Մշակութային եւ Այլազան Archives - Aztag Daily

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջին Հանգրուանին Աւարտը Եւ Բնականոն Կեանքի Աստիճանական Ամրապնդում
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ Նապաայի եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն եւ սուրիական ուժերու մուտքէն ետք սկսած էր մեղմանալ, 1976-ի հոկտեմբերին կրկին սաստկացաւ եւ անմարդկային ռմբակոծումները աւերներ գործեցին: Պէյրութ եւ արուարձանները օրեր շարունակ կրակի ու երկաթի տակ անցուցին: Իսկ հոկտեմբեր 18-ը եղաւ սեւ երկուշաբթի մը: Արեւելեան Պէյրութի մէջ փաղանգաւորներ կրակմարի դրութիւն հաստատեցին: Բարձրախօսներով օժտուած ինքնաշարժներ սկսան շրջիլ քրիստոնէաբնակ թաղերը եւ բնակիչներէն պահանջեցին արեւամուտէն ետք իրենց տուները մնալ, քանի որ կրակմար հաստատուած էր ամէն կողմ:

Շարունակուող ռմբակոծումներու պայմաններուն տակ բազմաթիւ վարժարաններ փակեցին իրենց դուռերը, վաճառատուներ փակ մնացին, Համրայի մայթերուն վրայ հաստատուած «պասթա»-ները վերցուեցան եւ երթեւեկը մասամբ անշարժացաւ:

Կռուող բոլոր կողմերը անխտիր, մոռցած` իրենց ստեղծած ռազմաճակատները, դիրքերը, պատնէշները եւ թաքստոցները, անխնայ կը ռմբակոծէին միայն ու միայն մարդաբնակ թաղերը, բայց երբե՛ք հակառակորդ կողմին դիրքերը:

Օրեր շարունակ, ամէն կողմ 120-նոց եւ 155-նոց հրթիռներ կը տեղային: Նոյնիսկ վիրաւորներ փոխադրող ինքնաշարժներու վարորդաերը ճամբայ ելլելէ առաջ, հեռաձայնով կապ կը պահէին այս կամ այն հիւանդանոցին մերձակայքը բնակող իրենց բարեկամներուն հետ` գիտնալու համար, թէ ճամբան ի՞նչ չափով ապահով էր:

Հիւանդանոցներուն մէջ կացութիւնը ողբերգական էր: Քանի մը վայրկեանը անգամ մը ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէր: Մէկ կամ շատ աւելի վիրաւորներ, արիւնլուայ վիճակի մէջ, վար կ՛առնուէին: Մայրեր կը պոռային, կիներ եւ այրեր անկարողութենէ ջղագրգռուած կու լային, մինչ պատգարակներու վրայ մանուկներ գործողութեան սենեակներ կը տարուէին:

Սուրիական զօրքերու մուտքը Լիբանան

Հարաւային Լիբանանի մէջ, քրիստոնեաներ եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերը կը շարունակէին մաքրել իրենց հաշիւները: Մինչ սուրիական բանակը, որ թափանցած էր Ժեզզինի լեռնային շրջանները եւ որուն յառաջապահ դիրքերը Սայտայի նաւահանգիստէն միայն քանի մը քիլոմեթր հեռու կը գտնուէին, կասեցուցած էր իր յառաջխաղացքը:

Փաղանգաւորներուն եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ կը մղուէին մասնաւորաբար Մերժայունի եւ Այշիէի մէջ: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր հոկտեմբեր 20-ին գրաւեցին Այշիէն եւ գիւղին մարոնի բնակչութեան մէկ մասը սուրի քաշեցին: Գիւղացիներէն ոմանք յաջողեցան փախուստ տալ դէպի լեռները:

Ժեզզինէն մինչեւ Սայտայի դուռերը երկարող գօտին մեծ մասամբ քրիստոնէաբնակ էր, եւ փաղանգաւորները դիրքեր հաստատած էին Ժեզզին-Սայտա առանցքին մօտերը: Ժեզզին, մօտաւորապէս 30 հազար քրիստոնեայ բնակչութեամբ աւանը հարաւի մէջ փաղանգաւորներու զինուորական կեդրոնն էր եւ պարենաւորուած էր զէնքով եւ սննդեղէնով:

Ժեզզինէն հինգ քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Ռում գիւղին քրիստոնեայ բնակչութիւնը դանդաղօրէն հեռացած էր գիւղէն եւ ապաստան գտած Ժեզզինի մէջ:

Փաղանգաւորներ, քայլ առ քայլ յառաջանալով գրաւեցին Մերժայունը եւ հասան Արքուպի դուռերուն:

Հինգշաբթի, 21 հոկտեմբեր 1976-ին զինադուլ հաստատուեցաւ, որմէ ետք կռիւները դադրեցան: Ընդհանուր լաւատեսութեան տրամադրութեան տակ, «Ազդակ», 25 հոկտեմբերին, «Հրդեհներէն եւ փլատակներու տակէն…» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«… Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի լիբանանեան տագնապին, որքան ալ յոռետես երանգներ խառնուին ոմանց մեկնաբանութիւններուն մէջ, գերակշիռը կը մնայ այն լաւատեսութիւնը, որ հրդեհներուն մէջէն ու փլատակներու տակէն պիտի վերականգնի Լիբանանը:

… Առհասարակ բնազդով մը խաղաղասէր ու աշխարհաշէն ժողովուրդ` մենք, տագնապէն առաջ, տագնապի սերմեր բովանդակող բուռն անցուդարձերուն ատեն, ինչպէս եւ տագնապին ողջ տեւողութեան մեր բոլոր ուժերը լարեցինք, որ եղբայրներու միջեւ ատելութիւն չըլլայ ու հրդեհը չաւերէ այս չքնաղ երկիրը, այլ` տիրէ փոխադարձ հասկացողութիւն եւ եղբայրացած ուժերու մէկտեղումով զարկ տրուի միայն դրական գործերուն, շինարարութեան, ստեղծագործումին, լուսաւորման, մարդկային արժէքներու կերտումին»:

Մինչ Լիբանանի մէջ զինադուլը հետզհետէ կ՛արմատանար, Ռիատի եւ քանի մը օր ետք` Գահիրէի արաբական գերաստիճանները, Լիբանանի հարցը հանգամանօրէն քննելէ ետք, որոշեցին արաբական զսպիչ ուժեր ուղարկել Լիբանան, որոնք պիտի դրուէին նախագահ Իլիաս Սարգիսի տրամադրութեան տակ: Արաբական զսպիչ ուժերը պիտի բաղկանային 30 հազար զինուորներէ, որոնց կէսէն աւելին պիտի ըլլային սուրիացիները: Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի անդամ գնդապետ Ահմէտ Հաժ նշանակուեցաւ զսպիչ ուժերու հրամանատար, իսկ գնդապետ Միշէլ Նասիֆի պարտականութիւն տրուեցաւ վերակազմելու լիբանանեան բանակը եւ քայլ առ քայլ համախմբելու բանակային մեծ թէ փոքր խմբաւորումները:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան ուժեր լքեցին Լեռնալիբանանի իրենց դիրքերը եւ քաշուեցան դէպի հարաւային Լիբանան:

Շարունակուող զինադուլը սկսած էր վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին: Ամայացած թաղերը եւ փողոցները սկսան կենդանանալ, կողոպտուած վաճառատուները, սրճարաններն ու ճաշարանները սկսան վերաբանալ իրենց դուռերը, մինչ Պէյրութի ծովափնեայ գօտիին վրայ խանութպաններ լաթածածկ կրպակներ սկսած էին հաստատել: Մայրուղիներու եւ փողոցներու մայթերուն վրայ բացուած «պասթա»-ներուն վրայ կարելի էր գտնել ամէն բան` հեռաձայնի ընկալուչի կազմածներ, վարսայարդարումի գործիքներ, կնոջական կեղծամներ, ատրճանակի պատեաններ, ձայնասփիւռի մեքենաներ, արհեստանոցային գործիքներ, չինական շապիկներ, առատ սկովտիական ուիսքի եւ ֆրանսական անուշահոտերու բոլոր տեսակները: Կառքերէն կը պարպուէին նոր զգեստներու պահեստներ, պնակեղէններ եւ լուսատու գործիքներ:

Բնականոն կեանքի վերադարձի այս պայմաններուն տակ, «Ազդակ», 1 նոյեմբեր 1976-ի թիւով եւ «Ետ նայինք ու հեռուն…» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Մարդկային թէ նիւթական նկատառելի դրամագլուխի մը կորուստին հետ` լիբանանցիներու մէկ մասին մօտ թուլցաւ վերականգնումի հաւատքը եւ խամրեցան կեանքի ու գործի ապահովութեան յոյսերը, որոնք երկուութիւններու եւ երկընտրանքներու դուռ բացին եւ ի վերջոյ ծնունդ տուին երկիրը լքելու վտանգաւոր հոգեբանութեան մը:

… Լիբանանի տագնապին դիմաց կեանքի եւ գործի ապահովութեան մասին թերահաւատ պատկերացումներ կազմող մարդերը կը թուի, թէ նկատի չեն առներ այն աւելի կենսական հարցը, որ պատկանելիութիւն կը կոչուի: Գործի ապահովութիւն` գտնուի թերեւս այլուր, կեանքի ապահովութիւն` կրնայ ըլլալ, հապա՞ հոգիի անապահովութիւնը: Անդրծովեան միջավայրերու մէջ ո՞վ, ո՞ր ուժը պիտի երաշխաւորէ հոգիի ապահովութիւնը: Այդ անկարելիութիւնն է, որ մեկնողներուն հաշուոյն ցաւով կը լեցնէ մեր սիրտը եւ ըսել կու տայ, որ վերականգնումը աւելի դիւրին է հոս, քան կանգուն մնալու հնարաւորութիւնը»:

Իր կարգին ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս հայրական կոչ մը ուղղեց համայն հայ ժողովուրդին, բոլոր եկեղեցական կեդրոններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն, որ չխնայեն իրենց եղբայրական օգնութիւնը Լիբանանի կարօտեալ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի հայ վարժարաններուն: Վեհափառը կը շեշտէր, որ ամէն հնարաւոր միջոց պէտք է ի գործ դրուի, որպէսզի Լիբանանի հայերը չյուսահատին եւ հնարաւոր չափով պահպանեն ու ամրապնդեն իրենց կրօնական ու կրթական համայնքային կազմակերպուած կեանքը:

Պէրութի կեդրոնական գօտիին մէջ

Արաբական զսպիչ ուժերը, որոնք ամբողջովին սուրիացի զինուորներէ կը բաղկանային, որովհետեւ միւս երկիրներու զինուորները տակաւին Լիբանան չէին հասած, սկսան շարժիլ երկու ուղղութեամբ` Դամասկոս-Պէյրութ ճամբուն վրայ եւ Մեթնի գիւղերէն դէպի Պրումմանա:

Փաղանգաւորներու հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ զսպիչ ուժերը արագ ձեւով յառաջացան: Լեռնալիբանանի մէջ անոնք ընդունուեցան ծաղիկներով:

Յառաջխաղացքի իրենց առաջին քայլերէն ետք, զսպիչ ուժերը դիրքեր գրաւեցին բազմաթիւ գիւղերու մէջ:

Իրենց կարգին փաղանգաւորներ միջազգային ճամբաներուն վրայ գտնուող իրենց կարգ մը դիրքերը եւ պատնէշները լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն յանձնեցին:

Նոյեմբեր 7-ին, նախագահական իր անդրանիկ պատգամին մէջ նախագահ Իլիաս Սարգիս լիբանանցիներէն պահանջեց եղբայրաբար գործակցիլ արաբական զսպիչ ուժերուն հետ:

Զսպիչ ուժերուն առաքելութիւնը կ՛ընդգրկէր հիմնական քանի մը նպատակ` վերջ տալ կռիւներուն, զինեալ երեւոյթները վերցնել, ծանր զէնքերը հաւաքել, ճամբաները վերաբանալ, պետական եւ հանրային հիմնարկները ստանձնել եւ պաշտպանել եւ բնականոն մթնոլորտը վերահաստատել:

Սուրիացի զինուորներ Լիբանանի մէջ

Հակառակ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ շարունակուող ռմբակոծումներուն, հրթիռներու եւ ծանր ռումբերու գոռոցին, արաբական զսպիչ ուժերը չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 1976-ին յառաջացան երեք ուղղութիւններով եւ օղակեցին Պէյրութը, ճեղքելով թէ՛ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական եւ թէ քրիստոնէական շրջանները:

Քանի մը օր ետք, կիրակի, 14 նոյեմբերին արաբական զսպիչ ուժերը, բաղկացած` սուրիացի ութ հազար զինուորներէ, մտան Պէյրութ եւ դիրքեր գրաւեցին ամէնէն բուռն կռիւներու թատերավայր հանդիսացած տեղերը` առեւտրական շուկան եւ Ֆենիսիա-Սէն Ժորժ պանդոկներ: Անոնք իրենց յառաջխաղացքը շարունակեցին եւ մտան Շուֆ, որ կը հանդիսանար Սայտայի եւ Հարաւի բանալին:

Օրուան անցուդարձերուն շուրջ իր կարծիքը արտայայտելով «Ազդակ» 14 նոյեմբերի «Սիրով եւ հաշտ մտերմութեամբ» իր խմբագրականով կ՛ըսէր. «Հայրենիքներու մէջ ու եղբայրներու միջեւ արիւնոտ դէպքեր կը պատահին յաճախ, բայց արի խառնուածքներուն վայել է արագ վերջ դնել կռիւին եւ ապա ապրիլ` սիրով եւ հաշտ մտերմութեամբ»:

Կարմիր վարդերով եւ ճերմակ մեխակներով զարդարուած զէնքերով, գնդացիրներով, զրահապատներով եւ թնդանօթներով Պէյրութ մտնող սուրիական զօրքերը կարեւոր դիրքեր գրաւեցին եւ յաջողեցան մեծ մասամբ վերցնել պատերազմական երեւոյթները, մաքրեցին պատնէշները, մինչ բոլոր կազմակերպութիւնները եւ կուսակցութիւնները իրենց զինեալները քաշեցին  բոլոր շրջաններէն: Նոյեմբեր 20-ին օդակայանը  վերաբացուեցաւ, իսկ յաջորդ  օր զսպիչ ուժերը մտան Սայտա եւ Թրիփոլի:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս

22 նոյեմբերի անկախութեան տօնին առիթով լիբանանցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ նախագահ Իլիաս Սարգիս յայտնեց, որ «պետականութեան վերակառուցումը բոլորիս պարտականութիւնն է ու նոր սերունդէն կռուողները հիմա հրաւիրուած են ուրիշ տեսակի ռազմադաշտեր»:

Իր կարգին «Ազդակ» «Չափաւորութեան ուժականութիւնը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կ՛ըսէր, որ հանրապետութեան նախագահը խոհեմաբար վարած իր յարաբերութիւններով ու զուսպ յայտարարութիւններով ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ու բոլոր կողմերու ղեկավարներու մտածումին մէջ տեղ գրաւեց իբրեւ չափաւորութեան ուժականութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւն:

Կարգ ու կանոնի աստիճանական ամրապնդման պայմաններուն տակ, հայկական թաղերուն մէջ եւ շրջակայքը հաստատուած անցարգելները եւ աւազի տոպրակները վերցուեցան եւ պահակութեան դրութիւնը սկսաւ սահմանափակուիլ գլխաւորաբար ակումբներուն շուրջ: Մէկուկէս տարի արիաբար օր ու գիշեր ակումբները  եւ դիրքերուն վրայ լուսցուցած եւ հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նուիրուած տղաք շունչ մը քաշեցին եւ իւրաքանչիւրը իր գործին, առօրեայ աշխատանքին լծուեցաւ:

Անկասկած, որ հայ տղաքը գիտցան հերոսաբար դէմ կանգնիլ մահուան վտանգին, բայց արձանագրուած նուաճումը ամրապնդելու մարտահրաւէրը տակաւին անպատասխան կը մնար, եւ «Ազդակ» օրին այն կարծիքը կը յայտնէր, որ Լիբանանի հայութիւնը բեմը բաց ձգած է իր երիտասարդութեան առջեւ, որպէսզի ստանձնէ ազգային կեանքը վերականգնելու եւ զայն իր կնիքով դրոշմելու առաքելութիւնը:

Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Ս. Ծնունդը` Նոր Անունով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՏԱՐԻՆԵՐ ՇԱՐՈՒՆԱԿ ՀԱՐՑԸ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄՆ ԷՐ: ԻՍԿ ՎԵՐՋԵՐՍ` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱՓԿԱՆԿԱՏՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԽԱԽՏԵԼ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՅԹ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: ԻՐՕՔ, «ՅԱՐՄԱՐԵԼՈՒ» ԹԵԼԱԴՐԱՆՔԸ ԿՐՆԱՅ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՎՏԱՆԳ ՍՊԱՌՆԱԼ, ՔԱՆ` ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԲԱԶՄԱՏԵՍԱԿ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹԸ: ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՄԵՐԺԵՆ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԿՈՉԵԼ ԻՐ ԱՆՈՒՆՈՎ, ԱՅՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԵԱՄԲ, ԹԷ ԱՅԼԱՊԷՍ ԿՐՆԱՆ ՎԻՐԱՒՈՐԵԼ ԱՅԼ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐՈՒ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՍԽԱԼ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԵՆ ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՀԱՍՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆ:

«Ուրախ եւ գողտրիկ Ձմեռնային տօն մը կը մաղթեմ ձեզի»: Տօնական այս օրերուն այս մաղթանքը կը կատարուի Սթոք-ան-Թրենթի մէջ, Ս. Ծննդեան տօնը տարբեր անունով կոչելու քաղաքապետութեան թելադրանքով:

Այս քաղաքին մէջ մոռցուած են նաեւ Կաղանդ Պապան եւ իր եղնիկը, անշուշտ նաեւ` մանուկ Յիսուսը: Այն օրը, երբ տօնական լոյսերը վառեցան Սթոքի մէջ, Ճեք Ֆրոսթ շարժապատկերին հերոսին կերպարով հսկայական ձիւնեմարդ մը սկսաւ շրջիլ փողոցներուն մէջ, եւ Ֆայրպըրտ տիպի ինքնաշարժ մը սկսաւ հալածել զայն: Գայթակղեցուցիչ էր:

«Սթոքի քաղաքապետական խորհուրդին քաղաքական փափկանկատութեան հսկող ջոկատը կը կարծէ, թէ սխալ չէ քրիստոնեաներուն դէմ խտրականութիւն ցուցաբերելը` Ս. Ծննդեան տօնը կոչելով «Ձմեռնային տօն»: Հաւանաբար այս ձեւը որդեգրուած է, որպէսզի իսլամները հանգիստ զգան», կ՛ըսէ Էտուըրտ Քուք` բազմաթիւ քաղաքացիներէն մէկը, որ դժգոհութիւն յայտնած է:

Ճիշդ է, Կաղանդի ծառ մը բարձրացած է քաղաքապետարանին մուտքին, սակայն աւանդական տօնակատարութիւնները ծախսալից եւ ոգեղէն մակարդակի վրայ չէզոք «Ձմեռնային տօն»-ի վերածելու միտումը ոմանց մտածել կու տայ, թէ բազմակրօն Սթոքի քաղաքապետական խորհուրդը ամօթ կը զգայ Յիսուսի անունով տօն մը նշելու:

Սակայն խորհուրդը պէտք էր գիտնար, թէ թշնամական հակազդեցութիւն պիտի ստեղծուէր, որովհետեւ նման փորձ մը կատարած էր տասնամեակ մը առաջ:

«Մարդիկ նողկալի կը նկատեն այն երեւոյթը, որ Ձմեռնային տօնը մաս կը կազմէ Ս. Ծննդեան տօնէն հրաժարելու արշաւի մը,- ըսած էր պահպանողական ղեկավար Ռոճըր Իպզ, երբ տասը տարի առաջ կատարուած էր «Ձմեռնային տօն» բնորոշումը որդեգրելու փորձ մը:- Փոխանակ քաղաքին մէջ լարուածութիւնը փարատելու` Ձմեռնային տօնը մեծ հարցի վերածուած է»:

Նոյնը կը կրկնուի այսօր: Սակայն Սթոք միակը չէ: Այս տարի որեւէ ժամանակէ աւելի գերազանցած է թիւը քաղաքային այն խորհուրդներուն, կազմակերպութիւններուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք խուսափեցան Ս. Ծննդեան տօնը նշելէ, այն մտավախութեամբ, որ այլապէս կրնան զայրոյթ պատճառել ոչ հաւատացեալներուն:

Բրիտանիոյ տարածքին տօնական օրերու առիթով տեղական իշխանութիւններու կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական բացիկներու  ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, թէ 182 բացիկէն միայն մէկը կը նշէր Քրիստոսի ծնունդը. անիկա ուղարկուած էր Հիւսիսային Իրլանտայի Պանպրիճ քաղաքէն: 182 բացիկներուն կէսը անտեսած էր Ս. Ծննդեան տօնը եւ փոխարէնը կը կրէր «Տօնական մաղթանքներ» կամ «Ուրախ արձակուրդ» բառերը: Ոմանք կը պատկերէին քաղաքապետարանի շէնքերու նկարները: Բացիկ մը նոյնիսկ կը պատկերէր պասի կեդրոնի մը ծածկը:

Միւս կողմէ` Նեթմամզ կայքը այցելող 2000 անձերու վրայ կատարուած անպաշտօն հարցախոյզ մը ի յայտ բերած է, թէ դպրոցներու մէջ բեմադրուած Ս. Ծննդեան տեսարանները տարուէ տարի զանց կ՛առնեն աւանդական տարրերը եւ փոխարէնը կը ներկայացնեն անջրպետագնացներու, ֆութպոլի մարզիկներու եւ Էլվիս Փրեսլիի տիպարները: Հարցախոյզին համաձայն, դպրոցներուն միայն 30 առ հարիւրը կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ամբողջական պատկերը: Ոմանք կը նախընտրեն «Ձմեռնային տօն» բնորոշումը կամ Ս. Ծննդեան երգերը կը փոխարինեն փոփ երգերով:

Ո՞վ Կ՛ուզէ Արգիլել Ս. Ծննդեան Տօնը

Արդեօք անոնք որո՞ւ զայրոյթ պիտի պատճառէին: Անաստուածներ կատարելապէս տրամադիր են հանդուրժելու այս տօնը, զոր հեքիաթ կը նկատեն, պայմանաւ որ առիթ տրուի իրենց զաւկին մարմնաւորելու Մարիամի կամ Յովսէփի դերը (Գաբրիէլ հրեշտակին դերը կատարելը ամէնէն մեծ պարծանքն է):

Բրիտանիոյ Իսլամական խորհուրդը յստակօրէն յայտարարած է, թէ իսլամութեան հետեւորդները ի՛նչ կեցուածք ունին: Խորհուրդը պատշաճեցուցած է Բ. Աշխարհամարտի օրերուն գործածուած որմազդի մը գրութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Մի՛ խռովիք`, քրիստոնեանե՛րն են»: Այս գրութիւնը փոխարինուած է հետեւեալ բառերով. «Ո՞վ կ՛ուզէ արգիլել Ս. Ծննդեան տօնը: Ո՛չ իսլամները: Մեզմէ ոչ ոք անարգուած պիտի զգայ ինքզինք, եթէ դուք մասնակցիք Ս. Ծննդեան տօնախմբութեան»:

Յիսուս յատկանշական մարգարէ մըն է իսլամներուն համար: «Հետեւաբար, եթէ Ս. Ծննդեան տօնը նշէք կամ ոչ, կը մաղթենք, որ տօնական այս օրերը ուրախութիւն եւ ցնծութիւն պարգեւեն ձեզի եւ ձեր սիրելիներուն: Մի՛ խռովիք, շարունակեցէ՛ք»:

Այսուհանդերձ, անձկութիւնը համատարած է: «Յանցաւոր կը զգամ», կ՛ըսէ հիւանդապահ Սիւ, որ կը ծառայէ Միտլենտծի մէկ հիւանդանոցին մէջ, ուր պաշտօնէութիւնը որոշած էր այս տարի միայն փոքր տօնածառ մը զետեղել ընդունարանին սեղանին վրայ:

«Պաշտօնական քաղաքականութիւնը այն է, որ պէտք է յարգենք այս բաժանմունքին մէջ այլոց տրամադրութիւնները», կ՛աւելցնէ Սիւ, որ ամբողջութեամբ համաձայն է այս մօտեցումին: Ան կը սիրէ աշխատիլ այլ կրօններու պատկանող պաշտօնակիցներու հետ եւ ծառայել այլ հաւատքներու պատկանող հիւանդներու: Այսուհանդերձ, իբրեւ քրիստոնեայ, ան նաեւ կ՛ըսէ. «Միշտ կը փորձեմ ճշմարտութիւնը պեղել: Այլոց տրամադրութիւնները յարգելու պատճառով քիչ մը կը խախտի հաւատքս: Որքա՞ն առաջ պէտք է երթալ` այլ հաւատքներու պատկանող անձերու հաճոյք պատճառելու համար: Արդեօք ճի՞շդ է հրաժարիլ մեր հաւատալիքներէն»:

Այս հարցումը դրուած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ այլ աշխատավայրերու մէջ, ուր անձնական հաւատքը կը բախի հանրային սպասարկութեան կեցուածքին: Ոմանք նոյնիսկ կը հասնին դատական ատեան: Սակայն ուրիշներ ի յայտ կը բերեն անսպասելի երեւոյթներ:

Ուեսթ Եորքշըրի Ս. Էնտրիւ՛զ եկեղեցիին պատկանող նախակրթարանին աշակերտներուն 98.5 առ հարիւրը փաքիստանցի իսլամ է: Ալիսըն Պէյթմըն, որ անցեալ տարի ստանձնած է դպրոցին տնօրէնի պաշտօնը, զարմացած է, երբ տեսած է, թէ Ս. Ծննդեան տեսարանը կը բեմադրուէր առանց որեւէ կաշկանդումի:

«Ինքզինքս գօտեպնդած էի եւ հարց կու տայի` արդեօք ծնողները ի՞նչ պիտի մտածեն: Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք մեր եկեղեցիին տեղապահը աղօթք մը կ՛արտասանէր եւ բոլորը ուրախ տուն կ՛երթային: Զարմացած էի,- կ՛ըսէ ան:- Աշակերտները Ս. Ծնունդին մասին կը սորվին կրօնի դասապահուն: Ներկայացումները չեն պատշաճեցուիր: Կը թուի, թէ ծնողներ ընդունած են զանոնք: Հարցեր չեն ծագած»:

Պատճառներէն մէկը հաւանաբար այն է, որ ծնողներ վստահութիւն ունին դպրոցին կրօնական քաղաքականութեան նկատմամբ: «Կը ծառայենք մեր համայնքին, որ կը բաղկանայ փաքիստանցի իսլամներէ,- կ՛ըսէ Պէյթմըն:- Պարտաւոր ենք ամէն օր քրիստոնէական աղօտ բնաբանով մը պաշտամունք կատարել, սակայն շատ ուշադիր ենք աշակերտներուն կեցուածքին եւ անոնց գործածած բառերուն: Մեր կրթական ծրագիրին մաս կը կազմէ աշխարհի մասին գիտելիքներ փոխանցելը եւ այլ հաւատալիքներու միջեւ զուգահեռներ գծելը»:

Յարմարելու Վտանգը

Ս. Ծննդեան աւանդական տեսարան մը ներկայացնելը կը ծառայէ այս նպատակին, եւ ոչ թէ արգելք է: Սակայն միշտ չէ, որ տնօրէններ նման ինքնավստահութեամբ կրնան գործել, նոյնիսկ եթէ կը փափաքին: Բրիտանիա կը գտնուի անցումային շրջանի մը մէջ: Մեր ոգեղէն եւ ազգային պատկանելիութիւնը փոխուած է, բոլորը պարտաւոր են յարմարելու, ինչ որ կրնայ ցաւ պատճառել:

«Իբրեւ ընկերութիւն` պատանեկան հանգրուան մը կ՛ապրինք,- կ՛ըսէ Լանքասթըր համալսարանի դասախօս Լինտա Վուտհետ:- Կը նմանինք անճարակ եւ ամօթխած պատանիներու, որոնք չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնութիւն: Սկսած ենք հեռանալ աւետարանական մեր բացարձակ կրօնէն եւ անոր առնչուած բոլոր երեւոյթներէն, զորս այլեւս չենք ուզեր, ինչպէս` կայսերապաշտութիւն: Սակայն բաւարար չենք հասունցած` այլ աւանդութիւններու կողքին ինքնավստահ կերպով պահելու համար այն, ինչ որ դրական է քրիստոնէական ժառանգութեան մէջ: Հետեւաբար նման յիմար սխալներ կը գործենք», կ՛ըսէ ան` ակնարկելով Ձմեռնային տօնին:

«Պէտք է մեծնանք եւ աւելի յանդուգն վարուինք, առիթ տանք, որ կրօնականներ եւ աշխարհականներ ազատ արտայայտուին, վիճին եւ չափահասի վայել ձեւով մղեն իրենց հակամարտութիւնը», կ՛աւելցնէ ան:

Ճիշդ է, Ս. Ծննդեան առնչուող տօնախմբութիւնները շատ բան կը պարտին հեթանոսական, հռոմէական եւ անկլօ-սաքսոն տօնախմբութիւններու, որոնք խոր ձմրան լոյսն ու կեանքը կ՛ոգեկոչէին ուտելիքներով, խմիչքով եւ նուէրներով:

Չարլզ Տիքընզ ստեղծած է արդի ժամանակներու Ս. Ծննդեան տօնը` նուէրներ գնելը եւ կերուխումը նկարագրելով իբրեւ սիրոյ արտայայտութեան եւ մարդիկ մէկտեղելու միջոց: Ծանուցումի ճարտարարարուեստը անխնայ կերպով կը վաճառէ այս գաղափարը:

Բրիտանական եկեղեցիներ զգուշաւոր պայքար կը մղեն այս տեսակի առեւտրականացումի դէմ: Անոնք հրապարակած են մէկ վայրկեան տեւողութեամբ ծանուցում մը, որուն մէջ արդի ժամանակներու ամոլ մը կը գրկէ նորածին մը, ապա կը կերպանափոխուի եւ կը մարմնաւորէ Մարիամի ու Յովսէփի տիպարները, մինչ նորածինը կը սկսի ծիծաղիլ:

Հաճելի է, սակայն հարցը այն է, թէ «Քրիստոսը Ս. Ծննդեան տօնին մէջ վերահաստատելու» ճիգերը պարզապէս ցոյց կու տան, թէ մանուկ Յիսուսին պատմութիւնը հիւսուած է անոր մահէն շատ աւելի ուշ:

Սակայն այս բոլորը հարց չէ: Ս. Ծննդեան տօնը կը գոյատեւէ, որովհետեւ շատ աւելի համապարփակ է, քան` Ձմեռնային տօնը:

«Եկեղեցին կը վատթարացնէ վիճակը, երբ կը յայտարարէ` Ս. Ծննդեան տօնը մերն է, անաստուածները նիւթապաշտ են,- կ՛ըսէ Վուտհետ:- Իրականութեան մէջ Ս. Ծննդեան տօնը միացնող տօնախմբութիւն մըն է: Անիկա մարդիկը կը մէկտեղէ առանց թունդ կրօնական պատգամներու, ինչ որ հրաշալի է»:

Հետեւաբար Սթոք-ան-Թրենթի քաղաքապետական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ ուրիշներ այլեւս պէտք չէ ամօթ զգան: Եկեղեցին ունի իր պատմութիւնը պատմելու իրաւունքը, սակայն Ս. Ծննդեան տօնը կը պատկանի բոլորին:

(Յապաւուած)

Տօնական Օրերու Մթնոլորտին Մէջ. Քարաւաճիոյի Ս. Ծննդեան Տեսարանը Կամ` Գողցուած Գլուխ Գործոցի Մը Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մանրամասնութիւն` Քարաւաճիոյի Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարէն:

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆԻԿԱ ԾԱՆՕԹ Է ԻԲՐԵՒ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՃԻՐԸ: ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԻՏԱԼԱՑԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ՔԱՐԱՒԱՃԻՈՅԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԳՈՂՈՒԹԵՆԷՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐ ԵՏՔ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏ ԱԼԸՍԹԷՅՐ ՍՈՒՔ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ԱՆՈՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ:

Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարաւաճիօ` 17-րդ դարու ամէնէն ինքնատիպ իտալացի գեղանկարիչը 1608-ի աշնան բռնած էր փախուստի ճամբան:

Դիւրաբորբոք եւ մեծամիտ` Քարաւաճիօ տեւաբար կը վիճէր եւ կը կռուէր: Ան յոխորտալով կը քալէր` սուր մը կողքին եւ օր մը տաք կանկարներով լեցուն պնակ մը շպրտած էր սպասեակի մը դէմքին, ենթադրաբար այն պատճառով, որ զանոնք եփած էր կարագով եւ ոչ` ձէթով:

Այսուհանդերձ, նոյնիսկ իր սեփական հրաբորբոք նկարագիրին չափանիշներով, Քարաւաճիօ երկու տարի ետք անցած էր բոլոր սահմանները: Թենիսի խաղի մը առիթով ան կռուած էր բախտախաղի պարտքի մը պատճառով եւ` սպաննած մարդ մը: Նախքան ոճիրի յանցանքով ամբաստանուիլը խոյս տուած էր Հռոմէն եւ իր կարճատեւ կեանքին մնացեալ տարիները ապրած էր իբրեւ փախստական:

Այդ տարին, այսինքն` 1608-ի աշնան, կարճ ժամանակ մը Նափոլիի եւ Մալթայի մէջ ապաստանելէ ետք Քարաւաճիօ հասած էր Սիկիլիա, ուր ապրած էր շուրջ մէկ տարի` տեւաբար քնանալով սուրը կողքին եւ գծելով իր վերջին գլուխ գործոցները, ներառեալ` «Ս. Ծնունդ` Ս. Լորենզոյի եւ Սան Ֆրանչեսքոյի հետ» գեղանկարը:

Աւելի քան 350 տարի պաստառը կը ցուցադրուէր Փալերմոյի Սան Լորենզօ եկեղեցիին խորանին վերեւ, մինչեւ որ 1969-ի հոկտեմբերին փոթորկոտ գիշեր մը գողեր զայն դուրս բերին իր շրջանակէն: Այնուհետեւ 20 միլիոն տոլար արժող գեղանկարը անտեսանելի կը մնայ ոճրային ստորերկրեայ շրջանակներէն անդին: Անիկա մաս կը կազմէ Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան լուծումի սպասող արուեստի ոճրային գլխաւոր 10 հարցերուն: Այսօր խորանին վերեւ կը ցուցադրուի գեղանկարին աղօտ մէկ վերարտադրութիւնը, որ կորսուած գլուխ գործոցին ուրուականը կը թուի ըլլալ:

Արուեստի պատմաբան Տանիել Քարրապինօ, որ այս օրերուն գիրք մը կը գրէ Սիկիլիոյ մէջ Քարաւաճիոյի ապրած օրերուն մասին, կ՛ըսէ, թէ Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարին անհետացումը «ահաւոր» վնաս պատճառած է արեւմտեան արուեստին: «Քարաւաճիօ միայն 39 տարեկան էր, երբ մահացաւ 1610-ին: Հետեւաբար ան բեղուն աւանդ մը չէ ձգած մեզի,- կը բացատրէ ան:- Իրօք, սակաւաթիւ գործեր ունինք իրմէ, շուրջ` 70 գեղանկար: Հետեւաբար, նոյնիսկ մէկ գեղանկարի կորուստը մեծ բաց մը կը ստեղծէ մեր դատողութեան մէջ»:

Ոչ Աւանդական Մօտեցումով

Ս. Ծննդեան տեսարանը պատկերող գեղանկարին լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ Քարաւաճիօ, որ հռչակաւոր էր սովորական մարդիկը օգտագործելով իբրեւ բնորդ, քրիստոնէական աւանդական այս նիւթը միտումնաւոր կերպով պատկերած է ոչ աւանդական մօտեցումով:

«Գեղանկարը շատ թատերական է,- կ՛ըսէ Քարրապինօ:- Կը թուի, թէ Քրիստոս տկար նորածին մըն է` յարդին վրայ ինկած: Մայրը խառնաշփոթ վիճակ մը ունի եւ կը կրէ ծննդաբերութեան յոգնութիւնը: Տեսարանը կը պատկերէ ոչ միայն Փրկիչին ծնունդը, այլ նաեւ` մայր մը, որ նոր ծնունդ տուած է զաւկի մը: Տեսարանը մեր կեանքին հետ բաղդատելով` Քարաւաճիօ կը ձգտի հասնիլ աւելի լայն զանգուածներուն: Ան նոյնիսկ բաւարար տարածք վերապահած է ակնդիրին համար, որպէսզի ան մաս կազմէ պաշտամունքի տեսարանին եւ մասնակից զգայ իրադարձութեան: Ասիկա գեղանկարին նիւթին նկատմամբ շատ համեստ մօտեցում է:

Վերջերս, երբ արուեստի գողցուած գործերու մասին վաւերագրական ժապաւէն մը կը պատրաստէի «Պի. Պի. Սի.»-ի համար, ճամբորդեցի Փալերմօ` Քարաւաճիոյի պատկերած Ս. Ծնունդին մասին աւելին յայտնաբերելու նպատակով: Գեղանկարին գողութենէն ի վեր բազմաթիւ տարաձայնութիւններ լսուած են անոր ճակատագիրին վերաբերեալ:

Շատեր կը նշեն, թէ գեղանկարը ներկայացուած է Իտալիոյ գեղարուեստական թաքուն գանձերը արժեւորող պատկերասփիւռի յայտագիրի մը մէջ, որ սփռուած է գողութենէն կարճ ժամանակ առաջ: Ոմանք կը մտածեն, թէ ասիկա սրած է գողերուն հետաքրքրութիւնը` Քարաւաճիոյի գլուխ գործոցին յատկանշական բնոյթին նկատմամբ, հետեւաբար կարելի է ենթադրել, թէ անոնք պարզապէս պատեհապաշտ յանցագործներ էին:

«Այսուհանդերձ, գրեթէ բոլոր պատմութիւնները այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին ստորերկրեայ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք դարձան գլխաւոր կասկածելիներ` գեղանկարին անհետացումէն անմիջապէս ետք», ինչպէս կ՛ըսէ Լուտովիքօ Ճիփեթթօ` հիմնադիրը Էքսթրոարթ կազմակերպութեան, որուն նպատակն է ապահովել վերադարձը արուեստի գողցուած գործերու: «Արուեստի գողցուած գործեր կը ծառայեն թմրեցուցիչ եւ զէնք գնելու: Նման գործերով կատարուած առուծախին գումարը կը յաջորդէ թմրեցուցիչի առուծախի գումարին»:

Տարիներու ընթացքին ստորերկրեայ կազմակերպութիւններու նախկին անդամներ խօսած են Քարաւաճիոյի «Ս. Ծնունդ»-ին ճակատագիրին մասին: Մէկը պատմած է, թէ գողեր այնքա՛ն վնաս պատճառած են գեղանկարին, երբ զայն դուրս բերած են իր շրջանակէն, որ զայն գողնալու հրահանգը տուած անձը սկսած է արտասուել: Այլ անձ մը պատմած է, թէ գեղանկարը պահուած է ագարակի մը մէջ, ուր առնէտներ եւ խոզեր կրծոտած են զայն, հետեւաբար ի վերջոյ հրկիզուած է: «Կամ ալ` գեղանկարը դրուած է երկաթէ սնտուկի մը մէջ, ամերիկեան տոլարի եւ թմրեցուցիչի հետ եւ պահուած` ստորերկրեայ նկուղի մը մէջ: Թերեւս գործածուած է ադամանդ գնելու համար Հարաւային Ափրիկէէն: Պատմութիւնները շատ են», կ՛ըսէ Քարրապինօ:

Քարաւաճիոյի դիմանկարը. գործ` Օթթաւիօ Լէոնիի:

«Քարաւաճիոյի գեղանկարին գողութեան մեկնաբանութիւնները բազմաթիւ են,- կ՛ըսէ Ճիովաննի Փասթորէ, որ մինչեւ 2011-ին իր հանգստեան կոչուիլը աշխատած է Իտալիոյ զինուորական ոստիկանութեան արուեստի գողցուած գործերու հարցեր հետապնդող ջոկատին հետ:- Այս մեկնաբանութիւններէն շատերը հիմնուած են կասկածելի տարաձայնութիւններու վրայ կամ` ոստիկանութեան կողմէ կատարուած ակնարկութիւններու, ապա վերածուած են երեւակայական պատմութեան, գրեթէ վէպի պէս»:

Արդեօք հաստատ տեղեկութիւն մը կրնա՞յ փոխանցել ան: «Իրականութիւն է, որ գեղանկարը դուրս բերուած է իր շրջանակէն: Արարքը գործուած է շեղբով: Կարելի է նաեւ ըսել, թէ գեղանկարը երբեք չէ հեռացած Իտալիայէն, որովհետեւ տարաձայնութիւններ գոյութիւնն չեն ունեցած միջազգային մակարդակի վրայ: Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ արդեօք անիկա փճացա՞ծ է, թէ՞ տակաւին կը գոյատեւէ, ապացոյցներ գոյութիւն չունին, այլ կան միայն տարաձայնութիւններ», կ՛ըսէ Փասթորէ:

Տարուէ տարի կը նուազի «Ս. Ծնունդ»-ը վերայայտնաբերելու յոյսը: Ինքնին Քարաւաճիօ հեռու չէր ոճրագործներու աշխարհէն: Սակայն անոր լուսավառ հանճարին մէկ արտայայտութիւնը խամրած կը մնայ Սիկիլիոյ ստորերկրեայ աշխարհին մթութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի Փասթորէի, այնքան ատեն որ փաստեր գոյութիւն չունին գեղանկարին փճացումին վերաբերեալ, ան պիտի շարունակէ հաւատալ, թէ անիկա տակաւին կը գոյատեւէ: «Կը շարունակենք մեր հետաքննութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Քարրապինօ կ՛ապաւինի ոչ թէ փաստերու, այլ` յոյսին: «Չեմ ուզեր հաւատալ, թէ գեղանկարը փճացած է,- կ՛ըսէ ան: Մականցական զգացում մը կ՛ապրիս, երբ կը կանգնիս Քարաւաճիոյի մէկ գեղանկարին դիմաց: Այս զգացումը ապրելու առիթը չեմ ունեցած Ս. Ծնունդը պատկերող անոր գեղանկարին դիմաց. անիկա փազըլին կորսուած կտորն է», կ՛ըսէ ան:

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայահոծ Թաղերու Վերականգնումի Աշխատանքներ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Սուրիական Ուժերու Աստիճանական

Յառաջխաղացք

Համայնավար միլիսներ

Լիբանանցիք 1976-ի սեպտեմբեր ամիսը դիմաւորեցին ծանր պայթումներով եւ ծանր ու թեթեւ գնդացիրներու փամփուշտներու ժխորով: Պէյրութի եւ արուարձաններու եւ տարբեր շրջաններու ռմբակոծումը կը շարունակուէր, իսկ ռազմաճակատներու մօտակայ շրջաններու բնակիչներ մղձաւանջային կացութեան մատնուած էին:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատ Դամասկոսի մէջ լայնածիր խորհրդակցութիւններ կ՛ունենար լիբանանցի կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարներու հետ, ապահովելու համար բոլորին հաւանութիւնը` Լիբանանի մէջ սուրիական ուժերու ներկայութեան շուրջ, իբրեւ խաղաղութեան եւ կարգ ու կանոնի վերահաստատման գրաւական: Այդ հաւանութիւնը անհրաժեշտ նախապայման կը նկատուէր ընտրեալ նախագահ Իլիաս Սարգիսի իշխանութիւնը հաստատելու համար:

Հակառակ շարունակուող ռմբակոծումներուն ու կռիւներուն, Լիբանան աստիճանաբար կը վերագտնէր ինքզինք: Նապաայի եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն ետք, արեւելեան շրջանները մաքրուած էին եւ համեմատական հանդարտութիւնը սկսած էր վերահաստատուիլ շրջանին մէջ: Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքին մէջ կեանքը կը սկսէր վերակենդանանալ, իսկ Պուրճ Համուտ-Նապաա գիծին վրայ եւ ներքին թաղերուն մէջ հաստատուած աւազէ տոպրակները վերցուած էին: Իրենց բնակարաններէն հեռացած եւ այլ թաղերու մէջ, ազգականներու մօտ ապաստան գտած հայ ընտանիքները վերադարձած էին իրենց բնակարանները: Նապաա եւ Թէլ Զաաթար ուրուական շրջաններ դարձած էին. շէնքերն ու բնակարանները` աւերուած, հրդեհուած եւ կողոպտուած:

Համեմատական հանդարտութեան պայմաններուն տակ, վերաշինութեան եւ վերականգնումի աշխատանքները թափ կ՛առնէին Պուրճ Համուտի, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու մէջ: «Վերադարձի ժամն է յատկապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք տոկացին աննահանջ հայրենասիրութեան պատնէշին վրայ», կը գրէր «Ազդակ» 3 սեպտեմբեր 1976-ի իր խմբագրականով եւ կ՛աւելցնէր. «Քաղաքացիական պատերազմի անկիւնադարձային այս հանգրուանին, դարձեալ մեր ուսերուն կը ծանրանայ Լիբանանի վերամիացման ու վերաշինութեան յառաջապահը դառնալու բարոյական պարտաւորութիւնը:… Հայութիւնը կը հանդիսանայ մէկը, եթէ ոչ կարեւորագոյնը, լիբանանեան բազմերանգ ընտանիքը բաղկացնող ա՛յն հատուածներէն, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ տեւողութեան ոչ մէկ ճիգ խնայեցին` վաղուան Լիբանանի յոյսը կանգուն պահելու համար:

«Մէկ կողմէ` հայ մարդը անխոնջ պիտի աշխատի, որպէսզի իր քաղաքական կեցուածքով ու գործնական ընթացքով անվթար պահէ ու ծաղկեցնէ Լիբանանի վերամիացման յոյսը: Իսկ միւս կողմէ` խտացած հայութիւն պարզող թաղամասերուն մէջ հայ մարդը կառչած պիտի մնայ իր տունին եւ շրջանին, պիտի ստեղծէ հաւաքական կեցութեան ընկերային ու տնտեսական յարմարութիւններ, որպէսզի հայրենիքի վերաշինութեան լծուելու պահանջը հայութեան մօտ գտնէ իր վարակիչ արտայայտութիւնը:… Մանաւանդ Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս, թէ՛ քաղաքացիական եւ թէ՛ ազգային իմաստով, հայութիւնը պէտք է նետուի այս երթին մէջ», կ՛եզրափակէր «Ազդակ»:

Փաղանգաւոր միլիսներ

Կիպրոս ապաստան գտած եւ հոնկէ ալ Եւրոպա կամ Ամերիկա երթալու առաջադրանքով ճամբայ ելած հայերէն շատեր, յուսահատած` դժուարութիւններէն եւ սպասողական վիճակէն, եւ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան յարաբերական բարելաւման պայմանները նկատի ունենալով, սկսան վերադառնալ: Նաեւ` Սուրիա կամ այլ երկիրներ ապաստան գտած հայ ընտանիքներ սկսան վերադառնալ իրենց տուները:

«Հայահոծ թաղամասերը կը սպասեն իրենց տէրերուն: Ժողովրդային խաւերը դարձեալ շունչ պէտք է տան մեր թաղերուն, որպէսզի ամիսներէ ի վեր անտէր ձգուած հանրային ու ազգային ծառայութեան կալուածները վերստին կեանք առնեն», կը գրէր «Ազդակ» 4 սեպտեմբեր 1976-ի իր խմբագրականով եւ կը շեշտէր. «Հայահոծ թաղամասերու վերաշխուժացումով միայն կարելի կը դառնայ հաստատ հունի մէջ մտցնել Լիբանանի հայութեան ազգային ու քաղաքացիական վերականգնումը:… Երբ հայ մարդը կառչած կը մնայ իր թաղին ու թաղով ըմբռնելի ազգային կառոյցներուն` դպրոցին ու ակումբին, այն ատեն կը ստեղծուի դիմադրականութեան հարազատ մթնոլորտը:

Պետական կառոյցներու բացակայութեան կամ անգործութեան պայմաններուն տակ, տեղական պայմաններով եւ հանրային ուրոյն սպասարկութիւններով կարելի էր այդ բացը գոցել:

Ժողովրդային համեստ խաւերը զուրկ էին առօրեայ ապրուստի կարելիութենէն, շատ մը երիտասարդներ եւ ընտանիքի հայրեր անգործ էին, եւ հարկաւոր էր համազգային բոլոր ուժերը մէկտեղել` բոլոր կարիքներուն հասնելու եւ հայութիւնը տնտեսապէս ոտքի պահելու համար:

Լիբանանահայ գաղութի վերականգնման նպատակով, հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ պետական հայ երեսփոխաններու ու այլ ազգայիններու մասնակցութեամբ կազմուեցաւ լիբանանահայ համադրող կեդրոնական մարմինը:

Խորէն Ա. վեհափառին նախագահութեամբ, մարմինը իր առաջին նիստը գումարեց 7 սեպտեմբեր 1976-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ:

Իբրեւ հրատապ եւ անյետաձգելի հարց, առաջին օրակարգ ունեցաւ արտագաղթի երեւոյթը: Ժողովականները խստիւ դատապարտեցին բոլոր անոնք, որոնք խուճապային տրամադրութիւններով կը լքեն Լիբանանը, կայք հաստատելու համար օտար ափերու վրայ: Բոլորն ալ միաձայնութեամբ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին այն վտանգին առնչութեամբ, որ կրնար աղէտալի հետեւանքներ ունենալ, ոչ միայն լիբանանահայ գաղութին, այլեւ ամբողջ հայութեան ընդհանրական շահերուն համար:

«Ազդակ» օրին մտահոգութիւն կը յայտնէր սպասողական եւ կրաւորական ամէն երեւոյթի նկատմամբ, նշելով որ հաւաքական նման սպասում մը անընդունելիօրէն կրաւորական է եւ կը ջլատէ մեր դիմադրականութեան ուժգնութիւնը:

Եթէ կեանքի անապահովութիւնը եւ տնտեսական դժուարութիւնները արագացուցին հայ անհատներու Լիբանանէն հեռացումը` կրաւորական սպասումը հանդիսացաւ զանոնք դասալքութեան մղող հոգեբանական ամէնէն վտանգաւոր երեւոյթը:

«Հայ մարդիկ չկրցան անդրադառնալ, որ հաւաքական որեւէ տագնապ դիմագրաւելու միակ եւ ամէնէն առողջ ճամբան կազմակերպուած հակազդեցութիւնն է` հաւաքական տարողութեամբ: Անհրաժեշտ էր հակազդե՛լ. հաւաքաբար ու կազմակերպ շարքերով: Առանց այդ հակազդեցութեան ու հաւաքական ահազանգային գօտեպրկումին, անխուսափելի պիտի դառնար ինքնամեկուսացումը եւ լուսանցքային սպասումը, ուրկէ այնքա՜ն դիւրութեամբ կարելի էր մատնուիլ սեփական մորթը փրկելու պատեհապաշտութեան եւ իմաստուն իրապաշտութեան», կը գրէր «Ազդակ» 16 սեպտեմբերի իր խմբագրականով եւ կ՛աւելցնէր.

«Զոհողութեան ու անսակարկ նուիրումի նոր հանգրուան մը կը սպասէ մեզի: Անձերէն անդին` հաւաքական վերականգնումի պայքար մը ունինք: Կրաւորական եւ սպասողական կեցուածքներ չեն կրնար գոյութեան իրաւունք ունենալ: Հակառակ բազմապիսի դժուարութեանց ու վտանգներուն, իբրեւ համախումբ հայութիւն, ստիպուած ենք տէր կանգնիլ մեր ճակատագրին ու պատասխանատուութիւններուն»:

Պէյրութի կեդրոնական փողոցներուն մէջ

Ընտրեալ նախագահ Իլիաս Սարգիս 23 սեպտեմբեր 1976-ին ստանձնեց իշխանութիւնը եւ ուխտեց երկիրը դուրս բերել քաղաքացիական պատերազմէն:

Այս առիթով, նոյն օրուան իր թիւով եւ «Յոյսի նախագահը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Յոյսը` նախագահ Իլիաս Սարգիսն է:… Գիտենք, որ տասնութամսեայ տագնապին սեւ էջը կարելի չէ փակել մէկ օրէն միւսը:… Զգուշաւոր է պարզ քաղաքացին. հակառակ անոր որ յոյսով խանդավառուելու օրը եկած էր: Զգուշաւոր են իրե՛նք, հակամարտ կողմերը, որոնք անզիջող մնալով հանդերձ չեն ուզեր կորսնցնել տագնապի լուծման այս վերջին, սահմանադրականօրէն անփոխարինելի առիթը: Զգուշաւոր է վերջապէս ի՛նք, նախագահ Սարգիս, որուն մարմնաւորած յոյսը ամէն վայրկեան ենթակայ է քաղաքական ահաբեկչութեան վտանգին:

… Նախագահ Սարգիս ոչ մէկ պետական ուժ կը ժառանգէ երէկուան Լիբանանէն, որպէսզի կարենայ հայրենիքին կամքը պարտադրել բոլորին: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ նոր նախագահը իր անձով կը մարմնաւորէ Լիբանանի փրկութեան վերջին յոյսը: Ինք կը հանդիսանայ հակամարտ կողմերու հանդիպման միակ կէտը»:

Իսկ 27 սեպտեմբերի իր թիւով եւ «Կարելին եւ անկարելին» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Վեցամեայ իր ճամբուն սկզբնակէտի մէջ իսկ, հանրապետութեան վեցերորդ նախագահը յստակացուց թէ ինք կու գայ հակամարտ կողմերէն վեր կանգնելու եւ ամբողջական Լիբանանի շահերը մարմնաւորելու:  Հակառակ երկրի իրողական բաժանումին, պետութեան կազմալուծումին ու զինուորական ուժի մասնատումին, Պաապտայի կիսաւեր պալատին նոր բնակիչը գիտցաւ ո՛չ ըսել հատուածական ու այլամերժ կեցուածքներուն: … Նախագահ Սարգիս բացաւ կարելիին դուռը»:

Նախագահ Իլիաս Սարգիսի պաշտօնի ստանձնումէն քանի մը օր ետք, լիբանանեան տագնապը, որ շատերուն համար մտած էր լուծման առաջին հանգրուանին մէջ, կորսնցուց իր քաղաքական լուծումին քայլերը եւ լեռներու պատերազմին հետ միատեղ, բոլոր ռազմաճակատները բռնկեցան Պէյրութի, արուարձաններուն, Լեռնալիբանանի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:

Սուրիական բանակը եւ փաղանգաւոր միլիսները հոկտեմբերի սկիզբը յարձակումի անցան Թարշիշի, Մաժտէլ Թարշիշի, Այնթուրայի, Քաֆր Սլուանի, Համմանայի, Պհամտունի, Ֆալուղայի, Այն Սահայի, Սալիմայի եւ Սաննինի պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու դիրքերուն դէմ:

Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը իրերայաջորդ պարտութիւններ կրեցին եւ իրենց ձեռքը գտնուող լեռնային գիւղերուն մեծ մասը պարպեցին: Որոշ դիմադրութիւն կազմակերպեցին համայնավար միլիսները եւ Ժոմպլաթի տիւրզի միլիսները: Սակայն, բուռն պաշտպանութիւն մղելու համար գիւղերը լաւ ձեւով չէին պատրաստուած: Պատնէշները ցանցառ էին, յաճախ միայն քանի մը աւազի տոպրակներ: Ճամբաները ոչ փակ եւ ոչ ականուած էին:

Սուրիական զօրքեր Լիբանանի մէջ

Գրաւուած գիւղերուն մէջ իր դիրքերը ամրապնդելէ եւ Պհամտունը գրաւելէ ետք սուրիական բանակը նոր յարձակողական մը շղթայազերծելով գրաւեց Շանայը, Քըրայան եւ Պաալշէմայը:

Սուրիական զինուորական ջախջախիչ առաւելութեան դէմ, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ստիպուեցան հեռանալ իրենց պաշտպանողական առաջին եւ երկրորդ գիծերէն ու անցնիլ սեղմ պաշտպանողականի, կասեցնելու համար սուրիական յառաջխաղացքը:

Սուրիական բանակը նաեւ ռմբակոծեց դէպի Սայտա տանող ճամբուն վրայ գտնուող այն գիւղերը, որոնց մէջ կը գտնուէին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերու կեդրոնները:

Սայտայի մէջ յառաջդիմականները պէտք եղած միջոցները ձեռք առին, կասեցնելու համար հաւանական նկատուող սուրիական յարձակումը եւ զօրացուցին քաղաքին պաշտպանութեան միջոցները:

Սուրիական բանակը սկսած յարձակումը այնուհետեւ շարունակեց Դամասկոս-Պէյրութ միջազգային ճամբուն եւ Ժեզզին-Սայտա-Միէ Միէ երկարող ճամբաներուն վրայ:

Ալէյի մէջ կեդրոնացած պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը եւ գիւղացիները, նկատի ունենալով որ լայն միջոցներ չունէին սուրիական զօրքի յառաջխաղացքը կասեցնելու համար, սկսան հեռանալ աւանէն, մինչ Ալէյէն մինչեւ Պաապտա երկարող գօտին սաստկօրէն կը ռմբակոծուէր, իսկ Պաապտայի անտառներուն մէջ բազմաթիւ հրդեհներ ծագած էին:

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 15-ը ծանրագոյն օր մը եղաւ: Սաստիկ կռիւներ մղուեցան Ալէյ-Պհամտուն եւ Ժեզզին-Սայտա ճակատներուն վրայ: Սուրիական բանակը բուռն յարձակումներ շղթայազերծեց պաղեստինեան դիրքերուն վրայ, որոնք հակազդեցին եւ կարգ մը վայրերու մէջ որոշ յաջողութիւն արձանագրեցին: Երկու կողմերն ալ մեծաթիւ կորուստներ տուին: Արեւմտեան Պէյրութի թաղերը եւս ուժգնօրէն ռմբակոծուեցան. Համրայի Հորս Շու սրճարանին մօտ ինկած հրթիռ մը բազմաթիւ վիրաւորներ խլեց, որոնց մէջ կը գտնուէին վեց հայեր, անոնցմէ Վահէ Քեպապճեան մահացաւ Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:

Յաջորդող օրերուն կոյր ռմբակոծումները շարունակուեցան: Շաբաթ, հոկտեմբեր 16-ին, Սփիրզ պողոտային վրայ ինկած ռումբերէն մէկը խլեց հինգ զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւորներ, որոնց շարքին` երկու հայեր:

Կիրակի, հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 10:45-էն սկսեալ 15-էն 20 ռումբեր ինկան Ժեհթաուիի շրջանին մէջ, ու անոնցմէ երկուքը խլեցին ինը զոհ, որոնց չորսը հայեր եւ քսան վիրաւորներ, որոնց մէջ կը գտնուէին ինը հայեր:

Ճերմակ տուներու շրջանին մէջ ինկած ռումբերէն մէկը խլեց չորս զոհ` 12-ամեայ աղջնակ մը` Մարալ Պապիկեան եւ հայ պահակներէն Արտօ Թաքելեան, Համբարձում եւ Սուրէն Տէր Աւետիսեան. վիրաւորներուն մէջ կը գտնուէին չորս հայ պահակներ` Յակոբ Պաստեղեան, Ժան Ղազարոսեան, Նշան Քիլաղպեան եւ Կարպիս Մարզումանեան:

Արուեստի Աշխարհէն. Պատմութիւն Պատմելը Ինչո՞ւ Հոգեբանական Հանգիստ Կը Պարգեւէ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԼՍԵԼ, ՔԱՆ` ԳԻՏԱԿԱՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ԿԸ ՆԱԽԸՆՏՐԵՆ ՊԱՏՃԱՌԱԲԱՆԵԼ, ՔԱՆ` ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՓՆՏՌԵԼ, ԿԸ ՍԻՐԵՆ ԼՍԵԼ ԿԱՄ ԿԱՐԴԱԼ ՆՈՅՆ ՁԵՒԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԴԻՊԱՇԱՐԻ ՆՈՅՆ ՁԵՒԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՈՎ, ԵՒ ԱՅՍ` ՍԵՊԱԳԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ: «ՏԻ ԱԹԼԱՆԹԻՔ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲՈՂՋ ՏԵՒՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՆԵՐԳՐԱՒԱԾ ԵՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ:

Անգլիացի հնագէտ Ճորճ Սմիթ 31 տարեկանին հմայուած էր հնադարեան սալիկով մը, որ կը ցուցադրուէր Բրիտանական թանգարանին մէջ: Տարիներ առաջ, 1845-ին, երբ Սմիթ 5 տարեկան մանչուկ մըն էր, Օսթըն Հենրի Լէյըրտ, Հենրի Ռոլինսըն եւ Հորմուզտ Ռասամ պեղումներ սկսած էին կատարել այսօրուան Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքին: Յաջորդ տարիներուն անոնք ի յայտ բերած էին հազարաւոր քարի բեկորներ եւ աւելի ուշ անդրադարձած էին, թէ անոնք կը կազմէին հնադարեան արձանագրութիւններ կրող13 սալիկներ: Սակայն, նոյնիսկ սալիկներուն կտորները վերամիացնելէ ետք կարելի եղած չէր գրութիւնները վերծանել: 3000 տարուան սալիկները նոյնքան խորհրդաւոր կը մնային, որքան, երբ թաղուած էին Միջագետքի պալատներուն աւերակներուն տակ:

Սեպագիր արձանագրութիւնները լեզու չեն: Անոնք կը կազմեն այբուբեն մը, զոր վերծանելը շատ դժուար է, մանաւանդ, երբ արձանագրուած է սալիկներու վրայ, որոնք երեք հազարամեակ շարունակ թաղուած մնացած են Միջին Արեւելքի աւազներուն տակ: Սեպագիր այբուբենը կը բաղկանայ 100 եռանկիւն տառերէ, գործածուած է սումերական, աքքատեան, ուրարտական եւ հիթիթներու լեզուներուն մէջ, նաեւ` զուրկ է ձայնաւորներէ, կէտադրական նշաններէ եւ բառերու միջեւ բացութիւններէ:

Այսուհանդերձ, Սմիթ որոշած էր ի՛նք վերծանել գաղտնիքը: Ասորագիտութեան եւ Աստուածաշունչի հնագիտութեան նկատմամբ իր հետաքրքրութիւններէն մղուած` Սմիթ, որ իբրեւ դասաւորող կ՛աշխատէր Բրիտանական թանգարանին մէջ, ինքնաշխատութեամբ սկսած էր սորվիլ սումերերէն եւ գրական աքքատերէն:

Սալիկներուն Բրիտանական թանգարան հասնելէն շուրջ 2 տարի ետք, 1872-ին, Սմիթ յաջողած էր վերծանել գաղտնիքը. բարդ խորհրդանիշները կը նկարագրէին պատմութիւն մը: Ներկայիս պատմութեան ամէնէն յատկանշական մասը նկատուող 11-րդ սալիկը թարգմանելէ ետք Սմիթ իր մէկ պաշտօնակիցին ըսած է. «Առաջին անձն եմ, որ այս բոլորը կը կարդայ 2000 տարուան մոռացութենէ ետք»:

Նոյնիսկ այդ օրերու Բրիտանիոյ վարչապետ Ուիլիըմ Կլատսթոն ներկայ եղած է սալիկներուն բովանդակութեան վերաբերող Սմիթի մէկ դասախօսութեան, որմէ ետք ներկաներէն մէկը ըսած է. «Հաւանաբար առաջին անգամ է, որ Բրիտանիոյ մէկ վարչապետը ներկայ կը գտնուի բաբելոնական գրականութեան նուիրուած դասախօսութեան մը»:

Գոյութենական Հարցեր Լուծելու Միջոց

Մարդիկ հակամէտ են պատմութիւններ փնտռելու հոն, ուր անոնք գոյութիւն չունին, որովհետեւ պատմութիւնները կ՛իմաստաւորեն մեր կեանքը. անոնք ձեւով մը կը համապատասխանեն գոյութենական հարցեր լուծելու:

Սմիթի վերծանած 11-րդ սալիկը իրականութեան մէջ կը պատմէր աշխարհի հնագոյն պատմութիւնը` Կիլկամեշի դիւցազնավէպը:

Կիլկամեշի դիւցազնավէպը օժտուած է արդի ժամանակներու պատմութեան մը բոլոր յատկանիշներով: Անոր հերոսը կը կատարէ տանջալից ուղեւորութիւն մը, կ՛ապրի սիրային արկածախնդրութիւն մը, կը հասնի փրկութեան, իսկ անոր կողքին կը գործեն նաեւ բազմաթիւ այլ երկրորդական տիպարներ:

Մարդիկ պատմութիւն պատմած են հազարաւոր տարիներէ ի վեր, սկիզբը` բանաւոր, նախքան գրելու յայտնագործութիւնը: Մարդիկ իրենց կեանքին մեծ մասը կ՛անցընեն պատմելով պատմութիւններ, յաճախ` այլոց մասին: «Բամբասանքը` եղափոխութեան դիտակիւնէն» վերնագիրով իր ուսումնասիրութեան մէջ եղափոխական հոգեբանութեան մասնագէտ Ռոպին Տանպար ի յայտ բերած է պատմութիւններու ուղղակի կապը մարդոց հետ. ընկերային նիւթերը, մասնաւորաբար` բամբասանքը, կը կազմեն հանրային վայրերու մէջ կատարուած զրոյցներուն 65 առ հարիւրը:

Պատմութիւնները մարդկութեան համար միջոց մըն են զգալու, թէ հակակշիռ ունին աշխարհի վրայ: Անոնք առիթ կու տան քաոսը կանոնաւորելու, իմաստ գտնելու պարագայական երեւոյթներու մէջ: Մարդիկ հակամէտ են պատմութիւններ գտնելու հոն, ուր անոնք գոյութիւն չունին, որովհետեւ այս ձեւով կրնան իմաստաւորել կեանքը, այսինքն` պատմութիւն պատմելը կը դառնայ գոյութենական հարց լուծելու միջոց: 1944-ին լոյս տեսած էր Սմիթ քոլեճի դասախօսներ Ֆրից Հայտըրի եւ Մարիանէ Սիմըլի մէկ ուսումնասիրութիւնը` 34 ուսանողներու վրայ: Ուսումնասիրութեան ընթացքին անոնց ցոյց տրուած էր կարճ ժապաւէն մը, որուն մէջ երկու եռանկիւններ եւ բոլորակ մը կը շարժէին, մինչ քառանկիւն մը կը մնար անշարժ` պաստառին մէկ անկիւնը: Երբ հարց տրուած էր, թէ ի՞նչ տեսած էին, 34 ուսանողներէն 33-ը մարդկայնացուցած էին երկրաչափական ձեւերը եւ ստեղծած էին պատմութիւն մը. բոլորակը «մտահոգ» էր, «փոքր եռանկիւնը անմեղ փոքրիկ մըն էր», մեծ եռանկիւնը «կուրցած էր զայրոյթով եւ անձկութեամբ», Միայն մէկ ուսանող յայտնած էր, թէ միայն երկրաչափական ձեւեր տեսած էր պաստառին վրայ:

Պատմութիւնները Կ՛օգնեն`

Հասկնալու Այլոց

Պատմութիւնները նաեւ շատ բան կրնան պատմել մարդոց զգացական կեանքին մասին: Պատմութիւն պատմելը, մասնաւորաբար վէպերու ճամբով, առիթ կու տայ գաղտագողի դիտելու, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ մէկուն խիղճին մէջ եւ գիտնալու, թէ ինչպէ՞ս կը մտածեն ուրիշներ: Այս ձեւով կը վերահաստատուին մեր սեփական հաւատալիքներն ու հայեցակէտերը, սակայն աւելի յաճախ` մարտահրաւէր մը կ՛ուղղուի անոնց: Հոգեբան Տան Ճոնսըն վերջերս «Պէյսիք էնտ Ըփլայտ Սոշըլ Սայքոլոճի» թերթին մէջ հրատարակած է ուսումնասիրութիւն մը, որուն համաձայն, երեւակայական պատմութիւններ կարդալը նկատառելի կերպով կ՛աւելցնէ կարեկցանքի զգացումը այլոց նկատմամբ, մասնաւորաբար անոնց, զորս ընթերցողներ սկիզբը կը նկատէին «դրսեցի» (օտար, տարբեր ցեղի, գոյնի եւ կրօնի մարդիկ):

Հետաքրքրականը այն է, թէ ընթերցողներ որքան ներգրաւուէին պատմութեան մը մէջ, նոյնքան աւելի կարեկցանք կը տածէին իրական կեանքի մէջ: Ճոնսըն այս մէկը փաստած էր` «դիպուածով» գետին թափելով բուռ մը ասեղ, մինչ ուսումնասիրութեան մասնակցողները տեղեակ չէին, թէ քննութեան կ՛ենթարկուէին: Ի յայտ եկած էր, թէ անոնք, որոնք նախապէս կլանուած էին իրենց կարդացած պատմութեամբ, կրկնակիօրէն հակամէտ էին ասեղները հաւաքելու:

Վերջերս «Սայընս» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը յաւելեալ փաստերով կ՛ապացուցէր այն գաղափարը, թէ պատմութիւնները կրնան օգնել մեզ` հասկնալու այլոց: Եզրակացութիւնը կ՛ըսէր. «Երեւակայական գրականութիւնը եզակի ներգործութիւն ունի հոգեբանական այն գործընթացներուն վրայ, որոնց կարիքը ունինք` հասկնալու համար տիպարներուն ենթակայական փորձառութիւնները»: Այլ խօսքով, եթէ վէպ կարդանք, հաւանաբար կրնանք նաեւ զգացումներ կարդալ:

Եղափոխութեան Արդիւնք

Սակայն, ինչո՞ւ պատմութիւններ պատմել: Անշուշտ պատճառներէն մէկը անոնց պիտանի դերն է ուրիշները հասկնալու մէջ, սակայն այլ տեսութիւն մը կ՛ըսէ, թէ պատմութիւն պատմելը թերեւս եղափոխութեամբ ծնունդ առած մեքենական արարք մըն է, որուն միջոցով շարունակուած է մեր նախահայրերուն կեանքը:

Տեսութիւնը կ՛ըսէ. եթէ քեզի պատմեմ պատմութիւն մը գոյատեւելու մասին, աւելի հաւանական է, որ իրապէ՛ս գոյատեւես, քան` եթէ պարզապէս թուեմ գոյատեւելու անհրաժեշտ պայմանները: Օրինակ, եթէ ըսեմ` «անասուն մը կայ այդ ծառին քով, հոն մի՛ երթար», նոյնքան ազդու չի հնչեր, որքան` եթէ պատմեմ հետեւեալը. «Զարմիկս կուլ գնաց նենգ եւ ահարկու արարածի մը, որ կը սողոսկի այդ ծառին շուրջ, հետեւաբար հոն մի՛ երթար»: Պատմութեան մէջ կը մէկտեղուին տուեալները եւ զգացումները, ինչ որ ուշագրաւ կերպով աւելի ազդու ներգործութիւն կ՛ունենայ ունկնդիրին վրայ, քան` ինչ որ տուեալը պիտի ունենար առանձին: Իրօք, Սթանֆորտ կրաճուէյթ սքուլ աֆ պիզնըսի մէջ շուկայական տնտեսութեան դասախօս Ճենիֆըր Աքըր կ՛ըսէ, թէ մարդիկ «22 անգամ աւելի տեղեկութիւններ կը յիշեն, երբ անոնք կը հիւսուին պատմութիւններու մէջ, քան` երբ կը փոխանցուին առանց պատմութեան»:

Պատմութիւններու տրուած արժէքին յստակ մէկ ապացոյցն է պատմիչներու տրուած բարձր արժէքը: Գրագէտներ, դերասաններ, բեմադրիչներ, մարդիկ, որոնք իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն պատմութիւն պատմելով, աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր անձերէն են: Պատմութիւնները փախուստի միջոց մըն են, անոնք երբեմն հաճելի ժամանց պարգեւելու ճամբով կրնան աւելի լաւ անձերու վերածել մեզ: Սակայն, կը թուի, թէ շատ աւելի խոր է անոնց դերը:

Թերեւս նոյն պատմութիւնները յաճախ պատմելու, վերապատմելու եւ մեր մեծագոյն պատմիչները տեւաբար փառաբանելու բուն պատճառը այն է, թէ մարդիկ կ՛ուզեն մաս կազմել հասարակաց պատմութեան մը: Սմիթ 11-րդ սալիկին վրայ յայտնաբերած էր ջրհեղեղի մեր պատմութիւնը: Կիլկամեշի դիւցազնավէպին 11-րդ սալիկը, որ նաեւ կը կոչուի «Ջրհեղեղի սալիկը», կը պատմէ Ութա-նափիշթըմ անունով տիպարի մը մասին, որ կը լսէ սումերական Էնքի աստուծոյ հրամանը` լքելու իր աշխարհիկ ինչքերը եւ կառուցելու նաւ մը: Էնքի անոր կը թելադրէ այս նաւուն մէջ փոխադրել իր կինը, ընտանիքը, իր քաղաքին արհեստաւորները, անասուններու ձագերը եւ սննդեղէնի պաշարները: Պատմութիւնը յար եւ նման է Նոյեան տապանի պատմութեան, որ նշուած է Գիրք Ծննդոցի եւ Քուրանի 71-րդ գլուխին մէջ:

Մարդիկ նոյն պատմութիւնները կը պատմեն հազարամեակներէ ի վեր: Գրագէտ Քրիսթաֆըր Պուքըրի համաձայն, գոյութիւն ունին միայն 7 հիմնական դիպաշարներ, որոնք քիչ մը տարբեր նրբերանգներով տեւաբար կը կրկնուին ժապաւէններու մէջ, պատկերասփիւռի պաստառին վրայ եւ վէպերու մէջ: «Հրէշը յաղթահարելու» դիպաշարը կայ «Պէյվուլֆ. ուոր աֆ տի ուոըրլտծ» դիւզազնավէպին մէջ, «աղքատութենէ հարստութիւն» անցումի գաղափարը` «Սինտրելլա» հեքիաթին եւ «Ճէյն Էյր» վէպին մէջ, «փնտռտուքի» դիպաշարը` «Իլիական»-ի եւ «Տը լորտ աֆ տը ռինկզ»-ի մէջ, «ուղեւորութեան եւ վերադարձի» դիպաշարը` «Ոդիսական»-ի եւ «Ալըս ին Ուոնտըրլենտ»-ի մէջ, «վերածնունդի» դիպաշարը` «Քնացող իշխանուհին» հեքիաթին եւ «Է Քրիսմըս քերըլ»-ի մէջ, ապա կայ նաեւ «կատակերգութիւնը»` որ կ՛աւարտի ամուսնութեամբ եւ «ողբերգութիւնը», որ կ՛աւարտի մահուամբ:

Որքան ալ պատմութիւնները օգնեն մեզի` հասկնալու իրական աշխարհը, անոնք իրական չեն: Արդեօք կարելի՞ է ըսել, թէ երեւակայական պատմութիւնները կը գերակշռեն: Սըրվանթէզ «Տոն Քիշոթ»-ի գլխաւոր տիպարին` Ալոնսօ Քիխանոյի մասին կը գրէ հետեւեալը. «Ան կը կարդար ամբողջ գիշերը` արեւամարէն արեւածագ, եւ ամբողջ օրը` արեւածագէն արեւամար, մինչեւ որ այսքան արթուն մնալէ եւ այսքան կարդալէ ետք չորցաւ անոր ուղեղը եւ ան կորսնցուց իր խելքը…»:

Սակայն յաջորդ առաւօտ Ալոնսօ Քիխանօ կը վճռէ ասպետ դառնալ, կը կերպարանափոխէ ինքզինք եւ կը դառնայ Տոն Քիշոթ, կ՛որոշէ հարթել իր սեփական ճամբորդութեան ուղին, ապա ճամբայ կ՛իյնայ` «արկածախնդրութիւն փնտռելով եւ ընելով այն բոլոր բաները, զորս, իր կարդացած գիրքերուն համաձայն, ըրած են իրմէ առաջ ապրած ասպետները»:

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Արուեստ Կը Ստեղծենք
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՀԱՐՑՈՒՄԸ ԴՐՈՒԱԾ Է ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԷՆ Ի ՎԵՐ: ԱՅՆՈՒՀԵՏԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՍԻՐՈՅՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՆԻՒԹ: ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԸ ՊԵՂԱԾ Է ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԵՒ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ԼԷՈՆԱՐՏՕ ՏԱ ՎԻՆՉԻԻ ՈՒՂԵՂԸ` Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՃԱՌԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» Կ՛ԱՐՏԱՏՊԷ ՀԱՏՈՒԱԾ ՄԸ ԱՆՈՐ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԳԻՐՔԷՆ, ՈՐ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ` ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՐԶԵՐՈՒ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐԷ:

«Լաւ գեղանկարիչը պէտք է կարենայ գծել երկու հիմնական բան. մարդը եւ նպատակը` անոր ուղեղին մէջ: Առաջինը դիւրին է, իսկ երկրորդը` դժուար»: Լէոնարտօ տա Վինչի, այն մարդը, որ այս մասին խորհրդածած է դարեր առաջ, յայտնագործումներ կը կատարէր արուեստի եւ գիտութեան մէջ, համակուած էր ոչ միայն գեղեցկութեան սաստկութեամբ, այլ նաեւ` իր ուղեղին մէջ կատարուող ստեղծագործական գործընթացներով: Լէոնարտ Շլայն, հեղինակը` շատերու ծանօթ «Արթ էնտ ֆիզիքս» գիրքին, յայտնաբար տա Վինչիի դրօշը կրած էր 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն: (Ան մահացած է 2009-ին, 71 տարեկանին, ուղեղի քաղցկեղի պատճառով, «Լէոնարտօ՛զ պրէյն» գիրքը գրելէն կարճ ատեն մը ետք):

Այս ամսուան սկիզբը լոյս տեսած իր գիրքին մէջ Շլայն կը հետազօտէ Լէոնարտոյի ստեղծագործ ուղեղին գործելաոճը եւ կը կեդրոնանայ ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերը օգտագործելու մեծ արուեստագէտին կարողութեան վրայ: «Մոնա Լիզա»-ն ունենալով իբրեւ կիզակէտ` ան կը խորանայ արուեստի եւ գիտութեան հասարակաց եզրերուն վրայ եւ կը փորձէ բացատրել, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մարդիկ արուեստ կը ստեղծեն: Ստորեւ` հատուած մը Շլայնի գիրքին «Վախ, ցանկութիւն եւ գեղեցկութիւն» գլուխէն:

«Լէոնարտոյի ուղեղը»:

Ստեղծագործականութիւնը հիմնականին մէջ վախի եւ ցանկութեան ծնունդն է: Վտանգը եւ սեռային ցանկութիւնը հիմնական գործընթացներ են, որոնց աւանդաբար կը դիմեն արուեստագէտները` արուեստի գործ մը ստեղծելու համար: Անշուշտ արուեստագէտը չի գիտակցիր, թէ այս երկուքը արմատն են իր ստեղծագործական մղումին: Ստեղծագործականութիւնը կը սկսի ծրագիր մը, պատկեր մը կամ սովորական իրի մը այլ ձեւի գործածութիւնը երեւակայելով: Նոր բան մը ի յայտ բերելէ ետք արուեստագէտը կը սկսի իր դիտարկումը կեդրոնացնել անոր բաղկացուցիչ մասերուն վրայ: Ասիկա մաս կը կազմէ գլխաւորաբար ուղեղին ձախ կիսագունդին գործունէութեան, որ իրերը կը վերածէ իրենց բաղկացուցիչ մասերուն եւ կը վերլուծէ: Արուեստագէտը բաղկացուցիչ մասերը կը հաւաքէ նոր եւ գրաւիչ ձեւով, այնպէս, որ մարդիկ զայն ճանչնան իբրեւ արուեստ: Սակայն արուեստի գործը նաեւ պէտք է պարունակէ «կիրք»: Անիկա պէտք է ըլլայ «սիրոյ» արդիւնք, սրբազան ներշնչումի արդիւնք: Սիրոյ արմատները կ՛արձակուին ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ. երանութեան զգացումը ուղեղին աջ կիսագունդին յատուկ փորձառութիւն մըն է:

Գիտնականը կը գործէ նոյն ձեւով, սակայն կ՛ուզէ հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս բաղկացուցիչ մասերը կ՛առնչուին ամբողջութեան հետ: Մինչ ան իրերը աւելի փոքր մասերու վերածելու եւ համադրելու միջոցը ի սպաս կը դնէ գիտութեան յառաջդիմութեան, անդին` արուեստագէտը նոյն միջոցը ի սպաս կը դնէ գեղագիտութեան: Արուեստագէտը պատկերներու եւ փոխաբերութիւններու կը դիմէ` իրականութեան կապերը վերլուծելու համար, իսկ գիտնականը թիւեր եւ հաւասարութիւններ կը կիրարկէ բնութեան վրայ` իրականութեան կապերը ցոյց տալու համար: Գրագէտ Վլատիմիր Նապոքով առիթով մը դիտել տուած է. «Գիտութիւն գոյութիւն չունի առանց երեւակայութեան, արուեստ գոյութիւն չունի առանց տուեալներու»: Յեղափոխական արուեստագէտը եւ տեսլապաշտ գիտնականը երկուքն ալ հիմնականին մէջ կը փորձեն պեղել իրականութեան էութիւնը:

Գեղեցկութեան զգացողութիւնը եղափոխութիւն մը պիտի չապրէր, եթէ մարդոց յաւելեալ զէնք մը չպարգեւէր` անասուններու դէմ պայքարելու համար, կամ` բնական աղբիւրներ գտնելու: Սակայն պէտք է հարց տալ. ի՞նչ բարիք կարելի էր քաղել հոյակապ արեւածագ մը դիտելով խոր երկիւղածութեամբ, երբ այդ պահուն համակ կեդրոնացումի պատճառով պիտի տկարանար վտանգի զգացողութիւնը:

Դժբախտաբար գեղեցկութիւնը ամէնէն կարճ, յեղյեղուկ եւ բազմաթիւ նպատակներու ծառայող բառ մըն է, որ կը նմանի օղակի մը մէջէն պղպջակներ փչելու մանկական խաղին: «Գեղեցկութիւն» բառին գործածութիւնը այնքա՛ն սովորական է տարբեր պարունակներու մէջ, որ զայն սահմանելու փորձ մը կատարելը կը նմանի ծիածանը գրկել փորձելու: Գեղեցկութեան փորձառութիւնը ենթակայական է, սիրոյ եւ ճշմարտութեան պէս: Անոր ոչ-առարկայական բնոյթին գիտակցելու պատճառով է, որ գիտնականներ ընդհանրապէս խուսափած են գործածել այս բազմիմաստ բառը:

Այսուհանդերձ, գեղեցկութեան յաւելեալ սահմանումներ առիթ կու տան զայն բաժնելու տարբեր տեսակներու: Գոյութիւն ունին երեք տեսակի տարբեր գեղեցկութիւններ. սեռային, բնական եւ արուեստի իրի մը, այսինքն` մարդկային ձեռքով շինուած իրի մը յատուկ գեղեցկութիւն: Այս երեք տեսակի գեղեցկութիւնները կը միաձուլուին:

Ամէնէն տարօրինակը արուեստի իրի մը գեղեցկութիւնն է: Թէեւ մարդը բազմաթիւ այլ արարածներու պէս գործիք կը շինէ յատուկ նպատակի մը համար, սակայն միակ արարածն է, որ գեղագիտական ճաշակով կը շինէ զայն: Արհեստագործութեան նպատակով գործիք շինող մարդը զարգացում մը ապրելով` դարձած է արուեստագէտ: Անոր շինած իրերը հետզհետէ նուազ գործածական արժէք ստացած են, մինչեւ որ արուեստագէտը մղուած է շինելու բան մը, որ գործածական չէ, այսինքն` կիրարկած է արուեստ` արուեստի սիրոյն: Սակայն, ինչո՞ւ մէկը ժամանակ եւ ուժ պիտի տրամադրէր ստեղծելու համար բան մը, որ ոչ մէկ ձեւով պիտանի էր եւ կը ծառայէր միայն հակազդեցութիւն մը ստեղծելու ակնդիրին քով կամ նոյնինքն` արուեստագէտներուն: Ինչո՞ւ կը ձգտինք գեղեցկութեան` գեղեցկութեան սիրոյն:

«Գեղեցկութիւն գնահատելու» գաղափարը ծնունդ առած է սեռային գրաւչութեամբ: Այսինքն, երբ մարդը իր բնազդային մէկ մղումը` սերդնագործելու իր տենչը վերածած է այն ուժին, որ Լէոնարտոն մղած է գծելու «Վերջին ընթրիքը»: Ասիկա կ՛օգնէ մեզի հասկնալու, թէ ինչպէ՛ս գեղեցկութեան փնտռտուքը դարձած է մարդկային ստեղծագործականութեան անբաժան մէկ մասը:

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Խորհրդածութիւն Մը` Չփորձելու Արուեստին Մասին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՅԱՃԱԽ ՄԵԾ ՃԻԳ ԿԸ ԹԱՓԵՆՔ, ԿԸ ՄՏԱՏԱՆՋՈՒԻՆՔ, ԿԸ ՓՆՏՌԵՆՔ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ, ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՂԻՆ, ՆՈՐ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՒԺԸ… ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՈՐՔԱ՞Ն ՃԻՇԴ Է ԼԱՐՈՒԱԾ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԱՀԵԼ ԲՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ  ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՉԻՆԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՄԲ:

Տրուած խորհուրդը նոյնքան խելայեղ է, որքան` անխուսափելի: Որեւէ լարուած վիճակի պարագային, ինչպէս` անծանօթի հետ հանդիպում, դասախօսութիւն, գործի դիմելէ ետք հարցազրոյցի պատրաստութիւն, առկայ յանձնարարականը հետեւեալն է. հանդարտեցէ՛ք, բնական վարուեցէ՛ք, պարզապէս եղէք այն, ինչ որ է՛ք:

Սակայն, երբ ջղային էք, ինչպէ՞ս կրնաք ըլլալ այն, ինչ որ էք: Ինչպէ՞ս կրնաք դուք ձեզի հանդարտութիւն պարտադրել: Ինչպէ՞ս կրնաք փորձելու փորձ մը չկատարել:

Անիմաստ կրնայ թուիլ այս հակասութիւնը, սակայն անիկա կենսական է քաղաքակրթութեան համար, ինչպէս կը մտածէ Էտուըրտ Սլինկըրլենտ: Ան միտումնաւոր կերպով զարգացուցած է բնական մղումի տեսութիւն մը` հիմնուած ասիական հազարամեակներու փիլիսոփայութեան մը վրայ, ինչպէս նաեւ` հոգեբաններու եւ ջղագէտներու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր կատարուող ուսումնասիրութիւններու:

Առանց Ճիգի

Սլինկըրլենտ զայն կը կոչէ օու ուէյի հակասութիւնը. չինական եզր մը, որ կը նշանակէ` «առանց ճիգի կատարուած արարք»: Անիկա նմանութեան եզրեր ունի հոսքի գաղափարին հետ եւ առանց ճիգի կատարողութեան, զոր կը ձգտին իրագործել մարզիկները, սակայն կարելի է զայն կիրարկել նաեւ մարզաշխարհէն դուրս: Օու ուէյ մաս կը կազմէ վիպերգութեան, կրօնի, քաղաքականութեան եւ առեւտուրի: Անոր գոյութեան շնորհիւ է, որ կարգ մը ղեկավարներ օժտուած են հզօր գրաւչութեամբ, անոր պատճառով է, որ գործառնութիւններ ղեկավարող պաշտօնեաներ անպայման կը ցանկան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հարբենալ` համաձայնութիւն մը կնքելէ առաջ:

Սլինկըրլենտ ասիական գիտութիւններու դասախօս է Պրիթիշ Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: Ան կը վիճի, թէ օու ուէյի ձգտումը գոյութիւն ունի այն օրէն, երբ մարդիկ սկսած են ապրիլ որսորդ-հաւաքականութիւններ կազմող գերդաստաններէ աւելի ստուար հաւաքականութիւններու մէջ: Արիւնակցական կապերու ապաւինելու կարելիութենէն զուրկ` առաջին քաղաքներու բնակիչները սկսած են զարգացնել հասարակաց արժէքներ, մասնաւորաբար` կրօնի ճամբով, որպէսզի կարենան վստահիլ մէկզմէկու արժանիքներուն եւ գործակցիլ` հասարակաց բարիքին համար:

Սակայն միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այն վտանգը, թէ մէկը կրնար կեղծել զայն եւ կատարելապէս տրամաբանական որոշում մը ներկայացնել` գերադասելով իր սեփական շահը, եթէ առիթ ունենար խուսափելու իր պարտականութենէն: Վստահութիւն շահելու համար բաւարար չէր զգաստ, օրինապահ քաղաքացի ըլլալ, նոյնիսկ բաւարար չէր պարտաճանաչ կերպով ձգտիլ առաքինութեան: Պէտք էր ցոյց տալ, թէ առաքինութիւնը այնքա՛ն ընդոծին էր, որ առանց ճիգի կը դրսեւորուէր:

Բնազդային Զգացողութեամբ

Հետեւաբար օու ուէյ կը դառնար կենսական: Անոր հնադարեան կարեւորութիւնը յստակ դարձած է գիտնականներու համար, երբ 1993-ին Չինաստանի կեդրոնական Կուոտիան գիւղին մէկ գերեզմանէն յայտնաբերուած են եղէգի շերտեր, որոնց վրայ արձանագրուած գրութիւնները կու գան Ն.Ք. 3-րդ դարէն: Անոնք կը շեշտեն, թէ օրէնքներու հետեւիլը եւ պարտականութիւններ լրացնելը բաւարար չեն` ընկերային կարգը պահպանելու համար:

Այս գրութիւնները կ՛ըսեն, թէ քաղաքագէտ դառնալու համար հարկ է ունենալ մեծաւորներու նկատմամբ պարտականութեան բնազդային զգացողութիւն մը: «Եթէ փորձէք եւ ճիգ թափէք  որդիական թուիլ, ապա չէք կրնար որդիական թուիլ: Եթէ փորձէք հնազանդ ըլլալ, ճշմարիտ հնազանդութիւն չէ այս: Չէք կրնար փորձել, սակայն նաեւ չէք կրնար փորձել չփորձել», կ՛ըսէ գրութիւններէն մէկը:

Այնուհետեւ այս հակասութեամբ համակուած են փիլիսոփաներ եւ աստուածաբաններ, ինչպէս Սլինկըրլենտ մանրամասն կերպով կը նկարագրէ իր գիրքին մէջ, որուն վերնագիրն է` «Թրայինկ նաթ թու թրայ. տի արթ էնտ սայընս աֆ սփոնթանյըթի» (փորձելով` չփորձել. բնազդաբար վարուելու արուեստն ու գիտութիւնը): Փիլիսոփայական մտածողութեան դպրոց մը կը նախընտրէ կոնփուկիոսեան մօտեցումը առանց ճիգի դրսեւորուած առաքինութեան, ինչ որ իրականութեան մէջ սկիզբէն կը պահանջէ մեծ ճիգ:

Կամքի, ինչպէս նաեւ օրէնքներու, աւանդութիւններու եւ ծէսերու կառչող կոմփուկիոսեան «ազնուականը» այնքա՛ն լաւ պէտք էր տիրապետէր պատշաճ վարուելակերպի գիտելիքներուն, որ ի վերջոյ անոնք մաս պիտի կազմէին իր բնաւորութեան: Ան պէտք էր վարուէր առաքինի եւ շնորհալի ձեւով, առանց գիտակցուած ճիգի, հռետորի մը պէս, որ այնքա՛ն լաւ գիտէ իր ըսելիքը, կարծէք կը խօսի առանց որեւէ փորձ կատարած ըլլալու:

Ընթանալ` Հոսանքին Հետ

Սակայն, արդեօք ա՞յս է բուն օու ուէյը: Ն.Ք. 5-րդ դարուն կոնփուկիոսեան դպրոցին յայտնութեան ժամանակներուն յայտնուած թաոյեական դպրոցին հետեւորդները տարակարծիք են: Թաօ Թէ Չինկ գրած էր «Ուղին եւ առաքինութիւնը. դասական մօտեցումը» վերնագիրով գիրք մը, որուն թիրախը Կոնփուկիոսն էր: Ան կը գրէր. «Ամէնէն վատ տեսակի առաքինութիւնը այն է, որ չի դադրիր առաքինութեան ձգտելէ, հետեւաբար երբեք չի հասնիր առաքինութեան»:

Թաոյեականները բնաւ չէին ձգտեր: Փոխանակ հետեւելու Կոնփուկիոսի պահանջած խիստ վարժութիւններուն եւ ծէսերուն, անոնք կը ձգտէին շղթայազերծել իրենց ներքին բնական առաքինութիւնը: Այլ խօսքով, անոնք կ՛ընթանային հոսանքին հետ, կը խրտչէին աւանդական երաժշտութենէն եւ կը նախընտրէին մղկտացող նոր ոճ մը: Շեշտը կը դնէին անձնական ինքնախորհրդածութեան վրայ եւ ոչ` պաշտօնական գիտութեան:

Նիւթապաշտ տենչերը, ինչպէս նաեւ իրենց ժամանակներու արհեստագիտութիւնը մերժելով` թաոյեականները խոյս տուած էին դէպի քաղաքամերձ շրջաններ, ուր կը կիրարկէին երկրագործութեան նախնական ձեւ մը` արօրը իրե՛նք քաշելով, եւ ոչ թէ` եզը լծելով: Սլինկըրլենտ զանոնք կը կոչէ «առաջին հիփփիները, մարդկային ընկերութենէն հեռացած, ընդդիմադիր եւ ըմբոստ մարդիկ, որոնք ապրած են մերօրեայ ներկուած հագուստներու եւ ամերիկեան «Կրէյթֆուլ տետ» ռոք խումբին յայտնութենէն աւելի քան 2000 տարի առաջ»:

Տարբեր վիճարկութիւններ մղուած են զեն պուտտայական, հինտու եւ քրիստոնեայ փիլիսոփաներու միջեւ: Հոգեբաններ եւ ջղագէտներ կը շարունակեն վիճիլ, թէ արդեօք բարոյական եւ վարուելակերպի երեւոյթներ որքա՞ն արդիւնք են մտածուած ընտրութիւններու եւ որքա՞ն` չգիտակցուած զգացումներու:

«Այժմ հոգեբանական գիտութիւնը մտածել կու տայ, թէ չին փիլիսոփաները լուրջ նպատակ մը կը հետապնդէին,- կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Ճոնաթըն Սքուլըր,- մասնաւորաբար, երբ մէկը որոշ կարողութիւններու տիրացած է յատուկ մարզի մը մէջ, յաճախ աւելի լաւ արդիւնք կրնայ տալ, եթէ պարզապէս ընթանայ հոսանքին հետ: Անընդհատ վերլուծելը եւ մտատանջուիլը կրնան անդամալուծել եւ խրամներ փորել. բան մը, որմէ խուսափելու համար ձեւագծուած է օու ուէյը»:

Հարբենալ` Գործի Համաձայնութիւն Մը

Կնքելու Համար

Ինչ ձեւով ալ տիրապետենք օու ուէյի, վիճելի չէ անոր միջոցով գրաւելու կարողութիւնը: Անիկա մեզ կ՛օժտէ այնպիսի հարազատութեամբ մը, որ գրաւիչ կը դարձնէ մեզ, երբ մեր խօսքը կ՛ուղղենք բազմութեան մը կամ երբ կը զրուցենք անձի մը հետ: Առաջին հանդիպումի մը առիթով տպաւորութիւն ստեղծելու գաղտնիքը տպաւորելու ճիգ չթափելն է:

Ոմանք, ինչպէս` քաղաքագէտներ եւ ծախողներ, յաճախ կը յաջողին բնական վարուելակերպ կեղծելու մէջ, իսկ մենք տեւաբար կը փորձենք փաստել, թէ կը կեղծեն անոնք: Նախագահական թեկնածուներու համար ընտրապայքարներ կը կազմակերպենք եւ կը սպասենք այն վայրկեանը, երբ պիտի յայտնուի անոնց «ճշմարիտ» նկարագիրը:

Ճակատագրական համաձայնութիւն մը կնքելէ առաջ գործառնութեան մարզերու մէջ աշխատող անձեր յաճախ կը պահանջեն հաւանական գործընկերներու հետ հարբենալ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ, որովհետեւ ոգելից ըմպելին կը դժուարացնէ զգացումները կեղծելը: Ջղագէտներ նոյն ներգործութիւնը յաջողած են ստեղծել` ուղեղը նկարելով մագնիսական ուժի ազդեցութեան տակ, ինչ որ կը ջլատէ իմացական հակակշիռը եւ կը դժուարացնէ համոզիչ սուտեր խօսիլը:

«Հարբենալը հիմնականին մէջ մտային անձնատուութիւն մըն է,- կը գրէ Սլինկըրլենտ:- Այնպէս` ինչպէս ձեռք թօթուելը կը ստեղծէ ապահովութեան այն զգացումը, թէ զէնք չենք կրեր, նոյնպէս ալ թեքիլա կոնծելը զինաթափ կ՛ընէ մեր ուղեղին յառաջամասը: Անիկա կը ներշնչէ ապահովութեան զգացումը, որ կ՛ըսէ` տեսէք, իմացական հակակշիռ չունիմ, կրնաք վստահիլ ինծի»:

Փորձե՞լ, Թէ՞ Չփորձել

Սակայն, եթէ չենք նախընտրեր հարբենալ, ապա ի՞նչ է օու ուէյի լաւագոյն ռազմավարութիւնը:  Փորձե՞լ, թէ՞ չփորձել: Սլինկըրլենտ կը յանձնարարէ այս երկուքին մէկտեղումը: Գիտակցուած ճիգը անհրաժեշտ է` կարողութեան մը տիրապետելու համար: Ծէսեր կիրարկելու կոմփուկիոսեան մօտեցումը կը համապատասխանէ հոգեբանութեան մէջ կատարուող ուսումնասիրութիւններու այն եզրակացութեան, թէ մեր կամքի զօրութիւնը սահմանափակ է: Մեր անձը բնական ձեւով օրէնքներ կիրարկելու վարժեցնելը կրնայ ազատագրել մեզ, որովհետեւ առիթ կու տայ իմացական ուժ վերապահելու այլ պարտականութիւններու:

Սակայն, ինքնին փորձելը կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը գործել, ինչպէս նկատած են թաոյեականները եւ ցոյց տուած են հոգեբաններ, երբ կամաւորներէ խնդրած են անշարժ պահել ճօճանակ մը, սակայն զայն անշարժ պահելու ճիգը ինքնին պատճառ դարձած է, որ ճօճանակը աւելի արագ շարժի:

«Մեր մշակոյթը ատակ է մեզ մղելու յաւելեալ աշխատանքի կամ առիթ տալու, որ տիրապետենք արհեստագիտական որոշ կարողութիւններու,- կը բացատրէ Սլինկըրլենտ:- Սակայն բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ յաջողութիւնը կախեալ է վարժութիւնը գերազանցելու կարողութենէն, ամբողջութեամբ հանդարտ մօտեցումով կատարելու մեր աշխատանքը կամ պարզապէս մոռնալով, թէ մենք ենք դերակատարը»:

Սլինկըրլենտ կողմնակից է Ն.Ք. 4-րդ դարուն ապրած չին փիլիսոփայ Մենքիուսի առաջադրած միջին եզրին, որ կը մէկտեղէ կոմփուկիոսեան եւ թաոյեական մօտեցումները. փորձեցէ՛ք, սակայն` ոչ շատ մեծ ճիգ թափելով, կը թելադրէ ան եւ կը պատմէ առակ մը ցորեն ցանող մշակի մը մասին, որ օր մը երեկոյեան տուն կը վերադառնայ յոգնաբեկ.

«Ամբողջ օրը դաշտերն էի, եւ կ՛աշխատէի, որպէսզի հասկերը աճէին», կ՛ըսէ ան: Զաւակները անմիջապէս դուրս կը վազեն տեսնելու համար արդիւնքը: Անոնք կը տեսնեն հասկեր, որոնք ի վերջոյ փճացած էին իրենց հօր ճիգերուն իբրեւ արդիւնք:

Հասկերը կը խորհրդանշէին Մենքիուսի օու ուէյի գաղափարը. բնական բան մը, որ կարիքը ունի համբերատար մշակումի: Նախ կը ցանես հունտերը, ապա կը ջրես հասկերը, սակայն որոշ տեղ մը պէտք է առիթ տաս, որ բնութիւնը գտնէ իր ընթացքը: Պարզապէս պէտք է առիթ տալ, որ հասկերը աճին իրենց կշռոյթով:

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Արհեստական Խելացութիւնը Կրնայ Վերջ Դնել Մարդկութեան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԹՈՒԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՁԳՏՈՒՄՆ Է ՍՏԵՂԾԵԼ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅԺՄ ՀԱՐՑԸ ԱՅՆ ՉԷ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է, ԱՅԼ ԱՐԴԷՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻՆ ՆՄԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՍԹԻՖԸՆ ՀՈՔԻՆԿԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՄՏԱԾՈՂ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՃԻԳԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ:

«Արհեստական խելացութեան ամբողջական կազմաւորումը կրնայ նշել մարդկային ցեղին աւարտը», կը զգուշացնէ բնաբանութեան տեսաբան Սթիֆըն Հոքինկ:

Անոր զգուշացումի կոչը պատասխան մըն է այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերանորոգէ այն արհեստագիտութիւնը, զոր կ՛օգտագործէ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, եւ որուն մէջ դեր ունի արհեստական խելացութիւնը:

Սակայն այլ գիտնականներ նուազ յոռետես են արհեստական խելացութեան խոստացած ապագային վերաբերեալ:

Հոքինկ կը տառապի շարժումները ղեկավարող ջիղերու հիւանդութենէ մը, որ կը կարծրացնէ  մարմնին հիւսկէնները: Ան խօսելու համար կ՛օգտագործէ Ինթել ընկերութեան կողմէ պատրաստուած համակարգչային նոր ծրագիր  մը:

Բրիտանական Սուիֆթքի ընկերութեան մէջ սորվող մեքենաներ պատրաստող մասնագէտներ եւս մասնակցած են ծրագիրին պատրաստութեան: Անոնց օգտագործած արհեստագիտութիւնը, որ արդէն կիրարկուած է խելացի հեռաձայններու ստեղնաշարին վրայ, կը սորվի Հոքինկի մտածելու ձեւը եւ կ՛առաջարկէ բառեր, զորս ան պիտի ուզէր գործածել իր խօսակցութեան ընթացքին:

Սթենլի Քուպրիքի 2001-ին հրապարակած ժապաւէնը, որ կը պատմէ ոճրային նպատակներ հետապնդող ՀԱԼ անունով համակարգիչի մը մասին, կ՛արտացոլէ շատերու մտավախութիւնները մարդկային կեանքին սպառնացող արհեստական խելացութեան նկատմամբ:

Հոքինկ կ՛ըսէ, թէ ցարդ արհեստական խելացութեան նախնական ձեւերու կիրարկումը շատ արդիւնաւէտ է: Սակայն ան մտավախութիւն կը յայտնէ մարդկութեան հետ մրցող կամ զայն գերազանցող բան մը ստեղծելու հետեւանքներուն վերաբերեալ:

«Արհեստական խելացութիւնը առանձին պիտի կարենայ շարունակել իր ճամբան եւ ինքզինք վերաձեւաւորել նոյնիսկ աւելի արագ ընթացքով,- կ՛ըսէ Հոքինկ:- Մարդկութիւնը, որ կաշկանդուած է կենսաբանական դանդաղ եղափոխութեամբ, պիտի չկարենայ մրցիլ արհեստական խելացութեան դէմ, որ պիտի գերազանցէ զինք»:

Սակայն ուրիշներ նուազ յոռետես են:

«Կը հաւատամ, թէ բաւական երկար ժամանակի համար միշտ ալ մարդը պիտի ղեկավարէ արհեստագիտութիւնը եւ ի յայտ պիտի գայ աշխարհի մէջ բազմաթիւ հարցեր լուծելու արհեստական խելացութեան կարողականութիւնը», կ՛ըսէ Քլեւըրպոթ համակարգչային ծրագիրը ստեղծած գիտնականը` Ռոլօ Քարփենթըր:

Քլեւըրպոթ մտածել կը սորվի իր միջոցով կատարուած զրոյցներէն եւ բարձր նիշեր արձանագրած է Թուրինկի քննութեան մէջ` խաբելով մեծ թիւով անձեր, հաւատացնելով, թէ կը խօսի մարդու պէս:

Մարդամեքենաներու Դարը

Քարփենթըրի համաձայն, տակաւին շատ հեռու է համակարգչային զօրութեամբ կամ հանրահաշիւի (ալկըրիտըմ) կատարելագործուած միջոցներով արհեստական խելացութեան ամբողջական իրագործումը: Սակայն ան կը հաւատայ, թէ այս մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներուն:

«Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ մեքենան իր սեփական խելացութեամբ գերազանցէ մեզ: Հետեւաբար չենք գիտեր, թէ արդեօք անիկա պիտի կարենա՞յ անսահմանօրէն օգնել մեզի, արդեօք պիտի անտեսէ՞ մեզ, արդեօք պիտի անգիտանա՞յ մեր գոյութիւնը, արդեօք մտածուած ձեւով պիտի կործանէ՞ մեզ», կ՛ըսէ ան:

Այսուհանդերձ, Քարփենթըրի գրաւը այն է, թէ արհեստական խելացութիւնը դրական ուժ մը պիտի ըլլայ:

Իսկ Հոքինկ միակը չէ, որ մտավախութիւններ կը յայտնէ ապագայի նկատմամբ:

Կը տիրէ այն մտավախութիւնը, թէ մօտիկ ապագային խելացի մեքենաները պիտի կարենան կատարել ցարդ մարդոց կողմէ կատարուող աշխատանքներ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ միլիոնաւոր անձերու գործազրկութեան:

Հրթիռ կառուցող Սփէյս Էքս ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Էլըն Մասք եւս մտավախութիւններ կը յայտնէ արհեստական խելացութեան նկատմամբ եւ կ՛ըսէ, թէ երկար ժամանակի վրայ անիկա կրնայ դառնալ «մարդկութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը»:

Մարդամեքենաներու Ձայնով

Հոքինկ նաեւ կը խօսի համացանցի բարիքներուն եւ վտանգներուն մասին:

Ան կը մէջբերէ բրիտանական ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան պետական հաղորդակցութեան կեդրոնին կողմէ հրապարակուած նախազգուշացում մը, որուն համաձայն, համացանցը սկսած է վերածուիլ ահաբեկիչներու հրամանատարական կեդրոնի: «Համացանցի ընկերութիւններ պէտք է շատ աւելի ճիգ թափեն` պայքարելու համար այս սպառնալիքին դէմ, սակայն դժուար է այս մէկը իրագործել` առանց զոհելու մարդոց անձնական ազատութիւնը»:

Այսուհանդերձ, Հոքինկ առաջին անձերէն է, որ խանդավառօրէն օգտագործած է արհեստագիտական հաղորդակցութեան տարբեր տեսակի միջոցներ եւ անհամբեր կը սպասէ այն օրը, երբ պիտի կարենայ շատ աւելի արագ գրել արհեստագիտական իր նոր համակարգին միջոցով:

«Մարդկութիւնը, որ կաշկանդուած է կենսաբանական դանդաղ եղափոխութեամբ, պիտի չկարենայ մրցիլ արհեստական խելացութեան դէմ, որ պիտի գերազանցէ զինք», կ՛ըսէ Սթիֆըն Հոքինկ, որ կ՛օգտագործէ համակարգչային նոր ծրագիր մը` խօսելու համար, սակայն նախընտրած է պահել նախկին ծրագիրով արտադրուած ձայնը:

Սակայն անոր օգտագործած համակարգչային նոր ծրագիրին մէջ մէկ բան կը մնայ անփոփոխ. ծրագիրին միջոցով արտադրուած ձայնը:

Հոքինկ կ՛ըսէ, թէ անիկա քիչ մը կը հնչէ մարդամեքենայի պէս, սակայն կը նշէ, թէ չի փափաքիր ունենալ աւելի բնական ձայն մը:

«Այս ձայնը դարձած է իմ վաճառանիշս: Պիտի չուզէի զայն փոխարինել բրիտանական շեշտով եւ աւելի բնական ձայնով մը», կ՛ըսէ ան:

«Կ՛ըսեն, թէ այն մանուկները, որոնք կարիքը ունին համակարգիչով վերարտադրուած մարդկային ձայնի մը, կը փափաքին ունենալ իմ ձայնիս նման ձայն մը», կ՛աւելցնէ ան:

Քլեւըրպոթ համակարգչային ծրագիր մըն է, որ կրնայ զրուցել մարդու պէս:

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ընդմէջէն. Պէյրութի Եւ Լեռներու Ճակատները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Լիբանանահայ Գաղթականները Կիպրոսի Մէջ

Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատը

Նապաայի եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն ետք, բուռն կռիւները շարունակուեցան Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ:

Հազմիէէն Հատէթ եւ Շիահ տանող ճամբուն վրայ գտնուող Կալըրի Սըմաանի շրջանը 1976-ի օգոստոսի կիսուն բուռն կռիւներու թատերաբեմ դարձաւ: Թէեւ Կալըրի Սըմաանի շրջանը միշտ բախումներու եւ ռումբերու թատերաբեմ հանդիսացած էր, բայց օգոստոս 14-ին եւ 15-ին ծանրագոյն բախումներու ճակատ դարձաւ: Թնդանօթներ, հրասայլեր, զրահապատ կառքեր, ծանր գնդացիրներ եւ ամէն տեսակի զէնքեր ու լուսարձակ ռումբեր գործածուեցան շրջանին մէջ, որ ռազմագիտական մեծ առաւելութիւն մը ունենալուն պատճառով յառաջդիմական ու պաղեստինեան ուժերուն կողմէ բուռն յարձակման ենթարկուեցաւ:

Քանի մը ժամ տեւող գօտեմարտերու ընթացքին ինկան 74 զոհեր եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ: Օգոստոս 14-էն 15 լուսցող գիշերուան ընթացքին փաղանգաւոր եւ ազատական 500 միլիսներ ռազմաճակատ ղրկուեցան փրկելու համար Կալըրի Սըմաանը: Փաղանգաւորներ զինուորական գօտի հռչակեցին շրջանը:

Երկուշաբթի, օգոստոս 16-ին լեռներու պատերազմը պայթեցաւ: Փաղանգաւորներ զինուորական կարեւոր կեդրոնացումներ կատարեցին. անոնց զրահապատ կառքերը եւս նոր դիրքեր գրաւեցին մաքրելու համար գիւղերու մէջ գտնուող պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն դիրքերը:

Բուռն բախումները եւ ռմբակոծումները սկսան Մեթնի կարգ մը գիւղերու մէջ, յատկապէս Պասքինթայի, Այնթուրայի, Մթէյնի, Մրուժի եւ Պոլոնիայի մէջ, մինչ Սաննինի գագաթին վրայ հրասայլային կռիւներ մղուեցան:

Փաղանգաւորները, որոնք վեց ամիս անընդհատ պայքարած էին Պոլոնիա-Զաարուր-Տհուր Շուէյր ճակատին վրայ կատարուող յարձակումները ետ մղելու համար, սուրիական բանակին Պեքաա մուտքէն ետք զօրացուցին իրենց դիրքերը եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն ետք իրենց ուժերը կեդրոնացուցին յատկապէս Պոլոնիայի մէջ, ուրկէ սկսան բախումները:

Պաղեստինցիք պաշարուեցան Այնթուրայի, Մթէյնի եւ Թարշիշի մէջ: Անոնց հիւսիսային եւ արեւելեան շրջաններուն մէջ դիրք գրաւած էին փաղանգաւորները, իսկ հարաւային եւ արեւմտեան շրջաններուն վրայ կը գտնուէր սուրիական բանակը: Պեքաայի մէջ կեդրոնացած պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը չէին կրնար օգնութեան փութալ, քանի որ Թարշիշի վրայ պաշարումը սեղմուած էր, իսկ սուրիական բանակը կը յառաջանար դէպի Համմանա: Սալիմա-Պաապտաթ ճակատին վրայ եւս ծանր ռմբակոծումներ տեղի ունեցան:

Մթէյնի, Այնթուրայի եւ Սալիմայի վրայ կատարուած յարձակումներուն զուգահեռ, Սաննինի կռիւները սաստկացան եւ Ֆարայայի բախումներուն  հետ միատեղ ցնցեցին Լեռնալիբանանի բոլոր գագաթները եւ գիւղերը:

Սուրիական բանակը, որ Սոֆար կը մնար եւ Մտէյրէժի մէջ հաստատած էր ռազմագիտական կարեւոր կեդրոն մը, նոր յառաջխաղացք արձանագրեց եւ կտրեց պաղեստինցիներու եւ յառաջդիմականներու զինամթերքի փոխադրութեան ճամբան:

Պասքինթա-Պոլոնիա-Զաարուր-Մրուժ-Շըլլամա-Տհուր Շուէյր-Պաապտաթ գիւղերուն բնակիչները ծանր օրեր ապրեցան եւ ահաւոր պայթումներէն շնչասպառ եղան: Տհուր Շուէյրի մէջ սարսափ տիրեց եւ բազմաթիւ բնակիչներ հեռացան գիւղէն: Թնդանօթներով տարուած կռիւներուն երկուստեք բազմաթիւ զոհեր ինկան:

Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատին վրայ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը ուրբաթ, օգոստոս 20-ին զրահապատ կառքերով մեծ յարձակողական մը շղթայազերծեցին Այն Ռըմմանէի վրայ եւ փորձեցին գրաւել շրջանը, լուծելու համար Թէլ Զաաթարի անկումին վրէժը:

Անակնկալի եկած, փաղանգաւոր եւ ազատական ուժերը ահազանգի մատնուեցան եւ ծանր ժամեր անցուցին: Յետոյ 1500 միլիսներ հակայարձակողականի անցան եւ յաջողեցան ետ մղել յարձակողները: Երկուստեք մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ ինկան, յատկապէս` Մար Մարուն ճամբուն վրայ:

Օգոստոս 21-ին Պէյրութի կեդրոնական հրապարակներու ճակատները բռնկեցան: Առեւտրական շուկաներէն մինչեւ նաւահանգիստ եւ հրապարակները բուռն կռիւներ արձանագրուեցան: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը Սայֆին Պ. 7, Էր. Փէ. Ժէ. եւ 82 միլիմեթրնոց հրթիռներով ռմբակոծեցին եւ փորձեցին ճակատը ճեղքել: Ռեժանթ պանդոկին մօտ զրահապատ կառք մը կրակ առաւ:

Յետմիջօրէին, ժամը 14:30-ին Փիկալի ճակատին վրայ փաղանգաւորները հակայարձակողականի անցան եւ մտան Սիթի Սէնթըրի շէնքը, ուր հինգ հոգի սպաննեցին, բայց երեկոյեան քաշուեցան:

Մինչ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ բուռն մարտեր կը մղուէին, պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերը միաժամանակ Հատէթի մէջ հրասայլերով եւ զրահապատ կառքերով յարձակման անցան փաղանգաւորներու դիրքերուն վրայ: Հակաօդային 40 միլիմեթրնոց հրթիռներու տարափին տակ տարուող կռիւները տեւեցին երեքուկէս ժամ: Երկու կողմերն ալ մեծ կորուստներ տուին: Փաղանգաւորները մտան Մաալէմի շրջանը եւ գրաւեցին ղովմիներու կեդրոնը, սպաննելով 20 գերիներ:

Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ եւս բուռն մարտերը կը շարունակուէին: Պաղեստինցիք թափանցեցին Մազտայի շրջանը, բայց յետոյ փաղանգաւորները գրաւեցին Շամունիէ թաղը:

Պէյրութի փողոցներուն մէջ

Կիրակի, 22 օգոստոսին Պուրճ Համուտ եւ շրջակայքը  եւ Խալիլ Պատաուի թաղամասը ռմբակոծուեցան: Վեց ռումբեր ինկան Նահրի երկաթէ կամուրջին մօտ, Խալիլ Պատաուի եւ ՀՄՄ-ի ակումբին առջեւ, ուր երկու երիտասարդներ` Րաֆֆի Սաղըրեան եւ Վիգէն Մանկրեան վիրաւորուեցան, մինչ կամուրջին մօտ ինկած հրթիռ մը խլեց զոհ մը:

Շիահ-Այն Ռըմմանէ ճակատին վրայ յառաջդիմական քոմանտօ մը, 21 միլիսներով, Ասաատ Ասաատ ճամբէն ջաղացքներու շրջանը մտաւ, ուր գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան: Արեւելեան շրջան թափանցումի փորձը կրկին անգամ ձախողեցաւ:

Երկուշաբթի, օգոստոս 23-ին, մինչ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ բուռն ռմբակոծումները կը շարունակուէին, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներ յարձակումի անցան եւ յառաջդիմականներուն պաշտպանողական առաջին գիծը ճեղքելով մտան Խանտաք Ղամիք, Հութ, Ռաս Նապաա եւ Ֆուատ Ա. պողոտայ:

Չորս ճակատներու վրայ, որոնք կ՛իյնային արեւմտեան Պէյրութի մէջ, բուռն կռիւներ արձանագրուեցան:

Խանտաք Ղամիք մտնելով եւ 150 մեթր յառաջանալով, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսները գիրկընդխառն կռիւներ մղեցին, անակնկալի բերելով շրջանի զինեալները, որոնք զոհեր տալէ ետք վերախմբուեցան եւ ետ մղեցին յարձակողները: Երկար ժամեր տեւող կռիւներուն տասնեակներով զինեալներ սպաննուեցան եւ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուեցան: Փաղանգաւորներուն պատկանող զրահապատ կառք մը, 106 միլիմեթրնոց թնդանօթ փոխադրող ճիփ մը եւ զինուորական երկու ինքնաշարժներ քանդուեցան:

Իսկ Այն Ռըմմանէ-Շիահ ճակատին վրայ պաղեստինցիք երեք յարձակումներ կազմակերպելով փորձեցին մտնել քրիստոնեայ շրջանը, բայց ետ մղուեցան զրահապատ կառքերով:

Օգոստոս 24-ին ազատականներ նոր յարձակողական մը շղթայազերծելով մտան Ռաս Նապաա, ուր գիրկընդխառն կռիւներ մղուեցան: Ինկան տասնեակ մը զոհեր եւ վիրաւորներ: Քանի մը ժամ ետք ազատականները վերադարձան իրենց մեկնակէտը:

Պաղեստինցի ֆետայիներ

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ, մէկ կողմէ զղարթացիներուն եւ միւս  կողմէ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բուռն կռիւներ կը մղուէին Ռաս-Մասքա-Պարսա-Մոն Միշէլ-Թրիփոլի ճակատին վրայ:

Սուրիական ուժեր օգնութեան հասան զղարթացիներուն եւ պաշարեցին Թրիփոլին, որ օգոստոս 22-ին բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ ծովէն եւ ցամաքէն, արեւելքէն եւ հիւսիսէն: Իսկ պաղեստինեան Նահր Պարէտի գաղթակայանի մէջ դժոխային կացութիւն ստեղծուեցաւ:

Պաշարուած Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիք դժուար օրեր անցուցին, առանց ջուրի, ելեկտրականութեան, հացի եւ վառելանիւթի, հրթիռներու եւ ռումբերու տարափին տակ պայքարեցան մահուան դէմ:

Կռիւները կը տարուէին քաղաքին մօտակայ բլուրներուն վրայ, հրասայլերով եւ ծանր թնդանօթներով: Քոսպա-Ապու Սամրա շրջաններուն մէջ զետեղուած աննահանջ թնդանօթները սաստկօրէն կը ռմբակոծէին քաղաքը:

Նաւահանգիստին եւ մօտակայ շրջաններուն մէջ կատաղի կռիւներ մղուեցան եւ շարք մը յարձակումներ ու հակայարձակումներ կազմակերպուեցան:

Զղարթացիներու եւ փաղանգաւորներու հակակշիռին ենթակայ գօտին կ՛երկարէր Շեքքայի ծովեզերեայ գօտիէն մինչեւ Թրիփոլիի մուտքը: Իրենց կողմէ սուրիական ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առած էին քաղաքին հիւսիսային շրջանը:

Թրիփոլիցիք, հակադարձելով` ռմբակոծեցին Զղարթայէն Էհտէն երկարող գօտին: Իրենց կարգին զղարթացիք ռմբակոծեցին նաեւ Տըննիէն:

Լիբանանէն խուճապահար հեռացող հայեր Ճիւնիի նաւահանգիստէն Կիպրոս կը մեկնէին, հոնկէ ալ Եւրոպա, Ամերիկա կամ այլ երկիրներ ապաստանելու նպատակով: Սակայն, Եւրոպա կամ Ամերիկա մուտքի արտօնութիւն ստանալու համար անհարթելի դժուարութիւններ կային: Հետեւաբար խուճապահար հեռացողները աւելի ահաւոր կացութեան, գաղթականի թշուառութեան մատնուած էին Կիպրոսի մէջ:

Խղճալի պատկերներ պարզուած էին կղզիին հայկական հաստատութիւններուն մէջ, ուր խճողուած էին հայ «գաղթականները»: Ընդարձակ սրահներու մէջ գետինը փռուած ծածկոցներ, որոնք անկողինի դեր կը կատարէին: Ընտանիքներ, նորապսակ զոյգեր, կիներ, ամուրի մարդիկ եւ երիտասարդներ ստիպուած էին քով-քովի ապրիլ նոյն սրահին մէջ, կրելով անոր հետեւող բնական անպատեհութիւնները: Կային նաեւ իրենց խնայողութիւնը սպառած եւ յուսահատական վիճակի դատապարտուած գաղթականներ, որոնք ամէն ձեւի դժուարութեանց մատնուած էին եւ կը մատնէին գաղութին պատասխանատուները:

Գաղթականական այս երեւոյթին անդրադառնալով «Ազդակ» 25 օգոստոս 1976-ի թիւով եւ «Վերջ տուէք ազգային այս ամօթին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Ազգային ամօթ մըն է Կիպրոսի մէջ պարզուած այս երեւոյթը, որովհետեւ խորքին մէջ ատիկա կը խորհրդանշէ դրժումը ա՛յն արժէքներուն, որոնց համադրումով կը բնորոշուի ազգային ամբողջութիւն մը: Անտէր ու թշուառ ամբոխ չէ հայ ժողովուրդը, եւ երբ հայ անհատներ հակառակին փաստը տուող «գաղթականութիւն» մը կը պարզեն, համայն աշխարհի հայութեան պարտականութիւնն է անխնայ պայքար բանալ նման պարտուողականութեան մը հանդէպ:

Այս իմաստով յանցանքի պատասխանատուութեան մեծ բաժին մը կը ծանրանայ Կիպրոսի հայկական ռատիոժամի կազմակերպիչ մարմնի ուսերուն: Հաւանաբար մարդկային ծառայութիւն մը մատուցանելու դիտաւորութեամբ նախաձեռնուած «հարազատները կը հաղորդեն» յայտագիրը փաստօրէն վերածուած է խուճապ հրահրող դատապարտելի բեմի մը, ուրկէ հայ մարդիկ` առանց ամօթի դոյզն զգացումի, Լիբանանի հայութիւնը բարոյապէս ընկճելու իրենց արշաւը օր-ցերեկով կը  կատարեն…

Մարդիկ ինչպէ՞ս չեն անդրադառնար որ կը ջլատեն Լիբանանի հայ զանգուածներուն ազգային դիմադրողականութիւնը, երբ երկիրը լքող ու հեռացող դասալիքներուն կը տրամադրեն այս ազդու բեմը: Ինչպէ՞ս կրնան հանգիստ խղճով շարունակել ազգադաւ նման գործունէութիւն մը, երբ նոյն ինքն Կիպրոսի մէջ թրքական բաժինի ղեկավար Ռաուֆ Տենքթաշ անարգական շեշտով մը կը յոխորտայ. «Հայերուն ողնայարը կոտրեցաւ լիբանանեան տագնապով»:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ ու հրաւէրով, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, հայ առաքելական եկեղեցւոյ, հայ կաթողիկէ ու աւետարանական համայնքներու կրօնական եւ աշխարհական, ինչպէս նաեւ հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու ու հայ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ 26 օգոստոսին տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի վերականգնումի եւ Լիբանանի վերակառուցման աշխատանքներուն հայ ժողովուրդին բերելիք մասնակցութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողով մը:

Ժողովականները, բոլոր հարցերը լուրջ քննութեան ենթարկելէ ետք շեշտեցին միասնականութեան սքանչելի երեւոյթը, ցանկութիւն յայտնեցին զայն աւելի ամրապնդել եւ սեփականութիւնը դարձնել ժողովրդային զանգուածներուն:

Իբրեւ անմիջական միջոցառում կոչ մը ուղղուեցաւ բոլոր կողմերուն, վերջ դնելու եղբայրասպան կռիւներուն եւ քանդումներուն, եւ լծուելու լիբանանեան հայրենիքի վերաշինութեան:

Ժամանակներու Կշռոյթով. Եղանակային Ներգործութիւններ Եւ Ձմեռնային Ընկճուածութիւն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նորվեկիոյ Ռայքըն գիւղաքաղաքին մէջ հսկայական հայելիներ զետեղուած են արեւուն լոյսը ցոլացնելու համար:

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ 30 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԷՐ, ՈՐ «ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԽՏ» (ՍԷՏ) ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒՑԱՒ` ՆԿԱՐԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՆԿՈՒՄԸ: ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄԸ ՉԱՐԱՉԱ՞Ր ԿԸ ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ ԱՅՍՕՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՓՆՏՌԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ:

Հոգեբան Նորման Ռոզենթալ առաջին անգամ 1984-ին գործածած է «եղանակային ներգործութիւններու ախտ» եզրը, որ շրջած է ձմրան նկատմամբ մեր հայեցակէտը:

Եղանակային ներգործութիւններու ախտը կ՛ակնարկէ հոգեկան այն անկումին, որ կը վերադառնայ եղանակներուն հետ, մասնաւորաբար` ձմեռը: Լոյսի բացակայութիւնը իր ժխտական ներգործութիւնը կ՛ունենայ ուղեղին այն մասին վրայ, որ կը ղեկավարէ քնանալու, ախորժակի, սեռային ցանկութեան, տրամադրութեան եւ աշխուժութեան մակարդակները: Այս ախտէն տառապողները կը դառնան մելամաղձոտ եւ կը զգան քաղցրեղէնի պահանջ:

Ռոզենթալ այս եզրը ներառած է ուսումնասիրութեան մը մէջ, երբ Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանեսպըրկ քաղաքին մէջ որոշ ժամանակ մը ապրելէ ետք վերադարձած է Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան շրջանը, ուր ձմեռը խիստ է:

«Մարդիկ Ուրախ Չեն Ձմեռը»

«Շուրջ 3 տարի ուսումնասիրեցինք ձմեռնային եւ ամառնային եղանակները եւ նկատեցինք, թէ մարդիկ ուրախ չեն ձմեռը», կ՛ըսէ Ռոզենթալ, որ դասախօս է Ճորճթաունի համալսարանին մէջ (Ուաշինկթըն):

Սակայն Ռոզենթալի եւ այլոց ուսումնասիրութիւները հաստատած են, թէ տրամադրութեան անկումէն անդին էր հարցը: Մշակութային այն գաղափարը, թէ շատեր նուազ ուրախ կը զգան ձմեռը, պարզապէս ընդհանրութիւն մը չէր, այլ ցոյց կու տար, թէ աւելի լուրջ բան մը կը պատահէր գէթ որոշ թիւով անձերու կեանքին մէջ: «Երեւոյթը կը վերածուի բժշկագիտական հարցի, երբ իր անդրադարձը կ՛ունենայ մարդոց կեանքին վրայ, երբ անոնք չեն կրնար աշխատիլ կամ` սպառած կը զգան», կ՛ըսէ Ռոզենթալ:

Եղանակային ներգործութիւններու ախտը շատերուն համար կը նկատուի առողջական հարց: Բրիտանիոյ Առողջապահութեան ազգային սպասարկութիւնը զայն դիմագրաւելու խորհուրդներ կու տայ: Ախտը նաեւ կ՛օգտագործուի ժողովրդային մշակոյթի մէջ, մասնաւորաբար` աշխատաւոր խաւին կողմէ:

Բրիտանիոյ մէջ եղանակային ներգործութիւններու ախտ եզրը առաջին անգամ օգտագործուած է «Թայմզ» թերթին կողմէ` 1988-ին, յօդուածի մը մէջ, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր կապը կէսօրէ ետք աշխատող անձերու եւ ցերեկուան լոյսի բացակայութեան հետ: Այնուհետեւ անիկա մաս կազմած է առօրեայ խօսակցական լեզուին: «Կուկըլ թրենտծ»-ի համաձայն, ամէնէն աւելի Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ մէջ մարդիկ համացանցի վրայ տեղեկութիւներ կը փնտռեն այս եզրին վերաբերեալ:

Ռոզենթալ կ՛ընդունի, թէ եզրին յապաւումը` ՍԷՏ (սիզընըլ էֆֆեքթիւ տիսորտըր) ընտրուած է յատուկ նպատակով` լրատուամիջոցներու վրայ առաւելագոյն ներգործութիւն ունենալու համար:

Տասնամեակ մը առաջ Սառա Ճարվիս նկատած էր, թէ շատ աւելի մեծ թիւով անձեր վիրահատական գործողութիւններու կ՛ենթարկուէին ՍԷՏ-ի պատճառով: «Կը թուի, թէ շատեր կը տառապին ձմեռնային հոգեկան անկումէ: Շատ սովորական է այս երեւոյթը», կ՛ըսէ Ճարվիս, որ կը ներկայացնէ «Պի. Պի. Սի.»-ի լուրեր քննարկող «Ճերըմի Վայն» յայտագիրը:

«Շատ կը նմանի առողջական այլ վիճակներու սխալ բացատրութեան,- կ՛աւելցնէ ան:- Օրինակ, շատեր ոչ թէ գլխացաւէ կը տառապին, այլ` անգարէ (միկրէյն): Իրապէս ՍԷՏ-է տառապող կարելի է նկատել այն անձերը, որոնք երկու տարի շարունակ հոգեկան անկում կը դիմագրաւեն»:

«Եղանակային ընկճուածութեան հետ կ՛առնչուի անքնութիւնը, մինչդեռ ՍԷՏ-է տառապողները տեւաբար յոգնած կը զգան եւ աւելի երկար ժամանակ կ՛անցընեն անկողինին մէջ», կը բացատրէ Ճարվիս, որուն համաձայն, Բրիտանիոյ բնակչութեան հաւանաբար 3 առ հարիւրէն 5 առ հարիւրը կը տառապի ՍԷՏ-է, իսկ 12.5 առ հարիւրը, այսինքն ութ բրիտանացիէն մէկը կը տառապի աւելի սովորական ձմեռնային ընկճուածութենէ. եզր մը, որ շատ լաւ ձեւով չի նկարագրեր տրամադրութեան այս տեսակի փոփոխութեան բնոյթը:

Ռայքըն շրջապատուած է լեռներով, սակայն արեւուն լոյսը քաղաքին հրապարակը կը հասնի հսկայական հայելիներու մէջ ցոլալով:

Ռոզենթալի համաձայն, ամերիկացիներուն 6 առ հարիւրը կը տառապի ամէնէն ծանր տեսակի ՍԷՏ-է եւ 14 առ հարիւրը` ձմեռնային ընկճուածութենէ: Ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ Միացեալ Նահանգներու հարաւային Ֆլորիտա նահանգին մէջ, ուր ձմրան եղանակին արեւը միջին հաշուով կը շողայ օրական 7 ժամ, ՍԷՏ-ի ամէնէն ծանր տեսակէն կը տառապի բնակչութեան միայն 1.5 առ հարիւրը: Համեմատութիւնը գրեթէ 10 առ հարիւր է հիւսիսային Նիւ Հեմփշըր նահանգին մէջ, ուր արեւը միայն 4 ժամ կը շողայ նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին:

«Անհամեմատօրէն Սպառած»

Ճենի Սքոթ-Թոմսըն ախտաճանաչուած է ՍԷՏ-ի հիւանդութեամբ: Ամէն տարի սեպտեմբերէն ապրիլ երկարող ամիսներուն ան անձնասպանութեան մղում մը կը զգայ: Քէյմպրիճի համալսարանէն ուսողութեան վկայական ստացած եւ Լոնտոնի մէջ աշխատող այս անձին համար ձմեռը դիմագրաւելը շատ ծանր է:

«Կեանքիս իրականութիւններուն բաղդատած` որոշ օրեր անհամեմատօրէն սպառած կը զգայի եւ թշուառ», կ՛ըսէ Սքոթ-Թոմսըն, որ դիմած է բժշկական օգնութեան եւ ախտաճանաչուած է ՍԷՏ-ով:

Բժիշկը յանձնարարած է լոյսի տուփի մը դիմաց նստիլ եւ արեւոտ վայրեր այցելել: Սքոթ-Թոմսըն կը պատմէ, թէ իր կեանքը յանկարծ շրջուած է եւ` տարբեր երանգ մը ստացած: «Անհաւատալի էր ներգործութիւնը: Այդ տարին` (2009-2010), վեց տարուան մէջ առաջին անգամն էր, որ սեպտեմբերէն ապրիլ երկարող ամիսներուն անձնասպանութեան հակումներ չունեցայ: Անդրադարձայ, թէ ամէն անձի տրուած չէ տարուան կէսը ինքզինք ատելով եւ մահը ցանկալով ապրիլ»:

Ռոզենթալ կը քաջալերէ ելեկտրական լոյսերու օգտագործումը` ՍԷՏ-ի ժխտական անդրադարձները կանխարգիլելու համար: Ան  խորհուրդ կու տայ այս միջոցը կիրարկել նաեւ Բրիտանիոյ մէջ, որուն բնակչութիւնը ձմրան եղանակին կը մատնուի «մռայլ տրամադրութեան», ոչ միայն որովհետեւ օրերը կարճ են, այլ նաեւ` որովհետեւ երկինքը միշտ ամպամած է:

Լոյսով դարմանումը երկար ատենէ ի վեր ընդունուած ձեւ մըն է: Հնադարեան Յունաստանի մէջ Հիպոկրատ կը ջատագովէր արեւուն լոյսին ամոքիչ յատկութիւնները: Լոյսով դարմանումի (հիլիոթերափի) ձեւը ժողովրդականութիւն կը վայելէ 1800-ական տարիներու վերջերէն ի վեր: Ստորին թաղամասերու մէջ, ուր շատ քիչ կը թափանցէ արեւուն լոյսը, հիւծախտէ տառապող մանուկներ դուրս կը բերուէին, որպէսզի անոնց մարմինը արեւուն պարզուէր:

Լոյսով դարմանում:

Լոյսով դարմանելու ձեւը օգտագործուած է նաեւ այլ հիւանդութիւններ բուժելու համար: 1903-ին Ֆարօ կղզիներէն բժիշկ մը` Նիլս Ռայպըրկ Ֆինսըն, Նոպէլեան մրցանակի արժանացաւ մորթային հիւծախտը բուժող անդրմանիշակագոյն լամբ մը յայտնագործելուն համար:

Սակայն 2009-ին Բրիտանիոյ Բարձր մակարդակի առողջապահութեան եւ խնամքի ազգային հիմնարկը յայտարարեց, թէ բաւարար ապացոյցներ գոյութիւն չունին արդարացնելու համար Անգլիոյ մէջ Ազգային առողջապահութեան սպասարկութեան կողմէ այս տեսակի ընկճուածութեան դարմանումին կատարուած յատկացումները: Այժմ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի այս մօտեցումը:

Ռոզենթալ կ՛ըսէ, թէ հեղինակաւոր ուղեցոյցի մը չգոյութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ բժիշկներ չկարենան հիւանդներուն ուղղել ճիշդ հարցումներ, օրինակ` արդեօք ախտանշաններ կը զգան ամբո՞ղջ տարին, թէ՞ միայն ձմեռը: «Սահմանափակ են կարողութիւններս համոզելու, թէ ՍԷՏ-ը դարմանումի կը կարօտի: Մարդիկ պէտք է որոշ չափով իրե՛նք համոզուին»:

«Կորսնցուցած Ենք Եղանակներու

Մեր Զգացողութիւնը»

Սակայն կարգ մը գիտնականներ տարակարծիք են, թէ ՍԷՏ-ը առանձին հիւանդութիւն մըն է: 2008-ին Թրոմսոյի համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Վիտիը Հանսըն կասկածներ յայտնած է:

«Եթէ փնտռենք, ամէնէն աւելի ՍԷՏ-ի պէտք է հանդիպինք այստեղ` Նորվեկիոյ մէջ, ուր տարին երկու ամիս արեւ չկայ,- կ՛ըսէ ան:- Փոխարէնը` Թրոմսոյի մէջ 8000 անձերու վրայ քննութիւն մը կատարելէ ետք ոչ մէկ կապ նկատած ենք ընկճուածութեան եւ լոյսի քանակութեան միջեւ»:

Յայտնապէս այս կարծիքը համատարած չէ Սկանտինաւիոյ տարածքին, ուր բազմաթիւ շրջաններ արեւուն լոյսը չեն տեսներ խոր ձմրան: Շուէտի հիւսիսային Ումէա քաղաքին մէջ ուժանիւթ արտադրող ընկերութիւն մը պասի կայարաններուն մէջ զետեղած է լոյսով դարմանումի սարքեր, որպէսզի բնակիչները կարենան դիմանալ ձմրան մութին: Նորվեկիոյ Ռայքըն քաղաքը, որ շրջապատուած է լեռներով, հսկայական հայելիներ զետեղած է արեւուն լոյսին ուղղութիւնը տարածելու համար դէպի գլխաւոր հրապարակ:

Եղանակային ներգործութիւններու ախտի ընկերակցութիւնը կը պայքարի յաւելեալ գիտակցութիւն արթնցնելու համար: Անոր անդամներէն` Հելըն ընկճուածութենէ սկսած է տառապիլ, երբ արդիական լուսաւոր յարկաբաժինէ մը փոխադրուած է Էտուըրտեան ժամանակաշրջանի մութ բնակարան մը:

«Գիտէի, թէ կ՛ատէի մթութիւնը եւ մռայլ երկինքը, սակայն ընկճուած վիճակիս եւ անոնց միջեւ կապ մը չէի տեսներ, որովհետեւ չէի գիտեր, թէ գոյութիւն ունի նման կապ մը,- կ՛ըսէ ան:- Այսօր աշխարհը արթուն է եւ արհեստական ձեւով լուսաւորուած է շաբաթը 7 օր, օրական 24 ժամ, իսկ մենք կորսնցուցած ենք եղանակներու մեր զգացողութիւնը եւ օրերու իրական կշռոյթը: Ասիկա լաւ չէ մեզի համար»:

Ժամանակներու Կշռոյթով. Քաղաքները Ի՞նչ Երեւոյթ Պիտի Ունենային, Եթէ Միայն Աստղերով Լուսաւորուէին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ «ԽԱՒԱՐԱԾ ՔԱՂԱՔՆԵՐ» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՄԸ ՄՇՏԱՐԹՈՒՆ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԼՈՅՍՈՎ ԱՊԱԿԱՆԱԾ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՆԷ ՄՈՒԹԸ ԵՒ ԼՌՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՈՒԱՅՐՏ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Ամերիկացի աստղագէտ Քարլ Սական առիթով մը ըսած է, թէ երկինքին վրայ ամէն ինչ կը փայլի` հիւլէական հեռաւոր միաձուլումներու պատճառով: Այս բոլորին մէջ դերակատար բնագիտութեան մանրամասնութիւնները հոյակապ են, նոյնպէս ալ` միլիառաւոր աստղերը, զորս կը տեսնենք երկիրէն: Սակայն քաղաքներէ բարձրացող լոյսի եւ օդի ապականումը օրէ օր կը սաստկանայ եւ կը դժուարացնէ տիեզերքը դիտելու մեր կարողութիւնը:

Ֆրանսացի արուեստագէտ Թիերի Քոէն մարդկութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հետզհետէ տարածուող այս կորուստին վրայ` «Խաւարած քաղաքներ» վերնագիրով լուսանկարներու շարքով մը, որ աշխարհի մեծագոյն քաղաքները կը պատկերէ գիշերուան մաքրամաքուր երկինքի տակ: Աներեւակայելի են անոր լուսանկարները, նաեւ` գեղեցիկ: Քաղաքային մութ տեսարանները եւ ցայտուն համաստեղութիւնները երկու տարբեր պատկերներու համադրումներ են. անոնցմէ մէկը կը պատկերէ քաղաքը, միւսը` երկինքը:

«Երկու իրականութիւններ մէկտեղելով` կը ստեղծեմ երրորդ մը, որ չէք կրնար տեսնել, բայց գոյութիւն ունի՛: Ես ձեզի ցոյց կու տամ բացակայ աստղերը,- կ՛ըսէ Քոէն:- Լուսանկարչութիւնը մեր չտեսած բաները մեզի ցոյց տալու միջոց մըն է: Լուսանկարչութիւնը երազելու միջոց մըն է: Ես ձեզի ցոյց չեմ տար քաղաքներ` աշխարհի կործանումէն ետք, այլ` ելեկտրականութենէ զերծ քաղաքներ: Ես կը վերադարձնեմ լռութիւնը»:

Քոէն այցելած է 9 քաղաքներ, ներառեալ` Նիւ Եորք, Սան Ֆրանսիսքօ, Ռիօ Տը Ժանէյրօ եւ Հոնկ Քոնկ: Եռոտանի մը եւ բեւեռային աստղադիտակ մը օգտագործելով` ան կը լուսանկարէ քաղաքային տեսարան մը, ապա կը ճամբորդէ դէպի նոյն լայնութեան վրայ գտնուող նուազ մարդաբնակ շրջան մը, ուր մթնոլորտը աւելի մաքուր է, եւ կը լուսանկարէ: Այսպէս` Շանկհայի լուսանկարին մէջ պատկերուած երկինքը իրականութեան մէջ Արեւմտեան Սահարայի երկինքն է, իսկ Փարիզը լուսաւորուած է Մոնթանայի աստղերով:

Իւրաքանչիւր պատկերի կէսը ստեղծելու համար Քոէն կը գործածէ լուսանկարչական նոյն գործիքը եւ ոսպնեակը, ինչպէս նաեւ` քաղաքի եւ երկինքի հաւասար մասեր: Սակայն ժամանակները երբեք չեն համապատասխաներ, որովհետեւ Քոէն քաղաքները կը նկարէ ցերեկը: Ցերեկը գիշերուան վերածելու թեքնիքներ օգտագործելով` ան կը պատկերէ արհեստական լոյսէ զերծ գիշերուան տեսարաններ: Այս թեքնիքը լաւագոյն արդիւնք կու տայ այն օրերուն, երբ գորշ է երկինքը եւ կը ստեղծէ քաղաքներու լոյսէ զերծ ցայտուն պատկերներ:

«Խաւարած քաղաքներ» լուսանկարներու շարքը միաժամանակ կը ներկայացնէ այն, ինչ որ շահած ենք եւ կորսնցուցած: Քոէն ցոյց կու տայ, թէ խելացի հնարքներով կարելի է լուսանկար մը վերածել քննադատական միտքը խթանող իրի: Այս անշարժ, մութ բնանկարները ի յայտ կը բերեն հաւանական այլ գոյութիւն մը եւ կը պարգեւեն զուգահեռ այլ տիեզերքի մը պատկերը:

«Լուսանկարչութիւնը աւելի կապ ունի բանաստեղծութեան հետ, քան` իրականութեան,- կ՛ըսէ Քոէն:- Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը դիտենք աշխարհը: Կրնաս ցոյց տալ ա՛յն աշխարհը, զոր պիտի ուզէիր ցոյց տալ»:

Ժամանակներու Կշռոյթով. Քարէ Պատեր` Հնադարեան Շունչով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐԷՆ ԵՒ ԿՇՌՈՅԹՆԵՐԷՆ ՆԵՐՇՆՉՈՒԱԾ ՊԱՏԵՐ ԿԸ ՀԻՒՍԵՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԵՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ` «ՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՒ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԱՊՐՈՂ ԲԱՆԵՐՈՒ» ՅԱՐԱՏԵՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ԱՆՈՆՑ ՄԱՆՐԱԿՐԿԻՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ ՀԻՒՍԱԾ ՊԱՏԵՐԸ ԿԱՐԵԼԻ Է ՏԵՍՆԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԿՈՂՄԵՐԸ: ՍՏՈՐԵՒ ՆՄՈՒՇՆԵՐ`«ԹՈՒԻՍԹԸԹ ՍԻՖԹԸՐ» ԿԱՅՔԻՆ ՎՐԱՅ:

Անտրէաս Քանըրթ եւ Նաոմի Զեթըլ ամոլը երկու արուեստագէտներ են, որոնք ստեղծած են մերօրեայ ամէնէն մանրակրկիտ աշխատանքով հիւսուած պատերը: Անտրէաս աւելի քան 2 տասնամեակէ ի վեր կ՛աշխատի քարով: Քարի նկատմամբ անոր սէրը կու գայ մանկութեան տարիներէն, երբ կը բնակէր կրանիթի հանքերու մօտակայ Վըրմոնթի մէջ: Իւրաքանչիւր ծրագիրի յարմար քարեր փնտռելը հիմնական տեղ կը գրաւէ անոր աշխատանքին մէջ:

«Իւրաքանչիւր քար եզակի է եւ իր բնական տեսքով կապ ունի կեանքի մակընթացութեան եւ տեղատուութեան հետ: Մեր ստեղծագործական ներշնչումը կու գայ ուղղակի բնութենէն, երկիրի եւ տիեզերքի ստեղծագործական ուժէն: Մեր հում նիւթը քարն է, որ միաժամանակ հնադարեան է, անժամանցելի եւ տեւական», կը գրեն անոնք իրենց սեփական կայքին վրայ:

«Աշխարհի տարածքին հնադարեան բոլոր վայրերը կառուցուած են քարով եւ կը պարունակեն անմահ եւ խորհրդաւոր յատկանիշ մը, որ կապ ունի բնութեան ճշմարտութեան, զօրութեան եւ հոսքին հետ, այլ խօսքով` երկրաչափութեան, ինչպէս կը կոչենք այսօր»:

«Մեր նպատակն է մեր արուեստին միջոցով վերակենդանացնել հնադարեան աշխարհի ոգին եւ իմաստութիւնը, վերանորոգել մարդոց գիտակցութիւնը, ստեղծել սրբազան վայրեր` յիշելու եւ զգալու համար մեր ներհուն կապը մեր էութեան եւ բնութեան մէջ գտնուող ստեղծագործական ուժերուն հետ, ինչպէս նաեւ` յարգանք եւ յարատեւութիւն մատուցելու տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր ապրող բաներուն»:

Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստի 7 Հռչակաւոր Գործեր, Որոնք Ենթադրաբար Բոլորովին Տարբեր Պիտի Ըլլային
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-Ն ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ «ՎԱՐԴԱՀԵՂԵՂ ԷՐ ԵՒ ՔՆՔՈՒՇ»: ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ Ի՞ՆՉ ԵՐԵՒՈՅԹ ՈՒՆԷԻՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ «ՎԱՐԴԱՀԵՂԵՂ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ» ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ «ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐԸ»: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՄԷԿՏԵՂԷ ՔԱՆԻ ՄԸ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ:

Վատիկանի մէջ Սիսթինեան մատրան առաստաղը վերանորոգուեցաւ անցեալ հազարամեակի աւարտէն անմիջապէս առաջ, եւ Միքելանճելոյի ճեղքրտուած, մթաքնած գործերը վերադարձան իրենց սկզբնական նպատակը յիշեցնող վիճակի մը: Միքելանճելոյի որմանկարներէն մէկը կը պատկերէ Ադամը եւ Եւան` Եդեմական պարտէզէն վտարուելու պահուն: Պտուղը քաղելու արարքին մէջ անոնք կը տեսնեն իրենց արարիչէն բաժնուելու ճշմարտութիւնը, այնպէս` ինչպէս արուեստի գործերու վերանորոգութիւնը մեզ կը մղէ անդրադառնալու, թէ գեղանկար մը իրականութեան մէջ ի՛նչ է, եւ այս` սրբելով անոր արարիչին սկզբնական վրձնահարուածները: Սիսթինեան մատրան վերանորոգութենէն ի վեր Ադամն ու Եւան շրջապատող լոյսը շատ աւելի պայծառ կը շողայ` որեւէ ժամանակէ աւելի լոյս սփռելով անոր գեղեցկութեան եւ գեղեցկութեան յատկանիշներուն կորուստին վրայ:

Արուեստի գործերու վերանորոգութիւնը շատ դժուար խաղ մըն է: Թերեւս կ՛արժէ նշել մէջբերում մը, որ յաճախ վերագրուած է Լէոնարտօ տա Վինչիի. «Արուեստը երբեք չ՛աւարտիր, այլ միայն կը լքուի»:

Դիտանկիւնի հարց է, թէ արդեօք արուեստի վերապրող գործի մը ճշմարիտ բնոյթը իր սկզբնակա՞ն պատկերին մէջ է, թէ՞ փճացած: Թէեւ մեր քաղաքակրթութեան պատկանող «գլուխ գործոցներէն» շատերը կորսնցուցած են իրենց սկզբնական պատկերը:

Ստորեւ` արուեստի քանի մը այլ գործեր, որոնք հաւանաբար կը պահանջեն «պտուղը օձէն առնել»` տեսնելու համար անոնց սկզբնական գեղեցկութիւնը:

«Գիշերային Հսկումը» Գեղանկարին Գոյները Իրականութեան Մէջ Կը Պատկերէին «Ցերեկային Հսկում» Մը, Իսկ Գեղանկարը Կտրտուած Է Ամէն Կողմէ

Ռամպրանթ Վան Ռայն իր «Թիւ 2 արուարձանին զինուորական ջոկատը` հարիւրապետ Ֆրանս Պաննինք Քրոքի գլխաւորութեամբ» գեղանկարը աւարտած է 1642-ին: Այս գործը հետագային կոչուած է «Գիշերային հսկումը», երբ զայն ծածկող ջնարակը փճացած է եւ ամբողջ գործը մթագնած է: 1940-ական տարիներուն ջնարակը մաքրելէ ետք ի յայտ եկած է, թէ գեղանկարը իրականութեան մէջ կը պատկերէ ցերեկային հսկում մը: Սակայն սխալ անունը արդէն ընդհանրացած էր: Ռամպրանթ ամբողջ գեղանկարին մէջ օգտագործած էր որոշ չափի մթութիւն մը` շեշտաւորելու համար զինուորական տարազներուն վառ գոյները եւ հրեշտակէն ցայտող լոյսը:

Ռամպրանթի գործը կտրտուած էր 1715-ին, երբ գեղանկարը տեղափոխուած էր Ամսթերտամի քաղաքապետարանէն, ենթադրաբար այն պատճառով, որ անոր յատկացուած տարածքը շատ փոքր էր եւ չէր բաւեր գեղանկարը ցուցադրելու: Այս տեսակ միջոցառումներ սովորական էին այդ ժամանակներուն: Յատկանշական է, որ շուրջ 60 սմ կտրուած է անոր ձախ կողմէն, այսինքն բազմաթիւ զինուորներ դուրս դրուած են պաստառէն: Գեղանկարին վերի մասին մէջ եւս կամար մը «գլխատուած» է:

Այստեղ կցուած նկարը Ռամպրանթի գործին 17-րդ դարու մէկ ընդօրինակութիւնն է: Անոր մէջ գոյները աւելի վառ են եւ կամարը «գլխատուած» չէ:

«Մոնա Լիզա» Այսօրուան Սրճագոյն-Դեղնաւուն Գեղանկարը Չէր, Իսկ Անոր Առեղծուածային Երեւոյթին Մեծ Մասը Հետեւանք Է Փճացումի

Լէոնարտօ տա Վինչի «Մոնա Լիզա»-ն աւարտած է 16-րդ դարուն: Գեղանկարը Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ կը պահուի 1797-էն ի վեր, սակայն զայն պատող ջնարակի խաւերը անմիջապէս սկսած են փճանալ գեղանկարին աւարտէն ետք: Թէեւ «Մոնա Լիզա» լաւ խնամքի արժանացած է (անմիջապէս թանկարժէք նկատուած է), սակայն անցած է ձեռքէ ձեռք, հարուստներու եւ գուրգուրացողներու միջեւ, նոյնիսկ կախուած է Նափոլէոն Պոնափարթի ննջարանին պատէն:

Վերածնունդի ժամանակներու արուեստի պատմաբան Ճիորճիօ Վասարի, որ «Մոնա Լիզա»-ն տեսած է անոր աւարտէն տասնամեակներ ետք, գաղափար մը կու տայ, թէ ինչպէ՛ս անոր գոյները այլափոխուած են տարիներու ընթացքին: Ան կը գրէ. «Աչքերը ունէին այն ցոլքը եւ արցունքոտ փայլքը, որ սովորաբար կը տեսնենք իրական կեանքի մէջ… Վարդագոյն եւ քնքուշ ռունգերը կարծէք կենդանի կը շնչէին… Շուրթերը ապրող մարմին մը կը թուէին ըլլալ, եւ ոչ թէ` ներկուած:

Աջին կցուած տարբերակը հաւանաբար գծուած է տա Վինչիի մէկ աշակերտին կողմէ, ճիշդ այն ժամանակ, երբ ան կը նկարէր իր «Մոնա Լիզա»-ն: Պէտք է նշել, թէ նպատակը ճշգրիտ ընդօրինակութիւն մը կատարել չէր. մասնաւորաբար ժպիտը եւ աչքերը տարբեր են: Սակայն գոյները գաղափար մը կու տան, թէ տա Վինչիի գործը ի՛նչ երեւոյթ ունէր սկիզբը:

«Տի Արթ Նիուզփէյփըր» թերթին մէջ նկար մը կը պատկերէ թուային մաքրութեան ենթարկուած «Մոնա Լիզա»-ի մէկ տարբերակը, որ նոյնպէս ի յայտ կը բերէ անոր աւելի պայծառ գոյները:

«Վերջին Ընթրիք»-էն Անհետացած Են Բազմաթիւ Մանրամասնութիւններ, Ինչպէս` Յիսուսին Ոտքերը Եւ Յուդային Աղ Թափելու Տեսարանը

«Վերջին ընթրիք»-ը որմանկարին իրագործումը աւարտած էր 15-րդ դարուն` Միլանոյի Սանթա Մարիա Տելլէ Կրացիէ վանքին մէկ պատին վրայ: Լէոնարտօ տա Վինչի քանի մը տարի աշխատած էր` աւարտելու համար զայն, թէեւ չենք գիտեր, թէ ճիշդ որքա՛ն ժամանակ յատկացուցած էր այս գործին: Առասպելի համաձայն, առիթով մը ան պոռթկացած է վանահօր դէմ, երբ ան անհամբերութիւն ցուցաբերած է բազմաթիւ տարիներ ետք գեղանկարին անաւարտ վիճակին ի տես: Հետեւաբար տա Վինչի սպառնացած է վանահայրը իբրեւ բնորդ օգտագործել` Յուդային դէմքը գծելու համար:

Գեղանկարին վիճակը սկսած է վատթարանալ անոր աւարտէն անմիջապէս ետք: Իտալացի գեղանկարիչ Ճիան Փաոլօ Լոմացօ 16-րդ դարու կէսերուն հաստատած է, թէ` «գեղանկարը ամբողջութեամբ աւերուած է»:

Ժամանակի աւերին կողքին, «Վերջին ընթրիքը» կրած է նաեւ այլ պատուհասներ: 1652-ին որմանկարին մէջ բացուած է դուռ մը, որուն պատճառով անհետացած են Յիսուսի ոտքերը: Բ. Աշխարհամարտին վանքը ռմբակոծուած է, թէեւ «Վերջին ընթրիք»-ը պատկերող պատը փուլ չէ եկած:

Վարը կցուած նկարը Ճիովանիի Փիեթրօ Ռիցոլիի կատարած մէկ ընդօրինակութիւնն է, որ աւարտած է 16-րդ դարուն: Անիկա օգտագործուած է իբրեւ գլխաւոր սկզբնաղբիւր` 20-րդ դարուն կատարուած վերանորոգութեան:

«Ճիչը» Իրականութեան Մէջ Կը Բաղկանայ Չորս Տարբեր Գործերէ

Էտուարտ Մունք իր «Ճիչը» գեղանկարներու շարքը ստեղծած է 1893-1910-ի միջեւ: Երկու գեղանկարներու մէջ օգտագործուած է իւղաներկ, այլ գեղանկարի մը մէջ` փասթել, իսկ չորրորդ գեղանկարը վիմագրութիւն (լիթոկրաֆ) մըն է (իրօք, գոյութիւն ունին վիմագրութեան քանի մը տասնեակ տարբերակներ): Փասթելով իրագործուած նուազ ծանօթ տարբերակը 2012-ին մրցանիշ մը կոտրեց Սոթպի՛զի մէջ, ուր վաճառուեցաւ 119.9 միլիոն տոլարի եւ դարձաւ աճուրդի ընթացքին երբեւիցէ վաճառուած ամէնէն սուղ գեղանկարը:

Ի տարբերութիւն այս յօդուածին մէջ նշուած արուեստի այլ գործերու, «Ճիչը» գեղանկարներու շարքին ամբողջութիւնը նկատառելի փոփոխութիւններ չէ կրած ժամանակի ընթացքին: Հազիւ դար մը անցած է այն ժամանակներէն, երբ աւարտած է անոնց իրագործումը: Անհրաժեշտ է Մունքի գործին ներառումը իբրեւ «մեր ժամանակներու «Մոնա Լիզա»-ն», որպէսզի անդրադառնանք, թէ գոյութիւն ունին չորս տարբերակներ, իւրաքանչիւրը` նկատառելիօրէն տարբեր իր նախորդէն:

Ձախին կցուած նկարը «Ճիչը» գեղանկարներու շարքին առաջինն է, որ իրագործուած է իւղաներկով: Աջին երեւցող նկարը վիմագրութիւն մըն է, վարը` ձախին կը տեսնենք փասթելով իրագործուած տարբերակը, իսկ աջին` երկրորդ իւղանկարը:

Վան Կոկի Դեղնաւուն Երանգները Տժգունած Են, Մասնաւորաբար «Արլի Ննջարանը» Այլափոխուած Է

Վան Կոկ իր «Ննջարան` Արլի մէջ» գեղանկարը աւարտած է 1888-ին: Իրականութեան մէջ ան գծած է 3 տարբերակ, եւ իւրաքանչիւրը ունի յատկանշական տարբերութիւններ: Սակայն ան երեքն ալ իբրեւ նուէր տուած է զանոնք աւարտելէ անմիջապէս ետք: Հետեւաբար նուազ ծանօթ երկրորդ եւ երրորդ տարբերակները նկատուած են տարբեր գործեր, փոխանակ` երրորդութեան մը մաս կազմող գեղանկարներ:

Վան Կոկի օգտագործած դեղին ներկը սրճագոյն դարձած է ժամանակի ընթացքին: Այս «ախտով» վարակուած են նաեւ անոր այլ գեղանկարները:

Վան Կոկի յատուկ դեղին գոյնը արդիւնք էր ճարտարարուեստական յեղափոխութեան ժամանակներուն պատրաստուած քրոմի դեղինին. թունաւոր կապարի տեսակ մը, որ անկայուն էր, ինչպէս` այս ժամանակաշրջանին ի յայտ եկած բազմաթիւ այլ ներկերու քիմիական բաղադրութիւնը:

Նկարը ցոյց կու տայ Ամսթերտամի մէջ Վան Կոկի թանգարանին կողմէ կատարուած վերանորոգութեան աշխատանքը: Թանգարանին համացանցի կայքին վրայ կարելի է տեսնել Վան Կոկի գեղանկարներուն սկզբնական գոյներով վերարտադրուած տարբերակները:

«Քանակաուայի Մեծ Ալիքը» Փայտի Վրայ Իրագործուած Գործերու Շարք Մըն Է, Որուն Այլափոխուած Տարբերակները Կը Ցուցադրուին Գլխաւոր Թանգարաններու Մէջ

Քացուշիքա Հոքուսայ փայտի վրայ իր մէկ ստեղծագործութիւնը աւարտած է 19-րդ դարու սկիզբը: «Մեծ ալիքը» մաս կը կազմէ «Ֆուճի լերան երեսունվեց տեսարաններ» վերնագիրով շարքի մը, որուն մաս կը կազմեն 46 տպագրութիւններ: Անոնք իրագործուած են առաջին բնօրինակներուն վայելած ժողովրդականութենէն ետք:

Դիւրութեամբ փորագրուող փայտին վրայ պատրաստուած կաղապարէն ծնունդ առած են հազարաւոր ընդօրինակութիւններ: Անոնցմէ ոմանք կորսնցուցած են իրենց սկզբնական մանրամասնութիւնները: «Մեծ ալիքը» գործէն բազմաթիւ տարբերակներ այնքա՛ն այլափոխուած են, որ կարելի չէ ըսել, թէ կը պարունակեն բնորոշ յատկանիշներ: Անոնց մանրամասնութիւնները այնքա՛ն կորսուած են գրեթէ բոլոր տարբերակներուն մէջ, որքան` անոնց պատկերած ալիքը, որ կը յամենայ դեղնաւուն երկինքի մը տակ:

Կցուած վերի նկարը կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի արուեստի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ, իսկ վարի նկարը` վերանորոգուած տարբերակ մըն է:

«Մտածողը» Սկիզբը Մաս Կը Կազմէր Տանթէի «Դժոխք»-ին Վրայ Հիմնուած Քանդակներու Շարքի Մը: Ան Բուն Անունով Կը Կոչուէր «Բանաստեծը»

Օկիւսթ Ռոտեն իր «Բանաստեղծը» քանդակած է 19-րդ դարու վերջերուն, իբրեւ առանձին կերպար մը` «Դժոխքի դարպասները» վերնագիրով հսկայական գործի մը մէջ, որ պիտի շրջապատէր մուտք մը: Այս մուտքին շուրջ զետեղուած էին 180 առանձին կերպարներ: «Մտածողը»-ին կերպարը աւելի փոքր նախատեսուած էր սկիզբը: Յայտնապէս ձուլագործներ արձանը այս անունով կոչած են` նմանութիւններ գտնելով Միքելանճելոյի «Իլ փենսերոսօ»-ին (մտածողը) հետ, ուրկէ եկած է անունը:

Ինքնին Ռոտեն բաւական մտածելէ ետք որոշած է «Մտածողը» վերածել առանձին գործի: Հետեւաբար զայն ձուլել տուած է իբրեւ շատ աւելի վիթխարի արձան մը, որուն բազմաթիւ օրինակները ձուլուած են ժամանակի ընթացքին:

Կցուած նկարը կը պատկերէ «Դժոխքի դարպասները» քանդակին կաղապարը, որ կը ցուցադրուի Փարիզի Ռոտենի թանգարանին մէջ:

Արուեստի Աշխարհէն. Այս Անգամ Ալ` Չին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Մայր ու տղա՞յ…

ՀԱՄԱՑԱՆՑԸ ԿԸ ՍՆԱՆԻ ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՉԷ, ՈՐ «ՄՈՆԱ ԼԻԶԱ»-Ի ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ԹԱՓ ԿՈՒ ՏԱՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՐԸՆԹԱՑ ՏԱՐԱԾՈՒՈՂ ԼՈՒՐԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՏԱԼԱՑԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆԻ ՄԸ ՄԷԿ ՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ ԱՆ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՉԻՆ ՄԸՆ ԷՐ, ՄԵԾ ՄԱՍԱՄԲ ԽԷԹ ԱՉՔՈՎ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Իտալացի պատմաբան Անճելօ Փարաթիքոյի համաձայն, Մոնա Լիզա հաւանաբար չին ստրուկ մըն էր եւ նոյնինքն` Լէոնարտօ տա Վինչիի մայրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 15-րդ դարու բազմատաղանդ արուեստագէտը ծագումով կէս չին էր: Անշուշտ համացանցի վրայ խելայեղ ալիք մը բարձրացուց լուրը, երբ հրապարակուեցաւ անցեալ շաբաթ:

Իտալիացի վիպագիր Անճելօ Փարաթիքօ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» թերթին յայտնած է հետեւեալը. «Մոնա Լիզայի թիկունքին պատկերուած է չինական բնանկար մը, նոյնիսկ անոր դիմագիծը չինական է»:

Համացանցի վրայ նաւարկող չիներ անմիջապէս իրենց զարմանքը եւ կասկածը յայտնեցին` գեղանկարին երգիծական տարբերակները ստեղծելով, Մոնա Լիզայի նուրբ դէմքը փոխարինելով չին կատակաբաններու դէմքով, նոյնիսկ` բրիտանացի դերասան Ռոան Աթքինսընի (Միսթըր Պին):

Շատ քիչ բան յայտնի է արուեստագէտ, գրագէտ, ուսողագէտ եւ յայտնագործող բազմատաղանդ Լէոնարտօ տա Վինչիի մօր` Քաթարինայի վերաբերեալ: Նոյնպէս` վիճարկութեան նիւթ է Փարիզի Լուվր թանգարանին մէջ ցուցադրուող դիմանկարին մէջ պատկերուած կնոջ ինքնութիւնը:

Փարաթիքօ, որ այս օրերուն պիտի հրապարակէ «Լէոնարտօ տա Վինչի. չին ուսումնասիրող մը` կորսուած Վերածնունդի ժամանակներու Իտալիոյ մէջ» վերնագիրով գիրք մը, կը մէջբերէ աւստրիացի ջղաբան Սիկմընտ Ֆրոյտի 1910-ին հրապարակած այն ենթադրութիւնը, թէ գեղանկարին ներշնչման աղբիւրը նոյնինքն արուեստագէտին մայրն էր:

«Լէոնարտոյի հօրը հարուստ յաճախորդներէն մէկը կը պահէր Քաթարինա անունով ստրուկ մը: 1452-ին Լէոնարտոյի ծնունդէն ետք անոր մասին ոչ մէկ վաւերական արձանագրութիւն պահուած է», ըսած է ան:

Չինական կապի մը առկայութեան ապացոյցները չնչին են: Փարաթիքօ կ՛ըսէ, թէ ինք մինչեւ «որոշ տեղ մը» վստահ է, թէ տա Վինչիի մայրը եկած էր Արեւելքէն: «Զայն Արեւելքէն եկած չին մը նկատելու համար պէտք է հետեւցնենք մեր եզրակացութիւնները», կ՛աւելցնէ ան:

Թուիթըրի համազօր չինական Սինա Ուիպօ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցին վրայ հրապարակուած հակազդեցութիւնները անհաւատելի են:

«Շատ տխուր եմ, որ կը կարծէք, թէ ես օտարական մըն եմ: Պիտի ուզէի ծնունդը ըլլալ այն վայրին, ուր սիրուած եմ», կը գրէ մէկը: Անոր պատկերած Մոնա Լիզան իր քիթը կը սրբէ թաշկինակով:

Համացանցի վրայ հրապարակուած հակազդեցութիւններու շարքին է նաեւ մարդամեքենայ մը, որ բռնած է Մոնա Լիզայի դիմակը:

Կէս օրուան ընթացքին այս նիւթը «դիտուած է» աւելի քան 4 միլիոն անգամ եւ վերարտադրուած է 160 հազար անգամ:

«Այժմ կ՛անդրադառնամ, թէ անոր ժպիտը ինչո՛ւ այսքան խորհրդաւոր է եւ թաքուն. ճի՛շդ չինական է», կը յայտարարէ մէկը:

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նապաայի Եւ Թէլ Զաաթարի Անկումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Հայկական Հաստատութիւնները Ապաստան`

Նապաացի Գաղթականներուն

Մայրիի պահակներու միլիսներ Նապաայի մէջ

Նապաայի վրայ փաղանգաւորներու, ազատականներու եւ մայրիի պահակներու շղթայազերծած մեծ յարձակումը սկսաւ չորեքշաբթի, 4 օգոստոս 1976-ին: Առտուան ժամը 3:30-էն սկսեալ փաղանգաւորներ սաստկօրէն ռմբակոծեցին շրջանը, որմէ ետք երեք կողմերէ յարձակման անցան: Տահր Ժամալի վրայ կատարուած առաջին յարձակումէն ետք, Յունական սառնարանի ճակատին  կողմէ փաղանգաւորները փորձեցին մտնել Նապաա, մինչ Սին էլ Ֆիլի բոլորակին վրայ զինուորական շարժումներ սկսան:

Առտուան ժամը 5-էն սկսեալ փաղանգաւորները Տահր Ժամալէն, Սալոմէէն, Սին էլ Ֆիլէն, Ազուզի ճակատէն եւ Տորայէն յարձակում գործեցին Նապաայի վրայ:

Բախումներէն եւ ռմբակոծումներէն փախուստ տալով, մօտաւորապէս հազար նապաացիներ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերուն, հայկական դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ ապաստանեցան:

Կէսօրին մայրիի պահակներու 75 միլիսներ մտան Տահր Ժամալ: Իսկ փաղանգաւորներ գրաւեցին Նապաայի համայնավարներուն ակումբը եւ բազմաթիւ շէնքեր, որոնց վրայ լիբանանեան եւ փաղանգաւոր կուսակցութեան դրօշակները զետեղեցին:

Շիի համայնքի պետ իմամ Մուսա Սատրի հիմնած զրկեալներու շարժումի Նապաայի պատասխանատուն անձնատուր եղաւ փաղանգաւորներուն եւ յայտարարեց, որ իր զինեալները կը քաշուին կռիւներէն:

Յետմիջօրէին բազմաթիւ նապաացիներ ճերմակ դրօշակ պարզեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին անձնատուր ըլլալու: Ժըտէյտէի մէջ գումարուած ժողովէ մը ետք, որուն ներկայ գտնուեցան շէյխ Ամին Ժըմայէլ եւ Էթիէն Սաքր, նապաացիներուն առաջարկը ընդունուեցաւ, պայմանաւ որ մինչեւ հինգշաբթի առտուան ժամը 4:00, Նապաա գտնուողները իրենց զէնքերով անձնատուր ըլլան:

Նապաայի շուրջ կռիւները եւ ռմբակոծումները շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով, որոնք շատ մեծ թիւով զոհեր խլեցին, իսկ քանդումները եւ նիւթական վնասները անհամար եղան:

Կռիւներու անմիջական շրջագիծէն հեռու գտնուող շրջաններուն վրայ եւս ռումբեր եւ հրթիռներ ինկան, որոնք անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ խլեցին: Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերը եւս տուժեցին եւ ռումբերու հետ միասին, արձակազէնները եւ կորսուած փամփուշտները նոր զոհեր ու վիրաւորներ խլեցին:

Այդ օր, օգոստոս 4-ին, Թրատ, Նիկոլ Դումանի  շրջանի պահակ տղոցմէ Սահակ Քէշիշեան եւ Յովհաննէս Զաքոյեան, իսկ Արագածի մէջ` Վարդան Ալեէմէզեան զոհ գացին արձակազէնի փամփուշտներուն:

Պէյրութի սահմանագիծին վրայ, յառաջդիմական ուժերը նոր դիրքեր գրաւեցին Պշարա Խուրի պողոտային վրայ եւ յառաջացան դէպի Ֆրանսական համալսարանի շրջանը:

Օգոստոս 4-էն 5 լուսցող գիշերուան ընթացքին ահռելի ռմբակոծումները եւ բուռն հրթիռարձակումները սաստկացան, եւ Պուրճ Համուտ, Նապաա եւ այլ շրջաններ ծանր ու մղձաւանջային գիշեր մը անցուցին:

Կէս գիշերէն ետք, մութին մէջ մնացող թաղերուն բարձր ու ցած շէնքերուն վրայէն անցան քաթիուշաներ, կրատներ, 155-նոց ռումբեր, հակօդային եւ 120 մմ.նոց ռումբեր, որոնք քաոսային վիճակ մը ստեղծեցին: Ահ ու սարսափի մատնուած ժողովուրդը շէնքերուն գետնայարկերը եւ ապաստանարաններուն մէջ լուսցուց:

Հինգշաբթի, օգոստոս 5-ի առաւօտուն փաղանգաւոր, ազատական եւ մայրիի պահակներու միլիսներ ծանր զէնքերով եւ հրասայլերով մտան Նապաա:

Աւազի տոպրակները, որոնք իբրեւ պատնէշ ծառայած էին, հաստատուած` իւրաքանչիւր անկիւնադարձին, լքուեցան պաշտպանուողներուն կողմէ: Գետնայարկ շէնքերուն միջեւ բացուած ծակերէ անցնելով, Նապպացիք սկսան փախուստի դիմել: Սակայն բազմաթիւ անձեր բռնուեցան եւ սպաննուեցան: Սպաննուածներու դիակները հրկիզուեցան եւ գարշելի հոտ մը ապականեց մթնոլորտը:

Թէլ Զաաթար

Նապաայի բոլոր տուները եւ շէնքերը ծակծկած եւ մեծ մասամբ այրած էին: Ածխացած ինքնաշարժներ շրջուած էին մայթերու վրայ:

Նապաացիք, իրենց տուներէն հեռանալով, զանգուածաբար Պուրճ Համուտի հայաբնակ շրջաններու մէջ ապաստանեցան: Հայկական ակումբները, եկեղեցիները եւ վարժարանները իսկական գաղթակայաններու վերածուեցան: Նապաացիք խումբ առ խումբ ընդունուեցան հայկական հաստատութիւններու մէջ եւ բազմաթիւ կռուողներ ապաստանեցան հայաբնակ թաղեր, ուր պատասխանատու անձեր եւ հայ պահակներ ջանք չխնայեցին փրկելու համար նապաացիներու կեանքերը:

Տասնեակներով վիրաւորներ խնամուեցան, մինչ կիներ, ծերեր ու մանուկներ, որոնք օրերէ ի վեր առանց ջուրի եւ ուտելիքի մնացած էին, փրկուեցան մահէ: Օտար լրագրողներ այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած ապաստանարանները եւ իրենց յօդուածներուն մէջ մեծ գովեստով անդրադարձան հայերու ցուցաբերած մարդկային պատասխանատուութեան եւ գուրգուրանքին` հանդէպ շրջանի մը բնակչութեան, որ տեղահան եղած էր ու մահուան դէմ կը պայքարէր:

Այդ օր, Պուրճ Համուտի մէջ, ռմբակոծումներուն զոհ գացին Եղիա Չոպանեան, Կարօ Մարսուպեան, Յակոբ Մազմանեան, Երուանդ Խզարճեան, Պելկիւզար Ալթունեան եւ աղջնակ մը, մինչ Յակոբ Էսկիճեան եւ Շաւարշ Կրակեան ծանրօրէն վիրաւորուեցան:

Անզէն վիճակի մէջ Պուրճ Համուտ մտնող նապաացի բազմաթիւ կռուողներու ներկայութիւնը փափուկ կացութիւն մը ստեղծեց հայկական կազմակերպութեանց համար, երբ մանաւանդ փաղանգաւորներու կողմէ յամառ կերպով եւ սպառնագին պահանջուեցաւ անոնց յանձնումը իրենց:

Այս կացութեանց առջեւ, հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները եւ պետական հայ երեսփոխանները տենդոտ աշխատանքի լծուեցան, որպէսզի հայոց մօտ գտնուող նապաացի կռուողներուն ապաստանեալի հանգամանք տրուի: Այս մասին տեսակցութիւններ եւ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան մարոնիներու Խըրէյշ պատրիարքին, փաղանգաւորներու պետ Փիեռ Ժըմայէլի, Ամին Ժըմայէլի, ինչպէս նաեւ ազգային յառաջդիմական ճակատի եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ղեկավարներուն հետ:

Տարուած աշխատանքներուն արդիւնքը եղաւ այն, որ ուրբաթ, 6 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին հայկական կազմակերպութեանց եւ փաղանգաւորներու միջեւ գոյացաւ գրաւոր համաձայնութիւն մը, ըստ որուն  նապաացի յիշեալ կռուողները պիտի յանձնուէին փաղանգաւորներուն, պայմանաւ որ յարգուէր անոնց պատերազմական գերիի հանգամանքը եւ երաշխաւորուէր անոնց կեանքին ապահովութիւնը:

Երեկոյեան, ժամը 8:20-ին, երբ կը բանաձեւուէին այս համաձայնագրի վերջին ձեւակերպութիւնները եւ երբ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները կը կապուէին զանազան կողմերու հետ` վերջին եզրակացութեանց շուրջ անոնց համամտութիւնը ստանալու համար (բան մը` որ յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր), յանկարծ եւ զինական մեծ ուժերով Պուրճ Համուտ հասած փաղանգաւոր զինեալ տարրեր անհամբերութեամբ խուժեցին Նոր Մարաշի Սարդարապատ ակումբէն ներս եւ բռնութեամբ տարին հոն գտնուող նապաացի 12 կռուողները: Տեղւոյն վրայ գտնուող հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, բուռն կերպով բողոքելէ ետք այս բիրտ միջամտութեան դէմ, յաջողեցան ի վերջոյ ստորագրել տալ վերոյիշեալ համաձայնագիրը նոյն ինքն Ամին Ժըմայէլի, որ հրապարակաւ պատուոյ խօսք տուաւ ենթականերուն հետ վարուելու իբրեւ պատերազմական գերիներու:

Միւս կողմէ, անմիջապէս դիմուեցաւ զանազան քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ, յատկապէս, Արաբական Լիկայի ներկայացուցիչ տոքթ. Հասան Սապրի Խուրիի, որ խոստացաւ անձամբ զբաղիլ խնդրոյ առարկայ կռուողներու եւ ընդհանրապէս նապաացի բոլոր ապաստանեալներու ապահովութեան հարցով:

Մինչ այդ Նապաայի պարպումը կը շարունակուէր եւ հայաբնակ թաղերուն մէջ ապաստանողները անձնատուր կ՛ըլլային: Փաղանգաւորներ եւ անոնց դաշնակիցները Նապաայի բոլոր թաղերը իրենց հակակշիռին տակ առած էին եւ 170 պաղեստինցի եւ համայնավար միլիսներ ձերբակալած էին: Շէյխ Ամին Ժըմայէլ յայտնեց թէ ձերբակալուողները պատերազմական գերիներ պիտի նկատուէին:

Նապաայի անկումէն ետք, փաղանգաւորներ սկսան թափանցել Թէլ Զաաթարի վերջին դիրքերէն ներս, կացիններով ջարդելով պաղեստինցիները: Կռիւներու սկիզբէն երկու հարիւր հազար ռումբեր ստացած, հազարաւոր վիրաւորներ եւ երկու հազարէ աւելի զոհ տուած եւ բոլորովին մեկուսացած գաղթակայանին պատասխանատուները այլեւս ըմբռնեցին, որ փրկութեան ոչ մէկ յոյս մնացած է իրենց:

Փաղանգաւորները գիշերով, բարձրախօսներով պաղեստինցիները կը հրաւիրէին յանձնուելու, վստահեցնելով թէ զէնքերը վար առնելու պարագային, որեւէ վնաս պիտի չհասցնեն անոնց: Բայց անձնատուր եղողներուն դէմ գազանութիւններ գործուեցան, ոմանք գնդակահարուեցան եւ ուրիշներ ալ կտոր-կտոր եղան:

Օգոստոս 7-էն 8 լուսցող գիշերուան ընթացքին խումբ մը պաղեստինցիներ յաջողեցան փախուստ տալ Թէլ Զաաթարէն եւ Տըքուանէի շրջանին մէջ ապաստան գտան: Փաղանգաւորներ իրենց հսկողութեան տակ առին զանոնք:

Թէլ Զաաթարի գաղթականները

Օգոստոս 8-էն 9 լուսցող գիշերուան ընթացքին 2700 թէլ զաաթարցիներ, մեծամասնութեամբ կիներ, ծերեր եւ մանուկներ դուրս ելան գաղթակայանէն եւ անձնատուր եղան փաղանգաւորներուն: Միլիսներ զանոնք գաղթակայանին մօտակայ վայր մը փոխադրեցին:

Երեքշաբթի, օգոստոս 10-ի առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ Թէլ Զաաթար բուռն յարձակումներու ենթարկուեցաւ:

Հարիւրաւոր հրթիռներ ու ռումբեր ինկան ապաստանարաններու եւ բազմաթիւ շէնքերու վրայ, քաոսային վիճակ մը ստեղծելով պաղեստինցիներուն համար:

Փաղանգաւորները փորձեցին գաղթակայան մտնել Տըքուանէէն, Թէլ Զաաթարի բոլորակէն, Սլաֆէն եւ Մըքալլէսի գործարաններու շրջանէն:

Նոյն ժամերուն, իրարանցումէն օգտուելով, խումբ մը պաղեստինցիներ, ճերմակ դրօշակ ձեռքերնին յաջողեցան Ռաս Տըքուանէի կողմէն փախուստ տալ եւ յանձնուիլ ազատականներուն:

Զրահապատ կառքեր, «AMX 13» հրասայլեր, 500-նոց եւ 800-նոց գնդացիրներ գործածուեցան յարձակող միլիսներուն կողմէ: Անոնք յաջողեցան գաղթակայանի մուտքերէն մէկուն վրայ որոշ յառաջխաղացում ձեռք բերել եւ գրաւեցին Էֆ. Փէ. Էլ. Փէ.-ի կեդրոնը:

Սահիքայի հրամանատարներէն Պիլալ Հասան խումբ մը զինեալներով յաջողեցաւ փախուստ տալ գաղթակայանէն եւ Տըքուանէ հասնելով անձնատուր եղաւ փաղանգաւորներուն:

Չորեքշաբթի, օգոստոս 11-ին փաղանգաւորներ անգամ մը եւս զրահապատ  կառքերով, հրասայլերով, թնդանօթներով եւ ծանր գնդացիրներով յարձակման անցան Թէլ Զաաթարի վրայ:

Գաղթակայանը բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ: Փաղանգաւորներ փորձեցին վար առնել այն շէնքերը, որոնց մէջէն կրակ կը բացուէր իրենց վրայ:

Պաղեստինցի ֆետայիներու դիրք մարոնի եկեղեցիի մը մէջ

Քիչ ետք, պաղեստինցիք սկսան ռմբակոծել գաղթակայանին մէջ եւ շուրջը գտնուող փաղանգաւորներու դիրքերը: Թէլ Զաաթարի մէջ կամ դուրսը մնացող զինեալները եւ քաղաքացիները քաոսային օր մը անցուցին: Գաղթակայանին ամբողջ բնակչութիւնը եւ կռուողները համախմբուեցան տասնեակ մը շէնքերու շրջագիծին մէջ: Ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ:

Հինգշաբթի, 12 օգոստոսի կէս գիշերին, փաղանգաւորներ եւ անոնց դաշնակից ուժերը զինուորական կեդրոնացումներ կը կատարէին Թէլ Զաաթարի շուրջ եւ տենդագին պատրաստութեան մէջ էին լայնածաւալ յարձակումի անցնելու համար: Վճռական ժամը հնչած էր: 52 օր գաղթակայանը պաշարման ենթարկելով նոյն ուժերը 71 յարձակումներ կատարած, բայց ձախողած էին գրաւելու Թէլ Զաաթարը:

Գիշերուան մասնակի հանդարտութենէն օգտուելով, մօտաւորապէս հինգ հազար պաղեստինցիներ հեռացան գաղթակայանէն եւ Տըքուանէ հասնելով անձնատուր եղան փաղանգաւորներուն:

Ռումբերու հեղեղը սկսաւ գիշերուան ժամը 2:45-ին: Ռմբակոծումը հազիւ սկսած, փամփուշտներու տարափը եկաւ աւելի ծանրացնելու կացութիւնը:

Ժամը 3:30-էն ետք կարելի չեղաւ զսպել կացութիւնը: Բուռն կռիւներ կը մղուէին տունէ տուն, շէնքէ շէնք: Գիրկնդխառն կռիւները սարսափեցուցին պաշարուածները: Մօտաւորապէս 300 զոհեր ինկան գաղթակայանին մէջ, իսկ հարիւր ուրիշներ ալ ինկան Տըքուանէ տանող ճամբուն վրայ:

Առտուան առաջին ժամերուն, տասնեակներով պաղեստինցիներ շարունակեցին փախուստ տալ գաղթակայանէն, հակառակ տեղացող փամփուշտներուն եւ հրթիռներուն:

Ժամը 9-էն ետք, Միջազգային կարմիր խաչի պատասխանատուները 41 բեռնատար կառքեր վարձեցին գաղթակայանէն փախչողները Թանգարան փոխադրելու համար:

Սարսափահար, ահ ու դողի մատնուած, մօտաւորապէս երկու ամիս պաշարուած մնացած կիներ, երիտասարդներ, ծերեր, մանուկներ եւ պատանիներ, մահուան դէմ իրենց վերջին պայքարը մղեցին ու հակառակ գաղթակայանէն արձակուող փամփուշտներուն, հասան Ռաս Տըքուանէ, Մըքալլէս, Հըրշ Թապէթ, Կալըրի Մաթթա, Պոն Փասթէոր վարժարան, Մանսուրիէ, Այն Սաատէ, Ֆանար, Ժըտէյտէ, Սին էլ Ֆիլ եւ Ժըսր Պաշա: Անոնց թիւը կը հասնէր հազարի: Լեղապատառ եղողներուն թիւը մեծ էր, որոնց մէջ կային վիրաւորներ:

Ցաւալի դէպքեր պատահեցան կարգ մը շրջաններու մէջ: Անմարդկային եւ վայրագ ձեւով Տըքուանէի բնակիչներէն մօտ տասը անձեր յարձակելով պաղեստինցիներուն վրայ, սպաննեցին եւ մորթեցին 15 երիտասարդներ:

Կռիւներուն պատճառով Տըքուանէի իրենց տուներէն հեռացողները, լսելով որ գաղթակայանի պաղեստինցիներէն շատեր Տըքուանէ ապաստանած են, գացին «վրէժ» լուծելու եւ իրենց հանդիպած պաղեստինցիները վայրագօրէն ջարդեցին:

Լուրը հազիւ տարածուած, Ամին Ժըմայէլ եւ ազատական ղեկավարներ Տըքուանէ մեկնեցան եւ իրենց ջոկատներուն հրահանգեցին կրակ բանալ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը փորձէին մօտենալ գաղթակայանէն հեռացողներուն:

Ժամը 10:15-ին փաղանգաւորներ մտան Թէլ Զաաթարի ներքին թաղերը եւ նուաճեցին պաղեստինցիներու վերջին դիրքերը: Մինչ այդ, մօտաւորապէս 12 հազար ժողովուրդ արդէն սկսած էր խուճապահար փախուստ տալ գաղթակայանէն: Անոնք յետոյ արեւմտեան Պէյրութ փոխադրուեցան: Ժամը 13:50-ին գաղթակայանը պարպուած էր:

Թուային Ժամանակներու Մէջ. «Կաւիճը Եւ Խօսիլը»` Ուսուցանելու Լաւագոյն Միջոցը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՈՄԱՆՔ ԿԸ ՍՊԱՍԷԻՆ ՇՐՋԱԴԱՐՁԻՆ. ԱՅՍԻՆՔՆ` ԱՅՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԻՆ, ԹԷ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՁԵՒԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ` ԱՇԱԿԵՐՏՆԵ՛ՐԸ ՊԷՏՔ Է ԱՌԱՋՆՈՐԴԵՆ ՍՈՐՎԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ, ԹԵՐԵՒՍ ԱՅՆՔԱՆ ԱԼ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՉԷ: ԿԱՍԿԱԾԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԱԾ ԵՆ ՇԱՆԿՀԱՅԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ: ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՊԵՏԱԿԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ ՊԱՇՏՕՆԸ ՍՏԱՆՁՆԱԾ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ՔԵՒԻՆ ՏՈՆԵԼԼԻ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՎԷՃԸ «ՏԸ ՔՈՆՎԸՐԶԷՅՇԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԵՒ Կ՛ԵԶՐԱԿԱՑՆԷ, ԹԷ ՍԽԱԼ Է ՄՏԱԾԵԼ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼՈՒ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱԿ ՁԵՒԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ:

Վերջերս Բրիտանիայէն 70 ուսուցիչներ Շանկհայ ուղարկուեցան` ուսումնասիրելու համար դասարանին մէջ ի գործ դրուած ուսուցանելու միջոցները եւ հետազօտելու, թէ ինչո՛ւ չինացի աշակերտները բացառիկ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն միջազգային քննութիւններուն: Վերադառնալէ ետք ուսուցիչները իրենց տեղեկագիրին մէջ նշեցին, թէ Չինաստանի կրթական յաջողութիւնը մեծապէս արդիւնք է ուսուցանելու այն միջոցներուն, որոնք վերջին 40 տարիներուն աստիճանաբար ջնջուած են Բրիտանիոյ մէջ:

Չինացիք կը նախընտրեն «կաւիճով եւ խօսելով» ուսուցանելու ձեւը, մինչդեռ Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ կրթական համակարգը հետզհետէ կը հեռանայ ուղղակի ուսուցանելու միջոցներէն եւ կ՛որդեգրէ մասնակցութեան վրայ հիմնուած միջոցներ, որոնց համաձայն, աշակերտները կը վայելեն յաւելեալ հակակշիռ` սորվելու գործընթացին վրայ:

Նկատի ունենալով Չինաստանի յաջողութիւնը կրթական մակարդակներ բաղդատող միջազգային քննութիւններուն, ինչպէս` ՓԻՍԱ, կը թուի, թէ մենք սխալ առաջնորդուած ենք` հեռանալով ուսուցիչին կողմէ ղեկավարուած ուսուցումի աւանդական ձեւերէն, որոնց համաձայն, ուսուցիչը աւելի երկար ժամանակ աշակերտներուն դիմաց կանգնած կը ղեկավարէ սորվելու գործընթացը եւ իր հակակշիռին տակ կը պահէ դասարանային աշխատանքը:

Ուղղակի Ուսուցանելու Եւ Պեղելով

Սորվելու Հակասութիւնը

Ուղղակի ուսուցանելու եւ պեղելով սորվելու հակասութիւնը վէճի նիւթ է բազմաթիւ տարիներէ ի վեր: Աւանդաբար` դասարանները դասաւորուած են այնպիսի ձեւով, որ աշակերտները նստին շարքով, իսկ ուսուցիչը անոնց դիմաց կանգնած` ղեկավարէ սորվելու գործընթացը եւ երաշխաւորէ կարգապահ միջավայրի պահպանումը: Ասիկա ծանօթ է իբրեւ ուղղակի ուսուցում:

Ուղղակի ուսուցումը աւանդական միջոցն է, որուն համաձայն, ուսուցիչը կը կանգնի դասարանին դիմաց եւ կը ղեկավարէ սորվելու գործընթացը:

Ուսուցիչներ 1960-ական տարիներու վերջերուն եւ 1970-ական տարիներու սկիզբը սկսան փորձարկել ուսուցանելու աւելի նոր եւ փորձառական ձեւեր: Ուսուցումը հիմնուեցաւ աշակերտներուն հետաքրքրութիւններուն վրայ, անոնց տալով յաւելեալ հակակշիռ`   դասարանային աշխատանքներու վրայ, զանոնք ձերբազատելով գոց սորվելու եւ մտովին հաշիւ ընելու տաղտուկէն: Այս մօտեցումը ծանօթ է իբրեւ պեղելով եւ յայտնագործելով սորվելու ձեւ:

Մեկնելով Չինաստանի եւ Բրիտանիոյ տարածքին դասարաններուն մէջ կատարուած այս նորագոյն ուսումնասիրութենէն, ինչպէս նաեւ` Բրիտանիոյ մէջ վերջերս հրապարակուած «Ի՞նչ են լաւագոյն ուսուցումի նախադրեալները» վերնագիրով տեղեկագիրէ մը, կը նկատենք, թէ հետզհետէ կը բազմանան այն ապացոյցները, որոնք մտածել կու տան նոր ժամանակներու ուսուցումի ձեւերու ոչ արդիւնաւէտ բնոյթին մասին: Այսինքն, տկար արդիւնքներ կ՛արձանագրուին, երբ ուսուցիչը կը կատարէ միայն օգնականի դեր, եւ ոչ` սորվեցնողի, երբ կը գովէ աշակերտները` հիմնուելով այն մօտեցումին վրայ, թէ բոլորը «լաւ» են, երբ դասարանին մէջ աշակերտներուն սորված գիտելիքները կը հիմնուին անոնց անմիջական հետաքրքրութիւններուն վրայ:

Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէ, թէ Աւստրալիոյ կրթական համակարգին կողմէ որդեգրուած բազմաթիւ մօտեցումներ կը խանգարեն սորվելու գործընթացը:

«Ուսումնասիրողները չեն բաժներ յայտնագործելով սորվելու նկատմամբ տիրող խանդավառութիւնը: Անոնք ընդհանրապէս կը նախընտրեն ուղղակի ուսուցանելու ձեւը», կ՛եզրափակէ տեղեկագիրը:

Մասնաւորաբար նախակրթարանի առաջին տարիներուն անգլերէնի եւ ուսողութեան ուսուցումի ընթացքին ուսուցիչներ պէտք է բացայայտ կերպով բացատրեն, թէ ի՛նչ կը սորվեցնեն, եւ աւելի յաճախ օգտագործեն ամբողջ դասարանին ուղղուած ուսուցումի մեթոտը:

Ինչպէս Նիւ Սաութ Ուէյլզի համալսարանէն իմացական հոգեբանութեան մասնագէտ Ճոն Սուելըր կը նշէ վերջերս հրապարակուած «Աւստրալական կրթական պետական ծրագիրի մասին վերջին տեղեկագիր»-ին մէջ` «առաջին անգամ նոր գիտելիք մը փոխանցելու ընթացքին պէտք է կիրարկուին բացայայտ եւ ուղղակի միջոցներ»:

Աւստրալական կրթական համակարգին մէջ շատեր կը հաւատան, թէ մանուկներ իրապէս կը սորվին միայն, երբ աշխուժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերեն: Հետեւաբար ուսուցիչներու կը թելադրուի, թէ սխալ է աշակերտները իրենց գրասեղանին ետին նստեցնել եւ պահանջել, որ մտիկ ընեն ինչ որ պիտի սորվին:

Դարձեալ ապացոյցները հակառակը կը փաստեն: Բրիտանական տեղեկագիրին համաձայն, նոյնիսկ երբ աշակերտները կը նստին եւ մտիկ կ՛ընեն, անոնք կ՛իւրացնեն փոխանցուածը: Սորվելու գործընթացը տեղի կ՛ունենայ անկախ անոնց «աշխուժ» կամ «կրաւորական» կեցուածքէն:

Ուսուցանելու նոր մեթոտներ շատ աւելի կ՛ընդգրկեն քննարկումներ եւ խոյզեր, քան` ուղղակի ուսուցանելու ձեւեր:

Գոց սորվիլը յաճախ քննադատուած է, որովհետեւ «կրկնելով կը մեռցնէ» աշակերտը կամ «թութակի» կը վերածէ զայն: Սակայն, բրիտանական տեղեկագիրին համաձայն, վերյիշելը եւ գոց սորվիլը դասարանային անհրաժեշտ ռազմավարութիւններ են, զորս պէտք է կիրարկեն բոլոր ուսուցիչները:

Բրիտանական տեղեկագիրը կը նշէ, թէ ուսուցիչներ պէտք է «քաջալերեն քանի մը անգամ ընթերցելը եւ հիմնական գաղափարներ գոց սորվիլը»: Այլ ուսումնասիրութիւն մը, որ կատարուած է մանուկներուն սորվելու լաւագոյն ձեւը փնտռելու նպատակով, կ՛եզրակացնէ, թէ կարգ մը բաներ, ինչպէս` աղիւսակներ, ոտանաւորներ, բանաստեղծութիւններ եւ գեղօններ պէտք է այնքա՛ն լաւ գոց սորվիլ, որ կարելի ըլլայ զանոնք ինքնաբերաբար վերյիշել` առանց որեւէ ճիգի:

Բոլորին Մատակարարելու Ձգտումը

Ապարդիւն Է

Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս անգլիախօս երկիրներու դասարաններուն մէջ տիրապետող մտայնութիւնը այն է, թէ աշակերտներու խելացութեան մակարդակը, ինչպէս նաեւ անոնց սորվելու սեփական ձեւերը կը տարբերին: Օրինակ, կարգ մը աշակերտներ աւելի լաւ կը սորվին պատկերներ դիտելով, ուրիշներ` ֆիզիքական շարժումով, աշխատանքի մը մասնակցելով, իրենց ձեռքերը օգտագործելով կամ պարզապէս տպուած էջ մը կարդալով:

Բրիտանական տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէ, թէ ուսուցումի եւ սորվելու նման ռազմավարութիւններու տեղը ճիշդ չէ:

«Հոգեբանական ապացոյցները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ ոչ մէկ օգուտ կարելի է քաղել գիտելիքը աշակերտներուն նախընտրած ձեւով փոխանցելու ձեւէն», կը նշէ տեղեկագիրը:

«Փոխանակ ժամանակ, ճիգ եւ ուժ յատկացնելու դասարանին մէջ գիտելիքի փոխանցումը իւրաքանչիւր աշակերտի սորվելու ոճին պատշաճեցնելու, պէտք է ըսել, որ աւելի արդիւնաւէտ են աւելի բացայայտ եւ շեշտակի ձեւով ուսուցանելու ռազմավարութիւնները, ինչպէս նաեւ` աշակերտներուն աշխատանքին հսկելու տրամադրուած յաւելեալ ժամանակն ու ի հարկին միջամտելու մօտեցումը:

Շռայլ Գովասանքը Չի Նպաստեր

Ոեւէ Մէկուն

Տարիներէ ի վեր կրթական աշխարհին մէջ տիրապետող անշեղ սկզբունքներէն մէկը այն է, թէ աշակերտները տեւաբար պէտք է գովաբանուին, եւ թէ` ձախողութիւն պէտք չէ արձանագրուի: Շատոնց վերջ գտած են այն ժամանակները, երբ 10-ի վրայ 4 նիշը ձախողութիւն կը նշանակէր: Ենթադրաբար, երբ մանուկներուն կ՛ըսենք, թէ լաւ չեն իրենց արձանագրած արդիւնքները, ձեւով մը վիրաւորած կ՛ըլլանք անոնց ինքնարժեւորումի զգացումը:

Բրիտանական տեղեկագիրը կ՛ըսէ, որ թէեւ աշակերտները գովելը դրական եւ քաջալերական կրնայ թուիլ, սակայն սխալ ձեւի գովասանքը կրնայ մեծ վնաս պատճառել սորվելու գործընթացին:

Աշակերտները չափազանց գովելը, մանաւանդ` այն աշակերտները, որոնք լաւ արդիւնքներ չեն արձանագրեր, ճիշդ հակառակ ներգործութիւնը կ՛ունենայ: Անիկա կը փոխանցէ այն պատգամը, թէ ուսուցիչներ մեծ ակնկալութիւններ չունին եւ կը խորացնէ այն մտածողութիւնը, թէ քիչ մը լաւ արդիւնքը բաւարար կարելի է նկատել, փոխանակ ձգտելու աւելի բարձր մակարդակի եւ ակնկալելու շատ լաւ արդիւնքներ:

Ուսուցանելու Մէկ Ձեւ Գոյութիւն Չունի

Երբ կը վիճինք, թէ ուսուցանելու եւ սորվելու կարգ մը մօտեցումներ արդիւնաւէտ չեն, այս չի նշանակեր, թէ ուսուցանելու միայն մէկ ձեւ ճիշդ է: Թէեւ կարգ մը ուսումնասիրութիւններ մտածել կու տան, թէ որոշ մօտեցումներ աւելի արդիւնաւէտ են, քան` ուրիշներ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ուսուցանելը բարդ աշխատանք մըն է: Ուսուցիչներ կարիքը ունին զանազան ռազմավարութիւններու:

Նախակրթարանի առաջին տարիներուն աշակերտներ պէտք է գոց սորվին աղիւսակներ, բանաստեղծութիւններ եւ գեղօններ` զանոնք դիւրութեամբ եւ առանց ճիգի վերյիշելու կարողութիւն մը զարգացնելու համար: Կրթութիւնը նաեւ կապ ունի հետաքրքրութեան եւ յայտնագործութեան հետ, հետեւաբար որոշ պարագաներու գոց սորվիլը յարմար չէ. օրինակ, երբ աշակերտներ կը հետազօտեն նիւթ մը, որ կը խանդավառէ զիրենք, եւ որուն համար պէտք է անձամբ փնտռտուքներ եւ վերլուծումներ կատարեն:

Ուսուցիչներ պէտք է իրենց ուսուցանելու ձեւերը պատշաճեցնեն տուեալ վիճակի մը եւ ճկունութիւն ցուցաբերեն` ըստ իրենց դասաւանդելիք նիւթին, անկէ առաջ եւ անոր յաջորդող նիւթերուն, նկատի առնելով աշակերտներուն ծանօթութեան մակարդակը տուեալ նիւթին:

Հարցը կը ծագի, երբ ուսուցիչներ եւ կրթական մարզին մէջ գործող ակադեմականներ առաջնահերթ կը նկատեն յատուկ մօտեցում մը` ի վնաս բոլոր միւսներուն:

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Երեք Տարաչափութեամբ (3 Տի.) Բովանդակութիւնները` Վնասակար
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՆՇԷ, ԹԷ ՊԷՏՔ ՉԷ 6 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ԹՈՅԼ ՏԱԼ, ՈՐ ՀԱՍՈՂՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ ՆԻՒԹԵՐՈՒ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՆՈՆՔ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ ԱՉՔԵՐՈՒՆ: «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ:

Ուտեստեղէնի, միջավայրի եւ գործատեղիի մէջ առողջապահութեան եւ ապահովութեան կազմակերպութեան համաձայն, ոչ միայն 6 տարեկանէն վար մանուկներ պէտք չէ դիտեն 3 տարաչափութեամբ նիւթեր, այլ նաեւ մինչեւ 13 տարեկան մանուկներու եւ պատանիներու համար «չափաւոր» պէտք է ըլլայ անոնց հասողութիւնը:

Յայտարարութիւնը կը յաջորդէ ուսումնասիրութեան մը, որ ի յայտ բերած է, թէ 3 տարաչափութեամբ պատկերները ժխտական ներգործութիւն կ՛ունենան կազմաւորուող աչքին վրայ:

Սակաւաթիւ երկիրներ ցուցմունքներ որդեգրած են 3 տարաչափութեամբ պատկերներու հասողութեան վերաբերեալ:

Վերոնշեալ կազմակերպութեան համաձայն, 3 տարաչափութեամբ պատկեր մը ընկալելու համար աչքը պէտք է զայն դիտէ միաժամանակ երկու տարբեր անկիւններէ, որպէսզի ուղեղը զայն ընկալէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն:

«Մասնաւորաբար 6 տարեկանէն վար մանուկներու պարագային` տեսողութեան այս պատշաճեցումը կը ստեղծէ հակասութիւն մը, որ շատ ծանր անդրադարձներ կրնայ ունենալ` նկատի ունենալով, որ այս տարիքին տեսողական դրութիւնը աշխուժ զարգացում կ՛ապրի», կ՛ըսէ կազմակերպութեան յայտարարութիւնը:

Նինթենտոյի Դէմ Զգուշացում

Բազմաթիւ ժապաւէններ, վիտէոյի խաղեր, պատկերասփիւռի յայտագիրներ եւ համակարգիչի պաստառներ կ՛օգտագործեն 3 տարաչափութեամբ պատկերներ, եւ առաջին անգամ չէ, որ հարցականներ կը ծագին անոնց ապահովութեան վերաբերեալ:

Անցեալ տարի նմանօրինակ ահազանգ մը հնչեցուցած էր Իտալիոյ առողջապահութեան հարցերուն հետեւող պետական կառոյցը: Այնուհետեւ Իտալիոյ մէջ աշխատանք կը տարուի մանուկներու քով սահմանափակելու 3 տարաչափութեամբ պատկերներ դիտելու ծառայող ակնոցներու գործածութիւնը:

Երբ 2010-ին Նինթենտօ հրապարակեց 3 տարաչափութեամբ խաղերու յատուկ իր առաջին գործիքը, զգուշացուց, թէ անոր վրայ խաղեր խաղալը կրնայ տկարացնել 6 տարեկանէն վար մանուկներուն տեսողութիւնը:

Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ընկերութիւններ շուկայ կ՛իջեցնեն 3 տարաչափութեամբ պատկերներով արտադրութիւններ: Կ՛ըսուի, թէ «Ափըլ» համակարգիչներու ընկերութիւնը կը կատարելագործէ 3 տարաչափութեամբ այնպիսի գործիք մը, որուն միջոցով պատկերներ կարելի պիտի ըլլայ դիտել առանց յատուկ ակնոցներու:

Միւս կողմէ` Տեսողութիւնը չափող մասնագէտներու ամերիկեան ընկերակցութիւնը յայտարարած է, թէ որեւէ տեղեկագիր չէ ստացած 3 տարաչափութեամբ պատկերներ դիտելու պատճառով արձանագրուած տեսողութեան խանգարումի վերաբերեալ:

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Միջնադարեան Ձեռագիրներ Նորոգելու Իւրայատուկ Ձեւ Մը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ԷՐԻՔ ՔՎԱՔԵԼ, ՈՐ ՆԱԽԱՊԷՍ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԷՐ ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԳԾԵԼՈՒ (ՏՈՒՏԸԼԻՆԿ) ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ` ԳԻՐՔԵՐ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՀԱԶՈՒԱԴԷՊ ՁԵՒԵՐ, ԱՅԺՄ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ, ԹԷ 5-ՐԴ ԴԱՐԷՆ 13-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՂՆԵՐ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ Ի՛ՆՉ ՀՆԱՐՔՆԵՐ Ի ԳՈՐԾ ԴՐԱԾ ԵՆ` ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՓՃԱՑԱԾ ՄԱԳԱՂԱԹՆԵՐ: ՆԱԽՔԱՆ ԹՈՒՂԹԻՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿՈՎՈՒ ԵՒ ՈՉԽԱՐԻ ՄՈՐԹԷ ՇԻՆՈՒԱԾ ՄԱԳԱՂԱԹԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԴԻՒՐԱԲԵԿ ՆԻՒԹ ՄԸՆ ԷՐ, ԶՈՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼԸ ՍՈՒՂ Կ՛ԱՐԺԷՐ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ԴՊԻՐՆԵՐ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԷԻՆ ՊԱՅՔԱՐԻԼ ԱՆՈՆՑ ԿՊԱԾ ԱՐԱՏՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԵՒ ՄԻԱՑՆԵԼ ԱՆՈՆՑ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԱԾ ՃԵՂՔԵՐԸ:

ՄԻՋՆԱԴԱՐԵԱՆ ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԳԾԵԼՈՒ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐԸ ՏԵՍՆԵԼԷ ԵՏՔ ԱՅԺՄ ԱՆԱԿՆԿԱԼԻ ՉԵՆՔ ՀԱՆԴԻՊԻՐ, ԵՐԲ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ՀՆԱՐԱՄԻՏ Ի՛ՆՉ ՄԻՋՈՑՆԵՐ Ի ԳՈՐԾ ԴՐԱԾ ԵՆ` ՓՐԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ՄԱԳԱՂԱԹԻ ԹԵՐԹԵՐԸ: ԱՆՈՆՑ ՀՆԱՐՔՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԵՏԱՔՍԻ ԹԵԼԵՐՈՎ ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՍԻՐՈՒՆ ԶԱՐԴԱՆՄՈՒՇՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՄԻԱՁՈՒԼՈՒԱԾ ԵՆ ՁԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ: ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՅԻՇԵՑՆԷ ԿՈՏՐԱԾ ԽԵՑԵՂԷՆ ԻՐԵՐ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ ՃԱՓՈՆԱԿԱՆ ԱՐՈՒԵՍՏԸ, ՈՐ ԿԸ ԿԻՐԱՐԿԷ ԱՄԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՏՐԱԾ ԿՏՈՐՆԵՐԸ ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՄԵՏԱՂՈՎ ՄԻԱՑՆԵԼՈՒ ՁԵՒ ՄԸ` ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՎ ՏՈՒԵԱԼ ԻՐԻՆ ՈՉ ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՎԻՃԱԿԸ, ՓՈԽԱՆԱԿ` ԶԱՅՆ ԹԱՓԵԼՈՒ ԻԲՐԵՒ ԱՂԲ:

ՍՏՈՐԵՒ` ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՄԱԳԱՂԱԹՆԵՐՈՒ ԳԵՂԵՑԻԿ ՆՄՈՒՇՆԵՐ` «ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԿԱՅՔԷՆ:

Արուեստի Աշխարհէն. Արդեօք Նոյնինքն Ռամպրա՞նթ Յայտնագործած Է «Սելֆին»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1628-1629-ին):

ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՎԱՐՊԵՏԸ ԳԾԱԾ Է ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԻՆՔՆԱՆԿԱՐՆԵՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՆՔ ՆԱԵՒ ԿԸ ԿԱՆԽԱԳՈՒՇԱԿԵՆ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԸ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԳՐԷ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՔՆՆԱԴԱՏ ԱԼԱՍԹԸՐ ՍՈՒՔ` «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ:

Ապագային, երբ ընկերային պատմաբաններ պիտի բնորոշեն 21-րդ դարը, արդեօք ինչպէ՞ս պիտի նկարագրեն մեր ժամանակաշրջանը: Կը կարծեմ, թէ մեր ապրած ժամանակները պիտի ճանչցուին իբրեւ «Նարսիսականութեան ժամանակաշրջանը»: Փա՞ստը. բաւարար է մտածել, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս անդադար կ՛օգտագործեն ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները` համացանցի վրայ դրոշմելով իրենց կեանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով պատկերող լուսանկարներ: «Սելֆի»-ի երեւոյթը, ինչպէս ծանօթ է այս, այնքա՛ն ընդհանրացած է, որ Օքսֆորտ բառարանները զայն ընտրած են իբրեւ «2013-ի բառը»: Անոնց համաձայն, սելֆին «լուսանկար մըն է, որ մէկը կ՛առնէ` ինքզինք նկարելով «խելացի» հեռաձայնի մը կամ համակարգչային լուսանկարչական գործիքի մը միջոցով եւ զայն կը վերբեռնէ համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան կայքի մը մէջ»:

Այս մասին կը մտածէի վերջերս, որովհետեւ Լոնտոնի մէջ, ուր կը բնակիմ, արուեստի եղանակը արդէն սկիզբ առած է եւ ամէնէն մեծ իրադարձութիւններու շարքին է Ազգային պատկերասրահին մէջ բացուած «Ռամպրանթ. տը լէյթ ուըրքս» ցուցահանդէսը: Պէտք է նշել, որ Ռամպրանթ Վան Ռայնէն (ապրած է 1606-1069) առաջ եւ ետք ոչ մէկ արուեստագէտ նոյնքան լաւ ծանօթ էր սելֆիներու յատկութեան:

Ռամպրանթի ելեւէջներով յատկանշուած կեանքին անփոփոխ յատկանիշներէն մէկը անոր ինքնանկարներու սէրն է: Չորս տասնամեակներու ընթացքին ան ստեղծած է շուրջ 80 ինքնանկարներ` գեղանկարչական տարբեր միջոցներով, ինչպէս` գեղանկարներ, գծանկարներ եւ տպագրութիւններ, միշտ կերպարանափոխելով գեղանկարչութեան այս սեռը: Թիւերը կը տարուբերին, սակայն կարելի է ըսել, թէ Ռամպրանթի դիմանկարները կը կազմեն անոր գործերուն 20 առ հարիւրը: Հետեւաբար այսօր թանգարան այցելողներէն շատերը անմիջապէս կը ճանչնան անոր պարզ, սակայն բնորոշ յատկանիշները. կլոր ու խոշոր քիթը, որ յատուկ է արուեստի պատմութեան մէջ միայն մէկ գեղանկարիչի:

Ռամպրանթի ինքնանկարը` երիտասարդութեան (գծուած` 1634-ին):

Մասնագէտներ Ռամպրանթի ինքնանկարները ընդհանրապէս կը բաժնեն երեք մասի: Կան կենսունակ եւ փորձառական ինքնանկարները, զորս գեղանկարիչը գծած է իր երիտասարդութեան, եւ որոնց մէջ կը պեղէ լոյսի ներգործութիւնը, ինչպէս նաեւ` դէմքի տարօրինակ ծամածռութիւններն ու արտայայտութիւնները: Նման ինքնանկարներու մէջ ան ինքզինք պատկերած է քաոսային եւ խճճուած մազերով, ինչ որ հաւանաբար կը խորհրդանշէ բեղուն ստեղծագործականութիւնը:

Ապա կան 1630-ական եւ 1640-ական տարիներու ինքնանկարները, որոնց մէջ կը յայտնուի միջին տարիքի Ռամպրանթը` սուղ հանդերձանքով, մուշտակով եզերուած թաւշեայ թիկնոցներով: Նման ինքնանկարներու մէջ, որոնք հաւանաբար յատկանշուած են նուազ նորարարութեամբ` բաղդատած աւելի առաջ եւ աւելի ուշ իրագործուած նկարներու, Ռամպրանթ ինքզինք կը պատկերէ արժանապատիւ կեցուածքով` միաժամանակ ցոյց տալով բարեկեցիկ կեանքի թակարդները, խորհրդածելով Ամսթերտամի մէջ իր վայելած առեւտրական յաջողութեան մասին:

Ի վերջոյ, 7 տարուան բացէ մը ետք, երբ Ռամպրանթ դադրած էր ինքզինք գծելէ, անոր կեանքի ուշ ժամանակներուն, 1652-էն սկսեալ կը հանդիպինք շուրջ 15 ինքնանկարներու: Այլեւս չքացած են երբեմնի ոսկի շղթաները եւ փարթամ ասեղնագործութեամբ շապիկները, փոխարէնը` արուեստագէտը ինքզինք կը պատկերէ անտաշ պարզութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Արդի՞ւնքը. կը թուի, թէ պատկերները կ՛արտացոլեն թարմ եւ ուշագրաւ կերպով արդիական մօտեցում մը` ինքնախորհրդածութեան:

Ինքզինք Ծանուցելու Ձեւ Մը

Ռամպրանթի ինքնանկարը` գծուած 1655-ին:

«Ձեւով մը Ռամպրանթի ինքնանկարներն են, որոնք հռչակաւոր կը դարձնեն զինք, քան` անոր արուեստը,- կ՛ըսէ արուեստի պատմաբան Ճէյմս Հալ, որուն «Սելֆ փորթրեթ. է քալչըրըլ հիսթըրի» գիրքը լոյս տեսաւ այս տարի:- Ռամպրանթի կանուխ ժամանակներու ինքնանկարներուն տպագրութիւնները ուղարկուած են ամէնուրեք, հետեւաբար բոլորը ծանօթ էին անոր, նոյնիսկ եթէ Ռամպրանթէն ոչ մէկ այլ գործ տեսած էին: Իբրեւ անկախ եւ թագաւորներու ծառայութենէ հեռու արուեստագէտ` Ռամպրանթ պարտաւոր էր շատ աւելի մեծ ճիգ թափել` ինքզինք ծանօթացնելու համար: Ինքնանկար մը գծելը մտածել կու տայ, թէ արդէն հռչակաւոր ես, նոյնիսկ երբ անծանօթ ես»:

Ազգային պատկերասրահին մէջ Ռամպրանթի ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ գեղանկարիչէն 6 ինքնանկարներ: Ցուցահանդէսին պատասխանատու Պեթսի Վիզիմանի համաձայն, յանդուգն եւ մանրազնին ինքնաքննութիւնը եւ արկածախնդրական թեքնիքը անմոռանալի կը դարձնեն Ռամպրանթի ինքնանկարները:

«Երբ կը մտածես ինքնանկար մը ունենալու մասին, այսինքն` ոչ թէ բջիջային հեռաձայնով ինքնանկար մը առնելու, այլ` ներկով հիւսուածք մը ստեղծելու, պարտաւոր ես շատ մօտէն քննել եւ հասկնալ դէմքիդ բոլոր ուռուցքները, կոյտերը, կնճիռները, կախուած մասերը,- կը բացատրէ ան:- Ռամպրանթ կամեցողութիւնը ունէր այսքան մօտէն դիտելու եւ արձանագրելու իր բոլոր թերութիւնները: Այս անկեղծ մօտեցումը պարզապէս հիանալի է, նոյնպէս` այլազանութիւնը վրձնահարուածներուն, զորս տեւաբար յայտնագործած է` իր իւրայատուկ մօտեցումը կիրարկելու համար: Ան երբեմն լայն հարուածով «տոպրակ» մը կը ստեղծէ աչքին տակ, ապա արագ փոքր հարուածներով կախուած միսեր` ծնօտին շուրջ: Արտասովոր կերպով այլազան են անոր ի գործ դրած վրձնահարուածները, որոնք կեանք կու տան եւ մանրամասնութիւններով կը կենդանացնեն անոր դէմքը»:

Ցուցահանդէսին մաս կազմող ամէնէն ուշագրաւ գործերէն է Ռամպրանթի «Ինքնանկար` երկու շրջանակներով» նկարը, որ իրագործուած է շուրջ 1665-ին (փոխ առնուած է Քենվուտ հաուսէն): Ինքնանկարը կը պատկերէ Ռամպրանթը` ճերմակ բամպակէ գլխարկով, իրագործուած է արագ եւ ուժգին վրձնահարուածներով, կը պատկերէ վրձիններ, երանգապնակ մը, նկարիչի երանգապնակ մը բռնած գեղանկարիչը` եռոտանիին դիմաց կանգնած, գեղանկարին աջ ծայրամասին, որ կը թուի, թէ անաւարտ է: Կը թուի, թէ անոր դէմքը կը կրէ ճակատագիրին հարուածը. սնանկութիւն, կնոջ կանխահաս մահը, նախկին սիրուհիի մը կողմէ յարուցուած իրաւական անվերջ հետապնդում մը: Այսուհանդերձ, անոր նայուածքը կը մնայ ոչ խրոխտ, մինչ մարմնին մութ պատկերումը մտածել կու տայ ամուր եւ անխախտ ներկայութեան մը մասին:

«Ինքնանկար` երկու շրջանակներով»: Գծուած` 1665-1669-ին:

«Քենվուտի ինքնանկարը Ռամպրանթի լաւագոյն ինքնանկարներէն է, հաւանաբար` լաւագոյն ինքնանկարը, որ երբեւիցէ նկարուած է,- կ՛ըսէ Հալ:- Գեղանկարին մէջ կանգնած Ռամպրանթ կարծէք մարտահրաւէր կ՛ուղղէ մեզի: Կը զգանք անոր վճռակամութիւնը: Կարելի չէ արագ անցնիլ անոր քովէն: Ինքնանկարը կը ցայտէ աշնանային նարնջագոյն եւ կարմիր երանգներով, կը թուի, թէ կը տարբաղադրուի: Ինքնանկարին չափը ինքնին տպաւորիչ է: Ամէնէն աւելի կը ցնցէ եւ հզօր ներգործութիւն ունի Ռամպրանթի արժանապատուութեան եւ ինքնաճանաչումի զգացողութիւնը»:

Անոր ետին, պատին վրայ կը յայտնուին երկու խորհրդաւոր շրջանակներու ոլորուն գիծերը: Ոչ ոք կրնայ բացատրել, թէ Ռամպրանթ ճիշդ ի՛նչ կ՛ուզէր փոխանցել այս շրջանակներուն պատկերումով: Տարիներու ընթացքին անոնք ծնունդ տուած են տարբեր տեսութիւններու: Թերեւս երկու կիսագունդեր են, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի տիրական մէկ քարտեսը: Թերեւս թաքուն խորհրդանիշներ են:

Սակայն Վիզիման, որ ուսումնասիրած է շրջանակներուն տարբեր մեկնաբանութիւնները, կ՛ըսէ, թէ անոնք հաւանաբար կ՛ակնարկեն ֆլորանսցի գեղանկարիչ Ճիոթթոյի, որ ենթադրաբար կրնար կատարեալ բոլորակ մը գծել` առանց յենարանի, պարզապէս շարունակուող մէկ գիծ մը ոլորելով:

«Ռամպրանթ ամէն ճիգ ի գործ դրած է գերազանցելու համար Ճիոթթոն,- կը բացատրէ ան:- Ան գծած է ոչ միայն մէկ, այլ երկու շրջանակ: Հետեւաբար ան ցոյց կու տայ, թէ ինք նոյնիսկ Ճիոթթոյէն աւելի լաւ կրնայ գծել»:

Ճիոթթոյի հետ մրցելու Ռամպրանթի մղումը հիանալի է: Անոր յոխորտանքը չի նմանիր փքուռոյց եւ ամօթի սահմանները խախտող այսօրուան «սելֆի»-ներուն, այլ մտածել կու տայ, թէ նոյնիսկ մեծ արուեստագէտները զերծ չեն իրենք զիրենք ցուցադրելու մղումէն: Այսուհանդերձ, անցողակի «սելֆի»-ին եւ Ռամպրանթի հոյակապ ինքնանկարներուն միջեւ վիթխարի տարբերութիւն կայ: Ինչպէս Վիզիման կ՛ըսէ` «Ռամպրանթի ինքնանկարները անմոռանալի են ոչ միայն այն պատճառով, որ կը պատկերեն արուեստագէտը, այլ որովհետեւ Ռամպրանթ են: Այլ խօսքով, հրաշալի գեղանկարներ են»:

Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիր Կարդալու Վատ Պատճառներ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԻՆՉՈ՞Ւ ՇԷՅՔՍՓԻՐ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ: ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻ՞ՒՆԸ ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿՆԵ՞Ր ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ, ԿԱՐԵԿՑԱՆՔԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵ՞Ր ԶԱՐԳԱՑՆԵԼՈՒ: «ՍՓԱՅՔՏ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ԱԼՔԱ ՍԵԿԱԼ ՔԱՊԸՐԹ ԿԸ ՎԻՃԻ ԵՐԿՈՒ «ՎԱՏ» ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒ ԴԷՄ, ՈՐՈՆՔ, ԿԸ ՇԵՂԻՆ ՃԻՇԴ ՆՊԱՏԱԿԷՆ:

Անցեալին, երբ հարց կու տայինք, թէ ինչո՞ւ Շէյքսփիր պէտք է կարդալ, հաւանաբար կը ստանայինք երկու պատասխան. անոր գործերը գեղեցիկ են, ան մեզմէ բաներ կը պահանջէ, կը մղէ, որ աւելի ճիգ թափենք մտածելու, աւելի խոր մտածենք: Այս պատճառները ընդունելի են նաեւ այսօր: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ Շէյքսփիր կարդալու երկու վատ պատճառներ: Եւ դժբախտաբար այս երկու պատճառներն են, որոնք հետզհետէ աւելի կը ջատագովուին ներկայ ժամանակներուն:

Առաջին վատ պատճառը այն է, որ Շէյքսփիր կը նպաստէ մեր ջղային դրութիւնը աշխուժացնելու: Ճիշդ է` կարգ մը ակադեմականներ տարբեր տեսակի ջղագիտական փորձարկութիւններ կը կատարեն Շէյքսփիր կարդացող անձերու վրայ: Անոնք նոյնիսկ հրապարակած են ուսումնասիրութիւն մը` «Իրադարձութիւններու հետ առնչուած Շէյքսփիրի պատմողական նախադասութիւններուն կառուցային տարբերութիւններուն հաւանական նկարագրութիւնները» նիւթով: Կատակ չէ այս: Ուսումնասիրութիւնը արձանագրած է Շէյքսփիր կարդալու պահուն մարդոց ուղեղին մէջ արձանագրուած ջղային գործունէութեան տարողութիւնը, զայն բաղդատած է նուազ տաղանդաւոր թատերագիրներէ գործերու ընթերցանութեան ընթացքին արձանագրուած գործունէութեան հետ, եւ ի զարմանս մեր բոլորին, եզրակացուցած է, թէ մարդոց ուղեղին մէջ շատ աւելի աշխուժ գործունէութիւն տեղի կ՛ունենայ, երբ անոնք կը կարդան աշուղին գործերը: Յայտնապէս պատճառը այն է, որ ան բառեր կը գործածէ արտասովոր եւ անսպասելի յարակցութիւններով:

Կարիքը չկայ ջղագէտ կամ գրականագէտ ըլլալու` անդրադառնալու համար, թէ այս դիտանկիւնը լաւագոյն պարագային շատ սնամէջ է: Վստահաբար գոյութիւն ունին աւելի դիւրին եւ արագ միջոցներ` ջղային դրութիւնը աշխուժացնելու, եթէ այս է մեր նպատակը:

Երկրորդ վատ պատճառը հետեւեալն է. գրական գլուխ գործոցներ կարդալով` աւելի լաւ, աւելի կարեկցող, աւելի հասկացողութիւն ցուցաբերող անձեր կը դառնանք: Օրինակ, հոգեբաններ Տէյվիտ Քամըր Քիտ եւ Էմանուէլ Քասթանօ «ուղեղի տեսութեան թեքնիքներ» փորձարկած են անձերու վրայ` անոնց տալով պարագայական ձեւով ընտրուած ժողովրդային, ոչ-երեւակայական կամ գրական դասական գործեր կարդալու պարտականութիւնը: Այս հոգեբանները «ի յայտ բերած են», թէ անոնք որոնք կարդացած են «գրական դասական գործեր», շատ աւելի լաւ յաջողած են ճանչնալ զգացումները:

Ասիկա կը շոյէ զգացումները անոնց, որոնք կը սիրեն գրականութիւն կարդալ: Սակայն, դժբախտաբար, պարզապէս սխալ է մեկնաբանութիւնը: «Լիթըրըրի էճիւքէյշըն. է ռիիվելիուէյշըն» (հրատարակուած` 1963-ին) վերնագիրով իր գիրքին մէջ Ճէյմս Կրիպըլ համոզիչ կերպով կը վիճի այն տեսութեան դէմ, թէ գրականութիւնը մեզ աւելի հասկցող կը դարձնէ: Ան կը մատնանշէ, թէ կարդալու ընթացքին տիպարներուն նկատմամբ մեր զգացումներուն եւ իրական կեանքի մէջ մարդոց նկատմամբ մեր զգացումներուն միջեւ ուղղակի կապ մը փնտռելը կ՛անտեսէ գրագէտին ճիգերն ու տաղանդը: Գրականութիւն մշակելու միջոցով է, որ հեղինակ մը կը դիւրացնէ յայտնութիւնը կարեկցանքի զգացումներու, տիպարի մը նկատմամբ, որուն եթէ պիտի հանդիպէինք իրական կեանքի մէջ, հաւանաբար դժուար թէ տրամադիր ըլլայինք մէկ կամ երկու օր յատկացնելու անոր: Կարեկցանքի եւ գութի զգացումները կը ծնին բարոյական այն զգացողութենէն, որ ունինք բոլորս, անկախ գրականութեան մեր ծանօթութենէն:

Գրականութիւն կարդալու յատկանշական եւ օգտակար երեւոյթներէն մէկը այն է, թէ գրական գործ մը կը պահանջէ վերլուծական մօտեցում: Ասիկա կ՛ենթադրէ նկատի ունենալ անոր առարկայական բնոյթը եւ մեր ենթակայական մօտեցումին պարունակը: Ասիկա կը նշանակէ դատումներ կատարել` հիմնուած մեր մեկնաբանութիւններուն վրայ: Սակայն տրուածը կրաւորական ձեւով ընդունելու փոխարէն` մենք մեզ վերլուծելու եւ հասկնալու այս կարողութիւնը կրնանք նաեւ այլապէս օգտագործել մեր կեանքին մէջ, ինչպէս` հասկնալու ակադեմականներու ճիգերը, որոնք արուեստը կ՛արդարացնեն անոր գիտական կամ բարոյական արժանիքներուն հիմամբ: Եթէ թոյլ տանք, որ այս վատ պատճառները տիրապետեն Շէյքսփիր կարդալը արդարացնելու կամ հասկնալու մեր մօտեցումին մէջ, ապա դաւաճանած կ՛ըլլանք նոյնինքն աշուղին խորախորհուրդ մարդկայնութեան: