50 Տարի Առաջ Archives - Aztag Daily

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Հայութեան Տեսիլքը

Ժամանակի անհատնում շղթայի այս օղակն ալ կը սուզուի անցեալին գիրկը, եւ Նոր տարին կը թեւակոխենք բացառիկ պայաններու ներքեւ, որոնք ամբողջ հայութեան կեանքը պիտի յատկանշեն գալիք օրերու ընթացքին:

Բացառիկ պայմաններ, որովհետեւ յիսուն տարի առաջ պատահած անագորոյն դէպքերու յաճախանքը պիտի ապրի իւրաքանչիւր հայ` հոգեբանական այն պատրաստութեամբ, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ծաւալեցաւ գաղութէ գաղութ` մէկ գաղափարի եւ մէկ մտասեւեռումի սպասարկուն դարձնելով ամբողջ ժողովուրդ մը:

Սովորական մաղթանքներու տարի մը պիտի չըլլայ 1965-ը: Գալիք երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերը բացառիկ արժէք եւ իմաստ պիտի ունենան մեզի համար: Իւրաքանչիւր հայ պիտի հարստանայ ներկայութեամբը սիրելի դէմքերու, որոնք մեր կեանքին մասնիկն էին երէկ, ու հիմա անաւարտ երազի մը զանգահարները կը հանդիսանան` դաժան, այլ քաղցր բռնակալութեամբ մը ցնցելով բոլոր անտարբերութիւնները:

Յիսնամեակի առթիւ հոգեկան այս հարստացումը, որուն հաստատումը կը կատարենք գրեթէ ամէն օր, անձնական ապրումներու, թէ հանրային մտահոգութիւններու ծիրին մէջ, հիմնական նախապայմանն է այն նպաստաւոր մթնոլորտին, որուն ստեղծման կը ձգտի հայութիւնը` ի խնդիր իր սրբազան Դատին:

Յիսուն երկա՜ր տարիներ մեզ կը բաժնեն այն աղէտէն, որ մերն էր երէկ` իր դառն իրականութիւններով, բայց նաեւ` վերազարթնումի մէջ եղող ժողովուրդի մը վառ յոյսերով: Այսօր ալ, թէեւ հեռու, թէեւ հորիզոններ անդին, ան մերը ըլլալէ աւելի, մեր մէջն է դարձեալ, խառնուած է մեր ամէնօրեայ կեանքին, մեր զգացումներուն եւ մտածումներուն` գերակշիռ զօրութեամբ մը:

Յիսուն տարինե՜ր, ցաւի եւ սփոփանքի, յոյսերու եւ դառնութիւններու, պարտութիւններու եւ յաղթանակներու: Տաք ու պաղ օրերու յիսնամեակ մը ամբողջ, որ կու գայ ու կը ծանրանայ 1965-ի ուսերուն` խտացնելով այդ բոլորը:

1965-ի ընթացքին, որքան ալ մեր Դատը պայմանաւորուած չըլլայ ժամանակով ու չոր թիւերով, իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի ի՛ր կեանքը, ու նաեւ` իր ժողովուրդինը, ամէն մէկը ընդլայնելով իր հանրային հետաքրքրութեան շրջանակը, այդ յաւելեալ հետաքրքրութիւններու գումարը վերածելով ազգային կիրքի, գիտակից ու ծանրախոհ մօտեցումով:

Աքսորի ճամբաներէն, հուրի եւ սուրի արհաւիրքէն փրկուած բեկորներու ժառանգորդները նուիրական արժէքներու նոյն ուխտակիրներն են այսօր` հայութեան եւ հայրենիքի նոյն պաշտամունքով:

Հոգեփոխուած հայութիւն մը, խոր գիտակցութեամբը պատմական եւ քաղաքակրթական իր դերին, աւելի քան երբեք վճռական ու անյողդողդ, 1965-ի սեմէն ներս ոտք կը դնէ ճակատը բարձր` պատմական առաքելութիւն մը կատարելու նախանձախնդրութեամբ:

Ժողովուրդները իրենց անմահութեան գաղտնիքը կը խլեն մեծ աղէտներէն: Հայ ժողովուրդը քսաներորդ դարուն ճաշակեց դառնութիւնը աղէտներու ամէնէն դաժանին` իր արեան տուրքը տալով միլիոններու ծով արիւնով:

Այդ արիւնէն, կրակներէն վերածնած հայը նոյն ճամբորդն է այսօր իր ժողովուրդի անմահութեան ճամբաներուն: Երկար է ճամբան ու տաժանելի, բայց այնքան շքեղ է հայութեան տեսիլքը, այնքան հարուստ մեր հոգեկան ժառանգութիւնը, որ ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ արգելք հանդիսանալ մեր քայլերուն:

Ասիկա հաւատք է մեր ժողովուրդին համար, աւելի քան երբեք` հզօր ու ստեղծարար:

1965… ներքին զրահումի, հայութեամբ լիանալու, հարստանալու տարի:

Հաւաքական կամքի արտայայտութիւն` համազգային շքեղ երազներու տեսիլքով:

Սրբազան ուխտ` անդուլ պահանջատէրի արիւնագիր մուրհակին վրայ:

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1964)
Կոչ Համայն Հայութեան

Սողոմոն Թեհլիրեանի

Յուշարձանին Կառուցման Առթիւ

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ ի սփիւռս աշխարհի,

Ֆրեզնոյի հայոց «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, աճիւնները առժամաբար Ֆրանսա փոխադրուած ազգային հերոս զօր. Անդրանիկի նախկին դամբանի կողքին, պարզ ու խոնարհ շիրմաքարի մը տակ կը հանգչի մարմինը ազգային անզուգական այլ հերոսի մը` յանձին Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 1921 մարտ 15-ին, յանուն արդարութեան ապրիլեան հայաջինջ Եղեռնին բո՛ւն հեղինակը տապալեց գետին, Պերլինի հրապարակին վրայ:

Գերման ոճրադատ ատեանը եւ մարդկութեան խիղճը անպարտ արձակեցին զինք` գործուած աքթը նկատելով արդարանալի, որովհետեւ ամբողջ անմեղ ժողովուրդ մը Գողգոթա առաջնորդող հրէշ մը չէր կրնար խուսափիլ արդարութեան դատաստանէն: Ճակատագիրը, հուսկ ուրեմն, նետեց զինք Ամերիկայի ազատ ափերուն վրայ, ուր թեթեւցած խիղճով 1960 մայիս 23-ին յաւիտենականութեան փակեց իր աչքերը` հայրենիքի տաք կարօտը սրտին:

Չորս տարիներէ ի վեր անոր առժամեայ հանգստարանը Ֆրեզնոյի հայոց գերեզմանատան մէջ դարձած է արդէն ուխտատեղի, ուր ամէն տարի Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու հեռաւոր շրջաններէն ուխտաւոր բազմութիւններ կու գան խոնարհիլ անոր շիրիմին առջեւ` յարգանքի եւ երախտագիտութեան իրենց տուրքը տալու աննահանջ մարտիկին, որուն բովանդակ կեանքը եղաւ համակ նուիրում իր ժողովուրդին եւ ապա դարձաւ խորհրդանիշ` անոր ազգային արդար վրէժխնդրութեան:

Իր մահուան չորրորդ տարելիցին եւ Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի սեմին, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն որոշած է հերոսին անունին արժանի յուշարձան մը կանգնել շիրիմին վրայ` յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ վերածելու այդ հանգստարանը ազգային հպարտանքի եւ ներշնչումի իրական պանթէոնի մը` ներկայ եւ ապագայ բոլոր հայ սերունդներուն համար:

Իրագործելու համար առաջադրուած նպատակը ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի յանձնարարութեամբ, կը ձեռնարկէ յուշարձանի կառուցման եւ այդ առթիւ կատարուելիք համազգային եւ համաժողովրդական նուիրատուութեանց հաւաքման գործին:

Արդ, կոչ կ՛ընենք համայն հայութեան սփիւռքի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդի բոլոր տարրերուն եւ հատուածներուն անխտի՛ր, իրենց սրտէն բխած նուէրներով մասնակցելու համազգային այս հանգանակութեան` ցոյց տալու համար Թալէաթներու ժառանգորդներուն, որ հայ ժողովուրդը Ապրիլեան եղեռնէն յիսուն տարի ետք ո՛չ միայն սթափած է իր ստացած ճակատագրական հարուածէն, այլեւ աւելի՛ քան կենսունակ կանգնած է ոտքի եւ դափնի կը հիւսէ իր հերոսներուն համար:

Վստահ ենք, որ երախտագէտ եւ ազգային արժանապատուութեան նախանձախնդիր ամէն հայ սիրով պիտի ընդառաջէ այս կոչին, որովհետեւ անմահներու փաղանգին միացած Սողոմոնը կը պատկանի բովանդակ հայութեան: Ճշմարիտ հերոս մը, որ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր սրբազան վրէժխնդրութեամբ հպարտութեամբ ուռեցուց կուրծքը յետեղեռնի հայութեան:

ՀՅԴ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

Ներկայ կոչը ղրկուած է սփիւռքի հայ մամուլին անխտիր: Նուիրատուութիւններ պիտի կատարուին ուրեմն ամէն երկրի մէջ: Ամէն հայ իր նուէրը կրնայ ղրկել հասցէին այն թերթին, որուն մէջ կը կարդայ այս կոչը: Նուիրատուներու անուններն ու նուիրուած գումարները իր ատենին պիտի յայտարարուին կոչը հրատարակող թերթերուն մէջ, եւ այդ պիտի ծառայէ իբրեւ ստացական:

Այս սրտաբուխ նուիրատուութեանց վերջին պայմանաժամը պիտի ըլլայ 30 ապրիլ 1965: Սոյն կոչը հրատարակող բոլոր թերթերէն կը խնդրուի իրենց մօտ հաւաքուած ամբողջական գումարը փոխանցել վարի հասցէին.

Սողոմոն Թեհլիրեան Մեմորիալ Ֆոնտ

Փոստարկղ 19684, Ռիմփօ Սթա.

Լոս Անճելըս 19, Քալիֆորնիա

Տոմսեր

Նոր Սերունդ

Նոր ըլլալ` կը նշանակէ մոռնալ հինը, ուրանալ անցեալը, մանաւանդ` հակադրուիլ այդ անցեալին:

Նոր սերնդականները, ինտելիկենցիան, այսինքն` կէս արուեստագտ կէս մտաւորական կէս բանաստեղծ տղաքը, որոնք ման կու գան կէս մօրուքով, մետաքս խոշոր փողկապ-վզնոցով, որոնք իրենց բառերուն կը սիրեն խառնել Սարթրի բառերը, Քամիւի անունը, այս տղաքը արհամարհանք ունին ամէն կարգի աւանդութիւններու հանդէպ:

Կը քարոզեն ազատասէր.

Կը խօսին արդի արուեստէ վերացական նկարչութենէ.

Կ՛արտասանեն Ափոլիներ.

Անպայմանօրէն օտարազգի կին կ՛ուզեն առնել, որովհետեւ անոնք սիրել գիտեն (կ՛ըսեն)… եւ կ՛աւելցնեն, թէ անշուշտ մեր արեւելքցիի ընթացիկ բարոյական սակերը արժէք չունին այս պարագային:

Նորսերնդականները` մանչ, աղջիկ, կը սիրեն օտար լեզու մը խօսիլ, մա շեր, ինչպէ՞ս կարելի է հայերէնով արտայայտել զգացումներ, կարելի չէ…

Նոր սերնդականները յաճախ ալ կը փոխեն իրենց անունները` աւելի եւրոպականանալու համար. այսպէս` Սոնան կ՛ըլլայ Սոնիա, մեր Վերգինէն` Վերա, Սիրվարդը` Սիլվի, Թովմասը` Թոմի, Յակոբը` Ժաք, Սերոբը` Սերօ, Անդրանիկը` Թոնի, Զապէլը Զազա…

Նորսերնդականնե՞րը… եթէ ձեր տան մէջ չունիք, կ՛ունենաք քանի մը տարիէն, այնքան կը շատնան արագ, բայց կը մարին արագ, կը բաւէ, որ հաստատուին, աշխատին, կարգուին:

Նորսերնդականները կարծիք կը յայտնեն ամէն հարցի մասին, կը հետապնդեն գոյութիւն չունեցող հարցեր. անկասկած` դատարկապորտներ են, որոնք տակաւին կ՛ուտեն իրենց հօր վաստակած դրամը…

Նորսերնդականները ընկերային ցեցեր են. կը քանդեն, չեն շիներ, կը քանդեն իրենք զիրենք. հոգիներ են, որոնք կը տառապին ուշագրաւ դառնալու մարմաջէն…

ՄԱԿԱՐ

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Երբ Իրենք Կը Խոստովանին…

Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթին խմբագրապետը` Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ, որ լրագրութեան մէջ մազ-մօրուք ճերմկցուցած է վեթերան մըն է, վերջերես եզակի անկեղծութեամբ մը եւ դառնութեամբ կը նկատէր, թէ` «Թուրքիա կսկծալի եւ ամօթալի վիճակի մը մատնուած է»:

Իբրեւ օրինակ յիշելով Աւստրիան եւ Դանիան, որոնք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ենթարկուեցան Հիթլերեան բռնակալութեան եւ ահաւոր զրկանքներու, բայց հազիւ բռնութեան լուծը թօթափած` վերականգնեցան ու այսօր տնտեսական բարգաւաճ վիճակի մը մէջ կը գտնուին, թուրք յօդուածագիրը ափսոսանքով կ՛աւելցնէր, թէ «մեր հսկայ Թուրքիան, որուն հպարտութենէն, նետել-բռնելէն չէք կրնար կենալ, օգնութեան դրամ ստացեր է այդ երկու փոքրիկ երկիրներէն` Աւստրիայէն եւ Դանիայէն»:

Այս հաստատումը կատարելէ ետք Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ կը փորձէր կացութեան խոր պատճառներուն թափանցել եւ ապշեցուցիչ խոստովանութեամբ մը կը յարէր. «Աւստրիոյ եւ Դանիոյ նման երկիրներու համար սա մեր Պոլսոյ լերկ ու անմշակ լեռներն անգամ բերրի եւ արդիւնաբեր հողեր կրնան ըլլալ: Անատոլուի մէջ երբ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կային, մեր հողերը, զորս հիմա կ՛արհամարհենք իբրեւ թափուր բացաստաններ, արեւմտեան Անատոլուէն աւելի ճոխ այգեստաններ էին, անոնցմէ աւելի գինեւէտ»:

Տասնամեակներէ ի վեր մենք ալ ուրիշ բան ըրած չունինք: Կ՛ըսեն մանաւանդ այսօր, յիսուն տարի ետք այն ահաւոր ոճիրէն, որ այդ հողերը դատարկեց իր «քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն», ինչպէս կ՛ըսէ թուրք լրագրողը, չտալու համար բուն անունը այն ժողովուրդին, որ իր հայրերը ջարդեցին ու տեղահան ըրին, այսօրուան անապատն ու աւերակները ժառանգ ձգելով Աթայներուն:

«Տիւնիա»-ի խմբագիրը մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ, երբ կ՛ափսոսայ երբեմնի գինեւէտ շրջաններու այսօրուան ողբալի վիճակին համար: Այդ վիճակը կու տայ պատմական եւ աշխարհագրական վկայութիւն մը, զոր չեն կրնար ուրանալ ո՛չ Անգարան եւ ո՛չ ալ այն պետութիւնները, որոնք շահագրգռուած են Փոքր Ասիոյ տնտեսական ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ:

Պատմական եւ աշխարհագրական այդ վկայութիւնը այն է, որ Անատոլուն` Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները, որոնք անանջատելիօրէն մաս  կը կազմեն միացեալ Հայաստանին, կրնան երբեմնի իրենց բարգաւաճ եւ «գինեւէտ» վիճակը վերստանալ միայն այն ատեն, երբ կը վերաբնակուին իրեն բուն տէրերէն: Այդ շրջաններու բարգաւաճումն ու զարգացումը պայմանաւորուած է հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Դարերու պատմութեան ընթացքին  ոչ մէկ ժողովուրդ կրցած է Հայկական Բարձրաւանդակը բնակելի դարձնել ու զարգացնել` բացի հայ ժողովուրդէն: Ժայռերէն հաց հանող հայը միայն կրցած է այսօր  «արհամարհանքի արժանացող թափուր բացաստանները» ճոխ այգեստաններու վերածել: Ու հիմա, որ այդ հողերը դատարկուած են իրենց տէրերէն, ամայութիւն եւ աւերակ է ամէն կողմ, չկան շէն գիւղեր եւ արդիւնաշատ հողեր, այլ միայն բուեր կը վայեն անտէր երդիքներու վրայ:

Քանի որ Աթայ այնքան առաջ գացած է փնտռելու եւ գտնելու համար Թուրքիոյ սնանկութեան բուն պատճառը, կրնար քայլ մը եւս առնել` դարմանի մասին մտածելու համար:

Այդ դարմանը մենք տասնամեակներէ ի վեր կ՛առաջարկենք ու մեր պապենական հողերուն վրայ ամուլ կերպով նստած թուրքը խուլ կը ձեւանայ:

Նոյն դարմանը այսօր եւս ի զօրու է, քանի դեռ ուշ չէ: Քանի դեռ օտար դրամով Թուրքիան կը պահուի սնանկութեան եզրին:

Փոքր Ասիոյ այդ շրջաններուն մէջ խաղաղ ու արդիւնաւոր կեանքի պայմաններ չեն կրնար ստեղծուիլ, այնքան ատեն որ այդ շրջանները չեն վերադարձուած իրենց բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1964)
Հայագիտական Կեդրոններու

Պահանջը

Հաղորդուեցաւ, թէ հայրենակից մը խոստացած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քսան հազար տոլար նուիրել` իր անունով հայագիտական ամպիոն մը եւ ուսուցչանոց հաստատելու համար Պէյրութի մէջ:

Յիշեալ հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, Պէյրութէն վերադարձին, քաղաքիս մէջ տուած իր դասախօսութեան ընթացքին ու «Հայրենիք»-ին կատարած իր յայտարարութիւններով շեշտած էր անհրաժեշտութիւնը ուսուցչանոցի մը, նաեւ հայագիտական կեդրոնի մը` Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Հաճելի է տեսնել, թէ  այս յայտարարութիւնը այնքան փութով արձագանգ գտած է Հայ կրթական հիմնարկութեան շրջանակէն ներս, եւ արդէն կրթասէր հայրենակից մը, որ առայժմ անանուն կը մնայ, քսան հազար տոլար կը նուիրէ յիշեալ երկու ծրագիրներու իրագործման համար:

Հայագիտական կեդրոն եւ ուսուցչանոց` երկուքն ալ անհրաժեշտ հաստատութիւններ են, եթէ որոշած ենք սփիւռքի մէջ պահել ու զարգացնել մեր ազգային մշակոյթը, դպրոցները, որոնք մասնաւորաբար կը տառապին ուսուցիչներու պակասէն:

Հայագիտութիւնը, որ երբեմն կը ծաղկէր արտասահմանի մէջ, եւ յատկապէս` Մխիթարեան միաբանութեանց  երկու վանքերուն մէջ, Վենետիկ եւ Վիեննա, այժմ գրեթէ հայաստանեան մենաշնորհ մը դարձած է, եթէ բացառութիւն նկատենք Վիեննայի Մխիթարեաններուն  շարունակած որոշ աշխատանքները: Հայաստանի հայագէտները պատկառելի վաստակ ունին, սակայն սփիւռքը չի կրնար շարունակ «մշակութային նպաստընկալ»-ի դերին մէջ մնալ` հայրենիքէն ակնկալելով միայն իր հայագիտական հետաքրքրութեանց եւ պահանջին գոհացումը, առանց սեփական վաստակի:

Այսօր, ակնարկ մը միայն մեր մամուլի վրայ, բաւական է հաստատելու համար, թէ որքան «նպաստընկալ» դարձած ենք Խորհրդային Հայաստանի: Հայագիտական, պատմական երկեր, յօդուածներ, մենագրութիւններ լոյս կը տեսնեն Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ու իրենց լուրջ բովանդակութեան պատճառով անոնք կ՛արտատպուին սփիւռքի բոլոր հայ թերթերէն:

Չենք բողոքեր այս կացութեան համար, սակայն չենք կրնար շեշտել միաժամանակ, թէ սփիւռքի աղքատութիւնն է, որ կը ցուցադրուի այս ձեւով, որովհետեւ մենք զուրկ ենք համապատասխան աշխատանքներէ, այնպիսի մարզի մը մէջ, որ կենսական է գաղութներու ազգային անկախ ոգիին ու մշակոյթին պահպանման համար:

Ազատ աշխարհին մաս կազմող սփիւռքը պէտք է ունենար իր քանի մը հայագիտական կեդրոնները, որոնց մէջ պատրաստուած մասնագէտներ լրջօրէն եւ արդիական տուեալներով պիտի ուսումնասիրէին մեր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, տալով գործեր, որոնք որեւէ քաղաքական ազդեցութենէ անկախ, պիտի կրնային նոյնիսկ հայրենիքի գիտնականներուն եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւել, մինչդեռ այժմ հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ` խիստ աննպաստ կացութեան մէջ դնելով սփիւռքի յաւակնութիւններն ու ձգտումները, ապագայի նկատմամբ:

Եթէ կարելի ըլլար գէթ Պէյրութի մէջ հաստատել հայագիտական կեդրոն մը, առայժմ` ամպիոնի անունով, նոր կռուան մը պիտի հանդիսանար ան մեր ժողովուրդին համար, իր նոր սերունդներուն ազգային կրթութեան տեսակէտէն:

Շատ աւելի կարեւոր է հայ ուսուցչանոցի մը հաստատումը, որուն կը նպաստէ, դարձեալ անանուն նուիրատուն:

Դպրոցներ ունինք, հոծ գաղութներու մէջ, եւ նորեր կը շինենք. սակայն յաճախ կը յայտարարուի, թէ ուսուցիչներ կը պակսին, մանաւանդ` որակաւորներ եւ ասպարէզին պահանջած շնորհներով օժտուածներ: Ուսուցչութիւնը կրնայ արհամարհուիլ տգէտներու կողմէ միայն, սակայն չի դադրիր ըլլալէ մէկը ամէնէն կարեւոր ասպարէզներէն, որոնք սերունդ կը պատրաստեն, եւ հետեւաբար, ժողովուրդի մը ապագան:

Առանց ընտիր, պատրաստուած ուսուցիչներու` մեր ամէնէն գեղեցիկ դպրոցները դատապարտուած պիտի ըլլան մնալու «դատարկ» շէնքեր միայն, ուր ոգին եւ գաղափարը պիտի բացակային, տեղ տալով հասարակ դասատուին:

Ուսուցչանոցը պիտի պատրաստէ ուսուցիչներ, որոնք իրենց կարգին, աշակերտութեան պիտի ներշնչեն այն լուրջ պատասխանատուութիւնը, որ հայ ըլլալը կը նշանակէ` իբրեւ մարդ եւ իբրեւ ազգային:

Շա՜տ ուսանողներ ունեցանք եւ ունինք տակաւին սփիւռքի մէջ, սակայն ցաւալի է ըսել, թէ անոնց մեծագոյն մասը անհատապաշտներ դարձան եւ քիչեր միայն հետաքրքրուեցան ազգային պարտականութիւններով: Բաւական շօշափելի նիւթական միջոցներ ալ սպառեցան, եւ սակայն ազգը իր ակնկալած օգտակարութիւնը չտեսաւ այդ զոհողութիւններէն: Ապացոյց` այն իրողութիւնը, թէ այնքան քիչեր յօժարութիւն ցոյց կու տան հանրային ասպարէզի ծառայութեան համար:

Սփիւռքը այժմ կը գտնուի իր ամէնէն տագնապալի շրջանին մէջ, եւ իր բոլոր միջոցները պիտի գործածէ` հնարաւոր իմաստութեամբ, նոր սերունդը պատրաստելու համար իբրեւ գիտակից ու պարտաճանաչ հայ:

Ժամանակ չունինք վատնելու կամ կորսնցնելու համար: Այսօր ապրող սերունդները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն պատրաստութիւնը հայ ապագային:

Բարերարներ ու նուիրեալներ այսօր պէտք են մեզի` ամէնէն ամուր հիմերու վրայ հաստատելու համար հայ կեանքը, որ պէտք է շարունակուի, ցոյց տալով նաեւ ազատ հայագիտութեան գերակշռութիւնը, բռնակալութեան ենթակայ ու հետեւաբար երբեմն միակողմանի գիտութեան վրայ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

1965-ը Պիտի Ըլլայ Սարսափելի Տարի Մը…

Ուիլսըն Պիտի Մեռնի, ՄԱԿ-ը Պիտի Լուծուի Եւ

Ասիոյ Մէջ Պատերազմ Պիտի Ծագի

«Մարգարէութիւններու մեծ գիրքը» հրատարակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ: Գերման աստղաբաշխական դասական այս մեծ գործը ամէն տարի այս օրերուն անհամբերութեամբ կը սպասուի աւելորդապաշտներու կողմէ:

Հեղինակն է գերման գուշակ Հանրիխ Հիւթեր, որ լաւատես չէ երբեք 1965-ի համար: Ստորեւ` իր քանի մը գուշակութիւնները.

– Անգլիոյ վարչապետ Ուիլսըն պիտի մեռնի:

– Գերմանիոյ վարչապետ Էրհարթ ինքնաշարժի կամ օդանաւի ծանր արկած մը պիտի ունենայ:

– Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պիտի լուծուի:

– Չինաստան պիտի յարձակի Ֆորմոզայի վրայ, ինչ որ ընդհանուր պատերազմ պիտի շղթայազերծէ 1966-ին Ասիոյ մէջ:

– Խառնակութիւններ պիտի ըլլան Ֆրանսայի մէջ, որ աղէտներու պիտի ենթարկուի:

– Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին ծանր հիւանդութեան մը պիտի ենթարկուի:

– Քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն մը պիտի մեռնի Սպանիոյ մէջ, ու երկիրը յեղաշրջում մը պիտի ունենայ:

– Քաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի ըլլան Լեհաստանի եւ Չեխոսլովաքիոյ մէջ:

Ըստ երեւոյթին, միայն մէկ բան պիտի չփոխուի: Այդ ալ Զուիցերիոյ աւանդական  չէզոքութիւնն է:

Երկար ատեն աստղերը դիտելէ ետք գերման մոգը կ՛երաշխաւորէ իր գուշակութիւնները…

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1964)
Պէյրութ` Մեր Քաղաքը

50.000 Ինքնաշարժ

Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ

Լուսանշաններու Կանոնաւորութիւնը

Անհրաժեշտ Է Երթեւեկը Դիւրացնելու Համար

Իշխանութիւնները հաստատեցին մէկուղի ճամբաներ, ստեղծեցին կանաչ գօտի մը, զետեղեցին ինքնագործ լուսանշաններ, պարտադրեցին տեղւոյն վրայ գանձուող տուգանքներ, բայց հազիւ յաջողեցան քիչ մը աւելի արագ երթեւեկի հնարաւորութիւն ընծայել Պէյրութի մէջ: Երթեւեկի խնդիրը իսկապէս անլուծելի՞ է մայրաքաղաքին մէջ:

Մէկ կողմէ հետիոտն քաղաքացիները եւ շարժավարները, միւս կողմէ` երթեւեկի ոստիկանները նոյն անզօրութեան առջեւ կը գտնուին: Վերջինները չեն յաջողի օրէնքները կիրարկել, իսկ առաջինները չեն կրնար կամ չեն ուզեր զանոնք յարգել: Փողոցի խառնակութիւնը մեծ մասամբ հետեւանք է զայն գործածողներու անկարգապահութեան: Եւ սակայն ասիկա այնքան կրկնուեցաւ, որ հիմա կը կարծուի, թէ Պէյրութի երթեւեկի դժուարութեանց միակ պատճառը այդ է: Անցորդներն ու շարժավարները անշուշտ մեղաւոր են, բայց իշխանութիւնը եւս ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը: Ան ալ մեծ ճիգ մը պէտք է ընէ: Պէտք է կազմակերպուի` կարենալ կազմակերպելու համար երթեւեկը:

Անկասկած, երբեմն ականատես կ՛ըլլանք իշխանութեան կողմէ գիտակցութեան որոշ զարթնումի մը: Ի զօրու կը դրուին օրէնքներ, որոնք չէին կիրարկուեր: Նոր կարգադրութիւններ կ՛ըլլան: Բայց եւ այնպէս, երթեւեկի կանոնաւորման ի նպաստ իշխանութեան ճիգը կը մնայ անբաւարար, անազդու եւ թերի: Եթէ մօտէն քննենք, հարցը զարմանալի չի թուիր, այլ ընդհակառակն, բնական: Որովհետեւ Պէյրութի երթեւեկին երկու պատասխանատու մարմինները` քաղաքապետութիւնն ու երթեւեկի ջոկատը յարմարագոյն միջոցներէն զուրկ են: Քաղաքապետութիւնը պէտք ունի թեքնիք գրասենեակի մը, կազմուած` մասնագէտներէ, որոնց միակ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել երթեւեկը կազմակերպելու միջոցները: Երկրորդը պէտք եղած թիւը չունի:

Ըստ քաղաքապետական օրէնքին, Պէյրութի երթեւեկը կ՛իյնայ մայրաքաղաքի կուսակալութեան պատասխանատուութեան տակ: Կուսակալ Էմիլ Եաննի նախագահութեան տակ գտնուող յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Պէյրութի ոստիկանութեան հրամանատարը, երթեւեկի ջոկատին պետը եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեայ ճարտարագէտ մը, երթեւեկը կազմակերպելու պաշտօն ունի: Հարկ եղած պարագային կրնայ դիմել մասնագէտներու:

Բոլոր որոշումները պէտք է վաւերացուին կուսակալին կողմէ: Այս յանձնախումբն է, որ կու տայ երթեւեկի կազմակերպման վերաբերեալ որոշումները: Անոր աշխատանքը մեծ մասամբ փորձառական հիմ ունի: Գործնական փորձառութեան բերած դասերու լոյսին տակ այս կամ այն միջոցը ձեռք կ՛առնուի:

Ուստի, առ ի չգոյէ մնայուն կերպով երթեւեկի կազմակերպումը ուսումնասիրող մասնագէտներու գրասենեակի մը եղած կարգադրութիւնները մանրամասնութիւններու կը վերաբերին: Գոյութիւն չունի ընդհանուր ծրագիր մը երթեւեկի կազմակերպման համար, ծրագիր մը` ճկուն, փոփոխելի օրը օրին` նայած նոր պահանջներու, յատուկ երթեւեկի կարիքներուն:

Երթեւեկի յատուկ թեքնիք գրասենեակ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը յստակօրէն ի յայտ կու գայ, երբ կը քննենք լուսանշաններու աշխատման խնդիրը: Յանձնախումբի անդամ ճարտարագէտին պարտականութիւն տրուած է հաստատելու այդ լուսանշանները: Բայց անոր բուն պաշտօնը ուրիշ է: Պետն է քաղաքապետական կառատան: Երբ Պէյրութի մէջ ելեկտրական լուսանշաններ հաստատելու որոշումը տրուեցաւ, անոր վստահեցան անոնց յանձանձումը` նկատելով, որ կրնայ ստանձնել երկու պաշտօնները: Սկիզբը դիւրին էր: Միայն քանի մը լուսանշաններ կային: Բայց հիմա որ բազմացած են, անոնց յանձանձումը կը կարօտի յատուկ սպասարկութեան մը:

Ինքնագործ լուսանշանները օգտակար են, երբ անոնց աշխատանքը կանոնաւոր է: Փողոցի մը առանցքին վրայ հաստատուած երկու լուսանշաններ աւելի կը խանգարեն երթեւեկը, քան կը դիւրացնեն, եթէ կանոնաւոր կերպով չգործեն: Պարագան այս է Ֆուատ Ա. պողոտային վրայ: Այդ փողոցին եւ Օմար Խաթթապ ու Պասթա փողոցներու խաչաձեւումներուն վրայ հաստատուած լուսանշանները նոյն կշռոյթով չեն աշխատիր: Ֆուատ Ա. – Օմար Խաթթապ փողոցներու լուսանշանը կանաչ ցոյց կու տայ, երբ երկրորդը կարմիր է, ու` փոխադարձաբար: Ուստի, առաջին լուսանշանին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժները ճամբայ կ՛ելլեն, երբ կանաչ լոյսը կը վառի, կանգ առնելու համար 75 մեթր անդին:

Այլ երկիրներու մէջ նոյն փողոցի առանցքին վրայ հաստատուած լուսանշանները լարուած են այնպիսի ձեւով մը, որ աստիճանաբար նոյն գոյնը կը ստանան իրարու ետեւէ: Անոնց աշխատանքը սենքրոնիզէ եղած է: Կարմիր լոյսի մը առջեւ կանգ առած շարժավար մը, երբ ճամբայ կ՛ելլէ լուսանշանի փոփոխութեամբ, այլեւս կանգ չ՛առներ այլ լուսանշանի մը առջեւ, քանի մը վայրկեան չանցած: Ու այս տրամաբանական է, այլապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ օգտակարութիւնը ինքնագործ լուսանշաններու, եթէ մէկ կողմէ պիտի չապահովեն երթեւեկի արագ ընթացքը` խաչաձեւման կէտերու խճողումը ջնջելով, եւ միւս կողմէ` մեծ թիւով ոստիկաններ անշարժութեան չմատնեն:

Լուսանշաններու գէշ աշխատումը ծանր է, որովհետեւ կրնայ արկածներու պատճառ դառնալ: Ներկայիս այդ լուսանշաններէն շատեր շատ շուտ կանաչէն կարմիրի կ՛անցնին` առանց նարնջագոյնի վրայ կանգ առնելու: Շարժավարը յաճախ քառուղիի մը մէջտեղ կու գայ, երբ լոյսը արդէն կարմիր է: Եթէ հոն կենայ, երթեւեկը կը խանգարէ: Եթէ ճամբան շարունակէ, կրնայ զարնուիլ այլ ինքնաշարժներու, որոնց անցնելու կարգը եկած է:

Եւրոպական մեծ քաղաքներու մէջ լուսանշանները կը կանոնաւորուին ելեկտրոնային ուղեղի մը միջոցով ու ատոր համար ալ արդիւնաւոր են:

Անշուշտ, քաղաքապետութեան մէջ մասնաւոր գրասենեակի մը ստեղծումը պիտի կարօտի նոր ծախսերու, որոնք պիտի գան բարդուիլ քաղաքապետութեան պիւտճէին վրայ: Բայց Պէյրութ, որ կը հաշուէ 600.000 բնակիչ, եւ որուն ինքնաշարժներու թիւը 50.000 է, կրնա՞յ աւելի երկար ատեն առանց նման սպասարկութեան մը մնալ:

ՌՈԺԷ ԺԵՀՇԱՆ

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1964)
Նշան Փալանճեան

Ճեմարանի Յաջողութիւնը

Գերմանական Մշակ. Կեդրոնի

Նկարչական Ցուցահանդէսին

Պէյրութի Գերմանական մշակութային կեդրոնը աշակերտական նկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր, որ տեւեց դեկտեմբեր 11-էն 18: Մասնակցած էին 7 օտար եւ 3 հայ միջնակարգ վարժարաններ: Իւրաքանչիւր վարժարան կը ցուցադրէր քսան նկարներ` գծուած 7-15 տարեկաններու կողմէ:

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը իր նկարչութեան ուսուցչին` ծանօթ նկարիչ Ժ. Կիւվերճինեանի ղեկավարութեամբ, սոյն ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է փոքրիկներու բաժինով միայն, մինչեւ չորրորդ դասարան:

Դատական կազմը, բաղկացած` երկու գերմանացի եւ երեք լիբանանցիներէ, տրամադրուած 30 մրցանակներուն տասը հատը յատկացուցած է Ճեմարանի աշակերտներու գործերուն: Այս ձեւով Ճեմարան առաջնութիւնը շահած է մասնակցող դպրոցներու շարքին մէջ` արժանանալով դատական կազմին մասնաւոր շնորհաւորութեան:

Մրցանակի արժանացած նկարները պիտի ուղարկուին Միւնիխ (Գերմանիա)` աշակերտական համաշխարհային ցուցահանդէսին մէջ դրուելու համար:

Լուսին Ճամբորդութեան Ամերիկահայ Մասնագէտ

Աւետիս Այնթապլեան Պէյրութի Մէջ

Անցած կիրակի Սան Ֆրանսիսքոյէն Պէյրութ ժամանեց ընկ. Աւետիս Այնթապլեան` այցելելու համար իր ծնողքին:

Ընկ. Աւետիս Այնթապլեան 1952-ին Պէյրութէն  մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր  մասնագիտացաւ օդանաւային ճարտարագիտութեան եւ աւելի յետոյ, անջրպետային գիտութեան մարզին մէջ: Ներկայիս ան կը նկատուի դէպի լուսին ճամբորդութեան ամերիկեան Ժեմինի ծրագրի մասնագէտներէն մէկը` գլխաւորաբար անջրպետի մէջ հրթիռներու ու արբանեակներու թրթռացումներու ճիւղին:,

Վեց տարիէ ի վեր պատասխանատու վարիչներէն մէկը ամերիկեան «Լոքհիտ» մեծ ընկերութեան անջրպետային ծրագիրներու ճիւղին` յաճախ դասախօսութիւններ տուած է միջազգային գիտական լայն շրջանակներու համար եւ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է ամերիկեան մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ:

«Ասթրոնոթիքս էնտ Էրոնոթիք» ամսաթերթին մէջ (նոյեմբեր 1964), որ կը հրատարակուի Աստղանաւորդութեան ամերիկեան կաճառին կողմէ եւ յատկացուած է Ժեմինի ծրագրին, ընկ. Այնթապլեան ստորագրած է յօդուած մը` «Տը աճինա թարկեթ վիհիքըլ», ուր մասնագիտական լրիւ տեղեկութիւններ կու տայ «անջրպետային ժամադրութեան» շուրջ:

Ընկերը ընդհանուր տնօրէնն է (սիսթըմ մենէյճըր) արբանեակներու զանազան մասերու մասնագիտական ճիւղերու համադրութեան:

«Լոքհիտ» ընկերութեան կարգադրութեամբ, ընկ. Այնթապլեան պիտի հանդիպի Եւրոպա եւ իր մասնագիտութեան մասին դասախօսութիւններ պիտի տայ ֆրանսական, իտլական եւ գերմանական համալսարաններու մէջ:

Իմաստուն Խօքեր

Գեղեցկութիւնը առաջին նուէրն է, զոր բնութիւնը կը պարգեւէ կիներուն եւ առաջինը, որ ետ կ՛առնէ անոնցմէ:

ԶԻՄԵՐՄԱՆ

Երիտասարդները կրնան ինքզինքնին իմաստուն նկատել ինչպէս, որ գինովները ինքզինքնին բաւական արթուն կը նկատեն:

ՉԵՍԹԸՐՖԻԼՏ

Անկեղծութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է:

ՉԸՐՉԻԼ

Իմաստութիւնը մտքին համար ա՛յն է, ինչ որ առողջութիւնը մարմնին համար:

ԼԱ ՌՈՇՖՈՒՔՕ

Վարժարան մը բացողը` բանտ մը գոցած կ՛ըլլայ:

ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

Աշխարհի վրայ լաւագոյն բժիշկներն են` պահեցողութիւն բժիշկը, հանդարտութիւն բժիշկը եւ անհոգութեան բժիշկը:

ՍՈՒԻՖԹ

Տղաքը մինչեւ 12-էն 17 տարեկան ըլլան` ծնողքը 20 տարի կը ծերանան:

ՌՈՊԸՐԹ ՊԱՆՔԼԷՅ

Մեր սրտերը երբեմն կը գինովնան գեղեցկութեամբ մը, զոր մեր աչքերը երբեք պիտի չտեսնեն:

ՌԱՍԷԼ

Պատմութիւնը լաւ գրելու համար պէտք է ազատ երկրի մը մէջ ապրիս:

ՎՈԼԹԷՐ

Կամք ունեցողը կը ստեղծէ եւ շա՛տ բան կը ստեղծէ: Ասիկա փաստ է, թէ անկարելի բան չկայ:

ՇԷՅՔՍՓԻՐ

Կ՛ուզէ՞ք, որ քաղաքացիները սիրեն իրենց հայրենիքը: Հանգստաւէտ ըրէք անոնց կեանքը:

ՄԱԶԱՐԻՔ

ժամանակը բարեկամութեան բարեկամի եւ սիրոյ թշնամին է:

ԼԱ ՊՐԻՒՅԼԷՐ

Աւելի շատ սէր կայ բարեկամութեան մէջ, քան թէ բարեկամութիւն` սիրոյ մէջ:

ՓՈԼ ԺԵՐԱԼՏԻ

Իրաւունք չունինք երջանկութիւն պահանջելու, եթէ մենք չստեղծենք զայն, ինչպէս որ իրաւունք չունինք ծախսելու այն դրամը, զոր ճիգով չենք շահած:

ՊԵՐՆԱՐ ՇՕ

Քառասունութ տարեկան ըլլալէ առաջ յոռետես եղող մարդը` շա՜տ բան գիտէ: Քառասունութը անցնելէ ետք լաւատես եղող մարդը պէտք չէ հպարտ ըլլայ իր գիտցածներով:

ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ

Աշխարհի մէջ ոչ ոք աւելի ցնորամիտ ու վտանգաւոր է, որքան իշխանութեան գլուխ բարձրացած միջակ մարդը:

ՀԻԶՐԱԼԵԼ

Պատմութեան գլխաւոր դերակատարները` հաւատքի հերոսներ եղած են միշտ:

ՄԱՔՈԼԷՅ

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1964)
Տոմսեր

Կաղանդ Եւ Ծնունդ

Եւ Չարաշահութիւն…

Տօնական օրեր: Կաղանդ: Ծնունդ:

Պէյրութ եւ վաճառականութիւն: Ճամբաները` պազար:

Մարդիկ, սա օրերուն, քիչ մը աւելի լայն կը բանան իրենց քսակները, կը ծախսեն քիչ մը աւելի, առանց հաշուելու, կը ծախսեն նաեւ… իրենց չունեցածը:

Վաճառականները կը խայտան: Պսպղուն լոյսեր` ամէնուրեք: Աղուոր, շա՛տ աղուոր խաղալիքներ, մեծերուն հետաքրքրութիւնը անգամ արթնցնող խաղալիքներ:

Աղուոր բան է Կաղանդը:

Բայց Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը այսօր, վաճառականական արժէքներ են: Առիթներ են մարդիկ շորթելու, կողոպտելու: Խաղալիք մը Պապ Իտրիսի շուկան կ՛արժէ տասնեւհինգ ոսկի, Սուք Սըրսոք կ՛արժէ տասը, Պուրճ կ՛արժէ ութ, Նահր կ՛արժէ հինգ:

Եւ ըսել, որ հինգով ծախողն ալ կը շահի…

Հապա ի՞նչ կ՛ընէ տասնեւհինգի ծախողը…

Վաճառականութիւնն ալ, ի վերջոյ, իր ուղղամտութիւնը պէտք է ունենայ. շահիլ, այո՛, բայց չկողոպտել:

Ծախել Յիսուս Մանուկը, ծախել խաչ, ծախել խոզ, ուրախացնել մանուկներ ու մեծեր, բայց ուրիշի քանի մը օրուան աժան երջանկութեամբ (ո՞վ գիտէ` ի՛նչ տքնաջան աշխատանքով շահուած) հարստութիւն դիզել: Եթէ գիտնար այդ համեստ Նազովրեցին, զոր հրեաները օր մը խաչ հանեցին, որ իր պատկերները, իր արձանիկները իր Ծննդեան օրը այսպէս պիտի ըլլային, պիտի ըլլար առուծախ, շահ ու կողոպուտ, անկասկած չէր ծներ: Օր մը, ինք ալ, քաշեց մտրակը եւ իջաւ տաճար` դուրս շպրտելու համար ամէն կարգի փերեզակները, ըսելով, թէ մի՛ վերածէք իմ հօրս տունը շուկայի…

Չէր գիտեր, ինչպէ՜ս գիտնար, որ օր մը զինք ալ շուկայ պիտի իջեցնեն…

ՄԱԿԱՐ

«Թռչնոց Բոյն»-ի Ի Նպաստ

Շարժանկարի Երեկոյթը

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի բարեկամները տարեկան իրենց 15-րդ շարժանկարի երեկոյթը տուին անցեալ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր, «Սինեմա Սարուլլա»-ի մէջ: Յարգելի հիւրերուն մէջ կը գտնուէին հանրօգուտ շինութեանց նախարարը եւ Փիեռ Ժեմայել, Ռաշիտ Քարամէ, Ֆիլիփ Թաքլա, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, Փորթուգալի դեսպանը, տէր եւ տիկին Ֆուահ Պութրոս, Ռեմոն Էտտէ եւ տէր եւ տիկին Փիեռ Էտտէ:

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1964)
«Միսակ Ազիրեան»

Ակումբին Բացումը

Երէկ` կիրակի, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի ՀՅ Դաշնակցութեան «Իշխան» կոմիտէութեան «Միսակ Ազիրեան» նորակառոյց ակումբին բացումը` հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին:

Ամբողջ շրջանը ցնծութեան մէջ էր: Ակումբ տանող բոլոր ճամբաները զարդարուած էին լիբանանեան դրօշակներով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը առաւել փայլ մը կու տար հանդիսութեան:

Ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը: Ազգային բարերար Միսակ Ազիրեանի ժամանումը ընդունուեցաւ բուռն ծափահարութիւններով: Քիչ յետոյ բոլոր հրաւիրեալները` պետական երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Խաչիկ Պապիկեան. Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, կուսակցական ղեկավար մարմիններու ընկերներ եւ բազմահազար ժողովուրդ հաւաքուեցան ակումբի դրան առջեւ, մինչ յանուն շրջանի կազմին, Անդրանիկ Ուրֆալեան ջերմ խօսքերով ողջունեց Միսակ Ազիրեանը եւ հրաւիրեց ծերունազարդ բարերարը` կատարելու բացումը: Մ. Ազիրեան քաշելով ժապաւէնը` շէնքի ճակատին վրայ երեւցաւ «Միսակ Ազիրեան Ակումբ» մակագրութիւնը: Այս առթիւ ազնիւ բարերարին յանձնուեցաւ ոսկի բանալի մը, զոր քիչ յետոյ, ճաշկերոյթի պահուն, Մ. Ազիրեան պիտի փոխանցէր կուսակցութեան ներկայացուցիչին:

Հիւրերը ապա առաջնորդուեցան եռայարկ ակումբին սրահներն ու սենեակները, որոնք արդիական կահաւորումով եւ բոլոր տեսակի յարմարութիւններով, տիպար ակումբի մը բոլոր հնարաւորութիւնները կը ներկայացնեն շրջանի մարմիններու բազմաճիւղ գործունէութեան համար:

Այնուհետեւ, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան շամփանիայով եւ զանազան խմիչքներով:

Ժամը 12:30-ին, հիւրերը բոլորուեցան գլխաւոր սրահին մէջ սարքուած ընդարձակ ճաշասեղաններու առջեւ, ուր շուտով ստեղծուեցաւ ջերմ ու զուարթ մթնոլորտ:

Առաջին առթիւ, խօսքը տրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանին, որ ողջունեց «Իշխան» կոմիտէութեան բոլոր ընկերները` իրենց սեփական տան համար, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Միսակ Ազիրեանին` ընդգծելով.

«Այս գեղեցիկ ակումբը, այս գեղեցիկ սենեակները ինքնին նշանակութիւն չունին, եթէ չծառայեն իրենց բուն նպատակին: Ես վստահ եմ, որ «Միսակ Ազիրեան» ակումբը լոյս փարոս մը պիտի ըլլայ, ուրկէ պիտի ճառագայթէ Դաշնակցութեան շունչը եւ գաղափարականը»:

Առ ի գնահատութիւն կատարուած աշխատանքին` Ե. Գոնեալեան Կ. կոմիտէին կողմէ 1000 լ. ոսկի դրաւ շրջանի կոմիտէին տրամադրութեան տակ` ակումբի բարեզարդման համար:

Այս նուիրատուութիւնը ազդանշան մը եղաւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններու, որոնց մասնակցեցան Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, կուսակցական մարմիններ եւ անհատ ընկերներ ու համակիրներ: Հանգանակութեան ընդհանուր գումարը  բարձրացաւ աւելի քան 8000 լ. ոսկիի:

Միսակ Ազիրեան, որ յայտնապէս յուզուած, ուրախութեամբ կը հետեւէր այս երեւոյթին, իր կողմէ, 22,000 լ. ոսկի նուիրատուութիւն մը ըրաւ ակումբին եւ օգնութեան խաչին: Նուիրատուներու ընդհանուր ցանկը եւ գումարները պիտի հրատարակուին առանձին:

Ճաշկերոյթին ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին` Կարօ Սասունի, Լոլա Սասունի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Պերճ Մսըրլեան, շեշտելով կուսակցական ակումբներու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` Միսակ Ազիրեանի ազնիւ վերաբերումը եւ նուիրաբերութեան ոգին:

Միսակ Ազիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց եղած արտայայտութիւններուն համար` յայտնելով, որ իր հոգեկան բաւարարութիւնը գտած է միշտ ՀՅ Դաշնակցութեան ծառայելուն մէջ:

Ճաշկերոյթը տեւեց մինչեւ ժամը 3: Բաժնուելէ առաջ Անդրանիկ Ուրֆալեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնք օժանդակած են ակումբի շինութեան գործին` կարելի դարձնելով Դաշնակցութեան անունին վայել ակումբի մը իրականացումը:

Արշաւիր Շիրակեանի

Յուշերը

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ Համազգային հայ մշակութային ընկերակցութեան հրատարակութեամբ Պէյրութի մէջ շուտով լոյս պիտի տեսնէ հայ ժողովուրդի վրիժառու եւ արի զաւակներէն` Արշաւիր Շիրակեանի յուշերը: Գիրքը կը կրէ «Կտակն էր նահատակներուն» խորագիրը:

Գիրքին սկիզբը Կ. Սասունի կը ներկայացնէ հեղինակը, Ե. Փամպուքեան` Ապրիլեան եղեռնը եւ Ս. Վ.` Ապրիլեան եղեռնի պատասխանատուներուն պատուհասումը:

Այս պատկերազարդ արժէքաւոր հրատարակութեամբ Համազգայինը իր յարգանքի տուրքը կ՛ընծայէ Ապրիլեան եղեռնի մեր բիւրաւոր նահատակներուն:

20.000 Տոլարի Յատկացում Ճեմարանին

Հայագիտական Ամպիոնի Մը Հաստատման Համար

Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ ազգային մը խոստացած է 20.000 տոլար տրամադրել` Պէյրութի Փալանճեան ճեմարանի մէջ իր անունով հայագիտական ամպիոն եւ ուսուցչանոց մը հաստատելու համար: Նուիրատուն, Լոս Անճելըսէն, առ այժմ չ՛ուզեր յայտնել իր անունը:

Անտարակոյս, հայագիտական դասընթացքներու հաստատումը նպաստ մը պիտի ըլլայ ուսուցիչներու եւ կրթական մշակներու պատրաստութեան, շրջանի մը մէջ, ուր ամէն ատենէ աւելի զգալի կը դառնայ որակեալ տարրերու պակասը:

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Մեր Ակումբները

(Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» Ակումբի

Բացման Առթիւ)

Վաղը, կիրակի, Նոր Սիսի մէջ, ուրախութեամբ պիտի կատարենք բացումը նոր ակումբի մը` «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ին, որուն անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանին անունը:

Տասնամեակներ առաջ, երբ Անդրնահրի շրջանին մէջ հետզհետէ կը կազմաւորուէր հայ կեանքը եւ առաջին հերթին` կուսակցական կեանքը, Միսաք Ազիրեան Նոր Սիսի իր կալուածը ազնուօրէն կը տրամադրէր` իբրեւ մանկապարտէզ ու նաեւ կուսակցական հաւաքավայր գործածուելու համար: Քանի մը տարի առաջ Մ. Ազիրեան իր կալուածը վերջնականապէս կը նուիրէր կուսակցութեան, որ կը յղանար գաղափարը` ամբողջովին նորոգուած եւ շրջանի բարգաւաճման աստիճանին վայել ակումբի մը շինութեան: Այս հաւաքավայրն է, որ իրականութիւն դարձած է այսօր` շնորհիւ ձեռներէցութեանը շրջանի մեր ընկերներուն, որոնք ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առին Դաշնակցութեան սեփական տունը կերտելու համար:

Այսօր, լիբանանահայութեան սիրտը Պուրճ Համուտի մէջ կը բաբախէ: Հոն է ժողովուրդը, որ հայու շինարարական առհաւական ոգիին իր տուրքը տուաւ վերջին տասնամեակի ընթացքին մասնաւորապէս` իրարու ետեւէ կանգնելով եկեղեցիներ, վարժարաններ եւ ակումբներ, որոնք պատիւ կը բերեն շրջանի պատասխանատուներուն ձեռներէցութեան:

Նոր Մարաշի շրջանին մէջ կառուցուած «Ժողովրդային տուն»-էն ետք, ուր ներկայիս շինուելու վրայ է նաեւ ժողովրդային թատրոնը` արդիական յարմարութիւններով, ահա երկրորդ կառուցումն է Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ը, որուն անպայման պիտի հետեւի Նոր Ատանայի կուսակցական ակումբը` նոյնքան արդիական շինութեամբ:

Այս բոլորը որոշ մտահոգութեան մը արդիւնք են եւ որոշ հեռանկարի մը ճամբուն վրայ առնուած դրական քայլեր, որոնք անպայմանօրէն պիտի կատարեն իրենց դերը հայապահպանման այն պայքարին մէջ, որուն լծուած ենք ազգովին:

Դպրոցէն ետք, ՀՅ դաշնակցութեան ակումբները հայեցի ու գաղափարական դաստիարակութեան կեդրոններ են, ուր մեր երիտասարդութեան հոգին ու միտքը կ՛ազնուանան` հայրենասիրութեան եւ վսեմ գաղափարներու քուրային մէջ: Անոնք` այդ ակումբները, մանրանկար Հայաստաններ են, ուր նորահաս սերունդները կը հաղորդուին անցեալի փառքին եւ ամուր ու հաստատ քայլերով կը դիմեն վաղուան` ապագայի վառ յոյսերով:

Անդրնահրի շրջանին մէջ մեր ակումբները եղան սերունդներու փրկութեան լաստեր, երբ տակաւին մեր կեանքը չէր գտած իր հաւասարակշռութիւնը: Երբեմն շատ խեղճ արտաքինով, բայց հարուստ բովանդակութեամբ, այդ ակումբները եղան գաղափարական կեանքի վարժարաններ, ուրկէ դուրս ելան նուիրումի պատրաստ սերունդներ` հայրենասիրութեամբ տոգորուած եւ ազգային խոր գիտակցութեամբ:

Հիմա, երբ շնորհիւ աւելի լաւ պայմաններու, լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, մեր ակումբները աւելի մեծ դեր ունին կատարելիք` նոր սերունդներու կազմութեան գործին մէջ: Հոն է, որ պատանին, երիտասարդը ու չափահաս շարքայինը գոհացում պիտի գտնեն իրենց գաղափարական ծարաւին: Հոն է, որ հաղորդակից պիտի դառնան մեր ժողովուրդի ընդհանրական ապրումներուն եւ պիտի պատրաստուին այն մեծ պայքարին, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը կը մղէ յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանին:

Գաղութներու կեանքին մէջ մեր ակումբները լոյսի եւ ջերմութեան օճախներ են, գաղափարական բերդեր` այլասերման վտանգին դէմ:

Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ը այդ գաղափարական բերդերէն մէկն է եւ իբրեւ այդպիսին, կ՛ողջունենք անոր բացումը` շնորհաւորելով շրջանի մեր ընկերները:

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Հայ Ուսուցիչը

Իր Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ

Անցեալ օր հաճելի անակնկալն ունեցանք մեր սեղանին վրայ գտնելու նոր պարբերաթերթ մը` «Մշակ», որ կը ներկայանար իբրեւ պաշտօնաթերթը Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան: Տարի մը առաջ նոյն ուրախութեամբ ողջունած էինք Ուսուցչական միութեան կազմութիւնը, որ շուտով պիտի ունենար իր ակումբը, կեդրոնը` կրթական մեր կեանքի նուիրեալներուն, որոնք այս անգամ կը ներկայանան իրենց խօսնակով, բեմով` ըսելու համար իրենց խօսքը, որուն անպայմանօրէն արժանի կարեւորութիւնը պիտի ընծայուի թէ՛ պատասխանատու մարմիններու եւ թէ՛ հասարակութեան կողմէ:

«Մշակ»-ի շուրջ հաւաքուած են փորձառու եւ երիտասարդ ուսուցիչներ, որոնք «գիտակից փառասիրութիւնը» ունին իրենց կոչումին. կը հաւատան, թէ նիւթական բարօրութեան զուգահեռ, «եթէ չբարձրանան հայ ուսուցչին մտային եւ հոգեկան հորիզոնը, բարոյական կորովը, ապա ուրեմն ընդունայն են բազում աշխատութիւնք մեր»:

Այս եւ նման առաջադրանքներով «Մշակ» կը յանձնուի մեր ուշադրութեան` հայ ուսուցիչին հանրային ու կրթական մտածումները լայն հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնելու մտահոգութեամբ:

Մինչեւ հիմա հայ ուսուցիչին մասին արտայայտուած են բոլորը` մամուլով եւ հրապարակով, բացի բուն ենթակայէն, որուն ձայնը անլսելի մնացած է` ընդհանուր մտահոգութիւններու ոլորապտոյտին մէջ կորսուելով: Մինչդեռ շատ բան պիտի շահէր կրթական մեր կեանքը, եթէ յաճախ լսուէին բուն ենթակաները, անոնք, որոնց յանձնած ենք ոչ միայն մեր զաւակներուն կրթութիւնը, այլ նաեւ, աւելի՛ կարեւոր, ամբողջ սերունդի մը ազգային դաստիարակութեան նուիրական պարտականութիւնը:

Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը արհեստակցական միութիւն մը չէ` բառին հասարակ առումով, այլ հաւաքականութիւն մը` նուիրեալներու, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց կոչումին աւելի լաւ կրնան ծառայել, եթէ քով քովի գան, իրարու մտածումներուն եւ գաղափարներուն հաղորդակից դառնան, հաղորդակից դարձնեն կրթական կեանքի պատասխանատու մարմինները եւ ստեղծեն ծրագրեալ եւ կազմակերպուած աշխատանքի այն մթնոլորտը, որ դժբախտաբար կը պակսի գրեթէ բոլոր մարզերու մէջ:

«Մշակ» առաջին ձեռնարկն է Ուսուցչական միութեան, կոչուած` արծարծելու մանկավարժական, հոգեբանական, դասաւանդութեան եւ դաստիարակչական հարցեր, որոնք, վստահ ենք, պիտի տրուին անկեղծութեան կնիքով եւ լրիւ ըմբռնումովը այն դերին, որ վստահուած է հայ ուսուցիչին, սփիւռքահայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ:

Հաւատքը, որ հայ ուսուցիչը կը դնէ իր գործին մէջ, կը կազմէ մղիչ ուժը նաեւ այս ձեռնարկին ու ճիշդ այդ պատճառով իսկ կը համոզէ մեզ, թէ «Մշակ» կոչուած է ամբողջական ծառայութեանը իր առաքելութեան` մտնելով հայ տուներէ ներս, զրուցելով հայ ծնողներու հետ, «գործակցելով իտէալ դաստիարակութեան մը համար»:

Ուրախալի եւ յուսադրիչ է մասնաւորաբար այն երեւոյթը, որ հայ ուսուցիչը, լաւապէս հաղորդակից դարուս ոգիին, ժամանակակից կեանքի պահանջներուն, իր գործունէութեան տուած է տարազ մը, որ գոհացում պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք իրենց դարուն մէջ կ՛ապրին, որոնք ընդհանրապէս դժգոհ են որոշ լճացումներէ եւ կարծրացումներէ, մեր կեանքի զանազան կալուածներուն մէջ` ընդհանրապէս:

Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութիւնը, իր առաքելութեամբ եւ առաջադրանքներով, անպայման որ դրական քայլ մըն է կրթական կեանքի բարելաւման համար թափած մեր ճիգերուն մէջ: Նախ` կը ձգտի հայ ուսուցիչի մտային ու հոգեկան հորիզոնը ընդլայնելու, երկրորդ` ուսումնասիրուած ձեւով մը մօտենալու դաստիարակչական հարցին, որ սփիւռքի թիւ մէկ խնդիրն է ներկայիս:

Ծանր պիտի չըլլայ բառը, եթէ ըսենք, թէ ամբողջ ժողովուրդի մը ապագան կախում ունի կրթական իր խնդիրներուն տրուելիք լուծումէն, եւ այդ լուծումը այնքան համապատասխան պիտի ըլլայ մեր ցաւերուն եւ պահանջներուն, որքան հայ ուսուցիչները հաւաքական մտածողութեամբ ներկայանան անոնց:

Գլխաւորաբար այս հաստատումին ընծայած հնարաւորութիւններու գոհունակութեամբ կը մօտենանք հայ ուսուցչի ճիգերուն` քաջալերելով եւ ողջունելով իրենց նոր ձեռնարկը:

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1964)
Պատանիին Սիւնակը

Մտածումներ Գիշերուան Մէջ

Գիշեր է. այո՛, տխո՜ւր գիշեր:

Կարծես գիշերուան մէջ է, որ մարդ իրաւունք կ՛ունենայ տխրելու…: Գիշերուան` մութին, լռութեան ու խորհուրդին մէջ:

Լո՜յսը, կ՛ատեմ այդ լոյսը: Կ՛ատեմ զայն, երբ տխուր եմ:

Կեանքը ուրախ եւ տխուր է միանգամայն: Բայց ես կը սիրեմ միա՛յն տխուր կողմը անոր…

Որովհետեւ ստիպուա՛ծ եմ սիրելու տխուրը:

Որովհետեւ չեմ կրնար ուրախ ըլլալ: Չեմ կրնար ուրախ ըլլալ, մինչեւ ա՛յն ատեն, երբ կը մնամ հայ պատանի մը…

Եւ`

Վստա՛հ եմ, որ հա՛յ եմ, որովհետեւ ուրախ չեմ, այլ` տխուր, որովհետեւ կը զգամ արիւնիս տաք հոսքը, երբ աչքերս կը դիտեն Վարդաններու, Արտաշէսներու, Մաշտոցներու դէմքերը, որովհետեւ կը զգամ մարմնիս փշաքաղուիլը, երբ ականջնե՛րս կը լսեն Կոմիտա՜սը…

Վարդաններու նկարները հո՞ն են, սենեակս:

Որքա՜ն գիշերներ այդ նկարներուն առջեւ անցուցեր եմ: Սենեակս կայ նաեւ Հայաստանի քարտեսը, որ դժբախտաբար Հայաստանը չէ… գրիչովս ամբողջացուցած Հայաստանը միայն իմս է…

Միշտ կ՛ըսենք, թէ օր մը պիտի տեսնենք Հայաստանը, այն ատեն երբ Կոստան Զարեանի նաւը իսկապէ՛ս հասնի Սեւանայ լիճ…

Բայց…

Բայց ե՞րբ նաւը պիտի հասնի Սեւանայ լիճ…

Միթէ կանգնած նաւը ժամանակի ընթացքին չի՞ ժանգոտիր…

Եւ այն ատեն նաւը ճամբորդներ պիտի ունենա՞յ…

Տխո՛ւր եմ` ըսի եւ կը կրկնեմ:

Որովհետեւ մենք` սփիւռքահայերս, լերան այն ծաղիկն ենք, որ պոկուած ենք, բաժնուած մեր հողէն եւ ճակատագրուած` թորմելու ծաղկամաններու մէջ…

Մե՛նք` հայերս…

Մեր միութիւննե՜րը… այո՛, մենք շատ միութիւններ ունինք: Չափազա՛նց շատ:

Եւ`

Ահա հո՛ն է մեր տկարութիւնը, մեր միութիւններուն շատութեան մէջն է մեր տկարութիւնը:

Մե՛նք` հայերս…

Լաւ կազմակերպութիւններ ունինք…

Եւ,

Անոր համար է, որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր ըմբռնած ձեւով, առանձին Հայ դատ հետապնդած է… Հայութեան անունով ներկայացուած է զայն…

Ասիկա` անցեալին մէջ…

Իսկ ներկայի՞ս…

Մեր կուսակցութիւննե՜րը…

Մեր կուսակցութիւնները զիրար կը բզկտեն ու զիրար կը չէզոքացնեն, մինչ միւս ազգերը մեր վրա՜յ կը խնդան, արդէն մինչեւ հիմա ի՞նչ ըրած են որ…

Անցեալէն դաս չենք առած…

Արդի՞ւնքը` ներկան…

Իսկ մեր ապագա՞ն…

Նոր սերո՛ւնդը, հայ չէ՛:

Նոր սերունդը միայն կեղեւով հայ է:

Ան բնաւ անհրաժեշտ չի գտներ ազգային տօներ ոգեկոչելու, որ հա՜յ մնայ:

Նոր սերո՞ւնդը… եթէ անգամ մը մերկացնէք, ինչե՜ր պիտի տեսնէք…

«Փարիզ»-ուհիներ, «ամերիկ»-ուհիներ, կամ մէկ խօսքով` «հոլիվուտ»-ականները:

Անոնց համար Սայաթ Նովայի մը երգը եւ կամ հայկական պար մը խորթ կու գայ, անիմա՛ստ կու գայ…

Որովհետեւ…

Անոնք վարժուած են լսելու եւ պարելու թուիսթ, սըրֆը, շէյքը եւ այս շարքը:

Նոր սերո՛ւնդը…

Անիծուա՛ծ նոր սերունդը:

Հարցո՛ւր անոր, թէ կը զբաղի՞ իր ծագումով, հարցուր` բայց ականջներդ գոցէ՛… որ չլսես:

– «Հայերէն գիրք կեանքիս մէջ մէկ անգամ կարդացեր եմ, այն ալ` պզտիկուց, գիտե՞ս ինչ, «Կիւլիվերի ճամբորդութիւնը»…

– «Չեմ գիտեր ինչո՛ւ հայերէն գիրք չեմ կրնար  կարդալ, շատ անգամ կը փորձեմ ու կէս կը ձգեմ»…

– Հայերէն ալ մարդավարի գիրք չկա՛յ, բոլոր գիրքերն ալ ձանձրանալի, միշտ կրկնութիւն»…

Նոր սերունդը ձուլումի դեղահատը կլլած է արդէն, պիտի ձուլուին կամա՜յ թէ ակամա՜յ…

Եթէ ո՞չ,

Ո՞ւր է նոր սերունդին հայկական ոգին:

Չկա՜յ, չկայ հայկական ոգի:

Հայաստան օտար արշաւանքներու տակ կը հիւծէ…

Իսկ նոր սերունդը` սնոպիզմի տակ:

Նոր սերունդը քաղաքակրթուած է, իր կարծիքով` եւրոպակա՜ն քաղաքակրթութեամբ: Դժբախտաբար սակայն չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «եւրոպական քաղաքակրթութիւն»:

Եւրոպական քաղաքակրթութի՞ւն, թէ… սնոպիզմ…

Փորձէ՛ հայ աշակերտի մը ու տե՛ս… բայց քեզ կ՛ըսեմ մի՛ փորձեր, աւելորդ է այդ:

Ճազի ձայնապնակ մը աւելի արժէքաւոր է, քան` Դ. Դեմիրճեանի մը «Վարդանանք»-ը:

Այս սերունդէն ետք սփիւռքի մէջ հայ պիտի չմնա՜յ: Մեր պատմութիւնը անցեալի՛ն պիտի պատկանի…

Նո՜ր սերունդ, մա՛հը սփիւռքահայութեան:

Ապրիլ 24-ը օտար է իրեն: Ինչո՞ւ այդ օրը պիտի զոհէ եւ ոգեկոչումի երթայ: Աւելի լաւ չէ՞, որ ադ օրուան արձակուրդը սինեմա կամ սթերէօ անցընէ, պարէ, ցատկռտէ ու շրթները հպեցնէ «Ժիւլիէթ»-ներու եւ «Ռոմէօ»-ներու փափուկ շրթներուն:

– Ապրի՜լ 24, նահատակութեա՞ն օր, ինչ ապուշ բան, ատիկա միայն «հին գլուխ»-ներուն է, մենք ի՞նչ յանցանք ունինք. եթէ այսպիսի բաներ հաշիւ ընենք, օր մ՛իսկ չենք կրնար վայելել»…

Իսկ այն հայ պատանիները, որոնք կը զգա՛ն իրենց հայկական արեան տաք հոսքը եւ այդ օրը իրենց նահատակներուն յիշատակը կը յարգեն, անոնք «հին գլուխ» կը կոչուին, որովհետեւ ամբաստանողները շա՜տ տաք «նոր գլուխ» ըլլալնուն` դժբախտաբար «նոր գլուխ» բառին իմաստը չեն գիտեր:

Նոր սերունդը ինքզինք կորսնցուցած է պլու ճինզ պլուզոն նուարներու մէջ եւ ընկղմած «Ռէյ Չարլզ»-ներու երգերուն մէջ:

Ընկղմած նաւ մը չի վերականգնուիր… այլ հոն կը հաստատուին ծովային կենդանիներ… որոնք հետախոյզներն ալ կը մոլորեցնեն…

Գուցէ յանցաւորը իրենք չըլլան…

Այլ`

Պայմանները… պարագաները…

Հայո՛ւն պարագաները…

Սխալ չհասկնա՛ք:

Այս բոլորով ըսել չեմ ուզեր, որ արդի կեանքին պէտք չէ հետեւիլ, այլ պէտք չէ ինքզինք կորսնցնել:

Ըսել չեմ ուզեր, որ Ռէյ Չարլզ պէտք չէ ունկնդրել, թուիսթ պէտք չէ պարել, այլ` ամէնը ընել, պայմանաւ որ մոռացութեան չթողուին ազգային պարտականութիւնները:

Այժմ ամէն ոք կը սիրէ այս նորութիւնները եւ չսիրողը «հին գլուխ» կը կոչուի:

Բայց`

Այն որ միմիա՛յն այս բաները կը սիրէ ու միմիա՛յն այս բաներով կը զբաղի… այլասերած կը կոչուի:

Բայց դժուար է այս բաները նոր սերունդին հասկցնել:

Դժուար է…

Կամ` ուշ…

Մութին մէջ հազիւ դուռը կը բանամ:

Տունն եմ: Աւելի ճիշդը` սենեա՛կս: Ուր կը դիտեմ մեր պատմութիւնը, մեր սուրբերուն դէմքերը:

Կը յիշեմ մեր անցեալը, կը տեսնեմ մեր ներկան, կը գուշակեմ մեր ապագան…

Ու`

Կը զգամ տաք հեղուկի մը հոսքը այտերէս վար…

ՊԱՐՄԱՆ

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1964)
Առաջարկ Մը

Յիսնամեակի Առթիւ

Առանց վերյուշի անցնելու:

Առանց «յօդուած»-ի վերածելու նիւթը:

Երբ մեզի հետ պապենական հողերէն քշուեցանք, չափով մը մեզի հետ բերինք մեր թափուները:

Այգիին, տունին, գիւղին, արտին մե՛րը ըլլալու պետական գիրը:

Քիչով մեզի հետ բերուածին մեծ մասը երեւս փճացաւ: Նկատուեցաւ «պարապ բան»: Իմաստէ զուրկ՞

Պատռւոեցաւ: Նետուեցաւ: Այրեցա՛ւ:

Ըրինք մեր յուսահատութեան մէջ:

Նաեւ`

Երբ ոեւէ հայ հայրենակից ուզեց Թուրքիա մտնել որպէս այցելու, իրեն պարտադրուեցաւ յաճախ, մեղաւոր հեռատեսութեամբ, ստորագրել հետեւեալը.

«Սեփականութիւն չունիմ Թուրքիոյ մէջ»: Կամ` ասոր նմանակը:

Այս բոլորը գեղան, կ՛ըլլան:

Առնուած ստորագրութիւնները, երբ օրը գայ, կարելի կ՛ըլլայ որպէս հակափաստ օգտագործել:

Այդ մէկը, յետոյ:

Իսկ ա՛յժմ:

Այժմ երբ յիսնամեկաի առթիւ մանսակի կամ կեդրոնական յանձնախումբեր կը ստեղծուին:

Պատասանատւոները կը կարծենք, օգտակար գործ մը տեսած կ՛ըլլան, եթէ ստեղծեն գրասենեակ մը եւ հրաւիրեն մեր արիւնակիցները, փոխան ստացագրերու, հո՛ն տալ իրենց քով հրաշքոգ պահուած թափուները:

Հաւաքուած քիչն անգամ, եթէ քաղաքական վէճերու ընթացքին կարելի չըլլայ օգտագործել, պէտք չըլլայ ատոնց, նոնյիսկ,

Օր մը,

Պետական մատենադարանի մէկ անկիւնը կը դնենք` որպէս անցեալի յուշ: Փաստ` համամշխարտհային «արդարադատութեան»:

Բա մըն է, կը խորհինխ:

Թափուներու հաւաքման ձեւը թող ճշդեն պատասխանատուները:

Կը կարծենք, որ բացատրողագրոգ մը կարելի է կարճ ժամանակաունա մը մէջ այդ կարեւոր մէտեղումը ընել:

Յիսնամեակի առիթով ստեղծուած կիրքը դէպի Հայ դատը, պէտք չէ վերջանայ յիսնամեակի փակումով: Չի ալ վերջանար, անշուշտ:

Պահանջատէր ըլլալու զգացումը պէտք է գործնականօրէն փոխանցուի սերունդէ սերունդ, մինչեւ պայծառ օրը:

Ե. ԵՐԿԱԹ

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցիի

Աղքատախնամ Մարմինը

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը, իր կոչումին արժանի գիտակցութեամբ, բազմատասնեակ տարիներէ ի վեր շատ գնահատելի գործ կը կատարէ` սաներ պահելով եւ օգնութեան հասնելով ոչ միայն Ս. Նշանի ծխական չքաւորներուն, այլ եւ` ուրիշ շրջաններէ դիմում կատարող կարօտ հայրենակիցներու:

Այս տարի, սակայն, կամքէ անկախ պատճառներով եւ հարկադրաբար պիւտճէի զգալի յաւելում ունեցաւ:

Ազգ. Ս. Նշան բարձր. վարժարանը դարձաւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ: Ստեղծուած նոր պայմաններու մէջ կրթաթոշակները արդարօրէն յաւելում կրեցին: Այս պատճառով Աղքատախնամ մարմինը պարտաւորութեան տակ մտաւ իր 22 սաներուն համար յաւելեալ կրթաթոշակ վճարելու:

Կը շարունակէ նաեւ ամսավճարներ տալ 35 մնայուն աղքատներու եւ մանաւանդ օգնութեան հասնիլ` անմիջական նպաստներ կատարելով ընթացիկ բազմաթիւ կարօտ հայրենակիցներու:

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը արժանի է ամէն քաջալերանքի եւ մանաւանդ` նիւթական աւելի լայն նպաստներու եւ մնայուն եկամուտներու, որպէսզի լաւագոյն պայմաններու մէջ կարենայ շարունակել իր օգտաշատ գործունէութիւնը:

Եկամուտի աղբիւրներն են` եկեղեցւոյ մէջ ունեցած իր պնակը, նուիրատուութիւններ եւ հանգանակութիւն:

Հ.

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1964)
Հայաստան

Մանկական Գրականութիւն

«Գրական Թերթ»-ի նոյեմբեր 20-ի թիւին մէջ, գրադատ Ա. Քալանթարեան կը ներկայացնէ մանուկներու ընթերցանութեան սահմանուած գիրքերը եւ կու գայ այն եզրակացութեան, որ գրեթէ բոլոր գիրքերն ալ կը կրեն «չտեսնուած անփութութեան» մը հետքը: Գրադատին յիշատակած օրինակներէն կը քաղենք մէկ քանին, ցոյց տալու համար Հայաստանի մէջ մշակուած մանկական գրականութեան դիմագիծը:

– «Աղասի Թուրաջեանը կամեցել է երեխաներին ասել, որ անասունն էլ կարող է մայրական զգացմունք ունենալ, կարօտել իր ձագին: Յիրաւի ոչ շատ թարմ, սակայն միշտ էլ` յուզող նիւթ: Բայց կարդում ես ու չեմ հաւատում: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ դէպքը կատարուել է ոչ թէ Թեզուտում կամ Մրգուզ սարի լանջերին, այլ` Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքում: Եւ դա միայն նրա համար, որ անասունը կապիկ է, այլեւ` նրա համար, որ հեղինակը կարողանայ հարեւանցիօրէն մերկացնել քաղքենի բարքերը` նշելով, որ կապիկին տէրը «հաստ փորով, գէր երեսով մի մարդ էր» եւ «խորամանկ» ու «ագահ» հայեացք ունէր:

– «Յաջող նիւթ է շօշափել նաեւ Հ. Գարունեանը: Նա պատմում է, թէ ինչպէս հիթլերականներով լցուած գիւղում երկու պիոներ (համայնավար պատանիներ) գերմանական սպայի մօտից գողանում ու թաքցնում են Լենինի արձանիկը, որ սպան ուզում էր նշանառութեան թիրախ դարձնել: Եւ դրա համար նրանցից մէկը նոյնիսկ հատուցում է կեանքով: Եւ դրա համար իրենց կեանքն են տալիս եւս մի քանի հայրենասէր գիւղացիներ:

Սակայն, երբ կարդում-վերջացնում ես պատմուածքը, զգում ես, որ այն քեզ ոչինչ չտուեց, որովետեւ լաւ չի գրուած, հոգեվիճակները կեղծ են ու շինծու, մարդիկ խօսում են լրագրային, պաշտօնական լեզուով, իրար նման ու նրանց ասած եւ ոչ մի բառին չես կարողանում հաւատալ»:

– «Ինչո՞ւ էք դուք, յարգելի Հայկ Վարդանեան, մեր մանուկներին ծանօթացում, օրինակ, Պեռնարտիի հետ, որի մասին ասում էք, «նրա պապերից մէկը իտալացի էր. իտալեւհապեշական կռուի ժամանակ, երբ իտալացիներն էին յաղթում, նա իտալացի էր, իսկ երբ իտալացիները պարտւում էին, ասում էր, որ հայ է»: Որ` ի՞նչ էք ուզում ասել, ինչո՞ւ էք պղտորում մանուկների հոգին»:

Հետաքրքրական

Նիւ Եորքի Թաքստոցները

Նիւ Եորք քաղաքը ներկայիս ունի ամէն յարմարութեամբ օժտուած օդային յարձակումներէ պաշտպանուելու թաքստոցներ, ուր երկու շաբաթ կրնան պատսպարուիլ մէկ միլիոն քաղաքացիներ: Նիւ Եորքի հազար հարիւր եօթանասունչորս շէնքերու մէջ մթերուած են մեծ քանակութեամբ ուտեստեղէններ: Նիւ Եորքի քաղաքապետութիւնը կը պատրաստուի քսանհինգ հազար եօթանասուն նոր թաքստոցներ շինելու: Այս թաքստոցները շինուելէ ետք պիտի կրնան պատսպարել հինգ միլիոն քաղաքացիներ:

Ինչե՜ր Կ՛ուտենք

Համաձայն ամերիկացի տոքթ. Կասթոնի, վաթսուն տարեկան մարդ մը միջին հաշուով կ՛ուտէ հինգ թոն հաց եւ այդքան հողկիթ: Կը խմէ հարիւր հազար քիլօ հեղուկ (ջուր, կաթ եւ ըմպելի) եւ կը ծխէ հարիւր վաթսուն հազար ծխիկ: Կը քնանայ 178 հազար 400 ժամ: Սիրտը կը բաբախէ երեք միլիառ անգամ` մարմնին ղրկելով հարիւր յիսուն միլիոն քիլօ արիւն:

Մերկապաշտներու Ժողով

Հաուայեան կղզիներուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած է մերկապաշտներու համաժողով մը, որուն մասնակցած են հինգ հազար պատգամաւորներ եւ անդամներ: Ներկաներէն մէկը խօսք առնելով` յայտարարած է, որ եթէ նախագահ Ճոնսըն, զօրավար տը Կոլ եւ Պրեժնեւ իրենց օրինակին հետեւէին, աշխարհի բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար պիտի լուծուէին:

Շեշտած է, թէ հագուստներն են, որ մարդուն լաւ տրամադրութիւնը կ՛աւրեն ու ջղայնութիւն կը ստեղծեն: Մերկ մարդը միշտ լաւատես է ու զուարթ: Կը սիրէ խաղաղութիւնը, որովհետեւ պատերազմի պարագային պիտի ստիպուի հագուիլ:

Գերբնական Աճում

Պրազիլի բնակչութիւնը, որ 1940-ին քառասուն միլիոնէն քիչ մը աւելի էր, ներկայիս հասած է ութսուն միլիոնի եւ կը հաշուուի, թէ մինչեւ 1970 այս անծայրածիր երկրի բնակչութեան թիւը իննսունհինգ միլիոնը պիտի անցնի:

Բայց այս երեւոյթը միայն պրազիլական չէ: Ընդհանուր երեւոյթն է բոլոր զարգացող երկիրներուն: Եւ ասոր պատճառը այն է, որ ծնունդներու թիւը բազմացած է եւ բժշկութեան յառաջդիմութեանց շնորհիւ` մահերու թիւը պակսած:

Ծխելէ Դադրելու Միջոցը

Ծխելէ հրաժարիլ փափաքող ամերիկացիներուն համար Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակ հանուած են 60 տեսակ նիւթեր, որ ըստ եղած ծանուցումներուն, «դանակի պէս կը կտրեն» ծխելու մոլութիւնը: Մեծ մասը զախարինով, մանանեխով եւ կենսանիւթերով պատրաստուած շաքարներ են (քարամել):

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1964)
Ինչո՞ւ Գունաւոր Կ՛ըլլայ Անձրեւը Եւ

Ձուկեր Ու Գորտեր Կը Թափին Երկինքէն

Եթէ ձեզի ըսեն, որ կ՛ըլլան կարմիր, դեղին սեւ եւ այլ գոյնի անձրեւներ, որ` անձրեւի ժամանակ երկինքէն կրնան թափիլ ձուկեր, գորտեր, խեցգետիններ, արծաթէ դրամ, հացահատիկ ու զանազան ուրիշ անասուններ ու առարկաներ, հաւանաբար դուք չէք հաւատար: Բայց կ՛ըլլան այդպիսի դէպքեր:

1117-ին, Լոմպարտիայի մէջ թափեցաւ կարմիր անձրեւ` յառաջացնելով «արեան» առուակներ: Հոգեւորականները շտապեցին յայտարարել, որ Աստուած բարկացեր է մարդոց: Կարմիր անձրեւներ տեղացած են աշխարհի շատ երկիրներուն մէջ, յատկապէս` Միջերկրական ծովի շրջակայքին մէջ:

Կ՛ըլլան նաեւ այլ գոյնի անձրեւներ: 1847-ի մարտի 31-ին Ֆրանսայի մէջ եւ 1956-ի յունիսին Քիեւի շրջակայքը տեղացած է կաթնագոյն անձրեւ, 1954-ին ամերիկեան Տաունպորտ քաղաքի բնակիչները տեսած են կապոյտ գոյնի անձրեւ, իսկ 1953-ի մարտի 13-ին Թիւրքմենիստանի մէջ նկատուած է դեղին գոյնի անձրեւ: Գունաւոր տեղումներ` եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ` 1639-ին, տեղացած է դեղին ձիւն, իսկ 1958-ին` կարմիր: 1959 մարտի 12-ին Երեւանի մէջ բաց դեղնաւուն անձրեւ է տեղացած, նոյն օրը Ապատանի մէջ` կարմրաւուն ձիւն:

19-րդ դարու սկիզբը Իրանի մէջ անձրեւի հետ միասին թափած են միսի կտորներ, 1940 յունիսի 18-ին Մեշզերա գիւղին մէջ` արծաթէ դրամներ: Հեռաւոր Արեւելքի մէջ, Նոր Զելանտայի մէջ, Դանիոյ, Նորվեկիոյ, Սկովտիոյ մէջ յաճախ նկատուած են մետուզաներու եւ ջրային այլ անասուններու անձրեւներ:

Երկար ժամանակ մարդիկ չհասկնալով արտասովոր տեղումներու յառաջացման պատճառները` ատոնք կը վերագրուէին Աստուծոյ գոյութեան: Այսօր արդէն գիտնականները կը բացատրեն ատոնց յառաջացման պատճառները: Կը պարզուի, որ պտուտահողմերը անցնելով անապատներու վրայով` մթնոլորտի վերին շերտերը կը բարձրացնեն հազարաւոր թոներով կարմիր կամ դեղնաւուն աւազափոշի: Այդ փոշին կը խառնուի անձրեւի կամ ձիւնի հետ եւ անոնց կու տայ համապատասխան գոյն:

Հրդեհներէն կ՛ըլլան սեւ գոյնի տեղումներ` մուրի եւ մոխիրի պատճառով: Ովկիանոսներու, ծովերու, ճահիճներու վրայէն անցնելով` պտուտահողմերը ջուրի հետ միասին օդը կը բարձրացնեն բազմաթիւ անասուններ:

Բեւեռամերձ երկիրներու կարմրաւուն ձիւնին պատճառը ո՛չ թէ անոր մէջ գտնուող աւազափոշին է, այլ` կարմիր գոյնի միաբջիջ ջրեմանները, որոնք շատ արագ կը բազմանան: Բաւական է քամին ջրեմուռի քանի մը սերմ բարձրացնէ օդը, որպէսզի հսկայական տարածութիւններ ծածկուին կարմիր ձիւնի շերտով:

Այժմ մարդիկ չեն վախնար արտասովոր տեղումներէն:

1965-ին Ոգեկոչելի Մեր Արժէքները

ԳԱԲՐԻԷԼ ՍՆԴՈՒԿԵԱՆ.- ծննդեան 140-ամեակ: Մեծահռչակ թատերագիր, թիֆլիսցի: Գլուխ գործոցն է «Պէպօ»-ն (1825-1912):

ՐԱՖՖԻ (ՅԱԿՈԲ ՄԵԼԻՔ-ՅԱԿՈԲԵԱՆ).- Ծննդեան 130-ամեակ: Մեծատաղանդ գրագէտ, վիպասան, բանաստեղծ եւ պատմաբան: Սալմաստցի (1835-1888):

ԵՂԻԱ ՏԵՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ.- Ծննդեան 120-ամեակ: Համբաւաւոր բանաստեղծ, գրագէտ, փիլիսոփայ, բառարանագիր եւ բանասէր: Պոլսեցի (1845-1908):

ՆՈՐԱՅՐ ԲԻՒԶԱՆԴԱՑԻ.- Ծննդեան 120-ամեակ: Մեծանուն լեզուագէտ, բառարանագէտ եւ բանասէր: Պոլսեցի (1845-1916):

ՄԱԿԱՐ ԵԿՄԱԼԵԱՆ.- Ծննդեան 110-ամեակ: Նշանաւոր երգահան, երաժշտագէտ եւ խմբավար: Վաղարշապատցի: Իր գլուխ գործոցն է «Երգեցողութիւնք Սրբոց պատարագի» քառաձայն մեծածաւալ աշխատասիրութիւնը, տպուած` 1896-ին, Լայփցիկ (1855-1905):

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ծննդեան 100-ամեակ: Քնարերգակ բանաստեղծ եւ հայերէնի թարգմանիչ` ռուս գրողներու գործերուն: Ջաթագալացի (1865-1917):

ՄԱՆՈՒԿ ԱԲԵՂԵԱՆ.- Ծննդեան 100-ամեակ: Անուանի հայագէտ եւ ուսուցչապետ Երեւանի համալսարանին: Հեղինակ խորհրդահայ ուղղագրութեան, 1922-ին (1865-1944):

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ.- Ծննդեան 90-ամեակ: Հռչակաւոր բանաստեղծ, Գիւմրեցի: Իր գլուխ-գործոցն է «Աբու Լալա Մահարի»-ն (1875-1958):

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ.- Ծննդեան 80-ամեակ: Բանաստեղծ: Ախալքալաքցի: Իր քերթուածներուն հեւաքածոն է «Մթնշաղի անուրջներ»-ը (1885-1920:

ՀԱՄԱՍՏԵՂ.- Ծննդեան 70-ամեակ: Տաղանդաւոր արձակագիր: Խարբերդցի: Ծնած` 1895-ին:

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1964)
Տոմսեր

Աղքատութեան Հարստութիւնը

Անգլիոյ գահաժառանգ իշխանը` Չարլզ, որ 16 տարեկան պատանի մըն է, ու դպրոցական, նիւթական անձկութեան մատնուած է: Իր հայրը` իշխան Ֆիլիփ, կը գրեն անգլիական թերթերը, ամսական հազիւ երեք տոլարի գումար մը կու տայ իբրեւ «գրպանի դրամ», իր զաւկին, որ սկսած է «կողմնակի աղբիւր»-ներու մասին մտածել:

Իր այս մտմտուքին մէջ օգնութեան կը փութայ իրեն դասընկեր մը.

– Բան մը չե՞ս կրնար գրել, որ ծախենք, իշխա՛ն:

– Ի՞նչ գրեմ, ընկե՛ր ջան, նիւթի սով կայ: Գրածս կրկնութիւն պիտի ըլլայ: Ամէն բան ըսուած է, կարծես:

– Այո՛, սակայն միշտ նոր ձեւով կարելի է ըսել հին բաները…

Վերջապէս իշխանը կը համոզուի եւ կը գրէ բաներ մը: Հնարամիտ ընկերը կ՛առնէ գրուածները, կը տանի հրատարակչական ընկերութեան մը եւ կը ծախէ… հայկական յօդուածի գինով, չորս տոլարի: Հրատարակչական ընկերութիւնը, որ իշխանական շահագործիչ մըն էր, այդ նոյն գրութիւնը կը ծախէ գերմանական թերթի մը, այս անգամ` անգլիական գինով, եւ կը ստանայ 29.000 տոլար:

Գայթակղութիւնը կը պայթի:

Անգլիոյ մէջ կը բողոքեն` ըսելով, թէ իշխան մը իրաւունք չունի ապրելու համար գրել, այն ալ` գահաժառանգ իշխան մը:

Ուրիշներ կը պաշտպանեն իշխանը. ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ ամսական երեք տոլար գրպանի դրամ ունենալով, որովհետեւ «գրպանի դրամ»-ովն է, որ մարդ կ՛ապրի, այն ալ` եթէ կ՛ապրի…

Կարգ մը անգլիացի յօդուածագիրներ կը բողոքեն հարուստներու այն սովորութեան դէմ, որով աղքատ կը մեծցնեն իրենց զաւակները, որպէսզի «մարդ ըլլան», այսինքն դրամին յարգը գիտնան: Թերթ մըն ալ դառնութեամբ դիտել կու տայ, թէ իշխան Չարլզ իր գրութիւններուն մէջ քննադատած է օրուան վարչաձեւը:

Իշխանը ի վերջոյ պատասխանած է.

– Ամիսը երեք տոլար գրպանի դրամ կու տան, որ սիկարեթի անգամ չի բաւեր: Եւ կ՛ուզեն, որ այս իշխանութի՞ւնը փառաբանեմ: Այո, ինչ աղքատութեան հարստութիւն կայ այս աշխարհի մէջ… եւ, օր մը պիտի թագաւորե՜նք ալ այս անարդարութեան վրայ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Ֆրանսական Մամուլը

Շարլ Ազնաւուրի Մասին

«Կարճահասակ, Տխեղծ, Փշրուած Ձայնով

Այս Հսկան Միլիառատէրն Է Երգին»

Ֆրանսական մամուլը, քննադատները, գեղարուեստական փորձագէտները կը շարունակեն նորանոր դափնիներ հիւսել «փոքրահասակ հսկային»` Շարլ Ազնաւուրին ի պատիւ, որ Մարսէյի մէջ յաղթական երգահանդէսներ կը սարքէ ներկայիս: Իվ Սալկ անոր մասին հրատարակած է գիրք մը` «Շարլ Ազնաւուր, այսօրուան բանաստեղծը» խորագրին տակ, որմէ կ՛արտագրենք նշանակալից հատուած մը:

«Ես բանաստեղծութեան մէջ մեծցայ,- կ՛ըսէ Շարլ Ազնաւուր,- Սայաթ Նովա, Օմար Խայեամ, Միշա Քնար իմ երիտասարդութեանս առաքեալները եղան: Հոն է հայ ժողովրդային մեծ քերթողը: Հայրս կ՛երգէր Միշա Քնարէն կտորներ, ես կ՛ուզէի թարգմանել: Իմ հեռաւոր ազգականներս եղած են արեւմտեան Ասիոյ աշուղներ, որոնք ձայնեակներ կը գրէին: Հայրս քնարական տաղեր կը գրէր, քան թէ` փոքր երգեր: Մայրս, ասպարէզով դերասանուհի, կը հիանար հելլէն ողբերգակներուն վրայ: Անոնք կազմաւորեցին այս կոչումը, եւ որովհետեւ ֆրանսերէն չէին գիտեր, չէին կրնար իրենց արուեստը ի գործ դնել: Ես ծնայ Փարիզ, յամի շնորհաց 1924-ին: Ֆրանսերէնը իմ հայրենի լեզուս է, հայերէնը` իմ մայրական լեզուս: Իմ յիշատակներս աւելի շատ կապ ունին ընտանեկան պարագաներուս հետ, քան` մանկութեանս:

Իմ անցեալս իմ աշխարհս կերտած է մաս մը Իտալիայով, Սթենտալի գործով, անցեալս է, որ անգիտակցաբար կը ցոլայ երգերուս մէջ: Ան խորանկարն է, անտեսանելի, բայց իրական պաստառը, հոգեյատակը: Բանաստեղծութիւնը կ՛ընդունիմ իբրեւ լեզու մը` մարդիկ կան, որոնք բանաստեղծութիւն կը շինեն, եւ կան մարդիկ, որոնց բանաստեղծութիւնը իրենց բնական արտայայտութիւնն է, խօսքն է: Մեծ քերթողները բանաստեղծութիւն չեն շիներ, այլ կ՛արտայայտուին բնականօրէն բանաստեղծական բարբառով մը: Ես կարգաւ ենթարկուեցայ Հիւկոյի, Լա Ֆոնթենի: Ռոնսարի, կարդացի ուրիշներ ալ, եւ առաջին երեքը զիս ընտանեցուցին այս բնական-քերթողական լեզուին: Տեսողական եւ զգայարանական բնազդ մըն է ան, եւ իմ հեղինակի ապագաս ծնաւ այս եռեակ յայտնութենէն:

Կը հարցնենք իրեն. «Շա՛րլ Ազնաւուր, ի՞նչ բանի կը հաւատաք:

– Կը հաւատամ մի միայն երիտասարդութեան, պարմանական խանդավառութեան, երիտասարդութիւնը իր աչքերով կը մտերմանայ ձեզի, անօրինակ լոյսով մը փայլատակող իր աչքերով: Երբ աչքերս կը ծերանան, ես կը համակուիմ յուսահատութեան համազօր ձանձրոյթով մը: Տարիքը տարիներու խնդիր մը չէ` կ՛ըսեն: Ճիշդ է որ երիտասարդութիւնը տարիքի խնդիր մը չէ»:

Մարսէյլի «Փրավանս Մակազին»-ը կը գրէ.

«Շարլ Ազնաւուր, կարճահասակ, տխեղծ, փշրուած ձայնով այդ հսկան, որ 1955-ին, 1960-ին ձախողանքէ ձախողանք գլորեցաւ, միլիառատէրն է երգին, սիրոյ պարզ, ճշմարիտ, խորհրդապահ երգին: Այժմ յաղթանակէ յաղթանակ կը սլանայ` գերազանցելով Էտիթ Փիաֆը, Մոնթանը, Պեքոն, «Ժիմնազ»-ի տոմսերը օրեր առաջ սպառած են արդէն: Եւ Շարլ Ազնաւուր Մարսէյի նախապատուութիւն կու տայ այս տարի, իսկ Ուլլա գաղտնօրէն կը հետեւի անոր երգահանդէսներուն` նախընտրելով մնալ Շարլի ստուերին, հովանիին մէջ:

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Յատկանշական Երեւոյթներ

Տարուան վախճանին հազիւ երեք շաբաթ մնացած` քաղաքական աշխարհը արտակարգ եռուզեռի մը մէջ է: Գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր հարցերու շուրջ, գլուխ-գլխի խօսակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, բանակցութիւններ եւ տեսակէտի փոխանակումներ տեղի կ՛ունենան, մինչ աշխարհի խաղաղութեան համար բազմաթիւ խոցելի կէտերու վրայ զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին, թէեւ սահմանափակ բնոյթով, բայց` անպայմանօրէն վտանգաւոր անդրադարձներով:

Երկու հիմնական հարցեր կը յուզեն միջազգային քաղաքական աշխարհը: Երկուքն ալ, թէեւ` առանձին ճակատներու յատուկ, բայց իրենց հետեւանքներով սերտօրէն կապուած են ընդհանրական խնդիրներու:

Առաջինը արեւմտեան զինակցութեան ապագան է: Կասկածէ վեր է, որ Ատլանտեանի զինակցութենէն ներս տագնապ մը ծայր տուած է այն օրէն ասդին, երբ Ֆրանսայի նախագահը` զօրավար տը Կոլ կը մերժէ մասնակցիլ հիւլէական բազմակողմանի ուժին, որ կ՛առաջարկուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ու ընդունուած է Գերմանիայէն: Առանց մտելու այս ծրագրի մանրամասնութիւններուն մէջ` կրնանք յայտնել միայն, թէ Ուաշինկթընի ակնոցով, բազմակողմանի հիւլէական ուժ կոչուածը պիտի ծառայէ երկու հիմնական նպատակներու:

Ա) Առաւելագոյն չափով պիտի զօրացնէ արեւմտեան զինակցութիւնը` Գերմանիան եւս կոչելով հիւլէական պատասխանատուութիւններու, Ատլանտեանի զինակցութեան սահմանին մէջ:

Բ) Պիտի արգիլէ հիւլէական զէնքերու տարածումը` ազգային պատասխանատուութիւններու հակակշռին տակ:

Ֆրանսա ամերիկեան առաջարկին մէջ կը տեսնէ Եւրոպան յաւիտենապէս ամերիկեան խնամակալութեան տակ պահելու միջոց մը եւ ոգի ի բռին կ՛ընդդիմանայ այդ ծրագրին իրականացման:

Զինակցութեան անդամ միւս երկիրները, զանազան տրամադրութիւններով եւ նախանձախնդիր` զինակցութեան պահպանման, կը մերժեն յստակ դիրքեր բռնել եւ սրտանց կը փափաքին միջին լուծում մը, որ գոհացում տայ բոլորին:

Վերջերս Ուաշինկթընի մէջ կատարուած Ճոնսըն-Ուիլսըն խօսակցութիւնները ընթացան տիրապետութեանը ներքեւ այս մտահոգութեան եւ անգլիացիք պաշտպան կանգնեցան ֆրանսական տեսակէտներուն եւ համոզեցին Ուաշինկթընը, որպէսզի չաճապարէ բազմակողմանի ուժի հարցին մէջ:

Երկրորդ խնդիրը յատուկ է համայնավարական ճակատին: Հոկտեմբեր 14-ի ցնցող դէպքէն ետք, երբ Խրուշչեւ գահավէժ անկում մը ունեցաւ, ոմանք այն կարծիքը յայտնեցին, թէ Խրուշչեւի անկումին գլխաւոր պատճառը այն անհաշտ պայքարն էր, որ ծագած էր անոր եւ Մաօ Ցէ Թունկի միջեւ: Անկէ ի վեր դէպքերն ու երեւոյթները եկան ցոյց տալու, թէ Խրուշչեւի անկման մէջ չինեւխորհրդային պայքարը միջոց գործածուեցաւ եւ ոչ թէ հիմնական պատճառ:

Անգամ մը որ Խրուշչեւ հեռացուեցաւ քաղաքական բեմէն, Մոսկուայի ու Փեքինի հիմնական տարակարծութիւնները վերստին երեւան եկան, ու թէեւ ամիս մը ամբողջ լռութիւն պահուեցաւ, բայց Շու Էն Լայի Մոսկուայէն ձեռնունայն վերադարձը եկաւ դարձեալ հաստատելու, թէ չինեւխորհրդային վէճը միայն գաղափարական հիմունք չունի, այլ նաեւ ազգային է: Ազգային` այն իմաստով, որ Խորհրդային Միութիւնը Չինաստանի զօրացման եւ հիւլէական ուժի տիրացման մէջ կը տեսնէ վտանգ մը, որ որքան մեծնայ, այնքան աւելի Մոսկուայի համար ստիպողական պիտի դարձնէ Արեւմուտքի հետ լեզու գտնելու անհրաժեշտութիւնը:

Վերջին հնգամեակի ամէնէն յատկանշական երեւոյթը կը հանդիսանայ համայնավարական ճակատի միահեծանութեան անհետացումը: Միջազգային համայնավարութիւնը մինչեւ վերջին տարիները մէկ ուխտատեղի ունէր` Մոսկուան: Ներկայիս այդ կեդրոնները երկուքի վերածուած են Մոսկուա եւ Փեքին: Խորհրդային Միութիւնը պիտի կրնա՞յ իր փարախին մէջ պահել ազատ աշխարհի համայնավար կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ` Արեւելեան Եւրոպայի արբանեակները: Խրուշչեւի օրով ատիկա տակաւին կարելի էր` շնորհիւ անոր անձնական կեցուածքին: Պրեժնեւ եւ Քոսիկին այդ հեղինակութիւնը չունին: Չունին նաեւ անհրաժեշտ վճռակամութիւնը` դիրքեր որոշելու: Անորոշութեան շրջանը, որ սկսած է Խորհրդային Միութեան համար, առաւելագոյն չափով պիտի օգտագործուի Չինաստանի կողմէ` միջազգային համայնավարական շարժումը իր հակակշիռին տակ առնելու համար:

Մինչ այդ, Արեւմուտքի մէջ հետզհետէ տեղ պիտի գտնէ այն կարծիքը, թէ Մոսկուա անդիմադրելիօրէն պիտի իյնայ ազատ աշխարհի ձգողութեան դաշտին մէջ: Ու շատոնց հրաժարելէ ետք համայնավարութեան էութենէն, պիտի հրաժարի նաեւ ձեւէն:

Թուրքերու Խոստովանութիւնները

«Կսկծալի Եւ Ամօթալի Վիճակի Մը Մատնուած Ենք»

Կ՛ըսէ «Տիւնիա» Թերթին Խմբագրապետը

«Անատոլուի Մէջ, Երբ Քրիստոնեայ Փոքրամասնութիւններ Կային,

Մեր Հողերը, Որոնք Այսօր Թափուր Բացաստաններ Դարձած Են,

Ճոխ Այգեստաններ Էին…»

Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթի խմբագրապետ թուրք ծանօթ լրագրող Ֆալիհ Ռըֆքի Աթայ ստորագրած է հետեւեալ նշանակալից խմբագրականը.

«Հիթլեր Աւստրիան կցեց նացիական Գերմանիոյ, եւ զայն երկար ատեն ճնշումի տակ պահելէ ետք, պատերազմի մղեց: Այդ գեղեցիկ երկիրը, որ Բ. Աշխարհամարտին մեծագոյն տառապանքները կրեց, ոտքի կոխան եղաւ, մէկ դռնէն արեւմտեան, միւս դռնէն Կարմիր բանակի զինուորները մտան: Իր ամէն ինչը իբրեւ հատուցում տուաւ, այդ համեստ արեւմտեան պետութիւնը, որ մեր հազիւ մէկ քանի նահանգին տարածութիւնը ունի, մեծ մասն ալ` անտառուտ:

Գալով Դանիոյ, այդ փոքրիկ երկիրը, որ մեր հին օսմանեան մէկ սանճագին տարածութիւնը ունի, ան ալ նացիներու արշաւանքին ենթարկուեցաւ եւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին «արիւն փոխեց»:

Վերջին անգամ թերթերու մէջ լուր մը կարդացինք, սակայն: Մեր այս հսկայ Թուրքիան, որուն հպարտութենէն, նետել-բռնելէն չէք կրնար կենալ, օգնութեան դրամ ստացեր է այդ երկու փոքրիկ երկիրներէն` Աւստրիայէն եւ Դանիայէն: Անոնք, որ այս լուրը կարդացին, արդեօք չնստա՞ն իրենց խղճի քննութեան: Եւ ի՜նչ թուանշաններ: Յիշենք օգնութեան գումարներէն հա՞տ մը. 18 միլիոն թրքական ոսկի: Ողորմութեան պէս բան մը: Մենք, որ 13 միլիառի պիւտճէ մը ունինք, չենք անդրադառնար ուռուցիկ հաշիւներուն, պաշտօնական ճամբորդութեանց առթիւ տրուած տվիզներուն, աւելորդ պաշտօնէութեան վճարուած գումարներուն, անոնց շուայտութիւններուն, եւ ելեր ենք 18 միլիոնի օգնութեան մը համար էյվալահ կարդալու:

Թուրքիա կսկծալի եւ ամօթալի վիճակի մը մատնուած է այսօր: Պատճառն այն է, որ այլասերեցինք ժողովրդավարութիւնը եւ զայն շփոթեցինք ամբոխավարութեան, քուէի որսորդութեան հետ: Բնականաբար արդիւնքն ալ կը համապատասխանէ այս վիճակին, պետութեան տուրքերը կը կողոպտուին, ազատականութիւն կը նշանակէ` գողութեամբ դրամ շահիլ, օտար դրամագլուխն ալ կ՛ըլլայ սմսարներու խաղալիք: Եւ խառն տնտեսութեան երեք թեւերը կը խանգարուին, չեն կրնար բանիլ:

Աւստրիոյ կամ Դանիոյ նման երկիրներու համար սա մեր Պոլսոյ լերկ ու անմշակ լեռներն անգամ բերրի եւ արդիւնաբեր հողեր կրնան ըլլալ: Անատոլուի մէջ, երբ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կային, մեր հողերը, զորս հիմա կ՛արհամարհենք իբրեւ թափուր բացաստաններ, արեւմտեան Անատոլուէն աւելի ճոխ այգեստաններ էին, անոնցմէ աւելի գինեւէտ»:

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1964)
Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, երկու բարեկամներ  կը զրուցեն.

– Կէսօրէն ետքերը դուրս չեմ ելլեր, կ՛ըսէ առաջինը: – Կնոջս հետ կը նստիմ եւ պատկերասփիւռ կը դիտեմ:

– Յայտագիրը լա՞ւ է,- կը հարցնէ երկրորդը:

– Երէկ կէսօրէ ետք, կը բացատրէր շագանակով ու սալորով լեցուած հնդկահաւ եփելու կերպը: Չտեսա՞ր:

– Դժբախտաբար ո՛չ: Ամբողջ կէսօրէ ետքը կարգի սպասեցի երկու քիլօ հողկիթ առնելու համար,- կ՛ըսէ երկրորդը:

Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ մը իր ինքնաշարժով լեհական պզտիկ գիւղ մը կը հասնի եւ կը հրահանգէ, որ բոլոր բնակիչները գիւղին հրապարակը հաւաքուին:

Ժամ մը վերջ գիւղացիները գիւղին հրապարակն են: Կուսակցութեան ներկայացուցիչը աթոռի մը վրայ ելլելով` կ՛ըսէ.

– Շատ մը հարցեր կան, որոնց մասին պիտի խօսիմ ձեզի: Ամէնէն կարեւորը ա՛յն է, որ Լեհաստանի կառավարութիւնը ուտեստեղէններու հարցին մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց: Բայց, շնորհիւ իր ձեռք առած միջոցներուն, վստահ է, որ յառաջիկայ տարի` 1966-ին, ուտեստեղէններու մէջ նկատուած փոքր պակասը գոյութիւն պիտի չունենայ այլեւս:

– Փոքր պակասը` լաւ: Հապա մեծ պակասը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ընկե՛ր,- կը հարցնէ գիւղացիներէն մէկը:

Ռուսական պատուիրակութիւն մը Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ առեւտրական դաշնագիր մը կնքելու համար Թեհրան կ՛երթայ: Շահը պատուիրակութեան ի պատիւ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ պալատին մէջ:

Պատուիրակութեան պետը` Շահին հետ խօսած պահուն կ՛ըսէ.

– Վեհափա՛ռ, կ՛ընդունինք, թէ ձեր ազգային տնտեսութիւնը իսկապէս կը յառաջդիմէ: Սակայն պէտք է անկեղծօրէն ըսենք, թէ չենք յուսար, որ խորհրդային ազգային տնտեսութեան արդիւնքներուն պիտի կրնայ հասնիլ:

Շահը ժպտելով կը պատասխանէ.

– Մենք ալ չենք յուսար…

Օգնութեան Խաչի Կազմակերպած

Դասախօսութիւնը Էշրեֆիէի Մէջ

Օգնութեան խաչի Էշրեֆիէի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ: Սրահը լեցուած էր ընկերուհիներով եւ համակիր տիկիններով եւ օրիորդներով:

Վարչութեան կողմէ Վ. Թրթռեան ընկերուհիներուն բարիգալուստ մաղթելէ ետք, վարչութեան ունեցած վերջին 6 ամիսներու գործունէութեան մասին զեկուցում տուաւ:

1963-ի Պատգամաւորական ժողովին որոշումով վարչութիւնը տարի մը եւս կ ը մնայ նոյն կազմով:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը. Ա. Էմէյեան իր թովիչ ձայնով մեներգեց Սայաթ Նովայէն կտոր մը: Օր. Վ. Թրթռեան ապրումով արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Պատուէրը»:

Ապա Վ. Թրթռեան քանի մը խօսքով ներկայացուց դասախօս` Երուանդ Տեմիրճեանը, որ տնօրէնն է Ս. Յակոբ վարժարանի, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը. մօտ 30 վայրկեան տեւող իր դասախօսութիւնը բոլորն ալ հաճոյքով մտիկ ըրին: Ե. Տեմիրճեան ըսաւ. «Նիւթը, նիւթ մըն է, որ շատ ծեծուած է. «Հայ կնոջ դերը ազգապահպանման մէջ»: Կ՛ըսեմ` հայ կնոջ, որովհետեւ օտար կիներ չեն հետաքրքրուիր իրենց ազգապահպանման գործով: Ես կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի պարզ եւ աւելի անկեղծ մօտենալ մեր կիներուն ունեցած դերին, ներկայ դարուս, որ դժբախտաբար ազգապահպանման մէջ քիչ մը աւելի վերապահ է: Մեր կիները կը բաժնուին երեք դասակարգի. Ա. տգէտներ, Բ. շատ սոփեստներ եւ Գ. միջին դասակարգը, եւ այս վերջիններն են, որ կը պահեն ազգը… Ո՞ւր է մեր Տէր Զօրի մայրը, որ աւազին վրայ ԱԲԳ կը սորվեցնէր իր զաւկին, ո՞ւր է Դերենիկի մայրը (Դ. Վ. «Դերենիկը»), որ իր տղան դուրս կ՛ընէր ու կ՛ըսէր. «Մինչեւ արիւնդ, անոր արեամբ (թուրքին) չմաքրես, տուն չես գար» այսօր դժուար է բոլորը գտնել:

… Մեր մայրերը անցեալին մէջ եղած են իսկական ֆետայիներ, մեր մայրերը եղած են տան նահապետ, երբ բացակայած է տան այր նահապետը…: Դուք ալ ձեր կարգին պէտք է ըլլաք պատմութեան մէջի կինը. չի բաւեր միայն այր մարդուն հաւասար իրաւունք ունենալ քաղաքական կամ ընկերային կեանքին մէջ, այլ անոնք պէտք է սիրեն եւ իրենց զաւակներուն սիրցնեն մեր հերոսներու պատմութիւնները, եւ այդ բանը, ինչպէս անցեալին մէջ, հիմա նորէն կ՛ըլլայ հեքիաթներու ճամբով: Հաւաքեցէք ձեր զաւակները ձեր շուրջը պառկելէ առաջ եւ պատմեցէք իրենց մեր հերոսներու կեանքէն: Չխնդանք իրարու վրայ, այլ քաջալերենք զիրար, որովհետեւ այդ ձեւով ազգը կանգուն կը մնայ: Բոլորիդ աչքերը թող ուղուին Օգնութեան խաչին եւ պիտի տեսնէք, որ կը մտածէ կանգուն պահել ազգը. ուրեմն անդամագրուեցէք Օգնութեան խաչին եւ այս պիտի ըլլայ մեր բոլորիս վարձատրութիւնը»:

Թրթռեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին, ներկաներուն եւ հաւաքոյթը փակուած յայտարարեց.

Ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան ակումբէն:

ԽԱՉՈՒՀԻ

8-11-64

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1964)
Թուրք Մամուլ

Հալք Կուսակցութիւնը

Ծանր Ամբաստանութեան Տակ

«Թուրքիոյ Մէջ Գաղափարի Ազատութիւն Չկայ,

Նիւթական Մսխումներ, Ներքին Անդորրութիւն Չկայ,

Զինեալ Բախումներ. Կողոպուտներ, Անգործութիւն…»

Պոլսոյ «Միլլիէթ» թերթին մէջ Չեթին Ալթան կը գրէ.-

Քանի կը մօտենան ընտրութիւնները, այնքան կը տկարանան Հալք կուսակցութեան վրայ դրուած յոյսերը, եւ ամէն ոք կը խոստովանի, թէ այդ կուսակցութեան հիմերը կը ճեղքուին, վստահութիւն չեն ներշնչեր նոյնիսկ ամէնէն բարեմիտներուն, եւ այդ ճեղքերն ալ կարելի չէ նորոգել դիւրաւ:

Դժբախտաբար Հալքը չկրցաւ յարգել այն խոստումները, զորս կը լսէինք, երբ իբրեւ ընդդիմադիր կը գործէր ան: Նախ` չկրցաւ գաղափարի ազատութիւն պարգեւել, գիրքերու, հրատարակութեանց արգելքը կը շարունակուի, դեռ մտաւորականները կը քաշկռտուին դատարաններու առջեւ, միջնադարեան մեթոտներով: Գաղտնի տեղեկագիրներ, գաղտնի շրջաբերականներ, աչքի գաղտնի քթթում մը, եւ ահա ամէն ինչ ոտնակոխ կ՛ըլլայ, անորոշ ինքնութիւնով փորձագէտներ, տեղեկագիր կու տան եւ գրչի աշխատաւորներ կը ձերբակալուին:

Խոստացուած բարեկարգումներուն ոչ մէկը իրականացաւ: Հողային ռեֆորմը, տուրքերու, կրթական եւ այլ գործերու բարեկարգումները մշիկ մշիկ կը քնանան: Չարաշահութիւնները, ապօրինութիւնները, պիւտճէի մսխումները չեն հակակշռուիր: Պետական դրամատուները ապօրինի յատկացումներ ըրած են այսինչին եւ այնինչին. ներածման եւ արտածման ապօրինութեանց առաջքը չէ առնուած, պետական հիմնարկութիւնները անհաշիւ կը ծախսեն: Երկրին մէջ անդորրութիւն չկայ պէտք եղածին պէս, նոյնիսկ զանազան տեղեր բնաւ անդորրութիւն չկայ, ասպատակութիւններ, առեւանգումներ, զինեալ բախումներ, կողոպուտներ յաճախադէպ դարձան: Աստուած գիտէ, թէ դեռ ինչե՜ր կը պատահին եւ արձագանգ չեն գտներ մամուլին մէջ:

Անգործութիւնը կը շարունակուի, հայրենակիցներու վստահութիւնը խախտած է: Ամէն օր քիչ մը եւս կը զօրանայ Թուրքիա փախչելու, գաղթելու գաղափարը: Միշտ կը լսենք սա յանկերգը. «Եղբա՛յր, այս երկրին մէջ կարելի չէ ապրիլ»: Կառավարութիւնները, տկար մնացած են եւ չեն կրցած հիմնել անհրաժեշտ ուժականութիւնը: Ոստկանութիւնը կը ծեծէ, մարեցնելու աստիճան կը խոշտանգէ այն ուսանողները, որոնք յետադիմական թերթերը կ՛այրեն, իսկ յետադէմ եւ խաւարամիտ տարրերը արձակ համարձակ կը պտտին: Համալսարանին մէջ քաոսային վիճակ կը տիրէ, արտաքին քաղաքականութիւնը անկայուն է եւ տատամսոտ, կը տատանինք միջազգային հաւաքականութեան մէջ:

Անոնք, որոնք իբրեւ բարեմիտ անձեր ճանչցուած են Հալք կուսակցութեան մէջ, չեն կրցած իրենք զիրենք արժեցնել հարկ եղածին պէս, անզօր մնացած են ընդհ. շփոթութեան եւ տատանումներու դիմաց: Երբ այդ է իրականութիւնը, կարելի չէ խորհիլ, թէ Հալք կուսակցութիւնը բարենիշ մը ստացած է թուրք հանրային կարծիքին առջեւ:

Սկիզբները մտաւորականները, արուեստագէտները գրչի մարդիկը վստահութիւն մը ունէին Հալք կուսակցութեան հանդէպ, հիմա օրէ օր, հետզհետէ կը ցամքի այդ վստահութիւնը:

Երիտասարդութիւնն ալ առաջուան պէս համակիր չէ Հալք կուսակցութեան, որ երիտասարդութեան «կռնակէն» շատ բան շահեցաւ: Բոլոր յառաջադէմ տարրերը մատնուած են թաքուն յուսախաբութեան մը:

5-ի Դէմ 85 Ձայնով Եւ 7 Ձեռնպահութեամբ

Վստահութիւն Ուէյնիի Դահլիճին

Վիճաբանութիւնները (Երկու Նիստ) Տեւեցին 11 Ժամ,

Ամէնէն Երկարը` Լիբանանի Խորհրդարանական

Տարեգրութեանց Մէջ

Յաճախ փոթորկալի նիստէ մը ետք, երեսփոխանական ժողովը երէկ իրիկուն վստահութիւն շնորհեց Ուէյնիի դահլիճին, 5-ի դէմ 85 ձայնով եւ 7 ձեռնպահութեամբ: Վիճաբանութիւնները (երկու նիստ) տեւեցին ընդամէնը 11 ժամ եւ կրնան նկատուիլ ամէնէն երկարը Լիբանանի խորհրդարանական տարեգրութեանց մէջ:

Նիստը, որ սկսաւ ժամը 17:30-ին, վերջ գտաւ ժամը 0:30-ին, երբ վարչապետն ու ազգային տնտեսութեան նախարարը պատասխանեցին արծարծուած բազմաթիւ հարցերուն:

Իրար ետեւէ խօսք առին` տոքթ. Ազիզ Աուն, Ատիպ Ֆըրզլի, Պեհիժ Թաքիէտտին, Մաարուֆ Սաատ, Շահիտ Խուրի, Մունիր Ապու Ֆատըլ, հայր Սըմաան Տուէյհի:

Այնուհետեւ կարգը եկաւ Պէյրութի հայ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանին, որ կը խօսէր չորս հայ երեսփոխաններու` Մովսէս Տէր Գալուստեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, Անտրէ Թապուրեան եւ իր անունով:

«Լ՛Օրիան» հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ Պապիկեանին ելոյթը.

Խաչիկ Պապիկեան բարձրացաւ ամպիոն, Ձայնը յուզումէն խեղդուած` Պէյրութի երեսփոխանը ջերմօրէն ծափահարուեցաւ իր կարճ ելոյթէն ետք:

«Պիտի ուզէի, որ համայն լիբանանցի ժողովուրդը բաժնէ համերաշխ մթնոլորտին եւ ազգային միութեան պատճառած ուրախութիւնը: Դժբախտաբար լիբանանեան բնակչութեան մէկ հատուածը այսօր տխուր է: Ան վիրաւորուեցաւ` հայրենիքի հանդէպ իր հաւատարմութեան եւ անկախութեան հանդէպ իր փարումին մէջ: Այս հատուածը չի կրնար եւ պէտք չէ բացակայ ըլլայ կառավարութեան խորհուրդներէն»:

«Ապա խօսքը ուղղելով վարչապետին Պապիկեան եզրակացուց.- «Քանի որ դուք ասիկա նկատի չառիք, կը ցաւիմ յայտարարելու իմ եւ ընկերներուս անունով, թէ որոշած ենք ձեռնպահ մնալ քուէարկութեան ատեն, հակառակ անոր որ դահլիճին մէջ կան նախարարներ, որոնց շատ կը յարգենք: Այս  ըսելէ ետք, կը յուսամ, որ սխալը պիտի դարմանուի մօտ ապագային:

(Խ. Պապիկեան կ՛ակնարկէր կառավարութեան նոր կազմին մէջ հայ երեսփոխաններու խմբակին բացակայութեան):

Այնուհետեւ խօսեցան` Ժան Հարպ, Քամել Ասատ, Ապտել Քարիմ Զէյն, Ժոզեֆ Սքեֆ, Միշէլ Ֆարհաթ, Եուսեֆ Հըրաուի, Միխայիլ Տըպս, Ալպեր Մուխայպեր, Ասատ Պայուտ եւ Ռաշիտ Քարամէ:

Ապա տեղի ունեցաւ վստահութեան քուէարկութիւնը: Դէմ քուէարկող 5 երեսփոխանները եղան` տոքթ. Ալպեր Մուխայպեր, Մունիր Ապու Ֆատել, Ժեմիլ Լահուտ, Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ Ապտել Քարիմ Զէյն:

Ձեռնպահ մնացին` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Սուրէն Խանամիրեան, Խաչիկ Պապիկեան, Անտրէ Թապուրեան, տոքթ. Շահիտ Խուրի, տոքթ. Անթուան Սուէտ եւ Ալի Հիւսէյն:

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1964)
Մարզական Կեանքը

Հալէպի Մէջ

Նախանցեալ շաբաթ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Նետի Արապի, յաղթելէ ետք ՀՄՄ-ի 1-0, ՀՄԸՄ կը բարձրանայ առաջին կարգի, իսկ ՀՄՄ կ՛իջնէ երկրորդականի: Գալով Մումթազի խաղերուն` Հալէպի Ահլին անցեալ շաբաթ տարաւ շատ դժուարին յաղթանակ մը Նետի Խապուրի դէմ (Հասաքէ) 1-0: Երկու խաղերուն կէտերն ալ նշանակուեցան խաղի վերջաւորութեան:

Նոյնպէս, Մումթազի խաղերու շարքին, ՀՄԸՄ տարաւ շատ դիւրին յաղթանակ մը Վասպուրականի դէմ, 4-0 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ Վասպուրական Խաղին

Պատկերը

Կիրակի, 29 նոյեմբերին, Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, քանի մը հազար մարզասէրներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Մումթազի խաղերուն Հալէպի Բ. հանդիպումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Վասպուրականի միջեւ, իրաւարարութեամբ Ֆաուզի Թըլլոյի (միջազգային իրաւարար), որ վերին ֆետերասիոնին որոշումով Դամասկոսէն եկած էր այս խաղը ղեկավարելու համար:

Ժամը ճիշդ 2:45-ին, իրաւարարի սուլիչին ազդանշանով, խաղը սկսաւ Վասպուրականի յարձակումով, բայց շատ երկար չտեւեց այդ: ՀՄԸՄ անմիջապէս փոխադարձեց եւ երկու խումբերը իրենց յարձակողականներով վտանգի պահեր անցուցին: Քիչ անցած, սակայն, ՀՄԸՄ-ի գերակայութիւնը զգալի դարձաւ: Խաղի 25-րդ վայրկեանին, երբ ՀՄԸՄ-ի յառաջապահները կը մօտենային Վասպուրականի բերդին, Անդրանիկ  Մալեան շատ ճարպիկ մէկ դարձուածքով գնդակը փոխանցեց Սամիկին, իսկ ան, իր կարգին, գեղեցիկ մէկ հարուածով (քառէէն դուրս) նշանակեց իր խումբին առաջին կէտը: Գնդակը հազիւ մէջտեղ եկած, հակառակորդի ոտքէն անցնելով ՀՄԸՄ-ի յառաջապահներուն, այս անգամ Ա. Գօգօ մօտեցաւ բերդին: Տեսնելով Սամիկի ազատ ըլլալը` անմիջապէս փոխանցեց անոր: Սամիկ իր կարգին պատրաստ ըլլալով` նշանակեց իր խումբին երկրորդ կէտը, խաղի 30-րդ վայրկեանին: Մնացած 15 վայրկեանները անցան առանց արդիւնքի եւ կիսախաղը վերջացաւ 2-0, ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, ՀՄԸՄ խաղին ղեկը ձեռք առած, սկսաւ ռմբակոծել հակառակորդին բերդը եւ չուշացաւ կէտ նշանակելու առիթը: Խաղի 52-րդ վայրկեանին, դարձեալ նոյն Սամիկը, խաղի բերելով հակառակորդին յետսապահ գիծը, նշանակեց երրորդ կէտը: Երբ Սամիկ կը վերադառնար կեդրոն, Վասպուրականի բերդապահը ջղայնացած` աքացի մը տուաւ անոր գլորելով գետին: Բերդապահը առանց պատիժի մնաց, որովհետեւ խումբը պարտուած էր: Խաղը շարունակուեցաւ նոյն թափով, բայց չուշացաւ Անդրանիկ Մալեանի չորրորդ կէտը, ճիշդ 60-րդ վայրկեանին, նոյնիսկ խաղի բերելով Վասպուրականի բերդապահը: Նոյն կոպտութիւնը կրկնուեցաւ այս անգամ Անդրանիկ Մալեանի վրայ` Վասպուրականի ձախ յետսապահին կողմէ:

Մնացած 30 վայրկեաններուն Վասպուրական շատ կարծրացուց խաղը, իսկ ՀՄԸՄ սկսաւ մարզական ոգիով խաղ մը ցուցադրել` առանց կէտ նշանակելու: Եւ մրցումը վերջ գտաւ 4-0 արդիւնքով` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:

ՃԱՆՕ

Հալէպ

Լեւոն Յակոբեան Ակումբ Պէյրութի Մէջ

Տիկին Սոֆիա Յակոբեան Յիսուն Հազար Տոլարի

Նուիրատուութեամբ Մը Կը Յաւերժացնէ

Ամուսնոյն Յիշատակը

Ուրախութեամբ կ՛աւետենք մեր բոլոր ընկերներուն, թէ Պէյրութի շրջանը վերջապէս պիտի ունենայ իր սեփական տունը, կուսակցական ակումբը:

Տարիներու երազ մը իրականութիւն պիտի դառնայ շուտով` շնորհիւ ազնուասիրտ հայուհիի մը, որ համայն ժողովուրդի օրհնութեան եւ երախտագիտութեան արժանացած է արդէն բազմաթիւ գաղութներու մէջ կատարած իր սքանչելի բարեգործութիւններով:

Արդարեւ, երէկ Ֆրեզնոյէն ստացանք հեռագիր մը` ստորագրութեամբ ընկեր Բիւզանդ Կռանեանի, որ կը յայտնէր, թէ տիկին Սոֆիա Յակոբեան յիսուն հազար տոլար յատկացուցած է Պէյրութի մէջ կառուցանելու համար ՀՅ Դաշնակցութեան ակումբ մը, որ պիտի կոչուի իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Լեւոն Յակոբեանի անունով:

Վստահ ենք, որ այս լուրը մեծ ցնծութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի ընդունուի մեր բոլոր ընկերներուն, ի մասնաւորի Պէյրութի շրջանի ընկերներուն կողմէ, որոնք եւս յանձնառու պիտի ըլլան յաւելեալ զոհողութիւններու` քաղաքը օժտելու համար արդիական ակումբով մը:

Հեռագիրը կը յայտնէ նաեւ, որ շուտով պիտի հասնի յատուկ նամակ` մանրամասնութիւններով: Առ այժմ մեր խոր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք տիկին Սոֆիա Յակոբեանին` իր այս նոր ժեսթին համար, որ այլ իրականացումներու կողքին, պիտի յաւերժացնէ մեր վաղամեռիկ ընկերոջ` Լեւոն Յակոբեանի անունը` սերունդներու երախտագիտութեան արժանացնելով:

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1964)
ՀՅ Դաշնակցութեան

Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը

Պուրճ Համուտի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 6 փետրուար 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը:

Հազարաւոր հանդիսականներ ծայրէ ծայր լեցուցած էին սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահը:

Ղեկավար ընկերներու ժամանումին, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի նուագախումբը կը հնչեցնէր պատուոյ նուագը:

Սրահը գեղեցկօրէն դրօզարդուած էր լիբանանեան եւ եռագոյն դրօշակներով: Պատշաճօրէն զարդարուած էր նաեւ բեմը: Երկու կողմերուն վրայ, եռագոյն դրօշակներու կողքին, զետեղուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծադիր զինանշանները: Մէջտեղը, եռագոյնով ծածկուած պատուոյ սեղանին վրայ, եռագոյն եւ լիբանանեան փոքր դրօշակներու միջեւ, գրաւած էր ՀՅ դաշնակցութեան հիմնադիր-առաքեալ Քրիստափորի նկարը:

Ժամը ճիշդ 10:30-ին ՀՅԴ Կեդր. կոմիտէի կողմէ Հրաչ Տասնապետեան, Դաշնակցութեան 74-րդ տարեդարձի օրուան տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարելէ ետք, յոտնկայս ունկնդրուեցան նուագախումբի հնչեցուցած լիբանանեան եւ ՀՅ դաշնակցութեան քայլերգները:

Անցնելով յայտագրի գործադրութեան` Տասնապետեան բեմ հրաւիրեց Սիմոն Վրացեանը` նախագահելու օրուան տօնակատարութեան:

Ընդհանուր ծափերու մէջ, բեմ բարձրանալով, Ս. Վրացեան իր բացման խօսքին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր պայքարը` հասնելու համար իր ընդհանուր եւ հիմնական նպատակին` ազատ ու անկախ, ամբողջական Հայաստանի ստեղծումին:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Բեգլար  Նաւասարդեան, որուն հոյակապ ու տպաւորիչ ճառը լարուած ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ` արժանանալով բազմաթիւ անգամներ բուռն ծափերու:

Բ. Նաւասարդեան սքանչելի վերլուծումով մը ջանաց որքան կարելի է, առանց կողմնակալութեան, գնահատել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գործն ու դերը հայ նորագոյն պատմութեան մէջ:

«Դաշնակցութեան գոյատեւումէն ետք,- ըսաւ Բ. Նաւասարդեան,- անոր ազգային ներկայութիւնը ծաւալեցաւ անօրինակ ու զարմանք պատճառող թափով մը:

«Հաստատուեցաւ հայ հող ու Հայաստան: Ծաւալեցաւ օսմանեան եւ ցարական կայսրութիւններու մէջ: Եւ վերջապէս, ծաւալեցաւ համաշխարհագրօրէն:

«Առաջին աշխարհամարտէն ետք, ստեղծուեցաւ հայ սփիւռք եւ խորհրդահայ Հայաստան: ՀՅ դաշնակցութիւնը, իր ազգային քաղաքական ներկայութեամբ, հանդիսացաւ ճարտարապետը սփիւռքահայ իրականութեան: Վերակերտեց ու դարբնեց սփիւռքահայ կեդրոններ: Իսկ հայրենի հողի վրայ հաստատուած խորհրդային կարգը հնարաւորութեան բոլոր միջոցներով ջանաց տիրանալ, ջնջել սրբել, անհետացնել ՀՅ դաշնակցութիւնը:

«Ոչ թէ քնաբեր հեքիաթ է, այլ` առարկայական անհերքելի իրականութիւն, որովհետեւ, խորհրդահայ կոչուած այդ տարածքին մէջ, դարձեալ հայ մարդոց հոգիները կախարդողը միեւնոյն հզօրն է` ՀՅ դաշնակցութիւնը:

Այնուհետեւ Բեգլար Նաւասարդեան գեղեցիկ մէջբերումներով Դաշնակցութիւնը ներկայացուց իբրեւ գործի կուսակցութիւն: Եւ աւելցուց.

«Այսօր, այս կուսակցութիւնը խօսքի կարօտ չէ, որ կը տառապի, այլ` կենդանի գործի»:

«Հայ յեղափոխականի եւ հայ յեղափոխութեան տիպարը ստեղծուեցաւ շնորհիւ ՀՅ դաշնակցութեան: Դաշնակցականին մէջ կայ արժէք մը, որ վեր է բոլոր արժէքներէն, բարձր է բոլորէն: Մարդը: Որովհետեւ բոլոր կոչումներուն մէջ սրբազնագոյնը մարդն է: Եւ Դաշնակցութեան բարոյական հրամայականը մարդ դառնալու ձգտումին մէջ է»:

Եւ խօսքը վերջացուց` ըսելով.

«Հայ ազատագրութեան պայքարը տակաւին չհասաւ իր լրումին: Չէ եղած բացարձակատիրութիւն, որ դէպի քայքայում չէ գացած:

«Հայ ժողովուրդը, իր ճակատագիրը պիտի վստահի, ՀՅ դաշնակցութեան: Նուիրուինք հոգիով ու սրտով պահպանելու Դաշնակցութիւնը, որ իր ուժին գաղտնիքն է»:

Խաչիկ Արարատեան ապրումով ու տպաւորիչ գրաւչութեամբ արտասանեց Տիգրան Ոսկունիի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական, մարտական եւ մտաւորական գործիչները ներկայացնող գեղեցիկ գրութիւնը` սկսելով երրորդութենէն, որոնք պաստառի վրայ առանձինն դիմանկարներով առաւել տպաւորիչ դարձուցին պահը:

Երկրորդ բանախօսն էր տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որուն սքանչելի ճառը նոյնպէս բազմաթիւ անգամներ ընդմիջուեցաւ` արժանանալով երկարատեւ ծափերու:

«Եկած էք լսելու Դաշնակցութեան խօսքը,- ըսաւ Բ. Փափազեան:- Խաչելութիւն մը եղաւ Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն կեանքը, բոլոր ֆետայիներուն եւ Դաշնակցութեան կեանքը, ընդդէմ բռնութեան եւ անարդարութեան:

«Դաշնակցութիւնը ծնաւ հայ ժողովուրդի տառապանքէն: Առաջին օրէն իսկ անցաւ նուիրումի` ամոքելու համար այդ տառապանքը:

«Խեղճացած էինք: Եկաւ Դաշնակցութիւնը եւ բարձրացուց ճակատը հայ ժողովուրդին: Խիզախում մը եղաւ ՀՅ դաշնակցութեան պատմութիւնը: Փոխանցեց խիզախութեան թափը մեզի, եւ որ պիտի շարունակուի նաեւ ասկէ ետք, մինչեւ որ հայ ժողովուրդը տիրանայ իր ամբողջական հայրենիքի ազատութեան:

«Լռութիւն է հայութեամբ բնակուած հայապատկան հողերու վրայ: Հոս է, որ ազատ աշխարհի մէջ կը տօնենք մեր օրը ազատութեամբ, ուր մեզմէ կախում ունի մեր կեանքը:

«Հայ ժողովուրդն է, որ կրնայ կեանք տալ Հայաստանին: Հայը պէտք է գիտակցի իր առաքելութեան եւ ձգտի իրականացնել այդ:

«Դաշնակցութիւնը կը ձգտի միացնել հայութիւնը հոգեկան արժանիքներու շուրջ: Հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն եւ մեզի բաժնել ձգտող ուժերուն` հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր ուժերը պէտք է գտնեն ճամբան, որ հայ ժողովուրդը ի մի պիտի բերէ:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շարունակական պայքար մըն է հայ ժողովուրդին լինելութեան փնտռտուքին համար, դէպի հայ ժողովուրդին ամբողջականացումը, որ պիտի տանի մեզի դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»:

Նախագահ Ս. Վրացեան իր փակման խօսքին մէջ ըսաւ ի մէջ այլոց. «Դաշնակցութիւնը իր մէջ ամփոփած է հայ ժողովուրդի կենսունակ ուժը, որ խօսքով չի բացատրուիր, եւ որ կ՛արտայայտուի գործով:

«Դաշնակցութիւնը կարելի չէ սպաննել, քանի չեն իրականացած անոր գաղափարները, ազատ, անկախ, միացեալ հայրենիք, ազատութեան սահմաններուն մէջ»:

Ներկաները, յոտնկայս խմբերգելէ ետք «Յառաջ, նահատակ»-ը, լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան սրահէն` անգամ մը եւս ամրացնելով իրենց հաւատքը, Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի գաղափարաբանութեան միակ ջատագով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հանդէպ: