Զաւէն Archives - Aztag Daily

ՆԱՄԱԿ ԸՆԿԵՐՈՋՍ
Սիրելի՛ Զաւէն,

Արդէն քառորդ դար անցած է քու «մեկնումէդ»: Երէկ էր կարծես, բայց ահաւասիկ 25 տարիներ եկան ու անցան:

Ամէն մեկնում` քաղաքէ¬քաղաք կամ երկրէ երկիր,  դժուար է երբ սիրելիներ, հարազատներ, ընկերներ իրարմէ կը բաժնուին, կը զատուին: Նոյնիսկ հաղորդակցութեան այնքան զարգացած մթնոլորտին մէջ, երբ կարելի է օրական դրութեամբ, մերթ օրական քանի մը անգամ` հաղորդակցիլ հեռաւոր տեղեր գտնուող հարազատներու հետ, տակաւին մեկնումը տանելի չէ: Իսկ երբ աշխարհէն այլ ոլորտ կը մեկնին մարդիկ, որոնց հետ հաղորդակցութեան ո՛չ մէկ միջոց կայ, որքա՜ն աւելի դժուար է մեկնումը: Եւ դուն, Զաւէն, այդպիսի մեկնումով բաժնուեցար հարազատներէդ, ընկերներէդ, գիւղէդ, հողէդ եւ հայութենէդ… Գացիր, աւելի ճիշդը ոճրածին մարդիկ ղրկեցին քեզ, այնքան անժամանակ կերպով, երբ տակաւին դուն այնքա՛ն շատ տալիքներ ունէիր բոլորին, բոլորի՜ն…

Երանի շուտով հնարել կարելի ըլլայ բջիջային (անկէ լուր չունէինք քու մեկնումի օրերուն) այնպիսի հեռաձայն մը, որ կարենանք խօսիլ հետդ: Հաղորդել, որ քաղցր ու թթու բաներ շատ պատահեցան ու կը շարունակեն պատահիլ: Թերեւս դուն արդէն իսկ դուն վայրկեան առ վայրկեան կը հետեւիս մեզի: Ի՜նչ վնաս:

Երթդ բարի պիտի ըսենք, բայց ո՞ւր գացիր ա՛յ մեր տղայ: Դուն քու վերին կացարանէդ ի՞նչ կամ զով կը տեսնես: Կը տեսնե՞ս, որ ամէն տարի հարազատներդ եւ ընկերներդ կը հաւաքուին քու շիրիմին շուրջ: Անոնք միայն այդ օրը չէ, որ կը յիշեն քեզ: Այո՛, կեանքի պահանջները, մտմտուքները շատ են, բայց դուն միշտ ալ մեր մէջ կ՛ապրիս:

Կլոր թիւերու առիթով ամեակներդ յատուկ շուք կը ստանան: Հիմա 25¬ամեակն է քու նահատակութեան եւ զայն պիտի նշենք ըստ արժանւոյն: Յուսամ հոգիդ սփոփող, զովացնող առիթ կը սեպես զայն:

Սիրելի՛ Զաւէն,

Մեր երկրագունդը կը շարունակէ ինքնիր վրայ եւ արեւուն շուրջը դառնալ: Օրեր կու գան ու կ՛երթան: Մերթ արեւը բարի կը բացուի մեր վերեւ: Քու գիւղի զաւակները գործի կ՛երթան: Պարտէզները հիմա շատ ու շատ սղած են թէ՛ որպէս հող եւ թէ՛ իբրեւ արտադրութիւն: Հոն խնդացող եւ հայհոյողներ կան, մի՛շտ:

Աշակերտներ դպրոց կը յաճախեն ու կը լիցքաւորուին: Կը սպասեն վառ ապագայի: Ափսո՜ս, որ գիւղը չունի աշակերտութեան այն թիւը, որ քու օրերուդ ունէր: Սակայն դպրոցները կը շարունակեն ուսում ջամբել նորահաս սերունդներուն: Եւ գիտե՞ս, որ Արմէնդ մէկ դպրոցին տնօրէնն է այսօր: Դուն այդ դպրոցին հոգաբարձու եղած էիր ժամանակին: Հիմա քու գործը, աւելիով, կը շարունակէ որդիդ:

Գիտես չէ՞, որ երբ տագնապ մը ծագէր, կոմիտէն անմիջապէս, ինքնաբերաբար տետրակները հաւաքելով Համազգայինի ակումբը կ՛երթար եւ հոն կը տեղաւորուէր: Հիմա, քանի տարիէ, արդէն իսկ հոն հաստատուած է, մնայուն կերպով: Իսկ Լիբանանի մէջ տագնապ գիտակցութիւնը մնայուն ապրումի վերածուած է: Զէնքերը լռած, գրեթէ լռած են, բայց լիբանանցիք կը սիրեն գզվռտիլ, թէկուզ եւ լեզուներով, թատրոնով, փառատօներո՜վ…

Դուն եւ քու սերնդակիցներդ կ՛ապրէինք Հայաստանը անկախ տեսնելու երազով: «Դարձեալ փայլեց, Սասնայ գլխին…»ը մեր նախասիրած երգն էր: Քու մեկնումէդ  քանի մը տարի ետք միայն, այդ երգը սկսաւ երգուիլ Ազատութեան հրապարակին վրայ: Այն օրերուն Լենինի հրապարակ կը կոչուէր. նոյն Լենինի արձանին ծանր շուքին տակ, հայեր ազատութիւն եւ այլ բաներ կը պահանջէին: Անկախացան հայերը, Զաւէ՛ն: Շատ փայլուն երազները չքացան: Բայց կը մնայ անկախ հայրենիքը երկու տասնամեակէ ի վեր: Հիմա կ՛երազենք զայն բարգաւաճ, խաղաղ ու արդար տեսնել: Հին թշնամիները մեր դրացնութեան մէջ կը մնան եւ կը նեղեն մեզ: Բայց կը տոկանք, պիտի տոկա՛նք: Այդ է հայուն ճակատագիրը` թուրքին թրքութիւնը յաղթահարել…

Նոյնիսկ բուն Սասնոյ մէջ այսօր հայու իրաւունք փնտռողներ կան, Զաւէ՛ն: Համեստ, բայց հայու իրաւունքներ են ատոնք: Հին ֆետայիներու թափած արիւնը տակաւին չէ ջնջուած անոր սարերէն ու քարերէն: Հայու հողին վրայ հայեր կ՛ապրին, ուրի՜շ սովորութիւններով, ուրի՜շ աղօթքով, բայց հա՛յ են…

Ա՜խ Զաւէն, զորն ասեմ, զորն հաղորդեմ: Երանի չմեկնէիր այդպէս` վաղաժամ: Գործ շատ էր, եւ դուն ընելիք պիտի ունենայիր, շա՛տ: Ափսո՜ս, որ մարդիկ  չեմ գիտեր ի՛նչ սեւ կիրքերուն գոհացում տալու համար, վէս գլխուդ փամփուշտ ուղղեցին: Գիտե՞ս չէ, ճակտէդ չէին համարձակած հարուածել քեզ: Գլխուդ ետեւէն հարուածած էին քեզ: Մեզ քեզմէ անջատեցին. հասա՞ն իրենց նպատակին:

Միակ բան մը ըսելով վերջացնեմ, Զաւէ՛ն տղայ,

Քու սիրած ակումբին բակը, հոն ուր ծիրանի ծառ մը կար ժամանակին, քու, Սարգիսին եւ այնճարցի մնացեալ նահատակաց տղոց յիշատակը վառ պահելու համար սպիտակ յուշարձան կանգնեցուցինք: Այդ մարմարեայ զանգուածը մի՛շտ կը յուշէ ձեր մասին… Նաեւ նորերուն, եկող սերունդներուն, պիտի յուշէ ձեր մասին:

Բայց երանի՜ գացած չըլլայիր, որ շարունակէիր ձեռք տալ Այնճարին, թէկուզ եւ թատրոնով, ասմունքով եւ ապրէիր մեզի հետ, լա՜ւն ու վա՛տը…

ԸՆԿԵՐ ՃՈՐՃ