Բժշկագիտական Archives - Aztag Daily

ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԼԱՑՈՂ ԵՐԵԽԱՆԵՐԸ ՀԵՏԱԳԱՅԻՆ ԿՐՆԱՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ԼՈՒՐՋ ՀԱՐՑԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼ
Ապրիլի վերջաւորութեան ամերիկացի ու եւրոպացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ բնականէն աւելի լացող երեխաները շատ աւելի հակամէտ են հետագային վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր ունենալու վտանգին, քան` համեմատաբար նուազ լալկան երեխաները:

Մասնագէտները նշած են, թէ շատ լացող երեխաներուն ծնողները ընդհանրապէս դժուարութիւն ունին զանոնք սնուցանելու ու քնացնելու:

Լալը սովորական երեւոյթ մըն է երեխաներուն մօտ, մասնաւորաբար` անոնց կեանքին առաջին երեք ամսուան ընթացքին, երբ ընդհանրապէս աղիքներու ցաւ կ՛ունենան: Սակայն կարգ մը երեխաներ անհասկնալի պատճառներով բնականէն աւելի կու լան նոյնիսկ երեք ամիսէն ետք:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են տասնեօթը հազար երեխայ: Անոնք հետեւած են նշեալ երեխաներուն առողջական վիճակին, ինչպէս նաեւ` անոնց լացին յաճախականութեան, սնունդին ու քնանալուն առնչուած մանրամասնութիւններուն:

Մասնագէտները բաղդատական մը կատարած են 1987-2006 թուականներուն կատարուած քսաներկու ուսումնասիրութիւններէ հաւաքուած տեղեկութիւններուն միջեւ, եւ որոշ կապ մը գտած են վերոնշեալ երեւոյթներուն ու հետագային չափահաս տարիքին վարուելակերպի հետ առնչուած հարցերուն միջեւ:

ԼԱԼԸ` ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑ

Մասնագէտները նկատած են, թէ չափազանց լացող երեխաներուն մօտ բարձր եղած է չափահաս տարիքին ճնշուածութենէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ` յարձակողական վերաբերմունք, կեդրոնացումի պակաս ու գերաշխուժ վիճակ մը ունենալու վտանգին տարողութիւնը:

Մասնագէտները ըսած են, թէ նշեալ երեխաները առողջական հարցեր չեն ունեցած իրենց մանկութեան շրջանին. հետեւաբար կարելի չէ անոնց լացին պատճառը վերագրել որեւէ հիւանդութենէ տառապելու երեւոյթին:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն փրոֆ. Տայթըր Ուոք ըսած է, թէ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած տեղեկութիւններէն պատրաստուած վիճակագրական տուեալները ցոյց տուած են, թէ երեխաներուն շատ լալը կրկնապատկած է հետագային անոնց վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր ունենալու վտանգին տարողութիւնը:

Միւս կողմէ, սակայն, մանկաբուժ տոքթ. Ճէյն Վալենթ ըսած է, թէ նման ուսումնասիրութեան մը պարզած պատկերը պէտք չէ անտեղի մտահոգութիւն յառաջացնէ ծնողներուն  մօտ: Ան բացատրած է, թէ կարգ մը երեխաներ կրնան համեմատաբար աւելի լալկան ըլլալ միւսներէն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, թէ անոնք անպայմանօրէն վարուելակերպի հետ առնչուած լուրջ հարցեր կ՛ունենան հետագային:

Տոքթ. Վալենթ նշած է, թէ երեխաներուն մօտ լալը բնական երեւոյթ մըն է, ինչպէս նաեւ իրենց միջավայրին հետ հաղորդակցելու միակ միջոցն է` նախքան խօսելու սկսիլը:

Փրոֆ. Ուոք ըսած է, թէ մանկաբուժներ կրնան ցուցմունքներ տալ շատ լացող երեխաներուն ծնողներուն, որպէսզի կարելի եղած չափով կանոնաւորուի անոնց քունն ու սնունդը, ինչպէս նաեւ` լացին տարողութիւնը: Սակայն ան անհրաժեշտ գտած է, որ նման երեխաներ ունեցող ծնողներ անպայմանօրէն յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնեն իրենց զաւակներուն, մասնաւորաբար` այս վերջիններուն մանկութեան շրջանին, որպէսզի կարելի ըլլայ առաջքը առնել եւ կամ նուազեցնել հետագային անոնց մօտ յառաջանալիք վարուելակերպի հետ առնչուած հարցերուն հաւանականութեան տարողութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ» եւ «ՀԵԼԹ ՏԷՅ»)

ՏՈՒԵԱԼ ԲԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ՈՒՇԻ ՈՒՇՈՎ ԿԵԴՐՈՆԱՆԱԼԸ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ՄԱՐԴՈՑ ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄԸ ԱԿՆԵՐԵՒ ԵՂՈՂ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՎՐԱՅԷՆ…
Ապրիլի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ մարդիկ իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնեն բանի մը վրայ, ապա անոնք ամբողջութեամբ կը կորսնցնեն իրենց կեդրոնացումը ակներեւ եղող այլ բաներուն վրայէն եւ չեն տեսներ իրենց շուրջ գտնուող ամէնէն պարզ իրերը:

Մասնագէտները նշեալ երեւոյթը կոչած են «անուշադրութեան կուրութիւն»: Անոնք նորագոյն ուսումնասիրութեան միջոցով նպատակ ունեցած են լուսարձակի տակ առնել, թէ ինչպէ՛ս կրնայ նշեալ երեւոյթը հակամէտ դարձնել ինքնաշարժ վարողները բջիջային հեռաձայնով խօսած ատեն արկածներ ունենալու վտանգին:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները օգտագործած են նախապէս կատարուած փորձարկում մը, որուն մէջ ցոյց տրուած է, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կրնան իրենց կեդրոնացումը կորսնցնել իրենց շուրջ գտնուող ամէն ինչի վրայէ, երբ կեդրոնացած ըլլան միայն մէկ բանի վրայ: Նշեալ փորձարկումին մէջ խումբ մը մարդոց ցոյց տուած են տարբեր գոյնի տարազներ կրող պասքեթպոլ խաղացող մարզիկներու փորձի պահէն վիտէօ երիզի վրայ արձանագրուած տեսարաններ, եւ անոնցմէ պահանջուած է հաշուել, թէ քանի՛ անգամ պասքեթպոլի գնդակը անցած է ճերմակ տարազ հագած մարզիկներուն քովէն: Մինչ այդ, փորձի ընթացքին մարդակապիկի տարազ հագած մէկը անցած է մարզիկներուն մէջէն: Վիտէօ երիզը դիտող մարդոց մեծ մասը այնքա՛ն կեդրոնացած եղած է գնդակին հետեւելու իր պարտականութեան վրայ, որ չէ նկատած մարզիկներուն մէջէն անցնող մարդակապիկի տարազ հագած մարդը:

ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄ

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի հոգեբան Ժանել Սիկմիլըր ըսած է, թէ նկատի ունենալով, որ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին տուեալ բանի մը վրայ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու կարողութեամբ, ապա ատիկա կրնայ ազդել անսպասելի բան մը տեսնելու անոնց կարողութեան վրայ, այս պարագային` մարդակապիկի տարազ հագող մարդը նկատելու կարողութեան վրայ:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են 18-35 տարեկան հարիւր իննսունեօթը ուսանողներ, որոնք նախապէս թուաբանական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ յիշողութեան հետ առնչուած խնդիրներու քննութիւն մը անցուցած են եւ ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ ճիշդ պատասխանած են այդ հարցումներուն: Նշեալ ուսանողներուն եւս ցոյց տրուած է տարբեր գոյնի տարազներ հագած պասքեթպոլ խաղացող մարզիկներուն փորձին ու անոնց մէջէն անցնող մարդակապիկի տարազով մարդուն հետ առնչուած վիտէօ երիզը:

Մասնագէտները փորձած են արժեւորել նշեալ ուսանողներուն տեղւոյն վրայ ունեցած յիշողութեան հետ առնչուած ընդունակութիւնը` այս վերջիններուն վիտէօ երիզը դիտած ատեն:

Տեղւոյն յիշողութեան ընդունակութեան սահմանումը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ որքա՛ն կրնան աշխուժ պահել իրենց յիշողութիւնը տուեալ պահու մը (համեմատաբար` կարճ) ընթացքին: Օրինակ` թուաբանական խնդիր մը լուծած ատեն եւ կամ նպարավաճառէն կատարելիք գնումին ցանկը յիշած ատեն:

Մասնագէտները վերոնշեալ ուսանողներէն ընտրած են անոնք, որոնք ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ ճիշդ պատասխանած են ճերմակ տարազով մարզիկներուն քովէն պասքեթպոլի գնդակին անցած յաճախականութեան առնչուած հարցումներուն:

Այսուհանդերձ, մասնագէտները գտած են, թէ տեղւոյն յիշողութեան ընդունակութեան բարձր արդիւնքներ ձեռք ձգած ուսանողներուն վաթսունեօթը առ հարիւր համեմատութիւնը նկատած է մարդակապիկի տարազով մարդուն ներկայութիւնը, իսկ տեղւոյն յիշողութեան ընդունակութեան տկար արդիւնքներ արձանագրած ուսանողութեան երեսունվեց առ հարիւր համեմատութիւնը միայն կրցած է նկատել մարդակապիկի տարազով մարդուն ներկայութիւնը:

ՄԱՐԴՈՑ ՄԻԱՅՆ ԵՐԿՈՒՔՈՒԿԷՍ ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

ԿՐՆԱՅ ՄԻԵՒՆՈՅՆ ԱՏԵՆ ԿԵԴՐՈՆԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼ ԹԷ՛ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺ ՎԱՐԵԼՈՒ

ԵՒ ԹԷ՛ ԲՋԻՋԱՅԻՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԽՕՍԵԼՈՒ ՎՐԱՅ…

Այլ խօսքով` տեղւոյն յիշողութեան ընդունակութեան բարձր տարողութիւն ունեցող մարդիկ ո՛չ միայն կրնան շատ աւելի լաւ ձեւով իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել տուեալ գործընթացի մը վրայ (այս պարագային` ճերմակ տարազով մարզիկներուն քովէն պասքեթպոլի գնդակին անցած յաճախականութեան), այլ անոնք կարողութիւնը ունին անհրաժեշտ եղած ատեն իրենց կեդրոնացած վիճակին մէջ ուշադրութիւն դարձնելու նաեւ այլ երեւոյթի մը (այս պարագային` մարդակապիկի տարազով մարդուն ներկայութեան):

Նշեալ յայտնաբերումը որոշ չափով կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կարգ մը մարդիկ շատ աւելի հակամէտ են «անուշադրութեան կուրութեան» վիճակին մէջ գտնուելու վտանգին, քան` ուրիշներ:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն հոգեբան Ճէյսըն Ուաթսըն ըսած է, թէ երբ մարդիկ ինքնաշարժ վարած ատեն իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած կ՛ըլլան միայն ինքնաշարժ վարելու վրայ, միւս կողմէ, կարգ մը մարդոց միտքը յաւելեալ ճկունութիւնը ունի նշեալ աշխատանքին վրայ կեդրոնացած ատեն միաժամանակ նկատելու որոշ շփոթութիւններ, որոնք կրնան արկածներ պատճառել եւ, այդպիսով, կը յաջողին առաջքը առնել որոշ արկածներու կայացման վտանգին:

Սակայն մասնագէտ Ուաթսըն շարունակած է` ըսելով, թէ ատիկա չի նշանակեր, թէ նման կարողութիւն ունեցող մարդիկ կրնան ինքնաշարժ վարած ատեն նաեւ խօսիլ բջիջային հեռաձայնով, նոյնիսկ երբ անոնք կրնան իրենց ուշադրութիւնը լաւապէս կեդրոնացած պահել այդ զոյգ գործընթացներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ մարդոց մօտաւորապէս երկուքուկէս առ հարիւր համեմատութիւնը միայն կարողութիւնը ունեցած է ինքնաշարժ վարած ատեն բջիջային հեռաձայնով խօսիլ` առանց իր կեդրոնացումը շեղելու այդ զոյգ աշխատանքներէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ» եւ «ՀԵԼԹ ՏԷՅ»)

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է «ՎԱՏ» ՃԱՐՊԵՐԸ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ «ԼԱՒ» ՃԱՐՊԵՐՈՎ
Մայիսի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ կարելիութիւնը կայ մարդկային մարմնին ճարպերը վերածելու ճարպի այնպիսի՛ տեսակի մը, որ կրնայ դիւրութեամբ ջերմուժ այրել, ինչպէս նաեւ` արագօրէն նուազեցնել մարմնին ծանրութիւնը:

Ամերիկացի մասնագէտներ նշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարած են առնէտներու վրայ, սակայն անոնք կը նախատեսեն, թէ առնէտներուն վրայ կատարուած փորձարկումներէն ձեռք ձգուած արդիւնքներուն նման արդիւնքներ կարելի է ստանալ նաեւ մարդոց պարագային:

Մասնագէտները ըսած են, թէ երբ վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները վերջնականանան, ապա ատիկա կրնայ ծառայել իբրեւ` գիրութիւնը դարմանող խոստմնալից նոր միջոց մը շատ գէր եղող մարդոց համար:

Մասնագէտները գտած են, թէ երբ փոփոխութեան ենթարկած են ախորժակի հետ առնչուած բնասպիտի մը կերտուածքը, ապա ատիկա ո՛չ միայն նուազեցուցած է առնէտներուն մարմնին ջերմուժ պահելու կարողութիւնը եւ, հետեւաբար` մարմնին ծանրութիւնը, այլ նաեւ ձեւափոխած է ճարպերուն բաղադրութիւնը: Այսուհանդերձ, ճերմակ «վատ» ճարպը վերածուած է սրճագոյն «լաւ» ճարպի:

Ծանօթ է արդէն, որ սրճագոյն ճարպը առատօրէն կը գտնուի երեխաներուն մարմնին մէջ. անիկա կը գործածուի իբրեւ ուժանիւթի աղբիւր` մարմնին անհրաժեշտ եղող ջերմութիւնը ապահովելու համար, միեւնոյն ատեն իր պարունակած յաւելեալ ջերմուժը վատնելով` փոխանակ զայն պահելու:

Սակայն, երբ հետզհետէ կը յառաջանայ մարդոց տարիքը, անոնց մարմնին պարունակած սրճագոյն «լաւ» ճարպին մեծ մասը կ՛անհետանայ եւ կը փոխարինուի ճերմակ «վատ» ճարպով, որ իր կարգին կը կուտակուի գլխաւորաբար մէջքին շուրջ:

ՄԱՐՄՆԻ ՀԱԿԱԿՇՌՈՒԱԾ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆ`

ՆՈՅՆԻՍԿ ՄԵԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՐՊՈՏ

ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՊԱՌԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Մասնագէտները յայտնած են, թէ երբ կարելի կ՛ըլլայ մղել, որպէսզի մարդկային մարմինը մեծ տարողութեամբ սրճագոյն ճարպ պարունակէ, ապա ատիկա կրնայ մարմնին ծանրութիւնը հակակշռող նպաստաւոր միջոց մը հանդիսանալ եւ, այդպիսով, կարելի կ՛ըլլայ կասեցնել գիրութիւնն ու անոր առնչուած առողջական հարցերու (օրինակ` երկրորդ տեսակի շաքարախտի) յառաջացման վտանգը:

Նախապէս մասնագէտներու տարբեր խմբակներ նախաձեռնած են տարբեր ուսումնասիրութիւններու` ճերմակ ճարպը սրճագոյն ճարպի վերածող ձեւեր գտնելու համար, սակայն օրին անոնք չեն կրցած իրենց ուսումնասիրութիւնը արդիւնաւէտ դարձնող անհրաժեշտ տուեալները ձեռք ձգել:

Սակայն վերջերս ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Շինկ Պիի գլխաւորած ուսումնասիրութենէն կարելի եղած է ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ: Տոքթ. Պին ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը առնէտներու վրայ կատարած են փորձարկում մը, որուն մէջ անոնք կասեցուցած են այս վերջիններուն ուղեղին մէջ եղող ախորժակ գրգռող Էն. Փի. Ուայ. կոչուած բնասպիտին աշխատանքը: Այսուհանդերձ, անոնք գտած են, թէ նշեալ բնասպիտին աշխատանքին կասեցումով` նուազած է առնէտներուն ախորժակն ու սպառած ուտելիքին տարողութիւնը:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ նոյնիսկ երբ նշեալ առնէտներուն տրուած է մեծ տարողութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ, այսուհանդերձ, անոնց մարմինը կրցած է ուշագրաւ կերպով հակակշիռի տակ պահել իր ծանրութիւնը, քան այն առնէտները, որոնց ախորժակ գրգռող բնասպիտը շարունակած է աշխուժօրէն աշխատիլ:

Երբ մասնագէտները ստուգած են առնէտներուն մարմնին պարունակած ճարպին տարողութիւնը, հետաքրքրական փոփոխութիւններ նկատած են անոնց մօտ: Անոնք գտած են, թէ ա՛յն առնէտներուն մօտ, որոնց ախորժակ գրգռող բնասպիտին աշխատանքը կասեցուած է, ճերմակ «վատ» ճարպէն մաս մը փոխարինուած է սրճագոյն «լաւ» ճարպով:

Մասնագէտները կը նախատեսեն նման արդիւնքներ ձեռք ձգել նաեւ մարդոց պարագային: Անոնք կը ծրագրեն սրճագոյն ճարպի առնչուած մայր բջիջներու խառնուրդ մը ներարկել մարդոց մորթին տակ` այրելու համար ճերմակ ճարպը եւ, այդպիսով, նուազեցնելու մարմնին ծանրութիւնը:

Տոքթ. Պին ըսած է, որ եթէ կարելի ըլլայ մղել, որպէսզի մարդկային մարմինը «վատ» ճարպը վերածէ «լաւ» ճարպի, որ իր կարգին կարենայ այրել ջերմուժը` փոխանակ կուտակելու զայն, ապա նշեալ միջոցը կրնայ հսկայ յառաջխաղացք արձանագրել գիրութեան առաջքը առնելու կապակցաբար տարուած ջանքերուն մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`

«ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ» եւ «ՀԵԼԹ ՏԷՅ»)

ԲՆԱԾՈՒԽԻ ՄԱՍՆԻԿՆԵՐՈՒ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇԱՐՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՔԱՂՑԿԵՂՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԻՆ
Մարտի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ յառաջացած հանգրուանին մէջ եղող լեարդի ու կուրծքի քաղցկեղներէ տառապող մարդոց տրուած քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող դեղահատերուն կցուած են կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի շատ փոքր մասնիկներ, ապա ուշագրաւ կերպով արդիւնաւէտ դարձած է դարմանումը:

Այսուհանդերձ, ամերիկացի մասնագէտներ քաղցկեղի վերածուած ուռեր ունեցող մուկերու վրայ իրենց կատարած փորձարկումներուն մէջ գտած են, թէ նշեալ բնածուխի մասնիկները, որոնք ադամանդին պարունակած բնածուխի մասնիկներուն նման կանոնաւոր շարուածք ունեցած են, նպաստած են, որպէսզի քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող դեղահատերէն չազդուող քաղցկեղի վերածուած ուռերը կծկուին:

Բնածուխի մասնիկներուն բացակայութեան` նշեալ դեղահատերը ընդհանրապէս չեն ազդած յառաջացած աստիճանի քաղցկեղի վերածուած ուռերուն վրայ, նոյնիսկ երբ բարձր տարողութիւններով գործածուած են: Այսուհանդերձ, յաճախ այդ դեղահատերուն բարձր տարողութիւնները թունաւորած են հիւանդները եւ անոնք մահացած են ո՛չ թէ քաղցկեղէն, այլ` թունաւորուելէն:

ՈՒՌԵՐՈՒ ՉԱՓԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՆՈՒԱԶԵՑՈՒՄ

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Տեն Հօ ըսած է, թէ առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ ապացուցել քիմիաբուժութենէն չազդուող քաղցկեղներու դարմանումը արդիւնաւէտ դարձնելու ծիրին մէջ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի շատ փոքր մասնիկներէ բաղկացած կերտուածքներուն ունեցած կարեւորութիւնը:

Երբ մասնագէտները յառաջացած աստիճանի քաղցկեղներ ունեցող մուկերուն մէկ մասին քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող համեմատաբար մեծ տարողութեամբ դեղահատեր տուած են, այնքա՛ն թունաւոր եղած են անոնք, որ մուկերը սատկած են նոյնիսկ նախքան ուսումնասիրութեան աւարտիլը:

Սակայն, երբ մասնագէտները յառաջացած աստիճանի քաղցկեղներ ունեցող մուկերուն բնածուխի կանոնաւոր շարուածք ունեցող շատ փոքր մասնիկներուն ընկերակցութեամբ միեւնոյն բարձր տարողութեամբ քիմիաբուժութեան հետ առնչուած դեղահատեր տուած են, ո՛չ միայն ողջ մնացած են մուկերը, այլ ուշագրաւ կերպով նուազած են քաղցկեղի վերածուած ու անոնց մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած ուռերուն չափը:

Նկատի ունենալով, որ վերոնշեալ փորձարկումներէն կարելի եղած է ձեռք ձգել խոստմնալից արդիւնքներ, այսուհանդերձ, մասնագէտները հետամուտ են նմանօրինակ փորձարկումներ կատարելու նաեւ տարբեր տեսակի եւ յառաջացած հանգրուաններու մէջ եղող քաղցկեղներէ տառապող մարդոց վրայ` նկատի ունենալով, որ քիմիաբուժութեան միջոցով անոնց տրուած դարմանումները կը ձախողին նշեալ հանգրուաններուն մէջ եղող եւ մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած քաղցկեղներուն իննսուն առ հարիւր համեմատութեան պարագային:

ԱՆԳՈՐԾԱԾԵԼԻ ՆԻՒԹ…

Մասնագէտ Հօ ըսած է, որ թէեւ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բնածուխի փոքր մասնիկները քիմիաբուժութեան մէջ գործածուող տարբեր դեղամիջոցներուն պատրաստութեան մէջ ներառելու կապակցաբար սկսած է հետազօտութիւններ կատարել աւելի քան երեք տարի առաջ, սակայն տակաւին անհրաժեշտ է նուազագոյնը քանի մը տարի, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջացնել նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած փորձարկումները եւ, այդպիսով, վերջնականացնել անոնցմէ ձեռք ձգուած արդիւնքները:

Մասնագէտ Հօ աւելցուցած է նաեւ, թէ բնածուխի շատ փոքր մասնիկներուն կանոնաւոր շարուածքը բաւական հաղորդական դարձուցած է անոր կերտուածքը, ինչ որ միշտ ալ նպաստաւոր ազդակ նկատուած է կենսաբանութեան մէջ:

Նման կերտուածքով բնածուխի մասնիկներ կը կազմուին հանքագործութեան մէջ եւ կամ քարիւղի զտարաններուն մէջ տեղի ունեցող տարբեր գործընթացներէ յառաջացած պայթումներուն ընթացքին: Մասնագէտները յայտնած են, թէ մասնիկներու կանոնաւոր շարուածքով կերտուածք ունեցող բնածուխ կը կազմուի նաեւ տարբեր չափի երկնաքարերու երկրագունդին մակերեսին ինկած ատեն:

Նշեալ միջոցներով կազմուած այդ յատուկ կերտուածքով բնածուխը գրեթէ անգործածելի նիւթ մը եղած է: Սակայն մասնագէտ Հօ նշած է, թէ երբ այդ տեսակի բնածուխը տարրալուծարանին մէջ թթուով լուացուի, ճզմուի ու ապա քիմիական յատուկ գործընթացներու միջոցով որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուի, ապա կարելի կ՛ըլլայ արտադրել 2-8 նանոմեթր տրամագիծ ունեցող ու իրարու նման եղող մասնիկներ:

Մասնագէտները հետամուտ են մուկերէն աւելի մեծ անասուններու վրայ շարունակելու իրենց փորձարկումները` նախքան զանոնք մարդոց վրայ կատարելը:

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` Էտուըրտ Չաու ըսած է, թէ կանոնաւոր շարուածք ունեցող բրածոյի շատ փոքր մասնիկները ունին բազմաթիւ տուեալներ, որոնք, երբ օգտագործուին տարբեր տեսակի քաղցկեղներու դարմանումին հետ առնչուած դեղամիջոցներու պատրաստութեան մէջ` կրնան ուշագրաւ տարբերութիւն յառաջացնել դարմանումի գործընթացին վրայ նշեալ դեղամիջոցներուն ունեցած արդիւնաւէտութեան մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»

ԱԿՌԱՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՏԵՂԱԴՐՈՒՈՂ ԼՍՈՂԱԿԱՆ ՍԱՐՔԻՆ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՄ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ
Մարտի կէսերուն բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ տարիներէ ի վեր փորձարկուող լսողական նոր տեսակի սարքի մը գործածութիւնը վաւերացում կը ստանայ Եւրոպայի մէջ:

Նշեալ լսողական սարքը կը տեղադրուի վերի ծնօտին ձախ եւ կամ աջ աղօրիքներուն վրայ եւ իրեն հասնող ձայնի ալիքներուն թրթռացումները ծնօտի ոսկորէն անցընելով` կ՛ուղղէ դէպի ներքին ականջ:

Մասնագէտները նշած են, թէ լսողական այդ նոր տեսակի սարքը կը պատրաստուի իւրաքանչիւրին աղօրիքներուն ունեցած ձեւին համեմատ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն դիւրութեամբ տեղադրել ակռաներուն վրայ եւ իբրեւ աւելորդ կտոր որեւէ բարդութիւն չյառաջացնէ բերնին մէջ:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ տեսակի լսողական սարքը կրնայ յարմարագոյն լուծումը չըլլալ բոլոր լսողական հարցեր ունեցող մարդոց համար: Այսուհանդերձ, անոնք բացատրած են, թէ մինչ աւանդական լսողական սարքերը կը գործածեն օդին բաղկացուցիչ մասնիկները` անոնց միջոցով ճամբորդող ձայնի ալիքներուն ծաւալը բարձրացնելու համար, միւս կողմէ, ակռաներուն վրայ տեղադրուող լսողական սարքը ձայնի ալիքներուն թրթռացումները ծնօտի ոսկորէն անցընելով` զանոնք ուղղակիօրէն կը փոխանցէ ներքին ականջին` շրջանցելով արտաքին ու միջին ականջը: Միեւնոյն ատեն շատ փոքր բարձրախօսներու համացանց մը, որ տեղադրուած կ՛ըլլայ լսողութեան հարց ունեցող ականջին ետեւը, կ՛ընտրէ միջավայրին ձայնը եւ, միւս կողմէ, կը չէզոքացնէ աղմուկը:

Նշեալ լսողական սարքը պատրաստող ընկերութեան պատասխանատուները ըսած են, թէ առաջին անգամն է, որ կարելի կ՛ըլլայ պատրաստել ոսկորի միջոցով ձայնի ալիքներուն թրթռացումները փոխանցող սարք մը` առանց վիրաբուժութեան ենթարկելու լսողական հարցերէ տառապող մարդիկը:

Բրիտանացի մասնագէտ Անժելա Քինկ յատնած է, թէ լսողական հարցեր ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս դժկամութեամբ կը գործածեն լսողական սարքերը` նկատի ունենալով անոնց տհաճ տեսքը, որ յաճախ կը դժգոհեցնէ զիրենք:

Ինչ կը վերաբերի ակռաներուն վրայ տեղադրուող լսողական սարքին, ապա անիկա անտեսանելի կը մնայ եւ որեւէ ձեւով չ՛անհանգստացներ զայն կրողները:

Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ այդ սարքը այնպէ՛ս պատրաստուած է, որ կարելի է զայն դիւրութեամբ տեղադրել աղօրիքներուն վրայ եւ ուտելիք սպառած ատեն եւ կամ ակռաները խոզանակած ատեն անոնց դժուարութեան վերցնել զայն աղօրիքներուն վրայէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»

ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱԿԻ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԸ ԱՌՆԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԻ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒՆ ՄՕՏ
Ծանօթ է արդէն, որ տարեցներուն հետզհետէ տկարացող մարմնին մէջ անոնց տարբեր զգայարանքներուն կրած շարք մը փոփոխութիւններուն առընթեր, տարբեր տեսակի ուտելիքներու համը առնելու կարողութիւնը եւս կը սկսի հետզհետէ տկարանալ անոնց մօտ:

Այսուհանդերձ, վերջերս բրիտանացի մասնագէտներու կողմէ նշեալ ծիրին մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ գոյութիւն ունին շարք մը ազդակներ, որոնք կրնան փոփոխութիւն յառաջացնել տարեցներուն համ առնելու կարողութեան մէջ: Այսպէս, օրինակ, երբ յառաջացած տարիքի բերմամբ բերնին համ զգացող բջիջները որոշ փոփոխութիւններ կը կրեն իրենց կերտուածքին մէջ, ապա անոնք պատճառ կը դառնան, որպէսզի տարեցներուն մօտ տկարանայ ուտելիքներուն համը առնելու կարողութիւնը: Նշեալ երեւոյթը կրնայ տկարացնել անոնց ուտելիք սպառելու ախորժակը եւ, հետեւաբար, անոնք կը սկսին նուազ քանակով ուտել:

Պէտք է նշել, սակայն, որ նշեալ երեւոյթէն անկախ, տարեցներուն մօտ ընդհանրապէս կը տկարանայ անոնց ուտելիք սպառելու ախորժակը եւ անոնք կը սկսին արագօրէն նիհարնալ:

Մասնագէտները նշած են, թէ տարեցներուն ակռաներուն, լինտերուն եւ կամ լորձունքին հետ առնչուած կարգ մը բարդութիւնները եւս կ՛ազդեն անոնց համ առնելու կարողութեան վրայ: Այսպէս, օրինակ, տարբեր պատճառներով բերնին մէջ յառաջացած չորութիւնը կրնայ ազդել համ առնելու կարողութեան վրայ` նկատի ունենալով, որ լորձունքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի համ զգալու գործընթացին մէջ:

Այսուհանդերձ, տարբեր ուտելիքներու եւ կամ խմիչքներու պարունակած քիմիական բաղկացուցիչները կը լուծուին լորձունքին մէջ, որ իր կարգին կը թրջէ համի զգացումին հետ առնչուած բջիջները եւ, այդպիսով, այդ բաղկացուցիչները կը ներծծուին նշեալ բջիջներուն մէջ: Սակայն, երբ բաւարար լորձունք չ՛արտադրուիր բերնին մէջ, այդ բաղկացուցիչները չեն ներծծուիր համի հետ առնչուած բջիջներուն մէջ եւ, հետեւաբար, մարդիկ կը կորսնցնեն ուտելիքներուն համը զգալու կարողութիւնը:

ԱՅԼ ԱԶԴԱԿՆԵՐ

Ինչ կը վերաբերի տարբեր պատճառներով ակռաներուն եւ կամ լինտերուն մէջ յառաջացած բորբոքումին, ապա անիկա եւս կրնայ վնասել համ զգացող բջիջներուն:

Մասնագէտները աւելցուցած են նաեւ, որ տարիներ շարունակ ծխելը նոյնիսկ կրնայ տեղ մը նուազեցնել ուտելիքներուն համը առնելու կարողութիւնը:

Տարեցներուն մօտ ուտելիքներու համին զգացումը տկարացնող այլ կարեւոր ազդակ մըն է նաեւ տարբեր պատճառներով յառաջացած հոտառութեան տկարացումը: Այսուհանդերձ, առողջ մարդոց հոտառութիւնը ուշագրաւ կերպով կը սրէ տարբեր ուտելիքներու համը առնելու զգացումը: Իսկ երբ տարիքի բերմամբ ջղային համակարգին մէջ յառաջացած տարբեր տեսակի հիւանդութիւններ զգայազուրկ կը դարձնեն քիթին պարունակած հոտառութեան բջիջները եւ կամ ուղեղի կաթուածի պատճառով կը վնասուին ուղեղին մէջ հոտառութեան հետ առնչուած բաժինները, ապա անոնք պատճառ կը դառնան, որպէսզի մարդիկ չկարենան ճշգրիտ կերպով զանազանել ուտելիքներուն միջեւ եղող համի տարբերութիւնը:

Մասնագէտները նշած են, թէ համի զգացումը տկարացնող եւ կամ խեղաթիւրող այլ ազդակներ են նաեւ ուղեղին մէջ յառաջացած ուռերն ու լեարդի հետ առնչուած հիւանդութիւնները, տարբեր կենսանիւթերու պակասն ու կարգ մը դեղահատերու երկարատեւ գործածութիւնը, ինչպէս նաեւ` ճնշուածութիւնն ու հոգեբանական այլ հարցեր:

Մասնագէտները յանձնարարած են, որ ուտելիքներուն համը զգալու հետ առնչուած հարցեր ունեցող տարեցները անպայմանօրէն այցելեն ատամնաբուժի ու մասնագէտ բժիշկի, որպէսզի յստականայ համի զգացումին տկարացման տուն տուող պատճառը եւ այս վերջինին դարմանումով` բարելաւուի համի զգացումը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»

ՇԱՔԱՐԱԽՏԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՄԸ ՄՕՏԱՒՈՐԱՊԷՍ ՏԱՍԸ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑ ՄԸ` ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ
Փետրուարի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ արեան քննութեան մը միջոցով կրցած են ճշդել, թէ որո՛նց մօտ մեծ եղած է երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը` անոր ախտանշաններուն յայտնուելէն մօտաւորապէս տասը տարի առաջ:

Մասնագէտները մարդոց արեան մէջ հինգ տեսակի ամինօ թթուներու տարողութիւնը չափելով` կրցած են գտնել, թէ որո՛նց մարմինը հակամէտ եղած է երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգին` անոր սկզբնական ախտանշաններուն յայտնուելէն մօտաւորապէս տասը տարի առաջ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Վիքթորիա Քինկ ըսած է, թէ շաքարախտի նշեալ տեսակին յառաջացման վտանգը այդքան կանուխ նախատեսելը կրնայ նպաստել, որպէսզի հետագային համեմատաբար նուազ ըլլայ անոր պատճառով մարմնին մէջ յառաջացած բարդութիւններուն տարողութիւնը: Նշեալ բարդութիւններէն են` սրտի հիւանդութիւններն ու կաթուածները, ինչպէս նաեւ երիկամներու հիւանդութիւնը, կուրութիւնն ու անդամահատութիւնը:

Տոքթ. Քինկ նշած է, թէ նման ուսումնասիրութիւն մը կրնայ նաեւ առիթ ընծայել, որպէսզի մասնագէտներ կարենան որոշ տեսութիւններ կազմել երկրորդ տեսակի շաքարախտ յառաջացնող պատճառներուն կապակցաբար:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ երկրորդ տեսակի շաքարախտի յառաջացման վտանգը ուշագրաւ կերպով առնչուած է գիրութեան ու ոչ առողջարար սննդականոնի հետ: Այսուհանդերձ, մասնագէտներ նման սննդականոն ունեցող ու գէր մարդոց առողջարար սննդականոնի հետեւիլ յանձնարարելով, ինչպէս նաեւ մարմնի հակակշռուած ծանրութիւն ունենալու կապակցաբար անոնց անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով` կրցած են ոմանց մօտ որոշ չափով կասեցնել եւ կամ դանդաղեցնել շաքարախտի յառաջացման վտանգը, սակայն նշեալ տուեալներէն անկախ, կարելի չէ եղած ճշդել մարդոց շաքարախտի յառաջացման վտանգին հակամէտ ըլլալու իրողութիւնը:

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները չափած են շաքարախտի որեւէ ախտանշան չունեցող երկու հազար չորս հարիւր քսաներկու հոգիի արեան մէջ եղող հինգ տեսակի ամինօ թթուներու տարողութիւնները: Այսուհանդերձ, անոնցմէ երկու հարիւր մէկ հոգիին մօտ, որ համեմատաբար բարձր տարողութեամբ ամինօ թթուներ ունեցած է արեան մէջ, շաքարախտ յառաջացած է տարիներ ետք:

Ամերիկացի այլ մասնագէտ մը` տոքթ. Ռոպըրթ Կրզթըն ըսած է, թէ տակաւին անհրաժեշտ է նշեալ ծիրին մէջ կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ` նախքան նորագոյն ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած սկզբնական արդիւնքները վերջնականացնելը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «Ա. ԷՖ. ՓԷ»