեր կարծիքով, ի՞նչ պատճառներով կազմուեցան ծայրայեղ իսլամական շարժումները Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոնց ազդեցութիւնը լիբանանեան քաղաքական եւ ընկերային ոլորտին մէջ:

Լ. Ռ.– Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան հիմը դրին եւ բռնկեցուցին այս ծայրայեղ իսլամականներուն շարժումը:

Այս շարժումը սկսաւ 2003 թուականին, Իրաքի արշաւանքէն ետք, երբ շիի եւ սիւննի հակամարտութիւնը վերակենդանացաւ: Երբ անընդհատ վախ արթնցնես եւ ուղեղալուաց ընես համայնք մը` շիիներուն դէմ եւ ըսես, թէ ալեւի վարչակարգը կը հարստահարէ սիւննիները, կռիւի առիթներ կը ստեղծես: Երբեմն հասարակութենէ մը կրնաս պահանջել, որ կռուի ազատութեան, ժողովրդավարութեան կամ հացի համար, սակայն կրօնն է, որ կը մղէ մէկը` անձնասպանական գործողութիւն  կատարելու: Մարդիկ անձնասպան չեն ըլլար ժողովրդավարութեան համար, ոչ ալ ազատութեան կամ ապրուստի, այլ միայն` կրօնի եւ Աստուծոյ համար:

Այն, ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, այս վերջինը անմիջականօրէն կապուած է սուրիական հարցին եւ պատերազմին: Այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն չի տիրեր, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ, ոչ ալ տնտեսական վիճակը պիտի բարելաւուի: Սակայն մէկ բան յստակ է. Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմը պիտի չկրկնուի, ոչ թէ որովհետեւ հասունցած ենք կամ գիտակից` անոր հետեւանքներուն, այլ որովհետեւ ռազմական հաւասարակշռութիւն գոյութիւն չունի: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն պատերազմիլ, պատերազմի միջոցները չունին, իսկ անոնք, որոնք միջոցները ունին, չեն ուզեր պատերազմիլ: Կը կարծեմ, թէ այս անհաւասարակշռութիւնն է, որ կը փրկէ Լիբանանը քաղաքացիական պատերազմէ:

*Laurence of Arabia: [Welsh (from wales)]   *Ակնարկութիւնը  Lawrence-ին, «Lawrence of Arabia»-ի մասին է, որ բրիտանացի գործակալ մըն էր եւ արաբները կը մղէր ապստամբելու Օսմանեան կայսրութեան դէմ Ա. Համաշխարհայինին ընթացքին:

«Զաւարեանական Էջ» յանձնախումբ

Թուրքիան Եւ Քրտական Բերդը
ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

2009 թուականին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ստանձնեց իր պաշտօնը եւ յայտարարեց, որ արմատական փոփոխութիւններ պիտի կատարէ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

Այս քաղաքականութիւնը բաւական յաջողութիւններ գտաւ, եւ անոր շնորհիւ` Թուրքիոյ տնտեսական եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Արաբական ծոցի եւ Իրանի հետ հսկայական յառաջընթաց ապրեցան: Սակայն «Արաբական գարուն»-ի առաջին օրերէն, երբ շրջանային ցնցումներ տեղի ունեցան, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան իսկական երեսը երեւան եկաւ:

Թուրքիոյ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը հիմնուած էր օսմանեան կայսերապաշտական ախորժակներու եւ ձգտումներու վրայ: Սուրիական եւ իրաքեան տագնապները բացայայտեցին թրքական օսմանեան քաղաքականութիւնը: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Թուրքիա ամէն ջանք կը թափէ տնտեսական, մշակութային եւ դիւանագիտական ներխուժում կատարելու նախկին օսմանեան հողամասերուն վրայ` քաջալերելով Իսլամ եղբայրակցութեան շարժումները նշեալ երկիրներուն մէջ:

Ծայրայեղ ՏԱՀԵՇ խմբակցութիւնը եւ վերջերս Արաբ Բունարի մէջ պատահած բախումները ա՛լ աւելի կը բացայայտեն Թուրքիոյ դժոխային ծրագիրները` շրջանին մէջ:

Թուրքիոյ դիրքը յստակ էր սուրիական վարչակազմին նկատմամբ: Անոր նպատակն էր ամէն գնով տապալել զայն եւ հոն հաստատել իրեն դաշնակից Իսլամ եղբայրակցութիւնը: Արդէն այս վերջինը որոշ չափով անհետացաւ գետնի վրայ, որովհետեւ Քաթար Թուրքիոյ նման չէր օժանդակեր անոր, եւ ծայրայեղ իսլամական կազմակերպութիւնները շատ աւելի կազմակերպուած եւ զինուած էին: Այս պատճառով իսկ Թուրքիա աչք խփեց ծայրայեղ իսլամականներու Սուրիա ներթափանցման դիմաց: Թուրքիա կը յուսար, որ Արեւմուտքը տեսնելով ծայրայեղ իսլամականներու թափանցումը` ստիպուած ըլլայ օժանդակելու Իսլամ եղբայրակցութեան. սակայն այս մէկը չպատահեցաւ, որովհետեւ Իսլամ եղբայրակցութեան կառավարութիւնները տապալեցան Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ մէջ:

Ինչո՞ւ Արաբ Բունարը:

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Արաբ Բունարի վրայ յարձակումը շատերու համար անակնկալ էր. Իսլամական պետութիւն կոչուածը արդէն իսկ սահմանակից է Թուրքիոյ: Արաբ Բունարի վրայ յարձակումը աւելի խորունկ նպատակներ կը հետապնդէր: Ներկայիս, գործնականապէս, քիւրտերը Իսլամական պետութեան դէմ պայքարի մեծ ուժ մը կը կազմեն: Սուրիական բանակը եւ ընդդիմութիւնը անկարող են երկրորդ ճակատ մը բանալու, սակայն քաղաքական գետնի վրայ Սուրիոյ քիւրտերը միշտ եղած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողքին, իսկ Իրաքի քիւրտերը` Արեւմուտքին կողքին: Հետեւաբար այս մէկը կ՛անհանգստացնէ Թուրքիան: Թուրքիա կը վախնայ, որ Սուրիոյ քրտական շրջանները, որոնք ինքնավար են, ապագային անկախութիւն հռչակեն, ինչ որ կրնայ քաջալերել Թուրքիոյ մէջ բնակող աւելի քան տասը միլիոն քիւրտերը եւ ՔԱԿ-ը` զինուորական գործողութիւններ կատարելու սուրիական տարածքներէն դէպի Թուրքիա: Այս պատճառով Թուրքիա իր կարելին ըրաւ, որպէսզի Իսլամական պետութիւնը գրաւէ Արաբ Բունարը: Սակայն քրտական դիմադրութիւնը զօրաւոր էր, եւ երբ քիւրտերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին, Թուրքիա անակնկալի եկաւ:

Այս անգամ թրքական կառավարութիւնը այլ քայլերու դիմեց: Էրտողան փորձեց սիրաշահիլ քիւրտերը եւ Արեւմուտքը` անոնց հետ համաձայնելով, որ Իրաքէն միայն 200 քիւրտ կռուողներ մտնեն Արաբ Բունար` Թուրքիոյ ճամբով,  «Սուրիական ազատ բանակ»-ն ալ մուտք գործէ «Արաբ Բունարի պաշտպանութեան» համար: Այս քայլը երկու հիմնական նպատակներ կը հետապնդէր.

Ա) Ներքին քրտական գաղափարական պառակտումներու դուռ բանալ:

Բ) Ոչնչացնել Արաբ Բունարի քրտական անկախ քաղաքական դիմագիծը:

Անշուշտ գալիք օրերը ցոյց կու տան, եթէ Թուրքիա յաղթական կամ յաղթուած դուրս պիտի գա՞յ: Քոպանին թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ քիւրտերուն համար կենաց ու մահի պայքար է: Եթէ շրջանը իյնայ, ապա քրտաբնակ Հասաքէն ալ նոյն ճակատագիրին կրնայ ենթարկուիլ: Արաբ Բունարը Սուրիոյ քիւրտերուն ամուր բերդն է:

30/10/2014

Փափուկ Մէջքը Կամ «Ալխասիրա Ալրախուա»
Լիբանան եւ Սուրիա պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բերումով միեւնոյն երթը եւ ճակատագիրը ունին. ոմանց համար «միացման եւ» մըն է, որ կը միացնէ մէկ ժողովուրդ` երկու երկիրներու միջեւ, իսկ ուրիշներու համար «քաֆիր եւ» մըն է, որ կը յուշէ անարդար եւ անգութ վարչակարգի մը իշխանութիւնը միւսին վրայ:

Բայց համաձայնինք, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը իր հարաւ-արեւմուտքին ունի փափուկ մէջք մը, որուն տարածքն է 10,452 քառակուսի քիլոմեթր:

Սայքս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագիրը, որ Միջին Արեւելքին տուաւ իր նոր դիմագիծը, շրջանը տարբեր ուժերու տարբեր ձեւերով տիրապետելու ծառայեց միայն:

11 սեպտեմբեր 2001-ի դէպքերէն ետք սկսաւ այսպէս կոչուած «ահաբեկչութեան» դէմ պատերազմ մը, որմէ ետք Միջին Արեւելքը մտաւ նոր դարաշրջանի մը մէջ: Սակայն ներկայիս կը գտնուինք հանգրուանի մը մէջ, երբ փոխուած են եղանակները եւ անուանումները` ըլլան անոնք «Արաբական գարուն» թէ աշուն: Կարգ մը վարչակարգեր ինկան տոմինոյի քարերու պէս. նոյնիսկ այն երկիրներու մէջ, որոնց չհասան յեղափոխաշունչ հոսանքները, ինչպէս` Լիբանանը եւ անոնց ներքին խաղաղութիւնը խախտեցաւ:

Սուրիոյ այս իրավիճակին պատճառով է, որ Լիբանանի գլխաւորաբար ապահովական եւ տնտեսական կացութիւնը վնասներ կրեց: Նոյն պատճառներով ալ Լիբանան ինքն ալ դարձաւ թիրախ եւ խառնուեցաւ Սուրիոյ հարցերուն` դառնալով փոքր մասնիկ մը իր աշխարհագրական դիրքին իբրեւ հետեւանք: Այսպիսով, Լիբանանը շատ մեծ ապահովական վտանգի դէմ յանդիման է, որովհետեւ անոր սահմաններուն մէջ արդէն կը գտնուին ծայրայեղ զինեալներ, որոնք պատրաստ են կռուելու բանակին դէմ, որպէսզի յատկապէս Լիբանանի հիւսիսը իրենց իշխանութեան տակ առնեն:

Այս ծայրայեղ խմբակցութիւնները շրջանային ուժերու եւ դժբախտաբար արաբական կարգ մը պետութիւններու հովանաւորութիւնը կը վայելեն: Էրտողանի Թուրքիան նաեւ հիմնական հովանաւորներէն է այս զինեալներուն, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին չէ հրաժարած իր կայսերապաշտական ծրագիրէն, որ ի յայտ եկաւ Իսլամ եղբայրակցութեան թիկունք կանգնելով` արաբական երկիրներու մէջ իշխանութեան հասնելու համար:

Խորքին մէջ Սուրիոյ պատերազմը, որ կը կատարուի իշխանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ, փոքրացած համաշխարհային պատերազմ մըն է, որուն վերջերս միացան քիւրտերը` գոյատեւման պայքարով մը, ինչպէս, օրինակ, Արաբ Բունարի պարագային: Իրականութեան մէջ այս փոքր համաշխարհային պատերազմը կը յաւակնի ծայրայեղ սիւննիական իշխանութիւն ստեղծել շրջանին մէջ, որպէսզի շիի մահիկը չամբողջանայ:

Չէզոք քաղաքականութիւն մը որդեգրելով` անպայման հեռու չենք մնար մեզի սպառնացող վտանգէն: Կարելի է ըսել, որ Լիբանանը քամիին մէջտեղը կը գտնուի: Այս զգայուն, վտանգաւոր հանգրուանին պէտք է շատ աւելի կառչինք լիբանանեան բանակին եւ համախմբուինք անոր շուրջ, որովհետեւ ան մեր ապահովութեան պատնէշն է: Լիբանանը արդէն շատ մօտ է այն ծրագիրին, որ կ՛ուզէ շրջանը մասերու բաժնել եւ վերատեսութեան ենթարկել արաբական աշխարհի ընդհանուր քարտեսը: Սակայն Լիբանանը ունենալով հզօր եւ անձնազոհ բանակ մը` իր խոհեմ հրամանատարութեամբ, պիտի չենթարկուի այդ բաժանումներուն:

ԶՈՄ-ԱԿԱՆ

29/10/2014

«Բնապահպանութիւնը Հայաստանապահպանութիւն Է»
Քաջարանի հանքը, Սիւնիք

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐԵՒԻԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Թէեւ ազդեցութիւնը արագօրէն չենք զգար, սակայն քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կաթուածներուն չափ ուժեղ տագնապներէ կ՛անցնին մեր աշխարհի բնութիւնն ու կենսոլորտը: Բնութիւնը շահագործող ծրագիրները ո՛չ միայն կը սպառնան շրջապատի գեղեցկութեան ու ապրող էակներու առողջապահութեան, այլ նաեւ անոնք ոտնակոխ կ՛ընեն տեղի ժողովուրդին ապրուստի կենսական իրաւունքները, յաճախ` ներառեալ բնութիւնը օգտագործելու որոշումին մասնակից դառնալու իրաւունքը: Այսօր Ամազոնեան անտառներուն մէջ կը ծրագրուի կառուցել աշխարհի երրորդ մեծագոյն ջրամբարը` Պելօ Մոնթէի ջրամբարը, որ աննկարագրելի վնասներ պիտի հասցնէ շրջանի ցեղախումբերուն`  փճացնելով անոնց անտառները, ձկնեղէնի պաշարները, եւ հետեւաբար` գոյատեւելու ապահովութիւնը: Իրենց ցեղապետներու առաջնորդութեամբ, անոնք այժմ կը պայքարին` դէմ դնելու ջրամբարի կառուցման:

Իսկ ի՞նչ է պարագան Հայաստանի: Ինչպիսի՞ բնապահպանական տագնապներ կ՛ապրի մեր երկիրը: Որքա՞ն մեծ է վնասակար հետեւանքներուն տարողութիւնը: Ո՞վ կը պայքարի անոնց դէմ: Պատասխանելու համար հետեւեալ հարցումներուն եւ մանրամասնօրէն տեղեկանալու համար Հայաստանի մէջ բնապահպանական իրավիճակին, հարցազրոյց մը ունեցանք Համահայկական բնապահպանական ճակատի համակարգող խորհուրդի անդամներ Աննա Աղլամազեանին եւ Սիւզի Պետրոսեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բնապահպանական ինչպիսի՞ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի Հայաստանը ներկայիս:

ԱՆՆԱ ԱՂԼԱՄԱԶԵԱՆ.-Հայաստանում բնապահպանական խնդիրները, ցաւօք, աղէտալի չափերի են հասել, ունենք երկու առաջնային խնդիր` հանքարդիւնաբերութիւնը եւ գետերի վրայ կառուցուող փոքր  ջրաելեկտրակայանները (ՀԵԿ):Յատկապէս մետաղական հանքերի շահագործման պատճառով թունաւորւում է մեր ջուրը, հողը, օդը, որն էլ իր հերթին բերում է սննդի թունաւորման եւ բազմաթիւ անբուժելի հիւանդութիւնների առաջացման: Աղէտի ծաւալը ցոյց տալու համար մի քանի թիւ նշեմ. այսօր միայն Սիւնիքի մարզում շահագործւում են 11 մետաղական հանքավայրեր, իսկ եւս 28-ը սպասում են շահագործման մօտ ապագայում: Այսինքն ունենալու ենք 39 մետաղական հանքավայր միայն մէկ մարզում` 4500 քառ. քիլոմեթր տարածքի վրայ: Սրան գումարէք 11 մեռեալ գօտիները` պոչամբարների տեսքով(1), որոնք դժուար թէ երբեւէ վերականգնուեն, եւ կարծում եմ` բնական հարց կ՛առաջանայ, թէ ինչպէ՞ս ենք մենք շարունակելու ապրել մեր հայրենի հողի վրայ:

Ինչ վերաբերում է ՀԵԿ-երին, ապա դրանք նոյնպէս լրջագոյն խնդիրներ են առաջացնում: Այսօր Հայաստանում ունենք մօտ 150 ՀԵԿ, դրանցից մօտ 120-ի պատճառով գետերը մասամբ կամ ամբողջութեամբ դրուել են խողովակների մէջ` վնասելով կամ ոչնչացնելով գետերից սնուող կենսոլորտային համակարգերը:

Հ.- Որո՞նք են Հայաստանի մէջ կիրարկուող հանքարդիւնաբերութեան յոռի հետեւանքները:Ո՞վ է պատասխանատուն: Իսկ որեւէ նպաստ կը բերէ՞ հանքարդիւնաբերութիւնը, օրինակ` տնտեսութեան զարգացման:

ՍԻՒԶԻ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Կը ցանկանամ կենտրոնանալ մետաղական հանքերի շահագործման պատճառով առաջացող խնդիրների վրայ: Ամենավտանգաւոր հետեւանքը շրջակայ միջավայրի աղտոտումն է, որը շատ դէպքերում անդառնալի է, իսկ եթէ ցանկանանք մաքրել այդ աղտոտումը, դա ահռելի ելեւմտական (ֆինանսական) ծախսերի հետ է կապուած: Հանքերի շահագործումը նաեւ բազմաթիւ առողջական խնդիրների պատճառ է դառնում. առաջացնում է քաղցկեղ, ամլութիւն, ծինային փոխակերպումներ, որոնց պատճառով ունենք մեծ թիւով զարտուղի ծնունդներ (այս առումով, Հայաստանը ԱՊՀ(2)  երկրների շարքում Խըրխըզիստանից յետոյ երկրորդն է), առաջ են գալիս նաեւ սիրտ-անօթային, շնչառական եւ մարսողական համակարգերի լուրջ հիւանդութիւններ:

Մէկ այլ խնդիր է այն, որ օրէնսդրական բացերի պատճառով թոյլատրուում է հանքարդիւնաբերութեամբ զբաղուել նաեւ անտառածածկ տարածքներում, որը Հայաստանի նման սակաւ անտառներ ունեցող երկրի համար բացարձակապէս անթոյլատրելի է:

Կարեւոր եմ համարում նշել այն, որ հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնների կողմից շատ յաճախ ոտնահարւում են իրենց աշխատակիցների աշխատանքային իրաւունքները, նոյնիսկ` կեանքի իրաւունքը, քանի որ հանքերում բազմաթիւ մահուան դէպքեր են գրանցւում:

Այսօր անդադար խօսում են, թէ հանքարդիւնաբերութիւնն անհրաժեշտ է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար: Այստեղ անհրաժեշտ է նշել, որ Հայաստանում 2011 թ. դրութեամբ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտում աշխատում էր 15.500 հոգի, այսինքն` բնակչութեան 0,5 տոկոսը, իսկ ստացուած եկամուտը կազմում է համախառն ներքին արդիւնքի (GDP) ընդամէնը 2,9 տոկոսը: Պարզապէս ծիծաղելի է այս թիւերով արդարացնել այն անդառնալի վնասը, որ մենք ստանում ենք հանքարդիւնաբերութիւնից: Իրականում ստացուած եկամուտներն այսօր ընդամէնը ծառայում են գործող սակաւապետական համակարգը սնելու եւ պահպանելու համար: Իրական օգուտ չի ստանում ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ հայ ժողովուրդը:

Իսկ ո՞վ է մեղաւոր կամ պատասխանատու այս ամէնի համար: Ասեմ, որ տեղի սակաւապետների հետ համագործակցում են միջազգային առեւտրական ընկերութիւնները, որոնք բոլորն էլ մեղաւոր են: Բայց առանց մեր պետական մարմինների, կառավարութեան թոյլտուութեան` ոչ ոք չէր կարողանայ գալ եւ անպատասխանատու ձեւով շահագործել մեր հանքավայրերը: Ուստի, առաջին հերթին մեղաւոր են մեր պետական պաշտօնեաները, որ չունեն յստակ ռազմավարութիւն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շահագործել հանքավայրերը, որ դրանք առաւելագոյն օգուտ բերեն հէնց Հայաստանին: Մեղաւոր ենք նաեւ մենք` հայ ժողովուրդը, որ մեր անտեղեակութեան կամ անտարբերութեան պատճառով ոտքի չենք կանգնում եւ չենք պաշտպանում բոլորիս պատկանող հարստութիւնը` մեր ընդերքը:

Հ.- Ծանօթացուցէք Համահայկական բնապահպանական ճակատը: Ե՞րբ  եւ ինչո՞ւ կազմուեցաւ, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, ինչպէ՞ս կը բացատրէք ձեր «Բնապահպանութիւնը հայաստանապահպանութիւն է» հաստատումը:

Ա. Ա.– Համահայկական բնապահպանական ճակատը (ՀԲՃ) ստեղծուել է 2013 թ. յունուարին: Այսօր Համակարգող խորհուրդը բաղկացած է 5 հոգուց` Եղիա Ներսիսեանը, Լեւոն Գալստեանը, Մարիամ Սուխուդեանը, Սիւզի Պետրոսեանը եւ ես: Եթէ կարճ յետհայեացք նետենք, կը տեսնենք, որ բնապահպանական շարժումը Հայաստանում սկսուեց Թռչկանի ջրվէժի համար մղուող պայքարով: Մի խումբ երիտասարդների վճռակամութիւնը փրկեց ջրվէժը ոչնչացումից, ինչը շատերին յոյս ներշնչեց եւ ոտքի հանեց: Պարզուեց, որ խնդիրները համատարած են, դրանց արմատները` շատ խորը, իսկ իրական լուծումների հասնելը չափազանց դժուար է: Անհրաժեշտութիւն դարձաւ կազմակերպուել եւ բնապահպանական ոլորտի խնդիրներով զբաղուել համակարգուած ձեւով ու խմբային աշխատանքով: Այսպէս ծնուեց Համահայկական բնապահպանական ճակատը: Մեր նպատակն է` պահպանել մեր բնութիւնը, արմատապէս փոխել այսօր իրականացուող բնապահպանական քաղաքականութիւնը, թոյլ չտալ, որպէսզի կարճաժամկէտ տնտեսական շահը յաղթի եւ երկարաժամկէտ վնաս հասցնի մեզ, մեր հողին եւ ապագայ սերունդներին: Ես արդէն նշեցի, որ Հայաստանն այսօր լրջագոյն բնապահպանական խնդիրների առջեւ է կանգնած: Մենք միայն ծառ եւ գետ չէ, որ պաշտպանում ենք. այսօր մեր բնութիւնը պահպանելով` մենք փորձում ենք ոչնչացումից փրկել մեր հայրենիքը, մեզ սնող հողն ու ջուրը, մեր սահմանամերձ գիւղերը: Եթէ պատերազմ սկսուի, ո՞վ է պահելու մեր զինուորի թիկունքը, եթէ այսօր տեղահանում են մեր գիւղերը` հանքեր բացելով: Ուրեմն, բնապահպանութիւնն այսօր վերածուել է Հայաստանապահպանութեան: Իսկ եթէ դրուած է Հայաստանի լինել-չլինելու հարցը, ուրեմն մենք դատապարտուած ենք յաղթելու: Եւ նշանակութիւն չունի, թէ քանի հոգի կը միանայ մեզ: Նրանք, ովքեր վճռել են պայքարել յանուն Հայաստանի, անպայման յաղթելու են:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք բնապահպանական խնդիրներուն լուծումը: Ինչպիսի՞ գործունէութիւն կը տանիք: Հանրութիւնը ինչպէ՞ս կ՛ընկալէ այս նոր ճակատը:

Ս. Պ.– Առաջին հերթին կարեւոր է խնդիրների մասին իրազեկուելը: Այս հարցում մեզ մեծապէս օգնեց «Հայաստանի կոտրուող ողնաշարը» փաստագրական ժապաւէնը, որը կարող էք գտնել YouTube կայքում: Այն այսօր 115.000 դիտում ունի (ֆիլմը հասանելի է նաեւ անգլերէն ենթագրերով` «Armenia՛s Breaking Backbone»)(3):

Իրազեկում ենք, բայց դրան զուգահեռ, նաեւ փորձում ենք առաջարկել լուծումներ: Մենք արդէն ունենք մեր անդրանիկ օրինակը: Սիւնիքի մարզի Լիճք գիւղում սկսել ենք իրականացնել մեղուապահութեան ծրագիր, որի շրջանակներում 7 ընտանիքներ ստացել են  6-ական մեղուափեթակներ եւ զբաղուելու են մեղուաբուծութեամբ: Լիճքը այն գիւղերից է, որտեղ բնութիւնը դեռ լուրջ վնասներ չի կրել, սակայն ծրագրւում է հանք բացել նաեւ այս գիւղին յարակից տարածքում: «Դէպի էքօ համայնք» անունը կրող ծրագրի իրականացմամբ, գիւղացիներին փորձելու ենք ապացուցել, որ հանքերը եկամտի միակ աղբիւրը չեն, որ գիւղատնտեսութեամբ եւ տնտեսութեան մաքուր ճիւղերով զբաղուելու դէպքում կարող ենք ունենալ եկամուտ, կերակրել մեր ընտանիքներին եւ միաժամանակ չվնասել մեր բնութեանը:

Այս ծրագիրը կեանքի կոչուեց 22-ամեայ Լիա Սուրէնեանի շնորհիւ, որը բնակւում է Նիւ Եորքում եւ իր համալսարանական ծրագիրը կազմեց` անդրադառնալով Հայաստանին վերաբերող թեմայի: Լիան հրաշալի օրինակ է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ուղղակիօրէն մասնակից դառնալ քո հայրենիքում առկայ խնդիրների լուծմանը: Ես այս օրինակը բերում եմ` Հայաստանից դուրս ապրող բոլոր երիտասարդներին կոչ անելով չլինել անտարբեր եւ թէկուզ փոքր քայլերով օգնել Հայաստանին:

Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ բազմաթիւ դրական արձագանգներ ենք ստանում: Թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ սփիւռքում նոր մարդիկ են առաջ եկել եւ պատրաստակամ են օգնելու մեզ եւ իրականացնելու նմանատիպ ծրագրեր:Մենք նաեւ կոչ ենք անում. մի՛ վատնէք ձեր գումարները տարբեր հիմնադրամներին գումար փոխանցելով, երբ իրականում չգիտէք, թէ ինչպէ՛ս է օգտագործւում ձեր գումարը: Եթէ ցանկանում էք օգուտ բերել Հայաստանին, լաւագոյն տարբերակն է` գալ եւ տեղում իրականացրել ծրագրեր ու հետեւել դրանց ընթացքին:

Հ.- Կապեր հաստատա՞ծ էք միջազգային բնապահպանական կազմակերպութիւններու հետ: Նաեւ` կը փորձէ՞ք միջազգային գետնի վրայ լուծումներ ապահովել այս հարցերուն:

Ա. Ա.– Այս հարցին փորձեմ պատասխանել` սկսելով հետեւեալից: Հայաստանի իշխանութիւններն իրենց վարած քաղաքականութեամբ այսօր չեն պաշտպանում հայ ժողովրդի շահերը: Ուստի, օտար պետութիւններն ու առեւտրական ընկերութիւնները հեշտութեամբ առաջ են տանում եւ բաւարարում են իրենց սեփական շահերը: Գիտենք նաեւ, թէ ինչ վիճակում են գտնւում, օրինակ, ափրիկեան շատ երկրներ, որոնք ծառայում են որպէս աժան հումքի աղբիւր այսպէս կոչուած զարգացած պետութիւնների համար: Այսպիսի իրավիճակում է յայտնուել նաեւ Հայաստանը: Մեր հումքը ցածր գներով տանում են, իսկ մեզ թողնում են մեռեալ գօտիներ եւ թունաւոր պոչամբարներ:

Ցաւօք, պէտք է նշեմ, որ նոյնիսկ միջազգային կազմակերպութիւնները լիարժէք անկախ չեն կամ չունեն համապատասխան լծակներ` պատժելու օրէնքը խախտողներին: Օրինակ, Թեղուտի անտառների հետ առնչուող խնդրով բազմիցս նշուել է, որ հանքարդիւնաբերական այդ ծրագիրը խախտել է Օրհուսի միջազգային համաձայնագրի մի շարք դրոյթներ: Բայց այս խախտումների համար ոեւէ մէկը դեռեւս պատասխան չի տուել. դրանք մնացել են թղթի վրայ: Այնուամենայնիւ, մենք շարունակում ենք բաց լինել` համագործակցելու միջազգային կառոյցների հետ, եթէ տեսնում ենք, որ այդ համագործակցութիւնը կարող է իրական լուծումներ բերել:

Ես չեմ անտեսում համագործակցութեան որեւէ հնարաւորութիւն, սակայն կարծում եմ, որ Հայաստանի խնդիրները առաջին հերթին պէտք է լուծեն հայերը: Ոչ ոքից պէտք չէ սպասենք, որ գայ եւ մեզ նուիրի մեր երազած Հայաստանը: Լուծումներ գտնելու են այն հայերը, որոնք սէր ունեն իրենց մէջ դէպի իրենց հայրենիքը, որոնք վճռական կամք ունեն ոչ միայն սիրելու, այլեւ պայքարելու Հայաստանի համար:

Իսկ նախաձեռնութիւններից կարող եմ նշել «Հայկական վերածնունդ» շարժումը, որի հետ մենք սերտօրէն համագործակցում ենք: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ է, որ մենք կարողացել ենք կազմակերպել «Հայաստանի կոտրուող ողնաշարը» ժապաւէնի տասնեակից աւել ցուցադրութիւններ Միացեալ Նահանգներում` Քալիֆորնիայում, Ուաշինկթընում, Նիւ Եորքում, Քանատայում, ինչպէս նաեւ` Փարիզում, վերջերս նաեւ` Մոսկուայում:

Վերջերս կապուել ենք համակիրների մեծ բանակ ունեցող «More trees, less assholes» անունը կրող նախաձեռնութեան հետ, եւ յուսով ենք, որ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն կ՛ունենանք նաեւ նրանց հետ:

Հ.- Որեւէ ակնկալութիւն ունի՞ք սփիւռքէն եւ սփիւռքահայ երիտասարդէն մասնաւորապէս: Ի՞նչ ձեւով ան կրնայ օժանդակել բնապահպանական խնդիրներու լուծման:

Ս. Պ.– Ես ՀԲՃ համակարգող խորհրդում սփիւռքի հետ կապերի համակարգողն եմ, ինչպէս նաեւ ներկայացնում եմ «Հայկական վերածնունդ-Լոս Անճելըս» մասնաճիւղը: 2013 թուականի հոկտեմբերին իմ ընկերները` Եղիան, Լեւոնը եւ Աննան, եղան Միացեալ Նահանգներում եւ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան տեղի հայ համայնքների հետ:

Այդ այցից յետոյ արդիւնքները սպասեցնել չտուեցին: Պատկերացրէք, որ առանց մեր օգնութեան` դպրոցներից մէկում (Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանում) աշակերտները ժապաւէնի դիտումներ են կազմակերպել, բնապահպանական թեմայով նախագծեր են իրականացրել, նոյնիսկ դրամահաւաք են կատարել: Սա մեզ շատ ոգեւորում եւ յոյս է ներշնչում, որ համատեղ ուժերով մենք շատ արագ եւ հեշտութեամբ կը կարողանանք Հայաստանին սպառնացող բնապահպանական աղէտը կանգնեցնել:

Որպէս սփիւռքի հետ կապերի համակարգող` ես փորձում եմ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել Հայաստան-սփիւռք համագործակցութիւնը այս դաշտի վրայ: Ցանկանում եմ թողնել նաեւ իմ ե-հասցէն(4), եթէ ոեւէ մէկը ցանկանայ կապուել մեզ հետ եւ օգնել լուծումներ գտնելու համար, մեծ սիրով կը համագործակցենք(5):

1.- Պոչամբարը թունաւոր թափօններու ամբար է, որ կը յառաջանայ հանքաքարի քիմիական վերամշակման արդիւնք

2.- Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք յառաջացած երկիրներու միութիւննէ. Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն, Common wealth of Independent States (CIS)

3.- «Հայաստանի կոտրվող ողնաշարը»

https://www.youtube.com/watch?v=YrrDzuZ9RG4

Armenia՛s Breaking Backbone, English subtitles

https://www.youtube.com/watch?v=eyRdxRT2v5Y

4.- suzypetrosyan@yahoo.com

5.- Համահայկականբնապահպանականճակատ (ՀԲՃ) – Pan-Armenian Environmental Front (PAEF)

Կայքէջ.- http://www.armecofront.net/

YouTube-ի կայան.- http://www.youtube.com/user/armecofront

Ֆեյսպուքի էջ.- https://www.facebook.com/armecofront

Ֆեյսպուքի խումբ.- https://www.facebook.com/groups/armecofront

Թրքագնացութիւնը Եւ Մենք
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Յաճախ արծարծուող նիւթ մը, որ վիճարկութեան առարկայ կը դառնայ ամէն անգամ, երբ հայորդի մը անցանկալի ճամբորդութիւն մը կատարէ:

Ընդհանուր իրականութիւն է, որ Թուրքիան տարածաշրջանային ծանրակշիռ երկիր է: Զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի մէջ Թուրքիոյ գրաւչութենէն զերծ մնալը զոհողութիւն կը պահանջէ թերեւս, ինչպէս որ թրքական արտադրութիւնը աւելի հրապուրիչ կը դառնայ, երբ անոր այլընտրանքը նիւթական աւելի թանկ ճիգ կը հարկադրէ:

Եթէ պիտի դասակարգենք հայերու կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն մուտք գործելու պարագաները, հիմնօրէն հետեւեալ հոլովոյթը մեր առջեւը կը պարզուի.- վաճառականութիւն, պաշտօնական գործուղում, պտոյտ-զբօսաշրջութիւն, ուխտագնացութիւն, ուսումնասիրական-աշխատանքային այցելութիւն դէպի Թուրքիա, սովորաբար` դէպի Պոլիս,Կիլիկիա եւ բռնագրաւուած Հայաստան: Ակնարկութիւնը բացարձակապէս չ՛ընդգրկեր վերոնշեալ պարագաներուն վերջին երկուքը, որոնք էութեամբ բոլորովին կը տարբերին միւս պարագաներէն եւ ինքնին զատ խորագիրներ են, որոնք Հայ դատի լայնածիր օրակարգին մաս կը կազմեն:

Հարցը Թուրքիա երթալու պատճառներուն արդարացուցիչ ըլլալ-չըլլալը չէ, այլ կը յուզէ հասարակութեան մը գիտակցական անձնականութիւնը` եսը:

Որքան ալ հեշտ թուի առարկայական քննարկում ընելու սիրոյն զգացականութիւնն ու կանխատրամադրուածութիւնը մէկդի դնելը, երբեմն զայրացուցիչ ու անընդունելի կրնան դառնալ կարգ մը արարքներ, և անոնց տէրը յանցագործի կը վերածուի մեր աչքին:

Համալսարանի դասընկերոջ մը, որ երեքուկէս ամսուան տեւողութեամբ Հայաստանի ու հայութեան մասին դաստիարակիչ ու հետաքրքրական դասանիւթի հետեւած է, համալսարանի ամավերջի քննութիւնները աւարտելուն պէս զբօսաշրջութեան համար Պոլիս ճամբորդելը դիւրին չի մարսուիր: Աւելի՛ն. ընկերային ցանցերու վրայ թրքական դրօշի ծածանումն  ու թրքական մզկիթներու պանծալի պատկերներու կողքի վրայ ըլլալը , բազմաթիւ հայերու դիմատետրեան հաւանումին արժանանալով, ա՛լ աւելի կը կեղտոտեն տեսարանը:

Նոյնքան ցաւալի է լիբանանահայ նորապսակ զոյգի մը մեղրալուսինի համար Պոլիս ճամբորդելը, որ պաշտօնապէս «կ՛օրհնուի» ` Դիմատետրի վրայ մեղրալուսինի պատկերներուն ու մանրամասնութիւններուն ծանուցումով եւ անոնց տակը «եան»-ով վերջացող մականուններ կրող մարդոց շնորհաւորական հաւանումներու տարափով:

Եթէ վերոյիշեալին նման պարագաները մէկ առ մէկ թուելու ըլլանք, գուցէ հաստափոր գիրքեր կը տպուին: Այդ չէ նպատակը:

Արդ , Դիմատետրը ողողուած է հայ անհատներու թրքական զբօսաշրջային նկարներով ու «check in»-ներով: Վերջիններուս կ՛ընկերակցին քաջալերական «հաւանում»-ները, որոնք կարծէք, թէ կը թարգմանուին «Ապրի՛ս, շատ լաւ կ՛ընես: Ես ալ կը մտադրեմ նոյնը ընել»-ով:

Հայութեան համար Թուրքիա պտոյտի երթալը նորութիւն չէ: Այսուհանդերձ, անցեալին, երբ առցանց ընկերային կեանքը այսքան զարգացած չէր, որքան է այսօր, համատարած երեւոյթ չէր այս յոռի արարքը: Ժամանակին Թուրքիա երթալը անընդունելի եւ բարոյապէս արգիլուած կը նկատուէր: Գացողները ծուռ աչքով կը դիտուէին: Ժողովուրդը չարախօսութեամբ կը բամբասէր ենթական. «Լսեցի՞ր, այսինչը Թուրքիա գացեր է»-ի մեղադրական եղանակը սովորական էր:

Ցաւ ի սիրտ, տարուէ տարի պոտրումներու ու մարմարիսներու ծովափները յաճախող հայերու հանրագումարը կ՛աւելնայ` ի հաշիւ ազգային-բարոյական գիտակցութեան:

Այս զարգացումով` հակահայկական շահերով դէպի Թուրքիա ճամբորդութիւնը հետզհետէ կ՛օրինականանայ քաղաքականապէս չէզոք եւ ազգայնապէս թոյլ շրջանակներուն մէջ: Կ՛օրինականանայ ու կ՛ամրագրուի հասարակութեան ենթագիտակցութեան մէջ եւ կը վերածուի սովորական երեւոյթի, որ ոմանք կը վարակէ ու ուրիշները անտարբերութեան կը մղէ:

Որքան որ ուրախալի է Դիմատետրի էջերուն վրայ Արարատի,Երեւանի ու Տաթեւի շքեղ պատկերները դիտելը, այնքան  ցաւալի եւ ընդվզեցուցիչ է ապազգային տրամադրութիւններով սահմանէն անդին կատարուած իրողութիւնը:

Ցաւալին, իբրեւ գործողութիւն, ճամբորդութեան իրողութեան  մէջ չի կայանար, այլ անշօշափելի գաղափարական-հոգեկան ճամբորդութեան մէջ` հայութենէն Թուրքիա, հայկականութենէն դէպի հակահայկականութիւն, ոտնահարելով ազգային եսը, զգետնելով հայուն բարոյական արժէքները: Մեր միլիոնաւոր եղեռնամահ նախնիներուն հոգիները, հայկական պահանջատիրութիւնը, հայոց արդար Դատն ու Հայաստանը ո՞ւր մնացին:

Իրենք ալ հայ են, մեր անմիջական շրջանակներուն մաս կը կազմեն: Իրենց ալ նախահայրերը օսմանեան ազգասպանութեան ենթարկուած են: Լա՛ւ, իրենց խիղճերը ի՞նչպէս կ՛ընդունին իրենց կատարածը: Ապրիլ քսանչորսին ի՞նչ երեսով  հսկումի պիտի մասնակցին: Ի՞նչ տրամադրութիւններով պիտի քայլարշաւեն:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ դարերու վրայ թրքութեան ահարկու բռնաձուլման ենթարկուած տարրեր ազգային ինքնագիտակցութեամբ իրենց արմատներուն կը վերադառնան` հակառակ բոլոր դիմագրաւեալ դժուարութիւններուն:

Եւ մինչ այս Թուրքիա ապրողները  կը վերահայանան, հոգեւոր Հայաստան կը մեկնին, Լիբանանի մէջ հայեր հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանան:

Նաւապետին Մի՛ Սպասէք
ԵՂԻԿ ԹԱՇՃԵԱՆ

«Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերուն թէ՛ ճակատի

պաշտպանութեան, եւ թէ երկրի ներսը կարգ հաստատելու»:

ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Շատեր տակաւին կ՛ենթադրեն, թէ Արամի կոչը ուղղուած էր միայն առաջին անկախութեան շրջանին: Սակայն երբ խորանաք եւ վերլուծենք Արամի անցեալի պատգամը եւ ինքնաքննարկենք մեր այսօրուան ցաւալի իրավիճակը, կը տեսնենք, որ Արամի խօսքը մինչեւ օրս ի զօրու է:

2011-ին, երբ Հայաստան այցելեցի, տեսայ այն, ինչ որ չէի փափաքեր տեսնել: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կառավարութեան նստավայրը  վերածուած է փիցցայի ճաշարանի մը: Արդեօք այսպէ՞ս կը պարգեւատրենք մեր հերոսները, արդեօք այսպէ՞ս կը պահպանենք մեր պատմական կառոյցները: Այս շէնքին մէջ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանտր Խատիսեան, Արամ Մանուկեան եւ ուրիշներ քրտինք թափած եւ ժամերով ծրագիրներ մշակած են, որպէսզի հայրենիք կերտենք: Սակայն մէկ  ստորագրութեամբ կը մոռնանք մեր պատմութիւնը, կ՛անտեսենք մեր պայքարի ոգին եւ մեր պատմութեան ճակատագիրը կը յանձնենք սակաւապետական իշխանութեան մը: Այսօր դարձեալ կը հանդիպինք այն լուրերուն, թէ Արամ Մանուկեանի ծննդավայրը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ դարձեալ կը մտաբերեմ նոյն հարցումները: Վերջերս Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ որոշ աղմուկ մը բարձրացուցին Անաստաս Միկոյեանի արձանի կանգնեցման հարցով: Կարդացինք յօդուածներ, ընկերային ցանցերու վրայ զայրոյթի եւ ընդվզումի ալիքներ բարձրացան, սակայն գետնի վրայ ոչ մէկ քայլ կամ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ: Լուռ լուրերը մտիկ կ՛ընենք:

Սակայն յանցաւորը ո՛չ կառավարութիւնն է, ո՛չ ալ թուրքը, այլ մենք, մենք, որ լռած եւ գրեթէ ընկղմած ենք ծովու խորը եւ կը սպասենք, որ այլ նաւապետ մը գայ եւ մեզ փրկէ:

Եւ տակաւին սպասման վիճակի մէջ ենք… եւ մեր նաւը կ՛ընկղմի…

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Մայիսեան պատգամը յաղթանակ մը տօնելէ շատ աւելի խոր է: Բոլորս ալ գիտենք, որ այսօրուան հայրենիքի գոյութիւնը կը պարտինք Մայիսեան ճակատամարտին: Այս մէկը մեզի առիթ մը պէտք է դառնայ, որ մեր յիշողութիւնը վերատեսութեան ենթարկենք եւ փորձենք արտաքին ճակատի վրայ պայքար մղել թրքական պետական քարոզչամեքենային դէմ: Բայց նախ պէտք է ամրապնդուի ներքին ճակատը, եւ հոս ներքին ճակատ ըսելով կը հասկնանք` սփիւռք-հայրենիք միասնականութիւնը, արտագաղթի դէմ պայքարը, տնտեսական-ընկերային բարգաւաճման ծրագիր մշակելը, այս բոլորը կ՛ամրապնդեն մեր ներքին կիսաքանդ ճակատը, եւ երբ ամրապնդենք զայն, այն ատեն կրնանք մտածել արտաքին ճակատին մասին:

Ներկայ արեւելեան սահմանին մօտ ազրպէյճանական զինուորական ապարդիւն գործողութիւնները նաեւ պէտք է որոշ մտահոգութիւն մը յառաջացնեն: Երբ մենք սփիւռքի մէջ կը տօնենք «Մայիսեան յաղթանակը», սահմանին վրայ հայ զինուորը իր կեանքը կը զոհէ Արամներու կողմէ կերտած հայրենիքի զոհասեղանին: Երբ թրքական կառավարութիւնը իր ջանքը կը թափէ, որ 100-ամեակի սեմին պղծուած պատմութիւն մը յօրինէ,  մենք տակաւին «հայապահպանութեամբ կը զբաղինք»: Իսկ հայրենիքի մէջ վերջին տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները մեզի ցոյց կու տան, որ ցաւօք սրտի ժողովուրդս կորսնցուցած է իր ըմբոստութեան եւ պայքարի ոգին:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Մայիսեան պայքարը չաւարտեցաւ մայիս 28-ի անկախութեան հռչակումով, ո՛չ ալ հանրապետութիւն կառուցելով… Մեր ճամբան շատ երկար եւ փշոտ է, յաղթանակը լիակատար չէ: 1918-ին մեր նախնիները այդ ճանապարհը բացին, այսօր կը մնայ, որ այդ ճամբան մենք շարունակենք եւ ընդարձակենք: Չգոհանանք Մայիսեան տօնակատարութիւններով, այլ ծրագրենք արձանագրելու նոր մայիսներ` ըլլայ այդ մէկը ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:

… Նաւապետին մի՛ սպասէք… ուրիշներ ալ օգնութեան կը սպասեն, բայց մենք նաւ ունինք,  այն ալ մեր հայրենիքն է, իսկ նաւապետն ալ մենք ենք… օտար նաւապետներու պէտք չունինք…

Հրաշալի Էջեր` Հայոց Պատմութեան Հատորներէն
ԼԱԼԷ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հատորներէն այսօր մենք կը կարդանք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կերտման եւ գոյատեւման էջերը: Հրաշալի էջեր, պայքարի եւ յաղթանակի օրինակելի էջեր. էջեր, զորս գրեցին Արամն ու իր դաշնակցական ընկերները:

Ցեղասպանութեան մոխիրներէն հայ ժողովուրդին յարութիւնը կերտեց հայրենիք: Առաջին Հանրապետութեան կերտման պատմական իրադարձութիւնները, ռուսական եւ թրքական դիւանագիտական խաղերը, հայ ժողովուրդի պայքարի ոգին, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութիւնը, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի մարտերը, կամաւորական գունդերը եւ անոնց զօրավարները եւ մանրամասնութիւններ յիշելը անհրաժեշտ չեն այստեղ: Ինչ որ պէ՛տք է յիշուի սակայն, օրուան ղեկավարութեան, ռազմավարական, կազմակերպական եւ գաղափարական ոճի օգտագործումն է, որ անսովոր եւ  իւրայատուկ էր 20-րդ դարու սկիզբը:

Երբ հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս կը գտնուէր կործանման արհաւիրքին դէմ յանդիման, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը բնականաբար ունեցաւ առաջնահերթ դեր: Արդարեւ, Դաշնակցութեան աշխարհիկ գործելաոճը ունեցաւ իր բացառիկ ազդեցութիւնը անկախութեան կերտման ընթացքին վրայ:

Այսպէս` Դաշնակցութիւնը ըլլալով յեղափոխական կուսակցութիւն մը, մերժեց յանձնուիլ ոսոխին: Դաշնակցութիւնը` հաւատալով ժողովրդավար գաղափարաբանութեան, ժողովուրդը մղեց ընտրութեան, եւ ընտրեցին Հայաստանի առաջին ղեկավարը` Արամ Մանուկեանը: ՀՅԴ-ն` ըլլալով ազգային կուսակցութիւն մը, հայ ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը դասեց ամէն բանէ վեր եւ պայքարեցաւ անկախութեան իրականացման համար: Նաեւ, Դաշնակցութիւնը` ըլլալով ընկերվար եւ ժողովրդավար սկզբունքներու կառչած կուսակցութիւն մը, կազմակերպելէ եւ իրագործելէ ետք հայրենիքի անկախութիւնը, առիթ տուաւ բոլորին ընտրելու երկրի խորհրդարանը:

Աւելի՛ն. մերժելով Երեւանը պարպել, Արամ Մանուկեան մղեց հայոց ուժերը հերոսական պատերազմի: Հակառակ անոր, որ երկիրը տակաւին չունէր սահմանադրութիւն, մեկնելով ժողովրդավարութեան եւ ընկերվարութեան սկզբունքներէն, որոնք տակաւին համաշխարհային ընդունելիութիւն չէին ստացած, իրաւունք տուաւ հայ կիներուն մասնակցելու ընտրութեան եւ նաեւ ընտրուելու իբրեւ խորհրդարանի անդամ: Հակառակ անոր որ միայն քանի մը տարի առաջ էր, որ Հայաստանի այսօրուան Հանրապետութիւնը իրաւունք տուաւ աշխարհասփիւռ հայորդիներուն ստանալու Հայաստանի քաղաքացիութիւնը, Առաջին հանրապետութեան օրերուն Հայաստանի քաղաքացի կը նկատուէին աշխարհի մէջ ապրող բոլոր հայերը (*): Կրօնքը կ՛անջատուէր պետութենէն, ինչպէս նաեւ կը հիմնուէր Հայաստանի առաջին պետական համալսարանը:

Օրուան ղեկավարութեան վարած հմուտ եւ անկեղծ քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանը բարգաւաճեցաւ, սակայն վերոյիշեալ սկզբունքներն ու գաղափարախօսութիւնները, ինչպէս նաեւ ակախ Հայաստանի մը գոյութիւնը խաթարուեցան` ի դէմ օտարին քաղաքական շահագործումներուն եւ աւելի «բարձր» գաղափարներու: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը քայքայուեցաւ եւ Հայաստանը խորհրդայնացաւ: Հայրենիքը ալ ազատ չէր, ոչ ալ անկախ:

Հայոց պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան հատորները գրող ընկերներն ու հերոսները քաջատեղեակ էին իրենց առած բոլոր քայլերուն, որդեգրած սկզբունքներուն եւ գործելաոճին: Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մաս կազմած Նիկոլ Աղբալեանը համեստաբար անդրադարձած է Մայիսեան յաղթանակին եւ պետականութեան` ըսելով. «Հետագայ դարերու հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասական տարիներուն հերոսական վճռականութեամբ տէր կանգնեցաւ իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգիով կարողացաւ աւերակներու եւ սովի մէջէն նոր Հայաստան ստեղծել»:

Եւ իրապէս, զմայլանքով կը կարդամ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան եւ զայն կերտած մեր ընկերներուն գրած էջերը, անոնց քաղաքական ու գաղափարական կազմաւորումը, ազգասիրութիւնը, հայութիւնը, դաշնակցականութիւնը…

Կը շնորհաւորեմ մեր բոլորին մայիս 28-ը,

Կը խոնարհիմ զայն կերտող մեր ընկերներուն վեհութեան դիմաց.

Կը պայքարիմ կերտելու համար մեր բոլորին ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը, եւ երբ չի մնար ելք ու ճար, խենթերը` ինչպէս մայիսին, կը գտնեն հնար:

(*) Եթէ անոնք իրենց ազատ կամքով չուզէին այլ քաղաքացիութեան պատկանիլ՝ նկատի առնելով, որ այդ օրերուն երկքաղաքացիութեան գաղափառը տակաւին ընթացք չէր առած:

Անկախութեան Սերմը
Ս. ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

600 տարի ստրկութիւն ապրած ժողովուրդը ազատատենչ հոգիով, գիշեր ու ցերեկ 1918-ի մայիսին կը սպասէր` առնելու մխիթարական լուրը յաղթանակի: Հայ ժողովուրդը` երկար տարիներու բռնի ստրկութեան պատճառով անհուր հրաբուխ դարձած էր կարծես. բայց այս նոյն ժողովուրդը գերմարդկային ուժերով օժտուած էր եւ պատրաստ էր ժայթքելու, պատրաստ էր հայրենիքի պաշտպանութեան համար ամէն տեսակ զոհողութիւն ընելու, որովհետեւ հեռուէն վերջապէս կը լսէր դարերէ ի վեր սպասուած այդ սփոփարար բառը` «անկախութիւն»:

Հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ ստրկութիւն, ջարդեր, տարագրութիւն ապրելէ ետք, վերջապէս իրաւունքը ունեցաւ ազատ ապրելու: Այս անկախութիւնը ամրացուց ու հիմնեց աշխարհի ժողովուրդներու կողքին ազատ ապրելու իրաւունքը:

Այս անկախութիւնը ջնջեց Թրքահայաստան ու Ռուսահայաստան վերնագիրները ու հիմնեց «Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան» կոչը: Այս անկախութեան հերոսին` Արամ Մանուկեանի պատգամով, հայ ժողովուրդը հասկցաւ, թէ` «պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին»:

Նոյն անկախութիւնը թափ տուաւ սփիւռքահայութեան, որ անկախութիւնը չտեսած հաւատաց անոր առաքինութիւններուն, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս օժտուեցաւ օտարին հողերուն վրայ հայօրէն ապրելու ուժով, դարձաւ Հայ դատի պահանջատէր բռունցքը, սերունդներուն մէջ սերմանեց անկախութեան հոգեպարար գեղեցկութիւնը:

Այս սերմը աճեցաւ 90 տարիներու ընթացքին ու դարձաւ ամուր ու կայուն ծառ մը, որ անպայման պիտի քարկոծուէր ու արմատախիլ ըլլար օտարամոլութեան ու ձուլումի վտանգներէն:

Դժուար էր այդ ուղին, բայց ո՛չ անկարելի, փաստն ալ սփիւռքին սիրտը հանդիսացող լիբանանահայութիւնն է, որ նոյնիսկ ահաւոր պատերազմի օրերուն առիթ չխնայեց իր զաւակները դաստիարակելու անկախութեան ոգիով: Այսօր երիտասարդութիւնը խոր հաւատքով ու մեծ ակնկալութեամբ կը յիշէ ու կը տօնէ իր առաջին անկախութիւնը: Նոյն նորահաս սերունդը բարձր գիտակցութեամբ կը նայի «Դէպի Երկիր» տեսլականին:

Հպարտօրէն, երիտասարդութիւնն է, որ նախորդ շաբաթներուն Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ թնդացնող անկախութեան նուիրուած ձեռնարկներուն ցուցաբերեց մեծ մասնակցութիւն,   երբ հայահոծ թաղերուն մէջ երգեց հայ երգը, պարեց հայ գաւառներու շուրջպարը եւ անգամ մը եւս հայ երիտասարդը երդում տուաւ` ըլլալ պահանջատէր բռունցք իր ազգային նպատակներուն:

Թող այդ կայուն ծառն ու դաստիարակութիւնը ըլլան մեր հովանին, որպէսզի օտար ափերուն վրայ անտէր ու աննկարագիր չդառնա՛նք: