Այլազան Archives - Aztag Daily

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Հայութեան Տեսիլքը

Ժամանակի անհատնում շղթայի այս օղակն ալ կը սուզուի անցեալին գիրկը, եւ Նոր տարին կը թեւակոխենք բացառիկ պայաններու ներքեւ, որոնք ամբողջ հայութեան կեանքը պիտի յատկանշեն գալիք օրերու ընթացքին:

Բացառիկ պայմաններ, որովհետեւ յիսուն տարի առաջ պատահած անագորոյն դէպքերու յաճախանքը պիտի ապրի իւրաքանչիւր հայ` հոգեբանական այն պատրաստութեամբ, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ծաւալեցաւ գաղութէ գաղութ` մէկ գաղափարի եւ մէկ մտասեւեռումի սպասարկուն դարձնելով ամբողջ ժողովուրդ մը:

Սովորական մաղթանքներու տարի մը պիտի չըլլայ 1965-ը: Գալիք երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերը բացառիկ արժէք եւ իմաստ պիտի ունենան մեզի համար: Իւրաքանչիւր հայ պիտի հարստանայ ներկայութեամբը սիրելի դէմքերու, որոնք մեր կեանքին մասնիկն էին երէկ, ու հիմա անաւարտ երազի մը զանգահարները կը հանդիսանան` դաժան, այլ քաղցր բռնակալութեամբ մը ցնցելով բոլոր անտարբերութիւնները:

Յիսնամեակի առթիւ հոգեկան այս հարստացումը, որուն հաստատումը կը կատարենք գրեթէ ամէն օր, անձնական ապրումներու, թէ հանրային մտահոգութիւններու ծիրին մէջ, հիմնական նախապայմանն է այն նպաստաւոր մթնոլորտին, որուն ստեղծման կը ձգտի հայութիւնը` ի խնդիր իր սրբազան Դատին:

Յիսուն երկա՜ր տարիներ մեզ կը բաժնեն այն աղէտէն, որ մերն էր երէկ` իր դառն իրականութիւններով, բայց նաեւ` վերազարթնումի մէջ եղող ժողովուրդի մը վառ յոյսերով: Այսօր ալ, թէեւ հեռու, թէեւ հորիզոններ անդին, ան մերը ըլլալէ աւելի, մեր մէջն է դարձեալ, խառնուած է մեր ամէնօրեայ կեանքին, մեր զգացումներուն եւ մտածումներուն` գերակշիռ զօրութեամբ մը:

Յիսուն տարինե՜ր, ցաւի եւ սփոփանքի, յոյսերու եւ դառնութիւններու, պարտութիւններու եւ յաղթանակներու: Տաք ու պաղ օրերու յիսնամեակ մը ամբողջ, որ կու գայ ու կը ծանրանայ 1965-ի ուսերուն` խտացնելով այդ բոլորը:

1965-ի ընթացքին, որքան ալ մեր Դատը պայմանաւորուած չըլլայ ժամանակով ու չոր թիւերով, իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի ի՛ր կեանքը, ու նաեւ` իր ժողովուրդինը, ամէն մէկը ընդլայնելով իր հանրային հետաքրքրութեան շրջանակը, այդ յաւելեալ հետաքրքրութիւններու գումարը վերածելով ազգային կիրքի, գիտակից ու ծանրախոհ մօտեցումով:

Աքսորի ճամբաներէն, հուրի եւ սուրի արհաւիրքէն փրկուած բեկորներու ժառանգորդները նուիրական արժէքներու նոյն ուխտակիրներն են այսօր` հայութեան եւ հայրենիքի նոյն պաշտամունքով:

Հոգեփոխուած հայութիւն մը, խոր գիտակցութեամբը պատմական եւ քաղաքակրթական իր դերին, աւելի քան երբեք վճռական ու անյողդողդ, 1965-ի սեմէն ներս ոտք կը դնէ ճակատը բարձր` պատմական առաքելութիւն մը կատարելու նախանձախնդրութեամբ:

Ժողովուրդները իրենց անմահութեան գաղտնիքը կը խլեն մեծ աղէտներէն: Հայ ժողովուրդը քսաներորդ դարուն ճաշակեց դառնութիւնը աղէտներու ամէնէն դաժանին` իր արեան տուրքը տալով միլիոններու ծով արիւնով:

Այդ արիւնէն, կրակներէն վերածնած հայը նոյն ճամբորդն է այսօր իր ժողովուրդի անմահութեան ճամբաներուն: Երկար է ճամբան ու տաժանելի, բայց այնքան շքեղ է հայութեան տեսիլքը, այնքան հարուստ մեր հոգեկան ժառանգութիւնը, որ ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ արգելք հանդիսանալ մեր քայլերուն:

Ասիկա հաւատք է մեր ժողովուրդին համար, աւելի քան երբեք` հզօր ու ստեղծարար:

1965… ներքին զրահումի, հայութեամբ լիանալու, հարստանալու տարի:

Հաւաքական կամքի արտայայտութիւն` համազգային շքեղ երազներու տեսիլքով:

Սրբազան ուխտ` անդուլ պահանջատէրի արիւնագիր մուրհակին վրայ:

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Օգտագործեցէք, ապրեցէք ներկայ օրերը եւ իրագործեցէք ձեր փափաքները: Օրը պիտի օգնէ ձեր մտածումները իրագործելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Գալիք տարուան համար նոր որոշումներ պիտի տաք: Ձեր որոշումները պիտի կարենաք իրագործել դիւրութեամբ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Կեանքի համար լաւ ճամբայ մը պիտի որդեգրէք: Անոնք, որոնք ձեզ կը սիրեն, ձեզի պիտի ընկերանան, եւ տարին պիտի աւարտէք միասնաբար:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Շատ բան կը խոստանաք, բայց հիմա չէք կրնար կատարել ձեր խոստումը: Հաւանաբար յաջորդ տարի ձեր նպատակին կը հասնիք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Ձեր ասպարէզին վերաբերեալ մեծ ներշնչում պիտի ունենաք: Պիտի կարենաք նոր ներշնչումներով ստեղծագործել:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Նոր տարին ձեզ պիտի ներշնչէ հոգեմտաւոր զգացումներ: Ջանացէք հաւատարիմ մնալ դուք ձեզի եւ լաւ աշխատեցէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Տարին պիտի աւարտէք գեղեցկութեամբ եւ յաջողութեամբ: Նոյն տրամադրութեամբ պիտի շարունակէք ամբողջ տարին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Միացէք ձեր շուրջիններուն եւ մասնակից դարձուցէք զանոնք ձեր ուրախութիւններուն: Ուրախութիւնը երկկողմանի պիտի ըլլայ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Ձեր որդեգրած լուծումները խառնաշփոթ են. թէեւ անփոյթ էք, սակայն պիտի կեդրոնանաք կարեւորագոյն հարցերու վրայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Տօնական այս երեկոն ձեր դիմաց պիտի բանայ սիրոյ նոր դուռ մը: Պիտի երջանկանաք, եւ ձեր ուրախութեան պիտի մասնակցին ձեր շուրջինները:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Օրը յարմար է ներելու ձեզ նեղացուցած անձերուն եւ լաւատեսութեամբ վերաբերելու ձեր շուրջիններուն հետ: Օրը այս կը պահանջէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Տօնական այս գիշերը անցուցէք ձեր ընտանիքին հետ. միասնութիւնը զօրաւոր կապեր պիտի ստեղծէ:

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1964)
Կոչ Համայն Հայութեան

Սողոմոն Թեհլիրեանի

Յուշարձանին Կառուցման Առթիւ

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ ի սփիւռս աշխարհի,

Ֆրեզնոյի հայոց «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, աճիւնները առժամաբար Ֆրանսա փոխադրուած ազգային հերոս զօր. Անդրանիկի նախկին դամբանի կողքին, պարզ ու խոնարհ շիրմաքարի մը տակ կը հանգչի մարմինը ազգային անզուգական այլ հերոսի մը` յանձին Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 1921 մարտ 15-ին, յանուն արդարութեան ապրիլեան հայաջինջ Եղեռնին բո՛ւն հեղինակը տապալեց գետին, Պերլինի հրապարակին վրայ:

Գերման ոճրադատ ատեանը եւ մարդկութեան խիղճը անպարտ արձակեցին զինք` գործուած աքթը նկատելով արդարանալի, որովհետեւ ամբողջ անմեղ ժողովուրդ մը Գողգոթա առաջնորդող հրէշ մը չէր կրնար խուսափիլ արդարութեան դատաստանէն: Ճակատագիրը, հուսկ ուրեմն, նետեց զինք Ամերիկայի ազատ ափերուն վրայ, ուր թեթեւցած խիղճով 1960 մայիս 23-ին յաւիտենականութեան փակեց իր աչքերը` հայրենիքի տաք կարօտը սրտին:

Չորս տարիներէ ի վեր անոր առժամեայ հանգստարանը Ֆրեզնոյի հայոց գերեզմանատան մէջ դարձած է արդէն ուխտատեղի, ուր ամէն տարի Քալիֆորնիոյ եւ այլ նահանգներու հեռաւոր շրջաններէն ուխտաւոր բազմութիւններ կու գան խոնարհիլ անոր շիրիմին առջեւ` յարգանքի եւ երախտագիտութեան իրենց տուրքը տալու աննահանջ մարտիկին, որուն բովանդակ կեանքը եղաւ համակ նուիրում իր ժողովուրդին եւ ապա դարձաւ խորհրդանիշ` անոր ազգային արդար վրէժխնդրութեան:

Իր մահուան չորրորդ տարելիցին եւ Ապրիլեան եղեռնի յիսնամեակի սեմին, ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն որոշած է հերոսին անունին արժանի յուշարձան մը կանգնել շիրիմին վրայ` յաւերժացնելու համար անոր յիշատակը եւ վերածելու այդ հանգստարանը ազգային հպարտանքի եւ ներշնչումի իրական պանթէոնի մը` ներկայ եւ ապագայ բոլոր հայ սերունդներուն համար:

Իրագործելու համար առաջադրուած նպատակը ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն, ՀՅԴ Բիւրոյի յանձնարարութեամբ, կը ձեռնարկէ յուշարձանի կառուցման եւ այդ առթիւ կատարուելիք համազգային եւ համաժողովրդական նուիրատուութեանց հաւաքման գործին:

Արդ, կոչ կ՛ընենք համայն հայութեան սփիւռքի չորս ծագերուն, հայ ժողովուրդի բոլոր տարրերուն եւ հատուածներուն անխտի՛ր, իրենց սրտէն բխած նուէրներով մասնակցելու համազգային այս հանգանակութեան` ցոյց տալու համար Թալէաթներու ժառանգորդներուն, որ հայ ժողովուրդը Ապրիլեան եղեռնէն յիսուն տարի ետք ո՛չ միայն սթափած է իր ստացած ճակատագրական հարուածէն, այլեւ աւելի՛ քան կենսունակ կանգնած է ոտքի եւ դափնի կը հիւսէ իր հերոսներուն համար:

Վստահ ենք, որ երախտագէտ եւ ազգային արժանապատուութեան նախանձախնդիր ամէն հայ սիրով պիտի ընդառաջէ այս կոչին, որովհետեւ անմահներու փաղանգին միացած Սողոմոնը կը պատկանի բովանդակ հայութեան: Ճշմարիտ հերոս մը, որ անսակարկ նուիրումով ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր սրբազան վրէժխնդրութեամբ հպարտութեամբ ուռեցուց կուրծքը յետեղեռնի հայութեան:

ՀՅԴ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

Ներկայ կոչը ղրկուած է սփիւռքի հայ մամուլին անխտիր: Նուիրատուութիւններ պիտի կատարուին ուրեմն ամէն երկրի մէջ: Ամէն հայ իր նուէրը կրնայ ղրկել հասցէին այն թերթին, որուն մէջ կը կարդայ այս կոչը: Նուիրատուներու անուններն ու նուիրուած գումարները իր ատենին պիտի յայտարարուին կոչը հրատարակող թերթերուն մէջ, եւ այդ պիտի ծառայէ իբրեւ ստացական:

Այս սրտաբուխ նուիրատուութեանց վերջին պայմանաժամը պիտի ըլլայ 30 ապրիլ 1965: Սոյն կոչը հրատարակող բոլոր թերթերէն կը խնդրուի իրենց մօտ հաւաքուած ամբողջական գումարը փոխանցել վարի հասցէին.

Սողոմոն Թեհլիրեան Մեմորիալ Ֆոնտ

Փոստարկղ 19684, Ռիմփօ Սթա.

Լոս Անճելըս 19, Քալիֆորնիա

Տոմսեր

Նոր Սերունդ

Նոր ըլլալ` կը նշանակէ մոռնալ հինը, ուրանալ անցեալը, մանաւանդ` հակադրուիլ այդ անցեալին:

Նոր սերնդականները, ինտելիկենցիան, այսինքն` կէս արուեստագտ կէս մտաւորական կէս բանաստեղծ տղաքը, որոնք ման կու գան կէս մօրուքով, մետաքս խոշոր փողկապ-վզնոցով, որոնք իրենց բառերուն կը սիրեն խառնել Սարթրի բառերը, Քամիւի անունը, այս տղաքը արհամարհանք ունին ամէն կարգի աւանդութիւններու հանդէպ:

Կը քարոզեն ազատասէր.

Կը խօսին արդի արուեստէ վերացական նկարչութենէ.

Կ՛արտասանեն Ափոլիներ.

Անպայմանօրէն օտարազգի կին կ՛ուզեն առնել, որովհետեւ անոնք սիրել գիտեն (կ՛ըսեն)… եւ կ՛աւելցնեն, թէ անշուշտ մեր արեւելքցիի ընթացիկ բարոյական սակերը արժէք չունին այս պարագային:

Նորսերնդականները` մանչ, աղջիկ, կը սիրեն օտար լեզու մը խօսիլ, մա շեր, ինչպէ՞ս կարելի է հայերէնով արտայայտել զգացումներ, կարելի չէ…

Նոր սերնդականները յաճախ ալ կը փոխեն իրենց անունները` աւելի եւրոպականանալու համար. այսպէս` Սոնան կ՛ըլլայ Սոնիա, մեր Վերգինէն` Վերա, Սիրվարդը` Սիլվի, Թովմասը` Թոմի, Յակոբը` Ժաք, Սերոբը` Սերօ, Անդրանիկը` Թոնի, Զապէլը Զազա…

Նորսերնդականնե՞րը… եթէ ձեր տան մէջ չունիք, կ՛ունենաք քանի մը տարիէն, այնքան կը շատնան արագ, բայց կը մարին արագ, կը բաւէ, որ հաստատուին, աշխատին, կարգուին:

Նորսերնդականները կարծիք կը յայտնեն ամէն հարցի մասին, կը հետապնդեն գոյութիւն չունեցող հարցեր. անկասկած` դատարկապորտներ են, որոնք տակաւին կ՛ուտեն իրենց հօր վաստակած դրամը…

Նորսերնդականները ընկերային ցեցեր են. կը քանդեն, չեն շիներ, կը քանդեն իրենք զիրենք. հոգիներ են, որոնք կը տառապին ուշագրաւ դառնալու մարմաջէն…

ՄԱԿԱՐ

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Տօնական գնումներու պարագային, չափազանցութենէ հեռու կեցէք, ուրեմն հաւասարակշռուած ձեւով պէտք է ծախսէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Հաճելի ժամեր կ՛ապրիք, ճիշդ օրն է հմայելու ձեր շուրջինները` ձեր զուարթ վերաբերումով: Օրը ունի այլազան նորութիւններ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Հանգստանալու մասին մտածեցէք, որովհետեւ այս օրերուս տարբեր գործեր կատարած էք. պէտք ունիք հանգիստի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Պէտք ունիք ձեր բարեկամներուն: Փոխադարձեցէք անոնց այցելութիւնը: Յարգեցէք ընկերութեան պահանջները:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Տարեվերջը կը ստիպէ ձեզի, որ հաշուեկշիռ մը ընէք, նախ օգտուեցէք տօնական օրերէն, ապա գործի անցէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Օգնեցէք աղքատներուն եւ անօգնականներուն` ձեր կարողութեան ներած չափով: Մի՛ մոռնաք զրկեալները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Նոր պատասխանատուութիւններ ձեզ պիտի վերածեն տարբեր անձի մը` ուրիշներու հետ բաղդատած: «Բարիք ըրէ, ծովը նետէ» կ՛ըսէ առածը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Որոշ հարց մը լուծելու ձեր ջանքերը յաջողութիւն պիտի չգտնեն, հետեւաբար փոխեցէք ձեր տեսակէտը եւ այլ հարցերու մասին մտածեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Ծննդեան գիշերը բարեձեւ եւ ներկայանալի ըլլալու համար դասաւորեցէք ձեր ջանքերը, որպէսզի ուրախանաք եւ ուրախացնէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Մարզանքը կարեւոր տուեալ մը պիտի ըլլայ այս օրերուն, որպէսզի պահէք ձեր բարեձեւութիւնը եւ առողջութիւնը: Մի՛ ծուլանաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Գէշ տրամադրութիւնը ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր ընտանիքին վրայ: Պաշտպանեցէք ձեր մերձաւորները` բարեացակամ տրամադրութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Բնութիւնը ձեզ պիտի շնորհէ անմոռանալի պատեհութիւն մը: Օրը բացառիկ է ընտանիքի եւ բարեկամներու հետ:

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Քաջալերելով «Ազդակ»-ի աշխատանքները`

Տոքթ. Թորոս Եթերեան (Պոսթըն) 100 $

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Ձեր շրջանակին կեդրոնական դէմքը պիտի նկատուիք: Օրը պիտի յատկանշուի հիանալի անցուդարձերով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Անգամուան մը համար պիտի ընդդիմանաք ստեղծուած հակասութիւններուն: Պիտի չզղջաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Լաւ գործընկերներ ունենալով` պիտի բազմապատկուին ձեր յաջողութիւնները: Օրուան մարդը պիտի նկատուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Լաւ լուծումներ պիտի գտնէք նախքան ձեր որոշումին սկսիլը: Օրը պիտի ըլլայ բախտաբեր ամէն տեսակէտով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Փոքրիկներուն պատմութիւններ կարդացէք, որովհետեւ ուսուցանելու կապակցութեամբ տաղանդ ունիք: Երեխաները պիտի ուրախանան:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Պիտի ունենաք դրական փոփոխութիւն մը: Օրը նպաստաւոր է անվախօրէն իրագործելու ձեր որոշումները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Ընկերակցեցէք պաշտօնակիցի մը: Միասնաբար պիտի կարենաք դրական աշխատանքներ իրագործել: Օրը յաջող է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Անոնք, որոնք կրնան մէկ կողմ ձգել անկողինը, այս առաւօտ պիտի սխալին անկէ զրկուելուն համար: Եթէ անհանգիստ կը զգաք, առիթ գտէք հանգստանալու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Յայտարարեցէք ձեր սէրը` առաջին անգամ ըլլայ կամ բազում անգամներ: Սիրալիր ըլլալով` ոչինչ կը վնասէք, այլ կը շահիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Օրն ու ժամն է ընտանեօք հաշտուելու: Զիրար հասկնալու առիթ մը պիտի ստեղծուի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Ծնողք շատ երջանիկ պիտի զգան իրենց զաւակներով: Օրը փայլուն է եւ շահաւէտ` նիւթական եւ բարոյական իմաստներով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Աշխատանքի մէջ ձեր ունեցած արդիւնքները շնորհաւէտ պիտի ըլլան: Շարունակեցէք նոյն ձեւով: Կը շահիք նիւթապէս եւ բարոյապէս:

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Անտրէ Նահապետեանի ընդ Ցոլեր Գուճանեանի ամուսնութեան ուրախ առիթով`

Տէր եւ տիկին Քաջայր եւ Սոնիկ Գուճանեան

200$

Կաղանդի Ծաղիկը Փուէնսեթիան
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երբ Կաղանդի շրջանը կը մօտենայ, ամէն ինչ կը ծածկուի փուէնսեթիաներուն կարմիրով: Անոնք Կաղանդի ամէնէն շատ սիրուած զարդարանքներէն մէկն են: Սակայն ինչպէ՞ս Մեքսիքայէն եկած արեւադարձային այս բոյսը դարձած է միջազգային Կաղանդի խորհրդանիշներէն մէկը:

Փուէնսեթիան հարուստ պատմութիւն մը ունի: Այս արեւադարձային թուփէն գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 100  տեսակներ: Իրենց բնական միջավայրին մէջ անոնք կրնան մինչեւ 3.5 մեթր աճիլ: Մեքսիքայի բնիկ ալթեքները ծանօթ էին այս թուփին, զոր կ՛անուանէին «Քուէթլաքսոչիթլ», որ կը նշանակէ «մորթի ծաղիկ»: Ազթեքները այս բոյսը կը գործածէին, օրինակի համար, հագուստները ներկելու, կամ կրօնական արարողութիւններու ընթացքին, որովհետեւ անոնց համար կարմիր գոյնը մաքրութեան խորհրդանիշն էր:

Սակայն գիտէ՞իր, թէ անոր կարմիր բաժինները ծաղիկին թերթերը չեն, այլ` բոյսին տերեւները: Ծաղիկները թուփին կեդրոնը գտնուող փոքրիկ դեղին ծիլերն են, մինչ կարմիր տերեւները կրնան ըլլալ նաեւ` վարդագոյն, ճերմակ կամ դեղին: Փուէնսեթիաները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ «ասիական ծաղիկը» կամ «մեքսիքական բոցէ տերեւը», կը ծաղկին դեկտեմբեր ամսուն, հետեաբար անոնք Կաղանդի ամէնէն յարմար բոյսերն են:

Փուէնսեթիաները նախ կը հասնին Միացեալ Նահանգներ, 19-րդ դարուն: Անոնց անունը եկած է Միացեալ Նահանգներու Մեքսիքայի առաջին դեսպանին անունէն: Ճոէլ Ռոպըրթց Փուէնսեթ այս թուփին ծանօթացած է հարաւային Մեքսիքայի վայրի դաշտերուն մէջ, 1828-ին: Իր ազատ ժամերուն ան կը սիրէր պարտիզպանութեամբ եւ բոյսերով զբաղիլ: Ան այս թուփը հետը բերած է Հարաւային Քարոլայնա, երբ Միացեալ Նահանգներ վերադարձած է:

Սակայն ի՞նչ է փուէնսեթիային կապը Կաղանդին հետ: Ըստ մեկնաբանութեան մը, անիկա կը խորհրդանշէ Բեթղեհեմի աստղը, որ մոգերուն ցոյց տուաւ Յիսուս Մանուկին ծննդավայրը հասցնող ճամբան:

Իսկ մեքսիքական աւանդութիւն մը կը պատմէ ,որ Փեփիթա անունով աղքատիկ փոքրիկ աղջիկ մը տխուր էր, որովհետեւ ան Յիսուս Մանուկին չէր կրնար նուէրներ տանիլ միւս փոքրիկներուն նման: Իմաստուն մը կը փորձէ զայն մխիթարել` ըսելով, թէ նոյնիսկ ամէնէն համեստ նուէրը, երբ սիրով կը տրուի, մեծ գնահատանք կը ստանայ: Հետեւաբար Փեփիթա կ՛երթայ ճամբուն եզերքը բուսած, ոչ շատ գեղեցիկ թուփէ մը տերեւներ քաղելու եւ այդ տերեւներու փունջը կը տանի Յիսուս Մանուկին նուիրելու: Իր փունջը զետեղելու ժամանակ հրաշք մը կը պատահի. պարզ, կանաչ տերեւները գեղեցիկ մութ կարմիր գոյն մը կը ստանան: Եւ այդ դէպքէն ի վեր բոլոր վայրի փուէնսեթիաները վառվռուն գոյներով կը ծածկուին Կաղանդի շրջանին: Անոնք կը դառնան «Լաս Ֆլորես տը լա նոչէ պուէնա»` «Սուրբ գիշերուան ծաղիկները»:

Խոհագիր

Կաղանդի Անուշեղէններ

Ա – Ոսկեգոյն Պիւշը

Պէտք ունիս (8 հոգիի համար) – 4 հաւկիթ, 25 կ կարագ, 120 կ շաքար, քիչ մը վանիլա, 100 կ ալիւր, 25 կ քաքաօ, 33 սանթիլիթր քրեմ, 200 կ կարկանդակի տուրմ, արքայամորի (ֆրամպուազ) անուշ, արծաթագոյն շաքարէ ուլունքներ, ոսկեգոյն շաքար, պտղունց մը աղ:

Պատրաստութիւն

1 – Փուռը վառէ 210 աստիճան տաքութեան վրայ: Կարագը հալեցուր, հաւկիթներուն ճերմկուցները բաժնէ դեղնուցներէն: Ճերմկուցներուն վրայ պտղունց մը աղ դիր եւ զանոնք մեքենայով զարկ, մինչեւ որ ուռին:

2 – Խորունկ ամանի մը մէջ զարկ հաւկիթի դեղնուցները` շաքարին եւ վանիլային հետ: Աւելցուր քաքաոն, ալիւրը եւ կարագը: Խառնէ: Վերջապէս աւելցուր ձիւնի նման զարնուած հաւկիթի ճերմկուցները եւ դարձեալ խառնէ:

3 – Փուռի յատուկ քառանկիւն ափսէի մը վրայ փուռի մէջ եփելու յատուկ թուղթ դիր: Ափսէին մէջ պարպէ խմորը եւ տափակ սփաթիւլով մը զայն տարածէ, մինչեւ որ խմորը մօտաւորապէս կէս սանթիլիթր լայնքով քառանկիւնի ձեւ ստանայ: Խմորը փուռին մէջ եփէ 12 վայրկեան:

4 – Ափսէն փուռէն հանելէ ետք կարկանդակին վրայ դիր քիչ մը խոնաւցուած մաքուր խոհանոցի անձեռոց մը: Ափսէն դարձուր եւ հանէ վրայի թուղթը: Կարկանդակը սեղմ ոլորէ անձեռոցին հետ: Ձգէ, որ այս ձեւով պաղի:

5 – Տուրմը տաշէ: Քրեմը եռացուր: Տուրմը դիր խորունկ ամանի մը մէջ, վրան պարպէ քրեմը: Խառնէ: Ձգէ, որ պաղի, եւ ապա զայն սառնարանը դիր 2 ժամ:

6 – Խմորը զգուշութեամբ բաց: Պատառաքաղով մը զայն բազմաթիւ տեղեր ծակծկէ, ապա զայն ծածկէ արքայամորի անուշի բարակ խաւով մը:

7 – Մեքենայով զարկ տուրմով քրեմը, մինչեւ որ խառնուրդը կարծրանայ: Այս քրեմին կէսը տարածէ անուշի խաւին վրայ, ապա պիւշը ոլորէ:

8 – Տափակ դանակով մը պիւշին վրայ մնացած քրեմը քսէ: Զայն սառնարանը դիր 24 ժամ: Պիւշին երկու ծայրերը կտրէ եւ զայն զարդարէ արծաթագոյն ուլունքներով եւ ոսկեգոյն շաքարով:

Բ – Կաղանդի Տուրմէ Պատառիկներ

Պէտք ունիս (մօտաւորապէս 20 տոպրակի համար)  – 200 կ սեւ տուրմ, 100 կ քորն ֆլէյքս, 50 կ կարագ, 15 նարինջի քաղցրացուած կեղեւի ճիւղիկներ, ոսկեգոյն շաքար, թուղթէ պզտիկ կարկանդակի գաւաթիկներ:

Պատրաստութիւն

1 – Տուրմը եւ կարագը կտրտէ եւ զանոնք պզտիկ կաթսայի մը մէջ դիր: Շատ մեղմ կրակի վրայ զանոնք հալեցուր` փայտէ դգալով մը խառնելով:

2 – Նարինջի կեղեւի ճիւղիկները պզտիկ կտորներու վերածէ: Խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ նարինջի կեղեւներու կտորները եւ քորն ֆլէյքսը:

3 – Տուրմը պարպէ քորն ֆլէյքսներուն վրայ: Զգուշութեամբ խառնէ, որպէսզի տուրմը ամբողջովին ծածկէ քորն ֆլէյքսները` առանց զանոնք փշրելու:

4 – Սուրճի երկու դգալներ գործածելով` իւրաքանչիւր թուղթէ գաւաթիկին մէջ դիր այս խառնուրդէն պզտիկ կոյտ մը: Վրան ոսկեգոյն շաքար սրսկէ: Զանոնք սառնարանին մէջ դիր 30 վայրկեան, որպէսզի կարծրանան:

Կրնաս սեւ տուրմի կողքին գործածել նաեւ ճերմակ տուրմ եւ կաթով տուրմ:

3 – Տաքուկ Նեկտարը

Պէտք ունիս – (4 հոգիի համար) – 1 լիթր խնձորի հիւթ, 2 ճիւղիկ կասիա, 2 աստղ անիսոն, 2 մեխակի գամեր, լիմոնի մը կեղեւին տաշուքը, պտղունց մը փոշի կոճապղպեղ:

Պատրաստութիւն

Բոլոր նիւթերը միասին տաքցուր, եւ ապա ձգէ, որ հանգչի: Զայն համտեսէ գաղջ, կտոր մը պիւշի հետ:

Ինչո՞ւ Կաղանդի Ծառի Կոճղ» Կ՛ուտենք

Ժամանակին, ըստ սովորութեան, Կաղանդի շրջանին, 24 դեկտեմբերին Ս. Ծնունդը տօնող երկիրներուն մէջ Ծնունդին գիշերը կրակարանին մէջ կը դրուէր ծառի կոճղի կտոր մը եւ կը ձգուէր, որ անիկա դանդաղօրէն վառի մինչեւ Նոր Տարի:

Մարդիկ ասիկա բախտաբեր սովորութիւն կը համարէին: Ներկայիս այս «Ծառի կոճղը» դարձած է Կաղանդի աւանդական թխուածք մը` պիւշ, որուն ձեւը կը յիշեցնէ ծառի մը հաստ ճիւղը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– … Կաղանդի առտուն Միջազգային անջրպետային կեդրոնին մէջ մնացող աստղաւաւորդններն ալ կը տեսնեն, թէ Կաղանդ Պապան եկած է նուէրներ դնելու իրենց ծառին տակը, 400 քմ բարձրութեան վրայ:

– Կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ եւ Զուիցերիա, կարելի է Կաղանդի բնական ծառ վարձել:

– Այս երկիրներուն մէջ մարդիկ, որոնք յաճաք բնական ծառեր կը գնեն զարդարելու համար, այդ ծառերը տաստինգ օր տուներուն մէջ պահելէ ետք կը լքեն մայթի մը վրայ:

– Սակայն երբ ծառը կը վարձուի, գործածուել ետք անիկ կրնայ իր կեանքը շարունակել: Եթէ անիկա տակաւին փոքր է, կը ձգուի իր թաղարին մէջ, մինչեւ աճի: Եթէ արդէն աճած ծառ մըն է, հողին մէջ կը տնկուի: Իսկ եթէ ծառը երկար ժամանակ տաքուկ տան մը մէջ մնալէ ետք փճացած է, կը վերամշակուի եւ կը կտրտուի:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու եղջերուները:

Կրնա՞ս օգնել Կաղանդ Պապայի եղջերուին` գտնելու համար իր զանգակներուն հասցնող ճամբան:

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական

Երբ Իրենք Կը Խոստովանին…

Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթին խմբագրապետը` Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ, որ լրագրութեան մէջ մազ-մօրուք ճերմկցուցած է վեթերան մըն է, վերջերես եզակի անկեղծութեամբ մը եւ դառնութեամբ կը նկատէր, թէ` «Թուրքիա կսկծալի եւ ամօթալի վիճակի մը մատնուած է»:

Իբրեւ օրինակ յիշելով Աւստրիան եւ Դանիան, որոնք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ենթարկուեցան Հիթլերեան բռնակալութեան եւ ահաւոր զրկանքներու, բայց հազիւ բռնութեան լուծը թօթափած` վերականգնեցան ու այսօր տնտեսական բարգաւաճ վիճակի մը մէջ կը գտնուին, թուրք յօդուածագիրը ափսոսանքով կ՛աւելցնէր, թէ «մեր հսկայ Թուրքիան, որուն հպարտութենէն, նետել-բռնելէն չէք կրնար կենալ, օգնութեան դրամ ստացեր է այդ երկու փոքրիկ երկիրներէն` Աւստրիայէն եւ Դանիայէն»:

Այս հաստատումը կատարելէ ետք Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ կը փորձէր կացութեան խոր պատճառներուն թափանցել եւ ապշեցուցիչ խոստովանութեամբ մը կը յարէր. «Աւստրիոյ եւ Դանիոյ նման երկիրներու համար սա մեր Պոլսոյ լերկ ու անմշակ լեռներն անգամ բերրի եւ արդիւնաբեր հողեր կրնան ըլլալ: Անատոլուի մէջ երբ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կային, մեր հողերը, զորս հիմա կ՛արհամարհենք իբրեւ թափուր բացաստաններ, արեւմտեան Անատոլուէն աւելի ճոխ այգեստաններ էին, անոնցմէ աւելի գինեւէտ»:

Տասնամեակներէ ի վեր մենք ալ ուրիշ բան ըրած չունինք: Կ՛ըսեն մանաւանդ այսօր, յիսուն տարի ետք այն ահաւոր ոճիրէն, որ այդ հողերը դատարկեց իր «քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն», ինչպէս կ՛ըսէ թուրք լրագրողը, չտալու համար բուն անունը այն ժողովուրդին, որ իր հայրերը ջարդեցին ու տեղահան ըրին, այսօրուան անապատն ու աւերակները ժառանգ ձգելով Աթայներուն:

«Տիւնիա»-ի խմբագիրը մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ, երբ կ՛ափսոսայ երբեմնի գինեւէտ շրջաններու այսօրուան ողբալի վիճակին համար: Այդ վիճակը կու տայ պատմական եւ աշխարհագրական վկայութիւն մը, զոր չեն կրնար ուրանալ ո՛չ Անգարան եւ ո՛չ ալ այն պետութիւնները, որոնք շահագրգռուած են Փոքր Ասիոյ տնտեսական ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ:

Պատմական եւ աշխարհագրական այդ վկայութիւնը այն է, որ Անատոլուն` Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները, որոնք անանջատելիօրէն մաս  կը կազմեն միացեալ Հայաստանին, կրնան երբեմնի իրենց բարգաւաճ եւ «գինեւէտ» վիճակը վերստանալ միայն այն ատեն, երբ կը վերաբնակուին իրեն բուն տէրերէն: Այդ շրջաններու բարգաւաճումն ու զարգացումը պայմանաւորուած է հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Դարերու պատմութեան ընթացքին  ոչ մէկ ժողովուրդ կրցած է Հայկական Բարձրաւանդակը բնակելի դարձնել ու զարգացնել` բացի հայ ժողովուրդէն: Ժայռերէն հաց հանող հայը միայն կրցած է այսօր  «արհամարհանքի արժանացող թափուր բացաստանները» ճոխ այգեստաններու վերածել: Ու հիմա, որ այդ հողերը դատարկուած են իրենց տէրերէն, ամայութիւն եւ աւերակ է ամէն կողմ, չկան շէն գիւղեր եւ արդիւնաշատ հողեր, այլ միայն բուեր կը վայեն անտէր երդիքներու վրայ:

Քանի որ Աթայ այնքան առաջ գացած է փնտռելու եւ գտնելու համար Թուրքիոյ սնանկութեան բուն պատճառը, կրնար քայլ մը եւս առնել` դարմանի մասին մտածելու համար:

Այդ դարմանը մենք տասնամեակներէ ի վեր կ՛առաջարկենք ու մեր պապենական հողերուն վրայ ամուլ կերպով նստած թուրքը խուլ կը ձեւանայ:

Նոյն դարմանը այսօր եւս ի զօրու է, քանի դեռ ուշ չէ: Քանի դեռ օտար դրամով Թուրքիան կը պահուի սնանկութեան եզրին:

Փոքր Ասիոյ այդ շրջաններուն մէջ խաղաղ ու արդիւնաւոր կեանքի պայմաններ չեն կրնար ստեղծուիլ, այնքան ատեն որ այդ շրջանները չեն վերադարձուած իրենց բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Օրը շատ յարմար է արտայայտելու այն, ինչ որ կայ ձեր սրտին մէջ: Անկեղծ եղէք ամէնուն հանդէպ, չէք զղջար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Ձեզի պիտի հրաւիրեն տօնի մը, որ պիտի ըլլայ բացառիկ: Մի՛ մերժէք, այլ արժեւորեցէք այս հրաւէրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Կարիքը ունիք մէկու մը խրատներուն, որ կը ճանչնայ ձեր արհեստը եւ գործունէութիւնը: Ձեր սրտին խօսող հարցումները ուղղեցէք այդ անձին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Ճամբորդութիւնները մեծ ուրախութիւն կը ներշնչեն: Որքան որ կրնաք, առիթներ ստեղծեցէք ճամբորդելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Շնորհիւ ձեր մերձաւորներուն` պիտի կարենաք պահել ձեր տրամադրութիւնը: Հետեւեցէք ձեզի տրուած խրատներուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Ամուսնական ձեր կեանքին մէջ հարցեր պիտի ունենաք եւ պիտի առանձնանաք բոլորէն: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք, հաշտ եղէք

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Ֆիզիքական աշխուժութիւն մը ձեզ պիտի մղէ աւելի գործնական ըլլալու: Օրը պիտի անցընէք արդիւնաւէտ գործերով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Մարզանքը լաւ միջոց մըն է աշխուժացնելու ձեր մարմինը եւ բարելաւելու ձեր տրամադրութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Ձեր թափած ջանքերը ձեր ընտանիքին համար շատ օգտակար պիտի ըլլան: Գտէք այն միջոցը, որ ձեզ կը խանդավառէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Ձեր ուրախութիւնը բաժնեցէք ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն հետ, բայց` առանց պարտադրելու: Ուրախացէք եւ ուրախացուցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Արձակուրդի մէջ եղողները պիտի զուարճանան առանց մեծ գումարներ ծախսելու: Օգտուեցէք այս գեղեցիկ առիթէն: Ուրախութիւնը միայն դրամով չըլլար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Ձեր մտքով եւ մարմնով շատ առողջ պիտի զգաք, եւ դրական զգացումներ պիտի ողողեն ձեզ:

10 Խորհուրդ` Տօնական Օրերուն Չգիրնալու Համար
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ամանոր, խթում, ծնունդ… Տօնական այս օրերէն ետք 2-3 քիլօ գիրնալը անխուսափելի է: Ահա թէ ի՛նչ կը թելադրեն մասնագէտ սննդագէտները` այս անպատեհութենէն խուսափելու համար:

1

Մարզա՛նք ըրէք: Պայման չէ մարզասրահ երթալ, կը բաւէ, որ տօներու նախօրեակին եւ անոնց յաջորդող օրերուն օրական մէկ ժամ քալէք:

2

Ջուր խմեցէք: Շատ պարզ է` որքան ջուր խմէք, այնքան ձեր մարմնէն դուրս կը քշէք թունաւոր նիւթերը, իսկ տօնական ճոխ կերակուրներէն ետք այս գործընթացը կրկնակի անհրաժեշտ է:

3

Խուսափեցէ՛ք աղի կամ քաղցր կրկնեփուկներէն, որոնք որպէս ախորժաբերներ կը հրամցուին խմիչքի կողքին` նախքան ընթրիքի մատուցումը: Անոնց փոխարէն` նախապատուութիւնը տուէք կտրտուած, թարմ բանջարեղէններուն (պրոքոլի, ստեպղին, թարմ պղպեղ, վարունգ…)

4

Հրաժարեցէ՛ք ուիսքիէն եւ վոտքայէն, որոնց ալքոլի տոկոսը շատ աւելի բարձր է, քան` փրփրագինիին (շամփանիա) եւ գինիինը: Վերջիններուն պարագային երկուքական բաժակով բաւարարուեցէք:

5

Թեթեւ բան մը կերէք: Եթէ ընթրիքի ուշ պիտի նստիք, նախընտրելի է ձեր ստամոքսը պարապ չձգէք եւ թեթեւ բան մը ուտէք, ինչպէս` խնձոր մը, խաշած հաւկիթ մը եւ կամ պզտիկ պնակ մը մածուն:

6

Մէկ անգամ լեցուցէք ձեր պնակը եւ մի՛ նորոգէք զայն: Յաճախ աչքն է, որ չի կշտանար, մինչդեռ ստամոքսը արդէն լեցուն կ՛ըլլայ:

7

Դանդա՛ղ կերէք եւ երկա՛ր ծամեցէք: Ձեր ուղեղին ժամանակ տուէք, որպէսզի արձանագրէ, որ ստամոքսը լեցուն եւ կուշտ է:

8

Հրաժարեցէք քաղցրաւենիներէն: Եթէ աղը  մարմինին մէջ ջուրի կուտակում կը պատճառէ, շաքարը իր կարգին կը պատճառէ ճարպային բջիջներու կուտակում: քաղցրաւենիները փոխարինեցէք պտուղի աղցաններով կամ սովորական պտուղներով:

9

Ճաշի սեղանէն բաժնուելէ ետք կրկին չվերադառնա՛ք, որքան ալ քաշողական թուին աւելցած կերակուրներն ու աղանդները:

10

Ճաշի ժում չջնջէ՛ք: Շատեր յանցանքի զգացումէն մղուած` յաջորդ օրը ծոմ կը պահեն: Սխա՛լ որոշում, քանի որ ճաշի ժում ցատկելով` աւելի կ՛անօթենաք եւ կրկնապատիկ կ՛ուտէք:

Տօնական Սեղանի Պատառիկներ

Տօնական սեղանի զարդերն են նաեւ պատառիկները, որոնք իրենց համով, բայց մանաւանդ տեսքով կը գրգռեն ախորժակները:

Պատառիկները կարելի է պատրաստել հացի շերտերով, աղի կրկնեփներով, վոլ օ վաններով եւ այլն:

Տօնական օրերու պատառիկներու գլխաւոր բաղադրիչներն են սոմոն ֆիւմէն, պանիրեղէնը, որոշ բանջարեղէններ եւ ձկնկիթը: Այս բաղադրիչները կարելի է փոխել` ըստ քիմքի եւ պիւտճէի:

Պատառիկները կարելի է զարդարել ցպիկներով` թէ՛ ուտելը դիւրացնելու եւ թէ՛ անոնց գեղեցիկ տեսք տալու համար:

Տունը պատրաստուած պատառիկները կրնան շատ աւելի համեղ, մաքուր եւ առողջապահական ըլլալ, քան` տօնական օրերուն մեծաքանակ վաճառուող տեսականին:

Նկարներէն ներշնչուելով` կարելի է համեստ պիւտճէով մը ներկայանալի եւ համադամ պատառիկները պատրաստել: Ստորեւ` քանի մը հետաքրքրական նմուշ:

Խոհագիր

Սեւ Հացով Եւ Հաւով Շարլոթ

Բաղադրիչներ

Հաւու խաշած կուրծք

Մայոնեզ

Եգիպտացորեն

Մանրուած վարունգի թթուաշ

Սեւ համեմ

Աղ

Կիտրոնի տաշուք

(Բաղադրիչներուն քանակը` ըստ ձեր կաղապարին)

Պատրաստութիւն

Խաշած հաւու կուրծքը մանր բզկտել, աղել, համեմել, աւելցնել մանրուած թթուաշը, եգիպտացորենը, կիտրոնի տաշուքն ու մայոնեզը: Բոլորը միատեղ խառնել:

Տակէն բացուող կաղապարի մը ներսի պատերուն շարել սեւ հացի ձեւաւոր շերտերը, կեդրոնը լեցնել մայոնեզով միջուկը եւ սառնարանը պահել առնուազն 2-3 ժամ:

Սեղան բերելու ատեն կաղապարէն փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, շուրջը ժապաւէն մը կապել եւ երեսը զարդարել հաւու կտորներով եւ թարմ անանուխի տերեւով:

Սերգէյ Փարաջանովի Ամանորը

Նշանաւոր արուեստագէտը Ամանորը կը սիրէր դիմաւորել տունը եւ ժամանակը անցընել հարազատներուն հետ:

Դժբախտաբար ան յաճախ տունէն եւ սիրելիներէն հեռու դիմաւորած է Նոր տարին. բայց մինչեւ իսկ բանտին մէջ ան չէ հրաժարած տօնածառի գաղափարէն եւ կտորէ ….շպարկերով տօնածառ շինած է:

Կը պատմուի, որ կալանաւորուած արուեստագէտը տարի մը բանտապետէն խնդրած է Նոր տարին անցընել բանտի իր բախտակից ընկերներուն հետ: Դեկտեմբեր 31-ին զայն միտումնաւոր ազատ կ՛արձակեն: Փարաճանովը այդ Ամանորը կը դիմաւորէ Խարքովի կայարանին մէջ…

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Նոր Տարին

Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին

Առտուան լոյսին կը սպասէ տենդոտ.

Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարին

Մե՜ր գիրկէն հինին ձայները ծանօթ:

Նոր տարուայ ընծայ պայծառ լուսինկան

Սազեր է գիւղին լեռները բոլոր.

Երգերը ծերին, ճիչերը մանկան

Կ՛արձագանգեն թունդ խազերով մոլոր:

Իղձերու շարք մը պլլուած սրտին`

Վառ յոյզերու մէջ կ՛օրրէ զայն ուժգին.

Բորբոքած հուրքովն յոյզերու անշէջ

Կը ծփան սիրտերը ըղձանքներու մէջ:

Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին

Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին.

Եւ բեհեզներովն կապոյտ կամարին

Պճնըւած աշխարհ կու գայ նոր տարին:

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ

1902, դեկտեմբեր

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1964)
Հայագիտական Կեդրոններու

Պահանջը

Հաղորդուեցաւ, թէ հայրենակից մը խոստացած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քսան հազար տոլար նուիրել` իր անունով հայագիտական ամպիոն մը եւ ուսուցչանոց հաստատելու համար Պէյրութի մէջ:

Յիշեալ հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, Պէյրութէն վերադարձին, քաղաքիս մէջ տուած իր դասախօսութեան ընթացքին ու «Հայրենիք»-ին կատարած իր յայտարարութիւններով շեշտած էր անհրաժեշտութիւնը ուսուցչանոցի մը, նաեւ հայագիտական կեդրոնի մը` Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Հաճելի է տեսնել, թէ  այս յայտարարութիւնը այնքան փութով արձագանգ գտած է Հայ կրթական հիմնարկութեան շրջանակէն ներս, եւ արդէն կրթասէր հայրենակից մը, որ առայժմ անանուն կը մնայ, քսան հազար տոլար կը նուիրէ յիշեալ երկու ծրագիրներու իրագործման համար:

Հայագիտական կեդրոն եւ ուսուցչանոց` երկուքն ալ անհրաժեշտ հաստատութիւններ են, եթէ որոշած ենք սփիւռքի մէջ պահել ու զարգացնել մեր ազգային մշակոյթը, դպրոցները, որոնք մասնաւորաբար կը տառապին ուսուցիչներու պակասէն:

Հայագիտութիւնը, որ երբեմն կը ծաղկէր արտասահմանի մէջ, եւ յատկապէս` Մխիթարեան միաբանութեանց  երկու վանքերուն մէջ, Վենետիկ եւ Վիեննա, այժմ գրեթէ հայաստանեան մենաշնորհ մը դարձած է, եթէ բացառութիւն նկատենք Վիեննայի Մխիթարեաններուն  շարունակած որոշ աշխատանքները: Հայաստանի հայագէտները պատկառելի վաստակ ունին, սակայն սփիւռքը չի կրնար շարունակ «մշակութային նպաստընկալ»-ի դերին մէջ մնալ` հայրենիքէն ակնկալելով միայն իր հայագիտական հետաքրքրութեանց եւ պահանջին գոհացումը, առանց սեփական վաստակի:

Այսօր, ակնարկ մը միայն մեր մամուլի վրայ, բաւական է հաստատելու համար, թէ որքան «նպաստընկալ» դարձած ենք Խորհրդային Հայաստանի: Հայագիտական, պատմական երկեր, յօդուածներ, մենագրութիւններ լոյս կը տեսնեն Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ու իրենց լուրջ բովանդակութեան պատճառով անոնք կ՛արտատպուին սփիւռքի բոլոր հայ թերթերէն:

Չենք բողոքեր այս կացութեան համար, սակայն չենք կրնար շեշտել միաժամանակ, թէ սփիւռքի աղքատութիւնն է, որ կը ցուցադրուի այս ձեւով, որովհետեւ մենք զուրկ ենք համապատասխան աշխատանքներէ, այնպիսի մարզի մը մէջ, որ կենսական է գաղութներու ազգային անկախ ոգիին ու մշակոյթին պահպանման համար:

Ազատ աշխարհին մաս կազմող սփիւռքը պէտք է ունենար իր քանի մը հայագիտական կեդրոնները, որոնց մէջ պատրաստուած մասնագէտներ լրջօրէն եւ արդիական տուեալներով պիտի ուսումնասիրէին մեր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, տալով գործեր, որոնք որեւէ քաղաքական ազդեցութենէ անկախ, պիտի կրնային նոյնիսկ հայրենիքի գիտնականներուն եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւել, մինչդեռ այժմ հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ` խիստ աննպաստ կացութեան մէջ դնելով սփիւռքի յաւակնութիւններն ու ձգտումները, ապագայի նկատմամբ:

Եթէ կարելի ըլլար գէթ Պէյրութի մէջ հաստատել հայագիտական կեդրոն մը, առայժմ` ամպիոնի անունով, նոր կռուան մը պիտի հանդիսանար ան մեր ժողովուրդին համար, իր նոր սերունդներուն ազգային կրթութեան տեսակէտէն:

Շատ աւելի կարեւոր է հայ ուսուցչանոցի մը հաստատումը, որուն կը նպաստէ, դարձեալ անանուն նուիրատուն:

Դպրոցներ ունինք, հոծ գաղութներու մէջ, եւ նորեր կը շինենք. սակայն յաճախ կը յայտարարուի, թէ ուսուցիչներ կը պակսին, մանաւանդ` որակաւորներ եւ ասպարէզին պահանջած շնորհներով օժտուածներ: Ուսուցչութիւնը կրնայ արհամարհուիլ տգէտներու կողմէ միայն, սակայն չի դադրիր ըլլալէ մէկը ամէնէն կարեւոր ասպարէզներէն, որոնք սերունդ կը պատրաստեն, եւ հետեւաբար, ժողովուրդի մը ապագան:

Առանց ընտիր, պատրաստուած ուսուցիչներու` մեր ամէնէն գեղեցիկ դպրոցները դատապարտուած պիտի ըլլան մնալու «դատարկ» շէնքեր միայն, ուր ոգին եւ գաղափարը պիտի բացակային, տեղ տալով հասարակ դասատուին:

Ուսուցչանոցը պիտի պատրաստէ ուսուցիչներ, որոնք իրենց կարգին, աշակերտութեան պիտի ներշնչեն այն լուրջ պատասխանատուութիւնը, որ հայ ըլլալը կը նշանակէ` իբրեւ մարդ եւ իբրեւ ազգային:

Շա՜տ ուսանողներ ունեցանք եւ ունինք տակաւին սփիւռքի մէջ, սակայն ցաւալի է ըսել, թէ անոնց մեծագոյն մասը անհատապաշտներ դարձան եւ քիչեր միայն հետաքրքրուեցան ազգային պարտականութիւններով: Բաւական շօշափելի նիւթական միջոցներ ալ սպառեցան, եւ սակայն ազգը իր ակնկալած օգտակարութիւնը չտեսաւ այդ զոհողութիւններէն: Ապացոյց` այն իրողութիւնը, թէ այնքան քիչեր յօժարութիւն ցոյց կու տան հանրային ասպարէզի ծառայութեան համար:

Սփիւռքը այժմ կը գտնուի իր ամէնէն տագնապալի շրջանին մէջ, եւ իր բոլոր միջոցները պիտի գործածէ` հնարաւոր իմաստութեամբ, նոր սերունդը պատրաստելու համար իբրեւ գիտակից ու պարտաճանաչ հայ:

Ժամանակ չունինք վատնելու կամ կորսնցնելու համար: Այսօր ապրող սերունդները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն պատրաստութիւնը հայ ապագային:

Բարերարներ ու նուիրեալներ այսօր պէտք են մեզի` ամէնէն ամուր հիմերու վրայ հաստատելու համար հայ կեանքը, որ պէտք է շարունակուի, ցոյց տալով նաեւ ազատ հայագիտութեան գերակշռութիւնը, բռնակալութեան ենթակայ ու հետեւաբար երբեմն միակողմանի գիտութեան վրայ:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

1965-ը Պիտի Ըլլայ Սարսափելի Տարի Մը…

Ուիլսըն Պիտի Մեռնի, ՄԱԿ-ը Պիտի Լուծուի Եւ

Ասիոյ Մէջ Պատերազմ Պիտի Ծագի

«Մարգարէութիւններու մեծ գիրքը» հրատարակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ: Գերման աստղաբաշխական դասական այս մեծ գործը ամէն տարի այս օրերուն անհամբերութեամբ կը սպասուի աւելորդապաշտներու կողմէ:

Հեղինակն է գերման գուշակ Հանրիխ Հիւթեր, որ լաւատես չէ երբեք 1965-ի համար: Ստորեւ` իր քանի մը գուշակութիւնները.

– Անգլիոյ վարչապետ Ուիլսըն պիտի մեռնի:

– Գերմանիոյ վարչապետ Էրհարթ ինքնաշարժի կամ օդանաւի ծանր արկած մը պիտի ունենայ:

– Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պիտի լուծուի:

– Չինաստան պիտի յարձակի Ֆորմոզայի վրայ, ինչ որ ընդհանուր պատերազմ պիտի շղթայազերծէ 1966-ին Ասիոյ մէջ:

– Խառնակութիւններ պիտի ըլլան Ֆրանսայի մէջ, որ աղէտներու պիտի ենթարկուի:

– Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին ծանր հիւանդութեան մը պիտի ենթարկուի:

– Քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն մը պիտի մեռնի Սպանիոյ մէջ, ու երկիրը յեղաշրջում մը պիտի ունենայ:

– Քաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի ըլլան Լեհաստանի եւ Չեխոսլովաքիոյ մէջ:

Ըստ երեւոյթին, միայն մէկ բան պիտի չփոխուի: Այդ ալ Զուիցերիոյ աւանդական  չէզոքութիւնն է:

Երկար ատեն աստղերը դիտելէ ետք գերման մոգը կ՛երաշխաւորէ իր գուշակութիւնները…

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Հրաւիրեցէք այնպիսի անձեր, որոնք զուրկ են իրենց ընտանիքներէն, իրենց ուրախութիւնը բաժելու: Ձեր արարքը պիտի գնահատուի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Դուք ձեզ ճնշումի տակ մի՛ դնէք բարիք մը ընելու համար: Ձեր բարեկամները ձեզ կը սիրեն այնպէս, ինչպէս որ էք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Շնչառութեան մարզանք ըրէք, որպէսզի աւելի առողջ զգաք:  Հանգստանալու առիթ տուէք` առանց ստիպողութեան:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Հաճոյք պատճառեցէք ձեր շուրջիններուն` առանց հաշիւ ընելու: Ձեր վերաբերումին ազդեցութիւնը պիտի նկատուի աւելի ուշ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Մի՛ առանձնանաք այսօր, այլ գացէք անոնց քով, որոնք ձեզի ձեռք կ՛երկարեն: Օրը օգտաշատ է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Սահմանափակեցէք ձեր գործունէութիւնը: Ձեր տան մէջ մնացէք ձեր հարազատներուն հետ: Ուրախացէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Մի՛ սպասէք մինչեւ Նոր տարի` մարզանք կատարելու համար: Հոգ տարէք ձեր ֆիզիքական առողջութեան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Անցնող ժամանակը մղձաւանջ կը պատճառէ: Ուրեմն արթուն եղէք` դուք ձեզ խանդավառելու եւ օգտուեցէք ազատ ժամանակէն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Մանուկներուն ուրախութիւնը պիտի ազդէ նաեւ ձեզի: Հետեւեցէք անոնց խաղերուն, որպէսզի մանուկի մը նման ուրախանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Օրը յարմար է մասնակցելու համար օժանդակութեան եւ նուիրատուութեան մը: Ձեր սիրտը պիտի խաղաղի եւ ուրախ պիտի զգաք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Ծնունդին յաջորդ օրը պիտի ըլլաք մանուկի մը նման. բնական է, չէ՞: Բնութիւնը կը սորվեցնէ ձեզի այս ամէնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Ինքնավստահ եղէք: Եթէ դժուար է, մտիկ ըրէք անոնց, որոնք կը հաւատան ձեզի: Անոնք իրաւունք ունին:

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1964)
Պէյրութ` Մեր Քաղաքը

50.000 Ինքնաշարժ

Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ

Լուսանշաններու Կանոնաւորութիւնը

Անհրաժեշտ Է Երթեւեկը Դիւրացնելու Համար

Իշխանութիւնները հաստատեցին մէկուղի ճամբաներ, ստեղծեցին կանաչ գօտի մը, զետեղեցին ինքնագործ լուսանշաններ, պարտադրեցին տեղւոյն վրայ գանձուող տուգանքներ, բայց հազիւ յաջողեցան քիչ մը աւելի արագ երթեւեկի հնարաւորութիւն ընծայել Պէյրութի մէջ: Երթեւեկի խնդիրը իսկապէս անլուծելի՞ է մայրաքաղաքին մէջ:

Մէկ կողմէ հետիոտն քաղաքացիները եւ շարժավարները, միւս կողմէ` երթեւեկի ոստիկանները նոյն անզօրութեան առջեւ կը գտնուին: Վերջինները չեն յաջողի օրէնքները կիրարկել, իսկ առաջինները չեն կրնար կամ չեն ուզեր զանոնք յարգել: Փողոցի խառնակութիւնը մեծ մասամբ հետեւանք է զայն գործածողներու անկարգապահութեան: Եւ սակայն ասիկա այնքան կրկնուեցաւ, որ հիմա կը կարծուի, թէ Պէյրութի երթեւեկի դժուարութեանց միակ պատճառը այդ է: Անցորդներն ու շարժավարները անշուշտ մեղաւոր են, բայց իշխանութիւնը եւս ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը: Ան ալ մեծ ճիգ մը պէտք է ընէ: Պէտք է կազմակերպուի` կարենալ կազմակերպելու համար երթեւեկը:

Անկասկած, երբեմն ականատես կ՛ըլլանք իշխանութեան կողմէ գիտակցութեան որոշ զարթնումի մը: Ի զօրու կը դրուին օրէնքներ, որոնք չէին կիրարկուեր: Նոր կարգադրութիւններ կ՛ըլլան: Բայց եւ այնպէս, երթեւեկի կանոնաւորման ի նպաստ իշխանութեան ճիգը կը մնայ անբաւարար, անազդու եւ թերի: Եթէ մօտէն քննենք, հարցը զարմանալի չի թուիր, այլ ընդհակառակն, բնական: Որովհետեւ Պէյրութի երթեւեկին երկու պատասխանատու մարմինները` քաղաքապետութիւնն ու երթեւեկի ջոկատը յարմարագոյն միջոցներէն զուրկ են: Քաղաքապետութիւնը պէտք ունի թեքնիք գրասենեակի մը, կազմուած` մասնագէտներէ, որոնց միակ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել երթեւեկը կազմակերպելու միջոցները: Երկրորդը պէտք եղած թիւը չունի:

Ըստ քաղաքապետական օրէնքին, Պէյրութի երթեւեկը կ՛իյնայ մայրաքաղաքի կուսակալութեան պատասխանատուութեան տակ: Կուսակալ Էմիլ Եաննի նախագահութեան տակ գտնուող յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Պէյրութի ոստիկանութեան հրամանատարը, երթեւեկի ջոկատին պետը եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեայ ճարտարագէտ մը, երթեւեկը կազմակերպելու պաշտօն ունի: Հարկ եղած պարագային կրնայ դիմել մասնագէտներու:

Բոլոր որոշումները պէտք է վաւերացուին կուսակալին կողմէ: Այս յանձնախումբն է, որ կու տայ երթեւեկի կազմակերպման վերաբերեալ որոշումները: Անոր աշխատանքը մեծ մասամբ փորձառական հիմ ունի: Գործնական փորձառութեան բերած դասերու լոյսին տակ այս կամ այն միջոցը ձեռք կ՛առնուի:

Ուստի, առ ի չգոյէ մնայուն կերպով երթեւեկի կազմակերպումը ուսումնասիրող մասնագէտներու գրասենեակի մը եղած կարգադրութիւնները մանրամասնութիւններու կը վերաբերին: Գոյութիւն չունի ընդհանուր ծրագիր մը երթեւեկի կազմակերպման համար, ծրագիր մը` ճկուն, փոփոխելի օրը օրին` նայած նոր պահանջներու, յատուկ երթեւեկի կարիքներուն:

Երթեւեկի յատուկ թեքնիք գրասենեակ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը յստակօրէն ի յայտ կու գայ, երբ կը քննենք լուսանշաններու աշխատման խնդիրը: Յանձնախումբի անդամ ճարտարագէտին պարտականութիւն տրուած է հաստատելու այդ լուսանշանները: Բայց անոր բուն պաշտօնը ուրիշ է: Պետն է քաղաքապետական կառատան: Երբ Պէյրութի մէջ ելեկտրական լուսանշաններ հաստատելու որոշումը տրուեցաւ, անոր վստահեցան անոնց յանձանձումը` նկատելով, որ կրնայ ստանձնել երկու պաշտօնները: Սկիզբը դիւրին էր: Միայն քանի մը լուսանշաններ կային: Բայց հիմա որ բազմացած են, անոնց յանձանձումը կը կարօտի յատուկ սպասարկութեան մը:

Ինքնագործ լուսանշանները օգտակար են, երբ անոնց աշխատանքը կանոնաւոր է: Փողոցի մը առանցքին վրայ հաստատուած երկու լուսանշաններ աւելի կը խանգարեն երթեւեկը, քան կը դիւրացնեն, եթէ կանոնաւոր կերպով չգործեն: Պարագան այս է Ֆուատ Ա. պողոտային վրայ: Այդ փողոցին եւ Օմար Խաթթապ ու Պասթա փողոցներու խաչաձեւումներուն վրայ հաստատուած լուսանշանները նոյն կշռոյթով չեն աշխատիր: Ֆուատ Ա. – Օմար Խաթթապ փողոցներու լուսանշանը կանաչ ցոյց կու տայ, երբ երկրորդը կարմիր է, ու` փոխադարձաբար: Ուստի, առաջին լուսանշանին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժները ճամբայ կ՛ելլեն, երբ կանաչ լոյսը կը վառի, կանգ առնելու համար 75 մեթր անդին:

Այլ երկիրներու մէջ նոյն փողոցի առանցքին վրայ հաստատուած լուսանշանները լարուած են այնպիսի ձեւով մը, որ աստիճանաբար նոյն գոյնը կը ստանան իրարու ետեւէ: Անոնց աշխատանքը սենքրոնիզէ եղած է: Կարմիր լոյսի մը առջեւ կանգ առած շարժավար մը, երբ ճամբայ կ՛ելլէ լուսանշանի փոփոխութեամբ, այլեւս կանգ չ՛առներ այլ լուսանշանի մը առջեւ, քանի մը վայրկեան չանցած: Ու այս տրամաբանական է, այլապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ օգտակարութիւնը ինքնագործ լուսանշաններու, եթէ մէկ կողմէ պիտի չապահովեն երթեւեկի արագ ընթացքը` խաչաձեւման կէտերու խճողումը ջնջելով, եւ միւս կողմէ` մեծ թիւով ոստիկաններ անշարժութեան չմատնեն:

Լուսանշաններու գէշ աշխատումը ծանր է, որովհետեւ կրնայ արկածներու պատճառ դառնալ: Ներկայիս այդ լուսանշաններէն շատեր շատ շուտ կանաչէն կարմիրի կ՛անցնին` առանց նարնջագոյնի վրայ կանգ առնելու: Շարժավարը յաճախ քառուղիի մը մէջտեղ կու գայ, երբ լոյսը արդէն կարմիր է: Եթէ հոն կենայ, երթեւեկը կը խանգարէ: Եթէ ճամբան շարունակէ, կրնայ զարնուիլ այլ ինքնաշարժներու, որոնց անցնելու կարգը եկած է:

Եւրոպական մեծ քաղաքներու մէջ լուսանշանները կը կանոնաւորուին ելեկտրոնային ուղեղի մը միջոցով ու ատոր համար ալ արդիւնաւոր են:

Անշուշտ, քաղաքապետութեան մէջ մասնաւոր գրասենեակի մը ստեղծումը պիտի կարօտի նոր ծախսերու, որոնք պիտի գան բարդուիլ քաղաքապետութեան պիւտճէին վրայ: Բայց Պէյրութ, որ կը հաշուէ 600.000 բնակիչ, եւ որուն ինքնաշարժներու թիւը 50.000 է, կրնա՞յ աւելի երկար ատեն առանց նման սպասարկութեան մը մնալ:

ՌՈԺԷ ԺԵՀՇԱՆ

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Բարեկամէ մը ստացած ձեր նուէրը շատ պիտի ուրախացնէ ձեզ: Օրը պիտի ըլլայ խրախուսիչ եւ արդիւնաւէտ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Գործի մէջ ծագած պատմութիւնները մէկ կողմ դրէք, օրը յարմար չէ հարցեր հրահրելու: Խոհեմ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Անոնք, որոնք կը ճամբորդեն, հոյակապ ծնունդի գիշեր մը պիտի անցընեն: Տարին բախտաբեր է:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Այս իրիկուն բոլորին սրտին մէջ ուրախութիւնը պիտի ցնծայ: Ծնունդի գիշեր է, հարկ է հաշտ տրամադրութիւն ունենալ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Ուրիշներու երջանկութեամբ պիտի ուրախանաք, որովհետեւ պիտի գիտնաք երջանկացնել դժբախտ անձերը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Այսօր իւրաքանչիւր անձ փափկանկատ պիտի ըլլայ միւսին նկատմամբ: Օրը թելադրական է հաճելիին եւ օգտակարին համար:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Պիտի կարենաք ձեր կարողութիւնը ներկայացնել եւ հմայել ձեր շուրջինները: Պիտի ունենաք նախատեսուածէն աւելի յաջողութիւն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Օրը սքանչելի է արտայայտելու համար ձեր սէրը: Ոչինչ պիտի վերապահէք եւ պիտի ըլլաք անկեղծ ձեր շուրջիններուն հետ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Ծնունդը առիթ մը պիտի ստեղծէ միանալու ընտանեկան պարագաներու հետ: Ուրախ տրամադրութիւն ցուցաբերեցէք իրարու հանդէպ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Պարզ նուէր մը պիտի ստանաք, բայց պիտի զգաք մեծ խանդավառութիւն: Նուէրին արժէքը մեծ կամ փոքր ըլլալուն մէջ չէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Ուրախացուցէք ձեր շուրջինները, որոնք պիտի փոխադարձեն ձեզի: Կեանքը առ եւ տուրով կը ջերմանայ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Մտածեցէք անոնց մասին, որոնք վատառողջ են: Ձեր օգնութիւնը ուժ պիտի տայ անոնց եւ պիտի ամոքէ իրենց ցաւերը:

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1964)
Նշան Փալանճեան

Ճեմարանի Յաջողութիւնը

Գերմանական Մշակ. Կեդրոնի

Նկարչական Ցուցահանդէսին

Պէյրութի Գերմանական մշակութային կեդրոնը աշակերտական նկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր, որ տեւեց դեկտեմբեր 11-էն 18: Մասնակցած էին 7 օտար եւ 3 հայ միջնակարգ վարժարաններ: Իւրաքանչիւր վարժարան կը ցուցադրէր քսան նկարներ` գծուած 7-15 տարեկաններու կողմէ:

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը իր նկարչութեան ուսուցչին` ծանօթ նկարիչ Ժ. Կիւվերճինեանի ղեկավարութեամբ, սոյն ցուցահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերած է փոքրիկներու բաժինով միայն, մինչեւ չորրորդ դասարան:

Դատական կազմը, բաղկացած` երկու գերմանացի եւ երեք լիբանանցիներէ, տրամադրուած 30 մրցանակներուն տասը հատը յատկացուցած է Ճեմարանի աշակերտներու գործերուն: Այս ձեւով Ճեմարան առաջնութիւնը շահած է մասնակցող դպրոցներու շարքին մէջ` արժանանալով դատական կազմին մասնաւոր շնորհաւորութեան:

Մրցանակի արժանացած նկարները պիտի ուղարկուին Միւնիխ (Գերմանիա)` աշակերտական համաշխարհային ցուցահանդէսին մէջ դրուելու համար:

Լուսին Ճամբորդութեան Ամերիկահայ Մասնագէտ

Աւետիս Այնթապլեան Պէյրութի Մէջ

Անցած կիրակի Սան Ֆրանսիսքոյէն Պէյրութ ժամանեց ընկ. Աւետիս Այնթապլեան` այցելելու համար իր ծնողքին:

Ընկ. Աւետիս Այնթապլեան 1952-ին Պէյրութէն  մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր  մասնագիտացաւ օդանաւային ճարտարագիտութեան եւ աւելի յետոյ, անջրպետային գիտութեան մարզին մէջ: Ներկայիս ան կը նկատուի դէպի լուսին ճամբորդութեան ամերիկեան Ժեմինի ծրագրի մասնագէտներէն մէկը` գլխաւորաբար անջրպետի մէջ հրթիռներու ու արբանեակներու թրթռացումներու ճիւղին:,

Վեց տարիէ ի վեր պատասխանատու վարիչներէն մէկը ամերիկեան «Լոքհիտ» մեծ ընկերութեան անջրպետային ծրագիրներու ճիւղին` յաճախ դասախօսութիւններ տուած է միջազգային գիտական լայն շրջանակներու համար եւ բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է ամերիկեան մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ:

«Ասթրոնոթիքս էնտ Էրոնոթիք» ամսաթերթին մէջ (նոյեմբեր 1964), որ կը հրատարակուի Աստղանաւորդութեան ամերիկեան կաճառին կողմէ եւ յատկացուած է Ժեմինի ծրագրին, ընկ. Այնթապլեան ստորագրած է յօդուած մը` «Տը աճինա թարկեթ վիհիքըլ», ուր մասնագիտական լրիւ տեղեկութիւններ կու տայ «անջրպետային ժամադրութեան» շուրջ:

Ընկերը ընդհանուր տնօրէնն է (սիսթըմ մենէյճըր) արբանեակներու զանազան մասերու մասնագիտական ճիւղերու համադրութեան:

«Լոքհիտ» ընկերութեան կարգադրութեամբ, ընկ. Այնթապլեան պիտի հանդիպի Եւրոպա եւ իր մասնագիտութեան մասին դասախօսութիւններ պիտի տայ ֆրանսական, իտլական եւ գերմանական համալսարաններու մէջ:

Իմաստուն Խօքեր

Գեղեցկութիւնը առաջին նուէրն է, զոր բնութիւնը կը պարգեւէ կիներուն եւ առաջինը, որ ետ կ՛առնէ անոնցմէ:

ԶԻՄԵՐՄԱՆ

Երիտասարդները կրնան ինքզինքնին իմաստուն նկատել ինչպէս, որ գինովները ինքզինքնին բաւական արթուն կը նկատեն:

ՉԵՍԹԸՐՖԻԼՏ

Անկեղծութիւնը լաւագոյն քաղաքականութիւնն է:

ՉԸՐՉԻԼ

Իմաստութիւնը մտքին համար ա՛յն է, ինչ որ առողջութիւնը մարմնին համար:

ԼԱ ՌՈՇՖՈՒՔՕ

Վարժարան մը բացողը` բանտ մը գոցած կ՛ըլլայ:

ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

Աշխարհի վրայ լաւագոյն բժիշկներն են` պահեցողութիւն բժիշկը, հանդարտութիւն բժիշկը եւ անհոգութեան բժիշկը:

ՍՈՒԻՖԹ

Տղաքը մինչեւ 12-էն 17 տարեկան ըլլան` ծնողքը 20 տարի կը ծերանան:

ՌՈՊԸՐԹ ՊԱՆՔԼԷՅ

Մեր սրտերը երբեմն կը գինովնան գեղեցկութեամբ մը, զոր մեր աչքերը երբեք պիտի չտեսնեն:

ՌԱՍԷԼ

Պատմութիւնը լաւ գրելու համար պէտք է ազատ երկրի մը մէջ ապրիս:

ՎՈԼԹԷՐ

Կամք ունեցողը կը ստեղծէ եւ շա՛տ բան կը ստեղծէ: Ասիկա փաստ է, թէ անկարելի բան չկայ:

ՇԷՅՔՍՓԻՐ

Կ՛ուզէ՞ք, որ քաղաքացիները սիրեն իրենց հայրենիքը: Հանգստաւէտ ըրէք անոնց կեանքը:

ՄԱԶԱՐԻՔ

ժամանակը բարեկամութեան բարեկամի եւ սիրոյ թշնամին է:

ԼԱ ՊՐԻՒՅԼԷՐ

Աւելի շատ սէր կայ բարեկամութեան մէջ, քան թէ բարեկամութիւն` սիրոյ մէջ:

ՓՈԼ ԺԵՐԱԼՏԻ

Իրաւունք չունինք երջանկութիւն պահանջելու, եթէ մենք չստեղծենք զայն, ինչպէս որ իրաւունք չունինք ծախսելու այն դրամը, զոր ճիգով չենք շահած:

ՊԵՐՆԱՐ ՇՕ

Քառասունութ տարեկան ըլլալէ առաջ յոռետես եղող մարդը` շա՜տ բան գիտէ: Քառասունութը անցնելէ ետք լաւատես եղող մարդը պէտք չէ հպարտ ըլլայ իր գիտցածներով:

ՄԱՐՔ ԹՈՒԷՅՆ

Աշխարհի մէջ ոչ ոք աւելի ցնորամիտ ու վտանգաւոր է, որքան իշխանութեան գլուխ բարձրացած միջակ մարդը:

ՀԻԶՐԱԼԵԼ

Պատմութեան գլխաւոր դերակատարները` հաւատքի հերոսներ եղած են միշտ:

ՄԱՔՈԼԷՅ

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Գործի մասին առաւելութիւններ ակնկալելը աւելորդ է, որովհետեւ արդէն պիտի ունենաք ձեր ուզածը. օգտուեցէք առիթէն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Ձեր ուտելիքները պէտք է ըլլան օգտակար եւ մանաւանդ` այլազան: Այս կերակրաձեւը կը նպաստէ ձեր առողջութեան:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Ձեր նիւթականին վերաբերեալ լաւ լուր մը պիտի ստանաք: Ծնունդը կանխահասօրէն պիտի այցելէ ձեզի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Խակ միտքով անձի մը դիմաց հասուն մարդու կեցուածք ունեցէք: Խիստ կերպով մի՛ վարուիք ոեւէ մէկուն հետ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Պիտի վերջացնէք ձեր աշխատանքը ճիշդ ժամանակին: Օրը պիտի ունենայ ուրախ պահեր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Սիրոյ հարցը գագաթնակէտի վրայ պիտի ըլլայ: Այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ պիտի լսէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Պատրաստուեցէք հիւրեր ընդունելու եւ ցոյց տուէք, որ ամէն ինչ կատարեալ է ձեր տան մէջ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Մանուկներուն երեւակայութիւնը զարգացնելու համար պատմութիւններ պատմեցէք անոնց: Անոնք շատ պիտի օգտուին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Թէեւ ժամանակը անցած չէ, այսուհանդերձ պիտի կարենաք լաւագոյն նուէրը ընծայել ձեր բարեկամին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Ձեր կարծիքները պիտի արժեւորուին, եւ ձեր հարցերուն պիտի ստանաք լաւ պատասխաններ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Գործէ դադրած անձեր լաւ ժամանցներ պիտի ունենան: Դուք ձեզ բնաւ առանձին պիտի չզգաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Անոնք, որոնք իրենց ընտանիքէն հեռու կ՛ապրին, բարեկամներու հետ պիտի ուրախանան:

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
Յովհաննէս Սեդրակ Գալայճեանի մահուան առիթով`

Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիլվա Գարավարդանեան  50,000 լ.ո.

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1964)
Տոմսեր

Կաղանդ Եւ Ծնունդ

Եւ Չարաշահութիւն…

Տօնական օրեր: Կաղանդ: Ծնունդ:

Պէյրութ եւ վաճառականութիւն: Ճամբաները` պազար:

Մարդիկ, սա օրերուն, քիչ մը աւելի լայն կը բանան իրենց քսակները, կը ծախսեն քիչ մը աւելի, առանց հաշուելու, կը ծախսեն նաեւ… իրենց չունեցածը:

Վաճառականները կը խայտան: Պսպղուն լոյսեր` ամէնուրեք: Աղուոր, շա՛տ աղուոր խաղալիքներ, մեծերուն հետաքրքրութիւնը անգամ արթնցնող խաղալիքներ:

Աղուոր բան է Կաղանդը:

Բայց Կաղանդը եւ Ս. Ծնունդը այսօր, վաճառականական արժէքներ են: Առիթներ են մարդիկ շորթելու, կողոպտելու: Խաղալիք մը Պապ Իտրիսի շուկան կ՛արժէ տասնեւհինգ ոսկի, Սուք Սըրսոք կ՛արժէ տասը, Պուրճ կ՛արժէ ութ, Նահր կ՛արժէ հինգ:

Եւ ըսել, որ հինգով ծախողն ալ կը շահի…

Հապա ի՞նչ կ՛ընէ տասնեւհինգի ծախողը…

Վաճառականութիւնն ալ, ի վերջոյ, իր ուղղամտութիւնը պէտք է ունենայ. շահիլ, այո՛, բայց չկողոպտել:

Ծախել Յիսուս Մանուկը, ծախել խաչ, ծախել խոզ, ուրախացնել մանուկներ ու մեծեր, բայց ուրիշի քանի մը օրուան աժան երջանկութեամբ (ո՞վ գիտէ` ի՛նչ տքնաջան աշխատանքով շահուած) հարստութիւն դիզել: Եթէ գիտնար այդ համեստ Նազովրեցին, զոր հրեաները օր մը խաչ հանեցին, որ իր պատկերները, իր արձանիկները իր Ծննդեան օրը այսպէս պիտի ըլլային, պիտի ըլլար առուծախ, շահ ու կողոպուտ, անկասկած չէր ծներ: Օր մը, ինք ալ, քաշեց մտրակը եւ իջաւ տաճար` դուրս շպրտելու համար ամէն կարգի փերեզակները, ըսելով, թէ մի՛ վերածէք իմ հօրս տունը շուկայի…

Չէր գիտեր, ինչպէ՜ս գիտնար, որ օր մը զինք ալ շուկայ պիտի իջեցնեն…

ՄԱԿԱՐ

«Թռչնոց Բոյն»-ի Ի Նպաստ

Շարժանկարի Երեկոյթը

Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ի բարեկամները տարեկան իրենց 15-րդ շարժանկարի երեկոյթը տուին անցեալ հինգշաբթի, 17 դեկտեմբեր, «Սինեմա Սարուլլա»-ի մէջ: Յարգելի հիւրերուն մէջ կը գտնուէին հանրօգուտ շինութեանց նախարարը եւ Փիեռ Ժեմայել, Ռաշիտ Քարամէ, Ֆիլիփ Թաքլա, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, Փորթուգալի դեսպանը, տէր եւ տիկին Ֆուահ Պութրոս, Ռեմոն Էտտէ եւ տէր եւ տիկին Փիեռ Էտտէ:

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Ընտանիքի անդամներուն միջեւ համաձայնութիւն մը պիտի ունենաք աշխատանքի վերաբերեալ, նոյն ատեն նոր միջոցառումներու պիտի ձեռնարկէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Ի՛նչ որ ըլլան ձեր ակնկալիքները, պահը պիտի թելադրէ գործնական ըլլալ: Ձեր գործունէութիւնը պիտի ունենայ յաջող ընթացք եւ աւարտ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Այսօր դրամատնային ձեր հաշիւները ստուգեցէք նախքան նուէրներ գնելու սկսիլը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Վախնալիք ոչինչ ունիք, որովհետեւ ձեր ընկերային եւ ընտանեկան հարցերը լաւ ընթացքի մէջ են: Կրնաք ունենալ անվնաս հարցեր:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Լուսնային դրութեան շնորհիւ` ընթերցանութիւն մը զրոյց մը կամ հանդիպում մը կրնան դրական ձեւով փոխել ձեր տրամադրութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Ժամադրութիւն մը կամ ամուսնութեան առաջարկ մը պիտի ստեղծեն սիրոյ մթնոլորտ մը, որ կրնայ լուրջ վերջաւորութեան մի յանգիլ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Բախումներ կրնաք ունենալ ընտանիքի մէջ կամ աշխատանքի ընթացքին: Պէտք է հարցը մեղմացնել կամ լուծել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Շրջապատուած եւ պաշտպանուած պիտի զգաք ձեր մերձաւորներէն: Տարին պիտի աւարտէք հաճելի փոփոխութիւններով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Տնտեսական դիւրութիւններ պիտի ունենաք նոր տարուան ծախսերը կարգադրելու հաշիւի, փոխառութեան, պիւտճէի եւ նուէրներու վերաբերեալ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Եթէ շատ անկեղծօրէն շարժիք, ոմանց համար հաճելի պիտի չթուի, հետեւաբար լաւ է, որ լռութեամբ անցնիք հարցերու վրայէն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Վախնալիք ոչինչ ունիք, բազմազբաղ էք միայն, ջանացէք թեթեւցնել ձեր գործերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Ձեզի պիտի տրուին միջոցներ յառաջացնելու համար ձեր գործերը: Արդիւնքները շատ դրական պիտի ըլլան: