Թուրքիա Archives - Aztag Daily

ԷՐԿԵՆԵՔՈՆԻ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԵԱՀԿ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄ ՊԷՏՔ Է ՑՈՒՑԱԲԵՐԵՆ
Էրկենեքոնի, «Լախտի հարուած»ի եւ նման ստուերոտ պետական խոր ցանցերու եւ դաւադիր կազմակերպութիւններու հետաքննութիւնը, անոնց ասպարէզ կարդալը (որ Թուրքիոյ համար կենսական է թափանցիկ, վստահելի եւ իսկական ժողովրդավար ըլլալու օրէնքի իշխանութեամբ) նոր ուղղութիւն մը ստացաւ վերջերս, երբ 11 անձեր, ներառեալ լրագրողներ արգելափակուեցան:

Ձերբակալուած լրագրողներուն մէջ կան հանրածանօթ դէմքեր, ինչպէս` «Միլլիյէթ» օրաթերթէն Նետիմ Շեներ եւ Ահմեթ Շիք: Վերջինս «Նոքթա» թերթին մէջ հրատարակած է տխրահռչակ «Պետական հարուածի օրագրութիւններ»ը` որոշ խմբակներու միտքերուն մէջ շփոթ յառաջացնելով:

Խորքին մէջ մենք պէտք է ընդունինք, որ այսպիսի շփոթ մը բնականոն է, որովհետեւ հանրութեան տեղեկութիւնը կը փոխանցուի խոտոր, վնասաբեր ձեւով:

Արդարեւ, խմբակներն ու տեղեկատուական կազմակերպութիւնները, որոնք դէմ են ըսուած հետաքննութիւններուն, միակողմանի տեղեկութիւններ կը փոխանցեն ե՛ւ ներքին հանրային կարծիքին, ե՛ւ արտաքին աշխարհին, մինչ դատական իշխանութիւնները, ըստ օրէնքի, իրաւունք չունին արտայայտուելու եւ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ այսպիսի գործողութիւն մը շղթայազերծած են:

Հետաքննութիւններուն գաղտնապահութեան սկզբունքը կը կապէ ձեռքերը իշխանութիւններուն, որոնք լաւագոյնս գիտեն գործողութիւններուն էութիւնը, հետեւաբար անոնք չեն կրնար հրապարակային յայտարարութիւններով ուղղել հետաքննութիւններուն մասին սխալ գաղափարները: Միակ ընտրանքը, որ տրամադրելի է, իրենց հանրութեան հետ բաժնելն է շօշափելի եւ փաստացի տուեալները, զոր հետաքննութենէն ետք ատեանները ընդունած են:

Ուրեմն, ներկայիս ներքին եւ միջազգային հանրային կարծիքը «կը ռմբակոծուի» արգելափակեալներու մասին միակողմանի տեղեկութիւններով:

Աւելի՛ն. այս «ռմբակոծումը» կու գայ ապատեղեկատուութեան, քարոզչութեան եւ նոյնիսկ սեւ քարոզչութեան ձեւերով, որոնք յաճախ օգտագործուած են` յարգելով ստորագրութիւնը վերջին զարգացումներուն, «Լախտի հարուած»ի (պետական հարուածի ծրագիրը), «Վանդակ» (քաոսի ծրագիրը), Փոյրազքոյի մէջ գրաւուած զէնքերը, «Պետական յարձակումի խորհուրդը» եւ այլն: Հետեւաբար բազմաթիւ անձեր ժխտական առաջին տպաւորութիւններ ունին որեւէ հետաքննութեան հանդէպ:

Նախ եւ առաջ ամէն ոք պէտք է համաձայն գտնուի հետեւեալ սկզբունքին. կարելի չէ երկիր մը ժողովրդավար անուանել, եթէ մարդոց (անկախ անոնց գաղափարախօսութենէն, փիլիսոփայութենէն, տեսակէտէն եւ կենսաձեւէն) արտօնուած չէ ազատօրէն արտայայտելու իրենց միտքերն ու տեսակէտները, որոնք չեն սահմանուիր իբրեւ ատելութեան ոճիր:

Եթէ ոեւէ անձ իր գաղափարներուն եւ լրագրողական գործունէութեան առնչութեամբ դիմագրաւէ ճնշում, սպառնալիք, արգելափակում, ձերբակալութիւն, բոլոր ժողովրդավարները, առանց խտրական մօտեցումի, պէտք է կանգնին այս ճնշումներուն դէմ:

Մտածելու ազատութիւնը, արտայայտուելու ազատութիւնը եւ մամուլի ազատութիւնը իրաւ ժողովրդավարութեան կենսական պայմաններն են, զորս կարելի չէ զոհել որեւէ նպատակի համար:

Ես այսու կը յայտարարեմ, որ եթէ հետաքննութեան պատճառին բացայայտումով, ինչպէս նաեւ հետաքննութեան հոլովոյթին մասին շօշափելի փաստով մենք նկատենք, որ խնդրոյ առարկայ լրագրողները հետաքննութեան ենթարկուած են բացառապէս միայն իրենց լրագրողական գործունէութեան համար, «Թուտէյզ Զաման»ը, ինչպէս անցեալին ըրած է, խիզախօրէն պիտի կանգնի հետաքննութիւնը վարած անձերուն դէմ:

Տակաւին, մեր նոր փորձառութիւնը կը նշէ, թէ մութ պատահարները, ստուերոտ զարգացումները, վարչական խորհուրդի (խունթա) գործունէութիւնը եւ պետական հարուածի փորձերը կարելի չէ իրականացնել առանց տեղեկատուական մարզի եւ լրագրողներու զօրակցութեան: Պէտք չէ մոռնանք, որ Էրկենեքոն ցանցի գործունէութեան տարրական դաշտը քարոզչութեան սերմանումն ու սեւ քարոզչութիւնն է: Աւելի՛ն. պէտք է նշենք, որ լրագրողները պիտակուած են իբրեւ ասոր ատակ կամ անատակ անձեր: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ զինուորականութեան խունթայի խմբակները համացանցին մէջ անցեալին 42 կայքէջեր հաստատած են, ժողովուրդին դէմ հոգեբանական պատերազմ շղթայազերծելու նպատակով:

Նաեւ պէտք չէ անտեսել Լախտի, Էրկենեքոնի, քաոսի վանդակի եւ պետական հարուածի ծրագիրներու հետաքննութիւնները վարկաբեկելու նպատակով կարգ մը լրատու կազմակերպութիւններու եւ լրագրողներու համարձակ ջանքերը:

Այն, որ ո՛չ մէկ պետական հարուած, ո՛չ ալ զինուորական միջամտութիւն կրնայ իրագործուիլ առանց տեղեկատուական կազմակերպութիւններու, պէտք չէ մտահան ընել (նոյնիսկ յետժամանակակից զինուորական պետական հարուածը, 27 փետրուար 1997-ին, գործողութիւն մըն էր, որ ամբողջովին շղթայազերծուեցաւ տեղեկատուական մարզին կողմէ):

Այլ խօսքով, տեղեկատուական որոշ կազմակերպութիւններ եւ կարգ մը լրագրողներ, այս երկրին մէջ, լաւ չեն գործեր ազատութեանց եւ ժողովրդավարութեան առումով: Թուրքիոյ դառն իրականութիւններէն մէկն ալ այն է, որ այդպիսիները խունթաներուն եւ պետական ցանցերուն հետ ունին յարաբերութիւններ, որոնք արհեստավարժ լրագրութեան սովորական սահմաններէն անդին կ՛երթան:

Մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է պաշտպանութիւն ցուցաբերել մեր պաշտօնակիցներուն, եթէ լրագրողական գործունէութեան առնչութեամբ որեւէ բան պատահի իրենց:

Այսպէս, շուրջ 5 հազար հետաքննութիւն եւ դատական լսում շղթայազերծուած է մեր պաշտօնակիցներուն դէմ, որոնք պարզապէս հաղորդած են Էրկենեքոնի հետաքննութեան մասին հանրամատչելի տեղեկութիւններ, այսինքն անոնք իսկապէս արհեստավարժ լրագրողներու գործունէութիւն ունեցած են:

Ուրեմն այս հետաքննութիւններն ու դատական լսումները ճնշումներու շարք մըն են, որուն մենք պէտք է դիմադրենք:

Այս ծիրին մէջ մեր քոյր թերթը` «Զաման», ինչպէս նաեւ` այլ թերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններ, որոնք հանրածանօթ են իրենց ժողովրդավարական կեցուածքներով, բարձր մակարդակի վրայ ճնշումներու ենթարկուողներու շարքին են:

Եթէ մամլոյ ազատութիւնը իսկապէս նշանակութիւն մը ունի, ուրեմն մենք պէտք է մտահոգուինք մեր պաշտօնակիցներուն համար, որոնք ճնշումի կ՛ենթարկուին արհեստավարժ լրագրողութեան իրենց գործունէութեան համար:

Աւելի՛ն. ոչ մէկ արհեստավարժ խումբ, ոչ մէկ ոճրագործ անմեղ է եւ պէտք է անձեռնմխելի ըլլայ դատական հետապնդումի հոլովոյթէն, այն պատճառաբանութեամբ, թէ իր «գործը» ըրած է:

Օրէնքը անհատներու գործած սխալներով, յանցանքներով կը զբաղի, այլ ոչ թէ` անոնց անհատականութեամբ, ասպարէզով եւ դիրքով:

Այսպէսով, ուսուցիչ մը, գիտնական մը կամ ճարտարագէտ մը կրնան ոճիր մը գործել: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ լրագրողներու, եւ շատ հաւանական է, որ լրագրող մը ընէ արարքներ, որոնք ըստ օրէնքի յանցանք են: Մենք` իբրեւ ժողովրդավար  եւ ազատական լրագրողներ, չենք կրնար կանխաւ հաստատել, թէ Շեներ, Շիք եւ այլ լրագրողներ յանցաւոր են: Բայց նաեւ մեզի համար անփափկանկատութիւն եւ ապօրինի է մեծ աղմուկ ստեղծել գաղտնապահութեամբ ընթացող հետաքննութեան շուրջ եւ յայտարարել, թէ քննուող բոլոր լրագրողները անմեղ են:

Այս հանգրուանին ամէն ոք պէտք է սպասէ, որպէսզի հետաքննութիւնը կարելի ըլլայ առողջ ձեւով վարել: Ի վերջոյ հետաքննութիւն մըն է, որ վարած են դատախազները, եւ որ վաւերացուցած է դատարանը: Անոնք միայն երկու օրուան համար կ՛արգելափակուին: Որմէ ետք դատախազները երկու օր եւս կը պահանջեն ատեանէն: Չորս օրուան մէջ, արդար եւ անկախ ատեաններ նկատի կ՛առնեն դատախազներուն հաւաքած փաստերը եւ կ՛որոշեն, թէ նշեալ լրագրողները պէ՞տք է հարցաքննել իրենց լրագրողական կամ ապօրինի գործունէութեան համար:

Առնուազն, մինչեւ որ դատարանը այս որոշումը հրապարակէ, ամէն ոք պէտք է հանդարտ վարուի եւ հետեւի զարգացումներուն: Ասիկա կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան, ԵԱՀԿ-ին եւ միջազգային այլ դերակատարներուն: Այս առումով, Եւրոպական Խորհուրդի եւ այլ միջազգային կառոյցներու հապճեպ, առանց հարցի ամբողջական հասկացողութեան, հրապարակած յայտարարութիւնները կարելի է   յարգել մամլոյ ազատութեան վրայ իրենց դրած շեշտին համար, սակայն անոնք հաւասարապէս սխալ, անկապ եւ անտեղի են, տրուած ըլլալով, որ ասիկա կրնայ ազդել ընթացող հետաքննութեան վրայ:

Ի՛նչ ճնշումներ ալ դիմակալեն այս կառոյցները եւ հաստատութիւնները, կ՛ակնկալուի, որ որդեգրեն հանդարտ մօտեցում մը:

Եթէ նկատուի, որ այս արգելափակումները իսկապէս կը խախտեն, կ՛ոտնակոխեն մամլոյ ազատութիւնը, այն ատեն մենք բոլորս միասին պիտի բարձրացնենք մեր ձայները:

Բայց նախ մենք պէտք է համբերենք, որպէսզի հասկնանք, թէ իսկապէս ի՛նչ կը պատահի:

ՊԻՒԼԵՆՏ ՔԵՆԷՇ

ԻՆՉՈ՞Ւ ՅԵՏՔԵՄԱԼԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ
Եթէ Թուրքիա չձերբազատի քեմալականութենէն` իբրեւ պետութեան եւ ընկերութեան բաղկացուցիչ տարրէ, մենք չենք կրնար ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը եւ լուծել քրտական հարցը:

Լաւագոյն բանը, զոր քեմալական պետութիւնը կրնայ հրամցնել, զինուորականութեան հսկողութեան տակ «խնամակալութեամբ ժողովրդավարութիւն»ն է:

Քեմալականութիւնը իր հետքը ձգած է պետական կառոյցին, քաղաքական մշակոյթին եւ ազգային հոգեբանութեան, մտայնութեան վրայ:

Քեմալականութիւնը իր էութեան, իսկութեան մէջ նկատի կ՛առնէ միատարր ազգ մը եւ կարգապահ ընկերութիւն, հանրութիւն մը: Քանի որ ազգը, երկիրը միատարր չէ, այլ` ցեղային եւ կրօնական հատուածներէ բաղկացած, պետական կառոյցը օգտագործուած է չքացնելու, անհետացնելու համար տարբերութեանց աղբիւրները, կամ` առնուազն լռեցնելու համար այլազանութեան պնդումները: Ասոնց իբրեւ հետեւանք սկսան քիւրտերը եւ ոչ իսլամներու արտաքսումը հանրապետութեան ժամանակաշրջանին: Այսպիսով, պետութեան ընտրանին վերածուեցաւ միատէր իշխանութեան դէմ առ դէմ ընկերութեան մը, որ ենթակայ էր պետութեան միջամտութեան:

Աւելի՛ն. գագաթէն մինչեւ ստորոտ արդիականացման ծրագիրը, ինչպէս արտացոլուած է արմատական բարեկարգումի շարժումին մէջ հանրապետութեան առաջին օրերուն, ենթադրաբար ստանձնեց կարելիութիւնը կառուցելու, կերտելու «նոր ընկերութիւն» մը, որ ներդաշնակ ըլլայ պետական ընտրանիին առաջադրած գաղափարախօսութեան:

Ընկերութիւնը կ՛ենթադրուէր, թէ պէտք էր ըլլար «արդի աշխարհիկ, թրքական եւ հաւատարիմ», ինչպէս որ իրենց սորվեցուցած էին քեմալական յառաջամարտիկները:

Ընկերութիւնը արդի, աշխարհիկ եւ ազգային դարձնելու համար զայն պետութեան ընտրանիին ազդեցութիւններուն ենթարկելը, հիմնեց «նուիրապետական յարաբերութիւններ պետութեան եւ հանրութեան միջեւ»:

Ասոնք բոլորը ցոլացուցին այն հաւատքը, համոզումը, թէ «նոր ընկերութիւն» մը կարելի է կերտել պետութեան միջամտութեամբ` ըստ քեմալական ընտրանիին երեւակայած նախատիպին:

Բացայայտ է, որ ժողովրդավարութիւնը, որ պետութենէն բարձր կը դասէ ընկերութիւնը, կարելի չէ հաստատել այսպիսի նուիրապետական յարաբերութիւններով:

Դոմինիկեան, ամբոխավար վերաբերմունքը, որ տակաւին գերակայ է քեմալականներու եւ աշխարհիկ կարգերու ջատագովներուն մօտ, արգելք կը հանդիսանայ անոնց գուրգուրալու, փարելու ժողովրդավարութեան եւ ատոր քաղաքական արդիւնքին:

Այդ ատեն կարելի է հաստատել, թէ քեմալական խիստ օրէնքի տակ, որ պետութիւնը եւ անոր գաղափարախօսական յառաջամարտիկները ընկերութենէն բարձր կը դասէ, ժողովրդավարութիւն չի կրնար ծաղկիլ:

Ուրեմն, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովրդավարականացման հոլովոյթը անշրջելի, անդառնալի ընել Թուրքիոյ մէջ, յետքեմալական հանրապետութիւն մը անհրաժեշտ է:

Առնչուող խնդիր մըն են զինուորականութիւն-հանրութիւն յարաբերութիւնները: 1960 թուականի զինուորական պետական հարուածէն ի վեր զինուորականութիւնը ինքզինք հաստատեց իբրեւ քաղաքական ոլորտէն, ծիրէն անջատ եւ ինքնավար կառոյց:

Մինչ ան քաղաքականութենէն ինքնավար էր, վերջինս ենթակայ էր զինուորականութեան առաջնահերթութիւններուն եւ նախապատուութիւններուն: Ասիկա եղած էր այն պնդումով, թէ զինուորականութիւնը քեմալական հանրապետութեան յառաջապահն է:

1960 թուականի պետական հարուածէն ետք ինքն իրեն այսպիսի դերակատարութիւն մը տալը կ՛օրինականացնէ, կը պատրաստէ գետինը քաղաքական հարցերուն զինուորական մնայուն միջամտութեան:

Այսպիսով, քեմալականութեան կազմաւորումի, ուռճացման տարիները վերստեղծուեցան 1960-ականներուն` սահմանափակելու համար քաղաքականութիւնները եւ արդարացնելու զինուորականութեան համար դեր մը, իր կամքը պարտադրելու ժողովուրդին կամքին:

Քեմալականութեան զինեալ ուժերով զօրակցիլը ստեղծեց ճակատագրական, աղէտալի իշխանութիւն մը` ժողովրդավարական ուժերուն դէմ: Այս ծուղակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է բարեկարգել բանակը, ոչ իբրեւ գաղափարախօսական տարրի, որ կը փնտռէ քաղաքական ուժ, այլ` իբրեւ «արհեստավարժ» միաւորի: Այսպիսով, քաղաքացիական ամբողջական հսկողութիւն հաստատելով զինուորականութեան վրայ:

Ասիկա թէեւ չի կրնար իրականացուիլ քեմալական պետութեան մը մէջ, որուն հզօր հաստատութիւնները միշտ պիտի փորձեն քեմալականութեան իրենց գաղափարախօսական յանձնառութենէն ստանալ իշխելու, կառավարելու իրաւունքը:

Ուրեմն յետքեմալական պետութիւն մը պէտք է, որպէսզի կարելի ըլլայ ջնջել ներկայացուցչական հաստատութիւններու եւ ազգային կամքի վրայ գաղափարախօսական արդարացումներու օգտագործման հաւանականութիւնը:

Յետքեմալականութեան կարգի մը ստեղծման այլ պատճառը կը վերաբերի քրտական հարցին: Հարցին շարունակութիւնը, երկարաձգումը չէ խնդիրը, այլ` շահարկումը պետութեան ընտրանիին կողմէ, որ կը հաւատացնէ, թէ քրտական հարցը Թուրքիոյ ժողովրդավարացման արգելք, խոչընդոտ է:

Քրտական հարցը միշտ իբրեւ պատրուակ օգտագործուած է Թուրքիոյ մէջ մենատիրական քաղաքական կազմաւորումի համար: Ասիկա առաջին անգամ գործադրուեցաւ Շէյխ Սայիտի կազմակերպած 1925 թուականի քրտական ապստամբութեան լոյսին տակ: Ըմբոստութիւնը ճզմելու համար Անգարայի վարչակարգը չսահմանափակեց իր միջոցառումները միայն քրտական շրջաններու եւ քիւրտերու դէմ: Այլ առիթը օգտագործուեցաւ ճզմելու համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ բոլոր ընդդիմութիւնները: Յառաջդիմական հանրապետական ընդդիմադիր նոր կուսակցութիւնը փակուեցաւ եւ Պոլսոյ այլախոհ մամուլը լռութեան դատապարտուեցաւ Շէյխ Սայիտի ղեկավարած ըմբոստութիւնը ճզմելու արշաւի ծիրին մէջ:

Այդ ատենէն ի վեր ուղին, ծրագիրը չէ փոխուած. «Քրտական պահանջները» օգտագործուած են պետութեան մէջ մենատիրական տարրերու կողմէ` յետաձգելու համար ամբողջական ժողովրդավարութիւնը, ճզմելու, ոտնակոխելու մարդկային իրաւունքները, անտեսելու օրէնքի իշխանութիւնը, եւ տարածելու զինուորականացած քաղաքական մշակոյթ մը` հրահրուած օգտագործումովը քրտական պահանջներու սպառնալիքին, որ իբր թէ Թուրքիոյ ամբողջականութեան եւ արժանապատուութեան կը վնասէ:

Հետեւաբար, կերտելու եւ ամրապնդելու համար ժողովրդավարութիւնը այս երկրին մէջ, քրտական հարցը պէտք է լուծուի: Նախ` որպէսզի ուղղուին պահանջները, երկրորդ` որպէսզի պետութիւնը կարելի ըլլայ ձերբազատել, կամ կարելի ըլլայ պետութիւնը զրկել ամբողջական ժողովրդավարութեան պահանջներու գոհացումին յետաձգման պատրուակէ մը:

Եւ քրտական հարցը կարելի չէ լուծել քեմալականութեան ծիրին մէջ, որ կ՛երեւակայէ թրքական ազգ մը` դատապարտելով նոյնիսկ քիւրտ ժողովուրդը: Մէկ խօսքով, մենք յետքեմալական հանրապետութեան մը պէտք ունինք, որպէսզի ամրապնդենք ժողովրդավարութիւնը, հաստատենք քաղաքացիական հսկողութիւն` բանակին վրայ եւ լուծենք երկար ատենէ քաշքշուող քրտական հարցը:

ԻՀՍԱՆ ՏԱՂԻ

«ՄԵՆՔ ԱՅՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՊԻՏԻ ՉՄԻԱՆԱՆՔ…»
Էրկենեքոնի հետաքննութեան ծիրին մէջ լրագրողներու ձերբակալութիւնը ուժգին քամիներ կը յառաջացնէ տեղեկատուական մարզին մէջ:

Աղմկոտ երգչախումբ մը, որ կը նպատակադրէ ողողել բոլորը, ծնունդ առաւ մամլոյ ազատութեան պաշտպան անուան տակ:

Նոյնիսկ անոնք, որոնք սկիզբէն իսկ ակռաներով եւ եղունգներով կռուեցան բացայայտելու համար պետութեան մէջ ապօրինի կառոյցը, ջախջախուեցան, շուքի մէջ մնացին այս երգչախումբով:

Եթէ խնամատարական համակարգ կայ, այդ համակարգը իր սեփական տեղեկատուական ցանցը ունի: Եթէ պետական հարուածի մեղապարտ մը կայ, այդ մեղապարտը իրեն համար աշխատող, գործող թերթեր եւ լրագրողներ ունի: Մենք պէ՞տք է մոռնանք, թէ ինչպէ՛ս երեք օրաթերթեր նոյն խորագիրները հրապարակեցին զօրավարի մը պահանջին ընդառաջելով, 28 փետրուարի հոլովոյթին ատեն: Ասոր պատճառով տեղեկատուական աղբիւրներու համերաշխութիւնը Էրկենեքոնի հարցին առնչութեամբ, որ կը փորձէ մթագնել եւ խանգարել, նուազագոյն չափով չի զարմացներ զիս:

Իմ շրջապատէս մարդիկ ամէնէն շատ տառապեցան անարդարօրէն դատուելով: Զանոնք երէկ տանջողները նոյն մարդիկն են, որոնք այժմ կ՛երգեն` «Ո՛չ, անարդար դատավարութիւններու»: Մենք գիտենք, որ երբ իսկապէս անմեղ ես, ինչ կը զգաս իբրեւ ոճրագործ, աւազակ դատուելով, մեղադրուելով:

Եթէ խղճմտանքի հարց է, զիս ալ նկատի առէք: Ոչ միայն ես հզօր խիղճ ունիմ, այլեւ աստուածավախ եմ: Մաղթանքս, ոչ միայն մեր արգելափակուած պաշտօնակիցներուն այլեւ բոլոր անոնց, որոնք ձերբակալուած են Էրկենեքոնի հարցով, այն է, թէ անոնք անմեղ են, եւ թէ ամբաստանութիւնները անհիմն են:

Անարդար, անբարոյական եւ ստորութիւն է նոյնիսկ քու հակառակորդներուդ համար ըսել, թէ անոնք պէտք է պատժուին, երբ օրինական փաստեր չկան հաստատող, որ անոնք ոճիր գործած են: Ոճիր է, նոյնիսկ` մեղք, կամայականօրէն երկարաձգելը արգելափակման ժամանակամիջոցները եւ անարդար վերաբերում ցուցաբերելը մարդոց: Եթէ ոեւէ անձ այսպիսի արարք կը գործէ, ո՛վ որ ալ ըլլայ, կը բռնաբարէ օրէնքը, անարդարութիւն կ՛ընէ եւ վնաս կը պատճառէ Էրկենեքոնի դատական գործին:

Ինչո՞ւ Էրկենեքոնի դատական հոլովոյթը երկար կը տեւէ: Որովհետեւ հաստատութիւնները, որոնք կը զօրակցին խնամատարութեան, չեն օգներ արդարադատութեան, ընդհակառակը, կը փորձեն խափանել:

Սկսինք թրքական զինեալ ուժերէն:

Հազարաւոր վկայութիւններ կան ամբաստանութեան մէջ, որոնց մեծ մասը կ՛առնչուի թրքական զինեալ ուժերուն: Այդ ուժերը չե՞ն օգներ արդարադատութեան:

Ամիսներ տեւեց, մինչեւ որ հաստատուի, թէ ճակատագրական փաստաթուղթ մը  վաւերակա՞ն է, թէ՞ կեղծ: Արդարեւ, բանակի սպայակոյտի պետը փաստաթուղթը օդին մէջ ճօճեց եւ ըսաւ, թէ ատիկա ոչ այլ ինչ է, քան` աղբի կտոր մը: Երբ կը խօսէր զօրավարներու խումբի մը, ան վերցուց թեթեւ հակահրասայլային դատարկ զէնքերէն մէկը` յայտնաբերուած ստորերկրեայ, գաղտնի զինամթերանոցի մը մէջ, եւ ըսաւ, որ ատիկա միայն դատարկ «խողովակ» մըն է:

Ուրեմն ի՞նչ է կարգ մը կասկածելիներու փոխանցումը Կիւլհէյնի Զինուորական բժշկական ակադեմիա, կամ` տեղափոխումը զինուորականներու վերապահուած վայրեր:

Գրաւ կը դնեմ, որ եթէ թրքական զինեալ ուժերը իրենց ունեցած փաստերը յանձնեցին արդարադատութեան, դատավարութիւնը վեց ամիսէն կ՛եզրափակուէր:

Մենք նաեւ պէտք չէ անտեսենք քաղաքականութեան դերը Էրկենեքոնի դատի ուշացումին, յետաձգումին մէջ:

Ընդդիմադիր գլխաւոր կուսակցութեան ղեկավարը եթէ կ՛ըսէ, որ ինք կ՛ուզէ գիտնալ, թէ ո՞ւր է այս կազմակերպութիւնը, որ Էրկենեքոն կը կոչուի, եւ պիտի ուզէ անդամակցիլ ատոր, իսկ ապա կը դառնայ եւ կը բողոքէ, որ այս դատավարութիւնը ամբողջացնելը դժուար է, մարդիկ հարցականի չե՞ն ենթարկեր անոր անկեղծութիւնը, մաքրասրտութիւնը:

Ակնարկ մը նետենք բարձր արդարադատութեան: Դատը բացուած չէ՞ր կրկնօրինակի մը շուրջը: Կայի՞ն, թէ՞ չկային դատաւորներ բարձր ատեաններուն մէջ, որոնք կը գործէին Էրկենեքոնի զօրակցելով:

Դատաւորներու եւ դատախազներու Գերագոյն խորհուրդը անել կացութեան մատնուեցա՞ւ, թէ՞ ոչ, երբ փորձեց դատավարութեան համար նոր դատախազներ եւ դատաւորներ նշանակել:

Ինչո՞ւ կը կարծէք, որ կարգ մը ատեաններու միութիւններ պիտակաւորուեցան «պետական հարուածի կողմնակից միութիւններ»:

Այժմ դառնանք տեղեկատուական մարզին, որ կը կարծէք, թէ գտած է առիթ մը` աղաւաղելու, խեղաթիւրելու համար դատավարութիւնը, իրենց պաշտօնակիցներուն զօրակցելու պատրուակով:

Ես նոյնիսկ պիտի չնշեմ այն գրգռիչ խորագիրները, զորս անոնք հրապարակեցին 27 մայիս 1960 թուականի պետական հարուածի նախօրէին` զինուորականութենէն պահանջելով, որ քայլեր առնէ:

Եկէք` հարցնենք նախկին գլխաւոր յօդուածագիրի մը, որ վերջերս միացաւ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան եւ այսօր լրագրողներու հետ ձեռք-ձեռքի կը քալէ, թէ ո՞ւր էր իր խիղճը 28 փետրուարի հոլովոյթին ընթացքին: Մոռցիր քու պաշտօնակիցներուդ համար ոտքի ելլելդ, դուն չգրեցի՞ր առաջնորդող յօդուած մը` «Ճանչնանք մեր մէջ գտնուող վախկոտները» խորագիրով, եւ որոշ մարդիկ նոյնացուցիր իբրեւ թիրախներ:

Լրագրութի՞ւն է խօսիլը երկրորդ երիզի մը մասին Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Տենիզ Պայքալին առնչուող եւ գրելը, թէ կարելի չէ եղած արձանագրել Պայքալի վերաբերող սեռային բռնաբարումի դէպք մը, զոր Քեմալ Քըլըճտարօղլու ցարդ չէ մեկնաբանած:

Մենք գիտենք, թէ որո՛նք են խնամատարութեան եւ պետական հարուածի կողմնակից լրագրողները: Եթէ անոնք լրագրողներ կը նկատուին, ուրեմն բացայայտօրէն ես լրագրող չեմ:

Կ՛ափսոսամ, որ մեր կարգ մը անտարակուսելի պաշտօնակիցները ազդուած են այս երգչախումբէն:

Աստուած թող ներէ, բայց անոնց կարեկցանքը կրնայ չարաչար օգտագործուիլ, եղծուիլ:

Ոչ ոք մեր վրայ պէտք է ճնշում բանեցնէ, որովհետեւ մենք պիտի չմիանանք այս շատ ծանօթ երգչախումբին:

ՀԻՒՍԷՅՆ ԿԻՒԼԵՐՃԷ

ՔԱՆԻ՞ ՍԽԱԼ ՄԷԿ ՃԻՇԴԻ ՀԱՄԱՐ
Բնակարաններու սակե՞րը: Այլեւս հրատապ նիւթ չէ: Այս օրերուն, երբ բարեկամներ իրարու կը հանդիպին, աւելի հաւանական է, որ անոնք մտահոգ զրուցեն Թուրքիոյ կառավարութեան խնայողութեան այժմու հանգրուանի կրճատումներուն, սեղմումներուն, ինչպէս նաեւ Ուիքիլիքսի սպրդասացութիւններուն մասին, կամ քսան տարիքը թեւակոխածներուն պարագային` արդեօք երբեւիցէ աշխատանքի բաւարար առիթներ պիտի ըլլա՞ն:

Բրիտանիոյ մէջ կառավարութիւնը յաղթահարեց հանրային անտառները վաճառելու իր ծրագիրին նահանջը, երբ ամբողջ կեդրոնական Անգլիոյ մէջ ընթրիքներու հաւաքոյթներու ընթացքին մրմունջները վերածուեցան գոռում-գոչումի:

Ի՞նչն է, որ կը գրաւէ, կը զբաղեցնէ Թուրքիոյ մէջ շատախօսող դասակարգերը: Պատասխանը, կ՛ենթադրեմ, իշխանութեան ուժի օգտագործումն ու շահագործումն է:

Պոլիս Գահիրէ չէ, ոչ ալ Անգարան` Թրիփոլի կամ Թեհրան: Եթէ թրքական օրինակ, տիպար մը կայ, ատիկա օրինակ մըն է կառավաութեան, որուն աւելի բարգաւաճ վաղուան մը խոստումը վաւերական է, եւ ուր ընկերութիւնը իւրացուցած է թափանցիկութեան, պատասխանատուութեան եւ օրէնքի իշխանութեան արժէքները: Միաժամանակ հանրութիւնը կը գիտակցի, որ կը դիմակալէ բնականոն, բարոյական երկմտանքներ, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուի անցեալի բռնատիրութեան կտակին հետ: Թրքական հանրութիւնը միայն մտահոգ չէ, այլեւ` շուարած, շփոթած, թէ ի՛նչ բանի համար պէտք է մտահոգուիլ:

Առնենք անցեալ շաբթուան լուրերը: Ոստիկանութիւնը յատուկ գործողութեամբ մը ձերբակալեց անձնակազմը համացանցի վնասակար կայքէջի մը, որ կը փսխէր թունաւոր հռետորութիւն` փորձելով հրահրել բոլորին զայրոյթը:

Այսուհանդերձ, այնքան ալ մեծ չէ թիւը անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ Օտաթվ-ը իսկական սպառնալիք մըն է երկրին պարկեշտութեան, եւ թէ` ոստիկանութիւնը ձեռնակապերով եւ մահակներով պէտք էր ճզմէր սակաւաթիւ անմիտները:

Այլ դէպք մը կը վերաբերի Պետական խորհուրդի որոշումին` Տողան խմբակին դէմ հաստատուած 1,8 թրիլիոն թրքական ոսկիի տուգանքի ջնջումին: Դարձեալ, ոչ ոք պիտի պաշտպանէ այս կազմակերպութեան անցեալի գործունէութիւնը, եւ ես խոստովանած եմ իմ անկարողութիւնս նոյնիսկ կոկորդիլոսի արցունքներ թափելու անոր դժուարին կացութեան կամ ուխտին վրայ: Միեւնոյն ատեն ոչ ոք հաւատաց, որ տուգանքը արդար էր, կամ, աւելի կարեւոր` քաղաքական դրդապատճառներէ զերծ:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ինչ որ մրմնջաց քիթին տակէն, կ՛ենթադրեմ, թէ Անգարայի ամբողջ դիւանագիտական անձնակազմերը կը նկատեն անշրջելի ճշմարտութիւն, որ այս կառավարութիւնը հակառակ չէ հեղձուցիչ տարակարծութեան: Ան յստակօրէն չ՛ուզեր տեսնել, որ փտածութեան ամբաստանութիւններ կ՛ուղղուին խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններէն առաջ:

Կը թուի, թէ շատեր կը փորձեն աչք խփել այս առաւելութիւններուն, հաւանաբար որովհետեւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ այսպիսի զօրեղ բազուկի ռազմավարութիւնը թրքական հանրապետութեան պատմութեան մէջ օգտագործուած է, եւ արդարեւ, նախկին չափանիշներով ատոնք վստահօրէն ուժի չարաչար գործածութեան ամէնէն վատ օրինակները չեն:

Այս կառավարութիւնը թերեւս նեղէ իր չախորժած հաղորդակցութեան, տեղեկատուութեան միջոցները:

Անցեալին ընդդիմադիր թերթեր ականահարուած են, եւ այլախոհ լրագրողներ, թղթակիցներ` սպաննուած:

Եւ անշուշտ միւս պատճառը, թէ ինչո՞ւ կառավարութեան կողմնակիցները չեն արտայայտուիր, այն է, որ անոնք կը զգան, թէ անցեալի գաղտնի, սմսեղուկ ռազմավարութեանց զոհերը եղած են, եւ թէ` ժամանակը եկած է կրակին դէմ կրակով կռուելու:

Էրկենեքոնի դատական հետապնդումները ծափահարողները պէտք է մտահոգ ըլլան, որ եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը իր ուժը, իշխանութիւնը կորսնցնէր, իրե՛նք զոհերը պիտի ըլլան նոյնանման դատական հետապնդումներու:

2007 թուականի ընդհանուր ընտրութիւններուն ամէնէն մեծ հարցը այն էր, թէ ո՛վ իրաւունքը ունի կառավարելու, իշխելու:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը յաջող կերպով, եւ իրաւացիօրէն, հաստատեց, որ զինուորականութեան գործը չէ որոշելը, թէ ո՛վ պիտի ընտրէ երկրի հանրապետութեան նախագահը:

1997 թուականին Բարօրութիւն կուսակցութիւնը սարսռաց` միջամտելու զինուորականութեան սպառնալիքին դիմաց, եւ անոնք ճիշդ ժամանակին, ըստ արժանւոյն ստորագրեցին Ազգային ապահովութեան խորհուրդին որոշումը, բանաձեւը, որ գործնականին մէջ զիրենք կը նկատէր երկրի մեծագոյն սպառնալիքը:

Տասնամեակ մը ետք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը զինուորականութեան ըրածը խաբկանք անուանեց եւ երկրին կոչ ուղղեց որոշելու, թէ ո՛վ օրինական իրաւունքը ունի իշխանութեան:

Այն պահուն, երբ նոր ընտրութիւնները հորիզոնին վրայ են, Թուրքիոյ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ինքզինք զոհ ցոյց տալու ռազմավարութեան կը հետեւի: Անոնք զբաղած են ընտրողներուն յիշեցնելով, որ զինեալ ուժերը իրականութեան մէջ չեն վերադարձած իրենց զօրանոցները, եւ թէ` անոնք տակաւին պատրաստ են դիմադրելու, ասպարէզ կարդալու ընտրողներու փափաքներուն:

Ասիկա ռազմավարութիւն մըն է, որ կրնայ սխալիլ, եթէ այդ նոյն զոհերը իբրեւ նախայարձակ նկատուին, ճանչցուին:

ՀՈՐԻԶՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ԱՆՋԱՏ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ
Թուրքիա երկար  ատենէ ի վեր կը փորձէ գործադրել միջոցառումներ` Կիպրոսի թրքական բաժինին մէջ, որպէսզի իր քաղաքացիները կարենան բարելաւել իրենց խեղճ, աղքատ տնտեսութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր կախեալ է Թուրքիոյ օժանդակութենէն:

Կիպրոս, թրքական հարցին հետ, Թուրքիոյ հին խնդիրներու շարքին է, որ տասնամեակներ շարունակ զոհ դարձած է սթաթիւս քոյի քաղաքականութեան: Ասիկա մնացած է իբրեւ անկման պատճառ նախքան Անգարայի կողմէ կատարուելիք որեւէ մասնակցութիւն` վերջ տալու համար կղզիին քառասնամեայ տագնապի անել կացութեան:

Այժմու կառավարութիւնը հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ թրքական Կիպրոսի փոխելու համար 2004 թուականին քայլեր առաւ: Անգարայի զօրակցութեամբ, Կիպրոսի թուրքերը բացարձակ մեծամասնութեամբ վաւերացուցին ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ Կիպրոսի հարցին խաղաղութեան ծրագիր մը: Միաժամանակ յոյն կիպրացիները բացարձակ մեծամասնութեամբ դէմ քուէարկեցին ծրագիրին:

Եւրոպական Միութիւնը ճիշդ  չհասկնալով թուրք կիպրացիներուն «այո» քուէին կարեւորութիւնը` նոյն տարին յունական Կիպրոսի վարչութիւնը, իբրեւ կղզիին միակ ներկայացուցիչի, Եւրոպական Միութեան ամբողջական անդամ ընդունեց:

Ասիկա լուրջ հարուած պատճառեց կղզիին վերամիացման որեւէ հաւանական լուծումի:

Մինչ այդ շատ յստակ դարձաւ, թէ յոյն կիպրացիները անգամ մը որ Եւրոպական Միութեան ամբողջական անդամ եղան, պիտի չընդունէին որեւէ լուծում, որ թուրք կիպրացիները իբրեւ հաւասար բաժնեկից կը ճանչնայ յոյներուն հետ` դաշնակցային պետութեան մը մէջ:

Արդարեւ, յոյն կիպրացիներու այս փոքր բնակչութիւնը այդ ատենէն ի վեր արգելք կը հանդիսանայ ոչ միայն Կիպրոսի հարցի որեւէ հաւանական լուծումի մը, այլեւ` Թուրքիոյ անդամակցութեան Եւրոպական Միութեան:

Կառոյցին անդամակցութեան համար Անգարա բանակցիլ սկսաւ 2005-ին, բայց երբ Թուրքիա մերժեց նաւահանգիստներու եւ օդակայաններու կիպրացի յոյներու կողմէ օգտագործումը, բանակցութիւնները կանգ առին: Թուրքիոյ այս քայլը հակադարձութիւն մըն էր թուրք կիպրացիներուն դէմ հաստատուած ծովային շրջափակումը դադրեցնելու Եւրոպական Միութեան ձախողութեան:

Թուրք կիպրացիներուն կորովը բարձրացնելու ջանքերու ծիրին մէջ Անգարա նախաձեռնեց դիւանագիտական արշաւ մը, որուն արդիւնքով աւելի քան 20 երկիրներու մէջ թուրք կիպրական ներկայացուցչութեան գրասենեակներ բացուեցան: Զուգահեռաբար, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը նախաձեռնեց տնտեսական միջոցառումներու ծրար մը, որպէսզի թուրք կիպրական վարչութիւնը իր սեփական տնտեսական եկամուտը ստեղծէ` փոխանակ կախեալ ըլլալու Թուրքիայէն եկող օժանդակութենէն:

Բայց այս միջոցառումները կղզիին վրայ վերջերս յառաջացուցին Թուրքիոյ դէմ բողոքի ցոյցեր, որոնք կազմակերպուած էին թուրք կիպրական հզօր առեւտրական համադաշնակցութիւններու կողմէ:

Ուժգին բանավէճ մը ծայր առաւ կղզիի բնակիչներուն եւ Թուրքիոյ կառավարութեան միջեւ, երբ վարչապետ Ռէճեփ Թայիփ Էրտողան մեղադրեց ցուցարարները` Թուրքիայէն սնանելով յոյն կիպրացիներու վարչութեան հետ ներդաշնակ ըլլալու համար: Թուրք կիպրացիները Էրտողանի այս նկատողութիւնները իբրեւ վիրաւորանք ընդունեցին:

Անուրանալի փաստ է, որ թուրք կիպրական հատուածը երկար ատենէ ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական բեռ եղած է Թուրքիոյ, որ միշտ ներկայացուած է իբրեւ կղզիին վրայ որեւէ լուծում խանգարող կողմ:

Կղզիին թրքական հատուածին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը ծառայեց Թուրքիոյ զինուորական համակարգի խնամատարութեան ազդեցութեամբ թրքական հաստատութեան շահերուն:

Ե՛ւ յոյն կիպրացի, ե՛ւ թուրք կիպրացի օրէնսդիրները օգտագործեցին «չլուծուած իրավիճակը կղզիին վրայ լուծում մըն է» կարգախօսը:

Ասիկա երկար ատեն Եւրոպական Միութեան անդամ Յունաստանի եւ յոյն կիպրացիներուն ձեռքը մնաց: Վերջիններս բնաւ պիտի չընդունէին թուրք կիպրացիները իբրեւ հաւասար բաժնեկիցներ` ապագայ որեւէ լուծումի մը մէջ:

Բայց Թուրքիոյ քաղաքացիներն ու թուրք կիպրացիները եղած են միշտ աւելի տուժողները կղզիին այս իրավիճակէն:

Կիպրոսի հարցին լուծում մը գտնելու Թուրքիոյ` 2004-ին սկսած դրական նպաստը ուշացաւ: Աւելի՛ն. Եւրոպական Միութիւնը պատմական սխալներ ըրաւ` յոյն կիպրացիները կառոյցին իբրեւ անդամ եւ կղզիին միակ ներկայացուցիչը ընդունելով:

ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ խաղաղութեան ծրագիրին «այո» քուէարկելու իբրեւ հատուցում` թուրք կիպրացիները այսպէսով պատժուեցան:

Հիւսիսային Կիպրոսի դէմ հաստատուած Եւրոպական Միութեան ծովային շրջափակումը մնաց:

Թուրք կիպրացիներու տասնամեակներու յուսախաբութիւնը արդէն իսկ վերածուած է մնացած յոյսի նշոյլն ալ կորսնցնելու տրամադրութեան: Յուսալքումը թուրք կիպրացիներու այժմու տրամադրութիւնն է:

Եւրոպական Միութիւնը 2004 թուականին յոյն կիպրացիները իր կառոյցին իբրեւ ամբողջական անդամ ընդունելով, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ճամբայ հարթեց կղզիին վրայ ապագային երկու անջատ պետութեան յառաջացումին դիմաց:

ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԼԻՊԻԱՅԻ ԸՆԴՎԶՈՒՄԸ
Թունուզի եւ Եգիպտոսի ժողովրդական բողոքի ալիքները նաեւ հասան Լիպիա, Թունուզի եւ Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահներ` Պըն Ալին եւ Հիւսնի Մուպարաքը հեռացան իշխանութիւնից, սակայն Լիպիայի Հանրապետութեան նախագահ Մոամմար Քազզաֆին, որ 1969 թուականից (քառասուն տարուց աւել) է, որ նստած է իշխանութեան աթոռին, թւում է, թէ չի ցանկանում թողնել աթոռը:

Այս տագնապալի օրերում Թուրքիան, որ Եգիպտոսին տեսնում է որպէս իր մրցակիցը` արաբական աշխարհում, առիթը յարմար նկատելով` սկսեց յորդորել Հիւսնի Մուպարաքին, որ լսի իր ժողովրդի ձայնը, այսինքն  անուղղակի կերպով ցանկանում էր, որ Մուպարաքը հեռանայ իշխանութիւնից, սակայն Լիպիայի պարագայում Թուրքիան նման քայլերի չի դիմել, որեւէ յորդոր չի կատարել Քազզաֆիի համար, թուրք իշխանաւորները Լիպիայի հարցով միայն մտահոգութիւն են յայտնել իրենց (այսինքն` թուրք) քաղաքացիների ապահովութեան համար, որոնք այժմ ապրում են Լիպիայում:

ԱՄԵՐԻԿԱ-ԹՈՒՐՔԻԱ-ԼԻՊԻԱ

Սակայն հետաքրքիր է դառնում Թուրքիայի դիրքը, երբ աւելացնենք այն հարցը, որ Թուրքիան Ամերիկայի բարեկամն է, իսկ Ամերիկան էլ յայտնել է, որ պատրաստ է ամէն միջոցի դիմել Լիպիայի կառավարութեանը խորտակելու համար, եւ քանի որ Ամերիկան ու Լիպիան յարաբերութիւններ չունեն միմեանց հետ եւ Ամերիկան չունի ուղղակի լծակներ` Լիպիայում, ուստի այս հարցում օգտուելու է տարածաշրջանի իր բարեկամներից: Արդէն Պարաք Օպաման եւ Էրտողանը բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ են ունեցել Լիպիայի հարցով եւ ուշի-ուշով հետեւում են Լիպիայի իրադարձութիւններին:

Թուրքիայի «Պուկիւն» օրաթերթը իր փետրուար 26-ի համարում անդրադարձել է այն լուրին, թէ Թուրքիայի վարչապետ Էրտողանը երկրի բանակին հրահանգել է, որ կազմ ու պատրաստ վիճակում լինեն, հարկ եղած դէպքում Լիպիայում զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար, եթէ անդրադառնան, որ վտանգուած է Լիպիայում ապրող թուրք քաղաքացիների ապահովութիւնը:

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԼԻՊԻԱ ԿԱՊԵՐ

Լիպիան օսմանական Թուրքիայի մաս էր կազմում 1551 թուականից մինչեւ 1911 թուականը. այս թուականին Իտալիան գրաւեց Լիպիան: Թուրքիան եւ Լիպիան համարեա լաւ կապեր են ունեցել միմեանց հետ: 1974 թուականին, երբ Թուրքիան յարձակուեց Կիպրոսի վրայ եւ գրաւեց Կիպրոսի հիւսիսը, Քազզաֆին պաշտպանեց այդ քայլը, բայց ընդհանրապէս քանի որ Թուրքիան միշտ եղել է Արեւմուտքի ու Ամերիկայի բարեկամը եւ Քազզաֆին դէմ է եղել Արեւմուտքին, երկու երկրները շատ էլ ջերմ բարեկամութիւն չեն ունեցել, սակայն վերջին տարիների ընթացքում զարգացել են երկու երկրների առեւտրական եւ տնտեսական կապերը: Երկու երկրների առեւտրական փոխանակումները անցեալ տարի հաշտուել են շուրջ 2,4 միլիառ տոլար, շուրջ 200 թուրքական շինարարական ընկերութիւններ աշխատում են Լիպիայում` իրականացնելով շուրջ 15,3 միլիառ տոլարի նախագծեր, եւ շուրջ 25,000 թուրքեր ներկայում աշխատում ու ապրում են Լիպիայում, որոնց ապահովութիւնը մեծ մտահոգութիւն է Թուրքիայի համար:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՄՐՑԱՆԱԿ

Անցեալ տարուայ նոյեմբերի 30-ին Թուրքիայի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն արժանացաւ «Մոամմար Քազզաֆիի մարդու իրաւունքների հիմնարկ»ի մրցանակին: Ֆոնտը հիմնադրուել է 1988 թուականին` Քազզաֆիի միջոցով, եւ մրցանակներ է շնորհում միջազգային դէմքերին ու կազմակերպութիւններին, որոնք աշխատում են մարդու իրաւունքների, խաղաղութեան ու ազատութեան տարածման համար:

Այժմ Թուրքիայի մի շարք կազմակերպութիւններ, որոնք նաեւ աշխատում են մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան համար, երկրի վարչապետից պահանջել են, որ մրցանակը յետ ուղարկուի Քազզաֆիի` յայտնելով, որ քանի դեռ այդ մրցանակը գտնւում է վարչապետի գրասենեակում` Լիպիայում տեղի ունեցող մարդու իրաւունքները ոտնահարող արարքների պատասխանատուութիւնը ծանրութիւն է անելու նաեւ վարչապետի վրայ:

Էրտողանն էլ պատասխանել է, թէ մրցանակը յետ չի վերադարձնելու, քանի որ այդպիսով վտանգելու է այժմ Լիպիայում գտնուող թուրք քաղաքացիների ապահովութիւնը:

ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ալիք»

ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼԷ ՀՐԱԺԱՐԻ՞Լ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Պիւլենթ Արաշ Պաքուի մէջ 7 մարտին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաւանական պատերազմի մը պարագային Անգարա կրնայ հրաժարիլ Պաքուին զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելէ:

«Թուրքիան շրջանին մէջ զինուորական տանգապներ չ՛ուզեր: Սակայն եթէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով պատերազմ սկսի, չի բացառուիր, որ Թուրքիան հրաժարի Ազրպէյճանին զինուորական օգնութիւն ցուցաբերելէ», ըսած է ան:

ԹՈՒՐՔԻԱ, ԻՐԱՆ, ՍՈՒՐԻԱ ԵՒ ԻՐԱՔ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՆՑԱԳԻՐ Կ՛ՈՐԴԵԳՐԵՆ
Իրանեան ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ Իրաք համաձայնեցան չորս երկիրներու համար ի զօրու եղող անցագիր որդեգրելով զբօսաշրջութիւնը դիւրացնել: Իրանի փոխնախագահ Ալի Աղամոհամատի յայտնած է, որ Թուրքիա, Իրան, Սուրիա եւ Իրաք համաձայնած են միացեալ անցագիր մը որդեգրել:

«Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ներկայացուցած առաջարկին հիմամբ զբօսաշրջիկները կրնան միացեալ անցագիրով չորս երկիրները այցելել», ըսած է Աղամոհամատի: Էրտողան առաջարկած էր անցագիրը «Շամկեն» կոչել:

Իրանի փոխնախագահը նաեւ նշած է, որ չորս երկիրները համաձայնած են ազատ առեւտուրը խթանելու նպատակով ազատ առեւտուրի մեծ գօտի մը ստեղծել: Իրանի եւ Սուրիոյ միջեւ այդպիսի գօտի մը ստեղծելու նախնական քայլերը հասած են իրենց վերջին հանգրուանին եւ երկու երկիրները առաջարկած են վերջնական համաձայնութիւնը ներկայացնել իրենց խորհրդարաններուն` առ ի վաւերացում: