Գիտական Archives - Aztag Daily

ՃԱՓՈՆԸ ՀԱՐՈՒԱԾԱԾ ՑՈՒՆԱՄԻԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ՎՆԱՍՈՒԱԾ ԿՈՐԻԶԱՅԻՆ ԿԱՅԱՆԻՆ ՄԱՐԴՈՑ ՈՒ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ…
Վերջերս Ճափոնը հարուածած ցունամիին պատճառով գործուած հսկայ աւերներէն ու արձանագրուած մեծ թիւով մարդկային զոհերէն անդին, անոր կը սպառնայ Ֆուքուշիմա Տայլի կորիզային կայանին վնասուած բարդերէն վտանգաւոր տարողութեամբ արտանետուող շողարձակումներուն վտանգը: Թէեւ կորիզային կայանին պատասխանատուներն ու ճափոնական իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՛ընեն` հակակշիռի տակ պահելու եւ կամ նուազագոյնի իջեցնելու այդ շողարձակումներուն հսկայ տարողութիւնները, սակայն ցարդ եղած միջոցառումները չեն երաշխաւորեր այդ շողարձակումներէն սպառնացող վտանգին անհետացումը:

Կորիզային կայանին շուրջ գտնուող քսան քիլոմեթր տարածութիւնը արդէն իսկ ամբողջութեամբ պարպուած է բնակչութենէ, իսկ կայանէն 20-30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ապրող մարդոց թելադրուած է լքել շրջանը կամ տունէն դուրս չգալ եւ լաւապէս փակուած պահել դռներն ու պատուհանները:

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՇՈՂԱՐՁԱԿ

ՆԻՒԹԵՐՈՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Մարդկային մարմնին, անասուններուն ու բոյսերուն վրայ շողարձակումներու տարբեր տարողութիւններուն ունեցած ազդեցութեան ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ յայտնած են, թէ մարդկային մարմնին մէջ թափանցող տարբեր տարողութեամբ շողարձակումները կը յառաջացնեն շարք մը ախտանշաններ: Այսպէս, օրինակ, երբ շողարձակումներուն տարողութիւնը մէկ կրէյէն աւելի ըլլայ, ապա մարդկային մարմնին մէջ անոր թափանցումէն քանի մը ժամ ետք մարդոց մօտ կը յառաջանայ սրտխառնուք ու փսխունք, ինչպէս նաեւ փորհարութիւն, գլխացաւ ու ջերմութիւն: Նման տարողութեամբ շողարձակում մը կրնայ վնասել նաեւ ոսկրածուծին եւ, այսպիսով, պատճառ կը դառնայ, որ դանդաղի այս վերջինին արեան ճերմակ գնդիկներ արտադրելու գործընթացը: Այսուհանդերձ, արեան ճերմակ գնդիկներուն տարողութեան նուազումով, կը տկարանայ մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին աշխատանքը եւ, այդպիսով, մարդիկ շատ աւելի հակամէտ կը դառնան տարբեր հիւանդութիւններէ տառապելու վտանգին:

Որեւէ բանի մէջ ներծծուած շողարձակումին տարողութիւնը կը չափուի կրէյով, որ աշխարհի տարածքին շողարձակումներուն տարողութիւնները չափող ընդունուած օրինաչափն է:

Վերոնշեալ ախտանշանները կ՛անհետանան կարճ ատեն մը ետք, սակայն քանի  մը շաբաթ անց կը յայտնուին շատ աւելի լուրջ ախտանշաններ:

Երբ շողարձակումները շատ աւելի մեծ տարողութիւններով կը թափանցեն մարդկային մարմնին մէջ, ապա վերոնշեալ ախտանշանները կը յայտնուին անմիջապէս եւ անոնց առընթեր, մահացու կերպով կը վնասուին մարմնին տարբեր օրկանները:

Իսկ երբ շողարձակումներուն տարողութիւնը չորս կրէյի կը հասնի, ապա անիկա կրնայ սպաննել առողջ մարդոց մօտաւորապէս յիսուն առ հարիւր համեմատութիւնը:

Մասնագէտները նշած են, թէ քաղցկեղէ տառապող ու շողարձակումներով դարմանում ստացող հիւանդներուն մարմնին մէջ թափանցող  շողարձակումներուն տարողութիւնները 1 – 7  կրէյ կ՛ըլլան, սակայն նշեալ շողարձակումները բաւական հակակշռուած ձեւով կը տրուին, ինչպէս նաեւ անոնք թիրախ կը դարձնեն մարմնին քաղցկեղի վերածուած հիւսկէններն ու օրկանները:

Շողարձակումներուն տարողութիւնը ճշդող այլ օրինաչափ մըն է նաեւ սիվըրթը: Այսուհանդերձ, մէկ սիվըրթը համազօր է մէկ կրէյի, սակայն սիվըրթը կը գործածուի համեմատաբար նուազ տարողութիւններով շողարձակումները չափելու, ինչպէս նաեւ` երկար ժամանակի վրայ անոնց յառաջացուցած վտանգին տարողութիւնը արժեւորելու:

ՄԱՐՄՆԻՆ ՔԻՄԻԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ

ՎՆԱՍՈՂ ՇՈՂԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Մասնագէտները նշած են, թէ երբ մարդիկ կը գտնուին տարբեր տարողութիւններով շողարձակումներով ապականած միջավայրի մը մէջ, նախ եւ առաջ պէտք է կարելի եղած չափով արագօրէն լոգանք առնեն:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ գոյութիւն ունին դեղահատեր, որոնք կ՛արագացնեն արեան ճերմակ գնդիկներուն արտադրութեան գործընթացը եւ, այդպիսով, կը նուազեցնեն մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին տկարացման պատճառով տարբեր հիւանդութիւններու յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Կան նաեւ այլ տեսակի դեղահատեր, որոնք կը նուազեցնեն շողարձակ մասնիկներուն մարմնին տարբեր օրկաններուն վնասելու տարողութիւնը:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ շողարձակ նիւթերը, որոնք ինքնաբերաբար կը տարբաղադրուին, այնպիսի՛ շողարձակումներ կ՛արտանետեն, որոնք կարողութիւնը ունին ուշագրաւ կերպով վնասելու մարմնին ներքին քիմիագիտական գործընթացներուն` կտրտելով մարմնին տարբեր հիւսկէնները կազմող մասնիկներուն ու հիւլէներուն միջեւ եղող քիմիական կապերը:

Թէեւ մարդկային մարմինը նման երեւոյթի մը կը հակազդէ` փորձելով բնական միջոցներով դարմանել հիւսկէններուն մէջ յառաջացած վնասը, սակայն յաճախ այնքա՛ն մեծ կ՛ըլլայ շողարձակ նիւթերուն տարողութիւնը, ինչպէս նաեւ այնքա՛ն տարածուած կ՛ըլլան անոնք մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ, որ այս վերջինը կարողութիւնը չ՛ունենար շողարձակ նիւթերուն յառաջացած վնասները դարմանելու:

Պէտք է նշել նաեւ, թէ մարմնին մէջ տեղի ունեցող դարմանումի բնական գործընթացներուն մէջ յաճախ կրնան պատահիլ որոշ վրիպակներ:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ մարմնին շողարձակումներէ վնասուելու վտանգին ամէնէն աւելի հակամէտ եղող բաժիններն են ստամոքսին ու աղիքներուն մաշկերը պատող բջիջները, ինչպէս նաեւ` ոսկրածուծին արեան գնդիկներ արտադրող բջիջները:

ԱՆՀԱԿԱԿՇԻՌ ԿԵՐՊՈՎ ԲԱԶՄԱՊԱՏԿՈՒՈՂ ԲՋԻՋՆԵՐԸ

Շողարձակումներուն յառաջացուցած վնասին տարողութիւնը կախեալ է անոնցմով ապականած միջավայրերուն մէջ մարդոց ապրած ժամանակամիջոցէն, ինչպէս նաեւ` շողարձակումներուն ունեցած տարողութենէն:

Ինչ կը վերաբերի շողարձակումներուն երկար ժամանակի վրայ առողջութեան սպառնացող վտանգին, ապա քաղցկեղը կը հանդիսանայ գլխաւոր վտանգը: Ծանօթ է արդէն, որ երբ մարմնին տարբեր բջիջներուն կեանքը ատեն մը ետք կը հասնի իր աւարտին, ապա անոնք կ՛ոչնչացնեն իրենք զիրենք եւ կը փոխարինուին նոր բջիջներով: Սակայն, երբ անոնք կը կորսնցնեն իրենք զիրենք ոչնչացնելու կարողութիւնը, կը վերածուին քաղցկեղի բջիջներու եւ կը շարունակեն ապրիլ ու բազմապատկուիլ անհակակշիռ կերպով:

Մարդկային մարմինը ունի տարբեր գործընթացներ, որոնց աշխուժացումը կը նպաստէ, որպէսզի բջիջները կարենան ճիշդ ժամանակին ոչնչացնել իրենք զիրենք, ինչպէս նաեւ` փոխարինուին նոր բջիջներով: Սակայն շողարձակումներուն յառաջացուցած վնասը կրնայ ամբողջութեամբ քայքայել վերոնշեալ գործընթացները` այդպիսով քաղցկեղի վերածուելու վտանգին հակամէտ դարձնելով բջիջները:

Մասնագէտները նշած են, թէ շողարձակումները կրնան նաեւ փոփոխութիւններ յառաջացնել բջիջներուն ծինային կերտուածքներուն մէջ: Այսուհանդերձ, նման բջիջներ ունեցող մարդիկ փոփոխութեան ենթարկուած այդ ծինային կերտուածքները կը փոխանցեն նաեւ իրենց զաւակներուն, որոնց մօտ անոնք կը դրսեւորուին` մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ ձեւազեղծում յառաջացնելով: Այսպէս, օրինակ, նշեալ մարդոց զաւակները կրնան ծնիլ գլխու եւ կամ ուղեղի համեմատաբար փոքր չափերով, ինչպէս նաեւ դանդաղօրէն կ՛աճին եւ սորվելու լուրջ դժուարութիւններ կ՛ունենան հետագային:

Ինչ կը վերաբերի մեծ տարողութեամբ շողարձակումներ պարունակող միջավայրերու մէջ գտնուող մանուկներուն, ապա անոնց մօտ շատ աւելի բարձր է շողարձակումներուն յառաջացուցած վնասները` նկատի ունենալով, որ մանուկներուն մարմինը արագօրէն կ՛աճի եւ այդ պատճառով ալ անոնց մօտ շատ աւելի մեծ թիւով բջիջներ բազմապատկուելու ընթացքի մէջ կ՛ըլլան եւ, հետեւաբար, անոնք շողարձակումներուն ազդեցութեան տակ կրնան դիւրաւ հակակշիռէ դուրս գալով` շարունակ բազմապատկուիլ:

ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ ԿԵՐՏՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԱՆԻՇ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ

ԴԵՂԱՀԱՏԵՐ` ՎԱՀԱՆԱԳԵՂՁԻ ՔԱՂՑԿԵՂԻ ՅԱՌԱՋԱՑՄԱՆ

ՎՏԱՆԳԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ճափոնական իշխանութիւններուն հասած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆուքուշիմա Տայչի կորիզային կայանին վնասուած բարդերէն ատանետուող շողարձակումներուն տարողութիւնը կը հասնի ժամական չորս հարիւր միլլիսիվըրթի:

Շողարձակ նիւթերու բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Ուէյքֆորտ ըսած է, թէ չորս հարիւր միլլիսիվըրթ տարողութիւն ունեցող շողարձակումը պէտք չէ անհանգստութիւն յառաջացնէ մարդոց մօտ` նկատի ունենալով, որ անհանգստութիւն յառաջացնող շողարձակումներուն տարողութիւնը պէտք է գոնէ նշեալ տարողութեան երկու անգամը ըլլայ: Սակայն ժամական չորս հարիւր միլլիսիվըրթի հասնող շողարձակումներուն տարողութիւնը կրնայ որոշ չափով ճնշել ոսկրածուծին մէջ արեան գնդիկներուն արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ 2 – 4 առ հարիւր համեմատութեամբ կը բարձրացնէ մահացու տեսակի քաղցկեղներէ տառապելու վտանգին տարողութիւնը:

Փրոֆ. Ուէյքֆորտ նշած է նաեւ, թէ ժամական չորս հարիւր միլլիսիվըրթի հասնող շողարձակումին տարողութիւնը համազօր է Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքի միջոցով եղած 50-100 շողանկարումներէն արտանետուած շողարձակումներուն տարողութեան:

Շողարձակ նիւթերու ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ մտահոգ են ֆուքուշիմայի վնասուած բարդերէն արտանետուող գլխաւորաբար երկու տեսակի շողարձակ նիւթերու յառաջացուցած վտանգէն: Նշեալ նիւթերէն մէկը շողարձակ տեսակի մանիշն է (այոտին), որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ մանիշ 131: Նշեալ նիւթը դիւրութեամբ կը ներծծուի վահանագեղձին մէջ, որ օժտուած է մարմնին աճն ու բջիջներուն արտադրութիւնը կանոնաւորելու յատկութեամբ: Այսուհանդերձ, վահանագեղձին մէջ մանիշ 131-ին մեծ տարողութեամբ ներծծուիլը կը բարձրացնէ վահանագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

Նշեալ վտանգին առաջքը առնելու նպատակով, մասնագէտները կը յանձնարարեն հաստատուն կերտուածք ունեցող մանիշ պարունակող դեղահատեր գործածել մարդոց, մասնաւորաբար  մանուկներուն նկատի ունենալով, որ նշեալ տեսակի մանիշը կը կասեցնէ շողարձակ մանիշին վահանագեղձին մէջ ներծծուելու գործընթացը:

Պէտք է նշել, թէ շողարձակ մանիշը արագօրէն կը տարբաղադրուի եւ միջավայրէն ամբողջութեամբ կ՛անհետանայ քանի մը շաբթուան եւ կամ ամսուան մէջ:

ՀՈՂԻՆ ՄԷՋ ՆԵՐԾԾՈՒՈՂ ՇՈՂԱՐՁԱԿ ՆԻՒԹԵՐԸ

Ֆուքուշիմայի վնասուած բարդերէն արտանետուող ու առողջութեան սպառնացող երկրորդ նիւթը շողարձակ տեսակի խաժիկն է (քէյզիմ), որ ծանօթ է նաեւ  իբրեւ խաժիկ 137: Անգամ մը, որ նշեալ նիւթը միջավայրին մէջ յայտնուի, ապա անիկա տարիներ շարունակ կը մնայ այնտեղ եւ կը շարունակէ վտանգ սպառնալ մարդոց առողջութեան:

Խաժիկ 137-ն գրեթէ հեղուկ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ բարեխառն ջերմաստիճաններուն մէջ. անիկա կարողութիւնը ունի թափանցելու մարմնին փափուկ հիւսկէններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` մկաններուն ու ոսկորներուն մէջ եւ կրնայ քաղցկեղ յառաջացնել մարդոց մօտ:

Մասնագէտները նշած են, թէ շողարձակ մանիշն ու խաժիկը դիւրութեամբ կը թափանցեն նաեւ հողին մէջ եւ, այդպիսով, մարդոց մարմնին մէջ կ՛անցնին` անոնցմով ապականած հողին վրայ ցանուած բանջարեղէններուն ու պտուղներուն միջոցով, ինչպէս նաեւ` այդ հողին վրայ արածող անասուններուն միջոցով:

Փրոֆ. Ուէյքֆորտ ըսած է, թէ նկատի ունենալով, որ ճափոնական իշխանութիւնները մարդոց անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով անմիջապէս դիմած են անհրաժեշտ միջոցառումներու, այսուհանդերձ, մարդոց մեծ մասը զերծ մնացած է առողջական ծանր բարդութիւններու յառաջացման վտանգէն:

Ան նշած է նաեւ, թէ հաստատուն կերտուածք ունեցող մանիշ պարունակող դեղահատերուն ցրւումը կրնայ նուազեցնել մարդոց ու մանուկներուն մօտ վահանագեղձի քաղցկեղի յառաջացման վտանգին տարողութիւնը:

ՓՈՔՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՇՈՂԱՐՁԱԿ ՆԻՒԹԵՐ

ԽԱՌՆՈՒԱԾ` ԹՈՔԻՈՅ ԸՄՊԵԼԻ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ…

Ճափոնի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ կորիզային կայանին անմիջական շրջակայքը գտնուող ըմպելի ջուրերուն պարունակած շողարձակ մանիշին տարողութիւնը սովորականէն երեք անգամ աւելի եղած է: Նախարարութիւնը նշած է, թէ Թոքիոյ մէջ ըմպելի ջուրերուն պարունակած շողարձակ մանիշին տարողութիւնը մանուկներուն համար ապահով նկատուած տարողութիւններէն երկու անգամ աւելի եղած է, ինչ որ անվնաս նկատուած է չափահասներուն պարագային:

Շողարձակ նիւթերու բարձրացած տարողութիւններ յայտնուած են նաեւ ֆուքուշիմա Տայչի կորիզային կայանէն աւելի քան քսան քիլոմեթր հեռաւորութենէն վերցուած կաթի ու շոմինի նմուշներուն մէջ: Սակայն շողարձակ նիւթերու նման տարողութիւններ անմիջական վտանգ չեն սպառնար մարդոց առողջութեան:

Ճափոնի նախարարներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եուքիօ Էտանօ նշած է, թէ երբ մարդիկ օրական շողարձակ նիւթեր պարունակող շոմին սպառեն, ապա մէկ տարուան մէջ անկէ հաւաքուած շողարձակութեան տարողութիւնը համազօր կ՛ըլլայ Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքին միջոցով եղած մէկ շողանկարումէն արտանետուած շողարձակումներուն տարողութեան, ինչ որ շատ աննշան նկատուած է:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»

ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿՆԳՂԱՒՈՐ ԿԱՊԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՄԻԶԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄԷՋ…
Փետրուարի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ գլխաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի մէջ ապրող տարբեր տեսակի կնգղաւոր կապիկները կը միզեն իրենց ափերուն մէջ ու ապա ափերը կը քսեն իրենց ստեւներուն` իրարու հրապուրելու համար:

Մասնագէտները նշեալ երեւոյթը նկատած են թէ՛ արու եւ թէ՛ էգ կապիկներուն մօտ:

Նախապէս նշեալ կապիկներուն ապրելակերպին ուսումնասիրութեամբ զբաղող մասնագէտներ տարբեր կարծիքներ յայտնած են նշեալ երեւոյթին մասին: Այսպէս, օրինակ, կարգ մը մասնագէտներ ըսած են, թէ կնգղաւոր կապիկները իրենց ափերուն մէջ կը միզեն` իրենց մարմնին ջերմաստիճանները կանոնաւորելու համար, իսկ ոմանք ալ նշած են, թէ կապիկները այդպէս կ՛ընեն` իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու համար:

Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները յայտնած են, թէ արու կնգղաւոր կապիկները իրենց ափերուն մէջ միզելով ու ապա ափերը իրենց ստեւներուն քսելով` սեռային գրաւչութեան նշաններ կը ղրկեն էգ կապիկներուն: Այսուհանդերձ,  նկարահանման յատուկ սարքերը ցոյց տուած են, թէ արու կապիկներուն մէզին հոտը աշխուժացուցած է էգ կնգղաւոր կապիկներուն ուղեղին սեռային համակարգին հետ առնչուած բաժինները:

ՍՈՒՐ ՀՈՏԱՌՈՒԹԻՒՆ…

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ Քիմպըրլի Ֆիլիփս ըսած է, թէ մէզ բուրող արու կնգղաւոր կապիկը բաւական հրապուրիչ է էգ կապիկին համար…:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են չորս էգ կնգղաւոր կապիկներ, որոնց հոտոտալ տուած են նախապէս չափահաս ու փոքր արու կնգղաւոր կապիկներէ հաւաքուած մէզերու նմուշներ: Ապա անոնք մագնիսական հնչեղութեամբ բանող նկարահանման սարքերու միջոցով հետեւած են այդ էգ կապիկներուն ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ յառաջացած փոփոխութիւններուն եւ գտած են, թէ անոնց հոտառութեան ու սեռային վարուելակերպին հետ առնչուած բաժինները շատ աւելի աշխուժացած են չափահաս կապիկներուն մէզը հոտոտալէն ետք, քան` փոքր կապիկներուն մէզը հոտոտալէն ետք:

Միւս  կողմէ, սակայն, մասնագէտ Ֆիլիփս ըսած է, թէ տակաւին յստակ չէ, թէ իրենց մէզով լուացուող արու կնգղաւոր կապիկները ճիշդ ինչպիսի՛ պատգամ կ՛ուղարկեն էգ կնգղաւոր կապիկներուն:

Ան յայտնած է, թէ չափահաս արու կապիկներուն մէզը կը պարունակէ համեմատաբար մեծ տարողութեամբ արուներուն յատուկ եղող սեռային հորմոններէն թեսթոսթերոն կոչուած հորմոնն ու անոր տարբաղադրուած մնացորդները, որոնք կրնան պատճառ դառնալ էգ կապիկներուն ուղեղին սեռային համակարգին հետ առնչուած բաժիններուն աշխուժացման, երբ այս վերջինները իրենց սուր հոտառութեամբ կը զգան արու կապիկներուն մէզին պարունակած թեսթոսթերոնին ու անոր մնացորդներուն յառաջացուցած հոտը:

Մասնագէտները գտած են նաեւ, թէ որքան մեծ եղած է արու կնգղաւոր կապիկներուն մէզին պարունակած թեսթոսթերոնին ու անոր տարբաղադրուած մնացորդներուն տարողութիւնը, այնքան աւելի մեծ եղած է անոնց էգ կնգղաւոր կապիկներէն հրապուրուելու հաւանականութիւնը:

Մասնագէտ Ֆիլիփս մէզով լուացուելու երեւոյթը նկատած է նաեւ էգ ու անչափահաս կնգղաւոր կապիկներուն մօտ, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ նշեալ երեւոյթը կրնայ նաեւ այլ նպատակներու ծառայելու համար կիրարկուիլ կնգղաւոր կապիկներուն կողմէ:

Ան նշած է նաեւ, թէ տակաւին կարելի չէ եղած քննարկել, թէ ինչպէ՛ս արու կնգղաւոր կապիկներուն ուղեղին տարբեր բաժինները կը հակազդեն էգ կապիկներուն մէզին հոտին:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝

«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍԱՌՈՒՑԵԱԼ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ՄԷՋ ՅԱՌԱՋԱՑԱԾ ԼՕՌԵՐՈՒ ԼՃԱԿՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՆՈՒԱԶԵՑՆԵԼ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՋԵՐՄԱՑՈՒՄ ՅԱՌԱՋԱՑՆՈՂ ՋԵՐՄԱՆՈՑԱՅԻՆ ԿԱԶԵՐՈՒՆ ՀՍԿԱՅ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Փետրուարի վերջաւորութեան ամերիկացի խումբ մը գիտնականներ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին տարբեր բաժիններուն մէջ գտած են կանաչ լճակներ, որոնք շրջապատուած են հալող սառոյցներու կտորներով: Նշեալ լճակներուն կանաչ գոյնը յառաջացած է անոնց մէջ աճող կանաչ լօռերուն պարունակած բուսականաչէն:

Լօռերն ու տարբեր տեսակի կանաչ բոյսեր իրենց գոյնը կը ստանան բուսականաչէն, որ կը կազմուի անոնց մէջ եւ կը նպաստէ, որպէսզի այդ բոյսերը կարենան պատրաստել իրենց սննդեղէնը` նշեալ գործընթացին համար անհրաժեշտ եղող արեւուն կարգ մը ճառագայթները ներծծելով:

Թէեւ նման լճակներ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կը յայտնուին գլխաւորաբար ամրան, երբ հետզհետէ բարձրացող ջերմաստիճաններուն պատճառով հսկայ սառցաժայռերէ սառոյցի կտորներ կտրտուելով` լճակներ կը կազմեն: Սակայն մասնագէտները բացատրած են, թէ վերջին տասնամեակին հետզհետէ ուշագրաւ դարձող ընդհանրական ջերմացման պատճառով սկսած է բարձրանալ կանաչ լճակներուն թիւը` նկատի ունենալով, որ տաք հովերը սառոյցի մեծ կտորներու վրայ փչելով` զանոնք հեռացուցած են ծովեզերքէն, ինչպէս նաեւ ովկիանոսին մակերեսին եղող  համեմատաբար տաք ջուրերը պատճառ դարձած են սառոյցներու հալելուն ու կտրտուելուն:

Ծանօթ է արդէն, որ ամրան, երբ ովկիանոսին սառոյցէն մաս մը կը հալի, լօռերուն աճին նպաստող սնուցիչ նիւթեր (օրինակ` երկաթը) կը խառնուին ջուրերուն: Այսուհանդերձ, երբ ընդհանրական ջերմացման պատճառով մեծ տարողութեամբ սառոյց կը հալի, ապա շատ աւելի մեծ տարողութեամբ սնուցիչ նիւթեր կը հայթայթուին լօռերուն եւ, հետեւաբար, անոնք կը նպաստեն մեծ տարողութեամբ լօռերու աճին:

Ընդհանրական ջերմացում կը յառաջանայ` օդին մէջ մեծ տարողութեամբ ջերմանոցային կազերու արտանետումով: Նշեալ կազերէն ամէնէն գլխաւորը` բնածխական կազը մեծ տարողութեամբ կը ներծծուի լօռերուն կողմէ, որոնք, բոլոր կանաչ բոյսերուն նման, իրենց սննդեղէնի պատրաստութեան համար կը գործածեն նշեալ կազը` միւս կողմէ թթուածին արտանետելով օդին մէջ: Այսուհանդերձ, Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կանաչ լճակներու յառաջացումն ու անոնց մէջ մեծ թիւով լօռերուն աճը որոշ չափով կը նպաստէ օդին մէջ բնածխական կազին տարողութեան նուազեցման:

ՍՆՆԴԱՆԻՒԹԵՐՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ «ՈՎԱՍԻՍ»ՆԵՐ…

Մասնագէտները գտած են, թէ ովկիանոսին մէջ յառաջացած այդ լճակներուն մէջ կ՛ապրին նաեւ լօռեր ուտող ծփակենսիկներ, փոքր խեցեպատեաններ, ինչպէս նաեւ ձուկի ու ծովային մարախի թրթուռներ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ Փաթրիսիա Եակըր Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ յառաջացած կանաչ լճակները սննդանիւթերով հարուստ «ովասիս» կոչած է` նկատի ունենալով, որ անոնք ծովային մեծ ու փոքր անասուններուն համար իբրեւ ապաստանարան ծառայած են:

Նշեալ լճակներուն մակերեսէն վերցուած ջուրերու նմուշներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ իւրաքանչիւր մէկ լիթր ջուր պարունակած է աւելի քան քառասունհինգ մայքրոկրամ բուսականաչ, որուն ունեցած տարողութիւնը հինգ անգամ աւելի եղած է Ամազոն գետին Ատլանտեան ովկիանոս թափող ու տարբեր սննդանիւթերով հարուստ եղող բաժինին պարունակած բուսականաչին տարողութենէն:

Մասնագէտ Եակըր ըսած է, թէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին սառցակտորներով շրջապատուած լճակներուն ջուրերը աշխարհի տարածքին տարբեր շրջաններու մէջ յայտնուած կանաչ ջուրերուն ամէնէն կանաչը եղած են:

ԲՈՒՍԱԿԱՆԱՉԻ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկացի կենսաբան Մարիա Վերնեթի համաձայն, արտասովոր երեւոյթ մը չէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին ջուրերուն մէջ մեծ տարողութեամբ բուսականաչ գտնելը` նկատի ունենալով, որ սառոյցով շրջապատուած լճակներուն ջուրերը կանոնաւոր կերպով կը խառնուին հալող սառոյցներէն յառաջացող անուշ ջուրերուն, ինչպէս նաեւ արեւուն ճառագայթները բաւարար տարողութեամբ կը հասնին անոնց: Նշեալ ազդակները նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծեն, որպէսզի լօռերը կարենան իրենց սննդեղէնը պատրաստել` բաւարար տարողութեամբ կազմուած բուսականաչին ներկայութեան: Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Վերնեթ արտասովոր գտած է իւրաքանչիւր մէկ լիթր ջուրի մէջ աւելի քան քառասունհինգ մայքրոկրամ բուսականաչ յայտնուելու երեւոյթը` նկատի ունենալով, որ նման տարողութեամբ ջուրի մէջ աւելի քան երեսուն մայքրոկրամ բուսականաչ գտնելը նոյնինքն բացառիկ երեւոյթ մը նկատուած է:

Մասնագէտ Վերնեթ ըսած է, թէ լօռերը ընդհանրապէս կ՛աճին ծովուն մակերեսէն մինչեւ քառասուն մեթր խորութեան մէջ եղող անուշ ջուրերու խաւերուն մէջ, որոնք յաճախ կը ծփան համեմատաբար ծանր եղող ծովու ջուրերուն վրայ:

ԾՓԱԿԵՆՍԻԿՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՄԱՆՐԷՆԵՐ Կ՛ԱԶԴԵՆ

ԲՆԱԾՈՒԽԻՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Մասնագէտ Եակըր նշած է, թէ Հարաւային սառուցեալ  ովկիանոսին կանաչ լճակներուն մթնոլորտին մէջ եղող բնածխական կազին տարողութիւնները ուշագրաւ կերպով նուազած են: Բնածխական կազին տարողութիւնները չափող սարքերը ցոյց տուած են, թէ նշեալ լճակներուն մթնոլորտին պարունակած բնածխական կազին տարողութիւնները գրեթէ չորս անգամ նուազ եղած են երկրագունդի մթնոլորտին պարունակած բնածխական կազին տարողութիւններէն:

Ան բացատրած է, թէ կեանքով լեցուն կանաչ լճակներուն մէջ տեղի ունեցող կենսաբանական գործընթացները ծովային այլ միջավայրէ շատ աւելի արագօրէն կ՛ընթանան: Այսուհանդերձ, լօռերը իրենց սննդեղէնի պատրաստութեան ընթացքին արեւուն ճառագայթներէն ձեռք ձգուած ուժանիւթը կը գործածեն` մթնոլորտին մէջ եղող բնածխական կազը ջուրին հետ խառնելու համար եւ, այդպիսով, բնածուխ կը կազմուի անոնց մէջ, որ իրենց սննդեղէնին գլխաւոր բաղկացուցիչը կը հանդիսանայ:

Միւս կողմէ, սակայն, կանաչ լճակներուն մէջ հաւաքուած մեծ թիւով ծփակենսիկները, որոնք  լօռերով կը սնանին, շնչառութեան ատեն բնածխական կազ կ՛արտաշնչեն, որ կը խառնուի մթնոլորտին կազերուն հետ:

Նշեալ լճակներուն մէջ գոյութիւն ունին նաեւ մեծ թիւով մանրէներ, որոնք կը տարբաղադրեն փճացած լօռերը եւ, այդպիսով, անոնց պարունակած բնածուխը բնածխական կազի վերածուելով` կ՛արտանետուի մթնոլորտին մէջ:

Կարգ մը կանաչ լճակներու մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով լօռեր, որոնք երբ փճանան, կ՛ընկղմին ովկիանոսին յատակը` իրենց հետ վերցնելով նաեւ իրենց պարունակած բնածուխը: Սակայն ատեններ մեծ թիւով մանրէներ ու ծփակենսիկներ հաւաքուած կ՛ըլլան կանաչ լճակներուն մակերեսին, եւ հետեւաբար, լօռերուն միջոցով ջուրերուն խառնուող բնածխական կազը կարճ ատեն մը ետք վերստին կ՛արտանետուի մթնոլորտին մէջ:

ԱՆՀԵՏԱՆԱԼՈՒ ՎՏԱՆԳԻՆ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՂՈՂ ԿԱՆԱՉ ԼՃԱԿՆԵՐԸ

Ամերիկացի ծովային կենսակազմաքիմիագէտ Լիզա Միլըր ըսած է, թէ կանաչ լճակներուն վրայ փչող հովերը համեմատաբար մեծ տարողութեամբ բնածխական կազ կը տարածեն ջուրերուն մակերեսին, ինչ որ կը նպաստէ, որպէսզի լօռերը շատ աւելի արագօրէն բնածխական կազ ներծծեն:

Մասնագէտ Միլըր յայտնած է նաեւ, թէ ձմրան ջուրերուն մակերեսին կազմուող սառոյցը կը կասեցնէ բնածուխին բնածխական կազի վերածուիլն ու վերստին մթնոլորտին մէջ արտանետուելու գործընթացը: Նաեւ սառոյցին տակ կը կուտակուի մեծ տարողութեամբ աղ պարունակող ջուր, ինչ որ յաւելեալ կը ծանրացնէ մակերեսին ջուրերը եւ ատիկա իր կարգին կը նպաստէ, որպէսզի փճացած լօռերը իրենց բնածուխին հետ միասին ընկղմին ովկիանոսին յատակը:

Մասնագէտ Միլըր նշած է, թէ Հարաւային սառուցեալ ովկիանոսին մէջ կազմուած կանաչ լճակներուն հետզհետէ բարձրացող թիւը որոշ չափով կը նպաստէ երկրագունդին կլիմային հաւասարակշռուելուն` նկատի ունենալով, որ այդ լճակները կարողութիւնը ունին մեծ տարողութեամբ բնածուխ պահելու իրենց մէջ:

Միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Եակըր բացատրած է, թէ որքան ալ նշեալ լճակները կարողութիւնը ունենան բնածխական կազի հսկայ տարողութիւններ նուազեցնելու մթնոլորտէն, ապա տեղ մը անպայմանօրէն կը սահմանափակուի անոնց կարողութիւնը:

Ան նշած է նաեւ, թէ նկատի ունենալով, որ ընդհանրական ջերմացման տարողութիւնները հետզհետէ կը բարձրանան, ապա սառոյցները գրեթէ ամբողջութեամբ պիտի հալին, նոյնպէս նաեւ` կանաչ լճակները շրջապատող սառոյցի կտորները: Հետեւաբար նշեալ լճակները հետզհետէ պիտի անհետանան եւ հալող սառոյցներուն պարունակած սնուցիչ նիւթերը պարզապէս պիտի տարածուին ովկիանոսին մակերեսին:

Մասնագէտ Եակըր ըսած է, թէ ընդհանրական ջերմացման պատճառով յառաջացած կլիմայական փոփոխութիւնները սկսած են աննախատեսելի փոփոխութիւններ յառաջացնել ովկիանոսներուն մէջ: Այսուհանդերձ, տարիներ շարունակ գոյութիւն ունեցող սառոյցներուն մտահոգիչ արագութեամբ հալիլը տեղ մը առիթ կ՛ընձեռէ, որպէսզի մասնագէտներ կարենան թափանցել ցարդ սառոյցներուն պատճառով անհասանելի նկատուած ծովային միջավայրերու մէջ:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝

«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»

ԶԻՆԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՀԱՐԲՈՒԽԻՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԸ
Փետրուարի կէսերուն ամերիկացի եւ հնդիկ խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ զինկով պատրաստուած դեղահատեր, օշարակ եւ կամ յատուկ շաքարներ կրնան նուազեցնել սովորական հարբուխին տեւողութիւնն ու անոր ախտանշաններուն տարողութիւնը:

Զինկը ճերմակ մետաղ մըն է, որ ընդհանրապէս կը գործածուի երկաթը խոնաւութենէ պաշտպանելու նպատակով պատրաստուած յատուկ նիւթերու մէջ:

Մասնագէտները գտած են, թէ երբ հարբուխի ախտանշաններուն դրսեւորուած ատեն զինկ պարունակող դեղահատեր տրուած են մարդոց, ապա անոնց մօտ արագացած է այդ ախտանշաններուն դարմանումը:

Մասնագէտները նշած են նաեւ, թէ զինկ պարունակող դեղահատեր յաճախակիօրէն գործածելը կրնայ պաշտպանել մարդկային մարմինը հարբուխին յառաջացման վտանգէն: Միւս կողմէ, սակայն, մեծ տարողութեամբ զինկը վնասակար է` նկատի ունենալով, որ անիկա թունաւոր մետաղ է: Այսուհանդերձ, զինկի յաւելեալ տարողութիւնները կրնան յառաջացնել սրտխառնուք եւ փսխունք, ինչպէս նաեւ փորի ցաւ ու փորհարութիւն:

Մասնագէտները հետամուտ են գտնելու զինկի այն յարմարագոյն տարողութիւնները, որոնք չեն վնասեր մարդկային մարմնին եւ միեւնոյն ատեն կը նպաստեն հարբուխին ախտանշաններուն մեղմացման:

Վիճակագրական տուեալներուն համաձայն, չափահասները ընդհանրապէս տարեկան 2-4 անգամ հարբուխ կ՛ըլլան, իսկ մանուկները` տարեկան մինչեւ տասը անգամ:

Ծանօթ է արդէն, որ հարբուխի ժահրերը մէկ հոգիէն միւսին կը փոխանցուին ո՛չ միայն հազալով եւ կամ փռնգտալով, այլ նաեւ` ժահրով ապականած մակերեսներու դպչելով, ինչպէս, օրինակ, դռներու բռնակներուն եւ կամ տարբեր առարկաներու ու ապա ձեռքերը քիթին դպցնելով:

ԶԻՆԿԸ ԿԸ ՆՊԱՍՏԷ ՄԱՐՄՆԻ ԲՆԱԿԱՆ

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ

Մասնագէտները գտած են, թէ զինկ պարունակող դեղահատերը կրնան նուազ վարակիչ դարձնել հարբուխը` նկատի ունենալով, որ անոնք կարողութիւնը ունին սովորական հարբուխի ժահրերը ծածկելու` այդպիսով կասեցնելով ռունգերուն բարակ խաւերէն ներս անցած ժահրերուն մարմնին մէջ թափանցումը:

Մասնագէտներուն կատարած տարրալուծարանային քննութիւնները ցոյց տուած են նաեւ, թէ զինկ պարունակող դեղահատերը կրնան կասեցնել ժահրերուն բազմապատկուելու գործընթացը:

Կարգ մը այլ փորձարկումներ ցոյց տուած են, թէ զինկը կրնայ նպաստել նաեւ մարմնի բնական պաշտպանութեան համակարգին մէջ տեղի ունեցող տարբեր գործընթացներուն աշխուժացման, ինչպէս նաեւ կրնայ կասեցնել մարմնին մէջ թափանցող ժահրերուն դէմ մարմնին ունեցած տհաճ հակազդեցութիւնները, որոնք ժահրերուն վնասելու փոխարէն կը վնասեն մարմնին:

Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի: Նշեալ մարդոց վրայ կատարուած փորձարկումները ցոյց տուած են, թէ անոնց մօտ, որոնց զինկ պարունակող դեղահատեր, օշարակ  եւ կամ յատուկ շաքարներ տրուած են հարբուխի ախտանշաններուն յայտնուած օրը, նուազած է հարբուխին տեւողութիւնը, ինչպէս նաեւ մեղմացած է անոր ախտանշաններուն տարողութիւնը: Միւս կողմէ, սակայն, անոնց մօտ, որոնց դեղահատի տեսք ունեցող, սակայն որեւէ տեսակի շաքարով պատրաստուած եւ բուժիչ յատկութիւն չունեցող «դեղահատեր» տրուած են, համեմատաբար երկարատեւ ու ծանր եղած են հարբուխին ախտանշանները:

ԶԻՆԿԻՆ ՅԱՐՄԱՐԱԳՈՅՆ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՃՇԴԵԼԸ` ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ

Ինչ կը վերաբերի մանուկներուն, մասնագէտները գտած են, թէ այն մանուկները, որոնց հինգ ամիս շարունակ օրական տասնհինգ միլլիկրամ զինկ պարունակող օշարակ եւ կամ յատուկ շաքարներ տրուած են, նուազ յաճախականութեամբ հարբուխ եղած են տարուան ընթացքին:

Մասնագէտները նկատած են, թէ զինկ պարունակող դեղահատեր գործածող կարգ մը մարդոց մօտ սրտխառնուք յառաջացած է, իսկ ոմանք ալ իրենց բերնին մէջ տհաճ համ զգացած են:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող հնդիկ մասնագէտ Մինու Սինկ ըսած է, որ թէեւ զինկը նպաստած է հարբուխի դարմանումին, միւս կողմէ, սակայն, տակաւին կարելի չէ եղած յստակացնել, թէ ճիշդ ո՛րն է զինկի այն յարմարագոյն տարողութիւնը, որ հարբուխի դարմանումին նպաստելուն առընթեր, իբրեւ թունաւոր մետաղ չի վնասեր մարդկային մարմնին: Այսուհանդերձ, ան անհրաժեշտ նկատած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ` ճշդելու համար զինկ պարունակող դեղահատերուն յարմարագոյն տարողութիւններն ու անոնց գործածութեան տեւողութիւնը, որպէսզի կարելի եղած չափով նուազ ըլլայ զինկին ունեցած վնասակար ազդեցութիւնը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

ԱՌԱՆՑ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ԴԻԱԶՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՂ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԻ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ` ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ
Մարտի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ զարգացուցած են առանց վիրաբուժութեան դիազննութիւն կատարող այնպիսի՛ միջոց մը, որուն մէջ անհրաժեշտութիւն չէ ստեղծուած դիակին տարբեր մասերը ճեղքելու` գտնելու համար մահացողին մահուան պատճառը:

Նշեալ միջոցին մէջ մասնագէտները գործածած են Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարք մը, որ կրցած է ցոյց տալ տուեալ դիակի մը մէջ յառաջացած կոտրուածքները, քաղցկեղի վերածուած ուռերն ու տարբեր տեսակի վէրքերը: Այսուհանդերձ, մահուան պատճառը ճշդելու ծիրին մէջ նշեալ միջոցով եղած դիազննութիւնը ունեցած է ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ ճշգրտութիւն:

Վիրաբուժութեամբ կատարուող սովորական դիազննութեան գործընթացը յաճախ  նեղացուցիչ կը դառնայ մահացողին ընտանիքին համար: Կարգ մը միջավայրերու կրօնական համոզումները կը հակադրուին դիազննութեան` այդպիսով շփոթեցուցիչ կացութիւններ ստեղծելով անոնց մօտ: Հետեւաբար, եթէ կարելի ըլլայ դիազննութիւն կատարել` առանց վիրաբուժութեան ենթարկելու դիակը, ապա անիկա կրնայ առաջքը առնել վերոնշեալ կացութիւններուն յառաջացման:

ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋՈՑ

Դիազննութիւն կատարող նորագոյն միջոցին մէջ մասնագէտները մահացողին սիրտը մանրամասնօրէն քննելու համար ճեղքած են վիզը եւ բարակ խողովակ մը տեղադրելով անկէ անցնող մայր երակի մը մէջ` զայն հասցուցած են սրտի պսակաձեւ երակներուն: Նշեալ փոքր խողովակը օդ ու ապա ճերմակ ներկ մը ներարկած է վիզէն դէպի սիրտ հրուած ատեն: Նշեալ ներարկումէն ետք մասնագէտները անգամ մը եւս գործածած են Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքը` փնտռելու համար սրտի հիւանդութեան հետ առնչուած որեւէ ապացոյց:

Ցարդ մասնագէտները դիազննութեան նշեալ միջոցը փորձարկած են երեսուներեք մահացած մարդոց դիակին վրայ:

Դիազննութեան նորագոյն միջոցին ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Սառա Սոնտըրզ ըսած է, թէ ընթացիկ տարուան մէջ կատարուելիք յաւելեալ փորձարկումները շատ հաւանաբար բարձրացնեն նշեալ միջոցով կատարուող դիազննութեան ունեցած ճշգրտութեան տարողութիւնը եւ, այդպիսով, արագացնեն դիազննութիւն կատարող տարբեր բաժանմունքներու կողմէ նշեալ միջոցին որդեգրումը:

Նախապէս այլ մասնագէտներ եւս փորձած են առանց վիրաբուժութեան դիազննութիւն կատարող տարբեր միջոցներ գտնել, սակայն տարբեր պատճառներով կարելի չէ եղած վաւերական արդիւնքներ ձեռք ձգել նշեալ ծիրին մէջ կատարուած փորձարկումներէն: Հետեւաբար Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքին միջոցով կատարուած դիազննութիւնը կարելի է ամէնէն յաջողը նկատել առանց վիրաբուժութեան կատարուող դիազննութեան հետ առնչուած ցարդ փորձարկուած տարբեր միջոցներուն մէջէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

ՁՄԵՌՆԱՔՈՒՆԻ ՄԷՋ ԵՂՈՂ ԱՐՋԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԿԵՐՊՈՎ ՏԱՔ ԿԸ ՄՆԱՅ…
Փետրուարի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը անասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող սեւ արջերուն մօտ, որոնց մարմնին փոխարկական աշխատանքները ուշագրաւ կերպով կը նուազին, աննշան կերպով կը նուազին մարմնին ջերմաստիճաններուն տարողութիւնը:

Ծանօթ է արդէն, որ ձմեռնաքունի մտնող անասունները ընդհանրապէս այդ վիճակին մէջ կը մնան 5-7 ամիս, որուն ընթացքին անոնք չեն ուտեր ու խմեր, ինչպէս նաեւ չեն միզեր ու ծրտեր: Ապա գարնան անոնք դուրս կու գան իրենց որջէն ու կը շարունակեն իրենց աշխուժ կեանքը` առանց որեւէ փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալու ֆիզիքապէս:

Մասնագէտներու մօտ երկար ատեն տիրական դարձած է ա՛յն բացատրութիւնը, թէ ձմեռնաքունի անցնող անասուններուն մարմինը, դիմանալու համար այնքան երկարատեւ ծոմապահութեան, կը նուազեցնէ իր մէջ տեղի ունեցող փոխարկական աշխատանքներուն տարողութիւնը:

Մարմնին փոխարկական աշխատանքները ա՛յն քիմիական գործընթացներն են, որոնց միջոցով տարբեր սննդեղէններ կը վերածուին ուժանիւթի:

Վերոնշեալ իրողութեան առընթեր, մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող անասուններուն մարմնին ջերմաստիճանները եւս ինքնաբերաբար կը նուազին` փոխարկական աշխատանքներուն դանդաղեցումով:

Նշեալ ծիրին մէջ կատարուած տարբեր տեսակի ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղող անասուններուն մարմնին ջերմաստիճանին իւրաքանչիւր տասը աստիճան սելսիուս նուազումը համազօր եղած է մարմնին փոխարկական աշխատանքներու տարողութեան յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ նուազեցման:

ՎԱՅՐԿԵԱՆԸ ՄԻԱՅՆ ԻՆՆ ԱՆԳԱՄ ՏՐՈՓՈՂ ՍԻՐՏԸ…

Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, նման տարողութեամբ ջերմաստիճաններու նուազում չէ յայտնուած Ալասքայի մէջ ձմեռնաքունի անցնող սեւ արջերուն պարագային: Նշեալ արջերուն մարմնին ջերմաստիճանը ընդհանրապէս երեսուներեք աստիճան սելսիուս է իրենց աշխուժ վիճակին մէջ: Սակայն մասնագէտները գտած են, թէ ձմեռնաքունի մէջ եղած ատեն անոնց մարմնին ջերմաստիճանը նուազած է միայն 5-6 աստիճան սելսիուս:

Ինչ կը վերաբերի անոնց սրտի զարկերուն, ապա աշխուժ վիճակի մէջ եղած ատեն անոնց սիրտը տրոփած է վայրկեանը յիսունհինգ անգամ, իսկ ձմեռնաքունի ամբողջ տեւողութեան այդ տրոփումները նուազած են իննի: Ձմեռնաքունի մէջ եղած ատեն պատահած է, որ մէկ սրտի զարկէն միւսին միջեւ եղած ժամանակամիջոցը հասած է քսան երկվայրկեանի:

Մասնագէտները բացատրած են, թէ նկատի ունենալով, որ ձմեռնաքունի ընթացքին արջերուն մարմնին փոխարկական աշխատանքները ուշագրաւ կերպով կը դանդաղին, այսուհանդերձ, սրտի տրոփումները եւս կը սկսին ինքնաբերաբար նուազիլ, քանի որ իւրաքանչիւր տրոփումի հետ արեան միջոցով մարմնին տարբեր բաժիններուն հասնող ու բջիջներուն մէջ կայացող փոխարկական աշխատանքներուն համար անհրաժեշտ եղող մեծ տարողութեամբ, թթուածինի կարիքը չզգացուիր այդ դանդաղած աշխատանքներուն կայացման համար:

Հետեւաբար ձմեռնաքունի մտած արջերուն սիրտը վայրկեանը ինն անգամ տրոփելով` բաւարար տարողութեամբ թթուածին կ՛ապահովէ ուշագրաւ կերպով դանդաղած փոխարկական աշխատանքներուն համար:

ՁՄԵՌՆԱՔՈՒՆԻ ՄՏԱԾ ՅՂԻ ԱՐՋԵՐՈՒՆ ՄԱՐՄՆԻՆ

ՋԵՐՄԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ՉԵՆ ՏԱՐՈՒԲԵՐԻՐ

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի անասնաբնախօս Օյվինտ Թոյէն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը Ալասքայի քարայրներուն մէջ գտած են ձմեռնաքունի մտած արջեր: Անոնք նշեալ արջերուն մարմնին վրայ տեղադրած են տարբեր սարքեր, որոնց միջոցով ձմեռնաքունի ամբողջ տեւողութեան հետեւած են անոնց մարմնին պարզած ջերմաստիճաններուն, սրտի զարկերուն ու այլ ազդակներու` նախքան զանոնք արուեստական որջերու մէջ փոխադրելը:

Թէեւ տակաւին այնքան ալ յստակ չէ, թէ ճիշդ ինչպէ՛ս արջերուն մարմնին մէջ տեղի ունեցող փոխարկական աշխատանքները յանկարծակիօրէն կը դանդաղին ձմեռնաքունի մտած ատեն, միւս կողմէ, սակայն, մասնագէտ Թոյէն ներկայացուցած է քանի մը տեսութիւններ, որոնք առնչուած են նշեալ երեւոյթին հետ:

Այսպէս, օրինակ, արջերը կրնան արջամուկերուն նման ըլլալ, որոնք նոյնպէս ձմեռնաքունի մտնող ստնաւորներ են, եւ որոնց մարմնին փոխարկական աշխատանքները կը կանոնաւորուին` իրենց մարսողական համակարգին կծկումով եւ գարնան, ձմեռնաքունի աւարտին, անոր վերստին ընդլայնումով:

Ամերիկացի կենսագէտ Պրայան Ռուրք, որ տարիներ շարունակ ուսումնասիրած է ձմեռնաքունի մէջ եղող արջերուն սրտին պարզած վիճակին հետ առնչուած մանրամասնութիւնները, ըսած է, թէ ձմեռնաքունի անցած իւրաքանչիւր արջ կրնայ կանոնաւորել իր մարմնին ջերմաստիճանները` զանոնք պատշաճեցնելով իր մարմնին պէտքերուն: Այսպէս, օրինակ, երբ յղի արջերը ձմեռնաքունի կ՛անցնին, անոնց մարմնին ջերմաստիճանները այնքան չեն տարուբերիր, որքան որ անոնք կը տարուբերին մնացեալ արջերուն պարագային, շատ հաւանաբար` տակաւին չծնած ձագը կարելի եղած չափով պաշտպանելու համար:

Մասնագէտները շեշտած են, թէ ձմեռնաքունի անցնող արջերուն հետ առնչուած նորագոյն ուսումնասիրութիւնը կրնայ նպաստել, որպէսզի կարգ մը հիւանդութիւններէ տառապող մարդոց տրուող դարմանումներու ծիրին մէջ գործնական որոշ բարեփոխումներ կատարուին:

Այլ խօսքով, նման ուսումնասիրութենէ մը կարելի է ձեռք ձգել այնպիսի՛ միջոցներ, որոնք կրնան նպաստել մարդոց մօտ յառաջացած մկաններու եւ կամ սրտի տարբեր հիւանդութիւններու հետ առնչուած դարմանումներուն: Այսպէս, օրինակ, ձմեռնաքունի անցած արջերուն նուազագոյն տարողութեամբ թթուածինով ողջ մնալու երեւոյթը լաւապէս հասկնալը կրնայ նպաստել ուղեղի կաթուածի պատճառով ժամանակաւոր կերպով ուղեղին բաւարար տարողութեամբ թթուածին չհասած հիւանդներուն վիճակը բարելաւող միջոցներու ստեղծման:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

(Օգտագործուած աղբիւրներ`

«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» եւ «ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»)