Ժողովուրդներ եւ Լեզուներ Archives - Aztag Daily

ՃԷՅՄՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՇՐՋԱԾ Է ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ
Ճէյմս Ա. անգլերէնը վերածած է Աստուածաշունչի լեզուին:

ԱՆԳԼԻՈՅ ՃԷՅՄՍ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԸ ՊԱՀԱՆՋԱԾ ԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՆՈՐ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ԱՆՁԱՄԲ ՎԵՐԱՀՍԿԱԾ ԷՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ: ԱՅՍ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ԶԳԱԼԻ Է ԽՕՍԱԿՑԱԿԱՆ ԵՒ ԳՐԱՒՈՐ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻՆ ՎՐԱՅ: ՄԻՆՉ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԿԸ ՆՇԷ ԱՅՍ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ 400-ԱՄԵԱԿԸ, ԱՆԴԻՆ` ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆԳԼԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԲՆՈՐՈՇ ՔԱՋՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՎԻՃԻՆ, ԹԷ ԱՅՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԼԵԶՈՒՆ ՀԱՐՍՏԱՑՆՈՂ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԿԱՄ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ԳՈՐԾ ՄԸ ՉԷՐ, ԻՆՉՊԷՍ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆ ՇԱՏԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ:

Կը թուի, թէ ոչ մէկ այլ գիրք, կամ իրօք, մշակոյթի ոչ մէկ այլ գործ նոյնքան ներգործութիւն ունեցած է անգլերէնին վրայ, որքան` Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը: Անոր մէջ գործածուած ըսելաձեւերը թափանցած են անգլիախօսներու առօրեայ լեզուին մէջ, նոյնիսկ երբ անոնք ոչ մէկ անգամ բացած են այս գիրքը:

«Տը Սան» թերթը Էսթըն Վիլլայի մասին կը գրէ, թէ  ան «կը մերժէ յանձնել իր ոգին» (այսինքն` մեռնիլ»): Ուենտի Ռիչըրտ պատկերասփիւռի «Իսթենտըրզ» ժապաւէններու շարքին մէջ Փոլին Ֆաուլըրի տիպարը կը կոչէ «երկրին աղը»: Անգլիոյ քրիքեթի մարզիչը լրագրողներուն կը յայտնէ. «Չէք կրնար բառեր դնել բերնիս մէջ»: «Տէյլի Միրըր» թերթը Թիլտա Սուինթընը կը կոչէ «ինքն իր օրէնքը» (այսինքն` անկախ գործող):

Թէեւ այս ըսելաձեւերէն իւրաքանչիւրը առնուած է անգլերէն Աստուածաշունչէն, սակայն կարելի է ըսել, թէ զանոնք գործածող անձերէն ոչ մէկը դիտումնաւոր կերպով կը մէջբերէ Աստուածաշունչը կամ կը մտածէ, թէ մարդիկ արդէն ծանօթ են անոր բովանդակութեան:

Անգլերէնի մէջ մինչեւ այսօր կարելի է լսել Ճէյմս Աստուածաշունչէն հետեւեալ ըսելաձեւերը. «Աշխարհը գլխիվայր շրջեց», «Արմատանալ», «Կոյրերը կ՛առաջնորդեն կոյրերը» եւ այլն:

Մինչ  2009-ին Տըրամի համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած էր, թէ անգլիացիներուն միայն 38 առ հարիւրը ծանօթ էր «Անառակ որդի»ին առակին, անդին` լեզուագէտ Տէյվիտ Քրիսթըլի վերջերս լոյս տեսած մէկ գիրքը, որ պատշաճօրէն կը կոչուի «Պիկաթ. տը քինկ Ճէյմս Պայպըլ էնտ տի ինկլիշ լենկուիճ», կը թուէ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչէն 257 ըսելաձեւեր, որոնք մաս կը կազմեն ժամանակակից անգլերէնին:

Նման վիճակագրութիւններ կը յիշեցնեն անցեալի օրերը, երբ այս Աստուածաշունչը առօրեայ ընթերցանութեան նիւթ էր ամբողջ անգլիախօս աշխարհին տարածքին` Նորթամթընշըրի հնակարկատներէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն համար, թէեւ հաւանաբար ոչ այնքան հեռաւոր ժամանակներու` այս վերջիններուն պարագային:

Ընթերցողներ այս Աստուածաշունչին լեզուն կ՛իւրացնէին ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով, այլ գործերու ընդմէջէն. Թենիսըն Աստուածաշունչ կարդալը կը նկատէր «ինքնին ուսում մը», իսկ Տիքընզ Նոր Կտակարանը կը կոչէր «լաւագոյն գիրքը, որ երբեւիցէ գոյութիւն ունեցած է, կամ երբեւիցէ ծանօթ պիտի դառնայ աշխարհին»:

Միացեալ Նահանգներու ազգային ղեկավար Տանիէլ Ուեպսթըր ըսած է. «Եթէ գնահատելի որեւէ բան կայ մտածումներուս կամ ոճիս մէջ, այդ մէկը կը պարտիմ ծնողներուս, որոնք կանուխ տարիքէս մէջս ներարկեցին սէր` սրբազան գրականութեան նկատմամբ: Նոյնքան անուանի բրիտանացի ճարտասան Թ. Պ. Մըքոլի ըսած է, թէ Աստուածաշունչի այս թարգմանութիւնը ցոյց կու տար անգլերէնին «գեղեցկութեան եւ ուժին ամբողջ տարողութիւնը»:

Ո՞Վ ԳՐԻ ԱՌԱԾ Է ՃԷՅՄՍ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Անկլիքան եկեղեցիին մաս կազմող 54 գիտաշխատողներ ընտրուած են այս գործին համար եւ անոնցմէ 47-ը ամբողջացուցած են աշխատանքը:

Անոնք աշխատած են 6 յանձնախումբերու բաժնուած. իւրաքանչիւրը պատասխանատու էր Աստուածաշունչի տարբեր մէկ մասին թարգմանութեան:

Աշխատանքը կեդրոնացած էր Օքսֆորտի, Քէյմպրիճի եւ Լոնտոնի մէջ եւ իբրեւ գլխաւոր հիմք` ունէր Ուիլիըմ Թայնտէյլի թարգմանութիւնը. Թայնտէյլ առաջին անձերէն էր, որ Աստուածաշունչը անգլերէնի թարգմանած էր յունարէնէ եւ եբրայերէնէ:

Այս բոլորը տեղի ունեցած էին շնորհիւ Ճէյմս Ա. թագաւորին, որ դժգոհ էր գոյութիւն ունեցող թարգմանութիւններէն: Ան յաճախ կ՛այցելէր գիտաշխատողներուն եւ կը հետեւէր անոնց աշխատանքին:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍՔԱՆ ՀԶՕՐ Է ԱՆՈՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Լոնտոնի Քինկ՛զ քոլեճին մէջ աստուածաբանութեան, հովուապետութեան եւ կրթութեան դասախօս Ալիսթըր ՄքԿրաթ հեղինակն է «Ին տը պիկինինկ. տը սթորի աֆ տը քինկ Ճէյմս Պայպըլ էնտ հաու իթ չէյնճտ է նէյշըն, է լենկուիճ էնտ է քալչըր» գիրքին: Ան կը նշէ բազմաթիւ պատճառներ.

«Աստուածաշունչը շատ հրապարակային գրութիւն մըն էր,- կ՛ըսէ ան:- Անիկա տեւաբար կը կարդացուէր եկեղեցիներուն մէջ, ինչ որ իր կնիքը կը դրոշմէր հանրութեան ուղեղին մէջ»:

Ապա կայ նաեւ Տիքընզի եւ Ուեպսթըրի նման անձերու օրինակը. ազդեցիկ դէմքեր իրենց դերակատարութեամբ տարածած են անոր ներգործութիւնը:

«Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը շատ յատկանշական ներգործութիւն ունէր Բրիտանիոյ ղեկավարներուն վրայ, մասնաւորաբար Լոնտոնի մէջ, ուր անոնց կարծիքով, կը կողմնորոշուէին սովորական քաղաքացիները, երբ հարցը կը վերաբերէր լաւ անգլերէնին», կ՛ըսէ ՄքԿրաթ:

Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը յաճախ կը կարդացուէր բարձրաձայն:

Այլ պատճառ մըն ալ այն էր, թէ ժամանակը հասունցած էր: «Անգլերէնը շատ յեղյեղուկ վիճակի մէջ էր: Շէյքսփիր, ինչպէս նաեւ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը յայտնուեցան կազմաւորումի այս ժամանակներուն եւ իրենց կնիքը դրին լեզուին նոր ձեւերուն վրայ», կը բացատրէ ան:

Հաւանաբար ամէնէն հետաքրքրական պատճառը այն է, թէ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը կ՛անտեսէր այն բոլորը, որոնք այսօր անհրաժեշտ կը նկատուին լաւ թարգմանութեան մը համար:

«Յայտնապէս թարգմանիչները որդեգրած են այն հայեցակէտը, թէ լաւագոյն թարգմանութիւնը բառացի թարգմանութիւնն էր,- կ՛ըսէ ՄքԿրաթ:-  Հետեւաբար, փոխանակ եբրայերէնն ու յունարէնը պատշաճեցնելու անգլերէնի խօսակցական ձեւերուն, անոնք պարզապէս տառացիօրէն թարգմանած են զանոնք: Արդիւնքը այնքան ալ հասկնալի չէր ընթերցողներուն, սակայն անոնք ի վերջոյ վարժուեցան, հետեւաբար հիմնականօրէն օտարամուտ արտայայտչաձեւերը ընդունեցին իբրեւ բնական անգլերէն, հրապարակային այս գլխաւոր գրականութեան ազդեցութեան ճամբով»:

Այսուհանդերձ, Տէյվիտ Քրիսթըլ իր «Պիկաթ» գիրքին մէջ կը վիճի Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչին ներգործութեան առնչուող չափազանցուած կարծիքներուն դէմ. «Պիտի ուզէի ճշգրիտ թիւով մը սահմանել զայն,- կը բացատրէ ան,- որովհետեւ ոմանք կ՛ըսեն, թէ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչէն հազարաւոր ըսելաձեւեր կան մեր լեզուին մէջ: Ասիկա կը նշանակէ անգլերէնի ծինական ժառանգութեան պատասխանատու բջիջներուն ամբողջութիւնը: Ես հանդիպեցայ 257 օրինակներու»:

Իսկ ամէնէն կարեւորը այն է, որ Քրիսթըլ ի յայտ բերած է, թէ միայն փոքր թիւով ըսելաձեւեր իւրայատուկ էին Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչին: Անոնց մեծ մասը ընդօրինակուած են Աստուածաշունչի աւելի հին անգլերէն թարգմանութիւններէն:

«Այս բոլորէն միայն 18 ըսելաձեւեր իւրայատուկ էին Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչին: Այս թարգմանութիւնը առաջինը չէր, որ սկիզբ դրած էր  մնացեալ ըսելաձեւերուն գործածութեան, այլ պարզապէս այն կապն էր, որուն միջոցով ժողովրդականութիւն սկսան վայելել անոնք: Թայնտէյլի ներգործութիւնը գլխաւորն էր»:

Ան նաեւ ի յայտ բերած է, թէ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչին մէջ սակաւաթիւ բառեր ստեղծուած են: Ի տարբերութիւն` Շէյքսփիր շուրջ 100 ըսելաձեւեր ներմուծած է անգլերէնին մէջ, բաղդատած` Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչին 257 ըսելաձեւերուն, ինչպէս նաեւ` շուրջ 1000 նոր բառեր, մինչդեռ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը` միայն 40 նոր բառեր:

«Ասիկա կ՛արտացոլէ անոնց տարբեր դերերը,- կը բացատրէ Քրիսթըլ:- Թատերագիր ըլլալ` կը նշանակէ իւրայատուկ ձեւով գործածել լեզուն: Սակայն Աստուածաշունչը թարգմանողները յատուկ ցուցմունք ստացած էին նորարարութիւններ չկատարելու, այլ պարտաւոր էին ետ նայիլ եւ տեսնել, թէ ի՛նչ աշխատանք կատարած էին նախորդ թարգմանիչները»: Իսկ նախորդ թարգմանիչներուն միակ նպատակը եղած էր Աստուածաշունչին բառացի թարգմանութիւնը:

Հետեւաբար հակասականօրէն Ճէյմս թագաւորին խոր ազդեցութիւնը անգլերէնի փոփոխութեան եւ ձեւաւորման վրայ արդիւնք էր լեզուական առաւելագոյն աստիճանի պահպանողական ցանկութեան:

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒԻՆ ՎՐԱՅ

Արդեօք Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչը քրիստոնէական լեզուն շղթայած է 17-րդ դարո՞ւն մէջ:

«Թարգմանիչները երբեք պիտի չփափաքէին նման բան մը,- կը վիճի քրիստոնէական  shipoffools.com համացանցի կայքին խմբագիրը` Սայմըն Ճենքինզ:- Հեգնականը այն է, թէ անոնց ժամանակներուն շատ աւելի պաշտօնական էր «եու»ի գործածութիւնը` իբրեւ Բ. դէմքի դերանուն, քան` «տաու»ը: Սակայն թարգմանիչները որոշած են պաշտօնական յատուկ լեզու մը չգործածել` Աստուծոյ մասին գրելու համար: Ան պարզապէս «տաու» էր` ոեւէ մէկուն պէս»:

«Սակայն, երբ մանուկ էի, մարդիկ տակաւին Աստուծոյ կը դիմէին «տաու»ով: Ասիկա յուսահատական աստիճանի հնաբոյր է եւ օտարումի կ՛առաջնորդէ: Թարգմանիչները ճիշդ որոշումը կայացուցած են ժամանակին, սակայն հետագային եկեղեցիին կեցուածքը ոչ մէկ ձեւով արձագանգած է անոնց նպատակին», կ՛ըսէ ան:

ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ Է ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒԻ ՄԸ
ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ, ԵՐԲ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ՃԱՄԲՈՎ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆՆԵՐԸ, ՄԱՅՔԸԼ ՌՈԶԸՆ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԱՄՓՈՓ ՁԵՒՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ ԼԵԶՈՒԻՆ, ՈՐ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԿԸ ՏԻՐԷ ԻՐ «ՔՈՒԼ» ԵՒ «ԿՕ ԹՈՒ ԻԹ» ԸՍԵԼԱՁԵՒԵՐՈՎ…

Համաշխարհային լեզուի մը կարիքը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է: Անցեալին այս կարիքը կը վերաբերէր կրօնի եւ մտաւորական վիճարկութեան: Սակայն այսօրուան արհեստագիտական կատարելագործուած միջոցներու ժամանակներուն անիկա կ՛առնչուի աշխարհի տարածքին որեւէ տեղ քանի մը վայրկեանի մէջ այլոց հետ հաղորդակցելու:

Իրարմէ 400 տարի հեռաւորութեամբ երկու իրադարձութիւններ ցոյց կու տան, թէ այս կարիքը, ինչպէս միշտ, այլ գոյութիւն ունեցած է:

Սըր Թոմըս Մորի «Եութոփիա» գիրքին այն հրատարակութիւնը, որ այժմ բռնած եմ ձեռքերուս մէջ, հրատարակուած է 1629-ին, Ամսթերտամի մէջ, եւ ոչ թէ` անգլերէնով կամ հոլանտերէնով, այլ` լատիներէնով:

Երկրորդ իրադարձութիւնը զրոյց մըն է, որ վերջերս ունեցայ գերմանացի գիտնականի մը հետ: Ան կ՛ըսէր, թէ  ներկայ եղած էր Գերմանիոյ մէջ համագումարներու, ուր բոլոր ներկաները գերմանացի էին, այսուհանդերձ, համագումարը կատարուած էր անգլերէնով:

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Լատիներէնով հրատարակուած «Եութոփիա»ն օրինագիրք մըն էր, թէեւ աւելի ամբողջական ձեւով գործածուած է, երբ որդեգրուած է մտաւորական եւ կրօնական վիճարկութիւններու համար:

Այս գիրքին հրատարակութեան նախորդ 1300 տարիներուն լատիներէնը քրիստոնէական արեւմտեան քաղաքակրթութեան գլխաւոր լեզուն էր. աղօթքի, շարականի, սրբազան գրութիւններու եւ կրօնական վիճարկութիւններու լեզուն: Անիկա նաեւ այն լեզուն էր, զոր Վերածնունդի գիտնականները կը գործածէին իրարու հետ հաղորդակցելու համար:

Այսուհանդերձ, կրօնական եւ մտաւորական միտքերու վրայ այս լեզուին տիրապետութիւնը փուլ եկաւ ազգային մշակոյթներու զարգացումով: Այն ժողովուրդները, որոնց երկիրներուն տարածքին լատիներէն կը գործածուէր, կը խօսէին իրենց սեփական լեզուներն ու բարբառները:

Այն պահուն, երբ այս լեզուները սկսան գրի առնուիլ, հետզհետէ աւելի մեծ թիւով մարդիկ սկսան իրենց եկեղեցիներէն եւ կրօնական իշխանութիւններէն պահանջել, որ խօսին, գրեն եւ իրենց պատգամը ամբողջութեամբ կամ մասամբ փոխանցեն տեղական լեզուներով:

Ամէնէն հռչակաւոր երկու գիրքերը, որոնք արդիւնք էին այս պահանջին, Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչն էր (որուն 400-ամեակը նշուեցաւ վերջերս) եւ Մարթին Լուտերի գերմաներէն Աստուածաշունչը, որ Ճէյմս թագաւորին Աստուածաշունչէն շուրջ 100 տարի առաջ թարգմանուած էր:

Տեղական լեզուներուն ուժն ու ազդեցութիւնը ամրապնդելու գործընթացին մաս կը կազմէր ընդունելի չափանիշներով լեզուի մը կառուցումը, որպէսզի ուսուցիչներ, առեւտրականներ, իրաւաբաններ, կրօնաւորներ եւ քաղաքագէտներ կարենային գրել անմիջապէս հասկնալի ձեւերով:

ժամանակին, ինչպէս` ներկայիս, կը թուէր, թէ ասիկա կը պահանջէր էջին վրայ լեզուի գործածութեան, այսինքն` ուղղագրութեան, կէտադրութեան, բառերու եւ նախադասութիւններու քերականութեան կայուն ձեւեր:

Արդիւնքը եղաւ այն, որ ընդունուած չափանիշներով անգլերէնը, իբրեւ գրաւոր լեզու, դարձաւ հզօր գործիք մը` պետութեան, եկեղեցիին եւ դպրոցին ձեռքին, որուն միջոցով կարելի եղաւ Բրիտանիոյ կղզիներուն բնակիչները համոզել, որ իրենք զիրենք նկատեն մէկ ժողովուրդ:

ԷՍՓԵՐԱՆԹՕ

ժողովուրդներ սկսան դէմ առ դէմ խօսիլ խաղաղութեան, պատերազմի, առեւտուրի եւ գաղթի ժամանակ, կրօնի եւ գաղափարներու մասին: Մեծ ճիգ ի գործ դրուեցաւ արտադրելու համար օտար լեզուներու բառարաններ, քերականութեան գիրքեր, ամէնէն հետաքրքրական կամ յատկանշական գիրքերու թարգմանութիւններ:

«Պի. Պի. Սի.» համացանցի վրայ կը կատարէ ժամանակագրական ներկայացումը անգլերէնի զարգացումին` Պէյֆուլի բանահիւսական աւանդէն մինչեւ Ճամայքայի խառնածին տարբերակը:

Մինչ այդ աշխարհի լեզուներու պատմութեան մէջ տեղի կ՛ունենար ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւններէն մէկը. անգլիախօս զինուորներ, ծովագնացներ եւ գաղութատէրեր կը ճամբորդէին եւ կը հաստատուէին ամբողջ երկրագունդի տարածքին:

Անգլերէն չէր խօսուեր միայն այն երկիրներուն մէջ, որոնց ժողովուրդները կը պահպանէին իրենց անկախութիւնը, կամ` ուր սպանացիք, փորթուգալցիք, ֆրանսացիք եւ հոլանտացիք նոյնը ըրած էին:

Եթէ 20-րդ դարը կարելի է նկարագրել իբրեւ ազգայնական պահանջներու խելայեղ ծաղկումի շրջան մը, որ կ՛ընդգրկէր նաեւ հպարտութիւն` ազգային լեզուներով եւ գրականութեամբ, ապա անիկա նաեւ այն դարն էր, երբ ծնունդ առին երազային գաղափարներ` միջազգային գործակցութեան, որոնք առաջին անգամ յայտնուեցան Ազգերու դաշնակցութեան եւ ՄԱԿ-ի մէջ:

Այսուհանդերձ, նման վայրերու մէջ ժողովուրդներ դէմ առ դէմ չէին խօսեր, այլ կը հաղորդակցէին թարգմաններու միջոցով: Ի յայտ եկան միջազգային լեզուներ ստեղծողներ, որոնք փորձեցին իրենց յայտնագործումներով խաղաղութիւն պարգեւել աշխարհին: Այս լեզուներէն ամէնէն աւելի հռչակաւոր էր էսփերանթոն, սակայն բաւարար հետեւորդներ չունեցաւ, եւ աշխարհի քաղաքագէտները կարիքը չզգացին զայն սորվելու:

Աստիճանաբար միջազգային այլ լեզու մը սկսաւ գործածուիլ դիւանագէտներու, գիտնականներու, արուեստագէտներու, առեւտրականներու եւ բազմաթիւ ուրիշներու կողմէ: Բրիտանական կայսրութեան աւանդէն օգտուելով, ինչպէս նաեւ այս կայսրութեան ամէնէն հզօր անդամին` Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճումով անգլերէնը կամ անգլերէնի տեսակները այսօր կը խօսուին աշխարհի տարածքին:

Իրականութեան մէջ անոնք կը խօսին այն, ինչ որ լեզուագէտ Տէյվիտ Քրիսթըլ կը կոչէ «անգլերէններ», թէեւ կարգ մը տեսակներ կը կոչուին «քրիոլ», «փիճին» եւ «փաթուա»: Վերջերս կը դիտէի աւստրիական փոփ երաժշտութեան կայան մը, որուն հաղորդումները եւ ծանուցումները կը կատարուէին անգլեւգերմաներէն խառնածին լեզուով մը, որուն կորիզը գերմաներէն էր, սակայն անիկա լեցուն էր «կօ թու իթ», «քուլ», «պի տեր» եւ նման ըսելաձեւերով:

Այս բոլորը մեծ մասամբ տեղի ունեցած է առանց պետութիւններու ցուցմունքին: Հեռաձայնի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի, ձայնագրութիւններու, խտասալիկներու, բջիջային հեռաձայններու եւ համացանցի արհեստագիտութեան վրայ հիմնուած ամբողջ մշակոյթ մը առիթ տուած է աշխարհի բնակիչներուն, որ քանի մը վայրկեանի մէջ հասողութիւն ունենան մէկզմէկու լեզուին:

Նման կայաններու միջոցով աշխարհի տարածքին միլիոնաւոր երիտասարդներ սկսած են սիրել անգլիախօս նուագախումբերու երաժշտութիւնը: Հոլիվուտեան թարգմանուած ժապաւէններ միլիոնաւոր ոչ անգլիախօսներու տուած են առիթը` ընդօրինակելու Ճէյմս Քակնէյի, Մարիլին Մոնրոյի, Ռոպըրթ տը Նիրոյի եւ Հերիսըն Ֆորտի տիպարները:

Սակայն արդեօք պիտի գոյատեւէ՞ այս իրականութիւնը: Թերեւս 100 տարի ետք աշխարհի բնակչութիւնը պիտի սկսի սիրել չինական մանտարին կամ քանթոներէն լեզուներով թարգմանուած ժապաւէններն ու անոնց գեղեցկութիւնը: Պարզապէս չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: