Ակնարկ Archives - Aztag Daily

ԼԱՒՐՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ ԿԱՄ ԵԹԷ ԼԱՒ ՆԱՅԻՆՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հաշուոյն կը տեղաւորուի վարչապետ Էրտողանի Մոսկուա կատարելիք այցելութեան նախորդող անմիջական ժամանակահատուածին մէջ: Ռուս արտաքին գործոց նախարարը, ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, թրքական ժողովրդավարութիւնը իբրեւ նմուշ-օրինակ (մոտել) կ՛ընդգծէ` հաստատելու համար իսլամութեան եւ ժողովրդավարութեան համատեղելիութիւնը:

Աղբիւրի մատնանշումը ի հարկէ նշանակութիւն ունի այս պարագային: Լուրը հրապարակողը թրքական լրատուամիջոց մըն է եւ շատ են պատճառները խնդրոյ առարկայ դարձնելու լրատուութեան հաւաստիութիւնը: Ռուսական կայքէջերու փոխանցած լրատուութիւններուն մէջ այս մասին նիւթ որոնելու մեր աշխատանքները արդիւնք չտուին: Աւելի ուշ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը արտագրած էր ռուսական պատկերասփիւռի կայանին հարցազրոյցը նախարար Լաւրովի հետ:

Թրքական «Ճիհան»ին եւ ռուսական պաշտօնական լրատուութեան նշած լրատուութիւներուն մէջ կայ տարբերութիւն: Աւելի մասնակի բացատրութեամբ, ռուսական տեղեկատուութեան մէջ ռուս թիւ 1 դիւանագէտը տուած է նաեւ Իրանի օրինակը, ինչ որ կը բացակայի «Ճիհան»ի հաղորդածին մէջ: Այնտեղ կը խօսուի բացառապէս թրքական օրինակին մասին  իբրեւ իսլամական երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութիւն կիրարկող նմուշ պետութիւն:

Թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ վերաբերող մէկ տողնոց յայտարարութիւնը բնագրի պարունակէն դուրս բերուած եւ լուսարձակի տակ առնուած է թրքական լրատուամիջոցին կողմէ, պարզ է: Լաւրովի արծարծած նիւթը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ծայր առած ժողովրդային ըմբոստութիւններն են:  Երեւոյթը դրական գնահատելով, Լաւրով, անշուշտ միշտ ըստ «Ճիհան»ի, տեղւոյն իշխանութիւններու վարչաձեւի փոփոխութիւնները կը պատկերացնէ կատարել ժողովրդավարական կարգերու հիմամբ եւ ոչ թէ իսլամական օրէնքի: Ահա այստեղ է, որ կը մէջբերուի թրքական օրինակը` իբրեւ իսլամական կրօնն ու ժողովրդավարութիւնը ճիշդ ձեւով համատեղելի դարձուցած երկիր:

Այստեղ թրքական օրինակին անճշդութիւնը փաստելու հարցը առաջնային չէ այնքան, որքան յայտարարութեան շարժառիթը քննարկելը:

«Ճիհան»ի նպատակը միայն ռուսական շրջաններէն թրքանպաստ հովերու տեսանելիութիւնը ցոյց տալը չէ. միաժամանակ գերտէրութեան մը կողմէ ժողովրդավարութեան օրինակ հանդիսացած ըլլալու փաստը միջազգային ընտանիքին ու հանրութեան ներկայացնելն է: Նման քարոզչաքաղաքական ուղեգիծ պաշտօնական Անգարայէն հրահանգուած է կիրարկել միջին արեւելեան շրջանի բոլոր երկիրներուն մէջ տեղւոյն թրքական դեսպանատուներուն կողմէ: Թուրքիոյ փորձած նոր դիմագիծի տարածումը անհրաժեշտ է սուր կերպով` Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար:

Հետեւեալն է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցին Թուրքիոյ վերաբերող բաժինը. «… Փորձը ցոյց կու տայ, որ իսլամն ու ժողովրդավարութիւնը միանգամայն համատեղելի են: Նայեցէ՛ք Թուրքիոյ: Թէկուզ  Իրանին, ուր ի դէպ, շատ վերապահումներով հանդերձ, ժողովրդավարական գործընթացները, այնուամենայնիւ կը զարգանան»: Այսքանը բաւած է, որ թրքական լրատուամիջոցը խանդավառութեամբ շրջանառութեան մէջ դնէ տեղեկատուութիւնը:Հասկնալիօրէն:

Վերադառնանք յայտարարութեան վերաբերող ժամանակահատուածին` վերահամոզուելու համար, որ վարչապետ Էրտողանի Մոսկուա այցելութեան նախօրեակը լուսարձակ կը խլէ բնական կարգով: Մտածելու համար, որ եթէ իրադրութիւնը այնպէս ըլլար, որ Իրանի նախագահն էր որ այս օրերուն կը սպասուէր Մոսկուա, նոյն հարցին մասին խօսելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի ըսէր «նայեցէ՛ք Իրանին», թերեւս ալ առանց շարունակելու` «Թէկուզ Թուրքիոյ, ուր….»: Որովհետեւ ի վերջոյ յայտարարողն ալ գիտէ, որ եթէ լաւ նայինք Թուրքիոյ, այնտեղ պիտի նկատենք 301 թիւը, դատուող լրագրողներ, սպաննուող խմբագիրներ, արգիլուած կրօնական արարողութիւններ, բանտարկուող այլախոհներ եւ շատ ու շատ երեւոյթներ: Այո՛,եթէ նայինք Թուրքիոյ:

Այս հարցէն անկախ, թէ` ինչո՛ւ Մոսկուան եւ Անգարան մեծ շուքով եւ տարողութեամբ կը նշեն Մոսկուայի պայմանագիրին 90-ամեակը, մեկնաբանելի տարբեր խնդիր է:

«Ա.»

ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կը թուի աշխուժացած ըլլալ: Երկու օր առաջ ան Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն արձագանգած էր լիբանանեան մամուլը նկատառելիօրէն: Այսօր ֆրանսական համալսարանին մէջ ան կը դասախօսէ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին: Նախադրեալները մտածել կու տան, որ Լիբանանի մէջ թրքական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէպի հասարակութիւն ուղղուող քարոզչաքաղաքական բնոյթի գործողութիւններու շարքի մը ականատես պիտի ըլլանք:

Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատունը ցարդ երեւութապէս կրաւորական դիրքորոշում ունի հայկական հարցերուն արձագանգելու նկատմամբ: Այս մէկը յատուկ քաղաքականութիւն է, որ իրերայաջորդ դեսպաններու կողմէ կը կիրարկուի, յայտնապէս թելադրուած պաշտօնական Անգարայէն: Ամէն տեղ չէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն մօտեցումը ունի: Երկիրներ կան, ուր ոչ միայն հակազդողի դերին մէջ է թրքական դիւանագիտութիւնը, այլ նաեւ ցուցական գործունէութեամբ կը բողոքէ հայկական պահանջատիրութեան դէմ:

Հայկական հարցերու առումով Լիբանանը շատ հասկնալիօրէն յայտնուած է թրքական պետութեան ուշադրութեան կիզակէտին: Չմոռնանք. Լիբանանը միակ արաբական երկիրն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը. եւ ոչ միայն ճանչցած, այլ նաեւ` դատապարտած եւ միջազգային ճանաչում պահանջած: Ճանչցող պետութիւններուն խստագոյն բանաձեւն է անիկա` հանդէպ Թուրքիոյ: Լիբանանը կը դիտարկուի նաեւ ա՛յն միջավայրը, որ հայկական պահանջատիրութեան զանազան աշխատանքներուն համար պատրաստած է համապատասխան մարդուժ:

Այս առումներով Լիբանանի նկատմամբ, աւելի ճիշդը լիբանանահայութեան նկատմամբ որդեգրուած է լուռ դիւանագիտութիւնը: Անձայն, այսուհանդերձ վստահաբար մօտէն հետեւելու եւ անուղղակի միջոցներու օգտագործումով հակազդելու մարտավարութիւնը: Վարչապետ Էրտողանի լիբանանահայկական «դիմաւորում»ը անարձագանգ մնաց տեղւոյն թրքական դեսպանատան կողմէ: Նոյն դեսպանատունը անպատասխան ձգեց իր երկրին ու պետութեան ուղղուած քաղաքական մեղադրանքներն ու ցեղասպանական պետութեան ժառանգորդը նկատուելու յայտարարութիւնները: Ասիկա օրինաչափ երեւոյթ չէ որեւէ պետութեան հաշուոյն, որուն նկատմամբ նման յայտարարութիւններ կը կատարուին:

Փոխարէնը, թուրք դիւանագէտը փորձ կը կատարէ  այս պարագային լիբանանեան հասարակութենէն բարի վարուց վկայագիր ստանալու: Ի տես լիբանանեան հասարակութեան մօտ հակահամայնքային տրամադրութիւններու ալիքի բարձրացման եւ վարչակառավարման դրութեան ապահամայնքայնացման պահանջներու նոր տարողութեան, պաշտօնական Անգարայի Լիբանանի ներկայացուցիչը Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին դաս կու տայ լիբանանցիներուն եւ կը խօսի ժողովրդավարութեան թրքական տարբերակէն օգտուելու մասին: Ուրեմն, ի պահանջեալ հարկին իսլամական դիմագիծի օգտագործում` արաբական երկիրներու մէջ ենթահող գրաւելու նպատակով, այլ տեղ աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշի ցուցադրութիւն` համակրանքի դաշտ ձեւաւորելու համար: Երկակի կամ աւելի ճիշդը բազմակի չափորոշիչներու որդեգրումով կիրարկուող թրքական այս խաղը, կը թուի որ հեզասահ կ՛ընթանայ լիբանանեան հասարակական մարզադաշտին վրայ:

Վերադառնանք հայկական հարցերու նկատմամբ թրքական դեսպանատան որդեգրած լուռ դիւանագիտութեան եւ փոխարէնը զուտ լիբանանեան հարցերուն նկատմամբ յարձակողապաշտ դիւանագիտութեան արձանագրած երեւոյթներուն` մէկ դիտարկում աւելցնելով: «Պիել» համալիրին մէջ դաշնակցական ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան բողոքի գործողութեան դիմաց խախտուեցաւ թրքական դեսպանատան կրաւորականութիւնը: Հայ երիտասարդներուն նկատմամբ ֆիզիքական բռնամիջոց գործածողները թրքական դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցներ էին, որոնք շեղում կատարեցին որդեգրուած վարքագիծէն…

Կիպրոս ներխուժած եւ Հայաստանը շրջափակած Թուրքիան խաղաղապահի դեր ստանձնած է Լիբանանի մէջ: 301 յօդուած ամրագրած երկիրը ժողովրդավարութեան մասին դասախօսութիւն կու տայ, իսկ իսլամական վարչակարգի ներկայացուցիչը աշխարհիկ կարգերու թրքական նմուշին հետեւելու պատգամ կը փոխանցէ լիբանանցիներուն: Աւելի բացատրողական ձեւ չկայ քաղաքական հակասութիւններու իրավիճակը բնութագրելու:

«Ա.»