Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Archives - Aztag Daily

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած բազմամարդ ձեռնարկը

Հինգշաբթի օր հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Վարդանանց տօնը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Առաւօտեան, Մայր տաճարին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Կորիւն արք. Պապեան` հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Պատարագին ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ այլ պատասխանատու անձեր:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը նախ ընդհանուր պատմական ակնարկ մը կատարեց Վարդանանց պատերազմը կանխող շրջանին, Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին վտանգներուն ու Սասանեան կայսրութեան հեռաւոր նպատակներուն: Ապա, պատարագիչ սրբազանը յիշեց հայ ժողովուրդի պատասխանը` Սասանեան կայսրութեան ուղղուած եւ մեկնելով հայ ժողովուրդի ցուցաբերած  հաւաքական կեցուածքէն, ան ըսաւ, թէ Վարդանանց պատերազմին յաղթողը եղաւ հայ ժողովուրդը, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը մնաց կանգուն հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ հայ ժողովուրդը միակամ մնաց արտաքին վտանգին դիմաց:

Պատարագէն ետք, վեհափառին հովանաւորութեամբ վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` մասնակցութեամբ դպրեվանքի սաներուն եւ միաբանութեան: Ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետը ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Վարդանանց նուիրուած երգերու եւ շարականներու երգեցողութեամբ:

Ապա վեհափառը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Եղիշէ պատմիչին բառերը, թէ այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել, ոչ միայն Վարդանանց հերոսամարտի ոգին կը բնորոշեն, այլ նաեւ հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներու հաւատքի ու հայրենիքի համար մղուած հերոսամարտերուն: Այս հաւատքն ու ոգին են, որոնք մեր հայրենիքը պահեցին, մեր ժողովուրդի միասնութիւնը ամրապնդեցին, մեր ազգին յաւերժութիւնը երաշխաւորեցին»: Իր խօսքը շարունակելով վեհափառը ըսաւ. «Նոյն այդ ոգին ու հաւատքը մեր ժողովուրդը մղեցին Սարդարապատ կերտելու Մայիս 28-ով Հայաստանի անկախութիւնը. նոյն այդ ոգին ու հաւատքը մեր ժողովուրդը առաջնորդեցին վերահաստատելու իր ինքնանկախ գոյութիւնը Ղարաբաղի հողին վրայ»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը ըսաւ. «Մեծ իրագործումները հաւատքի ու ոգիի, նուիրումի ու տեսիլքի արդիւնք են: Մեծ իրագործումները Վարդաններով ու Ղեւոնդ Երէցներով ձեռք կը ձգուին. վկայ` մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը: Այսօր մեր ազգը պէտք ունի նոր Վարդաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու, որպէսզի վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով մեր ազգը առաջնորդեն դէպի նոր յաղթանակներ»:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» ու «Մեր հայրենիք» քայլերգներով:

ՓՈԽՇԱՀԱՒԷՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Արցախի Հանրապետութեան վարչապետին Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութիւնը յագեցած ժամանակացոյցով յատկանշուած էր: Գաղութային, գործարար շրջանակներու, յարանուանական, կուսակցական, միութենական, մամլոյ, կրթական ներկայացուցիչներու եւ հաստատութիւններու պատասխանատուներու հետ ճանաչողական բնոյթի հանդիպումներ, ծրագիրներու ներկայացումներ եւ հանդիսութիւններու մասնակցութիւններ կազմեցին վարչապետ Յարութիւնեանի աշխատանքային ժամանակացոյցի գլխաւոր բաժինները:

Քանի մը կարեւոր դիտարկում անպայման պէտք է կատարել ի տես անցնող օրերուն արձանագրուած երեւոյթներուն:

Փոխճանաչողութեան առընթեր կար անշուշտ այցելութեան հիմնական նպատակը` ներկայացնել Արցախի ներդրումային դաշտը եւ ներդրումներ ապահովել լիբանանահայ գործարար ցանցէն: Այստեղ էր, որ լիարժէք գործեց «ԱՐԻ» ընկերութիւն- Արցախի կառավարութիւն արդէն իսկ որոշ ճամբայ կտրած համագործակցութիւնը:

Ենթահողը լաւապէս պատրաստուած էր նախաձեռնող եւ կազմակերպող ընկերութեան կողմէ: Փաստը ցոյց տուաւ նաեւ, որ ո՛չ տնտեսական միջազգային ճգնաժամը, ո՛չ ալ տարածաշրջանի եւ Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական անորոշ իրավիճակը կրնան արգելակել Արցախի զարգացման ծրագիրներուն ի նպաստ լիբանանահայ գործարարին հայրենաշինարարական մասնակցութիւնը:

Կարեւոր էր Արցախի զարգացման համար մշակուած ծրագիրներուն սկիզբի վայրը: Սկիզբը սփիւռքի կեդրոնական գաղութէն էր: Նիստերու վայրը` համասփիւռքեան ազգային եւ հոգեւոր կեդրոն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Կարեւոր այս հանգամանքները կը շեշտեն հայրենիք-սփիւռք կամ աւելի ընդունուած բանաձեւումով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը: Արդարեւ, իբրեւ համասփիւռքեան կեդրոնատեղի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը լաւագոյն միջավայրն էր նման համախմբում իրագործելու: Այս կ՛ենթադրէ անշուշտ, որ նման տարողութեան մը նախանիշը ցոյց տալով նախաձեռնութիւնը պիտի տարածուի սփիւռքեան այլ գաղութներ, այնտեղի գործարար շրջանակները եւս ներառելով իր ծրագիրներուն մէջ: Իսկ այս մէկը օրինաչափ է առաջադրուած եռամիասնութիւնը կայացնելու առումով:

Ընդհանրապէս հայրենիքին  եւ յատկապէս այս պարագային Արցախին զարգացման նպաստելու եւ օժանդակելու ուղղութեամբ ա՛յս նախաձեռնութիւնը նոր մօտեցում կը ցուցաբերէր իր մէջ: Առաջադրուածը նուիրատուութիւն չէր: Մասնակցութիւն էր նախ եւ առաջ Արցախի զարգացման եւ երկրորդ` ներդրումային դաշտի ներկայացումով մասնակցութիւն եւ իբրեւ այդպիսին փոխշահաւէտ համագործակցութեան յստակ առաջարկ էր, համապատասխան շահոյթով: Նման մօտեցում արդէն իսկ կը շեշտէր Արցախի տնտեսական ոլորտին կողմէ ժամանակակից մեթոտաբանութեան որդեգրումը, ինչ որ պարագայական նուիրատուութիւններէ անդին` մասնակցութեան եւ շահութաբեր ներդրումի մասին կը խօսէր:

«ԱՐԻ»- Արցախ համագործակցութեան այս նմուշը անհրաժեշտ է որ ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ: Գործին մասնակցութիւնը, Արցախի զարգացման համար, օժանդակ ըլլալու փաստը այս պարագային միաժամանակ թէ՛ հոգեկան եւ թէ՛ նիւթական բաւարարուածութիւն առթող միջոցառում է. Ինչ որ ողջունելի , քաջալերելի եւ օրինակելի է  միանգամայն:

Չմոռնանք, որ Քաշաթաղի ընտանիքներուն ստանալիք վարկերը լիովին կ՛օժանդակեն այդ ընտանիքներուն դէպի բարեկեցութիւն կարեւոր քայլ առնելու առաջադրանքին: Իսկ բարեկեցութեան ապահովումը հիմնական միջոցն է արտագաղթի հոսքը կասեցնելու կոչուած աշխատանքներուն համար: Ի վերջոյ մեր հայրենիքի ժողովրդագրական պատկերը այսօր թիւ 1 խնդիրն է, որուն կ՛առնչուին քաղաքական եւ տնտեսական այլ խնդիրներ: Ժողովրդագրական պատկերը սերտօրէն ժողովուրդի, երկրին եւ պետութեան անվտանգութեան հետ կապուած առաջնային հարց է:

Հաւաքական գործելաոճով իրականացած լիբանանահայ գործարարներու ներդրումները երաշխաւորուած են Արցախի կառավարութեան կողմէ: Ինչ որ կ՛ընդգծէ Արցախի պետութեան կողմէ հարցին տրուած քաղաքական-ռազմավարական նշանակութիւնը:

Այս առումով ալ վարչապետի աշխատանքային այցելութիւնը եւ այդ այցելութեան ընթացքին տարուած աշխատանքներն ու իրականացուած նպատակները համահայկական տարողութեամբ ռազմավարական խնդիրներուն հետ կապ ունին:

Այս չորս օրուան ընթացքին արձանագրուած երեւոյթները մտածել կու տան, որ ներդրումներէն անդին, հայրենիքի ռազմավարական խնդիրներուն ուղղութեամբ սփիւռքի առած մէկ կարեւոր քայլին մասին է խօսքը: Քայլ, որ պէտք է ընդհանրանայ եւ համահայկականանայ` սփիւռքեան այլ գաղութներ ներառելով սկսած գործին մէջ: