Featured-News Archives - Aztag Daily

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Պիտի Փորձենք Իրականացնել: Միասին: (Գ.)
Օրաթերթի, յաւելուածներու, բացառիկներու եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու  այլեւս սովորական դարձած աշխատանքները բնականաբար պիտի շարունակուին: Ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի աշխուժութեան նոր թափ ապահովելու համար, Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի «Ազդակ»-ի էջերուն պիտի աւելնայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ բաժին ապահովելը: Նկատուած է, որ «Ինսթակրամ»-ը բացառաբար երիտասարդ օգտատէրեր ունի եւ նախաձեռնութիւնը կը միտի առնուազն «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելը. եւ այս ցանցի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով առաւել զարկ պիտի տրուի լուսանկարներուն եւ անոնց ընկերակցող ամփոփ լրատուութիւններուն:

Ելեկտրոնային տարածքին վերաբերեալ, «Ազդակ» նկատելով ընդհանուր միտումը` համացանցային եւ արբանեակային հեռատեսիլներու համատեղման, պիտի փորձէ ծրագրել «Ազդակ»-ի համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարցազրոյցներուն առընթեր հետզհետէ տեղադրել լրատուական նիւթեր, հեռակայ կարգով զրոյց-քննարկումներ եւ մանաւանդ ձեռնարկներու ցանցային ուղղակի սփռումներ: Կը մնայ, որ արդէն իսկ սմարթ ֆոներու վրայ կարդացուող «Ազդակ-մոպայլ»-ը ունենայ իր էփլիքէյշընը, ամէնէն արագ միջոցին եւ «Ազդակ»-ի էփը ներբեռնողը իր հեռախօսին վրայ ստանայ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հաղորդագրութիւնները:

Այս մարզի աշխուժացումը հրամայական է նաեւ այն առումով, որ տարին ամբողջ 100-ամեակ է եւ թէ՛ այստեղ տեղի ունենալիք ձեռնարկները եւ թէ՛ հայրենիքի կամ տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունենալիքները օգտակար կ՛ըլլայ ցանցային դրութեամբ հեռարձակելը:

100-ամեակին «Ազդակ»  կը ծրագրէ ապրիլքսանչորսեան բացառիկին տալ տարողունակ բովանդակութիւն եւ համագործակցիլ հայրենիքի թէ սփիւռքի ցեղասպանագիտական տարբեր կեդրոններու հետ` ապահովելու համար ժամանակակից գիտաշխատութիւններ: Այս հրատարակութեան կը հետեւի նաեւ օտարալեզու  յաւելուած, որ ուղղուած պիտի ըլլայ լիբանանցի կամ ընդհանրապէս արաբ ընթերցող լսարանին:

Տպարանն ու ցրուումի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ «Փիւնիկ» սրահի յանձանձումը  յանձնուած են արդէն հաշուապահական-վարչարարական պատասխանատուութեան: Մեր տպարանը «Ազդակ»-ի տպագրութեան առընթեր սկսած է ստանձնել նաեւ այլ թերթերու հրատարակութիւնը, որ շուտով կը սկսի գործադրուիլ: Նախատեսած ենք, որ «Փիւնիկ» սրահը աւելի աշխուժ թափով հիւրընկալէ միութենական եւ անհատական ձեռնարկներ:

2015-ի առաջին եռամսեակին «Ազդակ» հրապարակի վրայ կը դնէ 88-ամեայ իր արխիւին թուայնացուած ամբողջութիւնը: Նկարահանուած, ծրագրաւորուած եւ որոնողական համակարգի ենթակայ` մեր թերթը կը դառնայ ուսումնասիրողին համար ժամանակակից արհեստագիտութեամբ որոնելի սկզբնաղբիւր: Դժուար է պատկերացնելը թէ տասնամեակներու վրայ ի՛նչ տեսակի նիւթեր, մեկնաբանութիւններ, քաղաքական կեցուածքներ, գաղութային, միջազգային, հայրենական, սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի ժամանակակից պատմութեան ի՛նչ վիթխարի գրականութեան մասին է խօսքը, որ արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով տրամադրելի է այսօր հանրութեան, բայց մանաւանդ աշխարհի որ ծայրը գտնուող ուսումնասիրող մարդուն: Հրապարակումի սկիզբը պիտի փորձենք կատարել արժանավայել շուքով` ներգրաւելով հայաստանեան թէ սփիւռքեան արխիւային կարեւորագոյն կեդրոնները:

Այն ինչ որ խմբագրականի առաջին սիւնակով ընդգծած էինք իբրեւ չյաղթահարուած դժուարութիւններ, պիտի փորձենք այդ ուղղութեամբ լուծման ուղիներ փնտռել: Բոլորը` խոստումի կարգով. եւ չէ բացառուած, որ վերը նշուած առաջադրանքներէն այլ ծրագիրներ եւս իրականացնենք: Համացանցային հեռատեսիլի նախագիծի պատրաստութենէն զատ, այն ինչ որ յայտնեցինք  գրեթէ իրենց լրումին հասած ծրագիրներ են: Մնացեալը պէտք է ձգել ժամանակին եւ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ իրականութիւն դարձած են:

Տարին կը փակենք անբաւարարուածութեան զգացումով: Ըրինք այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք. չկրցանք ընել, դարձեալ այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք: Կ՛ակնկալենք առողջ, բաց քննադատութիւն: Առանց ցեխարձակումի, առանց վարկաբեկումի: Կը հրապարակենք բոլոր քննադատութիւնները, երբ այնտեղ զգանք կառուցողականութիւնը, միայն սրբագրուած տեսնելու մօտեցումը: Մնացեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալն իսկ կը գտնենք անիմաստ: «Ազդակ»-ը հերթական արեւածագին 10 էջով ինքզինք կը յանձնէ իր ընթերցողներու դատողութեան: Եւ չէ բացառուած, որ մենք ամէն օր այս կամ այն ձեւով տեղի տանք սխալի մը: Մեր ընթերցողները սրբագրիչներ չեն. բայց մեր ընթերցողները մաս կը կազմեն «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իբրեւ այդպիսին սխալները պէտք է մատնացոյց ընեն օրին, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով, անձամբ` ունենալու համար այն «Ազդակ»-ը, որ բոլորս կ՛ուզենք: Միասին:

Դեսպան Քոչարեան Փոխանցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Շնորհաւորանքներն Ու Նուիրատուութիւնը Լիբանանահայ Հաստատութիւններուն
29 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ  կազմակերպուեցաւ հանդիպում լիբանանահայ «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերու պատասխանատուներուն հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյններն ու շնորհաւորանքները, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւն` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Լիբանանահայ օրաթերթերուն հասցէագրուած ուղերձին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահը համոզում յայտնած է, որ նուիրուածութեան, հայրենասիրութեան, գործադրած ջանքերուն եւ գրիչի ճկունութեան շնորհիւ անոնք յաղթանակած դուրս կու գան դժուարին քարոզչական պայքարին մէջ եւ կը նպաստեն Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մասին համապարփակ նիւթերու պատրաստութեան:

Դեսպան Քոչարեան նոյն օրը այցելեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու  միութեան մտաւոր խնդիրներ ունեցող հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոն:

«Զուարթնոց»-ի պատասխանատուներուն ու սաներուն հասցէագրուած ուղերձին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը բարձր  գնահատած է մանկավարժներու նուիրեալ եւ ազգանուէր գործունէութիւնը` ուղղուած հայ մանուկներուն եւ երիտասարդներուն  կրթական, հոգեբանական եւ ֆիզիքական զարգացումին:

Հանդիպումներուն ընթացքին լրատուամիջոցներու եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի պատասխանատուները իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին` շարունակական հոգատարութեան եւ ուշադրութեան համար եւ հաստատեցին, որ ջանք պիտի չխնայեն շարունակելու իրենց գործունէութիւնը հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ  Հայաստան-սփիւռք կապերու խորացման ուղղութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, մօտակայ օրերուն դեսպան Քոչարեան պիտի այցելէ նաեւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» մանուկներու հաստատութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահի շնորհաւորանքներն ու նուիրատուութիւնը փոխանցելու նպատակով:

Խմբագրական . Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Կրցանք Ընել (Բ.)
Թէեւ իբրեւ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն պէտք է ընկալել, այսուհանդերձ այսօր տպագիր մամուլ, այն ալ պաշտօնաթերթ, այն ալ օրաթերթ, եւ այն ալ հայերէն` սփիւռքի մէջ ինքնին ամէն օր իրագործում արձանագրել է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթին համար:

Գերարժեւորում չէ այս մէկը, այլ բառին բուն իմաստով ժամանակին, ժամացոյցին դէմ եւ  հետզհետէ նիւթական, կենցաղային, արժէքային առումներով առօրեայ պայքար: Ժամանակը բացարձակօրէն ի նպաստ տպագիր մամուլին չէ: Արագութեան կշռոյթը կայծակնային է` լուր տալու, հասանելի դառնալու, զանգուածային եւ անհատական մակարդակներու վրայ: Լուր տալու հեւքը` արհեստագիտութեան առումով նոր մրցանիշեր կը կտրէ, ժամանակավրէպութեան վտանգի սպառնալիքով, ամէն օր, օրաթերթին լոյս տեսած իւրաքանչիւր օր:

Տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, երբ առեւտրական հաստատութիւններն անգամ կրճատումներու կը դիմեն, երբ ամէն տեղ սեղմումի քաղաքականութեան ներքոյ ամփոփուելու միտումներ կը դրսեւորուին, ժամանակավրէպութեան դէմ պայքարի ելած մամուլը, իբրեւ ոչ եկամտաբեր հաստատութիւն,  իր անձնակազմը կը պահէ, սարքաւորումները կ՛այժմէականացնէ  եւ ճիգ կը թափէ յաղթահարելու տնտեսական զարգացող տագնապը:

Այստեղ մեզի օգնութեան կը հասնին թերթին առաքելութեան հաւատացող հովանաւորները, որոնք տուեալ էջ թէ կայք, գրական յաւելուած թէ բացառիկ կամ արաբերէն բաժին հովանաւորելու իրենց քայլերով կ՛օժանդակեն թերթին կանգուն մնալուն եւ զարգացման:

Նիւթական դժուարութիւնը սակայն մեզ չի պարտադրեր նոր ծրագիրներու չդիմելու եւ նոր բաժանմունքներ չյառաջացնելու: Այս տարուան հիմնական նորութիւնն ու իրագործումը «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնի աշխատանքի արդիւնքն էր: Մամուլի թուայնացման աշխատանքը, արդէն շուտով հանրութեան տրամադրելի կը դարձնէ ոչ միայն «Ազդակ»-ի ութսունեօթնամեայ հաւաքածոն, այլ նաեւ մամուլի այլ ներկայացուցիչներու հաւաքածոներ: Ժամանակակից հասկացողութեամբ թուայնացուած մամուլն` արխիւի պահպանման եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար օգտագործելի նիւթ տրամադրելու ճիշդ, գործնական  եղանակն ու համակարգը:

Արաբերէն կայքը նոր այցելուներ ապահովեց: Փոքր ուսումնասիրութիւն մը այցելուներու աճի երեւոյթին մասին ի յայտ բերաւ, որ յատկապէս Իրաքէն եւ Եգիպտոսէն նոր ընթերցողներ միացան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի արաբ թէ արաբատառ լրատուութիւններու հետեւող հայ ընթերցողներուն: «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը արդէն իբրեւ կայացած օտարալեզու լրատուամիջոց` կը լուսաբանէ հայաստանեան, սփիւռքեան եւ Հայ դատի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Մանկապատանեկան յաւելուածը, իր հերթին,  ազդուեցաւ տնտեսական դժուարութիւններէ: Ամառուան ժամանակաշրջանին «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի թիւերը լոյս չտեսան տպագիր տեսքով. անոնք էջադրուած ձեւով առցանց հասանելի դարձան «Ազդակ»-ի կայքին ճամբով: Դպրոցական վերամուտին հետ «Պզտիկ-Մզտիկ» դարձեալ սկսաւ հասնիլ ամիսը անգամ մը իր ընթերցողներուն: Մինչ, շարունակուեցան նաեւ «Անսխալ գրենք» մրցումները, որոնք համախմբեցին հարիւրաւոր մասնակիցներ:

Մամլոյ լսարաններու թիւը կը բախէ 100-ի դռները: Այս տարի եւս թէ՛ հայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրներուն եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի թէ սփիւռքի վերաբերող  օրակարգերու մասին կազմակերպուեցան զեկուցական երեկոներ, մամլոյ լսարան տարազին տակ: Մինչ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու, Միջին Արեւելքի հայութեան, արխիւային նիւթերու թէ քաղաքական ժամանակակից խնդիրներու մասին «Ազդակ» հաստատեց վիտէօ հարցազրոյցի բաժին, որ գրեթէ երկշաբաթեայ հերթականութեամբ տեղադրուեցաւ «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Բաւական աշխուժ էր «Ազդակ»-ի ներկայութիւնը ընկերային ցանցին վրայ: Դիմատետրի իբրեւ օգտատէր «Ազդակ»-ի երկու խումբերը հաւաքած են շուրջ տասնհինգ հազար «ընկերներ», որոնք առնուազն տեղեակ կ՛ըլլան «Ազդակ»-ի օրական լուրերու խորագիրներէն: Դիմատետրի ճամբով նաեւ կտրուկ աճած է «Ազդակ»-ի կայքի այցելուներուն թիւը:

Եւ եթէ «Ազդակ»-ի տպագիր տարբերակի քանակը կայուն պահելու յատուկ ճիգ կը կեդրոնացնենք, ապա ելեկտրոնայինի աճը, վերահսկողութենէ դուրս ամիս առ ամիս բազմապատկուելու ընթացքին մէջ է: «Ազդակ»-ի արտալիբանանեան ընթերցողներուն թիւը, այս միտումով, գերակշիռ է եւ տակաւին նոր մրցանիշեր ապահովելու նախադրեալներ կը յուշէ:

«Ազդակ»-ի առաջնորդող յօդուածներու, թէ արտադրած լուրերու եւ տարբեր բնոյթի նիւթերու արտատպումը ոչ միայն սփիւռքեան մամուլին, այլ նաեւ հայաստանեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ  նկատելի եւ կայացած երեւոյթ է: Յաւելեալ գնահատականը այս մարզին մէջ կը ձգենք հայ մամուլի նիւթերը մշտադիտարկողներու դատողութեան: Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ հակառակ նախորդ խմբագրականով մեր յիշած մարդուժի նկատառելի դժուարութեան, «Ազդակ» առանձնացաւ յատկապէս իր խմբագրակազմի անդամներու այլեւս կայացած անուններու յօդուածագրական արտադրութեամբ: Գաղափարական-գաղափարաբանական հարցերով, Հայ դատի վերաբերող դիպուկ ակնարկներով, լիբանանեան եւ գաղութային ու ազգային նիւթերու լրագրական-մեկնաբանական նիւթերով, թէ մշակութաբանական այժմէական անդրադարձներով կամ մօտիկ անցեալի վերաբերող ուսումնասիրութիւններով «Ազդակ» ընդգծեց իր հեղինակային արտադրողականութիւնը: Ի վերջոյ դիւրին չէր ազգային, կուսակցական ամէն յոբելեանի` այժմէականացման կարգով առաջնորդող գրութիւն հրապարակելը, այդ առիթով էջ պատրաստելը, համահայկական տարողութեամբ հրատապ իրադարձութիւնները թերթի լուսարձակներէն չվրիպեցնելու յատուկ կեդրոնացում պահանջող աշխատանքին առընթեր:

«Ազդակ»-ի բացառիկները` թէ՛ ապրիլեան եւ թէ՛ Ամանորի, շարունակեցին «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ արձանագրել Հայաստանի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն եւ Միջին Արեւելքէն մամուլի  գործիչներու, մտաւորականներու անուններ, հրատարակութեան ապահովելով համահայկական դիմագիծ: «Ազդակ»-ի բացառիկներու երեւանեան շնորհահանդէսները  նպաստեցին թերթին առաւել ծանօթացման աշխատանքին: Ծանօթացում մանաւանդ հայաստանեան պետական,  լրագրական եւ գիտական շրջանակներուն:

Ժամանակակից հայ մամուլէն ակնկալուած աշխատանքներն են, որոնք փորձեցինք իրականացնել. ոչ աւելին: Բայց այս պարտականութիւնը կատարեցինք մամուլի համար հետզհետէ դժուարացող պայմաններու մէջ: Պիտի շարունակենք իրականացնել, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Այս հաստատակամութիւնը քննարկումի ենթակայ չէ: Ընկրկիլը բացառուած է:

Վահան Յովհաննիսեանի Յուղարկաւորութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ 3 Յունուարին
Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, երէկ տեղի ունեցած է Վահան Յովհաննիսեանի մահուան կապակցութեամբ ստեղծուած կառավարական յանձնախումբի նիստը, որուն ընթացքին որոշուած է, որ Վահան Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի ունենայ   2 յունուար 2015-ին, ժամը 17:00-ին, Նոր Նորքի 5-րդ զանգուածի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը` 3 յունուարին` ժամը 11:00-13:00-ը, Կոմիտասի անուան երաժշտութեան տան մէջ, յուղարկաւորութիւնը` նոյն օրը Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան. «Վահան Յովհաննիսեանի Մահը Մեծ Կորուստ Է Ոչ Միայն ՀՅԴ-ի, Այլեւ Բոլորիս Համար»
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան առիթով: Վահան Յովհաննիսեանի ընտանիքին, հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն ուղղուած ցաւակցական հեռագիրին մէջ, մասնաւորապէս  ըսուած է. «Խոր ցաւով տեղեկացայ Գերմանիոյ մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեանի մահուան մասին: Վահան Յովհաննիսեանի ներկայութիւնը նշանակալի եղած է Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ  ե՛ւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն, ե՛ւ ատկէ ետք` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:  Դժուար է պատկերացնել, որ գաղափարական մարտիկի, կիրթ մտաւորականի, պետական եւ կուսակցական գործիչի, փայլուն հռետորի եւ  վառ անհատականութեամբ շեշտուած անոր կերպարը այլեւս մաս պիտի չկազմէ  հայաստանեան եւ համահայկական քաղաքական հոլովոյթներու: Վահան Յովհաննիսեանի մահը մեծ կորուստ է ոչ միայն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, այլեւ  բոլորիս համար: Խոր ցաւակցութիւն կը  յայտնեմ  անուանի գործիչին հարազատներուն, մերձաւորներուն եւ գործընկերներուն»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Նամակը` «Ազդակ»-ին
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան յղեց շնորհաւորական նամակ մը, որուն մէջ իր համոզումը յայտնեց, որ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախաշեմին պիտի համատեղէք ձեր միտքը, կամքն ու հնարաւորութիւնները բոլոր մարտահրաւէրները դիմակալելու եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրները համաշխարհային հանրութեան առաւել նպատակաուղղուած եւ որակով ներկայացնելու նպատակով»:

Ստորեւ` շնորհաւորական նամակին պատճէնը:

«Սօսի» Յիշատակի Ֆոնտին Հովանաւորութեամբ . Նիւթական Պարգեւներ` «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Մասնակցած 55 Աշակերտներու
Երէկ` երկուշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:40-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը եռուզեռի մէջ էր. հոն հաւաքուած էին «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակակիրները` իրենց ծնողներով:

Բարի գալուստի խօսքը «Ազդակ»-ի «Պզտիկ-Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին անունով արտասանեց Սրբուկ Ճենանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք միշտ սատար կանգնած են «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած ձեռնարկներուն. գնահատական խօսքեր ուղղուեցան նաեւ ծնողներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրենց զաւակներուն` մասնակցելու նմանօրինակ ձեռնարկներու: Հաւաքական աշխատանքի պտուղն են այսօրուան 55 մրցանակակիրները` ժամանած հայկական զանազան վարժարաններէ, ինչ որ ապացոյց է, որ «Պզտիկ-մզտիկ»-ը առաքելութիւնը` պահել ու պահպանել մայրենին ու զայն գրել անաղարտ ձեւով, բաւական յաջողութիւն արձանագրած է: Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղուեցաւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի հովանաւորող «Սօսի»-ի յիշատակի ֆոնտին:

Ապա Ճենանեան հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը` իր խօսքը ուղղելու: Գանտահարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դպրոցներուն տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն, որոնք անսակարկ կերպով նեցուկ կը կանգնին հայ մանուկին հայեցի կրթութիւն ու գիտելիք ջամբելու աշխատանքին, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ է, երբ ի մտի կ՛ունենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ճիշդ է, որ տագնապներ կան, կը խօսինք անոնց մասին, կը տառապինք, սակայն երբ կը տեսնենք այս փաստը, թէ կան փոքրիկներ, որոնք կը սիրեն ու կը կատարելագործեն իրենց մայրենին, ատիկա կ՛ուրախացնէ մեզ, իսկ մեր այսօրուան այս խորհուրդը իր լրումին կը հասնի մրցանակակիրներուն նիւթական պարգեւով, որ կը հովանաւորէ ու կը տրամադրէ յայտնեց «Սօսի» յիշատակի ֆոնտը: Այս առիթով Գանտահարեան յատուկ շնորհակալութիւն «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին եւ նշեց, որ 2005-ին ապրիլ 24-ի առիթով «Պզտիկ-մզտիկ»-ի հրատարակած «Երազս է» գրքոյկին մէջ այսօր երիտասարդ դարձած այդ օրերուն փոքրիկներուն գրութիւնները կը կարդանք, կը տեսնենք, թէ մեր փոքրիկները ճիշդ ու խորունկ ձեւով ըմբռնած ու հասկցած են Հայ դատի գաղափարախօսութիւնը, ուրեմն մեր դպրոցներուն ու ծնողներուն, ինչպէս նաեւ «Պզտիկ-մզտիկ»-ի աշխատանքները հայեցի դաստիարակութեան ու կրթութեան իմաստով յաջողութիւն արձանագրած են եւ ճիշդ հունի մէջ կը գտնուին, իսկ ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ տարուան` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, վստահ, որ «Պզտիկ-մզտիկ»-ը համապատասխան ծրագիր կ՛ունենայ: Գանտահարեան Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի առիթով ներկաներուն մաղթեց բարի տարի ու յաջողութիւն:

Ապա «Ազդակ-ի տնօրէնը եւ «Սօսի» ֆոնտի ներկայացուցիչը մրցանակները բաշխեցին փոքրիկներուն:

Վահան Յովհաննիսեանը Հեռացաւ
ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր վշտով տեղեկացնում է, որ տեւական հիւանդութիւնից յետոյ, դեկտեմբերի 28-ին, վախճանուեց մեր ժամանակների ամենավառ անհատականութիւններից մէկը` ազգային-պետական ականաւոր գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

ԸՆԿԵՐ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆԸ

ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անունից մեր վշտակցութիւնն ենք բերում Վահան Յովհաննիսեանի հարազատներին ու մտերիմներին, մեր ժողովրդին, մեր բոլոր ընկերներին:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ

28 դեկտեմբեր 2014

Վահան Յովհաննիսեանի Կենսագրական Գիծեր
Վահան Էդուարդ Յովհաննիսեան ծնած է 1956-ին, Երեւան:

1973-ին Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, Բրիւսովի հիմնարկին մէջ իր ուսումը կիսատ ձգելով, Վահան Յովհաննիսեանը մեկնեցաւ Մոսկուա եւ 1978-ին  այնտեղ աւարտեց Մոսկուայի պետական մանկավարժական համալսարանը:

Աւարտելէ ետք նշանակուեցաւ աշխատանքի` Հարաւային Սիպերիոյ մէջ:

Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք եւ աշխատիլ  գիւղին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ: 1980-ին զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ եւ Երեւան վերադառնալէ ետք վերջապէս կարելի էր սկսիլ աշխատանքը սիրած մասնագիտութեամբ: Բայց այդ օրերու համալսարանական ղեկավարները Վահան Յովհաննիսեանը ետ վանեցին Հայաստանի միջնադարեան պատմութենէն:

«Էրեբունի» թանգարանին մէջ Վահան Յովհաննիսեան աշխատեցաւ 1980-էն սկսեալ, սկիզբը` իբրեւ գիտաշխատող, ետքը` գիտահետազօտական բաժանմունքի վարիչ, իսկ 1989-ին տեղափոխուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ:

Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմերու մէջ Վահան Յովհաննիսեան  պեղումներու մասնակցած է Հայաստանի տարածքներուն մէջ. այդ պեղումներուն  ընթացքին յայտնաբերուած են պրոնզի եւ կանուխ երկաթի դարու շատ արժէքաւոր նիւթեր: 1989-էն ի վեր Վահան Յովհաննիսեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր:

Հայրենիքին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական վերահաստատումէն ետք 1990-ին  ընտրուած է Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման աշխատանքին. 1992-ին Վահան Յովհաննիսեան ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ` պարտականութիւններու մօտաւորապէս նոյն շրջանակով:

Սակայն, քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ կը շիկանար ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու ամէն մէկ ապաշնորհ սայթաքումին պատճառով, եւ ղարաբաղեան հարցէն զատ Դաշնակցութեան առջեւ կը կանգնէին նորանոր խնդիրներ: Գտնուելով կալանքի տակ` Վահան Յովհաննիսեան 1997-ին հեռակայ  կերպով ընտրուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ:

Դատաքննութեան ընթացքին ան կը շարունակէր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր ելոյթները դատարանին մէջ քաղաքական մեծ արժէք ունէին այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին համար:

1999-էն մինչեւ իր մահը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ էր:

1999-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն եւ դարձած  Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ:

Ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի առաջին պատուիրակութիւնը ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:

2003-ին եւ 2007-ին դարձեալ ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամ դարձած Ազգային ժողովի փոխնախագահ: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 2008 թուական:

Այդ ընթացքին ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, հանդիսացած է Հայաստան-Ռուսիա  եւ Հայաստան-Պիելոռուսիա միջխորհրդարանական յանձնախումբերու  համանախագահ:

2008-ին մասնակցած է նախագահական ընտրութիւններուն` իբրեւ ՀՅԴ-ի թեկնածու:

6 մայիս 2012-ին ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր համամասնական ընտրակարգով` ՀՅԴ-ի կողմէ: Ղեկավարած է Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը ԵՒՐԱՆԵՍԹ խորհրդարանական վեհաժողովին` հանդիսանալով ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի Բիւրոյի անդամ:

28 դեկտեմբեր 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:

Վահան Յովհաննիսեան կեանքէն հեռացաւ 20 տարի ետք ճիշդ այն օրը, երբ հայրենիքին մէջ կասեցուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը:

Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին. Այն Ինչ Որ Չկրցանք Իրագործել (Ա.)
Օրինաչափ է, որ տարեփակի եւ տարեմուտի այս հանգրուանին, իւրաքանչիւր հաստատութիւն թէ անհատ մէկ տարուան կտրուածքով եւ յետադարձ հայեացքով նախ գնահատականը կատարէ մայրամուտին հասնող տարուան եւ ապա նախանշէ գալիք տարուան իր ծրագիրներն ու զանոնք իրականացնելու համար համապատասխան եղանակներն ու միջոցները:

Հետզհետէ օրինաչափ կը դառնայ նաեւ այն, որ նման գնահատականներ եւ նախանշումներ կատարուին հրապարակային, այսօրուան բաց համակարգի թելադրած կանոններուն համահունչ, որպէսզի առիթ տրուի նաեւ այս կամ այն կերպով առնչակից կողմերուն, անհատներուն իրենց առարկութիւնները կամ համաձայնութիւնները բարձրաձայնելու եւ մասնակցելու հրապարակային քննարկման:

Առարկայականութիւնը կը յուշէ, որ սեւէն, սպիտակէն եւ վարդագոյնէն զատ այլ երանգներ եւս կան, որոնք բացթողումներուն, ճիշդ է, կ՛անդրադառնան` յոռետեսական եւ ինքնախարազանման մղումներէ հեռու, սակայն միայն զանոնք սրբագրելու կամքին իրականացման համար հրապարակային տեսքով յանձնառութեան տակ մտնելով:

Այս առումով ալ հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար, իւրաքանչիւր տարեվերջին վերադառնալ տարեսկիզբին յայտարարուած առաջադրանքներուն եւ անոնց ընդառաջ իրականացուած կամ չիրականացուած աշխատանքներուն մասին ընդհանուր գնահատական տալ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ երիտասարդութեան համախմբման միտող թերթի նախաձեռնութիւնները արդիւնաւէտ չեղան: Խմբագրութեան բազմաթիւ դիմումները մեր երիտասարդ գրիչներուն` ազատօրէն արտայայտուելու, գրելու, քննադատելու նոյնիսկ`  համապատասխան արձագանգումը չունեցան: Չենք ժխտեր, որ ուսանողականի էջերէն թէ այլապէս ալ ուղղակի «Ազդակ»-ի խմբագրութեան յղուած գրութիւններ, հրապարակագրական խոստմնալի հմտութիւններ մատնեցին եւ ուշադրութիւն գրաւեցին: Սակայն տարբեր մասնագիտութիւններու ընտրութիւնը, լրագրութիւնը կամ խմբագրութիւնը ոչ իբրեւ ասպարէզ ընկալելը, պատճառներէն էին, որ չկայանայ թերթին շուրջ երիտասարդ հրապարակագիրներու երեւոյթ ստեղծելը: Ասիկա աւելի համալիր լուծումի կը կարօտի եւ կը տեղաւորուի լրագրող մարդուժ պատրաստելու անյետաձգելի հրամայականին գծած ընդհանուր պարունակին մէջ:

Այս հետեւութեամբ ալ մենք չկրցանք բուժել թերթի ագիլեսեան կրունկը: Լեզուական սայթաքումները տողանցեցին մեր թերթի գրեթէ բոլոր էջերուն վրայէն: Արդարացի չենք գտներ անշուշտ օրաթերթային հեւքոտ աշխատանքէն բխած գործնական դժուարութիւններու հետեւանքով պարզուող այս երեւոյթը: Լեզուն, մանաւանդ մամուլի լեզուն, մանաւանդ դասական-տպագիր մամուլի լեզուն անաղարտութիւն պահպանելու հիմնական առաքելութիւնը ունի: Մանաւանդ որ այսօր ելեկտրոնային դաշտը այս ուղղութեամբ հեռու է նախանձախնդրութիւն ցուցաբերելէ:

Մարդուժի սակաւութեան հետ կապուած հիմնական այլ երեւոյթ մը նկատի ունեցած պիտի ըլլան մանաւանդ լրագրական փորձառութիւն ամբարած ընթերցող լսարանի որոշ խաւեր, որոնք ի սպառ փնտռեցին «Ազդակ»-ի էջերուն  յատուկ ռըփորթաժային նիւթեր, տրուող նիւթերուն ընկերակցող խմբագրական մեկնաբանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ, խմբագրական միջամտութիւններ:

Մեր լրատուական էջերէն երբեմն բացակայեցաւ օրուան կարեւոր իրադարձութեան մասին տրուելիք լուրը, անիկա ըլլայ միջազգային թէ ընդհանրապէս հայկական իմաստով: Օտարաբանական, լեզուամտածողական կամ ընդհանրապէս լրատուութիւններու համար ընտրուած խորագրային սխալները, պարագայաբար զգայացնցեցին ընթերցողը:

Մեր խմբագրականներն ու ակնարկները քննադատուեցան հիմնականին  մէջ բարդ եւ քաղաքագիտական, հետեւաբար ոչ մատչելի բառապաշար օգտագործելու եւ երբեմն ոչ ընկալելի ոճաբանական մօտեցումներուն համար: Այնտեղ համեմատաբար բացակայ էին լիբանանեան եւ գաղութային երեւոյթներու մասին մեկնաբանութիւններն ու վերլուծութիւնները, ինչ որ հաւանաբար առաւել չէր բերեր թերթի համահայկական դիմագիծին առընթեր նաեւ լիբանանեան նկարագրին:

Խմբագրութիւնը յաճախ առաջարկի ձեւով, սակայն բացթողում ընդգծող ենթաթեքսթով ստացաւ գրութիւններ` մարզական իր բաժնին ուղղուած, երբեմն մարզական կարեւոր լուրեր չտալու, երբեմն անկարեւոր լուրեր ներկայացնելու եւ երբեմն ալ տարողունակ մարզական իրադարձութեան մը անհամաչափ արձագանգումներուն համար:

Գրաշարութեան եւ վերստուգման սրբագրութենէն սպրդած սխալները, խմբագրութիւնը բաւարարէն աւելի մղեցին` «Վրիպակ»-ներով դիմելու ընթերցողներու հասկացողութեան: Մինչ տպագրական որակի (տարուան վերջաւորութեան բարելաւուած) թէ ցրուումի հետ կապուած բողոքներ տարուան ընթացքին այս բաժանմունքներուն յարուցած դժուարութիւններուն հետ հաշուի նստելու հարկադրանքին առջեւ դրին վարչական բաժանմունքը:

Ճիշդ պիտի չըլլար ըսելը անշուշտ, որ մատնացոյց եղած այս բացթողումներու սրբագրութեան համար մենք ձեռնածալ եւ կրաւորական ականատեսի դիրքին վրայ մնացինք: Այդպէս չէ: Բայց փաստ է նաեւ, որ մենք հակառակ այդ ճիգին, մատնանշուած թերութիւնները չկրցանք վերացնել:

Այս հարցերը կը մնան մեզի համար քննարկելի, բայց մանաւանդ անոնց լուծումն ու սրբագրութիւնը` առաջադրելի: Դժուար է ենթադրելն ու նախատեսելը, թէ այս հարցերը կարելի պիտի ըլլայ լուծել: Թէ` ճիգ ու աշխատանք պէտք է կեդրոնացնել այս հարցերու լուծման համար, այդքանը կարելի է հաստատ արձանագրել:

Ճշմարիտեան. «Մենաշնորհները Չեն Սպառնար Հայաստանի Տնտեսութեան»
Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան  նախարար Կարէն Ճշմարիտեան լրագրողներուն հետ երէկ զրուցելով յայտարարած է, թէ մենաշնորհները չեն սպառնար Հայաստանի տնտեսութեան:

«Այսօր աշխարհի երկրորդ տնտեսութեան, աշխարհի վեցերորդ տնտեսութեան մէջ կան մենաշնորհներ` պետական մենաշնորհներ, սեփական մենաշնորհներ», նշած է նախարարը:

Վերջին տարիներուն Համաշխարհային դրամատան, Միջազգային դրամատան ֆոնտի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու մասնագէտները բազմիցս արձանագրած են, որ տնտեսութեան մէջ մենաշնորհներու գոյութիւնը կը խոչընդոտէ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը:

Նոյն կարծիքը երէկ «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է տնտեսական մեկնաբան Հայկ Գէորգեան` աւելցնելով. «Ես կ՛ողջունեմ նախարարին այդ կարծիքը եւ կը կարծեմ, որ նախարարը կրնայ դասախօսութիւններ կարդալ համաշխարհային տնտեսութեան բարգաւաճման վերաբերեալ եւ անոր, օրինակ, արեւմտեան ունկնդիրները շատ կը զարմանան եւ կ’ուրախանան այդ պնդումներուն գծով»:

Երբ նախարարին հետ զրոյցին ընթացքին շարք մը ապրանքներու ներածման մենաշնորհներու  օրինակներ նշուած են, նախարարը իր խօսքին մէջ հետեւեալ ճշդումը կատարած է. «Ես չեմ ըսեր, որ մենաշնորհը լաւ բան է ընդհանրապէս: Խնդիրը այդ մենաշնորհի չարաշահումը արգիլելու մէջ է»:

Մինչդեռ, ըստ Հայկ Գէորգեանի, մենաշնորհ եւ  չարաշահում հասկացողութիւնները Հայաստանի մէջ  շատոնց  նոյնացած են. «Այդ երեւոյթին հետ մենք գործ ունինք շաքարաւազի պարագային, երբ Սամուէլ Ալեքսանեանի ներածած շաքարաւազի, այսպէս կոչուած, հումքը ընդհանրապէս չի մաքսազերծուիր, իսկ այլ ներածողները, որոնք սեփական արտադրութեան համար փոքր ծաւալներով կը բերեն, մաքսային գրասենեակը ատիկա կը հաշուէ 942 տոլար եւ ըստ այնմ տուրք կը ճշդէ»:

Ռուստամեան. «Ասիկա Մեր Ոճը Չէ, Ասիկա Անընդունելի Ոճ Է»
Վերջին օրերուն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ներկայացնող քանի մը  պատգամաւորներ, կարգ մը լրատուամիջոցներով, թիրախ դարձուցած են դաշնակցական գործիչ Արծուիկ Մինասեանը: Խնդիրը հասած է անձնական վիրաւորանքներու:

«Երկիր»-ը  Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանէն խնդրած է մեկնաբանել, թէ ի՞նչ կը կատարուի: Ռուստամեան ըսած է. «Մեզի համար, անհասկնալի, անընդունելի, տգեղ երեւոյթ է: Յատկապէս երբ ատով զբաղած են անդամները կուսակցութեան մը, որուն հետ մենք ունեցած ենք փոխադարձ յարգանքի, վստահութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւն: Կը կարծեմ, որ տակաւին պիտի ունենանք: Արծուիկ Մինասեան հերթական հարցազրոյցին մէջ ըրած է դիտարկումներ եւ գնահատականներ, որոնք մեր դիրքորոշումներն են` բազմիցս արտայայտուած:   Թէ ինչո՞ւ այդ տեսակէտները իրենց վրայ առած եւ անձնական վիրաւորանքներով յարձակման անցած են, առնուազն զարմանալի է: Մանաւանդ ակնյայտ է յարձակման համակարգուած բնոյթը: Ի՞նչ է` մեր երկրին մէջ ուժեր եւ անհատներ կան, որոնց անսխալակա՞ն են, որոնց կարելի չէ՞ նոյնիսկ անուղղակի քննադատել: Այդպէս մտածողները հիմնովին կը սխալին: Մեզի համար բանավէճի այդ ցած մակարդակը անընդունելի է: Բայց ամէն բան սահման ունի: Յիշեցնեմ` Արծուիկ Մինասեան մեր խմբակցութեան, մեր Գերագոյն մարմինի անդամ է եւ կ՛արտայայտէ Դաշնակցութեան տեսակէտները: Արծուիկ Մինասեանը վիրաւորողները անպատասխան չեն մնար: Այդուհանդերձ մենք մեր ընկերոջ  յորդորած ենք այլեւս չարձագանգել, չպատասխանել ցեխարձակումներուն: Ասիկա մեր ոճը չէ: Մենք նաեւ կ՛ակնկալենք, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան մէջ կ՛անդրադառնան իրենց պատգամաւորներուն վարուելակերպին եւ եզրակացութիւններ կ՛ընեն: Մանաւանդ հարցը տաքցնողներ, կացութենէն օգտուիլ  ցանկացողներ միշտ կը գտնուին: Մենք համբերութեամբ պիտի սպասենք Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան արձագանգին»:

Մասնակցութեամբ Համազգայինի Սենեկային Նուագախումբին Եւ Ազգային Առաջնորդարանի «Աւետաբեր» Երգչախումբին. Ամանորի Եւ Սուրբ Ծննդեան Համերգ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթն ու Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը ներկայացուցին իւրայատուկ համերգ մը` Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան առիթով:

Երէկ` ուրբաթ, 26 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած համերգին բացումը կատարեց եւ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ խնամակալութեան անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին, որ ընդառաջելով իրենց առաջարկին համերգը իրականութիւն դարձուցած է: Ան դիտել տուաւ, որ աննախընթաց նախաձեռնութիւն եղող այս միացեալ համերգը մեզ կը կամրջէ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն` հոգեպէս լիցքաւորուելու եւ ցնծութեամբ դիմաւորելու Նոր տարին:

«Մեր ուրախութեան մէջ իսկ քաջ գիտենք, որ 2015-ը մեր ժողովուրդին համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող տարի է, որուն համար աշխարհի համայն հայութիւնը արժանավայել կեցուածքով պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` մեր արդար դատի պահանջատիրութեամբ», հաստատեց Կ. Գապասագալեան:

Ապա Համազգայինի սենեկային համոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Աշոտ Ճենտերեճեանի, Վարդանանց եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ հնչեցուց դասական բարձրորակ ստեղծագործութիւններ` Հենտըլէն, Վիվալտիէն, Քասինիէն, Գրիգոր Նարեկացիէն, Կոմիտասէն եւ Քորելիէն:

Մենակատարութեամբ հանդէս եկան Նարէ Աշգարեան, Աշոտ Ճենտերեճեան, Հրակ Տեմիրճեան, Նարօտ Սուրճեան, Արմէն եւ Աշոտ Ճենտերեճեաններ, Մարինէ Հալլաճեան: Ազդեցիկ ու խորհրդաւոր էին բոլորին կատարումները, որոնց արձագանգը հիանալի կերպով կը հնչէր եկեղեցւոյ գմբէթին ներքեւ:

Սենեկային համոյթին ընկերակցութեամբ զոյգ երգեր` «Ավէ Մարիա»-ն եւ «Երեւան, աննման»-ը տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեց մենակատար Շողիկ Թորոսեան:

Անկէ ետք «Աւետաբեր» երգչախումբը արուեստասէրներուն ներկայացուց «Ծագումն հրաշալի»-ն (Մովսէս Խորենացի, մշակում` Երուանդ Երկանեան), Մարիամ Աստուածամօր նուիրուած արաբերէն երգ մը, «Գիշերն իջաւ»-ը (խօսք` Վարուժան արք. Հերկելեանի, մշակում` Երուանդ Երկանեանի), «Լուռ գիշերը» եւ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը` Խորէն Մէյխանեճեանի մշակումով:

Աւարտին իր սրտի եւ օրհնութեան խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ ողջունեց եւ բարձր գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը, որ հոգեկան խաղաղութիւն ու բաւարարութիւն առթող իւրայատուկ առիթ մըն է: Ան դիտել տուաւ, որ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթն ու Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը բարձր արուեստի ճամբով կրցան դիւրութեամբ թափանցել ներկաներուն հոգիներուն մէջ` զանոնք լիացնելով, խաղաղութիւն պարգեւելով, յատկապէս խառնակ ու բարդ պայմաններով լեցուն այս օրերուն: Ան յոյս յայտնեց, որ տօնական օրերը բոլորին համար ըլլան լոյսի, յոյսի եւ դրականութեան առիթներ, որովհետեւ կ՛ապրինք բաւական ծանր օրեր, եւ բոլորս կարիք ունինք դրական շողերու, ինչպէս որ էր այս համերգը: Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց եւ գնահատեց բոլոր ելոյթ ունեցողներն ու այդ երեկոյի իրականացման սատարողները:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սուրիահայութեան Կեդրոնական Մարմինի Խորհրդակցական Նիստ
«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2014-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ժողովասրահին մէջ գումարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սուրիահայութեան կեդրոնական մարմինի խորհրդակցական նիստը` մասնակցութեամբ սուրիահայ երեք համայնքապետներուն, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Նիստի ընթացքին ընթերցուեցաւ եւ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրին նախագիծը, որ նախատեսուած է յայտարարել յունուար 2015-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի հինգերորդ նիստին:

Քննարկումը պիտի շարունակուի Կեդրոնական մարմինի յառաջիկայ նիստին ընթացքին:

Նաւասարդեան. «Եւրոպական Միութեան Նոր Համաձայնագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Թեքնիք Բնոյթ Կը Կրեն»
Ըստ Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանի, Եւրոպական Միութեան նոր համաձայնագիրին շուրջ ընթացք առնող  բանակցութիւնները թեքնիք բնոյթ կը կրեն:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին մէջ Նաւասարդեան, որ մինչեւ վերջերս Եւրոպական Միութեան  Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական ծրագիրի ազգային համակարգողն էր, ըսած է.

«Նախ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կար որոշ առեւտրական դրութիւն, եւ  ատիկա պէտք է վերաբանակցուի, որովհետեւ  Հայաստան այժմ դարձած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, եւ  համապատասխանաբար որոշ հարցեր պէտք է ճշդուին, համատեղուին: Երկրորդ հանգամանքը` ամէն պարագայի, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Հայաստանին որոշ աջակցութիւն ցուցաբերել` նաեւ դրամական: Մենք գիտենք պիւտճէին աջակցութեան ձեւով տրամադրուած մօտակայ  չորս տարիներուն համար 140 -170 միլիոն եւրոյի մասին, որոնց տակ որոշ ծրագիրներ կան, եւ այդ ծրագիրներուն բովանդակութիւնը, ուղղուածութիւնը պէտք է գործնականացուի, եւ ատոր համար նոյնպէս անհրաժեշտ են բանակցութիւններ»:

Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան  յայտարարած էր, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով  Հայաստան պատրաստակամ է առաջ մղելու Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութիւնը:

Թէ որքա՛ն խոր կ՛ըլլայ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան հետագայ համագործակցութիւնն ու ինչպիսի՛ որակ կը ստանան այդ յարաբերութիւնները, ըստ Նաւասարդեանի, կանուխ է ըսել:

«Ինծի կը թուի, թէ գործը առայժմ այդտեղ չէ հասած, եւ որքան ալ մենք յոյս ունէինք, որ մինչեւ  Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի վեհաժողովը որոշ համաձայնագիր, գոնէ տեսական, կը ձեւաւորուի, ցաւօք ատիկա տեղի չ՛ունենար», ըսած է Նաւասարդեան:

Սահմանամերձ Գիւղերու Եւ Սուրիահայ Երեխաները Հիւրընկալուեցան Նախագահի Նստավայրին Մէջ
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ երէկ հիւրընկալուած են սահմանամերձ շարք մը գիւղերու` Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Վահան, Վայոց Ձորի մարզի Խնձորուտ, Բարձրունի, Խաչիկ, Սերս, Արարատի մարզի Երասխ, Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան, Բերդաւան, Տովեղ, Բաղանիս գիւղերու եւ Հայաստան ապաստանած սուրիահայ երեխաները:

Ըստ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ծառայութեան, երեխաներուն  համար կազմակերպուած է նաեւ մշակութային ծրագիր. այցելութիւն Հայաստանի պատմութեան եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարաններ:

«Նախագահին նստավայրին մէջ տօնական ձեռնարկները երեխաներուն համար կը շարունակուին: Այսօր կը հիւրընկալուին զոհուած եւ հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներու, արցախեան ազատամարտին մասնակից վեթերաններու եւ զինուորներու երեխաներն ու թոռնիկները, որոնց շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի, ինչպէս նաեւ սահմանափակ կարողութիւններով երեխաներ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դաւթաշէնի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Համար Կառուցուող Շէնքին Հիմնարկէքը
Երեւանի Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայերու համար կառուցուող  բազմաբնակարան շէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը, որուն մասնակցած են Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Դաւթաշէն վարչական շրջանի ղեկավարը, Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ սուրիահայեր:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, «Օգնէ՛ եղբօրդ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Լիլիթ Գալստեան նշած է, որ հիմնադրամի նախաձեռնութիւններէն ամէնէն ծաւալունը Երեւանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու  համար բնակարան կառուցելու ծրագիր իրականացնելն էր, որ ըստ էութեան, արդէն իսկ կեանքի կը կոչուի:

«Օգնէ՛ եղբօրդ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու  խորհուրդի անդամ Թաթուլ Յարութիւնեանի խօսքով` սուրիահայերը այստեղ բնակարաններ կրնան գնել բուն արժէքէն աւելի նուազ սակերով: Շէնքը արդէն ունի 3 տասնեակէ աւելի շահառու:

Նշենք, որ շէնքին շինարարութիւնը կ՛իրականացնէ «Խարբերդշին» ընկերութիւնը, ճարտարապետն է Ալպեր Աճեմեան: Չորս ամիս առաջ սկսած շինարարութիւնը կը նախատեսուի աւարտին հասցնել 2016-ին: Կառուցուելիք 14 յարկանի շէնքը նախատեսուած է 78 ընտանիքի համար:

Թուրքիոյ Սարըքայա Գաւառի Հայկական Գերեզմանատունը Մնացած Է Թուրքերու Խնամքին
Թուրքիոյ Սարըքայա գաւառի Պուրունքըշլա գիւղի հայկական գերեզմանատան խնամքը հայ բնակչութեան բացակայութեան պատճառով մնացած է թուրք գիւղացիներուն: Այս մասին կը գրէ թրքական «Ռատիքալ»-ը: Պուրունքըշլայի գիւղապետ Նեճաթի Եալչըն հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ իր պապերը այդ գիւղը եկած են 1924-ին Թեսաղոնիկէէն` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ  տեղի ունեցած բնակչութեան փոխանակման ընթացքին: Վերջինս նշած է, որ այդ ժամանակ գիւղին մէջ տակաւին հայեր կ՛ապրէին, եւ իր պապն ու հայրը դրացի եղած են անոնց:

Հայերը գիւղէն հեռացած են 1966-ին` գաղթի ժամանակ: Ըստ գիւղապետին, ատկէ ետք  ամէն տարի 60-70 հոգինոց խումբով հայեր եկած  են գիւղ` այցելելով նաեւ իրենց հարազատներուն  շիրիմները: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ մինչեւ  հիմա ալ որոշ հայեր գիւղ կու գան-կ՛երթան:

Տիլվար Աքքան անունով 75-ամեայ ծերունի մըն ալ, որ կամաւոր կը մասնակցի գերեզմանատան մաքրութեան աշխատանքներուն, պատմած է իր հայ ընկերներուն մասին, որոնց հետ ան դպրոց յաճախած է, ծառայած է բանակին մէջ եւ ընկերութիւն ըրած:

Բովանդակութիւն
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

-Ընդամէնը ունինք 4 ամիս

ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՅ ԴԱՏ

– Տնտեսութիւն, արցախեան հարց, հայ-թուրքական յարաբերութիւն

Թաթուլ Յակոբեան

-«Նեմեսիս» գործողութիւնը եւ հայ վրիժառուների առաքելութիւնը արաբական արդի պատմագիտութեան գնահատմամբ

Փրոֆ. Նիկոլայ Յովհաննիսեան

-Հարիւրամեակը դիմադրողականութեան, արմատներուն վերադառնալու եւ անտեղիտալի պայքարի հանգրուանն է

Յակոբ Բագրատունի

-Միջին Արեւելքէն Եւրասիա սփիւռքեան տեղաշարժերը

21-րդ դարուն

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

-Ուր ապրել էին կամ «Ասատուրի եւ Դաւիթի» տարի

Յ. Պալեան

-Հարիւրամեակը որ պիտի գայ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան

-Հայ դպրոցի տագնապ

Վիգէն Աւագեան

-Դանիական դասեր

Վրէժ Արմէն

-Նոր տարուան հոգսերը մոռացութեան են մատնում հին տարիների յիշողութիւնները

Դոկտ. Մարի-Ռոզ Ապուսէֆեան

-«Այս երկրում ինչպէ՞ս էք ապրում, ինչպէ՞ս էք սա յաջողեցնում»

Ստեփան Թոփճեան

-Քեսապ 2014-ին. գրաւում եւ ազատագրում

Ասպետ Մանճիկեան

-Արամ Մանուկեան` հայ ազգի գիտակցութեան մէջ անկախութեան գաղափարը եւ

արժէքը ամրացնող կերպարը

Միհրան Քիւրտօղլեան

-Ազգային գաղափարախօսութիւնը իբրեւ հիմք` պահանջատիրութեան եւ հայրենատիրութեան

Ժագ Յ.Յակոբեան

-Հայոց ցեղասպանութեան մասին Վատիկանի գաղտնի արխիւներու տուեալներու յայտնաբերում` գերմանացի պատմաբանին կողմէ

Սարգիս Նաճարեան

-Հողը նրանն է, ով այնտեղ ապրում է

Յասմիկ Գուլակեան

-Թրքական ազգայնականութեան մանիֆեսթոն  «քաղաքական երեք համակարգեր» յօդուածի

110-ամեակ

Հրաչ Պարսումեան

100-ԱՄԵԱԿԻ ԽՈՀԵՐ

-«Դուն չես գիտեր թէ ան ինչե՜ր քաշած է…»

Ս. Մահսերեճեան

-Մենք ճիշդ ենք

Վաչէ Բրուտեան

-Ինչու Հայաստան

Մարգար Շարապխանեան

-Յուշամատեան. Սիս. եկեղեցիներ եւ սրբավայրեր

Վահէ Թաշճեան

Եոզկատի հայութեան տեղահանութեան եւ կոտորածների դատավարութիւնը`

ըստ  օսմանեան «Մեմլեքեթ» օրաթերթին (1919)

Մելինէ Անումեան

-Սասունից սփիւռք. Տեմիրճիների գաղթը

Սեւան Տէյիրմենճեան

-Անէացումէ փրկենք մեր հոգեւոր, ազգային եւ

մշակութային գանձերը

Հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան

-Ցեղասպանութեան պատճառաբանութիւններէն

մէկը եւս հերքող ապացոյց

Սօսէ Փիլաւճեան

-«ՏԱՀՔ»-ի գաղափարականը համահայկականութիւնն է

Մեթր Գ. Տէրտէրեան

-«Օրօր»-ը, որ չմահացաւ

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

-Հոգեխոցը եւ հալածախտը Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական-քաղաքացիական հոգեբանութեան մէջ

Սալբի Գասպարեան

-Մուսա լեռ

Պօղոս Արմենակ Լագիսեան

-Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին երթը

կը շարունակուի

Յարութիւն Իսկահատեան

ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ

-Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ այլ ոգեկոչումներու տարին

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

-Արաբական աշխարհի զարգացումներուն ազդեցութիւնըհայկական հարցերու վրայ

Վահրամ Էմմիեան

-Մանուկներու իրաւունքները զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին

Գէորգ Յակոբճեան

ԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԻՆ

-Լիբանանահայ կեանք

Շահանդուխտ

ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆ

Տօնիկ Տօնապետեան

ԱԶԴԱԿԻ ՏԱՐԻՆ

-«Ազդակ»-ը 2014-ին. արագընթաց արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելու առաջադրանքով

Ն. Բարսեղեան

-«Ազդակ արաբերէն»-ը` արաբական աշխարհին մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերու աղբիւր

Դոկտ. Նորա Արիսեան

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՏԱՐԻՆ

-Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան փորձերը

կը ձախողին, իսկ խորհրդարանը կ՛երկարաձգէ

իր պաշտօնավարութիւնը

Արշօ Պալեան

ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ

-Սուրիահայ օգնութեան խաչը  95-տարի ծառայութեան անսպառ աղբիւր

Աւօ Գաթրճեան

-Ա. համաշխարհային պատերազմի հետեւանքները`

Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ յունահայ գաղութի

կազմութեան հոլովոյթը

Յովսէփ Պարազեան

ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

-Յաւերժութեան ճանապարհով` անցած յոբելեաններից (Պարոյր Սեւակ 90-ամեակ, Համօ Սահեան 100-ամեակ) գալիք յոբելեաններին ընդառաջ

Երուանդ Տէր ԽաչատրեանԴոկտ. Թամար Յովհաննիսեան

-Դողն արարման կամ ժամանակային հարթութեան վրայ

Թադեւոս Խաչատրեան

-Նամակ 103

Արմէն Յարութիւնեան

-Զգուշ, որ թագը չձգես

Սիրուն Սիսեռեան Հաճէթեան

-Պիտի բուժէ՞ իր աշխարհը կաղանդ պապ

Խաչատուր Աւագ քհնյ. Պօղոսեան

-Բանաստեղծութիւններ

Գրիշ Դաւթեան

-Քնացած տօնածառը

Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան

ԿՆՈՋԱԿԱՆ

-Գաթա,  փանէթթոն, քրիսմըս փուտինկ…

Շուշիկ Մաւիսագալեան

ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ

-«Ափփըլ» կամ «խնձոր»-ի մը գաղտնիքները

-Ժամանց

Շողիկ Տէր Ղուկասեան

ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՏԱՐԻՆ

2014-ը արդիւնաւէտ տարի մը եղաւ ՀՄԸՄ-ին համար

Վարդիվառ Գասապեան

ՀԱՊԿ-ի Նիստին Սարգսեան Անընդունելի Նկատած Է Ղարաբաղի Հակամարտութեան Շիկացումը
Աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` 23 դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ  մասնակցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին:

Բանակցութիւնները նախ կայացած են նեղ կազմով` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Խըրխզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահներու եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ: ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները ապա բանակցութիւնները շարունակած են պատուիրակութիւններու անդամներու մասնակցութեամբ կայացած ընդարձակ կազմով նիստին:

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրուած են փաստաթուղթեր, որոնց շարքին` ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու  յայտարարութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ծառայութենէն «Արմենփրես»-ին  տեղեկացուցած են, որ խորհուրդի նստաշրջանին արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հրաւէրին եւ հիւրընկալ Մոսկուայի մէջ աւանդական ջերմ ընդունելութեան համար, ապա նաեւ` ռուսական գործընկերներուն, 2014 թուականին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ գործօն նախագահութեան եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան զարգացման իմաստով էական ներդրման համար:

Սերժ Սարգսեան նշած է, որ նստաշրջաններուն միջեւ եղող ժամանակահատուածին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ  կարեւոր աշխատանք կատարուած է քաղաքական գործակցութեան հետագայ զարգացման եւ կատարելագործման ապահովման, ռազմական եւ ռազմաճարտարագիտական  գործակցութեան խորացման, ներկայի մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները դիմագրաւելու ուղղութեամբ: Այս գծով նախագահը ընդգծած է յատկապէս ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատանքը եւ երախտագիտութիւն յայտնած անոր, իսկ հետագայ գործունէութեան համար յաջողութիւններ մաղթած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին:

Սերժ Սարգսեան իր խօսքին մէջ պաշտօնակիցներուն  տեղեկացուցած է Հարաւային Կովկասի շրջանի իրավիճակին, մասնաւորապէս, այս տարուան ընթացքին հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին եւ առաջին գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն մասին` ընդգծելով, որ Հայաստան ամբողջովին  անընդունելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող լարուածութեան շիկացումը եւ մեր շրջանի ռազմականացումը:

«Այսօր մեր կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերը ուղղուած են ծագող մարտահրաւէրներուն եւ գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներուն հաւաքական եւ համակարգուած արձագանգելուն: Վստահ եմ, որ ատոնք կը ծառայեն ՀԱՊԿ-ի  բարգաւաճման շահերուն` ի նպաստ մեր երկիրներու եւ ժողովուրդներու բարօրութեան` հաւաքական հիմքերով երաշխաւորուած անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պայմաններուն մէջ: Մեկնելով այն հանգամանքէն, որ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման մեքանիզմի հետագայ ամրապնդման հարցերով որոշումներու տուչութիւնը կը նպաստէ նաեւ մեր կազմակերպութեան հեղինակութեան բարձրացման, կը կարծեմ, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու  ռազմական համագործակցութեան յաջորդական զարգացման գործին մէջ էապէս քայլ կ՛ըլլայ հաւաքական օդուժի ստեղծումը: Նաեւ կ՛ուզէի շեշտը դնել մեր պետութիւններու  ռազմաճարտարագիտական  գործակցութեան բարձրացման նպատակով ձեռնարկուող միջոցներու կարեւորութեան վրայ:

Վստահ եմ, որ տեղեկատուական անվտանգութեան գծով փաստաթուղթերու ծրարը կը ծառայէ այս մարզին մէջ մեր պետութիւններու համապատասխան կառոյցներու միջեւ  գործակցութեան էական բարձրացման:

2015 թուականի 1 յունուարէն Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան նախագահութիւնը կը ստանձնէ  Տաճիկիստանի Հանրապետութիւնը: Կ՛ուզեմ շնորհաւորել Տաճիկիստանի Հանրապետութեան նախագահ Էմոմալի Շարիփովի Ռահմոնը, եւ յաջողութիւն մաղթել», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` ընդգծելով, որ ՀԱՊԿ-ի գծով համագործակցութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւններէն մէկը, եւ Հայաստան  պատրաստ է աշխուժ կերպով համագործակցելու  գործընկերներուն  հետ` ի շահ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի դրոյթներու ապահովման: Նախագահը յոյս յայտնած է, որ ատիկա ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու  ընդհանուր դիրքորոշումը ըլլայ: