Յօդուածներ Archives - Aztag Daily

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Պիտի Փորձենք Իրականացնել: Միասին: (Գ.)
Օրաթերթի, յաւելուածներու, բացառիկներու եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու  այլեւս սովորական դարձած աշխատանքները բնականաբար պիտի շարունակուին: Ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի աշխուժութեան նոր թափ ապահովելու համար, Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի «Ազդակ»-ի էջերուն պիտի աւելնայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ բաժին ապահովելը: Նկատուած է, որ «Ինսթակրամ»-ը բացառաբար երիտասարդ օգտատէրեր ունի եւ նախաձեռնութիւնը կը միտի առնուազն «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելը. եւ այս ցանցի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով առաւել զարկ պիտի տրուի լուսանկարներուն եւ անոնց ընկերակցող ամփոփ լրատուութիւններուն:

Ելեկտրոնային տարածքին վերաբերեալ, «Ազդակ» նկատելով ընդհանուր միտումը` համացանցային եւ արբանեակային հեռատեսիլներու համատեղման, պիտի փորձէ ծրագրել «Ազդակ»-ի համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարցազրոյցներուն առընթեր հետզհետէ տեղադրել լրատուական նիւթեր, հեռակայ կարգով զրոյց-քննարկումներ եւ մանաւանդ ձեռնարկներու ցանցային ուղղակի սփռումներ: Կը մնայ, որ արդէն իսկ սմարթ ֆոներու վրայ կարդացուող «Ազդակ-մոպայլ»-ը ունենայ իր էփլիքէյշընը, ամէնէն արագ միջոցին եւ «Ազդակ»-ի էփը ներբեռնողը իր հեռախօսին վրայ ստանայ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հաղորդագրութիւնները:

Այս մարզի աշխուժացումը հրամայական է նաեւ այն առումով, որ տարին ամբողջ 100-ամեակ է եւ թէ՛ այստեղ տեղի ունենալիք ձեռնարկները եւ թէ՛ հայրենիքի կամ տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունենալիքները օգտակար կ՛ըլլայ ցանցային դրութեամբ հեռարձակելը:

100-ամեակին «Ազդակ»  կը ծրագրէ ապրիլքսանչորսեան բացառիկին տալ տարողունակ բովանդակութիւն եւ համագործակցիլ հայրենիքի թէ սփիւռքի ցեղասպանագիտական տարբեր կեդրոններու հետ` ապահովելու համար ժամանակակից գիտաշխատութիւններ: Այս հրատարակութեան կը հետեւի նաեւ օտարալեզու  յաւելուած, որ ուղղուած պիտի ըլլայ լիբանանցի կամ ընդհանրապէս արաբ ընթերցող լսարանին:

Տպարանն ու ցրուումի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ «Փիւնիկ» սրահի յանձանձումը  յանձնուած են արդէն հաշուապահական-վարչարարական պատասխանատուութեան: Մեր տպարանը «Ազդակ»-ի տպագրութեան առընթեր սկսած է ստանձնել նաեւ այլ թերթերու հրատարակութիւնը, որ շուտով կը սկսի գործադրուիլ: Նախատեսած ենք, որ «Փիւնիկ» սրահը աւելի աշխուժ թափով հիւրընկալէ միութենական եւ անհատական ձեռնարկներ:

2015-ի առաջին եռամսեակին «Ազդակ» հրապարակի վրայ կը դնէ 88-ամեայ իր արխիւին թուայնացուած ամբողջութիւնը: Նկարահանուած, ծրագրաւորուած եւ որոնողական համակարգի ենթակայ` մեր թերթը կը դառնայ ուսումնասիրողին համար ժամանակակից արհեստագիտութեամբ որոնելի սկզբնաղբիւր: Դժուար է պատկերացնելը թէ տասնամեակներու վրայ ի՛նչ տեսակի նիւթեր, մեկնաբանութիւններ, քաղաքական կեցուածքներ, գաղութային, միջազգային, հայրենական, սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի ժամանակակից պատմութեան ի՛նչ վիթխարի գրականութեան մասին է խօսքը, որ արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով տրամադրելի է այսօր հանրութեան, բայց մանաւանդ աշխարհի որ ծայրը գտնուող ուսումնասիրող մարդուն: Հրապարակումի սկիզբը պիտի փորձենք կատարել արժանավայել շուքով` ներգրաւելով հայաստանեան թէ սփիւռքեան արխիւային կարեւորագոյն կեդրոնները:

Այն ինչ որ խմբագրականի առաջին սիւնակով ընդգծած էինք իբրեւ չյաղթահարուած դժուարութիւններ, պիտի փորձենք այդ ուղղութեամբ լուծման ուղիներ փնտռել: Բոլորը` խոստումի կարգով. եւ չէ բացառուած, որ վերը նշուած առաջադրանքներէն այլ ծրագիրներ եւս իրականացնենք: Համացանցային հեռատեսիլի նախագիծի պատրաստութենէն զատ, այն ինչ որ յայտնեցինք  գրեթէ իրենց լրումին հասած ծրագիրներ են: Մնացեալը պէտք է ձգել ժամանակին եւ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ իրականութիւն դարձած են:

Տարին կը փակենք անբաւարարուածութեան զգացումով: Ըրինք այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք. չկրցանք ընել, դարձեալ այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք: Կ՛ակնկալենք առողջ, բաց քննադատութիւն: Առանց ցեխարձակումի, առանց վարկաբեկումի: Կը հրապարակենք բոլոր քննադատութիւնները, երբ այնտեղ զգանք կառուցողականութիւնը, միայն սրբագրուած տեսնելու մօտեցումը: Մնացեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալն իսկ կը գտնենք անիմաստ: «Ազդակ»-ը հերթական արեւածագին 10 էջով ինքզինք կը յանձնէ իր ընթերցողներու դատողութեան: Եւ չէ բացառուած, որ մենք ամէն օր այս կամ այն ձեւով տեղի տանք սխալի մը: Մեր ընթերցողները սրբագրիչներ չեն. բայց մեր ընթերցողները մաս կը կազմեն «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իբրեւ այդպիսին սխալները պէտք է մատնացոյց ընեն օրին, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով, անձամբ` ունենալու համար այն «Ազդակ»-ը, որ բոլորս կ՛ուզենք: Միասին:

Ամանորի Խոհեր. Կաղանդ Պապուկի Կարմրաւուն Այտերուն Կարօտով (Սուրիահայ Մեր Եղբայրներուն Եւ Քոյրերուն)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար չկայ տիպար մը, որ խորապէս կ՛առնչուի մարդկային կեանքի իւրաքանչիւր տրոփին, որքան Ամանորին շունչ, ոգի եւ իմաստ տուող անհատականութեան մը` յանձին Կաղանդ պապուկին, որուն ամէն տարի անհամբեր կը սպասենք նաեւ հաւաքաբար` ազգովին:

Պիտի ըսուի նաեւ, որ դարերու խորերէն ժամանող սպիտակահեր ու հեքիաթային այս տիպարին գրաւչութիւնը միթէ տարուէ տարի չէ՞ կորսնցուցած իր ուժգնութիւնը, հնչեղութիւնն ու խոհականութիւնը, երբ արդէն համայն մարդկութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի ինքնափճացման եւ ստոյգ այլասերման թոհուբոհին` արագասոյր եւ անվերահսկելի արհեստագիտական նուաճումներու իբրեւ հետեւանք:

Այլ խօսքով, պիտի գան ժամանակներ, շատ մօտիկ, երբ արդէն այլանդակ եւ կամ անդիմագիծ դարձած մարդկային կերպարը պիտի ցանկայ տեսնել Կաղանդ պապուկը մարմնաւորող մարդամեքենաներ` անշունչ ու անկենդան, որոնք պիտի փոխարինեն մարդկային էակի մէն մի կենարար արտայայտութիւն, յայտնապէս անոր եզակի ներաշխարհին եւ մտային կառուցուածքին բռնազբօսիկ ու կեղծ դարպասումով:

Եթէ երբեք մարդ արարած ցարդ կը հաւատայ, թէ իր աննախընթաց գիտական յառաջդիմութեան առընթեր տակաւին գոյութիւն ունի յոյսի եւ ներշնչումի աստուածակերպ միտքն ու մտածողութիւնը, ապա կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել ու շրջել մարդկութեան թաւալգլոր ընթացքն ու դէպի ինքնասպանութիւն տանող մոլուցքը:

Այլապէս  այս մոլորակէն դուրս ո՛ւր հարկ է փնտռել մարդու տեսակի շարունակականութիւնը ապահովող միջոցներն ու ձեւերը, իբրեւ  արժանահաւատ կեանքի ու յարատեւութեան զուգահեռ գործընթացներ:

Այս առումով է, որ յաճախ եւ անընդմիշտ լոյսին պէտք է բերենք Կաղանդ պապուկի հեզահամբոյր ժպիտին կախարդանքը, անոր բոցկլտուն աչքերուն սրահայեաց իսկութիւնը, կարմրախայտ թուշերէն ցայտող կենսասիրութիւնը, ալեհեր եւ ժանիքաւորուած մօրուսին վեհանիստ տեսքը, հսկայ ու թիկնեղ մարմնին ծանրակշիռ ազդեցութիւնը, կարմրացայտ զգեստին, սեւ մոյկերուն եւ պինդ պարեգօտին ներկայութիւնը, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ՛անձնաւորեն զինք, ապա միւս կողմէ կը խարսխեն անոր էութեան իսկութիւնը:

Այո՛, աստուածահաճոյ էութիւն, որով դարեր շարունակ մարդ կրցեր է յայտնաբերել ինքզինք իբրեւ գերագոյն բարիքի, ազնուական հոգիի եւ անշահախնդիր մօտեցումի արտայայտութիւն:

Այլ ասած, մարդկայնական արժանիքներու առաւել բոցավառում, վսեմ գաղափարներու ընդգրկում, բայց մանաւանդ` իրերօգնութեան, սիրոյ եւ ինքնարժեւորման պատեհութիւն:

Ահաւասիկ Ամանորի խորհուրդը, որ իբրեւ այդպիսին կը շարունակէ հրդեհել մեր ներաշխարհը, անսայթաք հունաւորել աղօտ ճանապարհները, առանձնապէս շիկացնել ընդարմացած տրամադրութիւնները, էապէս ջերմացնել ալեկոծ տարիները, գեղեցիկ ապրումներով շղարշել մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, դէպի վեհափառ գագաթներ սաւառնել  հոգեթով թռիչքները, երջանկութեամբ պարուրել մեր կեանքի տեսադաշտը, անկոտրում կամքով պատուաստել հաւաքական մեր տենչերը եւ առհասարակ ներքին խաղաղութեամբ շնչաւորել հաւաքական մեր երթին ու տեսլականին քառուղիները:

Նման հասկացողութենէ թելադրուած մենք մեր յոյզերն ու սրտապինդ մտածումները կը սեւեռենք դէպի սուրիահայութիւն, որ աւելի քան չորս տարիէ կ՛ապրի իր ամէնէն թէժ տարեգրութիւնը, հայոց ահաւոր ցեղասպանութենէն առ այսօր:

Պարտադրուած պատերազմ մը ինքնին, որուն իւրաքանչիւր արարի ընդգծումն անգամ սարսափի վիճակներ կը ստեղծէ շուրջ բոլոր: Եղբայրասպան սահմռկեցուցիչ եւ բարբարոս օրագրութիւններ իրենք զիրենք կը հրմշտկեն երկրագունդի ամբողջ տարածքին` ցոյց տալով մարդակերի ու լենկթիմուրեան աւերումի հրէշային պատկերներ:

Երբեմնի մայր գաղութի կոչումին արժանացած դամասկահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը, ճիշդ է, որ կը դիմագրաւէ լինելութեան, գոյերթի ու ինքնութեան պահպանման ամէնէն դժուարին ժամանակները, այդուամենայնիւ, ի գին մեծ զոհողութիւններու կը շարունակէ ցոյց տալ դիմադրական ոգիի այնպիսի դրսեւորումներ, որոնց նմանը հազիւ թէ տեսանելի ըլլան մեր շրջապատին մէջ:

Յայտնապէս հայահոծ երկու քաղաքներու մէջ ալ, հայկական շունչի եւ կամքի արտայայտութիւններու կը հանդիպինք ամէն քայլափոխի, երբ տօնական օրերու եւ յուշահանդէսներու վայելքը կ՛ապրինք` առօրեայ կեանքի կրթական թէ մշակութային իրագործումներու առընթեր:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ բառերը պիտի չկարենան բնութագրել մեր հայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած տառապանքին ու սարսափին ուժգնութիւնն ու ահաւորութիւնը, մեր աչքերը պիտի չկարենան ընդունիլ համատարած քանդումի տեսարանները, այդուհանդերձ, ի պատիւ մեր հարազատներուն, սուրիահայութիւնը իր բովանդակ շերտերով թէ պատկանելիութեամբ կը պայքարի յանուն գալիք օրերու բարեբեր հաստատման եւ ապագայատես հեռանկարներու ջրդեղման:

Եւ սա է գերազանցապէս ճշմարիտ եւ անհունօրէն սքանչելի տիպականութիւնը` հայասիրութիւնն ու հայապաշտութիւնը, տոկալու եւ ընդդիմանալու ամէն յորձանուտի, մահուան գաղափարի թէ վայրագ վերաբերումի:

Արդար է ըսել նաեւ, թէ հայոց Կաղանդ պապուկի հակազդեցութիւնը ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինչպիսի՛ բնոյթ պիտի ստանայ ի տես ոչ միայն տուներու եւ համալիրներու քանդումին, մարդկային կորուստին, այլեւ` Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցւոյ հիմնայատակ կործանումին:

Այո՛, լկտիաբար եւ թրքավարի կործանում սրբատաշ կառոյցի մը, որուն մէջ իրենց վերջին հանգիստն են գտեր Հայոց ցեղասպանութեան օրերու անթաղ մնացած սուրբ մասունքներ:

Փաստօրէն, այսպէս ասած ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր խաղաղ պահանջներու ետին կը կանգնէին մեծապետական մութ ուժեր եւ համայնակուլ ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար ոչ մէկ միջոցի խտրութիւն դրուեցաւ, երբ ծայրայեղութեան, ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժող միտքերու եւ սեւ շրջանակներու պատեհ առիթներ ստեղծուեցան` հիմնովին կործանելու շէն քաղաքներ ու աւաններ,  այլապէս բնաջինջ ընելու մարդու ստեղծագործ մշակութային դարաւոր հարստութիւններ թէ մարդ էակի տեսակն անգամ, հաւատադրժողական մոլուցքի տարածման եւ հաստատման ի խնդիր:

Ի դէպ, եթէ երբեք Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան հոգեգրաւ զոյգ խորհուրդներու տեսադաշտին ընդմէջէն` ի խորոց սրտի մեր հարազատ ու անսեթեւեթ բարեմաղթանքները կ՛ուզենք փոխանցել սուրիահայ գաղութի զաւակներուն, պարզապէս որովհետեւ այս սրբազան օրերու խորհուրդը էապէս կը պարփակէ մարդկային նուիրական արժէքներու ամէնէն վսեմ ու առաքինի արտայայտութիւնները, ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ ապրելու իրաւունքը, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան բարիքները վայելելու արդար ակնկալութիւնը, յառաջադէմ եւ բարգաւաճ կեանք մը վարելու ազատութիւնը, քաղաքացիական կիրթ եւ ծառայական գիտակցութեան թովչանքը ցոյց տալու պատրաստակամութիւնը, բայց մանաւանդ` հայօրէն հպարտ, ինքնուրոյն մշակոյթ եւ ստեղծագործ միտք յանձանձելու համայնական պահանջը:

Այլապէս ալ, անժխտելի է այն իրականութիւնը, որ ժամանակակից կեանքի հայոց պատմութիւնը ոսկեզօծ արձանագրած է, թէ ազգեր ու հաւաքականութիւններ իրենց յաւիտենականութիւնը կը գտնեն միայն մայրենի հողին վրայ, ազգային առանձնայատկութիւններ կը փթթին լոկ հայրենիքի շունչով, պատկանելիութեան ու հաւատամքի ամէն դրսեւորում խոր արմատներ կ՛արձակեն եւ կը սնանին մայր հողին ակունքներէն, աւելի՛ն. իրերայաջորդ սերունդներ իրենց գոյութեան հիմքն ու յարատեւելու պատուանդանը կրնան միայն ապահովել ազգակերտ հողի ընդերքներուն:

Այդուհանդերձ, քաջ հաւատացողն ենք, որ յետեղեռնեան կազմաւորուած հայահոծ գաղութներ թէեւ կը դիմագրաւեն կեանքի դաժան պարտադրանքներու ահաւոր պայմաններ եւ, հակառակ թիւի ու քանակի զգալի նօսրացումին եւ շիջումին, պիտի կարենան գէթ որոշ ժամանակով վերահայանել եւ վերակազմակերպուիլ:

Իրօք, Ամանորի ամէնէն պատուական խորհրդանիշը համարուող Կաղանդ պապուկին հրաշալի կենցաղին, մարդասէրի ու ժողովրդանուէրի կազմաւորումին, ծառայասիրութեան, անոր ուրախութեան եւ յոյսի պսպղուն ցոլքերու սփռումին եւ վաղուան օրուան հաւատալու անբիծ տրամադրութիւններուն հետ ու միատեղ, մեր կարգին կը մաղթենք յոյսի եւ հաւատամքի, կամքի ու տոկունութեան ներշնչումներ` յանուն ազգային հաւաքական մեր կեանքի վերաթարմացման եւ յարատեւութեան:

Ճակատագրուած հաւաքականութիւններ չեն կրնար եւ կամ իրաւունքը չունին ընկրկելու կեանքի խենեշ պարտադրանքներու դիմաց եւ խուճապային մթնոլորտի ճնշումին տակ կորսնցնելու տասնամեակներու վաստկած հոգեկան ու ֆիզիքական հարստութիւններ:

Փորձութիւններու, օրհասի թէ  ահազանգային կացութիւններու դէմ յանդիման, մեր պարագային` հայութեան ամէնէն ազդու եւ վճռորոշ զէնքն է հանդիսացեր իրերօգնութեան վեհափառ արժանիքը, նեղմիտ ու տխեղծ առօրեայ մտմտուքներէ ձերբազատելու խոր գիտակցութիւնը, բայց մանաւանդ` հաւաքական կամքի դրսեւորում ցոյց տալու ունակութիւնը, ինչ որ կ՛ենթադրէ առողջ ու կայտառ կազմակերպուածութիւն:

Սա է ճշմարտացի մեր հասկացողութիւնը Կաղանդ պապուկի կերպարի խոհականութեան մէջ, ուր ան դարաւոր կեանքի փորձառութիւնը իր շալակին կը շարունակէ փարոս հանդիսանալ իրերայաջորդ սերունդներու յոյսի ու լոյսի, ուրախութեան եւ երջանկութեան, յարատեւութեան եւ կամքի փայլատակումներ սփռել համայն մարդկութեան, առանց բարդոյթի եւ ակնկալութիւններու:

Արդ, ամանորեան մեր մտորումներուն, հոգեկան ապրումներուն թէ մաղթանքներուն կիզակէտը ինչ կրնայ ըլլալ եթէ ոչ հայոց ու համայն մարդկութեան ամենայն բարիք եւ յստակատեսութիւն:

Ապահովաբար, Կաղանդ պապուկի կարմրաւուն այտերէն եւ փայլուն աչքերէն գեղեցկօրէն կ՛արտացոլան մեր բոլորին փափաքները:

Բարի Ամանոր:

Գոնէ 2015-ին
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Վերջին օրերուն հայկական իրականութեան մէջ արձանագրուած դէպքերը մտածել կու տան, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, մենք համազգային անհրաժեշտ համախոհութեան չենք հասած տակաւին: Ըստ երեւոյթին, մեր ունեցած տարբերութիւններուն ու տարակարծութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներու պղտորութիւն մը կայ:

Փաստօրէն, Հայոց ցեղասպանութեան գծով պետութեան կողմէ որդեգրուած խորհրդանիշ` անմոռուկ ծաղիկէն սկսեալ, մինչեւ գիրքի շնորհահանդէս մը, թուրքի մը Հայաստան այցելութիւնը, պատմաբան գիտնականի մը յայտարարութիւնը կրնան աննախատեսելի եւ երբեմն ալ անտեղի աղմուկ բարձրացնել, կրնան շեղել մեր աշխատանքներուն սլաքը, կրնան կարգ մը լրատուամիջոցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու համար հասարակութիւնը դրդելու եւ պառակտելու դրամագլուխ ապահովել, ուրիշներու «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու» առիթ տալ, նոյնիսկ` փոխադարձ ամբաստանութիւններու, զրպարտութիւններու, ցեխարձակումներու, արհամարհանքի, մինչեւ իսկ մեր ազգակիցը դաւաճան յայտարարելու դուռեր բանալ:

Միթէ մենք այսպէ՞ս պիտի նշենք Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Միթէ բունն ու խորքը մոռցած` կեղեւո՞վ պիտի զբաղինք: Միթէ մեր իսկական հակառակորդը` թուրքը ձգած, մեզի հետ համակարծիք չեղող մեր ազգակիցնե՞րը պիտի հարուածենք: Ինչո՞ւ գերզգացականութեամբ, անհեռատեսութեամբ եւ անհանդուրժողականութեամբ կը մօտենանք հարցերուն:

Բնականաբար, երբ մեր ազգային արժեհամակարգին անյարիր ու անընդունելի դէպքեր պատահին, մենք պէտք չէ լուռ մնանք ու չդատապարտենք: Բնականաբար, երբ մարդիկ «խօսքի ազատութիւն»-ը  չարաշահեն ու  վիրաւորեն մեր անհատական եւ հաւաքական արժանապատուութիւնը, պէտք չէ խուլ ու կոյր ձեւանանք, այլ հաշուետուութեան հրաւիրենք տուեալ յանցագործը: Բնականաբար, երբ տեսնենք, թէ բան մը տեղ մը, երեւոյթ մը մեր հաւաքական շահերուն կը հակասէ,  պէտք է բողոքենք ու համապատասխան լուծումներ առաջարկենք: Սակայն մտահոգիչ հարցը այս բոլորին մէջ մեր ունեցած հակազդեցութիւններուն որակին, ձեւին եւ  հետեւանքներուն կը վերաբերի…

Յատկապէս այս հանգրուանին, երբ թշնամին ո՛չ մէկ ջանք կը խնայէ մեր ընթացքը խափանելու, երբ թշնամին նիւթական ու մարդուժի հսկայ ներդրումներ կը կատարէ հակահայկական քարոզչութիւն իրականացնելու եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու, մենք մեր հակազդեցութիւններուն մէջ առաւե՛լ զգօն, հաւասարակշռուած ու հեռատես ըլլալու հրամայականին առջեւ կը կանգնինք: Վստահաբար չենք ուզեր Թուրքիոյ ու աշխարհին առջեւ ներքնապէս խնդիրներ դիմագրաւողի, անհամաձայն եւ  իրերամերժ հասարակութեան պատկերով հանդէս գալ: Հետեւաբար հայութեան բոլոր հատուածներուն կողմէ կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկ նախքան գործադրուիլը, լրջօրէն սերտելը, իսկ պատահելէն ետք մեր ունենալիք հակազդեցութեան տարողութիւնն ու ազդեցութիւնը քննելը էական նշանակութիւն ունին:

Անախորժ դէպքերուն եւ կեցուածքներուն հակազդեցութիւնները արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ, երբ անոնք կառուցողական քննադատութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ այլակարծութեան մշակոյթի որդեգրման սահմաններուն մէջ կը կատարուին: Բնական երեւոյթ է, որ բոլորս մեր բոլոր հարցերուն շուրջ նոյնանման կեցուածք ու կարծիք չունենանք, բայց անբնական է, որ մեր  տարակարծութիւններուն ու տարբերութիւններուն մէջ հասարակ յայտարարներ չունենանք: Եւ որո՞նք են հայութեան հասարակ յայտարարները, եթէ ոչ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, վնասուց հատուցումը, Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազգապահպանումը:

Գոնէ 2015-ին մէկ կողմ ձգենք մեր գաղափարական, կուսակցական, քաղաքական, կրօնական, անհատական եւ ընկերային տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները եւ որպէս մէ՛կ ու անպարտելի բռունցք փարինք ու կառչինք մեր հասարակ յայտարարներուն, ինչպէս նաեւ միասնակամութեամբ դիմագրաւենք առկայ մարտահրաւէրները: Ա՛յս կը պահանջէ մեր նահատակներուն արեան կանչը, իսկ մենք ընդունակ ժողովուրդ ենք պահանջուած միասնակամութիւնը ապահովելու:

Մենք Ու Նոր Տարին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ժամանակը կը սահի: Օրերը արագօրէն կը հալին: Տարին արդէն իր վերջին հասած է: Նոր տարին եկած է ու կը թակէ մարդոց դռները եւ անոնց մտքերուն ու հոգիներուն մէջ կը փորձէ գունաւոր երազներ հիւսել: Ներկայիս ամէն տեղ մնայուն արժէքները կը նուազին: Արժէքներու այս փոփոխութիւնները յուսահատութեան կը տանին մեզ:

Ինքնաբերաբար մեր հին քաղաք-ծննդավայրս կը յիշեմ: Հոն, այդ հին քաղաքին մէջ, ուր աւանդութիւնները իբրեւ սրբութիւն եւ տոհմիկ սովորութիւնները իբրեւ գերագոյն լուծում եւ միջոց կը գործադրուէին:

Որովհետեւ,

Երնէկ այդ օրերուն… Որովհետեւ այն ատեն, հոն մեծ կամ մեծեր կային: Որովհետեւ հոն մեծերը մեծ էին, եւ փոքրերը` փոքր, ակնածանքն ու յարգանքը մարդոց առօրեայ կենցաղին մէջ ունէին իրենց արդար եւ հաստատ բաժինը: Հոն Նոր տարին տան մէջ կը դիմաւորէինք, տունը կ’անցընէինք, մեծին տունը` ազգականական կապի ներկայացուցիչ մեծին տունը, եւ մեր թիւին վրայ այդ գիշեր կ’աւելնար մեր մտերմիկ ընկերներէն եւ բարեկամներէն քանի մը հատը, անոնք, որոնք ակամայ զրկուած էին ազգականներէ:

Այդ գիշեր ընտանիքը հոն էր, մեծին տան սեղանին շուրջը հաւաքուած, բոլորուած, խմբուած:

Աւանդական սեղան` իր հարազատ սեղանակիցներով: Նախ կ’ընթրէինք, եւ ապա ճաշասեղանը կը վերածուէր պտղասեղանի, որուն վրայ կ’աւելնային անբաժան զարդարանքները այդ օրուան` կաղինը, ընկոյզը, չամիչն ու թուզը:

Միւս կողմէ` վառարանին վրայ շագանակի «պայթումներուն» կ’ընկերանային մեր ձայներն ալ` ազգային եւ կամ ժողովրդական երգերով: Այսպէս, քիչ մը ուտելով, քիչ մըն ալ թուղթ խաղալով, քիչ մը երգելով եւ քիչ մըն ալ կատակելով եւ մանաւանդ «Երեւան»-ը մտիկ ընելով` կը դիմաւորէինք Նոր տարին, որուն ժամանումն ու գալուստը կը յայտարարուէր մեր տան պատին վրայի հնամեայ ժամացոյցի ծանր զարկերով եւ ձայնասփիւռի տեղական կայաններու ալիքներէն:

Յետոյ…

Արդէն ժամը 12:00-էն մէկ երկու վայրկեան առաջ լոյսերը կը մարէինք ու Նոր տարին լոյսեր բանալով կը դիմաւորէինք: Եւ ապա մտովի եւ երբեմն ալ բարձրաձայն «Հայր Մեր»-ը կը սկսէինք, որմէ ետք փոքրերս եւ կամ պատանիներս երկիւղով կը համբուրէինք մեծին կամ մեծերուն աջերը:

Այսպէս, Նոր տարուան առաջին իսկ վայրկեանին կը ստանայինք անոնց բարի մաղթանքներն ու համով հոտով օրհնութիւնները: Իսկոյն կը յիշուէին մեզմէ յաւերժ բաժնուածները: Պահ մը լուռ կը մնայինք, անոնց յիշատակը կը վերապրէինք, ապա վերադառնալով ներկային եւ  իրականութեան` կը շարունակէինք մեր կերուխումը, երգն ու պատումը` առանց մոռնալու սակայն, որ քանի մը ժամեր ետք պէտք էր, որ եկեղեցի երթայինք, Աստուծոյ հետ, Նոր տարուան առաջին օրն իսկ, մեր կապը վերամրապնդելու, մեր հոգիին ու խիղճին տուրքը տալու` աղօթքով եւ, աւելին, մոմ մը կամ մոմեր վառելով:

Այսպէս էր հոն, այդպէս ալ մնաց` հակառակ մեծերուն յաւէտ մեկնումին եւ բացակայութեան: Ամերիկա կոչուած այս Աւետեաց երկիրը մեր հաստատուելուն առաջին Նոր տարիներն ալ այդպէս կրկնուեցան, կամ փորձեցինք կրկնել:

Դժուարին աշխատանք մըն էր, սակայն գէշ-աղէկ կատարեցինք, որովհետեւ  մեզի հետ բերած ու մեր մտքերուն ու հոգիներուն մէջ լեցուած այդ թարմ եւ գեղեցիկ աւանդութիւնները տակաւին տաքուկ պահած էինք:

Յետոյ զաւակներուն մեծնալով` կարծես այդ մէկուն թարմութիւնն ալ անցաւ, եւ մեր սովորութիւնը կորսնցուց իր հմայքը: Ու ինքնակամ, մեր իսկ ձեռքերով եւ մեր իսկ որոշումներով նոյն այդ սովորութիւններն ու աւանդութիւնը բանտեցինք մեր միտքերու թանգարանին մէջ, նոյնիսկ կամովին բանտարկեցինք:

Ու հիմա …հոս Նոր տարի… Եթէ նախապէս հոն Նոր տարին դիմաւորող գիշեր մը ունէինք` իբրեւ սրբազան ընթրիք կամ հաւաքոյթ կամ ազգականական ու բարեկամական հանդիպում եւ մէկտեղում, հոս, սակայն, անոր վրայ աւելցան կամ ինքնաբերաբար տեղայնական հոսանքին հետեւելով աւելցուցինք Գոհաբանութեան օրը, «Քրիսմըս»-ը, անհատնում տարեդարձները, շրջանաւարտներու հաւաքոյթները, նշանտուքներն ու  հարսանիքները եւ հարսանիքի դրսեւորումով հոգեճաշերը, «պէյպ»-ի կամ «պրայտըլ շաուըրները»:

Ահա՛ քեզի Ամերիկա:

Այսպիսով, մեր ցանկը «գիրցաւ», երկարեցաւ, լայնցաւ, մեծցաւ մեր գրպաններուն ծախսերուն հետ, ու օրէ օր սկսանք դառնալ հետեւողներ, զիրար կապկող եւ նոյնիսկ անիմաստ եւ սակայն լուռ մրցակցութեան մը մասնակից դարձանք:

Մեր նախկին սովորութիւններն ու աւանդութիւններ արդէն իսկ կամովին գերեզմանած ենք:

Է՜հ, երանի՛ այն օրերուն:

Բայց կրկին ու միշտ շնորհաւոր Նոր տարի եւ բարի Կաղանդ բոլորիդ:

bedig43@aol.com

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Զմիւռնիոյ «Տոքուզ Էյլիւլ» համալսարանի Աթաթուրքեան սկզբունքներու ու յեղաշրջումներու պատմութեան հիմնարկի դասախօս Թիւրքան Պաշեիղիթ իր ուսանողներուն պարտականութիւն տուեր է պատրաստել հայերու ցեղասպանութեան պնդումները ջրող փաստաթուղթերու աշխատասիրութիւն մը: Դասախօսը այս մասին ցուցատախտակ մըն ալ կախեր է իր աշխատասենեակին դրան վրայ եւ ուսանողներէն պահանջեր է, որ մինչեւ 18 դեկտեմբեր որպէս «վիզէ»-ի քննութիւն, յանձնեն իրենց աշխատասիրութիւնը, որ փաստացի տուեալներով պիտի ջրէ «սէօզտէ» (Այսպէս կոչուած Ա.) ցեղասպանութեան հայկական պնդումները: Համալսարանի ուսանողները լուսանկարեր են այս ցուցատախտակը եւ համացանցի ընկերային էջերուն վրայ սկսեր են վիճաբանիլ այս նիւթին մասին: Հարցը հետեւեալն է. այսպիսի գիտական աշխատանք կ՛ըլլա՞յ, նախապաշարեալ թեմայով պարտականութեան մը պատրաստութիւնը գիտական կրնա՞յ նկատուիլ, ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ ուսանող մըն ալ գրէ, որ ցեղասպանութիւնը իրօք պատահած է:

Դասախօս Թիւրքան Պաշեիղիթ համացանցի վրայ ստեղծուած այս բանավէճին պատասխանելով` ըսած է. «Ես պարզապէս գիտական հարցում մը ուղղեցի: Երանի՜ թէ, որպէս ինծի պատասխան, մէկ-երկու փաստաթուղթ գտնէիք ու ինծի ղրկէիք»: Պաշեիղիթ գրեց նաեւ, որ քննութիւններուն արդիւնքէն տեղեակ պիտի պահէ ուսանողութիւնն ու հանրութիւնը:

«Ռատիքալ»-ի աշխատակից Պահատըր Էօզկիւր իր այս թղթակցութեան մէջ կը յիշեցնէ, որ Թիւրքան Պաշեիղիթ աւելի առաջ ալ հակազդեցութիւններու տեղի տուած է Հայկական հարցի մասին իր ունեցած մեկնաբանութիւններով: Երբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ լաւաշ հացը արձանագրեց որպէս հայկական մշակոյթի գործօն, Թիւրքան Պաշեիղիթ գրեց. «Լաւաշ հացն ալ առին մեզմէ, հիմա ասոնք մեզմէ հող ալ կը պահանջեն»: Ասիկա դասախօս մըն է, որ նաեւ գովաբանած է «Թեշքիլաթը մահսուսա» կազմակերպութիւնը, որ իթթիհատականներէն Էնվեր փաշային կապուած գաղտնի կազմակերպութիւն մըն էր, հիմնուած` զանազան գաղտնի գործողութիւններու համար: Այս կազմակերպութիւնը իթթիհատականներու անկումէն ետք ջնջուեցաւ:

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն
Նիւթը պատրաստեց ՀԱՅԿ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆԸ

Թուրքական «Ալթեազը» հանդէսը ծաւալուն  հարցազրոյց է հրապարակել թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի հետ: Յիշեցնենք, որ Գերմանիայում բնակուող թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընն ուշադրութիւն գրաւած «Հատում» (The Cut) ժապաւէնի բեմադրիչն է: Ժապաւէնը պատմում է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Բեմադրիչը անդրադարձ է ժապաւէնի նկարահանման ընթացքին եւ արձագանգներին, որոնք հնչել են Թուրքիայում եւ արտասահմանում:

Ձեզ ենք ներկայացնում հարցազրոյցի առաւել ուշագրաւ հատուածները.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սկսենք ժապաւէնի ակունքներից: Երբուանի՞ց էք հետաքրքրւում 1915թ. իրադարձութիւններով (Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով-խմբ.):  Ինչպէ՞ս որոշեցիք այս թեմայով ժապաւէն նկարել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այս թեմայով հետաքրքրուել եմ, երբ դեռ 20 տարեկան էի: Այն ժամանակ մտածում էի. «Ցեղասպանութի՞ւն: Անհնար է այդպիսի բան»: Այնուհետեւ սկսեցի որոշակի ուսումնասիրութիւններ կատարել: Կարդում էի այս թեմայով գտածս բոլոր գրքերը: Խորացնում էի գիտելիքներս: Կարդացել եմ նոյնիսկ գրքեր, որոնք ժխտում են Ցեղասպանութիւնը: Ինչ-որ պահից ի վեր, երբ դեռ նոր էի սկսել ժապաւէններ նկարահանել, պայման դրեցի ինքս իմ առջեւ, որ մի օր այս թեմայով պէտք է ժապաւէն նկարահանեմ: Այդ ժամանակներից ի վեր այս թեմայի հանդէպ զգայուն եմ: Այնուհետեւ, «Դրախտի եզրին» ժապաւէնը նկարահանելուց յետոյ 2007-ի Քաննի շարժապատկերի փառատօնից յետոյ, այս ժապաւէնի մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար գնացի Միացեալ Նահանգներ: Միացեալ Նահանգներից վերադառնալուց յետոյ տասներկու էջանոց պատմութիւն գրեցի: Այնուհետեւ շրջանցեցի ժապաւէն նկարահանելու միտքը, որովհետեւ լուրջ ֆինանսական միջոցներ էին անհրաժեշտ: 2010 թ. գրածս պատմութիւնը նորից ձեռքս ընկաւ: Որոշեցի Հրանդ Տինքի համար ինչ-որ բան անել:

Հրանդը Ցեղասպանութեան մասին այսպիսի պատկերացում ունէր. «Ինչպիսի խնդիր էլ լինի Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ, դրան լուծում տուողը պէտք է Հայաստանն ու Թուրքիան լինեն: Դա այլ երկրների գործը չէ: Ֆրանսան, Գերմանիան, Միացեալ Նահանգներն ցեղասպանութիւնը օգտագործում են միայն քաղաքական նպատակներով: Օգտագործում են Թուրքիայի դիմաց: Այս խնդիրը պէտք է մենք ինքներս լուծենք»: Հէնց այս փիլիսոփայութիւնից ելնելով եմ աշխատել եմ այս ժապաւէնը նկարահանել: Թուրքական ֆինանսներով, թուրքական անձնակազմով, թուրք դերասանական կազմով, Թուրքիայում… Որոշակի պատճառներով չստացուեց: Բարդ բեմագրութիւն էր, համարեցին, որ ժապաւէնում արծարծուած է միակողմանի տեսակէտ: Այդպիսով հասկացայ, որ թուրքական միջավայրը դեռեւս պատրաստ չէ իմ ու Հրանդի այս մօտեցումներին: Այս պատճառով հրաժարուեցի նաեւ այս մտադրութիւնիցս: «Դարակից իջեցրի» այն նախագիծը, որը լուրջ նիւթական միջոցներ էր պահանջում: Մէկ անգամ եւս որոշակի ուսումնասիրութիւններ կատարեցի: Երբ նկարեցի «Soul Kitchen» ժապաւէնը, այն աւելի լայն արձագանգ գտաւ եւ լայն ընդունելութեան արժանացաւ: Սկսեցի մտածել, որ «Հատում»-ի պէս մեծ նիւթական պահանջող ժապաւէն նկարահանելն այնքան էլ անհնար չէ: Հասկացայ, որ նման առիթ կարող է այլեւս չլինել: Քանի որ այդպիսի ժապաւէն էի ուզում նկարահանել, որոշեցի այն չթողնել վաղուան կամ հետագային, այլ հիմա նկարահանել: Որովհետեւ ժապաւէնի արտադրութիւնը կարող է փոխուել, ես կարող եմ փոխուել, գործունէութիւնս կարող է փոփոխուել` այդպիսով նախագիծը կարող էր այդպէս էլ մնալ: Որոշեցի առիթը բաց չթողնել:

Հ.- Ժապաւէնի միջոցով ինչի՞ն էք փորձել առաւել մեծ ուշադրութիւն գրաւել, երբ այս հարցը առանց այն էլ լայն շրջանակներ է արծարծում: Այդ թեման շատ տարբեր տեսանկիւններից ներկայացուող հազարաւոր պատմութիւններ պարունակով ժամանակաշրջան է: Հերոսներին, դէպքերը ընտրելիս ինչպէ՞ս էք որոշակիացրել, թէ դէպի ո՛ւր ուղղորդէք հանդիսատեսին:

Պ.- Երբ ուսումնասիրում էի այս իրադարձութիւնները ամենավաղ շրջանում, հասկացայ, որ ձեռքիս տակ ահռելի նիւթ ունեմ: Հասկացայ, որ կարդացածս պատմութիւնները, այդ ժամանակաշրջանում ի յայտ եկած նորութիւնները, իսկապէս շատ լուրջ շարժանկարի վերածուելու արժանի նիւթեր են: Դրանից յետոյ անհրաժեշտ էր այդ ամէնը տեղաւորել որոշակի սեռի մէջ: Եթէ ինչ-որ մէկը ցանկանայ այս թեմային վերաբերող վաւերագրական ժապաւէն նկարահանել, կարող է 10-12 ժամանոց ժապաւէն ստացուել: Ցեղասպանութեան մասին պատմելիս անհրաժեշտ է սկսել 11-րդ դարում թուրքերի` Փոքր Ասիա գալով, երբ հայերն ու թուրքերն իրար հանդիպեցին: Ցեղասպանութիւնը ինչպէ՞ս է եղել: Ինչպէ՞ս են ի յայտ եկել այդ պատմութիւնները: Տանուլ էլ տրուել Պալքանեան պատերազմը… Ես որոշեցի պատմել այդ ամէնը հանդիսատեսին, խնդիրը ներկայացնել Քաֆքայի ոճով, որոշեցի այդ ամէնը ներկայացնել մի անհատի տեսանկիւնից: Օրինակ` ինչպէ՞ս կը վերաբերուի եւ կ՛ընդունի այս իրադարձութիւնները մարտինցի սովորական մի երկաթագործ: Ամէնը դիտել այդ մէկ անհատի տեսանկիւնից` ահա այս է եղել իմ առաջին որոշումը:

Երկրորդը, որոշեցի որպէս սեռ, որպէս լեզու ընտրել արեւմտեան տեսակը: Այս որոշումը բնազդով ընդունեցի: Կան դրական կերպարներ, բացասական կերպարներ, կան ձիեր, զէնքեր: Ամերիկա կայ, հնդիկներ կան:

Կարդացածս պատմութիւններում էլ կան շատ օրինակներ, որոնք վկայում են, որ ցեղասպանութիւնից յետոյ բազմաթիւ դէպքեր են արձանագրուել, երբ մարդիկ փնտռել են մէկմէկու: Այս փնտռելու պատմութիւնները քաուպոյական դասական ժապաւէնների թեմա է: Այս ամէնից զատ հէնց դասական քաուպոյական ժապաւէնների միջոցով է բացայայտուել Ամերիկան: Իմ նկարահանած արկածային ժապաւէններում էլ միշտ մի տեղից միւս տեղը` օրինակ, Գերմանիայից Թուրքիա գնացող կերպարներ կան: Իրականում սա իմ բոլոր ժապաւէններում շարունակաբար տարուող գիծ է: Ամերիկա գնալը այստեղի ներգաղթեալի մտքին էլ է: Այս ամէնը ուսումնասիրելով` հասկացայ, որ ցեղասպանութիւնը միայն սպաննելով կոտորելով չի վերջանում: Հայոց ցեղասպանութեան շրջանակներում հայկական սփիւռքը մեծ նշանակութիւն ունի, այսինքն գաղթը շատ կարեւոր, նոյնիսկ հիմնական տեղն է գրաւում: Ժապաւէնը դիտելիս սա հասկանում է նոյնիսկ հայ հանդիսատեսը: Այլ հանդիսատեսը երբեմն վատ է զգում այդ ամէնը տեսնելով: Ժապաւէնը բաղկացած է երկու մասից: Առաջին մասը պատմում է ցեղասպանութեան մասին: Կոտորածները, սպանութիւնները, մահուան ճամբարները, մահացու գաղթը: Մի որոշակի կէտում այս ամէնը վերջանում է: Սկսւում են ճամբորդութիւնն ու որոնումները: Կարծես մէկ այլ  պատմութիւն է սկսւում: Սրանք իրականում այն ամէնն են, ինչ ես կարդացել եմ, ինչ գտել եմ եւ ասում եմ, եթէ ես ցանկանամ պատմել մինչեւ վերջ, այսինքն  ամբողջացնեմ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ապա Առաջին համաշխարհային պատմութեան աւարտի հետ զուգահեռ այդ իրադարձութիւնը չի աւարտուի: Պատերազմը վերջացաւ, թուրքերը գնացին, ժապաւէնն էլ` հէնց այդտեղ, աւարտւում է:

Հ.- Նազարէթի ճամբորդութիւնը ձգւում է արեւելքից ուղիղ արեւմուտք: Ժապաւէնը ունի երկու հատուած: Սրա ամենակարեւոր պատճառը կարծես թէ այն է, որ ե՛ւ տեսողական, ե՛ւ բովանդակային առումներով ժապաւէնի ցուցադրութիւնը ուղղուած լինի երկու տարբեր արժեհամակարգերի: Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շարժապատկերի արտադրութեան արդիւնքները ազդեցութիւն ունեցե՞լ են ձեզ վրայ, թէ՞ փորձել էք «փախչել» որոշակի գրքերից, որոնք կարդացել էք:

Պ.- Իրականում հակուած չեմ տարբեր համարել այդ արժեհամակարգերը: Գիտէք, որ այս ընթացքում վաւերագրական ժապաւէն էլ եմ նկարահանում: Վաւերագրական ժապաւէններում հաճոյք ես ստանում, որովհետեւ չես կարող ուղղորդել իրադարձութիւնները, նկարահանում ես այն ինչ յայտնի է: Քանի որ «Հատում»-ի պիւտճէն բարձր է, ժապաւէնի ամբողջ պատասխանատուութիւնը մինչեւ այժմ էլ ինձ վրայ է: Ես ազատութիւն չեմ ունեցել ուզածիս պէս օգտագործել տեսախցիկը, տեղաշարժել այնպէս, ինչպէս ես եմ ուզում: Անհրաժեշտ է բոլոր տեսարանները նկարահանել շատ երկար, ամիսներ շարունակ: Նկարահանման բոլոր վայրերը յատուկ ընտրել եմ, նկարելուց առաջ յատուկ այցելել եմ այդ բոլոր վայրերը: Ժապաւէնը սկսւում է քաղաքում: Քաղաքից յետոյ քարքարուտներ, քարքարուտներից յետոյ անապատ, անապատից յետոյ մէկ այլ քաղաք, քաղաքից յետոյ ծով, ծովից յետոյ կղզի, կղզուց յետոյ անտառ, անտառից յետոյ եւս մէկ քաղաք, այլ քաղաք, Ամերիկա… Մտածել ենք կարեւոր, ազդու նկարահանման հրապարակներ ստեղծել: Նկարահանման հրապարակներ եւ կերպարներ: Իրականում սա միայնութեան մասին պատմող ժապաւէն է: Միակ պատճառը սա էր, ուզում էինք աւելի մեծ ցոյց տալ նկարահանման հրապարակը, այդ մեծ հրապարակում ցոյց տալ մարդու միայնութիւնը:

Հ.- Երբ ելակէտ էք համարում իրականում տեղի ունեցած փաստը, պարտաւորութիւն է առաջանում նաեւ ներկայացնել այդ ժամանակաշրջանի պատմական դիմանկարը: Ժապաւէնում թուրք-օսմանեան զինուորներ կան, հայեր կան, հրեաներ կան, արաբները շատ աւելի պարզ են ներկայացւում, քրտերը աւելի անորոշ: Ժապաւէնում ներկայացուած կոտորածները մատնանշելով` ինչի՞ն էք ուշադրութիւն դարձրել: Ինչպէ՞ս էք կարգաւորել այդ բարդ իրավիճակը:

Պ.- Իրականում այդ ամէնը կարգաւորելու ճանապարհը այդ ամէնի մասին չմտածելն է: Ի հարկէ մարդը արդէն Արաբիայում է: Իր դիմաց դուրս եկած մարդիկ էլ, ի հարկէ, արաբներ են լինելու: Նրանց մէջ էլ «լաւեր» եւ «վատեր» կան, եւ իրեն էլ մի լաւ արաբ է հանդիպում: Եթէ այդ արաբն էլ չհանդիպէր, բեմագրութիւնը այդտեղ կը վերջանար: Մարդը այնտեղ` անապատում,  կը մահանար: Դրա համար էլ օգնող ինչ-որ մէկն էի անհրաժեշտ:

Հ.- Մեհմետի կերպարն էլ է հետաքրքիր կերպար…

Պ.- Իրականում ժապաւէնի ամենահետաքրքիր կերպարը Մեհմետն է: Եթէ որեւէ խորհրդանշական նշանակութիւն ունեցող կերպար կայ, ապա Մեհմետն է: Միւսները այդպիսի խորհրդանշական նշանակութիւն չունեն: Հանդիսատեսը կարող է ասել. «լաւ արաբ, վատ թուրք», բայց Մեհմետը տարբերւում է: Մեհմետը, ըստ էութեան, կոկորդ է կտրում, բայց միեւնոյն ժամանակ օգնում է Նազարէթին, փրկում նրան: Այսինքն սպաննող մարդը միեւնոյն ժամանակ մարդ է փրկում: Ըստ էութեան, նա ամենահետաքրքիր կերպարն է: Թուրքերին ինչպէ՞ս եմ ներկայացնելու, ո՞ր թուրքերին եմ ներկայացնելու` այդ մասին շատ եմ մտածել: Վերջիվերջոյ, ես էլ եմ թուրք: Մտածեցի ստեղծել թուրք «Շինտլըր»-ի կերպարը, բայց այդ էլ ինձ սխալ թուաց: Եթէ լինի երկու, երեք, չորս, հինգ կամ աւելի շատ թուրք, թող մի քանիսը բացասական կերպար լինեն, մի քանիսն էլ կարող են դրական լինել: Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքում եղել են թուրքեր, ովքեր փրկել են հայերին: Սրա մասին հայերն էլ գիտեն: Այս մասին ինձ Երեւանում պատմել է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը: Խօսելով Ցեղասպանութեան մասին` Դեմոյեանը ասաց. «Մեզ փրկողները թուրքերն են: Եթէ նրանք չլինէին, մեր ազգը կը վերանար»: Ես էլ մտածեցի, որ Դեմոյեանի ասած օրինակները հանդիպել եմ նաեւ գրականութեան մէջ: Եթէ լինէր թէկուզ մէկ հոգի, անհրաժեշտ էր որոշակի բարութիւն անող մի կերպար: Սակայն այս բեմագրութեան ծանրակշիռ հատուածը թուրքերը չեն: Քրտեր, արաբներ, հայեր կան բայց մեծ թուով թուրքեր չկան: Որպէս մեծաթիւ թուրքեր ներկայացուած են թուրք ոստիկանները, որոնք գործում են ըստ իրենց տրուած հրամանի:

Հ.- Ամենասկզբում Նազարէթի խանութ եկող, այնուհետեւ գաղթի ճանապարհին հանդիպող ֆէսով կերպարը ո՞վ է: Կարծես շատերը չեն հասկացել:

Պ.- Նա հայ է: Խաչ ունի: Նա ֆէս էր հագել իրեն փրկելու համար: Հարուստ հայերը կարողանում էին այդպէս փրկուել: Փողով:

Հ.- Իսկ քրտե՞րը: Մասնաւորապէս հաշուի առնելով այս տարածաշրջանը, որտե՞ղ է տեղ գտնում քրտական հարցը եւ ինչպէս է այն որոշակիօրէն անորոշ մնում: Ժապաւէնում Մեհմետի հետ միասին բանտից ազատուած եւ հայերին կոտորած մի որոշակի հատուած  ներկայացւում է որպէս քիւրտ:

Պ.- Այդպիսիք էլ կան: Աւազակներ էլ կան, որոնք ձիերով գալիս են եւ խօսում են քրտերէն:

Հ.- Ձեր տեսանկիւնից Նազարէթի եւ Մեհմետի հրաժեշտի պահը ի՞նչ է ասում ապագայի մասին: Արդեօք ներողութիւն խնդրելու, ներել-ներուելու պա՞հ է:

Պ.- Ըստ էութեան, Մեհմետը ես եմ: Իր կօշիկները զիջող, իրեն ներել խնդրող կերպարը, ըստ էութեան, ես եմ: Իրականում այս իրադարձութիւնը քաղաքական հարթութեան վրայ չէ: Կարծում եմ` հակամարտութիւնների եւ պատերազմների ժամանակ խնդիրները պէտք է առանձին առանձին լուծուեն: Մէկը միւսից պէտք է ներողութիւն խնդրի, բայց որ քաղաքական հարթութեան մէջ: Անկեղծ ասած, դրան չեմ էլ հաւատում:

Հ.- Բայց հայ հասարակութիւնը վերջիվերջոյ այդպիսի սպասելիքներ ունի…

Պ.- Այս ժապաւէնը չի նկարահանուել այդ նպատակով: Այս մասին նախկինում էլ եմ ասել: Մէկ ժապաւնը չի կարող ներողութիւն խնդրել: Այս թեման շատ մեծ թեմա է: Անկեղծ ասած` չեմ էլ ուզում քաղաքական գործիչներին խելք սովորեցնել:

Հ.- Ինչպէ՞ս էք վերաբերւում ամէն տեսակ խոչընդոտներին: Տեղեակ էք, որ Թուրքիայում վերջին տարիներին ե՛ւ հեռուստատեսութիւնում, ե՛ւ շարժապատկերի փառատօների ժամանակ որոշակի խոչընդոտներ են ստեղծւում ժապաւէնների համար:

Պ.- Մինչեւ այժմ չենք հանդիպել խոչընդոտների: Անկեղծ ասած` պետութիւնն էլ որեւէ խոչընդոտ չի ստեղծել:

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»
«Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ թրքական «Զաման» օրաթերթի յօդուածագիր Սեւըմ Շենթուրք «Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը» վերնագիրով իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ տարածքին այժմ գոյութիւն ունեցող միակ հայկական գիւղի` Վաքըֆլըի (Մուսա Լեռ) պատմութեան, կենցաղին ու բնակչութեան: «Ակունք» որոշ կրճատումներով կը ներկայացնէ յօդուածը:

«Այնտեղ` հեռուն, գիւղ մը կայ: Այդ գիւղը Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղն է: Հաթայի (Ալեքսանտրեթ, Ա.) նահանգի (Մուսա Լեռ, Ա.) գաւառի կազմին մէջ է: Առանց քիմիական նիւթերու գիւղատնտեսութիւն ունի. օրկանիք մթերք կ’արտադրէ: Պատմութեան ակունքներէն եկող եւ տակաւին էութիւնը չփոխած միակ հայկական գիւղն է Թուրքիոյ մէջ: Դարաւոր ծառերու տակ, Մուսա Լերան ստորոտի այդ փոքրիկը, մաքրամաքուր գիւղին անունն է Վաքըֆլը: Գիւղին պատմութիւնը շատ հին է: Դուք ըսէք` 2-3 հազար տարի, որոշ աղբիւրներ ալ` 1800-1900: Գիւղին շինութիւնները կ՛արտացոլացնեն բնակիչներուն մշակոյթն ու հաւատքը: Այդպիսի շինութիւն մըն է 19-րդ դարէն մնացած եւ 1997-ին վերակառուցուած գիւղի եկեղեցին: Գիւղին վերջաւորութեան գտնուող գերեզմանոցն ալ կու գայ ապացուցելու, որ այստեղ դարերէ ի վեր միայն հայեր ապրած են: Վաքըֆլը գիւղ կատարած մեր ճամբորդութեան ընթացքին մեզի ընկերակցող գիւղապետ Պերճ Քարթունը համառօտ տեղեկութիւններ կու տար գիւղին մէջ ապրողներուն եւ ընդհանուր բնակչութեան մասին: Գիւղը 1940-ականներու սկիզբը բնակչութեան թիւով շրջանին մէջ մեծագոյնը եղած է: 60-ականներէն սկսեալ գաղթի պատճառով բնակչութեան թիւը նուազեցաւ: 1964-ին արդէն 300 բնակիչ մնացած գիւղը այսօր 100 հոգիէն ալ պակաս բնակիչ ունի:

Նախապէս Մարիամ Աստուածածնի տօնի օրերուն տարբեր տեղեր տեղափոխուած Վաքըֆլըի բնակիչները դարձեալ կը հաւաքուէին գիւղին մէջ: Այդ օրերուն գիւղին մէջ գտնուողներու թիւը կը հասնէր 1000-ի: Այսօր ալ շատ վաքըֆցիներ իրենց արձակուրդներն ու ազատ օրերը գիւղին մէջ կ՛անցընեն: Ճիշդ եկեղեցւոյ դիմաց կը գտնուի Օհաննէս Սիլահլըի տունը, ով կ՛աշխատի Ալեքսանտրեթի մէջ, սակայն շաբթուան հանգստեան օրերը կ՛անցընէ գիւղին մէջ:

Մինչեւ 1938 թուականը Մուսա Լերան ստորոտներուն Վաքըֆլըին ընկերակցող եւս 6 հայկական գիւղեր կային: Սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաջորդած իրադարձութիւններու պատճառով եւ 1938-ին Ֆրանսայի կողմէ շրջանը Թուրքիոյ վերադարձնելու հետ մեկտեղ սկսաւ գաղթը տեղւոյն հայերուն, որոնց մեծ մասը ապաստանեցաւ հարեւան Սուրիոյ մէջ: Այս գիւղէն ալ գացողներ եղան, սակայն մեծամասնութիւնը որոշեց մնալ: Գիւղէն հրաժարիլ չցանկացած հայերը տասնամեակներով մնացին իրենց հողերուն վրայ:

Այսօր Վաքըֆլըն օրկանական պտուղներ աճեցնող միակ գիւղն է Թուրքիոյ մէջ: Գիւղին մէջ գրեթէ չկայ մէկը, ով չունենայ իր այգին: Ամէնուր նարինջի ու մանտարինի ծառեր կան: 650 տոնում տարածքի վրայ օրկանական գիւղատնտեսութիւն կը կազմակերպուի: 2004-ին, նոյնիսկ 1 միլիոն եւրոյի չափ արտածման օգուտ բերած են երկիրին: Սակայն գործերը այլեւս առաջուան պէս չեն ընթանար, որովհետեւ գնորդներ չեն գտնուիր: Գտնուածներն ալ չափազանց աժան կը գնեն: Այդ պատճառով վերջին տարիներուն դադրած են վկայական գնել (օրկանական արտադրանքի համար):

Միջերկրականեան Երկիրներու Գործարարներու Համադաշնակցութեան Նախագահ Ժաք Սարրաֆ Կը Հաստատէ Լիբանանի Հանդէպ Իր Հաւատքը Եւ Պատկանելիութիւնը
Հարցազրոյցը վարեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ պատուոյ հիւպատոս, Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներու անդամ եւ Գործարարներու լիբանանեան-ռուսական խորհուրդի նախագահ Ժաք Սարրաֆի` Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ ընտրութեան առիթով «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ` լուսարձակի տակ առնելով մեծ գործարարին աշխատանքները, ճարտարարուեստի լիբանանահայ սեփականատէրերուն հետ անոր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան ապագայ ծրագիրները:

Լաւատեսութեամբ համակուած ղեկավար` Ժաք Սարրաֆ, որ վերջերս համախոհութեամբ ընտրուած է Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահ,  նշեց, որ ինք երկրորդ անգամն է, որ նոյն պաշտօնին համար կ՛ընտրուի, աեւլցնելով, որ առաջին անգամ ընտրուած էր 2007-2009 նստաշրջանին համար:

Միջերկրականեան երկիրներու գործարարներու համադաշնակցութեան մաս կը կազմեն 14 երկիրներ` Եգիպտոս, պաղեստինեան իշխանութիւնը, Յորդանան, Լիբանան, Սուրիա, Կիպրոս, Թուրքիա, Մալթա, Ալճերիա, Թունուզ, Մարոք, Լիպիա եւ Մաւրիտանիա: Ան նշեց, որ համադաշնակցութիւնը ունի նաեւ գործընկերներ, ինչպէս` Յունաստանը, Փորթուգալը, Ֆրանսան, Սպանիան եւ Իտալիան:

Սարրաֆ նշեց, որ այս երկիրներուն միջեւ կայ գործակցութիւն, որ կը նպաստէ բոլոր երկիրներուն բարգաւաճման: Ան ըսաւ, որ գործակցութիւնը կը կատարուի եւրոպական գործընկերութեան համաձայնագիրին լոյսին տակ, աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը Լիբանանի կողմէ ստորագրուած է 2003-ին:

Համադաշնակցութեան ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ժաք Սարրաֆ շեշտեց, որ առաջինը պիտի իրականանայ յառաջիկայ 15 յունուարին, երբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Պրիւքսել` հանդիպումներ ունենալու համար Եւրոպական Միութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ եւրոպացի գործարարներու համադաշնակցութեան նախագահին հետ:

«Այդ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Միջերկրականեան եւ Եւրոպական երկիրներուն գործարարներու համադաշնակցութիւններուն միջեւ միացեալ ծրագիրներու հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի սերտուին եւրոպական գործընկերութեան ներկայացնելիք ծառայութիւնները», ըսաւ ան:

Սարրաֆ յայտնեց նաեւ, որ համադաշնակցութեան երկրորդ ծրագիրն է մարտին ուղղուիլ Իտալիա, ուր հանդիպում մը տեղի պիտի կայանայ Իտալիոյ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու համադաշնակցութեան հետ` գործընկերութիւններ ստեղծելու նպատակով:

Այդ գործընկերութեան լոյսին տակ լիբանանցի, եգիպտացի եւ այլ երկիրներու գործարարներ կրնան ուղղուիլ Իտալիա եւ աշխատանքներ կատարել:

Ան հաստատեց, որ աւելի ուշ այցելութիւն մը պիտի տրուի նաեւ Գերմանիա, ուր տեղի պիտի ունենան հանդիպումներ` փոխադարձ գործակցութեան եւ փորձառութիւններուն փոխանակման:

Այս այցելութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ եւրոպական եւ միջերկրականեան շուկաներուն միջեւ փոխներգործութիւն ստեղծել:

Ժ. Սարրաֆ աւելցուց, որ այս իմաստով կատարեալ գործակցութիւն կայ իր եւ Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու համադաշնակցութեան նախագահ Մոհամետ Շքէյրի միջեւ, յայտնելով, որ իր եւ Շքէյրի միջեւ աշխատանքներու համակարգում կայ:

Այս շրջագիծին մէջ ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ սննդեղէնի փոխանակման հաւանական ծրագիր մը իրագործուի:

Ժաք Սարրաֆ աւելցուց նաեւ, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին հետ եւ քննարկած` Պէյրութ-Երեւան առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները:

Պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումներու մասին Լիբանանի տնտեսական խորհուրդներուն կեցուածքին անդրադառնալով` Սարրաֆ յայտնեց, որ այդ յաւելումները շատ բարձր են եւ հետեւաբար զանոնք նուազեցուցած են, եւ աելցուց, որ իրենք կառչած մնացած են իրենց տեսակէտին, որուն հիման վրայ ընդգծած են, թէ այդ յաւելումները պէտք է կատարուին երեք տարուան ընթացքին` 2012-2015, ինչ որ արդէն իսկ իրականացած է, նկատի ունենալով, որ անոնք տակաւին չեն վաւերացուած:

Ան նշեց, որ վերոնշեալ իրականութիւնը նկատի ունենալով` իրենք կը կարծեն, որ աշխատավարձերը վաւերացնելու իմաստով իրենց երկու դիտողութիւնները ամբողջացած են, հետեւաբար իրենք արդէն իսկ յաջողած են` արձանագրուած յետաձգումին պատճառով:

Ճարտարարուեստի մարզին մէջ իր ունեցած փորձառութեան ակնարկելով` Ժաք Սարրաֆ դիտել տուաւ, որ 1993-ին Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութիւնը յայտարարած է «Լիբանանեան արտադրութեան» կարգախօսը, որ այսօր ինքզինք կը պարտադրէ եւ լիբանանցիներուն համար հպարտութեան վերածուած է:

Ան շեշտեց սակայն, որ հարցական կը մնայ այն, որ արդեօք լիբանանեան պետութիւնը կը հաւատա՞յ երկրին ճարտարարուեստի մարզին, գործարարներուն եւ սեփական մարզին նուաճումներուն` տնտեսական եւ ընկերային առումով:

«Տակաւին լիբանանցի պետական պաշտօնատարը գործարարներուն դերակատարութիւնը կարեւր նկատելու մշակոյթը չունի, իսկ պետութիւնն ու սեփական մարզը բաւական հեռու են իրարմէ», յայտնեց Սարրաֆ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան զարկ տալու համար լիբանանցին պէտք է ճահճացումէ դուրս գայ եւ համայնքային դրութեան մտայնութեամբ չգործէ:

«Մեզ կը սպառէ այն իրականութիւնը, որ սիւննի համայնքին պատկանող մէկը սիւննի պաշտօնեաներ եւ աշխատաւորներ պիտի ունենայ, շիին` շիի, ուղղափառը` ուղղափառ, կաթողիկէն` կաթողիկէ եւ այլն: Այս պատճառով ալ Լիբանան տնտեսապէս մեծ զարգացումներ չ՛ապրիր: Պէտք է այլեւս լիբանանցին գործէ իբրեւ լիբանանցի եւ լուծէ երկրին հարցերը», ըսաւ Սարրաֆ:

Լիբանանի տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու ծրագիրներուն մասին խօսելով` Ժաք Սարրաֆ յայտնեց, որ հարկ է Լիբանանը դիտել իր շրջանային պարունակին մէջ եւ տեսնել, որ անոր դրացի երկիրները ի՛նչ վիճակի մէջ են. տակաւին, անոր վրայ կ՛աւելնան լիբանանեան ներքին հարցերը, սպանութիւններն ու ապակայունութիւնը, ինչպէս նաեւ` արաբական երկիրներու կողմէ տնտեսական պոյքոթը, որ Լիբանանի դէմ դրուած է 2011-էն ի վեր:

Ան յայտնեց, որ Լիբանան կղզի մը չէ, եւ թէ` ան կ՛ազդուի իր շուրջը տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններէն:

«Լիբանանեան տնտեսութեան սպառնացող այս կուտակուած հարցերուն ճնշումին տակ կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւրը առանձին կ՛ապրի եւ կը փորձէ գոյատեւել: Այս հարցէն դուրս գալու համար Լիբանան կարիքը ունի հանդարտութեան, իսկ եթէ 2015-ին ընթացքին եւս հանդարտութիւն պիտի չտիրէ, ապա ան պէտք է ուղղուի դէպի այն երկիրները, ուր հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտ կը տիրէ: Այսօրուան դրութեամբ ափրիկեան երկիրները այն երկիրներէն են, որոնք քաղաքական տագնապներ եւ ելեւմտական հարցեր չունին, բացի այն իրականութենէն, որ անոնցմէ կարգ մը երկիրներ իպոլա ժահրով վարակուած են: Իսկ ափրիկեան երկիրներուն մէջ կայ լիբանանցիներու մեծ թիւ մը, որոնք վերածուած են այդ երկիրներու գաղութներուն եւ կարելի է գործակցիլ անոնց հետ` ներդրումային, արտադրութիւններ արտածելու եւ երկու երկիրներու գործարարներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններ մշակելու առումով», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանանի տնտեսական մարզը բարգաւաճեցնելու մասին խօսիլը շատ կանուխ է, որովհետեւ հիմնական նպատակը տնտեսութիւնը կայուն պահելն է:

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժաք Սարրաֆ շեշտեց, որ 1999-ին ինք եղած է առաջին գործարարը, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան անդամներուն մէկ պատուիրակութեամբ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Հայաստան եւ մասնակցած` հոն տեղի ունեցած ճարտարարուեստի յատուկ ցուցահանդէսի մը, որ տեղի ունեցաւ վարչապետարանին մէջ: Ան նշեց, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան եւ Հայաստանի գործարարներուն միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրած են:

«Համոզուած եմ, որ Լիբանանի ունեցած միջազգային յարաբերութիւնները ներքին իմաստով անոր նեցուկները կը նկատուին: Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արձանագրուեցան լուրջ համաձայնագիրներ, որոնց լոյսին տակ հաստատուեցաւ, որ երկու երկիրներուն արտադրութիւնները կարելի է փոխադարձաբար արտածել եւ առեւտուր կատարել: Բայց եւ այնպէս, պէտք է ըսել, որ օրին Հայաստանի մէջ դրամատուներ չկային, ներդրումի դաշտեր չկային, սակայն կան լիբանանցի գործարարներ, որոնք ներկայիս իրենց ճարտարարուեստի մարզը ունին Հայաստանի մէջ եւ ստացած են հայկական քաղաքացիութիւն: Հետեւաբար կարելի է ըսել, որ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ այդ յարաբերութիւնները կան, սակայն անոնք պէտք եղած աշխուժութեամբ չեն գործեր», ըսաւ Սարրաֆ:

Ճարտարարուեստի հայ սեփականատիրոջ մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժաք Սարրաֆ ընդգծեց, որ ան կու գայ ճարտարարուեստի յատուկ մարզի պատկանող ընտանիքներէ, որոնք այս կամ այն արհեստին մէջ հմտացած վարպետներ են:

«Հայը միշտ արդիւնաբեր է. ան կը մտածէ արդիւնաբերութեան եւ իր արհեստին մէջ գագաթներ նուաճելու մասին: Այս յատկանիշները այլ ընկերութիւններու մօտ չենք գտներ: Հայութեան ուժը կը կայանայ անոր մէջ, որ իրենք կը ստեղծեն գեղեցիկը եւ իրենց հոգիին խորերէն է, որ կ՛աշխատին», նշեց Սարրաֆ:

Լիբանանի մէջ ճարտարարուեստի յատուկ շրջանները ստեղծուած են հայերուն կողմէ: «Մքալլեսի մէջ կը գործէ լիբանանահայ գործարար Կարպիս Մարգարեանը, որ մեծ վաստակ ունի Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզի ծաղկումին մէջ եւ անիկա մեծապէս նպաստած է Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան աշխատանքներուն: Նազարեթ Սապունճեանը իր կարգին շուրջ 22 տարիէ ի վեր Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան անդամ է եւ կը ծառայէ Լիբանանի ճարտարարուեստին ծաղկումին», ըսաւ ան:

Ժ. Սարրաֆ յայտնեց, որ հայութեան յատկանիշներէն մէկն է նաեւ այն, որ ան կը սիրէ իր հայ եղբայրը եւ նեցուկ կը կանգնի անոր: «Թէեւ հայկական կուսակցութիւնները ունին որոշ տարակարծութիւններ, սակայն ճարտարարուեստի մարզին մէջ անոնք եղբայրաբար կը գործեն. այս յատկանիշը ոչ մէկ ընկերութեան մէջ կարելի է տեսնել», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահի իր պաշտօնին` Ժաք Սարրաֆ հաստատեց, որ լիբանանահայ գործարարներուն զօրակցութեամբ է, որ կրցած է յաջողիլ: «1992-ին գործակցած է Նազօ Սապունճեանին հետ` Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախագահ դառնալու առումով եւ աւելցուց, որ Նազօ Նաճարեան վարած է իր ընտրարշաւը», աւելցուց ան:

«Ֆարմալայն» ընկերութեան նախագահ Ժ. Սարրաֆ յայտնեց նաեւ, որ այդ ընկերութեան մէջ իր առաջին գործընկերը եղած է իր բարեկամը` Պուրճ Համուտի նախկին քաղաքապետ Ցոլակ Թիւթէլեանը:

«Կը հաւատամ, որ հայութիւնը կը պատկանի Լիբանանին եւ նուիրումով կը գործէ Լիբանանի մէջ: Լիբանանի մէջ երբ հայուն մասին պիտի խօսինք, մենք անոր կը վերաբերինք իբրեւ հայ` առանց նշելու, թէ ան առաքելակա՞ն է, կաթողիկէ՞, թէ՞ աւետարանական: Հայութիւնը յատկանշող իրականութիւններէն մէկը այն է, որ ան պատկանելիութեան զգացում մը ունի եւ կառչած կը մնայ իր ինքնութեան», ըսաւ Սարրաֆ:

Ան հաստատեց, որ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան օրերէն ինք կը յիշէ եւ տպաւորուած է հայուն հայրենասիրութեամբ եւ ազգային գիտակցութեամբ:

«1988-ին երբ Հայաստանի մէջ երկրաշարժը պատահեցաւ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան հայ անդամներէն մէկը խորհրդակցեցաւ հետս` հայութեան օժանդակելու մասին, նկատի ունենալով Ռուսիոյ հետ իմ կապերս: Օրին լիբանանահայ գործարարներուն դիմեցինք եւ օժանդակութիւններ ապահովեցինք: Ես իմ կարգիս, Ց. Թիւթէլեանին հետ դեղորայք եւ այլ օժանդակութիւններ կրցայ ապահովել եւ այդ բոլորը ուղարկեցինք Հայաստան», ըսաւ ան:

Այս մասին Սարրաֆի յիշողութիւնը զայն մղեց, որ մեզի ցոյց տայ 1988-ին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ իրեն տրուած մետալն ու շնորհակալագիրը: «Այս մետալը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունի», ըսաւ ան:

«Ինչպէս հայը կառչած է իր հայկական ինքնութեան եւ կը հաւատայ իր պատկանելիութեան, ես ալ նոյնպէս կառչած կը մնամ լիբանանեան իմ ինքնութեանս եւ պատկանելիութեանս, կը հաւատամ Լիբանանին եւ հոն ապրելու գեղեցկութեան», եզրափակեց Սարրաֆ:

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Քաղաքացիական Պատերազմի Առաջին Հանգրուանին Աւարտը Եւ Բնականոն Կեանքի Աստիճանական Ամրապնդում
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ Նապաայի եւ Թէլ Զաաթարի անկումէն եւ սուրիական ուժերու մուտքէն ետք սկսած էր մեղմանալ, 1976-ի հոկտեմբերին կրկին սաստկացաւ եւ անմարդկային ռմբակոծումները աւերներ գործեցին: Պէյրութ եւ արուարձանները օրեր շարունակ կրակի ու երկաթի տակ անցուցին: Իսկ հոկտեմբեր 18-ը եղաւ սեւ երկուշաբթի մը: Արեւելեան Պէյրութի մէջ փաղանգաւորներ կրակմարի դրութիւն հաստատեցին: Բարձրախօսներով օժտուած ինքնաշարժներ սկսան շրջիլ քրիստոնէաբնակ թաղերը եւ բնակիչներէն պահանջեցին արեւամուտէն ետք իրենց տուները մնալ, քանի որ կրակմար հաստատուած էր ամէն կողմ:

Շարունակուող ռմբակոծումներու պայմաններուն տակ բազմաթիւ վարժարաններ փակեցին իրենց դուռերը, վաճառատուներ փակ մնացին, Համրայի մայթերուն վրայ հաստատուած «պասթա»-ները վերցուեցան եւ երթեւեկը մասամբ անշարժացաւ:

Կռուող բոլոր կողմերը անխտիր, մոռցած` իրենց ստեղծած ռազմաճակատները, դիրքերը, պատնէշները եւ թաքստոցները, անխնայ կը ռմբակոծէին միայն ու միայն մարդաբնակ թաղերը, բայց երբե՛ք հակառակորդ կողմին դիրքերը:

Օրեր շարունակ, ամէն կողմ 120-նոց եւ 155-նոց հրթիռներ կը տեղային: Նոյնիսկ վիրաւորներ փոխադրող ինքնաշարժներու վարորդաերը ճամբայ ելլելէ առաջ, հեռաձայնով կապ կը պահէին այս կամ այն հիւանդանոցին մերձակայքը բնակող իրենց բարեկամներուն հետ` գիտնալու համար, թէ ճամբան ի՞նչ չափով ապահով էր:

Հիւանդանոցներուն մէջ կացութիւնը ողբերգական էր: Քանի մը վայրկեանը անգամ մը ինքնաշարժ մը կանգ կ՛առնէր: Մէկ կամ շատ աւելի վիրաւորներ, արիւնլուայ վիճակի մէջ, վար կ՛առնուէին: Մայրեր կը պոռային, կիներ եւ այրեր անկարողութենէ ջղագրգռուած կու լային, մինչ պատգարակներու վրայ մանուկներ գործողութեան սենեակներ կը տարուէին:

Սուրիական զօրքերու մուտքը Լիբանան

Հարաւային Լիբանանի մէջ, քրիստոնեաներ եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերը կը շարունակէին մաքրել իրենց հաշիւները: Մինչ սուրիական բանակը, որ թափանցած էր Ժեզզինի լեռնային շրջանները եւ որուն յառաջապահ դիրքերը Սայտայի նաւահանգիստէն միայն քանի մը քիլոմեթր հեռու կը գտնուէին, կասեցուցած էր իր յառաջխաղացքը:

Փաղանգաւորներուն եւ պաղեստինեան ու յառաջդիմական ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ կը մղուէին մասնաւորաբար Մերժայունի եւ Այշիէի մէջ: Պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր հոկտեմբեր 20-ին գրաւեցին Այշիէն եւ գիւղին մարոնի բնակչութեան մէկ մասը սուրի քաշեցին: Գիւղացիներէն ոմանք յաջողեցան փախուստ տալ դէպի լեռները:

Ժեզզինէն մինչեւ Սայտայի դուռերը երկարող գօտին մեծ մասամբ քրիստոնէաբնակ էր, եւ փաղանգաւորները դիրքեր հաստատած էին Ժեզզին-Սայտա առանցքին մօտերը: Ժեզզին, մօտաւորապէս 30 հազար քրիստոնեայ բնակչութեամբ աւանը հարաւի մէջ փաղանգաւորներու զինուորական կեդրոնն էր եւ պարենաւորուած էր զէնքով եւ սննդեղէնով:

Ժեզզինէն հինգ քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Ռում գիւղին քրիստոնեայ բնակչութիւնը դանդաղօրէն հեռացած էր գիւղէն եւ ապաստան գտած Ժեզզինի մէջ:

Փաղանգաւորներ, քայլ առ քայլ յառաջանալով գրաւեցին Մերժայունը եւ հասան Արքուպի դուռերուն:

Հինգշաբթի, 21 հոկտեմբեր 1976-ին զինադուլ հաստատուեցաւ, որմէ ետք կռիւները դադրեցան: Ընդհանուր լաւատեսութեան տրամադրութեան տակ, «Ազդակ», 25 հոկտեմբերին, «Հրդեհներէն եւ փլատակներու տակէն…» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«… Ինչ մեկնաբանութիւն ալ տրուի լիբանանեան տագնապին, որքան ալ յոռետես երանգներ խառնուին ոմանց մեկնաբանութիւններուն մէջ, գերակշիռը կը մնայ այն լաւատեսութիւնը, որ հրդեհներուն մէջէն ու փլատակներու տակէն պիտի վերականգնի Լիբանանը:

… Առհասարակ բնազդով մը խաղաղասէր ու աշխարհաշէն ժողովուրդ` մենք, տագնապէն առաջ, տագնապի սերմեր բովանդակող բուռն անցուդարձերուն ատեն, ինչպէս եւ տագնապին ողջ տեւողութեան մեր բոլոր ուժերը լարեցինք, որ եղբայրներու միջեւ ատելութիւն չըլլայ ու հրդեհը չաւերէ այս չքնաղ երկիրը, այլ` տիրէ փոխադարձ հասկացողութիւն եւ եղբայրացած ուժերու մէկտեղումով զարկ տրուի միայն դրական գործերուն, շինարարութեան, ստեղծագործումին, լուսաւորման, մարդկային արժէքներու կերտումին»:

Մինչ Լիբանանի մէջ զինադուլը հետզհետէ կ՛արմատանար, Ռիատի եւ քանի մը օր ետք` Գահիրէի արաբական գերաստիճանները, Լիբանանի հարցը հանգամանօրէն քննելէ ետք, որոշեցին արաբական զսպիչ ուժեր ուղարկել Լիբանան, որոնք պիտի դրուէին նախագահ Իլիաս Սարգիսի տրամադրութեան տակ: Արաբական զսպիչ ուժերը պիտի բաղկանային 30 հազար զինուորներէ, որոնց կէսէն աւելին պիտի ըլլային սուրիացիները: Լիբանանեան բանակի սպայակոյտի անդամ գնդապետ Ահմէտ Հաժ նշանակուեցաւ զսպիչ ուժերու հրամանատար, իսկ գնդապետ Միշէլ Նասիֆի պարտականութիւն տրուեցաւ վերակազմելու լիբանանեան բանակը եւ քայլ առ քայլ համախմբելու բանակային մեծ թէ փոքր խմբաւորումները:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան ուժեր լքեցին Լեռնալիբանանի իրենց դիրքերը եւ քաշուեցան դէպի հարաւային Լիբանան:

Շարունակուող զինադուլը սկսած էր վստահութիւն ներշնչել ժողովուրդին: Ամայացած թաղերը եւ փողոցները սկսան կենդանանալ, կողոպտուած վաճառատուները, սրճարաններն ու ճաշարանները սկսան վերաբանալ իրենց դուռերը, մինչ Պէյրութի ծովափնեայ գօտիին վրայ խանութպաններ լաթածածկ կրպակներ սկսած էին հաստատել: Մայրուղիներու եւ փողոցներու մայթերուն վրայ բացուած «պասթա»-ներուն վրայ կարելի էր գտնել ամէն բան` հեռաձայնի ընկալուչի կազմածներ, վարսայարդարումի գործիքներ, կնոջական կեղծամներ, ատրճանակի պատեաններ, ձայնասփիւռի մեքենաներ, արհեստանոցային գործիքներ, չինական շապիկներ, առատ սկովտիական ուիսքի եւ ֆրանսական անուշահոտերու բոլոր տեսակները: Կառքերէն կը պարպուէին նոր զգեստներու պահեստներ, պնակեղէններ եւ լուսատու գործիքներ:

Բնականոն կեանքի վերադարձի այս պայմաններուն տակ, «Ազդակ», 1 նոյեմբեր 1976-ի թիւով եւ «Ետ նայինք ու հեռուն…» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Մարդկային թէ նիւթական նկատառելի դրամագլուխի մը կորուստին հետ` լիբանանցիներու մէկ մասին մօտ թուլցաւ վերականգնումի հաւատքը եւ խամրեցան կեանքի ու գործի ապահովութեան յոյսերը, որոնք երկուութիւններու եւ երկընտրանքներու դուռ բացին եւ ի վերջոյ ծնունդ տուին երկիրը լքելու վտանգաւոր հոգեբանութեան մը:

… Լիբանանի տագնապին դիմաց կեանքի եւ գործի ապահովութեան մասին թերահաւատ պատկերացումներ կազմող մարդերը կը թուի, թէ նկատի չեն առներ այն աւելի կենսական հարցը, որ պատկանելիութիւն կը կոչուի: Գործի ապահովութիւն` գտնուի թերեւս այլուր, կեանքի ապահովութիւն` կրնայ ըլլալ, հապա՞ հոգիի անապահովութիւնը: Անդրծովեան միջավայրերու մէջ ո՞վ, ո՞ր ուժը պիտի երաշխաւորէ հոգիի ապահովութիւնը: Այդ անկարելիութիւնն է, որ մեկնողներուն հաշուոյն ցաւով կը լեցնէ մեր սիրտը եւ ըսել կու տայ, որ վերականգնումը աւելի դիւրին է հոս, քան կանգուն մնալու հնարաւորութիւնը»:

Իր կարգին ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս հայրական կոչ մը ուղղեց համայն հայ ժողովուրդին, բոլոր եկեղեցական կեդրոններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն, որ չխնայեն իրենց եղբայրական օգնութիւնը Լիբանանի կարօտեալ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի հայ վարժարաններուն: Վեհափառը կը շեշտէր, որ ամէն հնարաւոր միջոց պէտք է ի գործ դրուի, որպէսզի Լիբանանի հայերը չյուսահատին եւ հնարաւոր չափով պահպանեն ու ամրապնդեն իրենց կրօնական ու կրթական համայնքային կազմակերպուած կեանքը:

Պէրութի կեդրոնական գօտիին մէջ

Արաբական զսպիչ ուժերը, որոնք ամբողջովին սուրիացի զինուորներէ կը բաղկանային, որովհետեւ միւս երկիրներու զինուորները տակաւին Լիբանան չէին հասած, սկսան շարժիլ երկու ուղղութեամբ` Դամասկոս-Պէյրութ ճամբուն վրայ եւ Մեթնի գիւղերէն դէպի Պրումմանա:

Փաղանգաւորներու հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ զսպիչ ուժերը արագ ձեւով յառաջացան: Լեռնալիբանանի մէջ անոնք ընդունուեցան ծաղիկներով:

Յառաջխաղացքի իրենց առաջին քայլերէն ետք, զսպիչ ուժերը դիրքեր գրաւեցին բազմաթիւ գիւղերու մէջ:

Իրենց կարգին փաղանգաւորներ միջազգային ճամբաներուն վրայ գտնուող իրենց կարգ մը դիրքերը եւ պատնէշները լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն յանձնեցին:

Նոյեմբեր 7-ին, նախագահական իր անդրանիկ պատգամին մէջ նախագահ Իլիաս Սարգիս լիբանանցիներէն պահանջեց եղբայրաբար գործակցիլ արաբական զսպիչ ուժերուն հետ:

Զսպիչ ուժերուն առաքելութիւնը կ՛ընդգրկէր հիմնական քանի մը նպատակ` վերջ տալ կռիւներուն, զինեալ երեւոյթները վերցնել, ծանր զէնքերը հաւաքել, ճամբաները վերաբանալ, պետական եւ հանրային հիմնարկները ստանձնել եւ պաշտպանել եւ բնականոն մթնոլորտը վերահաստատել:

Սուրիացի զինուորներ Լիբանանի մէջ

Հակառակ Պէյրութի եւ արուարձաններուն մէջ շարունակուող ռմբակոծումներուն, հրթիռներու եւ ծանր ռումբերու գոռոցին, արաբական զսպիչ ուժերը չորեքշաբթի, 10 նոյեմբեր 1976-ին յառաջացան երեք ուղղութիւններով եւ օղակեցին Պէյրութը, ճեղքելով թէ՛ պաղեստինեան եւ յառաջդիմական եւ թէ քրիստոնէական շրջանները:

Քանի մը օր ետք, կիրակի, 14 նոյեմբերին արաբական զսպիչ ուժերը, բաղկացած` սուրիացի ութ հազար զինուորներէ, մտան Պէյրութ եւ դիրքեր գրաւեցին ամէնէն բուռն կռիւներու թատերավայր հանդիսացած տեղերը` առեւտրական շուկան եւ Ֆենիսիա-Սէն Ժորժ պանդոկներ: Անոնք իրենց յառաջխաղացքը շարունակեցին եւ մտան Շուֆ, որ կը հանդիսանար Սայտայի եւ Հարաւի բանալին:

Օրուան անցուդարձերուն շուրջ իր կարծիքը արտայայտելով «Ազդակ» 14 նոյեմբերի «Սիրով եւ հաշտ մտերմութեամբ» իր խմբագրականով կ՛ըսէր. «Հայրենիքներու մէջ ու եղբայրներու միջեւ արիւնոտ դէպքեր կը պատահին յաճախ, բայց արի խառնուածքներուն վայել է արագ վերջ դնել կռիւին եւ ապա ապրիլ` սիրով եւ հաշտ մտերմութեամբ»:

Կարմիր վարդերով եւ ճերմակ մեխակներով զարդարուած զէնքերով, գնդացիրներով, զրահապատներով եւ թնդանօթներով Պէյրութ մտնող սուրիական զօրքերը կարեւոր դիրքեր գրաւեցին եւ յաջողեցան մեծ մասամբ վերցնել պատերազմական երեւոյթները, մաքրեցին պատնէշները, մինչ բոլոր կազմակերպութիւնները եւ կուսակցութիւնները իրենց զինեալները քաշեցին  բոլոր շրջաններէն: Նոյեմբեր 20-ին օդակայանը  վերաբացուեցաւ, իսկ յաջորդ  օր զսպիչ ուժերը մտան Սայտա եւ Թրիփոլի:

Նախագահ Իլիաս Սարգիս

22 նոյեմբերի անկախութեան տօնին առիթով լիբանանցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ նախագահ Իլիաս Սարգիս յայտնեց, որ «պետականութեան վերակառուցումը բոլորիս պարտականութիւնն է ու նոր սերունդէն կռուողները հիմա հրաւիրուած են ուրիշ տեսակի ռազմադաշտեր»:

Իր կարգին «Ազդակ» «Չափաւորութեան ուժականութիւնը» խորագրեալ խմբագրականին մէջ կ՛ըսէր, որ հանրապետութեան նախագահը խոհեմաբար վարած իր յարաբերութիւններով ու զուսպ յայտարարութիւններով ժողովուրդի բոլոր խաւերուն ու բոլոր կողմերու ղեկավարներու մտածումին մէջ տեղ գրաւեց իբրեւ չափաւորութեան ուժականութիւնը ներկայացնող անձնաւորութիւն:

Կարգ ու կանոնի աստիճանական ամրապնդման պայմաններուն տակ, հայկական թաղերուն մէջ եւ շրջակայքը հաստատուած անցարգելները եւ աւազի տոպրակները վերցուեցան եւ պահակութեան դրութիւնը սկսաւ սահմանափակուիլ գլխաւորաբար ակումբներուն շուրջ: Մէկուկէս տարի արիաբար օր ու գիշեր ակումբները  եւ դիրքերուն վրայ լուսցուցած եւ հայկական թաղերու ինքնապաշտպանութեան նուիրուած տղաք շունչ մը քաշեցին եւ իւրաքանչիւրը իր գործին, առօրեայ աշխատանքին լծուեցաւ:

Անկասկած, որ հայ տղաքը գիտցան հերոսաբար դէմ կանգնիլ մահուան վտանգին, բայց արձանագրուած նուաճումը ամրապնդելու մարտահրաւէրը տակաւին անպատասխան կը մնար, եւ «Ազդակ» օրին այն կարծիքը կը յայտնէր, որ Լիբանանի հայութիւնը բեմը բաց ձգած է իր երիտասարդութեան առջեւ, որպէսզի ստանձնէ ազգային կեանքը վերականգնելու եւ զայն իր կնիքով դրոշմելու առաքելութիւնը:

Խմբագրական . Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Կրցանք Ընել (Բ.)
Թէեւ իբրեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ընկալել, այսուհանդերձ այսօր տպագիր մամուլ, այն ալ պաշտօնաթերթ, այն ալ օրաթերթ, եւ այն ալ հայերէն` սփիւռքի մէջ ինքնին ամէն օր իրագործում արձանագրել է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթին համար:

Գերարժեւորում չէ այս մէկը, այլ բառին բուն իմաստով ժամանակին, ժամացոյցին դէմ եւ  հետզհետէ նիւթական, կենցաղային, արժէքային առումներով առօրեայ պայքար: Ժամանակը բացարձակօրէն ի նպաստ տպագիր մամուլին չէ: Արագութեան կշռոյթը կայծակնային է` լուր տալու, հասանելի դառնալու, զանգուածային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Լուր տալու հեւքը` արհեստագիտութեան առումով նոր մրցանիշեր կը կտրէ, ժամանակավրէպութեան վտանգի սպառնալիքով, ամէն օր, օրաթերթին լոյս տեսած իւրաքանչիւր օր:

Տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առեւտրական հաստատութիւններն անգամ կրճատումներու կը դիմեն, երբ ամէն տեղ սեղմումի քաղաքականութեան ներքոյ ամփոփուելու միտումներ կը դրսեւորուին, ժամանակավրէպութեան դէմ պայքարի ելած մամուլը, իբրեւ ոչ եկամտաբեր հաստատութիւն,  իր անձնակազմը կը պահէ, սարքաւորումները կ՛այժմէականացնէ  եւ ճիգ կը թափէ յաղթահարելու տնտեսական զարգացող տագնապը:

Այստեղ մեզի օգնութեան կը հասնին թերթին առաքելութեան հաւատացող հովանաւորները, որոնք տուեալ էջ թէ կայք, գրական յաւելուած թէ բացառիկ կամ արաբերէն բաժին հովանաւորելու իրենց քայլերով կ՛օժանդակեն թերթին կանգուն մնալուն եւ զարգացման:

Նիւթական դժուարութիւնը սակայն մեզ չի պարտադրեր նոր ծրագիրներու չդիմելու եւ նոր բաժանմունքներ չյառաջացնելու: Այս տարուան հիմնական նորութիւնն ու իրագործումը «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի աշխատանքի արդիւնքն էր: Մամուլի թուայնացման աշխատանքը, արդէն շուտով հանրութեան տրամադրելի կը դարձնէ ոչ միայն «Ազդակ»-ի ութսունեօթնամեայ հաւաքածոն, այլ նաեւ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ թուայնացուած մամուլն` արխիւի պահպանման եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար օգտագործելի նիւթ տրամադրելու ճիշդ, գործնական  եղանակն ու համակարգը:

Արաբերէն կայքը նոր այցելուներ ապահովեց: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը այցելուներու աճի երեւոյթին մասին ի յայտ բերաւ, որ յատկապէս Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն նոր ընթերցողներ միացան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի արաբ թէ արաբատառ լրատուութիւններու հետեւող հայ ընթերցողներուն: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը արդէն իբրեւ կայացած օտարալեզու լրատուամիջոց` կը լուսաբանէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ Հայ դատի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Մանկապատանեկան յաւելուածը, իր հերթին,  ազդուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններէ: Ամառուան ժամանակաշրջանին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի թիւերը լոյս չտեսան տպագիր տեսքով. անոնք էջադրուած ձեւով առցանց հասանելի դարձան «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով: Դպրոցական վերամուտին հետ «Պզտիկ-Մզտիկ» դարձեալ սկսաւ հասնիլ ամիսը անգամ մը իր ընթերցողներուն: Մինչ, շարունակուեցան նաեւ «Անսխալ գրենք» մրցումները, որոնք համախմբեցին հարիւրաւոր մասնակիցներ:

Մամլոյ լսարաններու թիւը կը բախէ 100-ի դռները: Այս տարի եւս թէ՛ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ սփիւռքի վերաբերող  օրակարգերու մասին կազմակերպուեցան զեկուցական երեկոներ, մամլոյ լսարան տարազին տակ: Մինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, Միջին Արեւելքի հայութեան, արխիւային նիւթերու թէ քաղաքական ժամանակակից խնդիրներու մասին «Ազդակ» հաստատեց վիտէօ հարցազրոյցի բաժին, որ գրեթէ երկշաբաթեայ հերթականութեամբ տեղադրուեցաւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Բաւական աշխուժ էր «Ազդակ»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցին վրայ: Դիմատետրի իբրեւ օգտատէր «Ազդակ»-ի երկու խումբերը հաւաքած են շուրջ տասնհինգ հազար «ընկերներ», որոնք առնուազն տեղեակ կ՛ըլլան «Ազդակ»-ի օրական լուրերու խորագիրներէն: Դիմատետրի ճամբով նաեւ կտրուկ աճած է «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն թիւը:

Եւ եթէ «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի քանակը կայուն պահելու յատուկ ճիգ կը կեդրոնացնենք, ապա ելեկտրոնայինի աճը, վերահսկողութենէ դուրս ամիս առ ամիս բազմապատկուելու ընթացքին մէջ է: «Ազդակ»-ի արտալիբանանեան ընթերցողներուն թիւը, այս միտումով, գերակշիռ է եւ տակաւին նոր մրցանիշեր ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէ:

«Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու, թէ արտադրած լուրերու եւ տարբեր բնոյթի նիւթերու արտատպումը ոչ միայն սփիւռքեան մամուլին, այլ նաեւ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  նկատելի եւ կայացած երեւոյթ է: Յաւելեալ գնահատականը այս մարզին մէջ կը ձգենք հայ մամուլի նիւթերը մշտադիտարկողներու դատողութեան: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ նախորդ խմբագրականով մեր յիշած մարդուժի նկատառելի դժուարութեան, «Ազդակ» առանձնացաւ յատկապէս իր խմբագրակազմի անդամներու այլեւս կայացած անուններու յօդուածագրական արտադրութեամբ: Գաղափարական-գաղափարաբանական հարցերով, Հայ դատի վերաբերող դիպուկ ակնարկներով, լիբանանեան եւ գաղութային ու ազգային նիւթերու լրագրական-մեկնաբանական նիւթերով, թէ մշակութաբանական այժմէական անդրադարձներով կամ մօտիկ անցեալի վերաբերող ուսումնասիրութիւններով «Ազդակ» ընդգծեց իր հեղինակային արտադրողականութիւնը: Ի վերջոյ դիւրին չէր ազգային, կուսակցական ամէն յոբելեանի` այժմէականացման կարգով առաջնորդող գրութիւն հրապարակելը, այդ առիթով էջ պատրաստելը, համահայկական տարողութեամբ հրատապ իրադարձութիւնները թերթի լուսարձակներէն չվրիպեցնելու յատուկ կեդրոնացում պահանջող աշխատանքին առընթեր:

«Ազդակ»-ի բացառիկները` թէ՛ ապրիլեան եւ թէ՛ Ամանորի, շարունակեցին «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ արձանագրել Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն մամուլի  գործիչներու, մտաւորականներու անուններ, հրատարակութեան ապահովելով համահայկական դիմագիծ: «Ազդակ»-ի բացառիկներու երեւանեան շնորհահանդէսները  նպաստեցին թերթին առաւել ծանօթացման աշխատանքին: Ծանօթացում մանաւանդ հայաստանեան պետական,  լրագրական եւ գիտական շրջանակներուն:

Ժամանակակից հայ մամուլէն ակնկալուած աշխատանքներն են, որոնք փորձեցինք իրականացնել. ոչ աւելին: Բայց այս պարտականութիւնը կատարեցինք մամուլի համար հետզհետէ դժուարացող պայմաններու մէջ: Պիտի շարունակենք իրականացնել, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Այս հաստատակամութիւնը քննարկումի ենթակայ չէ: Ընկրկիլը բացառուած է:

Անդրադարձ. Մաշաալ Դարձեալ Մոռցաւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կիրակի, 28 դեկտեմբերին Քոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ընդհանուր ժողովը, որուն պատուոյ հիւրն էր պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ նշելէ ետք, որ «ձեր ժողովուրդը անցեալին դարերով պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան ու Պաղեստինը» յայտարարեց. «Ինչպէս անցեալին ձեր ժողովուրդը պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան եւ Պաղեստինը, մենք անգամ մը եւս պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը». կարծէք Օսմանեան կայսրութիւնը օրին Պաղեստինի անկախութիւնը պաշտպանած ըլլար:

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Մաշաալ այսպիսի յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Ան 30 սեպտեմբեր 2012-ին Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին եւս նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր:

Կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ Օսմանեան կայսրութիւնը բռնագրաւած էր Պաղեստինը եւ իր կայսրութիւնն էր, որ կը փորձէր պաշտպանել եւ ոչ թէ Պաղեստինի անկախութիւնը: Կարիք կա՞յ նաեւ յիշեցնելու, որ այդ փորձը ձախողութեամբ աւարտեցաւ: Մաշաալ իր երկիրը բռնագրաւումէ փրկելու համար պայքարող շարժումի մը ղեկավարն է: Ատիկա որեւէ բռնագրաւումի դէմ սկզբունքային կեցուածք մը կ՛ենթադրէ, սակայն ահա ան օսմանեան բռնագրաւումը կը գովաբանէ` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ հարցը բռնագրաւումը չէ, այլ` բռնագրաւողը:

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք մըն է եւ կարելի չէ անոր նկատմամբ երկու չափ երկու կշիռ կիրարկել: Պահ մը երեւակայենք հետեւեալը. թրքական բանակը կը ներխուժէ Պաղեստին եւ կը վերագրաւէ զայն: Այդ պարագային Պաղեստինի անկախութեան համար պայքարող պաղեստինեան դիմադրութիւնը զէնքերը վար պէտք է դնէ եւ նոր բռնագրաւումը անկախութեան տիրացո՞ւմ նկատէ: Անշուշտ ո՛չ, որովհետեւ բռնագրաւումը ժխտական երեւոյթ է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է բռնագրաւողը:

2012-էն երկու տարի ետք Մաշաալ դարձեալ մոռցաւ, թէ անկախութեան պայքարի մը մէջ երկու չափ երկու կշիռ կարելի չէ կիրարկել:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կոնդակը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
2015 տարին հարիւրամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան: Հետեւաբար, իր խորքով ու իմաստով, իր նպատակով ու պատգամով տարբեր թուական մը պէտք է դառնայ 2015 տարին` իւրաքանչիւր հայու ու ողջ հայութեան կեանքին մէջ:

Հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ իր անջնջելի դրոշմն է ձգած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն արեան հետ չէ թրծուած ու կեանքին հետ չէ շաղախուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աշխարհի վրայ չկայ հայ, որուն ընտանիքը ենթարկուած չըլլայ ցեղասպանութեան, տարագրումի, հայրենազրկումի կամ սփիւռքացումի:

Հարիւր տարի յիշեցինք խունկով ու աղօթքով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, որոնք զոհ գացին Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան:

Հարիւր տարի յիշեցինք ողբով ու ցասումով մեր մշակութային ու կրօնական դարաւոր արժէքներուն` եկեղեցիներուն, վանքերուն, խաչքարերուն, սրբավայրերուն, ձեռագիրներուն ու հոգեմտաւոր անթիւ արժէքներուն քանդումն ու փճացումը նո՛յն ցեղասպանին կողմէ:

Հարիւր տարի յիշեցինք պոռթկումով ու պահանջատիրական ոգիով մեր ազգապատկան, եկեղեցապատկան ու անհատական բազմահազար կալուածներու բռնագրաւումը ցեղասպանին կողմէ:

Արդարեւ, 1915-ին, ցեղասպանութեան ու տարագրումի հետեւանքով ամայացան հայութեան ստեղծագործ ոգիով շէնցած ու ծաղկած քաղաքներն ու գիւղերը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ: Որքա՜ն կը պատշաճին սաղմոսին հետեւեալ բառերը Հայոց ցեղասպանութեան յառաջացուցած մահուան ու քանդումին. «Ո՜վ Աստուած, հեթանոսները քու ժառանգութեանդ մէջ մտան, քու սուրբ տաճարդ պղծեցին, Երուսաղէմը աւերակներու դարձուցին: Քու ծառաներուդ դիակները երկնքի թռչուններուն կերակուր տուին, քու սուրբերուդ մարմինը` երկրի գազաններուն: Անոնց արիւնը ջուրի պէս թափեցին Երուսաղէմի շուրջը, ու մէկը չկար, որ զանոնք թաղէր…» (Սղ. 79.1-3):

Ցեղասպանին ոճրային նպատակն էր` ցեղասպանութեան, տարագրումի ու հայաթափումի ճամբով բնաջնջել հայ ժողովուրդը ու ջնջել Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն…

Սակայն, իր դարաւոր հայրենի հողերէն արմատախիլ եղած, գաղթական ու որբ դարձած հայ ժողովուրդի վերապրող զաւակները երբեք չմոռցան իրենց նահատակները, չմոռցան անոնց սրբազան կտակը: Անոնք լսեցին պատգամը Քրիստոսին, թէ` «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն եւ սակայն հոգին չե՛ն կրնար սպաննել» (Մտ. 10.28): Այս հաւատքով գօտեպնդուած ու հայ ժողովուրդի վերածննդեան տեսիլքով հզօրացած` վերակազմակերպեցին իրենց անհատական ու հաւաքական կեանքը. եկեղեցի ու դպրոց շինեցին, համայնքային կառոյցներ հաստատեցին ու կազմակերպութիւններ յառաջացուցին սփիւռքի տարածքին: Անոնք նաեւ ցեղասպանին ու համայն մարդկութեան յիշեցուցին անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւնը իրենց ժողովուրդին եւ արդարութի՛ւն պահանջեցին:

Արդարեւ, անցնող հարիւր տարիներուն մեր եկեղեցին, Հայ դատի մարմինները, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ վերջին երկու տասնամեակներուն վերանկախացած մեր հայրենի պետութիւնը քարոզչական քաղաքական, յարաբերական եւ այլ միջոցներով ո՛չ միայն յիշեցուցին աշխարհին Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ հետեւողական կերպով ու անխոնջ աշխատանքով հետապնդեցին քսաներորդ դարու անպատիժ մնացած առաջին ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այսօր փաստօրէն մեծ թիւով պետութիւններ, եկեղեցիներ ու կազմակերպութիւններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայերու կարգին, օտար մտաւորականներ բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ հրատարակած են` Հայոց ցեղասպանութեան զանազան ծալքերը ուսումնասիրող ու անոր ճանաչումը պահանջող:

Արդ, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց կեանքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներու անմեռ կտակին եւ ուխտեցին, դարձեալ Սաղմոսին բառերով` «Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ: Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի, եթէ քեզ չյիշեմ…» (Սղ. 137.5-6): Հարիւր տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի արի զաւակները յիշեցին ու յիշեցուցին` թակելով մարդոց փակ սրտերուն ու մտքերուն դռները եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելով իրենց պայքարին կիզակէտը:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Նուիրական նոյն պայքարը անհրաժեշտ է որ շարունակուի համազգային մակարդակով ու վերանորոգ թափով: Ժամանակը հասած է, որ մեր ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն ու այժմէականութիւն տայ` զայն փոխադրելով իրաւական դաշտ` միջազգային օրէնքի տուեալներու լոյսին տակ հետապնդելու իր բռնաբարուած իրաւունքները:

Ցեղասպանութեան ու Մարդկային իրաւանց հռչակագրերը յստակօրէն կը շեշտեն, որ ցեղասպանութիւնը ոճի՛ր է մարդկութեան դէմ եւ, հետեւաբար, ցեղասպանը, ըլլայ ան անհատ, կազմակերպութիւն թէ պետութիւն, պէտք է ներկայանայ միջազգային արդարութեան ատեանին: Միջազգային օրէնքը նաեւ կը շեշտէ, թէ ցեղասպանութեան ճանաչումը կ’ենթադրէ հատուցում: Հետեւաբար, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ նկատել վախճանակէտը հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը, որպէս իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած մէկ ու անբաժանելի ամբողջութիւն, պէտք է դառնան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին ամուր հիմքը ու յստակ նպատակը: Կրնայ ըլլալ, որ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմանները նպաստաւոր չըլլան մեր պահանջատիրութեան: Կրնայ ըլլալ, որ ցեղասպանը իր դիւանագիտական ու տնտեսական ազդու միջոցներով արգելակէ մեր ժողովուրդին կողմէ այս ուղղութեամբ կատարուող որեւէ փորձ: Սակայն, հակառակ այս դառն իրականութեան, մեր ժողովուրդը առաւե՛լ հաւատքով ու յանձնառութեամբ կոչուած է շարունակելու իր պահանջատիրական երթը:

Հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ միասնական ոգիով ու միակամ ճիգով կը պատրաստուի նշել հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան: Սովորական ամեակ մը չէ, պէտք չէ՛ դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու նպատակասլաց մօտեցումով հարկ է արժեւորել այս թուականը մեր ազգի կեանքէն ներս: 100-ամեակը դարձակէտ մը պէտք է դառնայ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման պայքարին մէջ: Վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ յառաջիկայ ապրիլ 23, 2015-ին Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասումը վստահաբար կարեւոր դէպք մը պիտի դառնայ 100-ամեակի ծիրէն ներս:

Հարկ է նաեւ նայիլ 100-ամեակէն անդին… Յարափոփոխ աշխարհի պայմաններն ու առաջնահերթութիւնները յաճախ կը պահանջեն մօտեցումներու, գործելաձեւերու ու շեշտաւորումներու վերատեսութիւն, որպէսզի Հայ դատին հետապնդման աշխատանքները դառնան համահունչ մեզ շրջապատող իրականութիւններուն: Հարկ է ըլլալ արթուն ու միշտ միակամ. հարկ է նաեւ ճի՛շդ կարդալ «ժամանակի նշանները»…

Հայ դատը իւրաքանչիւր հայուն ու ամբո՛ղջ հայութեան դատն է, մեր նահատակներուն դատն է, մեր ապագայ սերունդներուն դատն է: Արդ, իւրաքանչիւր հայ կոչուած է իր ներդրումը կատարելու մեր իրաւունքներու վերատիրացման համահայկական ճիգին:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին սոյն հայրապետական սրբատառ կոնդակով կոչ կ’ուղղենք`

– Մեր թեմերուն` ժողովրդային լայն խաւերու մասնակցութեամբ, կրօնական արարողութիւններու, հրապարակային հանդիսութիւններու եւ այլ ձեռնարկներու ճամբով արծարծ պահելու մեր բիւրաւոր նահատակներու անմեռ յիշատակը ու կենդանի` անոնց յաւերժախօս պատգամը:

– Մեր ազգի կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւններուն` հաւաքական ճիգով ու միասնական ոգիով ծրագրելու ու արժեւորելու այս կարեւոր դէպքը մեր կեանքէն ներս:

– Մեր դպրոցներուն` հայ աշակերտի մարդակերտումի ու հայակերտումի աշխատանքին մէջ յատուկ տեղ տալու 100-ամեակի իմաստին ու պատգամին:

– Մեր մտաւորականներուն` աշխատասիրութիւններու ու դասախօսութիւններու ճամբով անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականին:

– Մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն` գործնապէս մասնակից դառնալու ընդհանրապէս Հայ դատի աշխատանքներուն ու մասնաւորաբար 100-ամեակին առթիւ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:

Թող մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը միշտ մնայ վառ ու անոնց կտակը` միշտ հնչեղ մեր անհատական թէ համայնական կեանքէն ներս:

Քրիստոնէական հաւատքով վերանորոգուած ու մեր նահատակներուն պատգամով հզօրացած քալենք յառաջ` դէպի մեր ժողովուրդի պայծառ ապագան:

Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալք շնորհօք Ս. Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ: Ամէն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Տուաւ կոնդակս ի կաթողիկոսարանիս

Ի դուռն մայր տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին

Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան

Ի 28-ն դեկտեմբերի, 2014 թուին Քրիստոսի, եւ

Ի թուին հայոց ՌՆԿԴ.

Ընդ համարաւ Վ/ՅԿԱ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Կոնդակը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Առիթով
«Ճանապարհք արդարոց որպէս լոյս ծագեն,

առաջնորդեն եւ լուսաւորեն, մինչեւ տիւն լուսաւորեսցէ»

(Առակ. Դ. 18):

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի առջեւ ենք` մեր հոգիներում արդարութեան եւ ճշմարտութեան անլռելի, զօրեղ պահանջով:

2015 թուականի իւրաքանչիւր օր մեր ժողովրդի համար ոգեկոչման եւ խնկարկման օր է, հոգեւոր երթ` դէպի հայրենիքում եւ սփիւռքում վեր յառնած նահատակաց յուշարձաններ` ծնրադիր խոնարհումով աղօթք բարձրացնելու անշիրիմ մնացած մեր անմեղ զոհերի հոգիների համար, ովքեր մահն ընդունեցին` մերժելով հաւատուրացութիւն եւ ազգուրացութիւն: Յիրաւի, «Արդարների ճանապարհները նման են ծագող լոյսի, որն առաջնորդում եւ լուսաւորում է նրանց, մինչեւ որ օրը լրիւ լուսաւորի»:

1915 թուականին եւ հետագայ տարիներին օսմանեան Թուրքիայի կողմից իրագործուեց ցեղասպանութիւն մեր ժողովրդի նկատմամբ: Արեւմտեան Հայաստանում` բնօրրան մեր հայրենիքում եւ Թուրքիայի հայաշատ բնակավայրերում կազմակերպուած ջարդերին, սովին ու հիւանդութիւններին, որ իշխում էին բռնագաղթի ճանապարհներին, զոհ գնացին ազգիս մէկ եւ կէս միլիոն զաւակներ: Թալանուեց դարերով ստեղծուածը, արդար վաստակը մեր ժողովրդի: Խոնարհուեցին ու աւերուեցին հազարաւոր մեր վանքերն ու եկեղեցիները, ազգային հաստատութիւնները, դպրոցները, ոչնչացուեցին եւ կորստեան մատնուեցին մեր հոգեւոր ու մշակութային արժէքները: Հայաթափուեց Արեւմտեան Հայաստանը, որտեղ մեր ժողովուրդը հազարամեակներ` Նոյեան դարից ի վեր, ապրել, արարել եւ իր պատմութիւնն ու մշակոյթն է կերտել:

Մէկ դար առաջ, երբ հայրենազրկուած հայութեան բեկորները սփռւում էին ողջ աշխարհով, երբ Արեւելեան Հայաստանը կենաց եւ մահու գոյամարտ էր մղում թուրքական զաւթիչների դէմ, դժուար էր հաւատալ հայ ժողովրդի ապագային: Բայց այն ճառագեց: Մեր ժողովուրդը Տիրոջ շնորհով յառնեց մահուանից: Հայրենիքի փրկուած հողակտորի վրայ վերականգնեց պետականութիւնը, աւերակներից ու խլեակներից վերակերտեց հայրենի երկիրը, դարձրեց գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, «լոյսի եւ յոյսի հայրենիք»: Տարագիր հայութիւնը տարբեր երկրներում իր տունը կառուցեց, հայրենի ծուխը ծխեցրեց, ապրեցրեց ու բարձրացրեց իր հոգեւոր ու ազգային կեանքը: Որտեղ էլ ապրեցին մեր ժողովրդի զաւակները, հասան յաջողութիւնների, արժանացան յարգանքի, վստահութեան, ճանաչուեցին բարեխիղճ աշխատանքով, գիտութեանը, արուեստին, հասարակութեան բարօրութեանը բերած աւանդով: Այսպիսին է վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը մեր ժողովրդի` պատմութիւն մաքառումի եւ վերածննդի: Այսօր, հակառակ բոլոր դժուարութիւնների, մեր ժողովուրդը ամրապնդում է իր անկախ պետականութիւնը, կերտում իր ազատ նոր կեանքը եւ ազգային վերազարթօնքի յոյսերով, լաւատեսութեամբ ու վստահութեամբ նայում գալիքին:

Փառք Քեզ, բիւր փառք Քեզ, Տէ՛ր, «Քո սպառազինութեամբ պաշտպանեցիր մեզ» (Սաղ. Ե 13): Քո յոյսով, Տէ՛ր, մեր ժողովուրդը պայծառացաւ ու զօրացաւ: Քո լոյսով փայլեց մեր հոգու հանճարը, Քո զօրութեամբ ծնունդ առան մեր յաղթանակները: Ստեղծեցինք, երբ մեր ստեղծածը աւերեցին, ապրեցինք, երբ ուզեցին կորստեան մատնել մեզ: Դու, Տէ՛ր Աստուած մեր, կամեցար, որ ապրի ու բարձրանայ եղեռնագործ ծրագրով մահուան դատապարտուած մեր ժողովուրդը եւ մարդկութեան խղճի եւ միջազգային իրաւունքի առջեւ բարձրացնի ու պաշտպանի իր արդար դատը` ընդդէմ պիղատոսեան անտարբերութեան եւ Թուրքիոյ ոճրագործ ժխտողականութեան:

Արդարութեան համար, մինչեւ մեր դատի յաղթանակ, միասնաբար` եկեղեցի, ազգ եւ պետութիւն, աննահանջ պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Արդարութիւն է պահանջում մեր անմեղ զոհերի արիւնը, մեր ժողովրդի կրած տառապանքը, արդարութիւն են պահանջում մեր աւերակուած սրբութիւնները, մեր ժողովրդի ոտնահարուած իրաւունքները, նաեւ` կեղծուող եւ խեղաթիւրուող պատմութիւնը մեր ժողովրդի: Ցեղասպանութիւն վերապրած մեր ժողովուրդը հաւատացել եւ հաւատում է, որ տասնեակ երկրների, պետական, հասարակական կազմակերպութիւնների ու անհատների կողքին, ովքեր ճանաչել են Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի կանգնեն նորերը,  համոզումով, որ արդարութեան հաստատումը պայմանն ու երաշխիքն է թշնամանքից եւ բռնութիւնից զերծ խաղաղ աշխարհի:

Մէկ եւ կէս միլիոն մեր նահատակների յիշատակի առջեւ Մենք երախտագիտութեան Մեր խօսքն ենք վերստին ուղղում այն պետութիւններին, կազմակերպութիւններին եւ անձանց, ովքեր ճանաչել եւ դատապարտել են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երախտագիտութիւն ենք յայտնում մեր ժողովրդի զաւակներին եղբայրաբար ընդունած երկրներին ու նրանց բարեսէր ժողովուրդներին: Մարդկութեան պատմութեան լուսաւոր էջեր են արդարութեան եւ մարդասիրութեան այսօրինակ դրսեւորումները, որ սերունդներից միշտ պիտի յիշուեն եւ միշտ գնահատուեն ու նպաստեն աշխարհի խաղաղ, անվտանգ, համերաշխ կեանքին:

Հայոց հայրապետիս համար հոգեւոր մխիթարութիւն է ի լուր մեր ժողովրդեան ծանուցել, որ 2015 թ. ապրիլի 23-ին մեր Սուրբ եկեղեցին` յընթացս սրբազան պատարագի, յատուկ արարողակարգով սրբերի շարքում է դասելու «վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» նահատակութեան պսակն ընդունած իր զաւակներին` Ցեղասպանութեան նահատակ սրբերի յիշատակի օր հռչակելով ապրիլի 24-ը:

Շնորհընկալ ժողովուրդ հայոց, ա՛զգ նահատակ, ա՛զգ յարուցեալ. խրոխտ ապրիր, վստահ քայլիր, հայեացքդ տապանակիր Արարատին` աներկմիտ սրտով մեծ պահիր յոյսդ: Քեզ է ուղղուած մեր Տիրոջ խրախոյսն ու պատգամը. «Թէեւ քիչ զօրութիւն ունես, բայց պահեցիր իմ խօսքերը եւ չուրացար իմ անունը: … պահիր` ինչ որ ունես, որպէսզի ոչ ոք չառնի քո պսակը» (Յայտն. Գ 8-11): Արդ, պահպանենք մեր ընթացքը Աստուծոյ առաջ արդար ու ճշմարիտ, հաւատքի հաստատուն ուղիներում, որ ծագող այգաբացի պէս ցրում է խաւարը եւ պարզում յոյսի հորիզոնները: Աստուծոյ հետ է մեր ճանապարհը, եւ հաւատքի կեանքը` մեր յաղթութիւնը: 100-րդ տարելիցը արդիւնաւորենք մեր ժողովրդի մէկդարեայ մաքառումի եւ վերածննդի ուղին արժեւորելով, որպէսզի մեր զաւակները ճանաչելով իրենց պապերի եւ հայրերի ապրելու եւ ստեղծելու հերոսական կամքը, յանուն ազգի եւ հայրենիքի ստանձնած յանձնառութիւնները` կերտեն նոր պայծառ օրը հայրենի մեր երկրի ու աշխարհասփիւռ ժողովրդի: Մեր նահատակների յիշատակի ոգեկոչումը դարձնենք ուժ եւ զօրութիւն հոգեւոր, ազգային, հայրենական մեր կեանքին եւ Աստուծոյ ու մարդկանց առաջ արդար ընթացքով լուսաւորենք մեր ճանապարհը դէպի մեր իրաւունքների, մեր նուիրական իղձերի իրականացման հանգրուան:

Քրիստոսակառոյց նուիրական հոգեւոր կենտրոնում ազգիս` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Իջման սուրբ սեղանի առջեւ աղօթում ենք առ Աստուած` հայցելով խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ բարօրութիւն մեր հայրենիքին, սիրեցեալ մեր ժողովրդին ի սփիւռս աշխարհի եւ անմայրամուտ լոյս ու հանգստութիւն` Ցեղասպանութեան մեր անմեղ նահատակների հոգիներին: Թող մարդկութեան կեանքում թագաւորեն սէրն ու եղբայրութիւնը, արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը, եւ արդարների ճանապարհները որպէս լոյս ծագեն, առաջնորդեն ու լուսաւորեն, մինչեւ լուսաւորուի նոր օրը խաղաղ ու երջանիկ աշխարհի:

Շնորհ, սէր եւ խաղաղութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի եղիցին ընդ մեզ եւ ընդ ամենեսեան. ամէն:

Օրհնութեամբ`

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Տուաւ կոնդակս ի 28-ն դեկտեմբերի

յամի Տեառն 2014 եւ ի թուին հայոց ՌՆԿԳ

ի մայրավանս Սրբոյ Էջմիածնի

ընդ համարաւ 886

24 Դեկտեմբեր 1998. Հրայր Մարուխեանի Վերջին Ուղեւորութիւնը «Դէպի Երկիր»
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24-ին, 16 տարի առաջ, Հայաստան տարուեցաւ անկենդան մարմինը Դաշնակցութեան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն Հրայր Մարուխեանի:

Յաւիտենական իր հանգիստը գտնելու համար հայրենի տուն վերադարձաւ մեր ժողովուրդի գաղափարապաշտ զաւակներէն եւ դաշնակցական ղեկավարի ոգեշնչող տիպարներէն Հրայր Մարուխեան:

24 դեկտեմբեր 1998-ի երեկոյեան ուշ ժամերուն «Զուարթնոց» օդակայանը եւ անկէ մինչեւ Երեւան երկարող ճամբան սգակիր վկան դարձան ընկեր Հրայրի վերջին ուղեւորութեան Դէպի Երկիր:

Հազարաւոր դաշնակցականներ եւ համակիրներ փութացած էին «Զուարթնոց»` ըստ արժանւոյն դիմաւորելու համար ազգի եւ հայրենիքի անձնդիր նուիրեալը: Հրայր Մարուխեան արժանացաւ պայքարի դաշտին վրայ ինկած հերոսի «տունդարձ»-ի փառքին: Հայրենի հայութիւնը, այդպէ՛ս, ակնածանքի հանդիսաւոր ջերմութեամբ, ի վերջոյ փակեց ամօթալի էջը վերանկախացեալ Հայաստանի անդրանիկ նախագահին կողմէ 29 յունիս 1992-ին գործուած ազգային-քաղաքական սայթաքումին: Սայթաքումը այն «Նախագահական հրամանագրին», որ ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչն ու փոխներկայացուցիչը` Հրայր Մարուխեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը վտարեց… իրենց պաշտած հայրենիքէն:

Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը եւ յատկապէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան ինք բնաւ չհաշտուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահի համազգային բարձրագոյն դիրքին եւ պաշտօնին այդօրինակ չարաշահման դէմ:

29 յունիս 1992-ի այդ «արտաքսում»-էն մինչեւ 17 յուլիս 1994-ի ուղեղի կաթուածով մահաքունի մատնուիլը, Հրայր Մարուխեան ամէն առիթով, յանուն Դաշնակցութեան, ողջախոհութեան ու գործակցութեան ձեռք երկարեց հակադաշնակցական մոլուցքով կուրցած Հայաստանի նախագահին, բայց այդ ձեռքը միշտ ալ կախուած մնաց…օդին մէջ, ընդառաջում չստացաւ:

Այդպէ՛ս, Հայաստանի նախագահէն «պատժուած» եւ ճակատագրի դաժան հարուածի պատճառով չորս տարի անկենդան ուղեղով շնչելէ ետք, 21 դեկտեմբեր 1998-ին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի մեծավաստակ ներկայացուցիչը:

Հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան դատին իր գերագոյնը զոհաբերելու ուխտին հաւատարմագրուած «անկեղծ զինուոր» էր ընկեր Հրայր, որ գրեթէ կէս դար ամբողջ, հայ քաղաքական մտքին առջեւ, դաշնակցականի իր յանդուգն կամքով ու աներեր հաւատքով հորիզոն բացաւ, ուղի հարթեց, պայքար կազմակերպեց եւ կռանեց հաւաքական կամքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ` պահանջատէր հայութեան:

Իր անսպառ եռանդին, գաղափարական ինքնահաւատարմութեան, մարտունակ կամքին եւ հայութեան հաւաքական ուժը կազմակերպականօրէն հզօրացնելու իր անսպառ յանդգնութեան համար էր, որ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 25 տարի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի բարձրագոյն պատասխանատուութեան արժանացուց Հրայր Մարուխեանը, իսկ հայ ժողովուրդը ազգային ղեկավարի պատուանդանին բարձրացուց տարաբախտ մեր ընկերը:

Հրայր Մարուխեան ծնած էր դեկտեմբեր 19-ին, 1928 թուին, Իրանի Քերմանշահ քաղաքը: Աւարտած էր Իրանի պետական համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժինը` մեքենագիտական բնագաւառէն ներս:

ՀՅԴ շարքերուն միացած էր Թեհրանի մէջ: Նախ անդամակցած էր ՀՅԴ պատանեկան միութեան եւ ապա անցած` կուսակցական շարքերը: Կուսակցական իր գործունէութենէն անկախ, եղած էր Թեհրանի «Արարատ» մարզական միութեան հիմնադիրներէն եւ տարիներ վարած էր միութեան նախագահի պատասխանատուութիւնը:

1963-ին Հրայր Մարուխեան մասնակցեցաւ ՀՅԴ 18-րդ Ընդհանուր ժողովին, իբրեւ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Այս ժողովը յատկանշական էր Դաշնակցութեան ղեկավար մարմինին մէջ իր կատարած սերնդափոխութեամբ: Այդ ճամբով ալ Հրայր Մարուխեան, 35 տարեկանին, ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1964-ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Լիբանան, ուր տեղափոխուած էր (Գահիրէէն) Բիւրոյի նստավայրը: Հրայր Մարուխեան իր կարգին Պէյրութ տեղափոխեց իր անձնական գործը: 1967-ին վերընտրուեցաւ Բիւրոյի անդամ: Ատենի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ատուր Գապաքեանի մահէն ետք զայն փոխարինեց այդ պաշտօնին մէջ` մինչեւ նստաշրջանին աւարտը: Իսկ 1972-ին` ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով Բիւրոյի անդամ, ստանձնեց ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը, որ այնուհետեւ, մինչեւ իր եղերական մահաքունը, շարունակաբար վստահուեցաւ Հրայր Մարուխեանի:

Հրայր Մարուխեան ղեկավար դերակատարութիւն ունեցաւ ինչպէս Դաշնակցութեան, նոյնպէս եւ սփիւռքի հայութեան քաղաքական ինքնակազմակերպման ու յեղափոխական զարթօնքին աշխուժացման մէջ:

1975-ին բռնկած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով եւ Բիւրոյի որոշումով, 1975-ի վերջերը, Հրայր Մարուխեան փոխադրուեցաւ Աթէնք, Յունաստան, ուրկէ շարունակեց համադրել Դաշնակցութեան համահայկական գործունէութիւնը:

Աթէնքեան իր գործունէութեան առաջին տասնամեակը յատկանշուեցաւ Հայ դատի ուժական պայքարին շղթայազերծումով, որ իր վճռորոշ անդրադարձը ունեցաւ Հայ դատի ի նպաստ քաղաքական լոպիինկի աշխուժացման եւ կազմակերպական հզօրացման վրայ:

1988-ի օգոստոսին գումարուած ՀՅԴ 24-րդ Ընդհ. ժողովին, արցախեան շարժման ամբողջապէս նուիրուելու Դաշնակցութեան կամքը ազդարարելով` ՀՅԴ որոշեց կազմակերպական եւ քաղաքական իր գործունէութիւնը հունաւորել «Դէպի Երկիր», եւ Հրայր Մարուխեան անձամբ ղեկավարեց Դաշնակցութեան հայրենիքի մէջ վերընձիւղման աշխատանքները:

Իբրեւ այդպիսին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մնայուն ներկայութիւն դարձաւ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, իսկ Դաշնակցութիւնը վերածուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի կազմակերպականօրէն ամէնէն կուռ, քաղաքականօրէն ամէնէն գործունեայ եւ ազգային-ազատագրական շարժման նորօրեայ զարթօնքին ամէնէն մարտունակ կազմակերպութիւնը:

Դաշնակցութեան այդ յաջողութեանց համար Հրայր Մարուխեան անձամբ ծանր գին վճարեց 29 յունիս 1992-ին, երբ Հայաստանի նախագահի իր իրաւունքները չարաշահելով` Լեւոն Տէր Պետրոսեան պատկերասփիւռի տխրահռչակ իր ելոյթով, Հրայր Մարուխեանը իբրեւ «ոչ բաղձալի» Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսելու հրամանագիրը յայտարարեց:

Հայրենի հողէն արտաքսուած` Հրայր Մարուխեան վար չդրաւ պայքարի իր զէնքերը եւ, քաղաքական գետնի վրայ ղեկավարեց ՀՀՇ-ական իշխանութեանց հայավնաս քաղաքականութեան դէմ ուղղուած Դաշնակցութեան անհաշտ պայքարը:

17 յուլիս 1994-ին Հրայր Մարուխեան ունեցաւ ուղեղի կաթուած եւ դատապարտուեցաւ անկենդան գոյութեան…ամբողջ չորս տարի:

Այդ շրջանին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքին զարգացումները եկան փաստելու, որ Դաշնակցութեան բռնած ուղին ճիշդ էր: Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին բողոքի ու քաղաքական ընդվզումի լայն ալիքին ճնշման տակ իշխանութեան ղեկէն հեռացուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան:

Բայց տարաբախտ Հրայր Մարուխեան ի վիճակի չեղաւ վայելելու յաղթանակը Դաշնակցութեան ճշդած եւ անձամբ իր առաջնորդած ազգային¬քաղաքական ուղիին:

21 դեկտեմբեր 1998-ին Հրայր Մարուխեան արձակեց իր վերջին շունչը` մայր հայրենիքէն հեռու, Աթէնքի մէջ: Դեկտեմբեր 24-ին իր անշնչացած մարմինը ամփոփող դագաղը փոխադրուեցաւ Երեւան: Հրայր Մարուխեան թաղուեցաւ Երեւանի Թոխմախ գերեզմանատան քաղաքային պանթէոնին մէջ, ոչ շատ հեռու Հայաստանի անկախութեան հիմնադիրներէն` Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն:

Կը յիշենք այս բոլորը եւ կը խոնարհինք անձին ու գործին առջեւ հայու եւ դաշնակցականի անձնուէր, այլեւ առինքնող մարմնաւորումը հանդիսացող Հրայր Մարուխեանի:

Եւ որքան տարիները թաւալին, այնքան կը պայծառանայ բաց ճակատը հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ամբողջական ազատագրութեան յանդուգն կամքին, որ Հրայր Մարուխեանի անունով իր անջնջելի դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի եւ հայրենիքի նորօրեայ` մարտունակ վերածնունդին վրայ:

Սփիւռքի Կարողականութեան Նոր Պեղումներ
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Իրարմէ քանի մը շաբաթ հեռաւորութեամբ եւ կազմակերպական առումով իրարմէ բաւական տարբեր երկու հանդիպումներ սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն, անգամ մը եւս սեղանի վրայ բերին հայութեան ազգային ներուժի լաւագոյնս օգտագործման մնայուն մարտահրաւէրը:

Անոնցմէ առաջինը սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովն էր: Միւսը` «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի իր տեսակով աննախընթաց ռազմավարական սեմինարն էր, որ տեղի ունեցաւ 13-14 հոկտեմբերին, Լիզպոնի մէջ, համեմատաբար սահմանափակ, մօտ քառասուն մասնակիցներով` ե՛ւ սփիւռքէն, ե՛ւ հայրենիքէն: Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համաժողովը հրատարակած է իր յայտարարութիւնը, մինչ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեան մասին շրջագայութեան դրուած է բաժանմունքին պատրաստած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, ուր ամփոփ կերպով ներկայացուած են երկօրեայ քննարկումներուն արդիւնքները:

Երկու նախաձեռնութիւններէն, հասկնալիօրէն, առաջինը արդէն որոշակի իմաստով համակարգային իրավիճակ ստացած է այն իմաստով, որ 1999-ին արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած առաջին համաժողովը կրկնուած է 2002 եւ 2006 թուականներուն, եւ 2011-էն սկսեալ անոր կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է երեք տարի առաջ կեանքի կոչուած սփիւռքի նախարարութիւնը:

Անկախ Հայաստան-սփիւռք համաժողովի դրական թէ ժխտական բոլոր երեւոյթներէն, գնահատելի թէ քննադատելի կէտերէն, զայն պէտք է ընկալել որպէս հիմնականօրէն դրական տեղաշարժ` հայկական պետականութեան կայացման գործընթացին մէջ: Թերեւս նման զանգուածային նախաձեռնութիւն անխուսափելիօրէն ընկալուի, լաւագոյն պարագային, որպէս թատերական ներկայացում, հայաստանեան բնորոշումով` շօու, իսկ աւելի շնական բնորոշումով` սփիւռքը սիրաշահիլ եւ զայն իշխանութեան կառքին լծել: Թերեւս տակաւին այնքան յստակ չեն` ո՛չ այս նախաձեռնութեանց արդիւնքները, ո՛չ ալ, նոյնիսկ, այդ արդիւնքներուն առարկայական գնահատման որեւէ մեթոտաբանութիւն: Բայց հարցական է ինքնին, թէ ի՛նչ «արդիւնքներ» կարելի է սպասել նման նախաձեռնութիւններէ կամ ինչպէ՛ս Հայաստան-սփիւռք համաժողովները որպէս երեւոյթ պէտք է ընկալուին հայկական անկախ պետականութեան կայացման կարելի գործընթացներէն մէկը, եւ այս իմաստով պէտք չէ մտահան ընել անոնց գաղափարախօսական ենթահողը: Ի վերջոյ, անկախ Հայաստանի առաջին կառավարութիւնը բացառած էր Հայաստան-սփիւռք համարկման գործընթացը ներառել պետական քաղաքականութեան օրակարգին: Օրէնքով արգիլուեցաւ երկքաղաքացիութիւնը, եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը դիտուեցաւ որպէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման միակ կարելի ոլորտը: Եթէ հայկական պետականութեան այս գործընթացը ամրագրուէր, վստահաբար ոչ միայն սփիւռքի նախարարութեան ու Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու երեւոյթը գոյութիւն չէր ունենար, այլ, շատ հաւանաբար, Հայաստանն ու սփիւռքը զարգանային առանց համարկման հեռանկարի կամ սպասումներու: 1998-էն ետք հայկական պետականութեան կայացումը նաեւ կարելիութիւն ստեղծեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները սահմանել համարկման գործընթացի տրամաբանութեան մէջ: Համարկման այս գործընթացը աւելի կայուն հաստատութիւններ պիտի ստեղծէ՞, թէ՞ պիտի մնայ Հայաստան-սփիւռք համաժողովներու մակարդակին: Այս հարցումն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ այսօր:

«Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութիւնը իր տեսակին մէջ պատմականօրէն աննախընթաց էր, սակայն խոստմնալից` Հայաստանի եւ սփիւռքի զարգացումներուն ու փոխյարաբերութիւններուն նոր որակ հաղորդելու իմաստով: Նախաձեռնութիւնը հարազատ է բաժանմունքի նորագոյն վերաշխուժացման եւ հեռանկարային ծրագիրի մը գործի դրուելու ոլորտին մէջ: Ռազմավարական սեմինարին խորագիրը, պէտք է ընդունիլ, անակնկալ էր. ցարդ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցով կլանուած ազգային հաւաքական երեւակայութեան մէջ յանդգնիլ հայութեան յաջորդ հարիւրամեակին նայիլ, այլ խօսքով` 2015-ի փոխարէն` 2115 թիւը նկատի ունենալ…Հասարակական գիտութիւն չկայ, որ համարձակի հաւաքական գործընթացները քառորդ դարէն անդին նախատեսել եւ նոյնիսկ ամենաազգայնաշունչ ճառերը կը խօսին հայութեան յաւերժականութեան մասին, ինչ որ, պարզ է, աւելորդ, դիւրին է, քան` յաջորդ հարիւրամեակին ծրագրում մը նախատեսել:

Սեմինարը նման ծրագրումի յաւակնութիւնը չէր կրնար ունենալ բնականաբար, սակայն դրական նախանշան մը կու գար տալու ցարդ հիմնականօրէն մտաւորական իմաստով իրարու մօտեցնող գործնական թէ տեսական նախաձեռնութիւններ, որոնց հասարակ յայտարարը համաշխարհային մակարդակով զօրաշարժի ենթարկուելու կարողականութիւնը ունեցող սփիւռք-քաղաքացիական հասարակութիւնն է: Հայրենի իրականութեան եւ զոյգ հանրապետութիւններու` Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ, աշխարհաքաղաքական, ինչպէս նաեւ ընկերա-տնտեսական զարգացման հիմնախնդիրները, պարզ է, չէին բացակայեր: Սակայն անոնց զուգահեռ, սեղանի վրայ էին մարտահրաւէրներ, որոնք յատուկ են միայն սփիւռքին, հիմնականօրէն` ինքնութեան, մշակութային զարգացման եւ արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հիմնախնդիրներ, որոնց պատասխանը սփիւռքը ի՛նք պիտի գտնէ` զանգուածային ու մտաւորական նոր տեղաշարժներու հրամայականով թելադրուած:

Երկու հանդիպումներն ալ կ՛ամրագրեն 21-րդ դարու առաջին տասնամեակով կամ թերեւս անոր կէսէն սկսած յաւելեալ թափով յառաջ գացող գործընթաց մը, զոր կրնանք սահմանել որպէս սփիւռքի կարողականութեան նոր պեղումներ: «Նոր», որովհետեւ ինչպէս պարբերաբար հայոց պատմութեան թերեւս ամբողջ տեւողութեան, բայց վստահաբար 20-րդ դարուն աշխարհաքաղաքական պայմաններու թելադրանքով հայութիւնը այսօր եւս կը դիմագրաւէ տեղաշարժերու ժամանակաշրջան մը: Արցախի ազատագրական պայքարով եւ Հայաստանի անկախութեամբ ստեղծուած էր այն տպաւորութիւնը, որ հայութեան զանգուածային տեղաշարժերու գործընթացը թերեւս հասած էր իր աւարտին եւ կը մնար միայն հայրենադարձութեան վախճանական հանգրուանը: Արդ, 21-րդ դարու առաջին քառորդի աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը կը յուշէ, որ հայրենադարձութիւնը կը մնայ, պէ՛տք է մնայ հեռանկար, սակայն, մէկ կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ հայաշատ երկիրներուն բաժանման գործընթացը, եւ միւս կողմէ` Եւրասիական տարածաշրջանի համարկման ծրագիրը հայութիւնը դէմ յանդիման պիտի դնեն երկու մեծ տեղաշարժերու, որոնց մարտահրաւէրը անհրաժեշտ է դիմագրաւել ե՛ւ ռազմավարական, ե՛ւ տեսական, ե՛ւ գաղափարախօսական իմաստով` ապահովելու համար հայութեան ոչ միայն վերապրումը, այլ` հետագայ զարգացումը:

Սրտի Կոչ Հայաստանէն Շրջանաւարտ Լիբանանի Միութեան Անդամներուն
Սիրելինե՜ր, կ՛ողջունեմ ձեզ Նոր Տարուայ սեմին, ցանկալով ձեզ եւ ձեր ընտանիքներուն բարի մուտք 2015 թուին: Վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մտքին ու սրտին մէկ անկիւնը ունի զինք յուզող ու մտահոգող հարց մը: Հարց` որ չենք կրնայ չնկատել, հարց` որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը յուզէ, հարց գիտակցութեան մեր մայր հայրենիքի որբ ու աղքատ երեխաներու նկատմամբ: Արդեօք երբեւէ կը յիշե՞նք ուսանելու մեր ցանկութիւնը, սակայն նիւթականի բացակայութիւնը ու ապրուստի դժուարութիւնը, որոնք մղեցին մեզ ուսանելու Հայաստանում: Մենք ուրախացանք, ուսանեցանք, ստացանք համալսարանական վկայական, ունեցանք մեր գործ ու դիրքը Լիբանանին մէջ (եւ կամ այլուր), վայելեցինք մեզի ընծայուած բարիքը, որ հայրենիքը տուաւ մեզի:

Եկէք սիրելիներ այս Նոր տարուայ սեմին, Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ, համախմբուենք, կարծիքներ փոխանակենք, ձեռնարկենք, թէ ի՞նչ միջոցներով կարող ենք մեր երախտագիտութիւնը յայտնել հայրենիքին, օգնելով, սատար լինելով նրա այսօրուայ ոչ դիւրին կացութեան մէջ գտնուող աղքատ, որբ մատաղ սերունդին:

Թող 2015 թուականը ձեզի համար ըլլայ առողջ ու բարեբեր տարի:

ՄԱԹԷՈՍ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ

Տոքտոր-ատամնաբուժ

Օսմաներէնի Եւ Թուրքերէնի Հայ Լեզուաբանները
«ԵՐԿԻՐ»

«Ակօս» թերթի լրագրող Վահան Էսթուքեանը յօդուած է հրապարակել, որում թուարկել է օսմաներէնի եւ թուրքերէնի ուսումնասիրութեան բնագաւառում նշանակալի ներդրում ունեցած հայ լեզուաբանների անուններն ու ներկայացրել նրանց գործունէութիւնը:

Յօդուածը` ստորեւ:

«Այժմ Թուրքիայում օրակարգային ամենակարեւոր թեման օսմաներէնը, որպէս պարտադիր առարկայ, դասաւանդելու մասին քննարկումներն են: Ոմանք մտածում են, որ հին թուրքերէնը պէտք է ուսուցանուի, ոմանք էլ մտահոգութիւն են յայտնում, որ դրան զուգահեռ,  զգալիօրէն կ՛աւելանայ իսլամական հատուածի ազդեցութիւնը երկրում:

Առօրեայ կեանքում յաճախ է ի ցոյց դրւում այն փաստը, թէ ոչ մահմետականներն աւելի ճիշդ են կիրառում թուրքերէնը: Անձամբ ինձ շատ են ասել` «ինչ սահուն թուրքերէն ես խօսում» կամ` «շատ լաւ առոգանութիւն ունես»: Ինձ այս խօսքերն ասողները թող կարծեն, թէ հաճոյախօսութիւն են արել, սակայն դա ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ` յաջողուած ձուլման հետեւանք: Սակայն մէկ այլ ճշմարտութիւն էլ կայ` ոչ մահմետականների ներդրումն օսմաներէնի եւ թուրքերէնի մէջ: Ներկայում բանտում գտնուող լեզուաբան Սեւան Նշանեանն իր ժամանակը վատնելու փոխարէն` օսմաներէն բառարանի կազմման աշխատանքներ է իրականացնում: Նշանեանն իր անձնական պլոկում ասում է. «Օրական 6-7 ժամ տրամադրում եմ բառարանին: Թուրքերէն գրութիւններում բացայայտած իւրաքանչիւր բառի ամենահին տարբերակն աւելացնում եմ բառարանում»:

Օսմանական կայսրութեան ժամանակաշրջանում եւս եղել են հայ լեզուաբաններ, ովքեր ներդրում են ունեցել օսմաներէնի եւ թուրքերէնի ուսումնասիրութիւններում: Նրանցից ամենաառաջինը Յակոբ Մարթայեանն էր, ով մեծ դեր է ունեցել օսմաներէնի փոխարէն թուրքերէնը պաշտօնական լեզու դարձնելու գործում, ինչի համար Աթաթուրքը նրան «Տիլաչար» (լեզու բացող, լեզուաբան) էր անուանել: Տիլաչարից առաջ օսմաներէնում լուրջ աշխատանքներ են կատարել նաեւ Պետրոս Զեքի Կարապետեանը, Ռեթիոս Գրիգորեանն ու Պետրոս Քերեսթեճեանը: Եկէք` մանրամասն տեղեկանանք նրանց մասին:

Պետրոս Զեքի Կարապետեան.-

Մանկավարժ, լեզուաբան: Ծնուել է 1873 թուականին, Պոլսում: Կրթութիւնը ստացել է Պէրպէրեանի դպրոցում: Ուսումն աւարտելուց յետոյ աշխատանքի է անցել կրթութեան ոլորտում: Երկար տարիներ Պոլսի դպրոցներում թուրքերէն է դասաւանդել: Սկիւտարում իր անուան դպրոց է հիմնել, որտեղ շատերն են ուսում ստացել: Պոլսի հայկական թերթերում յօդուածներ է հրապարակել: 1912 թուականին հրապարակուած օսմաներէն-հայերէն եւ հայերէն-օսմաներէն 50,000 բառից բաղկացած բառարանները Կարապետեանի ամենակարեւոր աշխատութիւններից են: 1935 թուականին «Սամաթիայի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցու 500-ամեակին նուիրուած ալպոմ» վերնագրով աշխատութիւնով Պոլսի հայ համայնքի առաջին ժամանակաշրջանի մասին վաւերագրական ուսումնասիրութիւն է պատրաստել: Մահացել է 1937 թուականին:

«Թերճիւմանը Ահվալ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Պետրոս Քերեսթեճեան.-

Լեզուաբան, թարգմանիչ: Ծնուել է 1840 թուականին Պոլսում: Պետրոս Քերեսթեճեանի (ատաղձագործ) հայրը ատաղձագործ է եղել: Կրթական կեանքն սկսել է Պեշիքթաշի հայկական, յետոյ` Զմիւռնիայի Մեսրոպեան դպրոցում, ապա` շարունակել Փարիզում: Փարիզից յետոյ նա մեկնել է Անգլիա, որտեղ եւ սովորել է իտալերէն: Թուրքիա վերադառնալուց յետոյ` մինչ 1880 թուականը, ստանձնել է արտաքին գործերի գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը, այնուհետեւ դարձել «Թերճիւմանը Ահվալ» թերթի գլխաւոր խմբագիրը: 10 լեզուներում մասնագիտացած Քերեսթեճեանը մինչ մահը թարգմանչական գրասենեակի եւ տնտեսութեան նախարարութեան տնօրէնի պաշտօններն է զբաղեցրել:

1891 թուականին Լոնտոնում հրատարակւում է «Կլանիւր Էթիմոլոժիք տէ մօ ֆրանսէ տ՛օրիժին Էնքոնիւ ու տութէօզ» գիրքը, իսկ 1909-ին` թուրքերէն-ֆրանսերէն բառարանը: Մահացել է 1907 թուականին:

Ռեթէոս Գրիգորեան.- Յայտնի է որպէս «պարոն հերետիկոս»:

Լեզուաբան: Ծնուել է 1819 թուականին, Պոլսում: 1868 թուականին հրապարակել է «Թուրքերէնի քերականութիւնը» աշխատութիւնը, 1892-ին` «Արաբերէնի քերականութիւնը»: Մինչ մահը Գրիգորեանն զբաղուել է մանկավարժութեամբ: Նա օսմանական կրթութեան աշխարհում յայտնի է «պարոն հերետիկոս» անունով: Մահացել է 1904 թուականին:

Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչար.- Մանկավարժ, լեզուաբան:

Ծնուել է 1892 թուականին, Պոլսում: Եղել է Թուրքիայի Լեզուի միութեան առաջին քարտուղարը: Թուրքերէնում ունեցած ներդրումների համար Աթաթուրքի կողմից արժանացել է Տիլաչար անուանը: Նա տիրապետել է թուրքերէնին, օսմաներէնին, անգլերէնին, յունարէնին, սպաներէնին, լատիներէնին, գերմաներէնին, ռուսերէնին եւ պուլկարերէնին: 1915 թուականին աւարտել է Ռոպերթ քոլեճը: 1919-ին սկսել է դասաւանդել նոյն քոլեճում: Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ Պէյրութի հայկական դպրոցի տնօրէնութիւնն է ստանձնել, այնուհետեւ` Պէյրութում հրատարակուող «Լոյս» թերթի հրատարակութեան աշխատանքները: Կնոջ հետ դասաւանդել է թուրքերէն եւ 1936-51 թթ. Անգարայի համալսարանում լեզուի, պատմութեան եւ թուրքագիտութեան դասեր է տուել` լուրջ աշխատանքներ կատարելով այդ բնագաւառում: Մահացել է 1979 թուականին:

Սեւան Նշանեան.-

Գրող, լեզուաբան: Ծնուել է Պոլսում: Նախնական ուսումն ստացել է Մխիթարեան դպրոցում, այնուհետեւ աւարտել Ռոպերթ քոլեճը: 1974-ին մեկնել է Միացեալ Նահանգներ եւ «Եէյլ» ու «Քոլոմպիա» համալսարաններում պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ Հարաւային Ամերիկայի քաղաքական համակարգերի մասին ուսանել: 1998 թուականին լոյս է տեսել նրա «Փոքրիկ հիւրանոցների գիրքը» աշխատութիւնը: 1995 թուականին կնոջ` Մուժտէ Նշանեանի հետ հաստատուել է Զմիւռնիայի Սելճուք շրջանի Շիրինճէ գիւղում, որտեղ 1999 թուականից սկսել է ղեկավարել «Նիշանեան» հիւրանոցը: Առանց թոյլտուութեան Շիրինճէ գիւղում բարեկարգում իրականացնելու մեղադրանքով 10 տարուայ ազատազրկման է ենթարկուել: Բանտում եղած ժամանակ հրատարակել է «Էլիֆի ցուլն ու անակնկալների գիրքը» աշխատութիւնը: 2008-2009 թուականներին թուրքական «Թարաֆ» պարբերականում նա հրապարակել է յօդուածներ, որոնք հետագայում տպագրուել են գրքի տեսքով:

Նշենք, որ Սեւան Նշանեանը, ով խիստ քննադատել է թուրքական իշխանութիւններին, «կնիք կեղծելու» եւ «անօրէն շինութիւններ կառուցելու» մեղադրանքով ամիսներ առաջ ենթարկուեց ազատազրկման եւ մինչ օրս գտնւում է բանտում:

Թարգմանութիւնը` ԱՐԱԶ ԳԱՅՄԱԳԱՄԵԱՆԻ

«Հէնց Սկսէք Օսմաներէն Կարդալ, Կը Պարզուի, Որ Ձեր Իմացած Թուրքական Երաժշտութեան Մեծերը Հայեր Են»
«ՆՈՎՈՍԹԻՆՔ»

Թուրքիայի կառավարութեան որոշմամբ,  արաբերէն գրով օսմաներէնը պէտք է որպէս պարտադիր ուսուցման առարկայ այսուհետեւ դասաւանդուի հանրակրթական դպրոցներում: Կրթութեան նախարարութիւնն այդ որոշումը հիմնաւորել է այն պատճառաբանութեամբ, որ թուրքերը չեն կարողանում կարդալ իրենց ապուպապերի գերեզմանաքարերը: Մինչդեռ փորձագիտական շրջանակներում կարծում են, որ այդ քայլը երկիրն իսլամացման տանելու Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութեան պարզ շարունակութիւնն է:

Ինչպէս տեղեկացնում է «Էրմէնիհապեր» լրատուականը, թեմային անդրադարձել է թուրքական «Պուկիւն» թերթի սիւնակագիր Այքութ Ըշըքլարը: Նա ուշադրութիւն է հրաւիրում օսմաներէնի պարտադիր ուսուցման հետեւանքների վրայ:

«Երբ պապերիդ շիրմաքարը կարդաս ու դառը ճշմարտութիւններ իմանաս, վատ չզգաս» վերտառութեամբ յօդուածում Ըշըքլարը նշում է, որ կարծէք, թէ երկրում չկար ոչ մի հասարակական կամ տնտեսական խնդիր, ու մէջտեղ է եկել օսմաներէնի դասաւանդման հարցը:

Թուրքիայում ծաւալուող շուրջ մէկշաբաթեայ աշխուժ քննարկումները յօդուածի հեղինակին յիշեցնում են ոչ թէ գիտական առողջ բանավէճեր, այլ բակային կռիւների մակարդակի վէճեր:

«Օսմաներէնը եղել է երեք մայրցամաքների վրայ իշխանութիւն հաստատած կայսրութեան պաշտօնական լեզու: Հիմա Օսմանեան կայսրութեան տարածքներում իրենց լեզուով խօսող եւ ազգայնականութիւն դաւանող տասնեակ պետութիւններ կան», նկատել է տալիս Ըշըքլարը, ապա յաւելում, որ արաբական այբուբենի եւ օսմաներէնի պարտադիր ուսուցումը կը նշանակի վառարաններում այրել ներկայիս հարիւր հազարաւոր գրքերը, քանի որ օսմաներէնի յայտնութեամբ յօդս կը ցնդնեն մինչեւ օրս անգիր արուած ու կարծրացած շատ տեղեկութիւններ իրենց անցեալի մասին:

«Իսկ դուք չէ՞ք նեղուի, եթէ իմանաք, որ դասագրքերով եւ հանրագիտարաններով մեզ մատուցուած մի շարք թեմաներ մտածուած սուտ են եղել: Օրինակ` չէ՞ք շշմի, որ յանկարծ պարզէք, որ մեր պատմութեան մէջ մի շատ ականաւոր ճարտարապետ հայ է եղել: Ասենք` իմանաք, որ այդ ճարտարապետը միշտ մասնակցել է օսմանցի սուլթանների արշաւանքներին, կամուրջներ է կառուցել բանակի համար, եղել է մի հերոս ու հայրենասէր մարդ: Եթէ սկսենք օսմաներէն սովորել, մեր անգիր արած շատ ճշմարտութիւններ ի չիք են դառնալու: Խօսում էք պալատական երաժշտութեան մասին: Թուրքական երաժշտութեան արժէքաւոր գործերի ստեղծողներին հէնց ճանաչէք` չզարմանաք, եթէ պարզուի, որ այդ ժամանակ թուրքերն ընդամէնը կենտրոնական Անատոլիայում զուռնա-տհոլ էին փչում եւ հորոն (շուրջպար) պարում: Հէնց սկսէք օսմաներէն գրքեր կարդալ, ձեր իմացած թուրքական երաժշտութեան ամենամեծ երգահանները կը տեսնէք, որ հայեր, յոյներ, ասորիներ կամ պարսիկներ են դուրս գալու», զգուշացնում է թուրք յօդուածագիրը:

Նա նաեւ նշում է, որ նոյն բանը տեղի է ունենալու թուրքական խոհանոցի ազգային համարուող ուտեստների հարցում. յանկարծ կը պարզուի, որ դրանք վերցուած են հայկական խոհանոցից կամ` ազգային այլ փոքրամասնութիւնների խոհանոցից:

Ըշըքլարը, ամփոփելով օսմաներէնի ներմուծման հետ կապուած շշմեցնող բացայայտումների մասին իր կանխատեսումները, գրում է. «Ով ասում է, թէ ուզում է կարդալ իր պապու գերեզմանաքարի վրայի գրութիւնը, պէտք է ամէն ինչի պատրաստ լինի: Կարող է` շատ մեծ անակնկալների հանդիպենք»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիայի Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքն աշխարհիկ պետութեան կարգեր հիմնելիս 1923 թուականին գործածութիւնից հանեց արաբերէն գիրը եւ ամրագրեց լատինատառ այբուբենը:

Գերմանացի Լրագրող. «Ոչ Մի Օտար Լեզու Չիմացող Էրտողանը Օսմաներէնի Ուսուցումից Է Խօսում»
«ԷՐՄԷՆԻՀԱՊԷՐ»

Գերմանական «Թակէշփիկըլ» թերթում հրապարակուած «Թուրքիայի կրթական համակարգի իսլամականացումը. Օսմաներէնը բոլորի համար» վերնագրով յօդուածում նշւում է, որ Թուրքիայի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը օտար լեզուի չի տիրապետում: Այս մասին յայտնում է թուրքական «Ճումհուրիյեթ» լրատուական կայքը:

Յօդուածագիրը մասնաւորապէս նշել է. «Էրտողանը, ով ոչ մի օտար լեզու չգիտի, 1918 թուականին կործանուած Օսմանեան կայսրութեան լեզուն կրթական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն է յայտարարել: Ողջ աշխարհում կրթութեան պատասխանատուները պայքարում են, որ իրենց երկրի երեխաները լաւ անգլերէն կամ էլ աշխարհում շատ կիրառութիւն ունեցող մէկ այլ ժամանակակից լեզու սովորեն: Իսկ թուրքական կառավարութիւնը ցանկանում է, որ երիտասարդ սերունդը սովորի 100 տարի առաջ կիրառութիւնից հանուած պալատական լեզուն: Այդ լեզուն 21-րդ դարում ո՛չ նոր գիտելիք է տալիս, ո՛չ էլ դարի պահանջմունքներն է բաւարարում: Իսկ նախագահ Էրտողանը իր երկրի 17.5 միլիոն աշակերտներին ասում է. «Դուք, ուզէք թէ չուզէք, օսմաներէն պիտի սովորէք»:

Յօդուածագիրը, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն հանգամանքին, որ օսմաներէնը դեռ 20-ական թուականներին է կիրառութիւնից հանուել, ու փոխարէնը մտցուել ժամանակակից թուրքերէնը, գրում է. «Այստեղ նախագահի համար կարեւորը իր երկրի լեզուական ժառանգութիւնը չէ, Էրտողանը այս քայլով ցանկանում է խրախուսել Թուրքիայի վերադարձը իսլամական արմատներին»:

«Ագշամ» Թերթի Սիւնակագիրին Կողմէ. Ծանր Վերագրումներ Յակոբ Մարթայեանին
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Ագշամ» թերթի սիւնակագիր Էմին Փազարճը իր սիւնակին մէջ շատ ծանր ու անիրաւ յարձակում մը ունէր մօտիկ անցեալի անմոռանալի լեզուաբան Յակոբ Մարթայեանի անուան վրայ` զայն ցոյց տալով իբրեւ խառնակիչ մը, որ կը պահէր իր հայկական ծագումը ու կը գործածէր միայն Ա. Տիլաչար անունը, որ հին թրքերէնին տեղ նոր ու յերիւրածոյ թրքերէն մը ստեղծած էր ու թուրք ժողովուրդին պարտադրած էր այդ նոր անճոռնի լեզուն:

Էմին Փազարճըի յօդուածը անշուշտ իբրեւ մեկնակէտ ունի կառավարութեան նոր որոշումը, ըստ որուն, դպրոցներու մէջ կրկին պիտի դասաւանդուի օսմաներէնը: Օսմաներէն ըսուածը բոլորս ալ գիտենք, որ իրականութեան մէջ հին թրքերէնն է: Էմին Փազարճը դէմ կու գայ բոլոր անոնց, որոնք հիմա կը հակառակին օսմաներէնի դասաւանդութեան: Ան կը պաշտպանէ հին լեզուն` պնդելով, որ տասնամեակներ առաջ անօրինակ բռնակալութեամբ ու բռնի ուժով թուրք ժողովուրդին «կլլեցուցին» նոր լեզու մը, որուն պատճառով հայրերը իրենց զաւակներուն հետ չէին կրնար խօսիլ այլեւս: Թրքերէն լեզուէն պարսկերէն ու արաբերէն բառերը մաքրագործելու պատրուակին տակ կենդանի թրքերէնը վերցուեցաւ ու հրապարակ դրուեցաւ արհեստական թրքերէն մը:

Էմին Փազարճը այսքան խիստ տողերով դատապարտելէ ետք նոր թրքերէնը, այսպէս կը շարունակէ.

«Եւ գիտէք, թէ ո՛վ ըրաւ այս բոլորը

Յակոբ Մարթայեան:

Թուրքիոյ քաղաքացի հայ մըն էր ան, աւելի վերջ անունը փոխուեցաւ որպէս «Տիլաչար»: Դարձաւ Թուրքիոյ լեզուական կաճառի գլխաւոր մասնագէտ եւ առաջին ընդհանուր քարտուղար: Երբեք չգործածեց Յակոբ անունը: Անունը միշտ գրուեցաւ Ա. Տիլաչար: Շատ հետաքրքրական է: Մինչեւ 1979 թուական թրքերէնը լեզուն պարզացնելու աշխատանքին միշտ ան է, որ առաջնորդութիւն ըրաւ, մեր լեզուն իրական սպանդի մը ենթարկուեցաւ: Նոր բառեր, որոնք թրքերէնի ծնունդ տուող Ուրալ-Ալթայ լեզուական խմբակին հետ բնաւ կապ չունէին, որպէս զուտ թրքերէն` պարտադրուեցան այս ժողովուրդին:

Յակոբ Մարթայեան մինչեւ 1979` իր մահուան թուականը, շարունակեց Թուրքիոյ լեզուական կաճառին մէջ իր ունեցած պարտականութիւնը: Տարիներով խաղաց թրքերէնին հետ: Այս երկրին մէջ թրքերէնի սպանդը ո՛չ թէ աւելի առաջ, այլ 1970-ական թուականներուն է, որ ապրուեցաւ: Հետաքրքրական է, որ Ա. Տիլաչարին ո՛վ ըլլալը միշտ պահուեցաւ այս ժողովուրդէն: ԹՌԹ-էն ալ 1979-ին անոր մահուան լուրը հաղորդեց` ըսելով, որ` «Ատիլ Աչար մեռաւ»: Պէտք է որ ժողովուրդը սորվի ասիկա»:

Անկարելի է չզարմանալ այս մեկնաբանութիւնը կարդալով: Իսկ սովորական ընթերցողը կրնայ զարմանալ` մտածելով, որ այս Յակոբ Մարթայեանը ի՜նչ ուժեղ ու հնարամիտ մարդ է եղեր, որ ինքնիրեն կրցեր է ջնջել ամբողջ լեզու  մը ու անոր տեղ թուրք ժողովուրդին պարտադրեր է նոր լեզու մը:

Էմին Փազարճը չի՞ գիտեր, որ Մարթայեան Աթաթիւրքին կողմէ արտասահմանէն կանչուած էր, որպէսզի օգնէ թրքերէնը յեղաշրջելու աշխատանքին, չի՞ գիտեր, որ Տիլաչար մականունը անոր տրուած էր Աթաթիւրքին կողմէ, չի՞ գիտեր, որ Մարթայեան իր հայ ըլլալը գաղտնի պահելու համար չէ՛ր, որ Ա. Տիլաչար կը ստորագրէր, ատիկա կը պատահէր, որովհետեւ «Յակոբ» հայկական անուան դէմ անհանգստութիւն եւ խտրականութիւն կար մայրաքաղաքին մէջ, թէ` Մարթայեան մեծ ծառայութիւններ մատուցեց` տարիներ շարունակ խմբագրելով նաեւ Թրքական հանրագիտարանը, իրականութեան մէջ Մարթայեան մինչեւ իր մահը չէ, որ մնաց Թուրքիոյ լեզուական կաճառին մէջ, աւելի առաջ հեռացաւ այդ պաշտօնէն եւ այլն, եւ այլն:

Թրքերէնը արդիականացնելու աշխատանքը, ինչպէս` լատինական տառերու ընդգրկումը, Աթաթիւրքին գլխաւորութեամբ ստեղծուած յեղաշրջական շարժում էր: Մարդ կրնայ կողմնակից ըլլալ Աթաթիւրքին կողմէ ստեղծուած այդ շարժումին, կամ կրնայ կողմնակից չըլլալ, բայց անիրաւութիւն է Յակոբ Մարթայեանը ցոյց տալ որպէս այդ շարժումին վնասագործ առաջնորդն ու պատասխանատուն: Մենք շատ լաւ գիտենք եւ, ով գիտէ, տակաւին որքան շատ մարդ գիտէր, որ ան Անգարայի մէջ տարիներ շարունակ որքա՜ն բարեացակամութեամբ գործադրեց այն պարտականութիւնը, որ դրուած էր իր վրայ: