Անդրադարձ Archives - Aztag Daily

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Պիտի Փորձենք Իրականացնել: Միասին: (Գ.)
Օրաթերթի, յաւելուածներու, բացառիկներու եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու  այլեւս սովորական դարձած աշխատանքները բնականաբար պիտի շարունակուին: Ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի աշխուժութեան նոր թափ ապահովելու համար, Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի «Ազդակ»-ի էջերուն պիտի աւելնայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ բաժին ապահովելը: Նկատուած է, որ «Ինսթակրամ»-ը բացառաբար երիտասարդ օգտատէրեր ունի եւ նախաձեռնութիւնը կը միտի առնուազն «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելը. եւ այս ցանցի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով առաւել զարկ պիտի տրուի լուսանկարներուն եւ անոնց ընկերակցող ամփոփ լրատուութիւններուն:

Ելեկտրոնային տարածքին վերաբերեալ, «Ազդակ» նկատելով ընդհանուր միտումը` համացանցային եւ արբանեակային հեռատեսիլներու համատեղման, պիտի փորձէ ծրագրել «Ազդակ»-ի համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարցազրոյցներուն առընթեր հետզհետէ տեղադրել լրատուական նիւթեր, հեռակայ կարգով զրոյց-քննարկումներ եւ մանաւանդ ձեռնարկներու ցանցային ուղղակի սփռումներ: Կը մնայ, որ արդէն իսկ սմարթ ֆոներու վրայ կարդացուող «Ազդակ-մոպայլ»-ը ունենայ իր էփլիքէյշընը, ամէնէն արագ միջոցին եւ «Ազդակ»-ի էփը ներբեռնողը իր հեռախօսին վրայ ստանայ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հաղորդագրութիւնները:

Այս մարզի աշխուժացումը հրամայական է նաեւ այն առումով, որ տարին ամբողջ 100-ամեակ է եւ թէ՛ այստեղ տեղի ունենալիք ձեռնարկները եւ թէ՛ հայրենիքի կամ տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունենալիքները օգտակար կ՛ըլլայ ցանցային դրութեամբ հեռարձակելը:

100-ամեակին «Ազդակ»  կը ծրագրէ ապրիլքսանչորսեան բացառիկին տալ տարողունակ բովանդակութիւն եւ համագործակցիլ հայրենիքի թէ սփիւռքի ցեղասպանագիտական տարբեր կեդրոններու հետ` ապահովելու համար ժամանակակից գիտաշխատութիւններ: Այս հրատարակութեան կը հետեւի նաեւ օտարալեզու  յաւելուած, որ ուղղուած պիտի ըլլայ լիբանանցի կամ ընդհանրապէս արաբ ընթերցող լսարանին:

Տպարանն ու ցրուումի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ «Փիւնիկ» սրահի յանձանձումը  յանձնուած են արդէն հաշուապահական-վարչարարական պատասխանատուութեան: Մեր տպարանը «Ազդակ»-ի տպագրութեան առընթեր սկսած է ստանձնել նաեւ այլ թերթերու հրատարակութիւնը, որ շուտով կը սկսի գործադրուիլ: Նախատեսած ենք, որ «Փիւնիկ» սրահը աւելի աշխուժ թափով հիւրընկալէ միութենական եւ անհատական ձեռնարկներ:

2015-ի առաջին եռամսեակին «Ազդակ» հրապարակի վրայ կը դնէ 88-ամեայ իր արխիւին թուայնացուած ամբողջութիւնը: Նկարահանուած, ծրագրաւորուած եւ որոնողական համակարգի ենթակայ` մեր թերթը կը դառնայ ուսումնասիրողին համար ժամանակակից արհեստագիտութեամբ որոնելի սկզբնաղբիւր: Դժուար է պատկերացնելը թէ տասնամեակներու վրայ ի՛նչ տեսակի նիւթեր, մեկնաբանութիւններ, քաղաքական կեցուածքներ, գաղութային, միջազգային, հայրենական, սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի ժամանակակից պատմութեան ի՛նչ վիթխարի գրականութեան մասին է խօսքը, որ արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով տրամադրելի է այսօր հանրութեան, բայց մանաւանդ աշխարհի որ ծայրը գտնուող ուսումնասիրող մարդուն: Հրապարակումի սկիզբը պիտի փորձենք կատարել արժանավայել շուքով` ներգրաւելով հայաստանեան թէ սփիւռքեան արխիւային կարեւորագոյն կեդրոնները:

Այն ինչ որ խմբագրականի առաջին սիւնակով ընդգծած էինք իբրեւ չյաղթահարուած դժուարութիւններ, պիտի փորձենք այդ ուղղութեամբ լուծման ուղիներ փնտռել: Բոլորը` խոստումի կարգով. եւ չէ բացառուած, որ վերը նշուած առաջադրանքներէն այլ ծրագիրներ եւս իրականացնենք: Համացանցային հեռատեսիլի նախագիծի պատրաստութենէն զատ, այն ինչ որ յայտնեցինք  գրեթէ իրենց լրումին հասած ծրագիրներ են: Մնացեալը պէտք է ձգել ժամանակին եւ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ իրականութիւն դարձած են:

Տարին կը փակենք անբաւարարուածութեան զգացումով: Ըրինք այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք. չկրցանք ընել, դարձեալ այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք: Կ՛ակնկալենք առողջ, բաց քննադատութիւն: Առանց ցեխարձակումի, առանց վարկաբեկումի: Կը հրապարակենք բոլոր քննադատութիւնները, երբ այնտեղ զգանք կառուցողականութիւնը, միայն սրբագրուած տեսնելու մօտեցումը: Մնացեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալն իսկ կը գտնենք անիմաստ: «Ազդակ»-ը հերթական արեւածագին 10 էջով ինքզինք կը յանձնէ իր ընթերցողներու դատողութեան: Եւ չէ բացառուած, որ մենք ամէն օր այս կամ այն ձեւով տեղի տանք սխալի մը: Մեր ընթերցողները սրբագրիչներ չեն. բայց մեր ընթերցողները մաս կը կազմեն «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իբրեւ այդպիսին սխալները պէտք է մատնացոյց ընեն օրին, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով, անձամբ` ունենալու համար այն «Ազդակ»-ը, որ բոլորս կ՛ուզենք: Միասին:

Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկի Կարմրաւուն Այտերուն Կարօտով (Սուրիահայ Մեր Եղբայրներուն Եւ Քոյրերուն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար չկայ տիպար մը, որ խորապէս կ՛առնչուի մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր տրոփին, որքան Ամանորին շունչ, ոգի եւ իմաստ տուող անհատականութեան մը` յանձին Կաղանդ պապուկին, որուն ամէն տարի անհամբեր կը սպասենք նաեւ հաւաքաբար` ազգովին:

Պիտի ըսուի նաեւ, որ դարերու խորերէն ժամանող սպիտակահեր ու հեքիաթային այս տիպարին գրաւչութիւնը միթէ տարուէ տարի չէ՞ կորսնցուցած իր ուժգնութիւնը, հնչեղութիւնն ու խոհականութիւնը, երբ արդէն համայն մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ինքնափճացման եւ ստոյգ այլասերման թոհուբոհին` արագասոյր եւ անվերահսկելի արհեստագիտական նուաճումներու իբրեւ հետեւանք:

Այլ խօսքով, պիտի գան ժամանակներ, շատ մօտիկ, երբ արդէն այլանդակ եւ կամ անդիմագիծ դարձած մարդկային կերպարը պիտի ցանկայ տեսնել Կաղանդ պապուկը մարմնաւորող մարդամեքենաներ` անշունչ ու անկենդան, որոնք պիտի փոխարինեն մարդկային էակի մէն մի կենարար արտայայտութիւն, յայտնապէս անոր եզակի ներաշխարհին եւ մտային կառուցուածքին բռնազբօսիկ ու կեղծ դարպասումով:

Եթէ երբեք մարդ արարած ցարդ կը հաւատայ, թէ իր աննախընթաց գիտական յառաջդիմութեան առընթեր տակաւին գոյութիւն ունի յոյսի եւ ներշնչումի աստուածակերպ միտքն ու մտածողութիւնը, ապա կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել ու շրջել մարդկութեան թաւալգլոր ընթացքն ու դէպի ինքնասպանութիւն տանող մոլուցքը:

Այլապէս  այս մոլորակէն դուրս ո՛ւր հարկ է փնտռել մարդու տեսակի շարունակականութիւնը ապահովող միջոցներն ու ձեւերը, իբրեւ  արժանահաւատ կեանքի ու յարատեւութեան զուգահեռ գործընթացներ:

Այս առումով է, որ յաճախ եւ անընդմիշտ լոյսին պէտք է բերենք Կաղանդ պապուկի հեզահամբոյր ժպիտին կախարդանքը, անոր բոցկլտուն աչքերուն սրահայեաց իսկութիւնը, կարմրախայտ թուշերէն ցայտող կենսասիրութիւնը, ալեհեր եւ ժանիքաւորուած մօրուսին վեհանիստ տեսքը, հսկայ ու թիկնեղ մարմնին ծանրակշիռ ազդեցութիւնը, կարմրացայտ զգեստին, սեւ մոյկերուն եւ պինդ պարեգօտին ներկայութիւնը, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛անձնաւորեն զինք, ապա միւս կողմէ կը խարսխեն անոր էութեան իսկութիւնը:

Այո՛, աստուածահաճոյ էութիւն, որով դարեր շարունակ մարդ կրցեր է յայտնաբերել ինքզինք իբրեւ գերագոյն բարիքի, ազնուական հոգիի եւ անշահախնդիր մօտեցումի արտայայտութիւն:

Այլ ասած, մարդկայնական արժանիքներու առաւել բոցավառում, վսեմ գաղափարներու ընդգրկում, բայց մանաւանդ` իրերօգնութեան, սիրոյ եւ ինքնարժեւորման պատեհութիւն:

Ահաւասիկ Ամանորի խորհուրդը, որ իբրեւ այդպիսին կը շարունակէ հրդեհել մեր ներաշխարհը, անսայթաք հունաւորել աղօտ ճանապարհները, առանձնապէս շիկացնել ընդարմացած տրամադրութիւնները, էապէս ջերմացնել ալեկոծ տարիները, գեղեցիկ ապրումներով շղարշել մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, դէպի վեհափառ գագաթներ սաւառնել  հոգեթով թռիչքները, երջանկութեամբ պարուրել մեր կեանքի տեսադաշտը, անկոտրում կամքով պատուաստել հաւաքական մեր տենչերը եւ առհասարակ ներքին խաղաղութեամբ շնչաւորել հաւաքական մեր երթին ու տեսլականին քառուղիները:

Նման հասկացողութենէ թելադրուած մենք մեր յոյզերն ու սրտապինդ մտածումները կը սեւեռենք դէպի սուրիահայութիւն, որ աւելի քան չորս տարիէ կ՛ապրի իր ամէնէն թէժ տարեգրութիւնը, հայոց ահաւոր ցեղասպանութենէն առ այսօր:

Պարտադրուած պատերազմ մը ինքնին, որուն իւրաքանչիւր արարի ընդգծումն անգամ սարսափի վիճակներ կը ստեղծէ շուրջ բոլոր: Եղբայրասպան սահմռկեցուցիչ եւ բարբարոս օրագրութիւններ իրենք զիրենք կը հրմշտկեն երկրագունդի ամբողջ տարածքին` ցոյց տալով մարդակերի ու լենկթիմուրեան աւերումի հրէշային պատկերներ:

Երբեմնի մայր գաղութի կոչումին արժանացած դամասկահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը, ճիշդ է, որ կը դիմագրաւէ լինելութեան, գոյերթի ու ինքնութեան պահպանման ամէնէն դժուարին ժամանակները, այդուամենայնիւ, ի գին մեծ զոհողութիւններու կը շարունակէ ցոյց տալ դիմադրական ոգիի այնպիսի դրսեւորումներ, որոնց նմանը հազիւ թէ տեսանելի ըլլան մեր շրջապատին մէջ:

Յայտնապէս հայահոծ երկու քաղաքներու մէջ ալ, հայկական շունչի եւ կամքի արտայայտութիւններու կը հանդիպինք ամէն քայլափոխի, երբ տօնական օրերու եւ յուշահանդէսներու վայելքը կ՛ապրինք` առօրեայ կեանքի կրթական թէ մշակութային իրագործումներու առընթեր:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ բառերը պիտի չկարենան բնութագրել մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած տառապանքին ու սարսափին ուժգնութիւնն ու ահաւորութիւնը, մեր աչքերը պիտի չկարենան ընդունիլ համատարած քանդումի տեսարանները, այդուհանդերձ, ի պատիւ մեր հարազատներուն, սուրիահայութիւնը իր բովանդակ շերտերով թէ պատկանելիութեամբ կը պայքարի յանուն գալիք օրերու բարեբեր հաստատման եւ ապագայատես հեռանկարներու ջրդեղման:

Եւ սա է գերազանցապէս ճշմարիտ եւ անհունօրէն սքանչելի տիպականութիւնը` հայասիրութիւնն ու հայապաշտութիւնը, տոկալու եւ ընդդիմանալու ամէն յորձանուտի, մահուան գաղափարի թէ վայրագ վերաբերումի:

Արդար է ըսել նաեւ, թէ հայոց Կաղանդ պապուկի հակազդեցութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինչպիսի՛ բնոյթ պիտի ստանայ ի տես ոչ միայն տուներու եւ համալիրներու քանդումին, մարդկային կորուստին, այլեւ` Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնայատակ կործանումին:

Այո՛, լկտիաբար եւ թրքավարի կործանում սրբատաշ կառոյցի մը, որուն մէջ իրենց վերջին հանգիստն են գտեր Հայոց ցեղասպանութեան օրերու անթաղ մնացած սուրբ մասունքներ:

Փաստօրէն, այսպէս ասած ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր խաղաղ պահանջներու ետին կը կանգնէին մեծապետական մութ ուժեր եւ համայնակուլ ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար ոչ մէկ միջոցի խտրութիւն դրուեցաւ, երբ ծայրայեղութեան, ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժող միտքերու եւ սեւ շրջանակներու պատեհ առիթներ ստեղծուեցան` հիմնովին կործանելու շէն քաղաքներ ու աւաններ,  այլապէս բնաջինջ ընելու մարդու ստեղծագործ մշակութային դարաւոր հարստութիւններ թէ մարդ էակի տեսակն անգամ, հաւատադրժողական մոլուցքի տարածման եւ հաստատման ի խնդիր:

Ի դէպ, եթէ երբեք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան հոգեգրաւ զոյգ խորհուրդներու տեսադաշտին ընդմէջէն` ի խորոց սրտի մեր հարազատ ու անսեթեւեթ բարեմաղթանքները կ՛ուզենք փոխանցել սուրիահայ գաղութի զաւակներուն, պարզապէս որովհետեւ այս սրբազան օրերու խորհուրդը էապէս կը պարփակէ մարդկային նուիրական արժէքներու ամէնէն վսեմ ու առաքինի արտայայտութիւնները, ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ ապրելու իրաւունքը, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բարիքները վայելելու արդար ակնկալութիւնը, յառաջադէմ եւ բարգաւաճ կեանք մը վարելու ազատութիւնը, քաղաքացիական կիրթ եւ ծառայական գիտակցութեան թովչանքը ցոյց տալու պատրաստակամութիւնը, բայց մանաւանդ` հայօրէն հպարտ, ինքնուրոյն մշակոյթ եւ ստեղծագործ միտք յանձանձելու համայնական պահանջը:

Այլապէս ալ, անժխտելի է այն իրականութիւնը, որ ժամանակակից կեանքի հայոց պատմութիւնը ոսկեզօծ արձանագրած է, թէ ազգեր ու հաւաքականութիւններ իրենց յաւիտենականութիւնը կը գտնեն միայն մայրենի հողին վրայ, ազգային առանձնայատկութիւններ կը փթթին լոկ հայրենիքի շունչով, պատկանելիութեան ու հաւատամքի ամէն դրսեւորում խոր արմատներ կ՛արձակեն եւ կը սնանին մայր հողին ակունքներէն, աւելի՛ն. իրերայաջորդ սերունդներ իրենց գոյութեան հիմքն ու յարատեւելու պատուանդանը կրնան միայն ապահովել ազգակերտ հողի ընդերքներուն:

Այդուհանդերձ, քաջ հաւատացողն ենք, որ յետեղեռնեան կազմաւորուած հայահոծ գաղութներ թէեւ կը դիմագրաւեն կեանքի դաժան պարտադրանքներու ահաւոր պայմաններ եւ, հակառակ թիւի ու քանակի զգալի նօսրացումին եւ շիջումին, պիտի կարենան գէթ որոշ ժամանակով վերահայանել եւ վերակազմակերպուիլ:

Իրօք, Ամանորի ամէնէն պատուական խորհրդանիշը համարուող Կաղանդ պապուկին հրաշալի կենցաղին, մարդասէրի ու ժողովրդանուէրի կազմաւորումին, ծառայասիրութեան, անոր ուրախութեան եւ յոյսի պսպղուն ցոլքերու սփռումին եւ վաղուան օրուան հաւատալու անբիծ տրամադրութիւններուն հետ ու միատեղ, մեր կարգին կը մաղթենք յոյսի եւ հաւատամքի, կամքի ու տոկունութեան ներշնչումներ` յանուն ազգային հաւաքական մեր կեանքի վերաթարմացման եւ յարատեւութեան:

Ճակատագրուած հաւաքականութիւններ չեն կրնար եւ կամ իրաւունքը չունին ընկրկելու կեանքի խենեշ պարտադրանքներու դիմաց եւ խուճապային մթնոլորտի ճնշումին տակ կորսնցնելու տասնամեակներու վաստկած հոգեկան ու ֆիզիքական հարստութիւններ:

Փորձութիւններու, օրհասի թէ  ահազանգային կացութիւններու դէմ յանդիման, մեր պարագային` հայութեան ամէնէն ազդու եւ վճռորոշ զէնքն է հանդիսացեր իրերօգնութեան վեհափառ արժանիքը, նեղմիտ ու տխեղծ առօրեայ մտմտուքներէ ձերբազատելու խոր գիտակցութիւնը, բայց մանաւանդ` հաւաքական կամքի դրսեւորում ցոյց տալու ունակութիւնը, ինչ որ կ՛ենթադրէ առողջ ու կայտառ կազմակերպուածութիւն:

Սա է ճշմարտացի մեր հասկացողութիւնը Կաղանդ պապուկի կերպարի խոհականութեան մէջ, ուր ան դարաւոր կեանքի փորձառութիւնը իր շալակին կը շարունակէ փարոս հանդիսանալ իրերայաջորդ սերունդներու յոյսի ու լոյսի, ուրախութեան եւ երջանկութեան, յարատեւութեան եւ կամքի փայլատակումներ սփռել համայն մարդկութեան, առանց բարդոյթի եւ ակնկալութիւններու:

Արդ, ամանորեան մեր մտորումներուն, հոգեկան ապրումներուն թէ մաղթանքներուն կիզակէտը ինչ կրնայ ըլլալ եթէ ոչ հայոց ու համայն մարդկութեան ամենայն բարիք եւ յստակատեսութիւն:

Ապահովաբար, Կաղանդ պապուկի կարմրաւուն այտերէն եւ փայլուն աչքերէն գեղեցկօրէն կ՛արտացոլան մեր բոլորին փափաքները:

Բարի Ամանոր:

Գոնէ 2015-ին
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Վերջին օրերուն հայկական իրականութեան մէջ արձանագրուած դէպքերը մտածել կու տան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, մենք համազգային անհրաժեշտ համախոհութեան չենք հասած տակաւին: Ըստ երեւոյթին, մեր ունեցած տարբերութիւններուն ու տարակարծութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներու պղտորութիւն մը կայ:

Փաստօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան գծով պետութեան կողմէ որդեգրուած խորհրդանիշ` անմոռուկ ծաղիկէն սկսեալ, մինչեւ գիրքի շնորհահանդէս մը, թուրքի մը Հայաստան այցելութիւնը, պատմաբան գիտնականի մը յայտարարութիւնը կրնան աննախատեսելի եւ երբեմն ալ անտեղի աղմուկ բարձրացնել, կրնան շեղել մեր աշխատանքներուն սլաքը, կրնան կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու համար հասարակութիւնը դրդելու եւ պառակտելու դրամագլուխ ապահովել, ուրիշներու «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» առիթ տալ, նոյնիսկ` փոխադարձ ամբաստանութիւններու, զրպարտութիւններու, ցեխարձակումներու, արհամարհանքի, մինչեւ իսկ մեր ազգակիցը դաւաճան յայտարարելու դուռեր բանալ:

Միթէ մենք այսպէ՞ս պիտի նշենք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Միթէ բունն ու խորքը մոռցած` կեղեւո՞վ պիտի զբաղինք: Միթէ մեր իսկական հակառակորդը` թուրքը ձգած, մեզի հետ համակարծիք չեղող մեր ազգակիցնե՞րը պիտի հարուածենք: Ինչո՞ւ գերզգացականութեամբ, անհեռատեսութեամբ եւ անհանդուրժողականութեամբ կը մօտենանք հարցերուն:

Բնականաբար, երբ մեր ազգային արժեհամակարգին անյարիր ու անընդունելի դէպքեր պատահին, մենք պէտք չէ լուռ մնանք ու չդատապարտենք: Բնականաբար, երբ մարդիկ «խօսքի ազատութիւն»-ը  չարաշահեն ու  վիրաւորեն մեր անհատական եւ հաւաքական արժանապատուութիւնը, պէտք չէ խուլ ու կոյր ձեւանանք, այլ հաշուետուութեան հրաւիրենք տուեալ յանցագործը: Բնականաբար, երբ տեսնենք, թէ բան մը տեղ մը, երեւոյթ մը մեր հաւաքական շահերուն կը հակասէ,  պէտք է բողոքենք ու համապատասխան լուծումներ առաջարկենք: Սակայն մտահոգիչ հարցը այս բոլորին մէջ մեր ունեցած հակազդեցութիւններուն որակին, ձեւին եւ  հետեւանքներուն կը վերաբերի…

Յատկապէս այս հանգրուանին, երբ թշնամին ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէ մեր ընթացքը խափանելու, երբ թշնամին նիւթական ու մարդուժի հսկայ ներդրումներ կը կատարէ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, մենք մեր հակազդեցութիւններուն մէջ առաւե՛լ զգօն, հաւասարակշռուած ու հեռատես ըլլալու հրամայականին առջեւ կը կանգնինք: Վստահաբար չենք ուզեր Թուրքիոյ ու աշխարհին առջեւ ներքնապէս խնդիրներ դիմագրաւողի, անհամաձայն եւ  իրերամերժ հասարակութեան պատկերով հանդէս գալ: Հետեւաբար հայութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկ նախքան գործադրուիլը, լրջօրէն սերտելը, իսկ պատահելէն ետք մեր ունենալիք հակազդեցութեան տարողութիւնն ու ազդեցութիւնը քննելը էական նշանակութիւն ունին:

Անախորժ դէպքերուն եւ կեցուածքներուն հակազդեցութիւնները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ, երբ անոնք կառուցողական քննադատութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ այլակարծութեան մշակոյթի որդեգրման սահմաններուն մէջ կը կատարուին: Բնական երեւոյթ է, որ բոլորս մեր բոլոր հարցերուն շուրջ նոյնանման կեցուածք ու կարծիք չունենանք, բայց անբնական է, որ մեր  տարակարծութիւններուն ու տարբերութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներ չունենանք: Եւ որո՞նք են հայութեան հասարակ յայտարարները, եթէ ոչ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, վնասուց հատուցումը, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգապահպանումը:

Գոնէ 2015-ին մէկ կողմ ձգենք մեր գաղափարական, կուսակցական, քաղաքական, կրօնական, անհատական եւ ընկերային տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները եւ որպէս մէ՛կ ու անպարտելի բռունցք փարինք ու կառչինք մեր հասարակ յայտարարներուն, ինչպէս նաեւ միասնակամութեամբ դիմագրաւենք առկայ մարտահրաւէրները: Ա՛յս կը պահանջէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, իսկ մենք ընդունակ ժողովուրդ ենք պահանջուած միասնակամութիւնը ապահովելու:

Մենք Ու Նոր Տարին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ժամանակը կը սահի: Օրերը արագօրէն կը հալին: Տարին արդէն իր վերջին հասած է: Նոր տարին եկած է ու կը թակէ մարդոց դռները եւ անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ գունաւոր երազներ հիւսել: Ներկայիս ամէն տեղ մնայուն արժէքները կը նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան կը տանին մեզ:

Ինքնաբերաբար մեր հին քաղաք-ծննդավայրս կը յիշեմ: Հոն, այդ հին քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին:

Որովհետեւ,

Երնէկ այդ օրերուն… Որովհետեւ այն ատեն, հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հոն մեծերը մեծ էին, եւ փոքրերը` փոքր, ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղին մէջ ունէին իրենց արդար եւ հաստատ բաժինը: Հոն Նոր տարին տան մէջ կը դիմաւորէինք, տունը կ’անցընէինք, մեծին տունը` ազգականական կապի ներկայացուցիչ մեծին տունը, եւ մեր թիւին վրայ այդ գիշեր կ’աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ:

Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր, մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան` իր հարազատ սեղանակիցներով: Նախ կ’ընթրէինք, եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ’աւելնային անբաժան զարդարանքները այդ օրուան` կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Միւս կողմէ` վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» կ’ընկերանային մեր ձայներն ալ` ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մըն ալ թուղթ խաղալով, քիչ մը երգելով եւ քիչ մըն ալ կատակելով եւ մանաւանդ «Երեւան»-ը մտիկ ընելով` կը դիմաւորէինք Նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայի հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերով եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:

Յետոյ…

Արդէն ժամը 12:00-էն մէկ երկու վայրկեան առաջ լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Եւ ապա մտովի եւ երբեմն ալ բարձրաձայն «Հայր Մեր»-ը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը:

Այսպէս, Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքներն ու համով հոտով օրհնութիւնները: Իսկոյն կը յիշուէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք, ապա վերադառնալով ներկային եւ  իրականութեան` կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատումը` առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր, որ եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, Նոր տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու` աղօթքով եւ, աւելին, մոմ մը կամ մոմեր վառելով:

Այսպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց` հակառակ մեծերուն յաւէտ մեկնումին եւ բացակայութեան: Ամերիկա կոչուած այս Աւետեաց երկիրը մեր հաստատուելուն առաջին Նոր տարիներն ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր, սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ  մեզի հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ զաւակներուն մեծնալով` կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ որոշումներով նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնը բանտեցինք մեր միտքերու թանգարանին մէջ, նոյնիսկ կամովին բանտարկեցինք:

Ու հիմա …հոս Նոր տարի… Եթէ նախապէս հոն Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք` իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մէկտեղում, հոս, սակայն, անոր վրայ աւելցան կամ ինքնաբերաբար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցինք Գոհաբանութեան օրը, «Քրիսմըս»-ը, անհատնում տարեդարձները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու  հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»-ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»:

Ահա՛ քեզի Ամերիկա:

Այսպիսով, մեր ցանկը «գիրցաւ», երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ, ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւողներ, զիրար կապկող եւ նոյնիսկ անիմաստ եւ սակայն լուռ մրցակցութեան մը մասնակից դարձանք:

Մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւններ արդէն իսկ կամովին գերեզմանած ենք:

Է՜հ, երանի՛ այն օրերուն:

Բայց կրկին ու միշտ շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ բոլորիդ:

bedig43@aol.com

Խմբագրական . Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Կրցանք Ընել (Բ.)
Թէեւ իբրեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ընկալել, այսուհանդերձ այսօր տպագիր մամուլ, այն ալ պաշտօնաթերթ, այն ալ օրաթերթ, եւ այն ալ հայերէն` սփիւռքի մէջ ինքնին ամէն օր իրագործում արձանագրել է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթին համար:

Գերարժեւորում չէ այս մէկը, այլ բառին բուն իմաստով ժամանակին, ժամացոյցին դէմ եւ  հետզհետէ նիւթական, կենցաղային, արժէքային առումներով առօրեայ պայքար: Ժամանակը բացարձակօրէն ի նպաստ տպագիր մամուլին չէ: Արագութեան կշռոյթը կայծակնային է` լուր տալու, հասանելի դառնալու, զանգուածային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Լուր տալու հեւքը` արհեստագիտութեան առումով նոր մրցանիշեր կը կտրէ, ժամանակավրէպութեան վտանգի սպառնալիքով, ամէն օր, օրաթերթին լոյս տեսած իւրաքանչիւր օր:

Տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առեւտրական հաստատութիւններն անգամ կրճատումներու կը դիմեն, երբ ամէն տեղ սեղմումի քաղաքականութեան ներքոյ ամփոփուելու միտումներ կը դրսեւորուին, ժամանակավրէպութեան դէմ պայքարի ելած մամուլը, իբրեւ ոչ եկամտաբեր հաստատութիւն,  իր անձնակազմը կը պահէ, սարքաւորումները կ՛այժմէականացնէ  եւ ճիգ կը թափէ յաղթահարելու տնտեսական զարգացող տագնապը:

Այստեղ մեզի օգնութեան կը հասնին թերթին առաքելութեան հաւատացող հովանաւորները, որոնք տուեալ էջ թէ կայք, գրական յաւելուած թէ բացառիկ կամ արաբերէն բաժին հովանաւորելու իրենց քայլերով կ՛օժանդակեն թերթին կանգուն մնալուն եւ զարգացման:

Նիւթական դժուարութիւնը սակայն մեզ չի պարտադրեր նոր ծրագիրներու չդիմելու եւ նոր բաժանմունքներ չյառաջացնելու: Այս տարուան հիմնական նորութիւնն ու իրագործումը «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի աշխատանքի արդիւնքն էր: Մամուլի թուայնացման աշխատանքը, արդէն շուտով հանրութեան տրամադրելի կը դարձնէ ոչ միայն «Ազդակ»-ի ութսունեօթնամեայ հաւաքածոն, այլ նաեւ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ թուայնացուած մամուլն` արխիւի պահպանման եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար օգտագործելի նիւթ տրամադրելու ճիշդ, գործնական  եղանակն ու համակարգը:

Արաբերէն կայքը նոր այցելուներ ապահովեց: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը այցելուներու աճի երեւոյթին մասին ի յայտ բերաւ, որ յատկապէս Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն նոր ընթերցողներ միացան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի արաբ թէ արաբատառ լրատուութիւններու հետեւող հայ ընթերցողներուն: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը արդէն իբրեւ կայացած օտարալեզու լրատուամիջոց` կը լուսաբանէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ Հայ դատի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Մանկապատանեկան յաւելուածը, իր հերթին,  ազդուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններէ: Ամառուան ժամանակաշրջանին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի թիւերը լոյս չտեսան տպագիր տեսքով. անոնք էջադրուած ձեւով առցանց հասանելի դարձան «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով: Դպրոցական վերամուտին հետ «Պզտիկ-Մզտիկ» դարձեալ սկսաւ հասնիլ ամիսը անգամ մը իր ընթերցողներուն: Մինչ, շարունակուեցան նաեւ «Անսխալ գրենք» մրցումները, որոնք համախմբեցին հարիւրաւոր մասնակիցներ:

Մամլոյ լսարաններու թիւը կը բախէ 100-ի դռները: Այս տարի եւս թէ՛ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ սփիւռքի վերաբերող  օրակարգերու մասին կազմակերպուեցան զեկուցական երեկոներ, մամլոյ լսարան տարազին տակ: Մինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, Միջին Արեւելքի հայութեան, արխիւային նիւթերու թէ քաղաքական ժամանակակից խնդիրներու մասին «Ազդակ» հաստատեց վիտէօ հարցազրոյցի բաժին, որ գրեթէ երկշաբաթեայ հերթականութեամբ տեղադրուեցաւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Բաւական աշխուժ էր «Ազդակ»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցին վրայ: Դիմատետրի իբրեւ օգտատէր «Ազդակ»-ի երկու խումբերը հաւաքած են շուրջ տասնհինգ հազար «ընկերներ», որոնք առնուազն տեղեակ կ՛ըլլան «Ազդակ»-ի օրական լուրերու խորագիրներէն: Դիմատետրի ճամբով նաեւ կտրուկ աճած է «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն թիւը:

Եւ եթէ «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի քանակը կայուն պահելու յատուկ ճիգ կը կեդրոնացնենք, ապա ելեկտրոնայինի աճը, վերահսկողութենէ դուրս ամիս առ ամիս բազմապատկուելու ընթացքին մէջ է: «Ազդակ»-ի արտալիբանանեան ընթերցողներուն թիւը, այս միտումով, գերակշիռ է եւ տակաւին նոր մրցանիշեր ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէ:

«Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու, թէ արտադրած լուրերու եւ տարբեր բնոյթի նիւթերու արտատպումը ոչ միայն սփիւռքեան մամուլին, այլ նաեւ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  նկատելի եւ կայացած երեւոյթ է: Յաւելեալ գնահատականը այս մարզին մէջ կը ձգենք հայ մամուլի նիւթերը մշտադիտարկողներու դատողութեան: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ նախորդ խմբագրականով մեր յիշած մարդուժի նկատառելի դժուարութեան, «Ազդակ» առանձնացաւ յատկապէս իր խմբագրակազմի անդամներու այլեւս կայացած անուններու յօդուածագրական արտադրութեամբ: Գաղափարական-գաղափարաբանական հարցերով, Հայ դատի վերաբերող դիպուկ ակնարկներով, լիբանանեան եւ գաղութային ու ազգային նիւթերու լրագրական-մեկնաբանական նիւթերով, թէ մշակութաբանական այժմէական անդրադարձներով կամ մօտիկ անցեալի վերաբերող ուսումնասիրութիւններով «Ազդակ» ընդգծեց իր հեղինակային արտադրողականութիւնը: Ի վերջոյ դիւրին չէր ազգային, կուսակցական ամէն յոբելեանի` այժմէականացման կարգով առաջնորդող գրութիւն հրապարակելը, այդ առիթով էջ պատրաստելը, համահայկական տարողութեամբ հրատապ իրադարձութիւնները թերթի լուսարձակներէն չվրիպեցնելու յատուկ կեդրոնացում պահանջող աշխատանքին առընթեր:

«Ազդակ»-ի բացառիկները` թէ՛ ապրիլեան եւ թէ՛ Ամանորի, շարունակեցին «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ արձանագրել Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն մամուլի  գործիչներու, մտաւորականներու անուններ, հրատարակութեան ապահովելով համահայկական դիմագիծ: «Ազդակ»-ի բացառիկներու երեւանեան շնորհահանդէսները  նպաստեցին թերթին առաւել ծանօթացման աշխատանքին: Ծանօթացում մանաւանդ հայաստանեան պետական,  լրագրական եւ գիտական շրջանակներուն:

Ժամանակակից հայ մամուլէն ակնկալուած աշխատանքներն են, որոնք փորձեցինք իրականացնել. ոչ աւելին: Բայց այս պարտականութիւնը կատարեցինք մամուլի համար հետզհետէ դժուարացող պայմաններու մէջ: Պիտի շարունակենք իրականացնել, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Այս հաստատակամութիւնը քննարկումի ենթակայ չէ: Ընկրկիլը բացառուած է:

Անդրադարձ. Մաշաալ Դարձեալ Մոռցաւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 28 դեկտեմբերին Քոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ընդհանուր ժողովը, որուն պատուոյ հիւրն էր պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ նշելէ ետք, որ «ձեր ժողովուրդը անցեալին դարերով պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան ու Պաղեստինը» յայտարարեց. «Ինչպէս անցեալին ձեր ժողովուրդը պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան եւ Պաղեստինը, մենք անգամ մը եւս պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը». կարծէք Օսմանեան կայսրութիւնը օրին Պաղեստինի անկախութիւնը պաշտպանած ըլլար:

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Մաշաալ այսպիսի յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Ան 30 սեպտեմբեր 2012-ին Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին եւս նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր:

Կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ Օսմանեան կայսրութիւնը բռնագրաւած էր Պաղեստինը եւ իր կայսրութիւնն էր, որ կը փորձէր պաշտպանել եւ ոչ թէ Պաղեստինի անկախութիւնը: Կարիք կա՞յ նաեւ յիշեցնելու, որ այդ փորձը ձախողութեամբ աւարտեցաւ: Մաշաալ իր երկիրը բռնագրաւումէ փրկելու համար պայքարող շարժումի մը ղեկավարն է: Ատիկա որեւէ բռնագրաւումի դէմ սկզբունքային կեցուածք մը կ՛ենթադրէ, սակայն ահա ան օսմանեան բռնագրաւումը կը գովաբանէ` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ հարցը բռնագրաւումը չէ, այլ` բռնագրաւողը:

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք մըն է եւ կարելի չէ անոր նկատմամբ երկու չափ երկու կշիռ կիրարկել: Պահ մը երեւակայենք հետեւեալը. թրքական բանակը կը ներխուժէ Պաղեստին եւ կը վերագրաւէ զայն: Այդ պարագային Պաղեստինի անկախութեան համար պայքարող պաղեստինեան դիմադրութիւնը զէնքերը վար պէտք է դնէ եւ նոր բռնագրաւումը անկախութեան տիրացո՞ւմ նկատէ: Անշուշտ ո՛չ, որովհետեւ բռնագրաւումը ժխտական երեւոյթ է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է բռնագրաւողը:

2012-էն երկու տարի ետք Մաշաալ դարձեալ մոռցաւ, թէ անկախութեան պայքարի մը մէջ երկու չափ երկու կշիռ կարելի չէ կիրարկել:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կոնդակը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան: Հետեւաբար, իր խորքով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ 2015 տարին` իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ:

Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ շաղախուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն ընտանիքը ենթարկուած չըլլայ ցեղասպանութեան, տարագրումի, հայրենազրկումի կամ սփիւռքացումի:

Հարիւր տարի յիշեցինք խունկով ու աղօթքով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որոնք զոհ գացին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան:

Հարիւր տարի յիշեցինք ողբով ու ցասումով մեր մշակութային ու կրօնական դարաւոր արժէքներուն` եկեղեցիներուն, վանքերուն, խաչքարերուն, սրբավայրերուն, ձեռագիրներուն ու հոգեմտաւոր անթիւ արժէքներուն քանդումն ու փճացումը նո՛յն ցեղասպանին կողմէ:

Հարիւր տարի յիշեցինք պոռթկումով ու պահանջատիրական ոգիով մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու անհատական բազմահազար կալուածներու բռնագրաւումը ցեղասպանին կողմէ:

Արդարեւ, 1915-ին, ցեղասպանութեան ու տարագրումի հետեւանքով ամայացան հայութեան ստեղծագործ ոգիով շէնցած ու ծաղկած քաղաքներն ու գիւղերը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ: Որքա՜ն կը պատշաճին սաղմոսին հետեւեալ բառերը Հայոց ցեղասպանութեան յառաջացուցած մահուան ու քանդումին. «Ո՜վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին: Քու ծառաներուդ դիակները երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին, քու սուրբերուդ մարմինը` երկրի գազաններուն: Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը, ու մէկը չկար, որ զանոնք թաղէր…» (Սղ. 79.1-3):

Ցեղասպանին ոճրային նպատակն էր` ցեղասպանութեան, տարագրումի ու հայաթափումի ճամբով բնաջնջել հայ ժողովուրդը ու ջնջել Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն…

Սակայն, իր դարաւոր հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած, գաղթական ու որբ դարձած հայ ժողովուրդի վերապրող զաւակները երբեք չմոռցան իրենց նահատակները, չմոռցան անոնց սրբազան կտակը: Անոնք լսեցին պատգամը Քրիստոսին, թէ` «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չե՛ն կրնար սպաննել» (Մտ. 10.28): Այս հաւատքով գօտեպնդուած ու հայ ժողովուրդի վերածննդեան տեսիլքով հզօրացած` վերակազմակերպեցին իրենց անհատական ու հաւաքական կեանքը. եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, համայնքային կառոյցներ հաստատեցին ու կազմակերպութիւններ յառաջացուցին սփիւռքի տարածքին: Անոնք նաեւ ցեղասպանին ու համայն մարդկութեան յիշեցուցին անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը իրենց ժողովուրդին եւ արդարութի՛ւն պահանջեցին:

Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներուն մեր եկեղեցին, Հայ դատի մարմինները, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ վերջին երկու տասնամեակներուն վերանկախացած մեր հայրենի պետութիւնը քարոզչական քաղաքական, յարաբերական եւ այլ միջոցներով ո՛չ միայն յիշեցուցին աշխարհին Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով հետապնդեցին քսաներորդ դարու անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այսօր փաստօրէն մեծ թիւով պետութիւններ, եկեղեցիներ ու կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայերու կարգին, օտար մտաւորականներ բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ հրատարակած են` Հայոց ցեղասպանութեան զանազան ծալքերը ուսումնասիրող ու անոր ճանաչումը պահանջող:

Արդ, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներու անմեռ կտակին եւ ուխտեցին, դարձեալ Սաղմոսին բառերով` «Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ: Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, եթէ քեզ չյիշեմ…» (Սղ. 137.5-6): Հարիւր տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի արի զաւակները յիշեցին ու յիշեցուցին` թակելով մարդոց փակ սրտերուն ու մտքերուն դռները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելով իրենց պայքարին կիզակէտը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Նուիրական նոյն պայքարը անհրաժեշտ է որ շարունակուի համազգային մակարդակով ու վերանորոգ թափով: Ժամանակը հասած է, որ մեր ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն ու այժմէականութիւն տայ` զայն փոխադրելով իրաւական դաշտ` միջազգային օրէնքի տուեալներու լոյսին տակ հետապնդելու իր բռնաբարուած իրաւունքները:

Ցեղասպանութեան ու Մարդկային իրաւանց հռչակագրերը յստակօրէն կը շեշտեն, որ ցեղասպանութիւնը ոճի՛ր է մարդկութեան դէմ եւ, հետեւաբար, ցեղասպանը, ըլլայ ան անհատ, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, պէտք է ներկայանայ միջազգային արդարութեան ատեանին: Միջազգային օրէնքը նաեւ կը շեշտէ, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը կ’ենթադրէ հատուցում: Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ նկատել վախճանակէտը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը, որպէս իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին ամուր հիմքը ու յստակ նպատակը: Կրնայ ըլլալ, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները նպաստաւոր չըլլան մեր պահանջատիրութեան: Կրնայ ըլլալ, որ ցեղասպանը իր դիւանագիտական ու տնտեսական ազդու միջոցներով արգելակէ մեր ժողովուրդին կողմէ այս ուղղութեամբ կատարուող որեւէ փորձ: Սակայն, հակառակ այս դառն իրականութեան, մեր ժողովուրդը առաւե՛լ հաւատքով ու յանձնառութեամբ կոչուած է շարունակելու իր պահանջատիրական երթը:

Հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ միասնական ոգիով ու միակամ ճիգով կը պատրաստուի նշել հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան: Սովորական ամեակ մը չէ, պէտք չէ՛ դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու նպատակասլաց մօտեցումով հարկ է արժեւորել այս թուականը մեր ազգի կեանքէն ներս: 100-ամեակը դարձակէտ մը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ: Վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ յառաջիկայ ապրիլ 23, 2015-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասումը վստահաբար կարեւոր դէպք մը պիտի դառնայ 100-ամեակի ծիրէն ներս:

Հարկ է նաեւ նայիլ 100-ամեակէն անդին… Յարափոփոխ աշխարհի պայմաններն ու առաջնահերթութիւնները յաճախ կը պահանջեն մօտեցումներու, գործելաձեւերու ու շեշտաւորումներու վերատեսութիւն, որպէսզի Հայ դատին հետապնդման աշխատանքները դառնան համահունչ մեզ շրջապատող իրականութիւններուն: Հարկ է ըլլալ արթուն ու միշտ միակամ. հարկ է նաեւ ճի՛շդ կարդալ «ժամանակի նշանները»…

Հայ դատը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբո՛ղջ հայութեան դատն է, մեր նահատակներուն դատն է, մեր ապագայ սերունդներուն դատն է: Արդ, իւրաքանչիւր հայ կոչուած է իր ներդրումը կատարելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական ճիգին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին սոյն հայրապետական սրբատառ կոնդակով կոչ կ’ուղղենք`

– Մեր թեմերուն` ժողովրդային լայն խաւերու մասնակցութեամբ, կրօնական արարողութիւններու, հրապարակային հանդիսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու ճամբով արծարծ պահելու մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակը ու կենդանի` անոնց յաւերժախօս պատգամը:

– Մեր ազգի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն` հաւաքական ճիգով ու միասնական ոգիով ծրագրելու ու արժեւորելու այս կարեւոր դէպքը մեր կեանքէն ներս:

– Մեր դպրոցներուն` հայ աշակերտի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքին մէջ յատուկ տեղ տալու 100-ամեակի իմաստին ու պատգամին:

– Մեր մտաւորականներուն` աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականին:

– Մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն` գործնապէս մասնակից դառնալու ընդհանրապէս Հայ դատի աշխատանքներուն ու մասնաւորաբար 100-ամեակին առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:

Թող մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը միշտ մնայ վառ ու անոնց կտակը` միշտ հնչեղ մեր անհատական թէ համայնական կեանքէն ներս:

Քրիստոնէական հաւատքով վերանորոգուած ու մեր նահատակներուն պատգամով հզօրացած քալենք յառաջ` դէպի մեր ժողովուրդի պայծառ ապագան:

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ: Ամէն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Տուաւ կոնդակս ի կաթողիկոսարանիս

Ի դուռն մայր տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 28-ն դեկտեմբերի, 2014 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին հայոց ՌՆԿԴ.

Ընդ համարաւ Վ/ՅԿԱ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Կոնդակը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Առիթով
«Ճանապարհք արդարոց որպէս լոյս ծագեն,

առաջնորդեն եւ լուսաւորեն, մինչեւ տիւն լուսաւորեսցէ»

(Առակ. Դ. 18):

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առջեւ ենք` մեր հոգիներում արդարութեան եւ ճշմարտութեան անլռելի, զօրեղ պահանջով:

2015 թուականի իւրաքանչիւր օր մեր ժողովրդի համար ոգեկոչման եւ խնկարկման օր է, հոգեւոր երթ` դէպի հայրենիքում եւ սփիւռքում վեր յառնած նահատակաց յուշարձաններ` ծնրադիր խոնարհումով աղօթք բարձրացնելու անշիրիմ մնացած մեր անմեղ զոհերի հոգիների համար, ովքեր մահն ընդունեցին` մերժելով հաւատուրացութիւն եւ ազգուրացութիւն: Յիրաւի, «Արդարների ճանապարհները նման են ծագող լոյսի, որն առաջնորդում եւ լուսաւորում է նրանց, մինչեւ որ օրը լրիւ լուսաւորի»:

1915 թուականին եւ հետագայ տարիներին օսմանեան Թուրքիայի կողմից իրագործուեց ցեղասպանութիւն մեր ժողովրդի նկատմամբ: Արեւմտեան Հայաստանում` բնօրրան մեր հայրենիքում եւ Թուրքիայի հայաշատ բնակավայրերում կազմակերպուած ջարդերին, սովին ու հիւանդութիւններին, որ իշխում էին բռնագաղթի ճանապարհներին, զոհ գնացին ազգիս մէկ եւ կէս միլիոն զաւակներ: Թալանուեց դարերով ստեղծուածը, արդար վաստակը մեր ժողովրդի: Խոնարհուեցին ու աւերուեցին հազարաւոր մեր վանքերն ու եկեղեցիները, ազգային հաստատութիւնները, դպրոցները, ոչնչացուեցին եւ կորստեան մատնուեցին մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքները: Հայաթափուեց Արեւմտեան Հայաստանը, որտեղ մեր ժողովուրդը հազարամեակներ` Նոյեան դարից ի վեր, ապրել, արարել եւ իր պատմութիւնն ու մշակոյթն է կերտել:

Մէկ դար առաջ, երբ հայրենազրկուած հայութեան բեկորները սփռւում էին ողջ աշխարհով, երբ Արեւելեան Հայաստանը կենաց եւ մահու գոյամարտ էր մղում թուրքական զաւթիչների դէմ, դժուար էր հաւատալ հայ ժողովրդի ապագային: Բայց այն ճառագեց: Մեր ժողովուրդը Տիրոջ շնորհով յառնեց մահուանից: Հայրենիքի փրկուած հողակտորի վրայ վերականգնեց պետականութիւնը, աւերակներից ու խլեակներից վերակերտեց հայրենի երկիրը, դարձրեց գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, «լոյսի եւ յոյսի հայրենիք»: Տարագիր հայութիւնը տարբեր երկրներում իր տունը կառուցեց, հայրենի ծուխը ծխեցրեց, ապրեցրեց ու բարձրացրեց իր հոգեւոր ու ազգային կեանքը: Որտեղ էլ ապրեցին մեր ժողովրդի զաւակները, հասան յաջողութիւնների, արժանացան յարգանքի, վստահութեան, ճանաչուեցին բարեխիղճ աշխատանքով, գիտութեանը, արուեստին, հասարակութեան բարօրութեանը բերած աւանդով: Այսպիսին է վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը մեր ժողովրդի` պատմութիւն մաքառումի եւ վերածննդի: Այսօր, հակառակ բոլոր դժուարութիւնների, մեր ժողովուրդը ամրապնդում է իր անկախ պետականութիւնը, կերտում իր ազատ նոր կեանքը եւ ազգային վերազարթօնքի յոյսերով, լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ նայում գալիքին:

Փառք Քեզ, բիւր փառք Քեզ, Տէ՛ր, «Քո սպառազինութեամբ պաշտպանեցիր մեզ» (Սաղ. Ե 13): Քո յոյսով, Տէ՛ր, մեր ժողովուրդը պայծառացաւ ու զօրացաւ: Քո լոյսով փայլեց մեր հոգու հանճարը, Քո զօրութեամբ ծնունդ առան մեր յաղթանակները: Ստեղծեցինք, երբ մեր ստեղծածը աւերեցին, ապրեցինք, երբ ուզեցին կորստեան մատնել մեզ: Դու, Տէ՛ր Աստուած մեր, կամեցար, որ ապրի ու բարձրանայ եղեռնագործ ծրագրով մահուան դատապարտուած մեր ժողովուրդը եւ մարդկութեան խղճի եւ միջազգային իրաւունքի առջեւ բարձրացնի ու պաշտպանի իր արդար դատը` ընդդէմ պիղատոսեան անտարբերութեան եւ Թուրքիոյ ոճրագործ ժխտողականութեան:

Արդարութեան համար, մինչեւ մեր դատի յաղթանակ, միասնաբար` եկեղեցի, ազգ եւ պետութիւն, աննահանջ պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Արդարութիւն է պահանջում մեր անմեղ զոհերի արիւնը, մեր ժողովրդի կրած տառապանքը, արդարութիւն են պահանջում մեր աւերակուած սրբութիւնները, մեր ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքները, նաեւ` կեղծուող եւ խեղաթիւրուող պատմութիւնը մեր ժողովրդի: Ցեղասպանութիւն վերապրած մեր ժողովուրդը հաւատացել եւ հաւատում է, որ տասնեակ երկրների, պետական, հասարակական կազմակերպութիւնների ու անհատների կողքին, ովքեր ճանաչել են Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի կանգնեն նորերը,  համոզումով, որ արդարութեան հաստատումը պայմանն ու երաշխիքն է թշնամանքից եւ բռնութիւնից զերծ խաղաղ աշխարհի:

Մէկ եւ կէս միլիոն մեր նահատակների յիշատակի առջեւ Մենք երախտագիտութեան Մեր խօսքն ենք վերստին ուղղում այն պետութիւններին, կազմակերպութիւններին եւ անձանց, ովքեր ճանաչել եւ դատապարտել են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երախտագիտութիւն ենք յայտնում մեր ժողովրդի զաւակներին եղբայրաբար ընդունած երկրներին ու նրանց բարեսէր ժողովուրդներին: Մարդկութեան պատմութեան լուսաւոր էջեր են արդարութեան եւ մարդասիրութեան այսօրինակ դրսեւորումները, որ սերունդներից միշտ պիտի յիշուեն եւ միշտ գնահատուեն ու նպաստեն աշխարհի խաղաղ, անվտանգ, համերաշխ կեանքին:

Հայոց հայրապետիս համար հոգեւոր մխիթարութիւն է ի լուր մեր ժողովրդեան ծանուցել, որ 2015 թ. ապրիլի 23-ին մեր Սուրբ եկեղեցին` յընթացս սրբազան պատարագի, յատուկ արարողակարգով սրբերի շարքում է դասելու «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նահատակութեան պսակն ընդունած իր զաւակներին` Ցեղասպանութեան նահատակ սրբերի յիշատակի օր հռչակելով ապրիլի 24-ը:

Շնորհընկալ ժողովուրդ հայոց, ա՛զգ նահատակ, ա՛զգ յարուցեալ. խրոխտ ապրիր, վստահ քայլիր, հայեացքդ տապանակիր Արարատին` աներկմիտ սրտով մեծ պահիր յոյսդ: Քեզ է ուղղուած մեր Տիրոջ խրախոյսն ու պատգամը. «Թէեւ քիչ զօրութիւն ունես, բայց պահեցիր իմ խօսքերը եւ չուրացար իմ անունը: … պահիր` ինչ որ ունես, որպէսզի ոչ ոք չառնի քո պսակը» (Յայտն. Գ 8-11): Արդ, պահպանենք մեր ընթացքը Աստուծոյ առաջ արդար ու ճշմարիտ, հաւատքի հաստատուն ուղիներում, որ ծագող այգաբացի պէս ցրում է խաւարը եւ պարզում յոյսի հորիզոնները: Աստուծոյ հետ է մեր ճանապարհը, եւ հաւատքի կեանքը` մեր յաղթութիւնը: 100-րդ տարելիցը արդիւնաւորենք մեր ժողովրդի մէկդարեայ մաքառումի եւ վերածննդի ուղին արժեւորելով, որպէսզի մեր զաւակները ճանաչելով իրենց պապերի եւ հայրերի ապրելու եւ ստեղծելու հերոսական կամքը, յանուն ազգի եւ հայրենիքի ստանձնած յանձնառութիւնները` կերտեն նոր պայծառ օրը հայրենի մեր երկրի ու աշխարհասփիւռ ժողովրդի: Մեր նահատակների յիշատակի ոգեկոչումը դարձնենք ուժ եւ զօրութիւն հոգեւոր, ազգային, հայրենական մեր կեանքին եւ Աստուծոյ ու մարդկանց առաջ արդար ընթացքով լուսաւորենք մեր ճանապարհը դէպի մեր իրաւունքների, մեր նուիրական իղձերի իրականացման հանգրուան:

Քրիստոսակառոյց նուիրական հոգեւոր կենտրոնում ազգիս` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Իջման սուրբ սեղանի առջեւ աղօթում ենք առ Աստուած` հայցելով խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն մեր հայրենիքին, սիրեցեալ մեր ժողովրդին ի սփիւռս աշխարհի եւ անմայրամուտ լոյս ու հանգստութիւն` Ցեղասպանութեան մեր անմեղ նահատակների հոգիներին: Թող մարդկութեան կեանքում թագաւորեն սէրն ու եղբայրութիւնը, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը, եւ արդարների ճանապարհները որպէս լոյս ծագեն, առաջնորդեն ու լուսաւորեն, մինչեւ լուսաւորուի նոր օրը խաղաղ ու երջանիկ աշխարհի:

Շնորհ, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ մեզ եւ ընդ ամենեսեան. ամէն:

Օրհնութեամբ`

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ կոնդակս ի 28-ն դեկտեմբերի

յամի Տեառն 2014 եւ ի թուին հայոց ՌՆԿԳ

ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի

ընդ համարաւ 886

24 Դեկտեմբեր 1998. Հրայր Մարուխեանի Վերջին Ուղեւորութիւնը «Դէպի Երկիր»
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24-ին, 16 տարի առաջ, Հայաստան տարուեցաւ անկենդան մարմինը Դաշնակցութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Հրայր Մարուխեանի:

Յաւիտենական իր հանգիստը գտնելու համար հայրենի տուն վերադարձաւ մեր ժողովուրդի գաղափարապաշտ զաւակներէն եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող տիպարներէն Հրայր Մարուխեան:

24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան սգակիր վկան դարձան ընկեր Հրայրի վերջին ուղեւորութեան Դէպի Երկիր:

Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ըստ արժանւոյն դիմաւորելու համար ազգի եւ հայրենիքի անձնդիր նուիրեալը: Հրայր Մարուխեան արժանացաւ պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տունդարձ»-ի փառքին: Հայրենի հայութիւնը, այդպէ՛ս, ակնածանքի հանդիսաւոր ջերմութեամբ, ի վերջոյ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին: Սայթաքումը այն «Նախագահական հրամանագրին», որ ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու փոխներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը վտարեց… իրենց պաշտած հայրենիքէն:

Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան ինք բնաւ չհաշտուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահի համազգային բարձրագոյն դիրքին եւ պաշտօնին այդօրինակ չարաշահման դէմ:

29 յունիս 1992-ի այդ «արտաքսում»-էն մինչեւ 17 յուլիս 1994-ի ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուիլը, Հրայր Մարուխեան ամէն առիթով, յանուն Դաշնակցութեան, ողջախոհութեան ու գործակցութեան ձեռք երկարեց հակադաշնակցական մոլուցքով կուրցած Հայաստանի նախագահին, բայց այդ ձեռքը միշտ ալ կախուած մնաց…օդին մէջ, ընդառաջում չստացաւ:

Այդպէ՛ս, Հայաստանի նախագահէն «պատժուած» եւ ճակատագրի դաժան հարուածի պատճառով չորս տարի անկենդան ուղեղով շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի մեծավաստակ ներկայացուցիչը:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «անկեղծ զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ` պահանջատէր հայութեան:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի պատուանդանին բարձրացուց տարաբախտ մեր ընկերը:

Հրայր Մարուխեան ծնած էր դեկտեմբեր 19-ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը` մեքենագիտական բնագաւառէն ներս:

ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ պատանեկան միութեան եւ ապա անցած` կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963-ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1964-ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Հրայր Մարուխեան իր կարգին Պէյրութ տեղափոխեց իր անձնական գործը: 1967-ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց այդ պաշտօնին մէջ` մինչեւ նստաշրջանին աւարտը: Իսկ 1972-ին` ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ, մինչեւ իր եղերական մահաքունը, շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Հրայր Մարուխեան ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975-ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, ուրկէ շարունակեց համադրել Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը:

Աթէնքեան իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ:

1988-ի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհ. ժողովին, արցախեան շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան կամքը ազդարարելով` ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր», եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները:

Իբրեւ այդպիսին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազգային-ազատագրական շարժման նորօրեայ զարթօնքին ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեանց համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 յունիս 1992-ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը իբրեւ «ոչ բաղձալի» Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայրենի հողէն արտաքսուած` Հրայր Մարուխեան վար չդրաւ պայքարի իր զէնքերը եւ, քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց ՀՀՇ-ական իշխանութեանց հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անհաշտ պայքարը:

17 յուլիս 1994-ին Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղի կաթուած եւ դատապարտուեցաւ անկենդան գոյութեան…ամբողջ չորս տարի:

Այդ շրջանին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքին զարգացումները եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքին ճնշման տակ իշխանութեան ղեկէն հեռացուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Բայց տարաբախտ Հրայր Մարուխեան ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ անձամբ իր առաջնորդած ազգային¬քաղաքական ուղիին:

21 դեկտեմբեր 1998-ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը` մայր հայրենիքէն հեռու, Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24-ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն` Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Կը յիշենք այս բոլորը եւ կը խոնարհինք անձին ու գործին առջեւ հայու եւ դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեանի անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ` մարտունակ վերածնունդին վրայ:

Սփիւռքի Կարողականութեան Նոր Պեղումներ
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Իրարմէ քանի մը շաբաթ հեռաւորութեամբ եւ կազմակերպական առումով իրարմէ բաւական տարբեր երկու հանդիպումներ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն, անգամ մը եւս սեղանի վրայ բերին հայութեան ազգային ներուժի լաւագոյնս օգտագործման մնայուն մարտահրաւէրը:

Անոնցմէ առաջինը սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովն էր: Միւսը` «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի իր տեսակով աննախընթաց ռազմավարական սեմինարն էր, որ տեղի ունեցաւ 13-14 հոկտեմբերին, Լիզպոնի մէջ, համեմատաբար սահմանափակ, մօտ քառասուն մասնակիցներով` ե՛ւ սփիւռքէն, ե՛ւ հայրենիքէն: Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը հրատարակած է իր յայտարարութիւնը, մինչ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեան մասին շրջագայութեան դրուած է բաժանմունքին պատրաստած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ուր ամփոփ կերպով ներկայացուած են երկօրեայ քննարկումներուն արդիւնքները:

Երկու նախաձեռնութիւններէն, հասկնալիօրէն, առաջինը արդէն որոշակի իմաստով համակարգային իրավիճակ ստացած է այն իմաստով, որ 1999-ին արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած առաջին համաժողովը կրկնուած է 2002 եւ 2006 թուականներուն, եւ 2011-էն սկսեալ անոր կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է երեք տարի առաջ կեանքի կոչուած սփիւռքի նախարարութիւնը:

Անկախ Հայաստան-սփիւռք համաժողովի դրական թէ ժխտական բոլոր երեւոյթներէն, գնահատելի թէ քննադատելի կէտերէն, զայն պէտք է ընկալել որպէս հիմնականօրէն դրական տեղաշարժ` հայկական պետականութեան կայացման գործընթացին մէջ: Թերեւս նման զանգուածային նախաձեռնութիւն անխուսափելիօրէն ընկալուի, լաւագոյն պարագային, որպէս թատերական ներկայացում, հայաստանեան բնորոշումով` շօու, իսկ աւելի շնական բնորոշումով` սփիւռքը սիրաշահիլ եւ զայն իշխանութեան կառքին լծել: Թերեւս տակաւին այնքան յստակ չեն` ո՛չ այս նախաձեռնութեանց արդիւնքները, ո՛չ ալ, նոյնիսկ, այդ արդիւնքներուն առարկայական գնահատման որեւէ մեթոտաբանութիւն: Բայց հարցական է ինքնին, թէ ի՛նչ «արդիւնքներ» կարելի է սպասել նման նախաձեռնութիւններէ կամ ինչպէ՛ս Հայաստան-սփիւռք համաժողովները որպէս երեւոյթ պէտք է ընկալուին հայկական անկախ պետականութեան կայացման կարելի գործընթացներէն մէկը, եւ այս իմաստով պէտք չէ մտահան ընել անոնց գաղափարախօսական ենթահողը: Ի վերջոյ, անկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը բացառած էր Հայաստան-սփիւռք համարկման գործընթացը ներառել պետական քաղաքականութեան օրակարգին: Օրէնքով արգիլուեցաւ երկքաղաքացիութիւնը, եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դիտուեցաւ որպէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման միակ կարելի ոլորտը: Եթէ հայկական պետականութեան այս գործընթացը ամրագրուէր, վստահաբար ոչ միայն սփիւռքի նախարարութեան ու Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու երեւոյթը գոյութիւն չէր ունենար, այլ, շատ հաւանաբար, Հայաստանն ու սփիւռքը զարգանային առանց համարկման հեռանկարի կամ սպասումներու: 1998-էն ետք հայկական պետականութեան կայացումը նաեւ կարելիութիւն ստեղծեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանել համարկման գործընթացի տրամաբանութեան մէջ: Համարկման այս գործընթացը աւելի կայուն հաստատութիւններ պիտի ստեղծէ՞, թէ՞ պիտի մնայ Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու մակարդակին: Այս հարցումն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր:

«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ պատմականօրէն աննախընթաց էր, սակայն խոստմնալից` Հայաստանի եւ սփիւռքի զարգացումներուն ու փոխյարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու իմաստով: Նախաձեռնութիւնը հարազատ է բաժանմունքի նորագոյն վերաշխուժացման եւ հեռանկարային ծրագիրի մը գործի դրուելու ոլորտին մէջ: Ռազմավարական սեմինարին խորագիրը, պէտք է ընդունիլ, անակնկալ էր. ցարդ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցով կլանուած ազգային հաւաքական երեւակայութեան մէջ յանդգնիլ հայութեան յաջորդ հարիւրամեակին նայիլ, այլ խօսքով` 2015-ի փոխարէն` 2115 թիւը նկատի ունենալ…Հասարակական գիտութիւն չկայ, որ համարձակի հաւաքական գործընթացները քառորդ դարէն անդին նախատեսել եւ նոյնիսկ ամենաազգայնաշունչ ճառերը կը խօսին հայութեան յաւերժականութեան մասին, ինչ որ, պարզ է, աւելորդ, դիւրին է, քան` յաջորդ հարիւրամեակին ծրագրում մը նախատեսել:

Սեմինարը նման ծրագրումի յաւակնութիւնը չէր կրնար ունենալ բնականաբար, սակայն դրական նախանշան մը կու գար տալու ցարդ հիմնականօրէն մտաւորական իմաստով իրարու մօտեցնող գործնական թէ տեսական նախաձեռնութիւններ, որոնց հասարակ յայտարարը համաշխարհային մակարդակով զօրաշարժի ենթարկուելու կարողականութիւնը ունեցող սփիւռք-քաղաքացիական հասարակութիւնն է: Հայրենի իրականութեան եւ զոյգ հանրապետութիւններու` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, աշխարհաքաղաքական, ինչպէս նաեւ ընկերա-տնտեսական զարգացման հիմնախնդիրները, պարզ է, չէին բացակայեր: Սակայն անոնց զուգահեռ, սեղանի վրայ էին մարտահրաւէրներ, որոնք յատուկ են միայն սփիւռքին, հիմնականօրէն` ինքնութեան, մշակութային զարգացման եւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հիմնախնդիրներ, որոնց պատասխանը սփիւռքը ի՛նք պիտի գտնէ` զանգուածային ու մտաւորական նոր տեղաշարժներու հրամայականով թելադրուած:

Երկու հանդիպումներն ալ կ՛ամրագրեն 21-րդ դարու առաջին տասնամեակով կամ թերեւս անոր կէսէն սկսած յաւելեալ թափով յառաջ գացող գործընթաց մը, զոր կրնանք սահմանել որպէս սփիւռքի կարողականութեան նոր պեղումներ: «Նոր», որովհետեւ ինչպէս պարբերաբար հայոց պատմութեան թերեւս ամբողջ տեւողութեան, բայց վստահաբար 20-րդ դարուն աշխարհաքաղաքական պայմաններու թելադրանքով հայութիւնը այսօր եւս կը դիմագրաւէ տեղաշարժերու ժամանակաշրջան մը: Արցախի ազատագրական պայքարով եւ Հայաստանի անկախութեամբ ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, որ հայութեան զանգուածային տեղաշարժերու գործընթացը թերեւս հասած էր իր աւարտին եւ կը մնար միայն հայրենադարձութեան վախճանական հանգրուանը: Արդ, 21-րդ դարու առաջին քառորդի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը կը յուշէ, որ հայրենադարձութիւնը կը մնայ, պէ՛տք է մնայ հեռանկար, սակայն, մէկ կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ հայաշատ երկիրներուն բաժանման գործընթացը, եւ միւս կողմէ` Եւրասիական տարածաշրջանի համարկման ծրագիրը հայութիւնը դէմ յանդիման պիտի դնեն երկու մեծ տեղաշարժերու, որոնց մարտահրաւէրը անհրաժեշտ է դիմագրաւել ե՛ւ ռազմավարական, ե՛ւ տեսական, ե՛ւ գաղափարախօսական իմաստով` ապահովելու համար հայութեան ոչ միայն վերապրումը, այլ` հետագայ զարգացումը:

Սրտի Կոչ Հայաստանէն Շրջանաւարտ Լիբանանի Միութեան Անդամներուն
Սիրելինե՜ր, կ՛ողջունեմ ձեզ Նոր Տարուայ սեմին, ցանկալով ձեզ եւ ձեր ընտանիքներուն բարի մուտք 2015 թուին: Վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մտքին ու սրտին մէկ անկիւնը ունի զինք յուզող ու մտահոգող հարց մը: Հարց` որ չենք կրնայ չնկատել, հարց` որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը յուզէ, հարց գիտակցութեան մեր մայր հայրենիքի որբ ու աղքատ երեխաներու նկատմամբ: Արդեօք երբեւէ կը յիշե՞նք ուսանելու մեր ցանկութիւնը, սակայն նիւթականի բացակայութիւնը ու ապրուստի դժուարութիւնը, որոնք մղեցին մեզ ուսանելու Հայաստանում: Մենք ուրախացանք, ուսանեցանք, ստացանք համալսարանական վկայական, ունեցանք մեր գործ ու դիրքը Լիբանանին մէջ (եւ կամ այլուր), վայելեցինք մեզի ընծայուած բարիքը, որ հայրենիքը տուաւ մեզի:

Եկէք սիրելիներ այս Նոր տարուայ սեմին, Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ, համախմբուենք, կարծիքներ փոխանակենք, ձեռնարկենք, թէ ի՞նչ միջոցներով կարող ենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել հայրենիքին, օգնելով, սատար լինելով նրա այսօրուայ ոչ դիւրին կացութեան մէջ գտնուող աղքատ, որբ մատաղ սերունդին:

Թող 2015 թուականը ձեզի համար ըլլայ առողջ ու բարեբեր տարի:

ՄԱԹԷՈՍ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ

Տոքտոր-ատամնաբուժ

Վարձքդ Կատար, Սիրելի՛ Ընկեր Վահան
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Սուգի մատնուած է այսօր հայաշխարհը… յուզուած է Երեւանը… երեւանցի Վահանը անդարձ կը բաժնուի իր սիրելի քաղաքամայրէն: Հայաստանի պետականութիւնը կը կորսնցնէ պետական եւ դիւանագիտական հարուստ կենսափորձ նուաճած եւ յարգանք պարտադրող կարողականութեամբ օժտուած պատկառելի անհատականութիւն մը: Հայ մտաւորականութիւնը կը կորսնցնէ հայ գրականութեան անշահախնդիր սպասարկող ու ստեղծագործ մտքի եւ յանձնառու գրիչի տէր անձնաւորութիւն մը: Արցախեան հերոսամարտի քաջարի տղաքը դժուար թէ համոզուին իրենց մարտական անձնուրաց ընկերոջ եւ նաեւ պատասխանատուին անժամանակ մեկնումով: Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը կը գուժէ իր մեծ ու անկեղծ ընկերոջ` բոլորին սիրելի ընկեր Վահանի մահը: Եւ վերջապէս մեծ է ցաւը երբ ընկեր Վահանի ընկերական ու ընտանեկան շրջանակէն կը խլուի իր համակող ներկայութիւնը եւ մանաւանդ ժպիտը:

1990-ական թուականներու սկիզբը, նորանկախ Հայաստանի ստեղծման եւ Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման այդ օրերուն, իբրեւ զաւարեանականներ, ուսանողական եւ այլ խորհրդաժողովներու ընթացքին պատիւը եւ առիթը ունեցանք ծանօթանալու ընկեր Վահանին: Տակաւին մեր յիշողութեան մէջ թարմ են եւ ամրօրէն դրոշմուած կը մնան անոր ելոյթներուն ընթացքին հնչած գաղափարները, հայութեան ու Հայաստանի փայլուն ապագային նկատմամբ անոր տածած մեծ հաւատքը: Ան այդ հաւատքով կ՛ուզէր վարակել նաեւ իր շրջապատը: Ընկեր Վահան շատ պայծառ կերպով կը սահմանէր ու կը բացատրէր Դաշնակցութեան ընելիքը Հայաստանի մէջ: Ան նորաստեղծ պետականութեան վրայ կը գուրգուրար իր զաւկին նման ու այս իմաստով չափազանց բծախնդիր պահանջկոտ մօտեցում կը ցուցաբերէր եւ կը խարազանէր Հայաստանի իշխանութիւններուն այս իմաստով դրսեւորած ամէն տեսակի օրինազանցութիւն եւ սխալ վարքագիծ: Դաշնակցութեան ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կարգախօսի գործնականացման ճամբուն վրայ ընկեր Վահան, այդ կարեւոր ժամանակահատուածին, փորձեց նորահաս սերունդներուն մօտ իր հեղինակութեամբ ստեղծել մեծ հետաքրքրութիւն եւ ջանաց այդ հետաքրքրութիւնը վերածել ամէնօրեայ ապրումի:

Ընկեր Վահանի եւ իր նմաններուն ճամբով մենք ճանչցանք հայրենիքը, շաղախուեցանք անոր հետ, եւ այդ անքակտելի կապը չկրցաւ փշրել նոյնիսկ անկախ Հայաստանի հին, բայց նորացուած հակադաշնակցականութեամբ լեցուած այդ օրերու հայրենի իշխանութիւնը: Մենք դարձանք աշակերտ ընկեր Վահանի դաւանած դպրոցին` հայրենիքը վերածելով բացարձակ արժէքի, եւ իր ու իր նմաններուն ճիգով համոզուեցանք եւ հաւատացինք, որ օր մը անպայման ազգային մտածողութիւնը հայրենի հողին վրայ պիտի կայանայ եւ ինքզինք պարտադրէ իշխանութեան բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Ընկեր Վահանը նաեւ մեզի համար դաշնակցական նորօրեայ տիպար էր: Յաճախ կ՛ըսուի, որ տիպարները կը փնտռուին գիրքերու մէջ: Ընկեր Վահան եւ իր նմանները մեզի համար դարձան ապրող ու շնչող տիպարներ: Այո՛,մեր սիրելի ընկերը իր գործունէութեան ընթացքին դարձաւ արցախեան պահանջատիրութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն: Իր գրիչը եւ խօսքը միշտ քանդակուած մնացին դաշնակցական գաղափարական արժէքներու հէնքին վրայ: Դաշնակցական մարդու վայել կեցուածքով դիմաւորեց ամէն տեսակի զրկանք եւ բանտային կալանք:

Հայաստանի նախագահական եւ ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին, ընտրարշաւներու ընթացքին, հայրենի ժողովուրդի մտահոգութիւններուն եւ երկրին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շրջանցման համար Դաշնակցութեան փլաթֆորմներու ներկայացումը իր կողմէ անգամ մը եւս եկան ապացուցելու, որ հայրենի ժողովուրդին հին ու հարազատ ընկերը Դաշնակցութիւնն է ու պիտի շարունակէ մնալ այդպիսին: Ազգային ժողովին մէջ ընկեր Վահանի ելոյթները արժանացան  նաեւ իրեն գաղափարականօրէն հակադրուած պատգամաւորներու յարգանքին: Հայ մամուլին մէջ մեր ընկերոջ ասուլիսները եւ յօդուածները շարունակեցին յափշտակութեամբ կարդացուիլ, որովհետեւ անոնք օժտուած էին ազգասիրութեամբ եւ անկեղծ հայրենասիրութեամբ, ինչպէս նաեւ լայն գիտութեամբ հարստացած առարկայական վերլուծութեամբ: Միջազգային խորհրդաժողովներու ընթացքին հայրենի պետութեան իբրեւ ներկայացուցիչ ակներեւ էր ընկեր Վահանի ցուցաբերած դիւանագիտական բարձր հմտութիւնը: Այս բոլոր յատկանիշները զինք դարձուցին դաստիարակիչ տիպար, որմէ դասեր ունին քաղելիք գալիք սերունդները:

Այո՛, վստահաբար շատ բան պիտի գրուի ու խօսուի ընկեր Վահանի մասին: Վերջին շրջանին, երբ պատասխանատու ընկերներու հարց կու տայինք իր առողջական վիճակին մասին, բոլորին աչքերուն մէջ կը տեսնէինք թաքնուած արցունք եւ բերնէն ընդվզումով ժայթքող մէկ բառ` ԱՓՍՈՍ…

Ընկեր Վահան հրաժեշտ կու տայ հայութեան մեծ ընտանիքին` հայոց պատմութեան վճռորոշ մէկ հանգրուանին, երբ շուտով ազգովին պիտի նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Շատ պիտի փնտռենք մեր ընկերը, որովհետեւ ընդունինք, որ պատմութեան ընթացքին իր տեսակը միշտ ալ հազուագիւտ է եւ այդ հազուագիւտ տեսակն է, որ կը կերտէ ազգը իր արժանապատուութեամբ եւ ազգային բարձր տեսլականներով: Բոլորը միշտ կարօտով պիտի յիշեն մեր ազնիւ ընկերը, որովհետեւ իր համակ կեանքով ան մնաց ազնիւ մարդ եւ արժանապատիւ հայ:

Սիրելի՛ անգին ընկեր,

Կորուստիդ առթած վիշտը շատ մեծ է եւ ոչ մէկ ատեն կարելի է պոկել: Դուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան արժէքային համակարգին վրայ եկար դարբնելու վաւերական նոր արժէքներ: Դաշնակցութիւնը քեզմով աւելի մեծցաւ եւ ուռճացաւ: Նորանկախ Հայաստանը քեզմով միշտ հպարտացաւ եւ պիտի մնայ հպարտ: Վաղը պիտի միանաս Դաշնակցութեան մեծերուն` Քրիստափորին եւ Զաւարեանին, ընկեր Մարուխեանին եւ ընկեր Տասնապետեանին եւ մեզմէ նոր բաժնուած նահապետին` ընկեր Սօս Սարգսեանին: Իսկ մենք ձեր բոլորին շուքին ներքեւ պիտի շարունակենք գործը եւ  ընդարձակենք պայքարը: Պատի՛ւ կատարած գործիդ, յարգա՛նք վաստակիդ, դաշնակցական մեծ եւ նուիրեալ գործիչ:

Հայրենի պաշտած հողդ թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր…

Հոգին Փրկուած Էր Վաղուց Եւ Անունը Վահան Յովհաննիսեան Նոյնպէս
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Բոլորս էլ գիտէինք, որ մահը չոքել է նրա դրանը: Ամէնից շատ ինքը դա գիտէր: Ամիսներ առաջ զանգահարեց Պերլինից, ասաց, որ ֆէյսպուքում կարդացել է իմ մի պատմուածքն ու հիմա խեղդում է կարօտը… Ինքը խօսում էր ու ես հասկանում էի, որ այդ կարօտ ասածը տարածական հեռաւորութեան արդիւնք չէ: Այդ պահերին նա Գերմանիայում էլ չէր, մի այլ տեղում էր, որի ճիշդ հասցէն ոչ ինքը գիտէր, ոչ` ես: Նրա խօսքում հրաժեշտի երանգներ էին հնչում: «Ո՛նց ես, Վահան»,- վախուորած հարցրեցի:

«Ցաւերին չեմ դիմանում,- խոստովանեց,- բարեւիր տղերքին…»: Միւս օրը զանգահարեցի «Անտարես» հրատարակչութիւն` Արքմենիկին, խնդրեցի արագացնել «Մանտիլիոն»-ի տպագրութիւնը: Լեզուս չէր պտտւում ասելու` որ թող տեսնի հայերէն գիրքը յետոյ գնայ, ուր պիտի գնար: Թերեւս գիրքը նաեւ մեղմէր ցաւերը… Գոնէ մեղմէր: Փրկել այլեւս չէր կարող: Եւ չփրկեց: Չփրկեց մարմինը: Իսկ հոգին փրկելու կարիք չկար: Հոգին փրկուած էր վաղուց: Եւ անունը` ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ` նոյնպէս:

Դու Մեռնելու Իրաւունք Չունես, Մինչեւ Ինձ Ու Հրայրին Դալանում Չծեծես
ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ

Մտերիմները գիտէին, որ նա վատառողջ է: Շատ վատառողջ: Գերմանիայից վերադարձող բոլոր պատուիրակութիւններին հարցնում էինք. Վահանը ո՞նց է: Բոլորի մօտ յոյս կար, որ այդ կենսուրախ եւ պայծառ մարդը յաղթելու է մահը յանուն կեանքի, որն այնքան սիրում էր:

Այսօր Վահան Յովհաննիսեանը գնաց: Շատ ծանր ու վշտացնող ազդ անցնող տարուայ վերջին կիրակի: Երբ սեպտեմբերին Պերլինում էի, մենք հանդիպեցինք` յիշելով համատեղ աշխատանքի ամենավառ դրուագները, խօսեցինք ամէն ինչից, բայց նրա կատակները յաճախ մահուան մասին էին, ծանր կատակներ էին: Ի պատասխան ասացի, որ դու մեռնելու իրաւունք չունես, մինչեւ ինձ ու Հրայրին (Թովմասեան) դալանում չծեծես: Ժպտաց, ասելով` դէ դու արդէն մի կողմ, իսկ Հրայրի մասին դեռ կը մտածեմ:

Բաժանուեցինք, յոյս ունենալով, որ էլի կը հանդիպենք: Չստացուեց: Վահանը եզակի մարդ էր, ումից Ազգային ժողովում ես շատ բան եմ սովորել: Ամենամտաւորական, ամենամտաւորական մարդկանցից մէկը զարդարում էր իւրաքանչիւր շրջապատ, որտեղ յայտնւում էր: Աստուած հոգիդ լուսաւորի, ընկեր Վահան:

ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան

կրթութեան եւ գիտութեան նախարար

Հրատապ Լուր. Ամալ Քլունին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Եւրոպական Դատարանին Մէջ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամալ Ռամզի Ալամուտին-Քլունի

Այս յօդուածին մէջ առաջին անգամ անսպասելի նորութիւն մը կը բացայայտուի` հանրայայտ դերասան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճորճ Քլունիի կինը` Ամալ Ռամզի Ալամուտինը պիտի ըլլայ մէկը այն փաստաբաններէն, որոնք յաջորդ ամիս Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ (ՄԻԵԴ):

Որոշ ընթերցողներ կրնան հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս կին մը` «Էլլ» (Elle) ամսագիրի նկարագրութեամբ, ունենալով «շլացուցիչ տեսք եւ շքեղ մազեր, կրելով բաց հագուստներ, նորաձեւ տաբատներ, գոյնզգոյն կրունկներ»` ներգրաւուած է նման բարդ իրաւական հարցի մը մէջ:

Շատեր տեղեակ չեն, որ Ամալ Ալամուտինը, այժմ` տիկին Քլունին, իր գեղեցիկ դէմքէն աւելի, այլ արժանիքներ ունի նման կարեւոր յանձնարարութեան համար:

Ամալ Քլունին բարձրակարգ փաստաբան է, որ մասնագիտացած է միջազգային իրաւունքի, քրէական իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արտայանձնման ոլորտներու մէջ: Ան ներգրաւուած եղած է շարք մը մեծ դատավարութիւններու մէջ, ինչպէս` Էլկինի մարմարները Մեծն Բրիտանիայէն  Յունաստան վերադարձնելու դատը, «Ուիքիլիքս»-ի Ճուլիան Ասանժի պաշտպանութիւնը եւ Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Թիմոշենքոյի դատը: Ան նաեւ աշխատած է ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի հարցերով յատուկ դատարանի դատախազի, ինչպէս նաեւ նախկին Եուկոսլաւիոյ համար Միջազգային քրէական դատարանին հետ:

Ամալ ծնած է 1978 թուականին, Լիբանան, անոր հայրը տիւրզի է, իսկ մայրը` սիւննի մահմետական: Երկու տարեկանին անոր ընտանիքը կը տեղափոխուի Մեծն Բրիտանիա: Իրաւաբանական կրթութիւնը ստացած է Նիւ Եորքի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ եւ աշխատած` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): 2010 թուականին Լոնտոն վերադառնալէն ետք ան դարձած է «Տաութի Սթրիթ չեմպըրզ» (Doughty Street Chambers) փաստաբան: Եղած է Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Քոֆի Անանի խորհրդականը, իսկ 2013 թուականին` ՄԱԿ-ի անօդաչու սարքերու քննութեամբ զբաղող խումբին փաստաբանը: Ան գերազանց կը տիրապետէ անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ արաբերէնին: 2014 թուականի սեպտեմբերին անոր ամուսնութիւնը Ճորճ Քլունիի հետ լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային մամուլի մէջ:

Տիկին Քլունին, նման անթերի արժանիքներով, մեծ առաւելութիւն մը պիտի ըլլայ Հայաստանի իրաւական խումբին համար Սթրազպուրկի մէջ` յունուար 28-ին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ «Փերինչեքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» վերաքննութեան գործին:

Տողու Փերինչեք

Դատական գործը կապուած է զուիցերական դատարաններու կողմէ թրքական փոքրիկ կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքը մեղաւոր ճանչնալուն հետ, որ 2005-ին մեկնած էր Զուիցերիա` յատուկ դիտաւորութեամբ ժխտելու Հայոց ցեղասպանութիւնը: 2008-ին Փերինչեքը Զուիցերիոյ դատարանի որոշումը բողոքարկեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ: 2013-ի դեկտեմբեր 17-ին ՄԻԵԴ-ի եօթը դատաւորներէն հինգը որոշում կայացուցին, որ Զուիցերիան խախտած է Փերինչեքի ազատ խօսքի իրաւունքը:

Ասիկա երկակի չափանիշներով կայացուած անարդար եւ անընդունելի որոշում էր, քանի որ դատարանը հրեաներու Ողջակիզումին ժխտումը յանցանք համարած է, իսկ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման արգելումը` խօսքի ազատութեան ոտնահարում: Հինգ դատաւորները, որոնք որոշում կայացուցած էին ընդդէմ Զուիցերիոյ, թոյլ տուած են դատողութեան եւ տուեալներու անհամար սխալներու` աղաւաղելով Փերինչեքի պնդումները, խեղաթիւրելով Զուիցերիոյ օրէնքներն ու դատավճիռները, չունենալով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տարրական գիտելիքներ եւ բազմիցս հակասելով իրենք զիրենք: Եօթը դատաւորներէն երկուքը չհամաձայնեցան մեծամասնութեան որոշումին եւ ներկայացուցին 19 էջնոց համապարփակ զեկոյց մը Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կողմնակից ըլլալով զուիցերիական դատարանին:

2014-ի մարտ 17-ին Զուիցերիա որոշեց բողոքարկել ՄԻԵԴ-ի վճիռը 17 դատաւորներէ կազմուած Մեծ պալատին` պաշտպանելու համար իր երկրի օրէնքներուն եւ իրաւական համակարգին վարկը: Մասնաւորապէս Զուիցերիոյ կառավարութիւնը դատարանի որոշումը վիճարկեց հետեւեալ երեք պատճառներով.

1) ՄԻԵԴ-ը նախապէս երբեք չէ զբաղած ցեղասպանութեան իրաւական որակաւորմամբ եւ խօսքի ազատութեան սահմանումով.

2) Զուիցերիոյ «հայեցողութեան շրջանակի» անհարկի ձեւով նուազեցում` ըստ ՄԻԵԴ-ի իրաւագիտութեան փորձի.

3) «Արհեստական տարբերութիւններու» ստեղծում. միջազգային դատավճիռի բացակայութեան պայմաններու մէջ ՄԻԵԴ-ը պէտք է դիտարկեր թրքական դատարանի 1919-ի վճիռը ընդդէմ Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակներու` որպէս Միջազգային դատարանի իրաւագիտութեան փորձի առնչուող ապացոյց:

Անցեալ տարի Հայաստան չէ մասնակցած ՄԻԵԴ-ի ստորին ատեանի դատարանին կայացած Փերինչեքի գործով դատավարութեան: Սակայն Թուրքիան միջամտած է` ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնող ծաւալուն փաստաթուղթեր: Այս անգամ Հայաստան պիտի մասնակցի ուժեղ իրաւաբաններու խումբով, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած է միջազգային նշանաւոր իրաւաբան եւ “Անյարմար ցեղասպանութիւն. ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու մասին” ուշագրաւ գիրքի հեղինակ Ճեֆրի Ռապըրթսընը: Դատարանին մէջ Ռապըրթսընին պիտի միանան անոր գործընկեր Ամալ Քլունին եւ Հայաստանի կառավարութեան երկու ներկայացուցիչներ` Գէորգ Կոստանեանը եւ Էմիլ Բաբայեանը:

Շատ կարեւոր է, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրէին ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը վերանայի ստորին ատեանի դատարանին թերի որոշումը` վերականգնելով Զուիցերիոյ օրէնքներու իրաւացիութիւնը եւ կանխելով Թուրքիոյ եւ Փերինչեքի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան արտահանումը Եւրոպա եւ այլուր…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի

հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`

ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`

«Եռագոյն» կայքը

Սիրելի՛ Ռուբէն, Բարեկամս
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հասան Ճեմալ

Երեւանի «Նոյեան Տապան» գրախանութում եմ: Իմ «Հայերը եւ թուրքերը» գրքերից է վաճառուել, գումար պիտի ստանամ: Հէնց այդ պահին խանութի աշխատակցուհին շտապեցնում է եւ ասում, որ զանգահարէք Ռուբէն Մելքոնեանին, թող շուտ Հասան Ճեմալի գրքերից բերի, մարդիկ սպասում են: Զանգում են, հեռախօսի միւս կողմից թուրքագէտ բարեկամս, ենթադրաբար պատասխանում է` «Հասնում եմ»:

Դուրս եմ գալիս գրախանութից եւ հաւաքում նրա ձեռքի համարը: «Հա՛, Թաթո՛ւլ ջան», ասում է Ռուբէնը: Մի քիչ ստում եմ` «Ռուբէ՛ն ջան, հերթի մէջ մնացինք, Հասան Ճեմալի գիրքը հասցրու»: Ու չեմ կարողանում ծիծաղս զսպել: Ասում եմ` մի քանի շաբաթ առաջ, էս ի՜նչ մեղադրանքներ էին` թուրքական քարոզչութիւն եւ այլն, հիմա դո՞ւ ես Հասան Ճեմալի գրքերը վաճառում: Պատասխանում է` իմ արդար աշխատանքն է:

Մի քանի բարեկամական նախադասութիւն փոխանակելուց յետոյ (ես եւ Ռուբէնը միասին ճամբորդել ենք, երկուսս էլ դասաւանդում ենք ԵՊՀ-ում, ես կարդում եմ նրա` Թուրքիայի մասին  գրութիւնները, անկեղծ ասած` հաւանում եմ եւ շատ ուրախ եմ, որ մեր թուրքագիտութիւնը երիտասարդանում է` Ռուբէն Մելքոնեան, Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, Արսէն Աւագեան, Արտակ Շաքարեան եւ այլ գնահատելի անուններ) ժպտալով ու խնդալով վերջացնում ենք խօսակցութիւնը: Մտածում եմ` Ռուբէնը շուտ հասցնի Հասան Ճեմալի գրքերը, իրօք մարդիկ սպասում էին, աչքովս տեսայ:

Հիմա` աւելի լուրջ:

Այո՛, պարոն Մելքոնեանը շատ ճիշտ է` դա իր արդար աշխատանքն է: Հասան Ճեմալի գիրքը ինքն է թարգմանել, դրա դիմաց Պոլսում գործող «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ը վճարել է (եթէ արժանապատիւ չի վճարել, ապա դա արդար չէ): Եթէ իր եւ թուրքական հիմնադրամի միջեւ պայմանաւորուածութիւն է խախտուել, ապա դա էլ արդար չէ: Բայց սրանք մանրամասներ են, որոնք ինձ չեն հետաքրքրում: Ես ուզում եմ հասկանալ` ի՞նչ կապ ունեն այն հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնց պարոն Մելքոնեանը ծանրագոյն եւ անպատասխանատու մեղադրանքեր պիտակեց, իսկ գործող իշխանութիւնների կրնկի տակ թպրտացող  լրատուամիջոցները կրակ էին թափում: Սրանք այն նոյն լրատուամիջոցներն էին, որ Ապտիւլլա Կիւլի 2008-ի Երեւան այցը գրեթէ համահայկական տօնախմբութեան էին վերածել, մի կազմակերպութիւն զինանշանի վրայից Արարատ սարն էր ջնջում ու այլ անպատկերացնելի այլանդակութիւններ:

Ճիշտ այն օրերին, երբ Հայոց ցեղասպանութեան ծրագրաւորողներից եւ իրականացնողներից Ճեմալ փաշայի թոռը` 70-ամեայ Հասանը Երեւանում իր գիրքն էր ներկայացնում, ես չորս օր հայ-ազրպէյճանական սահմանում  էի: Սահմանապահ գիւղերում լրագրողական աշխատանքը աւարտելուց յետոյ Բերդ քաղաքում մտնում եմ Ֆէյսպուք: Այն ուղղակի պայթում է: Պարոն Մելքոնեանը խօսում է տեսախցիկների առաջ: Առաջին բանը, որ մտածեցի, դա հետեւեալն էր` պարոն Մելքոնեանը հաւանաբար իր իսկ թարգմանած գիրքը կամ գրքերի մի քանի տասնեակ հատորներ ուր որ է հրապարակաւ կը հրկիզի` այդպէս արտայայտելով իր բողոքը այս անարդար աշխարհի դէմ: Երեկոյեան Տաւուշում միացնում եմ հեռուստացոյցը, կարծեմ երկուշաբթի երեկոյ էր, միայն Հ1 կայ: Ու ի՞նչ` Նուէր Մնացականեանի հիւրը պարոն Մելքոնեանն է:

Ու ես մտածում եմ` ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքում, երրորդ յարկում, երբ ես ու Ռուբէնը իրար դէմ դուրս գանք, բարեւից յետոյ պէտք է դժուարութեամբ ասեմ` դա ակադեմականի, գիտնականի պահուածք չէ: Կ՛անցնեն տարիները եւ կը համոզուես: Բայց հիմա ես շատ ուրախ եմ, որ դա այլեւս չեմ ասելու նրան եւ ինչպէս միշտ պարզ բարեւելու ենք ու անցնելու:

Իրաւամբ, անցած լինի: Մանաւանդ որ Հասան Ճեմալի գիրքը գուցէ արժէր թարգմանել: Եւ լաւ է, որ հէնց Ռուբէն Մելքոնեանը ստանձնեց այդ պատասխանատու գործը:

Եւ վերջում` կրկին բարեկամաբար:

Սիրելի՛ Ռուբէն, բարեկամս, շնորհաւոր քո գալիք Ամանոր ու Սուրբ Ծնունդը: 2015-ը քո եւ շատերիս համար լինելու է մարտահրաւէրի տարի: Համատեղ անցնենք այդ ճանապարհը:

Բառերու Խորհրդաւոր Աշխարհը. Եռալեզու Համեմը` Դարչին – Կասիա- Կինամոն
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Վարժարանի խոհանոցէն կու գայ թէյին բոյրը, որ աւելի քաղցրացած է քանի մը համեմներու յաւելումով: Երկու տնտես-մայրիկներուն հանգիստի ժամն է. բոլոր աշակերտները ճաշած են, եւ սեղանները` մաքրուած, ու հայուհիները տուն երթալէ առաջ որոշեր են թէյ խմել:

Առանց հարցնելու` անոնք երրորդ գաւաթ մըն ալ կը լեցնեն ուսուցչուհիի մը համար, որ ազատ պահ ունի եւ խոհանոց կը մտնէ:

– Ձեր թէյը ի՛նչ անուշ կը բուրէ, մէջը կասիա՞ դրած էք,- կ՛ըսէ ուսուցչուհին:

– Ո՛չ, դարչին դրած ենք:

– Կինամոն, այսինքն:

– Իշթէ, անիկա:

Երբ դեկտեմբեր է, ի՞նչ բան աւելի հիւրակոչ է ու ջերմացնող, քան` գաւաթ մը թէյը, որ համեմուած է զանազան տերեւներով եւ հունտերով: Անշուշտ երեւակայութեան հարց է, թէ ի՛նչ կարելի է աւելցնել եռացող թէյի մէջ` զայն աւելի գրաւիչ դարձնելու համար, բայց ձմրան օրերու նախընտրելի համեմն է նոյնանուն ծառի այն ընտիր կեղեւը, որ կը կոչուի…թէ՛ կասիա, թէ՛ դարչին եւ թէ՛ կինամոն…կախում ունի, թէ որո՛ւ հետ կը խօսիք:

– Տիկի՛ն Լիզա, մենք Պաղտատի մէջ դարչին կ՛ըսէինք:

– Պէյրութի մէջ մենք ալ…բայց բուն հայերէնը կասիա է:

Վիճաբանութիւնը շատ երկար չի տեւեր. կը բացուին առօրեայ գրգռիչ նիւթեր:

Վերոյիշեալ խօսակցութեան եւ անուններու տարակարծութեան ծնունդ տուողը ծառատեսակ մըն է եւ անոր կեղեւը. Cinnamomum: Ըստ հ. Յարութիւն Վ. Աւգերեանի Անգլերէն-հայերէն բառարանին (1868, Վենետիկ), անոր հայերէնն է «Կինամոն-կինամոմոն-դարիսենի», իսկ Զաքարիա Տ. Ս. Փափազեանի 1910-ին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Պատկերազարդ գործնական բառարան անգլերէնէ հայերէնի» աշխատասիրութեան մէջ` «Կինամոն-կինամոմոն-դարիճենիկ»:

Հասկնալու համար, թէ այս համեմը ինչպէ՛ս ունեցաւ երեք տարբեր անուն` կը բաւէ մօտենալ անոր բուսաբանական բարեմասնութիւններուն: Մշտադալար է այս ծառը եւ ունի ամուր, հաստակեղեւ տերեւներ, դեղին-կանաչորակ, սպիտակ ծաղիկներ: Անոր 600 տեսակներէն երկու հատը արժէքաւոր են եւ կու տան յայտնի համեմը` cinnamomun cassia եւ cinnamomun zeylanicum (նաեւ` cinnamomum venum):

Առաջինը բնիկ չինական է: Կը մշակուի հարաւային Չինաստանի ու անոր հարեւան երկիրներու եւ կղզիներու մէջ, ուրկէ` «դարչին» անունը, թրքերէն` tarcin, միջին ասիական այլ լեզուներու մէջ` dalcin, darcin, darsin:

Բոլորին ծագումը պարսկերէն է «դար-ը Չին», այսինքն «Չինաստանի ծառ»: Իսկ գիտական անունի առաջին բառը տեղ գտած է որոշ եւրոպական լեզուներու մէջ` cinnamon, cynamon, cinamonas, յունական փոխառութիւն մը, որ կը կարծուի ունեցած ըլլալ փիւնիկեան ծագում: Աստուածաշունչի «Երգ երգոց»-ի հայերէն թարգմանութեան մէջ` «կինամոմոն»:

Խոհանոցին մէջ ուսուցչուհիին առաջարկած «կասիա»-ն, տառադարձութիւնն է արամերէն cassia բառին, որ կը նշանակէ «կեղեւ»: Փորթուգալերէնը, ֆրանսերէնը, ֆիններէնը եւ յունարէնը կը գործածեն լատիններու canella` ձողիկ, փոքրիկ խողովակ բառէն սերած անուններ, canela, cannelle, kaneli, kanela, որովհետեւ համեմին դեղնորակ-սրճագոյն փայտիկները խողովակաձեւ են:

Մինչեւ միջնադար արաբ վաճառականներ յաջողած են համեմին եկած աղբիւրը գաղտնի պահել աշխարհէն. յոյները հաւատացեր են, թէ անիկա կու գայ Արաբիստանէն ու կը պաշտպանուի թեւաւոր վիշապներու կողմէ, առաւելաբար` փիւնիկ թռչունին բոյնը շինուած կ՛ըլլայ կասիայով: Անոնք Միլեթ քաղաքի Ապողոնի տաճարին կը նուիրէին կասիաներ:

Համեմին Եւրոպայի մէջ առեւտուրի մենաշնորհը նախ պատկանած է Վենետիկին, ապա` փորթուգալացիներուն, հոլանտացիներուն ու վերջապէս` անգլիացիներուն:

Ատենօք այս համեմը «աստուածահաճոյ» կը կոչուէր ու անոր սպառումը շնորհուած էր տաճարներուն եւ ազնուականներուն: Իսկ այժմ անոր մշակումը տարածուած է, ու դարչինը, կասիան կամ կինամոնը, ինչպէս որ կը նախընտրէք, հասանելի է ամէն խոհանոցի համար ու կը շարունակէ սննդեղէններու չափ նաեւ պատմութիւններ համեմել:

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին. Այն Ինչ Որ Չկրցանք Իրագործել (Ա.)
Օրինաչափ է, որ տարեփակի եւ տարեմուտի այս հանգրուանին, իւրաքանչիւր հաստատութիւն թէ անհատ մէկ տարուան կտրուածքով եւ յետադարձ հայեացքով նախ գնահատականը կատարէ մայրամուտին հասնող տարուան եւ ապա նախանշէ գալիք տարուան իր ծրագիրներն ու զանոնք իրականացնելու համար համապատասխան եղանակներն ու միջոցները:

Հետզհետէ օրինաչափ կը դառնայ նաեւ այն, որ նման գնահատականներ եւ նախանշումներ կատարուին հրապարակային, այսօրուան բաց համակարգի թելադրած կանոններուն համահունչ, որպէսզի առիթ տրուի նաեւ այս կամ այն կերպով առնչակից կողմերուն, անհատներուն իրենց առարկութիւնները կամ համաձայնութիւնները բարձրաձայնելու եւ մասնակցելու հրապարակային քննարկման:

Առարկայականութիւնը կը յուշէ, որ սեւէն, սպիտակէն եւ վարդագոյնէն զատ այլ երանգներ եւս կան, որոնք բացթողումներուն, ճիշդ է, կ՛անդրադառնան` յոռետեսական եւ ինքնախարազանման մղումներէ հեռու, սակայն միայն զանոնք սրբագրելու կամքին իրականացման համար հրապարակային տեսքով յանձնառութեան տակ մտնելով:

Այս առումով ալ հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար, իւրաքանչիւր տարեվերջին վերադառնալ տարեսկիզբին յայտարարուած առաջադրանքներուն եւ անոնց ընդառաջ իրականացուած կամ չիրականացուած աշխատանքներուն մասին ընդհանուր գնահատական տալ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ երիտասարդութեան համախմբման միտող թերթի նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտ չեղան: Խմբագրութեան բազմաթիւ դիմումները մեր երիտասարդ գրիչներուն` ազատօրէն արտայայտուելու, գրելու, քննադատելու նոյնիսկ`  համապատասխան արձագանգումը չունեցան: Չենք ժխտեր, որ ուսանողականի էջերէն թէ այլապէս ալ ուղղակի «Ազդակ»-ի խմբագրութեան յղուած գրութիւններ, հրապարակագրական խոստմնալի հմտութիւններ մատնեցին եւ ուշադրութիւն գրաւեցին: Սակայն տարբեր մասնագիտութիւններու ընտրութիւնը, լրագրութիւնը կամ խմբագրութիւնը ոչ իբրեւ ասպարէզ ընկալելը, պատճառներէն էին, որ չկայանայ թերթին շուրջ երիտասարդ հրապարակագիրներու երեւոյթ ստեղծելը: Ասիկա աւելի համալիր լուծումի կը կարօտի եւ կը տեղաւորուի լրագրող մարդուժ պատրաստելու անյետաձգելի հրամայականին գծած ընդհանուր պարունակին մէջ:

Այս հետեւութեամբ ալ մենք չկրցանք բուժել թերթի ագիլեսեան կրունկը: Լեզուական սայթաքումները տողանցեցին մեր թերթի գրեթէ բոլոր էջերուն վրայէն: Արդարացի չենք գտներ անշուշտ օրաթերթային հեւքոտ աշխատանքէն բխած գործնական դժուարութիւններու հետեւանքով պարզուող այս երեւոյթը: Լեզուն, մանաւանդ մամուլի լեզուն, մանաւանդ դասական-տպագիր մամուլի լեզուն անաղարտութիւն պահպանելու հիմնական առաքելութիւնը ունի: Մանաւանդ որ այսօր ելեկտրոնային դաշտը այս ուղղութեամբ հեռու է նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելէ:

Մարդուժի սակաւութեան հետ կապուած հիմնական այլ երեւոյթ մը նկատի ունեցած պիտի ըլլան մանաւանդ լրագրական փորձառութիւն ամբարած ընթերցող լսարանի որոշ խաւեր, որոնք ի սպառ փնտռեցին «Ազդակ»-ի էջերուն  յատուկ ռըփորթաժային նիւթեր, տրուող նիւթերուն ընկերակցող խմբագրական մեկնաբանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ, խմբագրական միջամտութիւններ:

Մեր լրատուական էջերէն երբեմն բացակայեցաւ օրուան կարեւոր իրադարձութեան մասին տրուելիք լուրը, անիկա ըլլայ միջազգային թէ ընդհանրապէս հայկական իմաստով: Օտարաբանական, լեզուամտածողական կամ ընդհանրապէս լրատուութիւններու համար ընտրուած խորագրային սխալները, պարագայաբար զգայացնցեցին ընթերցողը:

Մեր խմբագրականներն ու ակնարկները քննադատուեցան հիմնականին  մէջ բարդ եւ քաղաքագիտական, հետեւաբար ոչ մատչելի բառապաշար օգտագործելու եւ երբեմն ոչ ընկալելի ոճաբանական մօտեցումներուն համար: Այնտեղ համեմատաբար բացակայ էին լիբանանեան եւ գաղութային երեւոյթներու մասին մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները, ինչ որ հաւանաբար առաւել չէր բերեր թերթի համահայկական դիմագիծին առընթեր նաեւ լիբանանեան նկարագրին:

Խմբագրութիւնը յաճախ առաջարկի ձեւով, սակայն բացթողում ընդգծող ենթաթեքսթով ստացաւ գրութիւններ` մարզական իր բաժնին ուղղուած, երբեմն մարզական կարեւոր լուրեր չտալու, երբեմն անկարեւոր լուրեր ներկայացնելու եւ երբեմն ալ տարողունակ մարզական իրադարձութեան մը անհամաչափ արձագանգումներուն համար:

Գրաշարութեան եւ վերստուգման սրբագրութենէն սպրդած սխալները, խմբագրութիւնը բաւարարէն աւելի մղեցին` «Վրիպակ»-ներով դիմելու ընթերցողներու հասկացողութեան: Մինչ տպագրական որակի (տարուան վերջաւորութեան բարելաւուած) թէ ցրուումի հետ կապուած բողոքներ տարուան ընթացքին այս բաժանմունքներուն յարուցած դժուարութիւններուն հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին առջեւ դրին վարչական բաժանմունքը:

Ճիշդ պիտի չըլլար ըսելը անշուշտ, որ մատնացոյց եղած այս բացթողումներու սրբագրութեան համար մենք ձեռնածալ եւ կրաւորական ականատեսի դիրքին վրայ մնացինք: Այդպէս չէ: Բայց փաստ է նաեւ, որ մենք հակառակ այդ ճիգին, մատնանշուած թերութիւնները չկրցանք վերացնել:

Այս հարցերը կը մնան մեզի համար քննարկելի, բայց մանաւանդ անոնց լուծումն ու սրբագրութիւնը` առաջադրելի: Դժուար է ենթադրելն ու նախատեսելը, թէ այս հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Թէ` ճիգ ու աշխատանք պէտք է կեդրոնացնել այս հարցերու լուծման համար, այդքանը կարելի է հաստատ արձանագրել:

Հաւաքն Ու Խրախճանքը
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հալէպ եւ Տիթրոյիթ: Մէկը` ծննդավայրս, իսկ միւսն ալ` լիբանանեան ներքին պատերազմէն խոյս տուողներուս ապաստարանը: Մէկը միւսէն տարբեր, սակայն` միաժամանակ գեղեցիկ եւ նոյնօրինակ զուգահեռ գիծով շրջանակուած: Որովհետեւ կար ժամանակ, երբ ես ալ այս երկու քաղաքներուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցիչ էի, երբեմն խիստ, երբեմն ալ բիրտ, պահանջկոտ եւ սակայն` կատակասէր, որ կը փորձէր իր դասապահերուն հայ լեզուն եւ իր մշակոյթը փոխանցել իր աշակերտներուն եւ միշտ կրկնած էր, թէ հայ լեզուն, հայ վարժարանն ու հայ գիրքը մեր ժողովուրդին ապրելու եւ գոյատեւելու աւիշներէն էին եւ` մեր գոյութեան ու ինքնութեան կռուանը:

Այս բոլորը յանկարծ կը յիշեմ:

Թերեւս անոր համար է, որ հիմա մարմաջ մը կայ այս բառերուս ետին` վերյիշումի փրփուրներով լեցուն:

Ահա կենսագրութիւն մը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մարդուս դիմանկարը, անոր ապրած կեանքի ճանապարհը իր բոլոր գոյներով, ելեւէջներով, հնարաւորութիւններով, ուրախութիւններով ու տխրութիւններով եւ զանազան վերիվայրումներով: Կը կարծեմ, որ իմ տարիքի մարդիկ նման յիշողութեամբ կ՛ապրին:

Արդէն յուշեր ունենալ` կը նշանակէ ապրուած կեանք մը, աւելի՛ն, անցեալ մը կայ եւ այդ անցեալը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ անբաժան մասնիկը նոյն այդ մարդու կեանքին:

Շուրջիններս կը կարծէին, թէ այդ անցեալս արդէն մոռցուած էր, այրուած անպէտք թուղթի նման:

Չերկարեմ:

Տիթրոյիթ եմ կրկին, եւ այս մէկը Հալէպս չէ: Յստակ է, որ այս երեկոյի նախկին աշակերտներէս Արա Թէլպէլեանին բնակարանը այցելութիւնս, զիս նախկինը` Հալէպի մէջ ծրագրուածը կը յիշեցնէր: Հոն ալ, տարիներ առաջ, երբ կրկին անգամ կ՛այցելէի, տակաւին հոն ապրող երախտագէտ աշակերտուհիներէս Պերճուկն ու Զապէլը, Հալէպ իմ ներկայութենէս օգտուելով, իրենց դասընկերուհիներով անմոռանալի հաւաք, խրախճանք-երեկոյ մը կազմակերպած էին ինծի համար:

Ու հիմա, այս երեկոն, նոյնը` նաեւ հոս:

Զարմանալի է կեանքը: Մանուկի մը նման անհամբեր սպասած էի Արային ամիսներ առաջ ծրագրած այս նախաձեռնութեան, մէկ խօսքով` այս հաւաք-հանդիպման: Գիտէի, որ վերստին պիտի բացուէին կեանքիս որոշ հանգրուանի մը պատմութեան էջերը: Աշխարհի չափ ուրախ էի: Մտածումներս եւ յուշերս խառնաշփոթ հաւաքուած էին միտքիս մէջ: Ձեւով մը նաեւ կը զգայի, որ անցեալի երջանիկ օրերս, որոնք սահած էին երանութեան գիրկը, հիմա հաստատ վերադարձած ըլլալու էին ու իրենց հետ ինծի պիտի բերէին կրկին անգամ հաճելի ու նոր մտերմութիւններ:

Նման ապրումներու խորհուրդս շալկած` ներս մտայ:

– Պարոնը եկաւ, «թիչըր իզ հիր», ուսուցիչը հոս է: – Աղմուկը ալեկոծեց սրահը եւ ապա` լռութիւն: Վայրկեանին անգիտակցաբար կը զգայի, որ տարբեր դարերու հանդիսատես մը դարձած էի արդէն:

Հին ու մոռցուած անուններ, դէմքեր, դասատու, տնօրէն, որոնք բոլորը եկած ու հաւաքուած էին զիս տեսնելու, արդէն մէջս յիշատակներու նոր ալիքներ ստեղծած էին:

Նախ ակնթարթ մը զինաթափ կեցած կեանքիս այս մեծ անակնկալին առջեւ` մեծ դժուարութեամբ փորձեցի յուշերս ամփոփել:

Այս մէկը` Արային մայրը` անձնուէր ՀՕՄուհի Սիրվարդն ու իր ամուսինը, քոյրը` Թամարը, ապա Արային ազնիւ կինը` Ալենուշը: Քիչ մը անդին` ժպիտը անպակաս Հայկը, Արտան` իրենց մօր հետ, Րաֆֆին եւ Թալինը, Սիլվան եւ Արան, Տիգրանն ու Նազոն: Յիշողութիւնս ինքզինք գտած է արդէն: Սիւզին, տնօրէն Վարդեան, ուսուցչուհիներ Տայեանն ու Մարկրիթը, իսկ անդին` Աշխէնն ու Սագոն, Ռոզին եւ տակաւին շատ ուրիշներ:

Բոլորն ալ` մաքուր հագուած: Ամէն բան երազային: Հայու հոգին յիշատակ է` կ՛ըսեմ, տեսակ մը սրբութիւն: Ու կարծես երիտասարդացած եմ: Զսպուած յուզումով հարց կու տամ բոլորին: Ինչպէ՛ս են, ի՛նչ կ՛ընեն, ո՛ւր հասած են, զաւակ, ծնողք:

Միտքս կարծես իր հոգեդարձը կ՛ապրէր:

Այս մեծ հիւրանոցին մէջ հաւաքական ապրում մը ծնած էր: Մէկ խօսքով, ոգեւորութիւն եւ դասարանային համակրելի մթնոլորտ: Ծաղկեալ եւ կենդանի վիճակ:

– «Տու եու ռիմեմպը՞ր, թիչըր», կը յիշե՞ս, ուսուցի՛չ, վերջին անգամ վրաս բարկացար «պիքոզ» դասարանին մէջ հայերէն չէի խօսեր:

– Օ՜հ, «հա՛յ, թիչըր», ես Մայքըլն եմ, «եըր էնտ փրոկրամ»-ին, ես կօշկակարի «աքթ» ըրի, «այ ռիմեմպըր, Ակոբ Պարոնեան ուազ տը աութըր»:

– Տղաներդ ի՞նչ եղան, տէտէ եղա՞ր, «կրանտ չայլտ» ունի՞ս. քանի՞ հատ. իմ աղջիկս Ան Արպըրի եունիվըրսըթին կ՛երթայ:

– «Անըսթլի՛», պարո՛ն Պետիկեան, «այ թոթ, եուր նէյմ ուազ պարոն»:

Բոլոր աշակերտներս իրենց կիներուն կամ ամուսիններուն ներկայութեան ինծի հետ այսպէս քաղցր, յաճախ մեծ ճիգով հայերէնով եւ ազնիւ բառերով խօսեցան ու յաճախ ալ փսփսացին: Բոլորն ալ կարծես եկած էին հաղորդուելու ներաշխարհիս հետ: Բոլորին հետ կարծես ես ինծի հանդիպած էի: Նախկին աշակերտներս եկած էին եօթանասունական թուականներու վերջին կէսին, հայոց լեզուի իրենց վաղեմի ուսուցիչը երախտագիտութեամբ յիշելու:

Անոր համար ալ բոլորին հպարտօրէն կ՛ըսէի, թէ տակաւին հայոց լեզուին պարզ աշակերտն եմ: Ի՜նչ ուրախութիւն:

Այդ երեկոյեան իւրաքանչիւր բառ, խօսք, ակնարկ, նախադասութիւն կամ դրուագ մինչեւ այսօր տակաւին իր հարազատ արձագանգը ձգած է ականջիս մէջ:

Մէկ խօսքով, միտքերու պատկերաւոր ժխոռ:

Միջոցին, առատօրէն ու աւանդապահօրէն հիւրասիրուեցանք: Կերանք, խօսեցանք, խմեցինք, յիշեցինք, յուզուեցանք ու միասնաբար յաճախ կենացներ փոխանակեցինք:

Երբեմն, կամքէ անկախ, նստած տեղս ամբողջ վայրկեաններ խորասուզուեցայ մտածումներուս եւ երազանքիս մէջ: Յաճախ անխօս փորձեցի մէկ առ մէկ դիտել բոլորը: Ու անկեղծօրէն երբեմն տառապեցայ, ընկճուեցայ, տեսակ մը ներքին փլուզում մը ապրեցայ ու ինքնաբերաբար հոգեկան մխիթարութիւն մը փնտռեցի:

Յիշողութեան վերապրումները իրապէս որ մարդիկը  կը դարձնեն աւելի թոյլ: Կը հաւատամ` ան, որ կրնայ իր իւրաքանչիւր ակնթարթը լեցնել խոր բովանդակութեամբ, արդէն անսահմանօրէն իր կեանքը երկարած կ՛ըլլայ:

Շանթահար այս իրականութեան մէջ, ես ինծի հետ եմ, լաւ եմ: Եկած էի էութեանս շեմին կանգնելու: Ամէն պահ խրախճանք էր:

Խոր զգացում մը գրաւած էր զիս: Զգալի էր, որ ներկաները ունէին երկու կեանք, երկուքն ալ` հակասական զգացումներով, սակայն եւ այնպէս հայութիւնը իրենց երակներուն մէջ արիւն էր:

Բոլորն ալ կանգնած էին մեր պատմութեան ճեղքուած ճամբուն վրայ` վարակիչ ապրումներով: Հայ կեանքի հեգնանք: Սիրտ մաշեցնող:

Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Ամէն ինչ տեսարան է: Բարդ զգացում: Իբրեւ ուսուցիչ` վարժ եմ այս իրավիճակին:

Աւարտին, ցայտուն սրտով ու ամպոտած աչքերով հեռացայ բոլորէն: Փորձեցի վերադառնալ կեանքիս հոգերուն` սիրտէս փրթած անկեղծ գնահատանքներէ եւ երախտագիտական զգացումներէ ու խօսքերէ ետք:

Եկած էի յուշերս գտնելու ու ապրելու` նոր հայութեան եւ նոր ժամանակներու ամերիկահայ երիտասարդ ժառանգորդներուն մէջէն:

Ուստի, կրկին ու կրկին ձեր կենացը, սիրելի՛ աշակերտներ:

Սփիւռքի Գիտակից Ինքնուրոյնութիւնը Եւ Ինքնաղեկավարումը` Ազգի Գոյատեւման Երաշխիք
Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Միշտ պէտք է մեկնիլ պարզ հաստատումներէ. սփիւռքը մեր ժողովուրդի համրանքի կէսէն աւելին է, հաւանօրէն` երկու երրորդէն ալ աւելին: Անիկա ծնունդն է հայրենահանման, ինչ որ պէտք չէ երբեք մտահան ընել: Համայնքային եւ բարեսիրական դերերը չեն բխիր հարենահանման քաղաքական աղէտէն:  Երկու երրորդ` որպէս համրանք: Ենթադրութիւն` անոր համար, որ այս թուաբանական գնահատումը մարդոց գումարի ազգային տեսակարար որակի մասին չի խօսիր:

Այս համրանքի աստիճանական եւ վերջնական կորուստին հետ  պիտի հաշտուի՞նք, հաշտուա՞ծ ենք: Հարենահանման գիտակցութեան նուազումը ազգի երկու երրորդի անհետացման զառիթափն է:

Որակ եւ տեսակարար արժէք: Սփիւք(ներ) ընդհանուր բնորոշումով հասկցուող հաւաքականութիւնները աստիճանաբար կը կորսնցնեն ազգ-ժողովուրդ ըլլալու իրենց նկարագիրը, կը դառնան, բախտաւոր պարագային, համայնք, եկեղեցիներու կամ միութիւններու շուրջ, ընկղմելէ առաջ, հայկական տեսանկիւնէ, ծագումով հայ ըլլալու լքումին հետ: Անզօրութեամբ ականատես ենք անհետացման առաջնորդող տարտղնումին, անոր մէջ բռնուած ենք, եթէ զանազան խմբակներ կամ նախաձեռնութիւններ ստեղծուող բացասականութիւնները կանխելու կամ արգիլելու մասնակի մնացող նախաձեռնութիւններ չունենան, անոնց թափը մասամբ մեղմացնելու համար: Այդ իրարանցումները կը վարագուրեն խաբկանքները, որոնք այդքան են միայն, ժամանակաւոր, այդ ընդունինք թէ ոչ:

Յաւերժացող կամ ցկեանս իրաւասութիւններով ղեկավարութիւնները սփիւռքները կանգնեցուցած են պատի առջեւ, եղածը փրկելու կամ դիրքապաշտութեան վարակով: Սփիւռք(ներ)ի հայօրէն ապագայի նախատեսութիւններ եւ մշակուած հեռանկարներ չկան: Հայրենահանուածներու դատը քաղաքական-ազատագրական է, կը խեղճանայ եւ կ՛այլասերի բարեսիրութեան եւ պիզնեսի ճահիճին մէջ:

Կան զբօսաշրջիկի երջանկութիւնները: Ինչպէ՞ս կարելի է չուրախանալ այցելելով համակարգիչներով օժտուած Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դպրոցները, որոնք կառուցուած են սփիւռքի հայերուն կողմէ: Ինչպէ՞ս չհպարտանալ, երբ ինքնաշարժը կը հատէ Հայաստան-Արցախ սահմանը եւ կը սուրայ նոր ու պսպղուն ճանապարհներու վրայ` կառուցուած հեռաւոր աշխարհներու մէջ կայք հաստատած հայերու սիրոյ տուրքերով, որոնք ապացոյց են դեռ տեւող մէկութեան հզօր զգացումի եւ գիտակցութեան: Ճանապարհներ, որոնց մուտքին արձանագրութիւններ կան, անուններ` ազգի միութիւնը յիշեցնող: Դրական եւ ծափահարելի: Յուշ-յիշատակ ըլլալու արձանագրութիւննե՞ր:

Ազգային զգացումով ինքնահաստատման այս իրականացումները չանհանգստացնող, քաջալերուած եւ ակնկալուած բարեսիրութիւն են, զոր կը կոչենք հայրենասիրութիւն: Բարեսիրութիւնը երբեք պէտք չէ շփոթել ազգային-քաղաքական լիարժէք յանձնառութեան հետ:

Կը լուսանկարենք, կը լուսանկարուինք: Գերադիական սարքերով թափառող զբօսաշրջիկներ ենք: Պարտականութիւն` կատարածի գոհունակութեամբ, նոյնիսկ երբ այդ կատարման մէջ սոսկ հանդիսատես ենք:

Այս լուսանկարուելով երջանկութիւնը եւ դրական գործի հանդէպ մեր զգացած կրաւորական գոհունակութիւնը կը վարագուրեն իրականութիւնները եւ մեզ կը մղեն մոռնալու սփիւռք-(ներ)ի մաշումները, այսինքն աստիճանական անհետացումը` այսօրուան գնահատումներով ազգի համրանքի երկու երրորդին: Թիւերով մտածել. թիւերը զգացականութեան մշուշ չեն:

Զգացական հայրենասիրութիւնը, յաճախ` անհեռանկար, պատճառ է, որ մեր աչքերը խուփ պահենք կորստական իրականութիւններու առջեւ: Եւ խուփ աչքերով ազգ չ’առաջնորդուիր, յանձնառութիւն չի ստանձնուիր: Այսօր սփիւռք(ներ)ը սեփական հեռանկար չունի, չի ղեկավարուիր, ինքզինք չի ղեկավարեր` ըստ հեռանկարի: Ղեկավարումի տագնապ ունի, քանի որ հեռանկար չունի, տոկալու եւ տեւելու ճիգերը իմաստաւորելու համար:

Կը խօսինք եւ կը գործենք այնպէս, որ կարծէք մենք պիտի չըլլանք, գոնէ Հայաստանը ըլլայ:

Պարզ է, որ եթէ ազգային մտահոգութիւն է (եթէ ըլլար) ազգի երկու երրորդի համրանքի ազգային դիմագիծով եւ խորքով պահպանումը, անհրաժեշտ են (պիտի ըլլային) ծրագրում եւ ղեկավարում, որոնք չեն շփոթուիր կիսամիջոցներու եւ շաբաթավերջի հրավառութիւններու հետ: Ի հարկէ, եթէ չենք եզրակացուցած, որ այդ երկու երրորդը դատապարտուած է վերջնական անհետացման: Շաբաթավերջի հրավառութիւնները ընդհանրապէս տեղական-տեղայնական սնափառութիւններ են` ներհամայնքային կամ թաղային:

Այսօր ականատես ենք խուճապային վերաբերումներու: Դպրոցներ եւ թերթեր կը փակուին (կը փակենք), հայախօսութիւնը եւ հայագրութիւնը անապատի աւազին վրայ թափուած ջուրի պէս են, տուներէն փողոց, ժողովներէն եկեղեցիներ, անոնք համակարգիչի ե-նամակներու եւ էջերու բացականերն, նոր մարգարէներու լատինատառ հայերէնի անսահման բեմ: Օտարման համար ծրագրումներ կան, ըստ պահու եւ վայրի, ձուլուելու համար այս կամ այն կաղապարին մէջ, այդ ալ համարելով իմաստութիւն, գործնապաշտութիւն` մշակուած եւ ընդունուած անահատական իրաւունքով: Իմաստութիւն` ի՞նչ փրկելու կամ աճեցնելու համար:

Այս խուճապային վիճակին մէջ կը ներկայանան զգացական հայրենասիրութեան մշուշով պատուած Արեւմտահայաստանը եւ արեւմտահայերէնը կը մոռցուին, նաեւ` զարմանալի կերպով ցարդ դրօշակ եղած հայապահպանումը: Կը փորձուի՞նք որոշ արժէքներու սահմանումին վրայ հիմնուած վիճակագրութիւն պատրաստել: Չենք կրնար, չենք ուզեր, կը սարսափինք արդիւնքէն:

Եթէ սփիւռք(ներ)ը, իր առաջնորդութեամբ, իր արմատներուն եւ իրաւունքներուն վերականգնման գիտակցէր, կը սահմանէր իսկական սկզբունքներ եւ կը յառաջացնէր իսկական ղեկավարման կառոյցներ, ոչ թէ անհատներու շուրջ (ցկեանս կամ գրեթէ այդպէս նախագահներ), առանց խզուելու Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն: Ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ վաղը` Հայաստան պիտի կարենայ զբաղիլ սփիւռք(ներ)ի իրաւ խնդիրներով: Ըմբռնումի եւ միջոցներու հարց է:

Աւելի՛ն. ոչ մէկ պարագայի Հայաստան կրնայ հասկնալ բազմադէմ սփիւռքները եւ զանոնք առաջնորդել: Օրինակ, սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ նպաստել սփիւռքի ինքնուրոյն գոյատեւման նախաձեռնութիւններուն, բայց սփիւռքը ինք պիտի յառաջացնէ իր ղեկավարութիւնը` իմաստութեամբ յանձանձելով իր միջոցները, իր նիւթական եւ մարդկային դրամագլուխը: Այս գիտակցութիւնը կ’ըլլայ շարժիչ ուժը սփիւռքներու տոկալու եւ տեւելու կամքին: Առանց այս կամքին` աւելորդ է խօսիլ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի մասին:

Այս յանձանձումը անցեալ ծամելով եւ յուշեր քրքրելով չէ, որ կրնայ իրականանալ: Ժամանակները արագօրէն կը փոխուին, բայց յանձանձողները կոթողներու պէս կը մնան, եւ ոչ ոք կ’ըսէ, որ եթէ անոնք ոսկի հաւկիթ ալ պիտի ածէին, երկու, չորս, ութը կամ տասը տարիէն, երբեմն ալ յաւերժութեան չափ երկար ժամանակի մէջ, պիտի ածէին:

Ոսկի հաւկի՞թը… Արեւմտահայաստանը, կամ օտարախօս եւ օտարանուն ծագումով հայերու հայացումը, հայախօսութեան վերականգնումը ազգի երկու երրորդի շրթներուն, որպէսզի անոնք սոսկ զգացումով հայ չըլլան:

Քանիցս կրկնած եմ ֆրանսացիներուն խօսքը, որ` անտրամաբանական է մերկացնել Փոլը հագցնելու համար Փիեռը: Սփիւռքեան կառոյցներուն տկարացումը մասամբ նաեւ Փոլի-Փիեռի պատմութիւն է, հետեւանք` զգացական հայրենասիրութենէ յառաջացած կարճատեսութեան, հեռանկարային ղեկավարումի պակասի: Զոյգ բացասականութիւններ, որոնք չեն դարմանուիր վարդապետական ճառով, լսուած բարձրախօսներէն ժայթքող երգով եւ բեմէն գետին թբփելով եւ փոշի հանող պարերով:

Սփիւռք(ներ)ը եւ անոր կառոյցները խամաճիկներ չեն, որպէսզի անոնց թելերը քաշուին Հայաստանէն, հայաստանկեդրոնութեան քաղաքական-կազմակերպական վարքագիծով: Այլ խօսքով, աւելի քան երբեք կենսական է այսօր սփիւռքի ղեկավարումի հարցը, անոր գոյատեւման հրամայական կազմակերպման եւ գոյատեւման օրակարգով:

Նորոյթ են խորհրդաժողովները: Ինչո՞ւ խորհրդաժողով մը չկազմակերպել սփիւռք օրակարգով, որ չըլլայ սոսկ ցուցադրութիւն, էսթեպլիշմընթային հանդէս, կողմնապաշտութիւն, չեղած բաներու համար ինքնահաստատում, յուզում եւ պատկեր: Բայց հարց է, թէ ո՞վ կամ որոնք պիտի կազմակերպեն, նախաձեռնութիւն` որ ըլլայ վերկուսակցական, վերհատուածական, վերհամայնքային, վերէսթեպլիշմընթային, վերքաղաքական (այդ քաղաքականը ըլլայ հայաստանեան թէ տեղական-տեղայնական):

Այս առաջադրանքը ցարդ եղածի կրկնութիւնը կամ թարմացումը պիտի չըլլայ: Ոչ ալ առիթ անհատներու եւ կազմակերպութիւններու` նոր փետուրներով զարդարուելու: Ինչպէ՞ս պիտի փրկուին եւ բազմանան  վաւերական դրոշմով հայկական դպրոցները, թերթերը, դէպի օտարախօսութիւն մեր երթը ինչպէ՞ս  պիտի կասեցնենք, առաջքը պիտի առնե՞նք հայ զանգուածներու հայ մշակոյթէ խորթացման, այսինքն` պահենք  հայկական ազգային հարազատութիւն: Այս հարցերը աւելի կարեւոր են քան` ասդին-անդին յայտարարուած զմռսուած` ցեղասպանութեան ճանաչումները, մեր տեսակաւոր նոր քաղաքացիութիւններուն տուրք տալով քաղապետական-թաղապետական կամ քաղաքական ախորժակները եւ անոնց բաւարարումը: Ի՞նչ շահ ունի ազգը Զանզիպարի կամ Քամչաթքայի խորհրդարանի անդամ հայածնունդ անհատէն: Բայց մեր պատշաճելու շնորհքին համար կը ծափահարենք:

Երբ զանգուածները, հակահայ մշակոյթ կը դառնան, ազգը որպէս ի՞նչ պիտի տեւէ:

Իսկ այդ զանգուածները որպէս հայկական դադրա՞ծ են գոյութիւն ունենալէ, եզրակացուցա՞ծ ենք որ պիտի դադրին:

Ինչպէ՞ս իրականացնել խորհրդաժողովը: Նախ` խօսիլ, խօսիլ հրապարակաւ:

Անոնց, որոնք չեն հաւատար վերականգնումի, տանք շքանշաններ իրենց մատուցած-չմատուցած ծառայութիւններուն համար եւ հանգստեան տուն ղրկենք:

Թերեւս կը քանդուի ամլութեան պատը: Իսկ այդ պատը տեղատուութեան ոգիով եւ անոր ծառայող դիւանակալութեամբ չի քանդուիր:

Ինչպէ՞ս մեր վաղը այսօրէն աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Աւելի լաւ պիտի ընենք:

Պատասխանը երկու փող ու թմբուկի միջեւ ըսուած-լսուած պահածոյ ճառ պէտք չէ ըլլայ:

Խորագրի ընթերցումը կատարել բարձրաձայն, անդաստանի աղօթքի պէս, մենք մեզի համար եւ …

5 նոյեմբեր 2014, Պուրճ Համուտ, Լիբանան