Ուսուցչած Տօն Archives - Aztag Daily

ՅԱՐԳԱՆՔ` ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ
Ալիս Պոյաճեան

Սեւան Դանիէլեան-Մկրեան

Մեծ ես դուն իմ ուսուցիչ,

Չկայ մէկը քեզ նման.

Մտքի, հոգիի դուն դարբնիչ,

Քեզ սէր, յարգանք անսահման:

Դուն միշտ մեծ ես, դուն անհաս,

Խօսքիդ ծարաւ ենք հիմակ.

Դուն ցաւ, դուն վիշտ չունենաս,

Զի օրհնեա՜լ է քո վաստակ:

Պատահական չէ, որ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կը պատուեն եւ կը փառաբանեն իրենց սերունդներու դաստիարակները, կերտիչները, ուսուցիչները:

Անցեալէն ի վեր ուսուցիչները միշտ մեծ դերակատարութիւն ունեցած են սերունդներու դաստիարակութեան, կրթութեան եւ իրենց միջավայրերուն ատակ անձնաւորութիւններ կերտելու դժուարին աշխատանքին մէջ: Սակայն հոս հարկ է նշել, որ հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը կրկնակիօրէն կարեւոր է համեմատաբար այլ ազգերու ուսուցիչներու, որովհետեւ հայ ուսուցիչը ընդհանրապէս, իսկ սփիւռքահայ ուսուցիչը մասնաւորապէս ունի շատ աւելի մեծ պարտաւորութիւններ, քան ուրիշներ:

Ասկէ մեկնելով` մեր իրականութեան մէջ կը նկատենք, որ Ուսուցչաց օրը` 9 մարտը, վերածուած եւ ստացած է տօնական բնոյթ, պարզ այն համոզումով, որ հայ ուսուցիչը կը նպաստէ ո՛չ միայն մարդակերտումի, այլ հայ մարդու կերտման հսկայածաւալ աշխատանքին: Անհրաժեշտ է, որ արժեւորենք անոնց այս նուիրական զոհողութիւնը, գիտակցինք եւ փառաբանենք զայն, գոնէ տարին օր մը` իրենց օրը մեծարելով զանոնք, լուսանցքէն դուրս բերելով, գոնէ քննադական մօտեցումները զանց առնելով: Պէտք է իրենց ակնոցով դիտել անոնց ամէնօրեայ ապրած դժուարութիւնները եւ բացթողումները, ինչո՞ւ չէ նաե՛ւ գիտակցինք անոնց զոհողութեան անծայրածիրութեանը: Հայ ուսուցիչէն մնայուն կերպով կը պահանջուի բարոյական մեծ վերնագիրներ` երբեմն մոռնալով, որ այդ քայլերը մեզմէ կը պահանջեն արժեւորումներ` բարոյականին կողքին շեշտակիօրէն նիւթական արդարացի եւ իրաւացի գնահատումներ:

Սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւրս կը գիտակցինք, որ կարելի չէ համաշխարհայնացման տիրապետումը յաղթահարել առանց հայ դպրոցի գոյութեան եւ այդ վարժարանը կենդանացնող ու վարող հայ ուսուցիչի ներկայութեան: Այսօր մեզմէ կը պահանջուի յաւելեալ զգաստութիւն եւ յաւելեալ վստահութիւն` հանդէպ մեր կառոյցներուն եւ մանաւանդ ու մասնաւորաբար` հայ ուսուցիչին, որովհետեւ անոնց ճամբով է, որ մեր սերունդները պիտի լիանան գիտութեան ճրագով, պիտի յագենան հայեցի շունչով, պիտի յաղթահարեն տգիտութեան, եւ մասնաւորաբար հայ ուսուցիչին մատուցած ջերմ սիրով եւ գուրգուրանքով զերծ պիտի մնան համաշխարհայնացման մեքենական օրկանիզմին բացասական ազդեցութիւններէն եւ պիտի պարուրուին իմաստութեամբ եւ ազգային ու հայ արժէքներու գիտակցութեամբ:

Այս երախտագիտական տողերով կ՛ուզենք բազում խոնարհութիւն եւ յարգանք մատուցանել հայ սերունդներու կրթութեան մեծ երախտաւորին` կոչ ուղղելով համայն հայութեան, որ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս նեցուկ կանգնին հայ ուսուցիչին, որպէսզի այսպիսով ծառայած ըլլանք նաեւ մեր ազգին, ապագայի հայ ընտանիքին, ապագայի հայ ղեկավարին, ապագայի հայ ուսուցիչին գոյատեւման եւ անմահացման:

Ուսուցչաց տօնին առիթով «Ազդակ» հարցազրոյցներ ունեցաւ տարբեր վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ տարբեր վարժարաններու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու հետ` Սեւան Դանիէլեան-Մկրեանի, Զոհրապ Ղազարեանի, Ալիս Պօղոսեանի եւ Մատլէն Վարդանեանի, որոնք անդրադարձած ուսուցիչին եւ յատկապէս հայ ուսուցիչին ունեցած դերակատարութեան` իբրեւ մարդ ու հայ իրենց կազմաւորման մէջ, իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեն անոնց, ինչպէս նաեւ  իբրեւ ներկայի ուսուցիչներ առիթը ունեցան արտայայտելու զիրենք մտահոգող եւ յուզող հարցերն ու դժուարութիւնները` ըլլան անոնք նիւթական կամ բարոյական:

Ստորեւ զրոյցին ամբողջութիւնը:

Մ. Հ.

«ԱԶԴԱԿ».- Ներկայացուցէ՛ք դուք ձեզ` յաճախած վարժարանները եւ ներկայիս ձեր դասաւանդած վարժարանը:

ՍԵՒԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ-ՄԿՐԵԱՆ.- Նախակրթութիւնս ստացած եմ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ, ապա երկու տարի յաճախած եմ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, յետոյ միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնս ստացած եմ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ (ուրկէ շրջանաւարտ եղած եմ): Շրջանաւարտ եմ նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկէն: Ներկայիս կը դասաւանդեմ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան  քոլեճի մէջ:

ԱԼԻՍ ՊՈՅԱՃԵԱՆ.- Յաճախած եմ Սրբուհի Ագնէս եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարաններ, առաւել, աւարտած եմ Ճեմարանի մանկավարժական հիմնարկը: Կը դասաւանդեմ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ:

ԶՈՀՐԱՊ ՂԱԶԱՐԵԱՆ.- Բողբոջ եւ կոկոն դասարաններս յաճախած եմ Կերթմենեան վարժարան, իսկ ծաղիկէն սկսեալ` Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարան: Մասնագիտութեամբ կենսաբանութիւն ուսանած եմ Ամերիկեան համալսարանի մէջ, իսկ ետքը Հայկազեան համալսարանէն ստացած եմ թիչինկ տիփլոմա: Կը դասաւանդեմ Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին մէջ:

ՄԱՏԼԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի կրթութիւնս ստացած եմ Թրատի Հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ, միջնակարգ եւ երկրորդական` Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան երկրորդական վարժարան: Շրջանաւարտ եմ նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն հիմնարկէն: Ներկայիս կը դասաւանդեմ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճի մէջ:

«ԱԶԴԱԿ».- Անդրադառնանք ձեզի համար ձեր ուսուցիչներուն ներկայացուցած արժէքին եւ ձեր կեանքին մէջ ուսուցիչներուն ունեցած դերակատարութեան:

ԱԼԻՍ Պ.- Ուսանողական տարիներուս ամէնէն աւելի կը սիրէի հայոց լեզուն եւ ամէնէն աւելին սիրած եւ տպաւորուած եմ այդ լեզուն դասաւանդող ուսուցիչովս` պրն. Յակոբ Պաղճեանով: Ան մեր մէջ ցանեց եւ հիմը դրաւ հայկական բարոյական արժէքներու, որոնք դարձան կեանքիս սկզբունքը` իբրեւ հայ մարդու: Պրն. Յակոբը նոյնիսկ անձնական կեանքիս վրայ ազդեցութիւն ունեցած է, այն իմաստով, որ անոր որդեգրած դաստիարակչական, գաղափարական, խրատական, խրախուսական միջոցներէն օգտուելով` կ՛ուղղեմ եւ կը կրթեմ զաւակներս, իբրեւ հայ մարդեր: Պրն. Յակոբը պատճառ դարձած է նաեւ, որ գիրքի եւ գրականութեան հանդէպ յատուկ սէր ունենամ: Ես կը յիշեմ, որ բոլորս անհամբեր կը սպասէինք հայերէնի պահերը, որպէսզի պրն. Յակոբը գայ եւ իր տարբեր մօտեցումներով, ըլլան անոնք հայրական, թէ ուսուցողական, ուղէ եւ կերտէ մեզ: Ես կը կարծեմ, որ անոր դերը շատ մեծ էր նաեւ մեր նկարագիրներուն կերտման վրայ, մասնաւորաբար հայեցիին եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ անիկա մարդկային արժէքներու վրայ շեշտը դնելով, հայոց պատմութենէն, գրականութենէն, օրինակներ եւ փաստեր տալով` կը պահանջէր, որ զանազանուինք այլ ազգերէ, որովհետեւ հայը անցեալէն ի վեր միշտ եղած է տարբեր ազգ, եւ մենք ալ, մեր կարգին, պէտք էր պահպանենք այդ իւրայատկութիւնը: Պրն. Յակոբը իր դրական ազդեցութեամբ նոյնիսկ պատճառ դարձած է կեանքիս ասպարէզին ընտրութեան վրայ: Երբեմն կը զգամ, որ մէջս անուղղակիօրէն զարգացուցած է ուսուցչական կոչումը, եւ այդ իսկ պատճառով այսօր մեծ սիրով եւ նուիրուածութեամբ կ՛աշխատիմ ուսուցչական դժուար, բայց հաճելի ասպարէզին մէջ

ՄԱՏԼԷՆ Վ.- «Այն, ինչ որ եմ եւ կը յուսամ ըլլալ, կը պարտիմ ուսուցիչներուս»: Այսօր` իմ հիացումս ու անսահման երախտագիտութիւնս բոլոր անոնց, որոնք օր մը գրասեղաններու ետին ինծի արժէքներ փոխանցեցին. նկարագրի կերտում, ընկերային էակ դառնալու գրաւական, ազգային մեծնալու հպարտանք եւ մարդ դառնալու կիրք: Ուսուցչաց տօնին առթիւ «Պատուի՛ առ»ով կ՛ողջունեմ բոլոր ուսուցիչներս եւ իւրաքանչիւրը պատուանդանի մը վրայ դնելով` կ՛անցընեմ անոնց կուրծքէն «վարձքերնիդ կատա՛ր» շքանշանը, որովհետեւ 25 տարիներ առաջ, թէկուզ շքանշան չստացան անոնք, բայց շքանշան դարձա՛ն:

ՍԵՒԱՆ Դ.-Մ.- Ոչ մէկ կասկած, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր իւրայատուկ դրոշմը ձգած է իմ եւ առհասարակ աշակերտներու վրայ, սակայն նիւթիս սահմանափակութեամբ կ՛ուզեմ իմ սէրս ու յարգանքի տուրքս մատուցանել կարգ մը ուսուցիչներուս, որոնց տիպարը անջնջելի կը մնայ կեանքիս մէջ:

Կը յիշեմ լուսահոգի Անդրանիկ Ուրֆալեանը. հայոց պատմութեան դասերը մեզի համար թուականներու եւ դրուագներու սոսկ դասաւանդում ըլլալէ աւելի, ներշնչումի եւ մեր երեւակայութեան կազմաւորման պահեր էին: Ան նիւթի դասաւանդման ընթացքին այնքան վերացած կ՛ըլլար, որ ոտքին մատներուն վրայ բարձրանալով եւ բռունցքը սեղանին զարնելով` կը պատմէր մեր պատմութեան հերոսամարտերը:

Լուսահոգի «Ըսթեզ» Լուպնեն Լուպնենը, որ աշակերտներուն հետ կը վարուէր գուրգուրանքով եւ բարեացակամութեամբ: Դաստիարակի կողքին, կարծէք ան բարեկամ էր, որ գիտէր իր նիւթը համեմել սրամիտ զաւեշտներով` ուղղելով աշակերտներուն թերութիւնները:

Հայեցի դաստիարակութեանս հիմքը կը պարտիմ տիկ. Յասմիկ Մուրատեանին: Բարութեամբ պարուրուած իր խստութիւնը բոլորիս յարգանք եւ զարմանալի կերպով իր ներկայութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէր, երբ դասարանէն ներս մտնէր: Մանկավարժական իր գործադրած մեթոտը իսկապէս օրինակելի է նոյնիսկ մերօրեայ ուսուցիչներուս. ամէն դասանիւթի աւարտին կը թելադրէր, որ գծէինք դասին միտք բանին` մեր երեւակայութեան համաձայն եւ ըստ այնմ կը գնահատէր մեզ: Մեծ մասամբ, աշակերտներուն կողմէ «Մամա Յասմիկ» կոչուիլը ինքին լաւագոյն վկայութիւնն է աշակերտներուն հանդէպ անոր տածած մայրական գուրգուրանքին:

Տիկ. Շաքէ Եագուպեանը իր խստապահանջութեամբ բոլոր աշակերտներուն կը պարտադրէր լրջութիւն եւ նախանձախնդրութիւն` դասաւանդուած որեւէ մէկ  նիւթի հանդէպ:

Պրն. Սարգիս Սեֆերեանը կամ «Սըր»ը, ինչպէս սովոր էինք ըսել, իր բնական ու բարի ժպիտով վստահութիւն կը ներշնչէր բոլորիս: Իսկ պարզ ու անմիջական դասաւանդման իւրայատուկ մեթոտով սիրցնել կու գար անգլերէն լեզուն ու գրականութիւնը: Ան նաեւ գիտէր քաջալերել իր աշակերտներուն արտադասարանային ելոյթները` անձամբ ներկայ գտնուելով եւ աւարտին քաջալերելով զանոնք:

Պրն. Գէորգ Միքայէլեանը, որպէս գրականութեան դաստիարակ, թէ՛ կը սիրցնէր աշակերտին հայ գրականութիւնը եւ թէ՛ կը զարգացնէր անոր գրական ճաշակը: Իսկ որպէս խստապահանջ վերահսկիչ` աշակերտներուն մէջ կը կերտէր կարգապահութեան ոգին` յարգանք պարտադրելով բոլորին: Այս բոլորէն անդին, ինչ որ խիստ օրինակելի է, ան իր կապը կը պահէ իր շրջանաւարտներուն հետ, կը հետաքրքրուի անոնց բարձրագոյն ուսմամբ եւ ասպարէզով եւ այս ձեւով կը վայելէ բոլորին սէրն ու յարգանքը:

Պրն. Կարօ Առաքելեանը, որպէս հմուտ լեզուաբան, իր աշակերտներուն կը մատուցէր քերականութեան «ուղն ու ծուծը», ինչպէս ինք սովոր էր ըսել: Ան առանց վարանումի կը փորձէր աշակերտին փոխանցել իր ամբողջ պաշարը:

Պրն. Կարօ Յովհաննէսեանը իր հեզահամբոյր նկարագրով եւ մանկավարժական իւրայատուկ մեթոտով կը փորձէր իմաստասիրութեան նիւթը մատչելի դարձնել բոլորիս:

Տիկ. Արփի Էթիեմեզեան – Պերթիզլեանը ուսուցիչ-աշակերտ ուղղահայեաց յարաբերութեան փոխարէն` իւրացուցած էր ուսուցիչ-աշակերտ հորիզոնական մանկավարժական մեթոտը` յաջողելով գրաւել բոլորիս անվերապահ գործակցութիւնը ե՛ւ դասարանային, ե՛ւ արտադասարանային բոլոր աշխատանքներուն մէջ:

Պրն. Յակոբ Բագրատունին, մտերմութեամբ եւ բարեացակամութեամբ, վեհութիւն կը պարտադրէր եւ հետագային որպէս տնօրէն շարունակեց նոյն յարաբերութեամբ սիրելի ըլլալ` առահասարակ բոլորին:

Լուսահոգի Հրաչ Տասնապետեանը իր հարուստ մտապաշարով եւ դասարանէն ներս` «Լեւոն Շանթեան» խստապահանջութեամբ, աշակերտները կը հրաւիրէր բացառիկ կեդրոնացումի եւ լրջախոհութեան` պատմութեան դասերը վերածելով առողջ եւ տոկուն հայրենասիրութեան ներշնչումի պահերու:

Եզրափակելով կ՛ըսեմ, թէ իմ սէրս եւ նուիրուածութիւնս ասպարէզիս մէջ կը պարտիմ դաստիարակներուս, որոնք խոնարհ հերոսներ են:

ԶՈՀՐԱՊ Ղ.- Ո՛չ թէ միայն իբրեւ ուսուցիչ, երբ ընդհանրապէս մէկը ուսուցիչս ալ չէ, իր ուսուցիչները մեծ չափով ազդեցութիւն կ՛ունենան իր կեանքին վրայ. իսկ երբ ուսուցչական ասպարէզը ընտրես, շա՜տ աւելի կը զգաս, որ ազդեցութիւն ունին քու ասպարէզիդ կամ ընդհանրապէս կեանքիդ մէջ: Օրինակ, կը փորձեմ յիշել, թէ ի՛նչը սիրած եմ ուսուցիչիս մէջ եւ կը փորձեմ նոյնը տալ աշակերտիս, անշուշտ` աւելի մշակուած եւ յառաջացած ձեւով: Յայտնեմ, որ բարեբախտաբար ուսուցիչներուս մեծ մասը սիրած եմ, թերեւս բախտաւորութիւն կը համարուի, որ լաւ ուսուցչական կազմերու հանդիպած եմ: Անոնց ազդեցութիւնը դրական է կեանքիս մէջ: Մինչեւ այսօր ուսուցիչներէս ոմանց կ՛այցելեմ, կը տեսնեմ: Անոնցմէ քանի մը հատը շատ մտերիմներ էին մեզի հետ, նոյնիսկ մեզ իրենց տուները կը հրաւիրէին: Յատկապէս կը յիշեմ քիմիագիտութեան ուսուցիչս` պրն. Րաֆֆի Պալեանը, որ մեզի բարձր դասարաններու տղաքը որսի կը տանէր: Ես կը հաւատամ, որ երբ աշակերտ-ուսուցիչի յարաբերութիւնը դպրոցի սահմաններէն դուրս կ՛ելլէ, այդ կապը կը մտերմանայ եւ ուսուցիչիդ իբրեւ բարեկամի, իբրեւ մարդու ալ կը սկսիս տեսնել եւ աւելի կը սիրես ու կը կապուիս անոր: Ասկէ մեկնելով, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, ես ալ նոյն ձեւով կը վարուիմ աշակերտներուս հետ:

«Ա.».- Խօսինք ներկայիս հայ ուսուցիչին դիմագրաւած նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւններուն մասին:

ԶՈՀՐԱՊ Ղ.- Սկսիմ նիւթական դժուարութիւններէն: Ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ ըլլա՛ն արաբական, ըլլա՛ն հայկական վարժարանները կը դիմագրաւեն նիւթական լուրջ դժուարութիւններ, իսկ հայկական վարժարաններուն մէջ քիչ մը աւելի ակնյայտ է այդ մէկը եւ այս կացութիւնը դժբախտաբար իր անդրադարձը կ՛ունենայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Ես անձնապէս երեք տարբեր վարժարաններու մէջ կ՛աշխատիմ եւ ուսուցչարաններուն շրջանակին մէջ 95 առ հարիւր համեմատութեամբ նոյն բաները կը լսեմ, օրինակ, յաւելումներ եկած են, եւ ուսուցիչները չեն ստանար իրենց տքնաջան աշխատանքին հատուցումը` այդ յաւելումը: Յաւելումները չտրուելով` հայկական վարժարաններու ամսականները, համեմատաբար արաբական վարժարաններու հետ, տարբերութիւն կ՛ունենան: Օրինակ, իմ աշակերտներս, որոնք արաբական վարժարաններու մէջ կը պաշտօնավարեն, ամսականը, որ կը ստանան, հայկական վարժարանի մէջ պաշտօնավարող հայ ուսուցիչը թերեւս 35 տարի կ՛ուզէ, որ այդ գումարին հասնի, մինչ իրենք նորեկներ են ուսուցչական ասպարէզին մէջ: Այս կացութիւնը բնաւ արդար չէ եւ, այսպիսով, լուրջ դժուարութիւններու առաջ կը գտնուինք, նոյնիսկ կը զգանք, որ մեր  կարողութիւնները կը թերագնահատուին:

Ինչ կը վերաբերի բարոյական  դժուարութիւններուն, յայտնեմ, որ 20 տարուան մէջ, այսինքն` մեր աշակերտական օրերէն մինչեւ հիմա, շատ բաներ կան, որոնք փոխուած են: Ըստ ինծի, յանցաւորը աշակերտը չէ, այլ ժամանակն է: Մարդ արարածը նոյնն է, չի փոխուիր, բայց մէյ մը նայինք այսօրուան զբաղումներուն` համացանցին, փլէյ սթէյշընին, պատկերասփիւռին եւ տարբեր-տարբեր զբաղումներու, այս բոլորը մեր օրերուն չկային, ուրեմն ստիպուած էինք կա՛մ դաս սորվիլ եւ կամ ակումբ, եկեղեցի երթալ, այլ զբաղումներ, ժամանցներ չկային: Ներկայիս այնքա՜ն զբաղումներ կան աշակերտին համար, որ դասը առաջնահերթութիւն չի սեպուիր եւ ասիկա օրէ օր ուսուցչական ասպարէզը աւելի դժուար կը դարձնէ: Անցեալին մեր ուսուցիչները կրնային յաւելեալ նիշեր տալու խոստումներով գրաւել եւ կապել մեզ, սակայն այսօր մենք դժուար թէ կարենանք գրաւել մեր աշակերտը այդպիսի խոստումներով, որովհետեւ ան հետաքրքրուած չէ նոյնիսկ ի՛ր նիշերով: Ներկայիս աշակերտները կ՛ուզեն վայրկեան առաջ վերջացնել դաս-դպրոց եւ ազատ ըլլալ: Արդեօ՞ք ժամանակն է, թէ՞ մարդ արարածը ի՛նքն է պատճառը: Ես կը կարծեմ, որ այս բոլորին պատճառը ժամանակն է: Ժամանակը կը շեշտեմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ մարդը չէ, որ փոխուեցաւ, այլ ժամանակի փոփոխութեան, բերած յառաջդիմութիւններուն, արհեստագիտութեան պատճառով մարդոց զբաղումները փոխուեցան եւ այսպիսով, դժբախտաբար, ժխտական անդրադարձ ունեցաւ անոնց վրայ, որովհետեւ այսօր նոյն այդ ծնողը, որ իր զաւկին հոգ չի տանիր, ի՛նքն ալ տեղ մը ազդուած է ժամանակի փոփոխութենէն եւ իր ժամանակը կը վատնէ համացանցին վրայ կամ այլ ժամանցներով: Դժբախտաբար այս օրերուն ուսումը իր արժէքը կորսնցուցած է, եւ բազմացած են այն ծնողները, որոնք չեն քաջալերեր իրենց զաւակը ուսանելու, այլ միայն զբաղած են նիւթականով: Մէկ խօսքով, նիւթականացած է ամէն բան:

Անձնական փորձառութիւն մը ունեցայ հայկական վարժարանի մը մէջ, երբ ուզեցի հոն պաշտօնավարել. որովետեւ պէտք եղածին պէս չէին կրնար վարձատրել զիս, թելադրեցին, որ դիմեմ արաբական վարժարաններ, որ մեր կեանքին մէջ շատ ցաւալի երեւոյթ է:

Մատլէն Վարդանեան

Զոհրապ Ղազարեան

ՍԵՒԱՆ Դ.-Մ.- Հայ ուսուցիչին դիմագրաւած նիւթական եւ բարոյական դժուարութիւնները բաւականին ծանր են: Հայ ուսուցիչը գիտակից է այն ճշմարտութեան, որ ինք սոսկ հասկացողութեամբ ան յօժարութեամբ համակերպած է այն համեստ վարձատրութեան, որ այնքան չնչին է` բաղդատած այլ հաստատութիւններու կամ այլ դասաւանդուած նիւթերու: Սակայն աւելի ցաւալին հայ ուսուցիչի հանդէպ բարոյական թերացումն է, որ կը յուսալքէ զինք: Այն հասկացողութեամբ, որ անոր համեստ ռոճիկն անգամ յաճախ յապաղումով, ոչ միանուագ եւ, աւելի՛ն, ոչ որպէս իրաւունք, այլ որպէս շնորհք կը տրուի` նուաստացումի առաջնորդելով ենթական: Պետական կարգով օրինաւոր յաւելումները ինչ-ինչ պատճառներով կամ որոշ ժամանակով կ՛անտեսուին: Նոյն ձեւով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը շատ բան չի նշանակեր գնահատման ծիրին մէջ:

«Տէր Թոդիկ»եան օրերուն իսկ «միսը քեզի ոսկորը ինծի» հասկացողութիւն մը գոյութիւն ունէր, երբ ուսուցիչը կը վայելէր նիւթաբարոյական յարգանք: Այս վերաբերումը որքան ալ համեստ, հիմքն է նոր ուսուցիչներ ներգրաւելու եւ քաջալերելու, որ նորահաս սերունդը նետուի դաստիարակութեան աշխարհին մէջ: Ինչպէս կանխաւ յայտնեցի, զոհողութեան ոգին անկասկած, որ կորիզը կը կազմէ այս ասպարէզին, սակայն անիկա պէտք չէ ըլլայ միակողմանի, այլ փոխադարձ:

Լուծումը ուսուցիչը չէ, որ պիտի տայ, այլ` առ որ անկ է, այլ խօսքով` Ուսումնական խորհուրդին եւ Ազգային իշխանութիւնները, որոնք ստանձնած են հայ կեանքի ծանր լուծը բարւոք տնօրինել:

ԱԼԻՍ Պ.- Մասնաւորաբար կ՛ուզեմ շեշտը դնել հայ ուսուցիչին դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, որովհետեւ հայ ուսուցիչը եւ անոր մօտեցումը կը տարբերին, որովհետեւ հայ ուսուցիչը միայն իբրեւ գործ, իբրեւ նիւթական հայթայթման միջոց չի մօտենար, այլ անիկա կը մօտենայ` զոհողութեամբ, նուիրուածութեամբ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ մայրական-հայրական կապով: Ներկայիս կան` բարոյական արժէքներու մեծ խախտում, արհեստագիտութեան ժխտական ազդեցութիւն` սերունդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին անտարբերութիւնը` ընդհանրապէս դասերուն եւ մասնաւորաբար հայոց լեզուին հանդէպ, հակառակ որ ներկայի դպրոցներուն մէջ կը կիրարկուին արդիական շատ լաւ մեթոտներ աշակերտը գրաւելու եւ տեղեկութիւնները ճիշդ ձեւով փոխանցելու համար, սակայն այդ բոլոր քայլերը դժբախտաբար ի զուր են:

Ես կը կարծեմ նաեւ, որ այս անտարբերութեան եւ անպատասխանատուութեան աճման պատճառներէն մէկը կը հանդիսանայ աշակերտին տան մթնոլորտը: Պատկերասփիւռը, համացանցը, փլէյ սթէյշընները, իրենց արտադպրոցական զբաղումները` երգ պար, մարզական եւ այլն: Աշակերտներուն զբաղումները շատ են եւ բազմապիսի: Ներկայիս մենք կը գտնուինք շատ մեծ մարտահրաւէրներու առջեւ, հետեւաբար պէտք է բոլորս` դպրոց, աշակերտ, ընտանիք, ձեռք-ձեռքի տալով, օգնենք իրարու, որպէսզի պայքարինք եւ վերջ տանք այս թէ՛ անհեթեթ եւ թէ՛ լուրջ դժուարութիւններուն:

Նիւթական դժուարութիւններ չկան, որովհետեւ գիտեմ, որ մեր իրաւունքները մեզի կը տրուին կարելիին սահմաններուն մէջ, եւ ես կը հասկնամ կաթողիկէ համայնքին եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւնները. ուստի, բաւարարուածութիւն եւ գոհունակութիւն ունիմ այս գծով:

ՄԱՏԼԷՆ Վ.- Այսօր, 21-րդ դարու սկիզբը, համաշխարհայնացումը թափ առած` իր բացասական ազդեցութիւնը կը ձգէ աշակերտին մտածելակերպին եւ ապրելակերպին վրայ: 21-րդ դարու աշակերտը կը տարուի արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցութեան սրընթաց նորութիւններով եւ հոն միայն կը գտնէ իր հոգեկան գոհացումը, հաճոյքը, մինչդեռ դասական զարգացման ձեւը կամ աշակերտին ամէնէն մտերիմ բարեկամը նկատուող գիրքը իր տեղը կը զիջի համացանցին: Անուրանալի է, որ արդի սերունդին տագնապը արժէքի գաղափարին թուլացումէն յառաջ կու գայ: Հարցումէն անդին, հարցականի տակ դրուած են այսօր մարդկային արժէքները: Ինչ որ երէկ գեղեցիկ էր, նուիրական, վսեմ, բազմութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու չափ հոգեյոյզ գաղափար, գաղափարական ու արժէք` այսօր տժգունած եւ դարձած են անհրապոյր ու հնամենի:

Այսօր, եթէ իրապաշտ մօտեցումով նայինք մեր շուրջը, պիտի տեսնենք անտարբերներու, անպատասխանատու եւ թուլամորթ անձերու, մանաւանդ անձնասէր ու նիւթապաշտ սերունդ մը, որ արժէքի չի հաւատար, արժէք չի՛ հետապնդեր չի գիտեր յարգել եւ արժեւորել. եւ այս մէկը կու գայ մեր ընտանեկան յարկերէն, ուր հետզհետէ կը կորսուին մեր սրբութիւններն ու բարոյական հասկացողութիւնները:

Հետեւաբար, 21-րդ դարու ուսուցիչը անհրաժեշտ է որ «գերբնական ուժ» ունենայ, անսահման համբերութիւն, ուսուցիչի կոչում, որ կարենայ հրաշքներ գործել եւ թիավարել հոսանքն ի վեր` պատրաստելով գիտակից սերունդ մը:

«Ա.».- Ուսուցչաց տօնին առիթով խնդրեմ փոխանցէք ձեր սրտի խօսքը` ուսուցիչներուն եւ կոչը` աշակերտութեան:

ՄԱՏԼԷՆ Վ.- Կը շնորհաւորեմ բոլոր ուսուցիչները, բոլորին վարձքը կատար. կը մաղթեմ, որ իւրաքանչիւր ուսուցիչ կրթական կեանքին նայի իբրեւ ի՛ր կեանքին, ինքզինք կապուած զգայ անոր ոչ հանդիսատեսի կամ կրաւորական մօտեցումով, այլ` պատասխանատուութեան սուրբ, նուիրական եւ խորապէս դաստիարակիչ կրթիչ դերով. ամէն բանէ առաջ իր հոգին ու խիղճը դնէ իր դասապահերուն ի սպաս, որպէսզի հայ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը իր թիրախին հասնի եւ հայակերտումի եւ մարդակերտումի ամէն ջանք պսակուի յաջողութեամբ ու յաղթանակով: Կարեւորը տալն է, ոչ միայն ըլլալը. էականը ցանելն է, ոչ միայն ամբարելը, կենսականը ճառագայթելն է եւ ոչ միայն «ուսուցիչ» անուն կրելը: Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը. նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել գոհունակութիւն:

Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր աշակերտներուն, որ գնահատեն իրենց ուսուցիչներուն աշխատանքը, արժեւորեն անոնց ադամանդեայ քրտինքը, բայց մանաւանդ ուսուցիչին ցանած հունտերը վերածեն պտղաբեր կեանքի ու մրգաստանի:

ՍԵՒԱՆ Դ.-Մ.- Անձնապէս հաւատացած եմ, անոր համար ե՛ւ ընդգրկած եմ այս ասպարէզը, նաեւ ամէն առաւօտ հաճոյքով կը մտնեմ դասարան` որպէս մարդակերտման քուրայ, ուր մտքեր, նկարագիրներ, մէկ խօսքով այսօրուան հայ մանուկի ընդմէջէն վաղուան հայ մարդը պատրաստելու գերագոյն հաճոյքը կը վայելեմ: Վստահ եմ, որ պաշտօնակից բոլոր հայ ուսուցիչները նոյն սիրով ու նախանձախնդրութեամբ կը մօտենան իրենց վստահուած առաքելութեան, որ դարէ դար Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած սրբազան աւանդ մըն է: Կ՛ուզեմ ըսել բոլորին վարձքը կատա՛ր:

Ինչ կը վերաբերի հայ աշակերտին, իր կարգին ան եւս ունի իրեն յատուկ դժուարութիւնները: Բայց եւ այնպէս արդիական ու մանկավարժական մեթոտներով ու շրջապատով, երբ կարենանք իր մէջ առողջ գիտակցութիւնը արթնցնել իր ինքնութեան, վստահաբար ան թօթափելով ամէն բարդոյթ` հաճոյքով պիտի մասնակցի ուսուցիչ-աշակերտ փոխյարաբերութեան արդիւնաւէտ աշխատանքին` առանց անշուշտ անտեսելու ծնողներու ներդրումը, որ ինքնին անկասկած այնքան կենսական է:

ԱԼԻՍ Պ.- Ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ուսուցչաց օրը եւ կը մաղթեմ նախ առողջութիւն, արեւշատութիւն, ուժ, կորով եւ մեծ համբերութիւն, որպէսզի իրենց առաքելութիւնը շարունակեն մեծ թափով եւ արդիւնաւէտութեամբ: Իսկ աշակերտներէս կը խնդրեմ, որ քիչ մը աւելի աշխատին եւ պատասխանատուութեամբ ու գիտակցութեամբ յաճախեն դպրոց, որպէսզի ապագային ատակ ըլլան շարունակելու մեր նախնիներուն սկսած եւ մեր շարունակած առաքելութիւնը:

ԶՈՀՐԱՊ Ղ.- Այս առիթով աշակերտները նախ պէտք է գիտնան, որ իրենք եւ ուսուցիչները «նոյն խումբէն կը խաղան», որովհետեւ երբ տարբեր թերացումներու պատճառով կը բարկանանք կամ կը յանդիմանենք զիրենք, կեցուածք կ՛առնեն եւ… բայց պէտք է գիտնան, որ բոլորս տգիտութեան դէմ է, որ կը պայքարինք: Այս մէկը շատ կարեւոր է, որ բոլոր աշակերտները հասկնան եւ գիտակցին: Իսկ ուսուցիչ մը որքան ալ ջղայնանայ, նեղանայ վերջաւորութեան իրենց օգուտին համար է: Իսկ սրտի խօսք ուսուցիչներուն, նախ ուսուցչած օրուան առիթով կը շնորհաւորեմ բոլորը, պիտի շնորհաւորեմ, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն դժուար ասպարէզներէն մէկն է: Դժուար, որովհետեւ եթէ մէկը լուրջի պիտի առնէ ուսուցչական ասպարէզը, շատ սթրես կ՛ապրի: Վերջերս լսեցի, որ աշխարհի երրորդ ամէնէն սթրես պատճառող գործն է: Ուրեմն պէտք է իսկապէս գնահատել ուսուցիչը, ոչ թէ պարզապէս տարին օր մըն է, որ կու գայ ու կ՛անցնի: Ուսուցիչները սերունդներու կերտման մէջ մեծ եւ հիմնական դերակատարութիւն ունին: Կը յուսամ, որ կարենամ դրական ազդեցութիւն ձգել մեր աշակերտներուն կեանքին մէջ, ինչպէս ձգած են իմ ուսուցիչներս:

Հարցազրոյցը վարեց`

ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ. ՄԱՐՏ ԻՆՆԻ ԽՈՀԵՐ
Ուսուցիչներու տօնին առիթով, սովորական երեւոյթ է լսել եւ կարդալ գովեստներ եւ ներկայ ըլլալ մեծարանքի դրսեւորումներու` ուղղուած հայ կրթական մշակներու հասցէին: Իսկապէս գնահատանքի արժանի են այն բոլոր մարդիկը, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն ուսուցիչներուն եւ իրենց խորազգաց խորհուրդներով կը մատուցեն յարգանքի տուրք մը:

Այսօր շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կ՛արժեւորեն սերունդ դաստիարակելու կանչուած նուիրեալներու աշխատանքը եւ, իբրեւ ասպարէզիս վերջալոյսին հասած ուսուցիչ, թուղթին կը յանձնեմ քանի մը խորհրդածութիւններ, որոնք կարելի է բաժնել կամ մերժել:

1975-ին, աշակերտական եւ վարչական հարցերու արծարծման յատկացուած ամավերջի ուսուցչական ժողովին, տնօրէնը` ակնարկելով պետութեան կողմէ որոշուած ամսաթոշակի տասը առ հարիւրի յաւելումին, յայտնեց, որ այդ յաւելումը ուսուցիչներուն արդար իրաւուքն էր, սակայն ի՛նք չէր կրնար զայն որդեգրել, քանի որ պիւտճէն… բացի մէջ կը մնար:

1995-ին, դպրոցի մը տէրն ու տիրական գլխաւոր պատասխանատուն, ամսականի յաւելումի մը պահանջին պատասխանեց` յայտնելով, թէ «ուսուցիչը պէտք է աղքատ ապրի»:

Երկու տասնամեակի տարբերութեամբ, ամսաթոշակի յաւելումի պահանջ մը յանգեցաւ մերժումի նոյն վախճանին դպրոցի վարիչներուն կողմէ:

Չեմ գիտեր, թէ այսօր ի՞նչ պիտի ըլլայ հակազդեցութիւնը մեր դպրոցներուն պատասխանատուներուն եթէ անգամ մը եւս սեղանի վրայ դրուի նոյն պահանջը:

Թէեւ իրաւունքներու ստացման գծով կացութիւնը բարելաւուած կը թուի, սակայն ամսաթոշակի յաւելումի պարագան առհասարակ կը հանդիսանայ գլխացաւ պատճառող կնճռոտ հարց մը. ուրկէ՞ բերել այն հսկայ գումարները, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ գոհացնել կրթական մշակները:

Մէկ կողմէն, գիտակցելով հանդերձ հայ դպրոցին կրած նիւթական դժուարութիւններուն եւ բաժնելով ատոնց անմիջական լուծում մը գտնելու մտահոգութիւնը, զոր ունին մեր ազգային, համայնքային եւ կրթական պատասխանատուները, եւ միւս կողմէն, ընդունելով, որ հայ ուսուցիչը հայ մշակոյթի պահպանման առաքեալն է եւ հետեւաբար պարտի սատարել հայ դպրոցին գոյատեւման, բայց եւ այնպէս արդարացի չեմ գտներ ասկէ պահանջուած յաւերժ զոհողութեան եւ զոհաբերումի ոգի ցուցաբերելու պատրաստակամութիւնը առանց փնտռելու անոր իրաւունքները տալու միջոցները:

Արդարեւ, հայ ուսուցիչն ալ մարդ է, ան ալ ունի ընտանեկան ու ընկերային պատասխանատուութիւններ եւ անոր ալ իրաւունքն է ապրիլ մարդավայել կեանք մը: Հետեւաբար, օրէնքին իսկ սահմանած իրաւունքները անոր զլանալը համազօր է կեղեքումի: Ա՛լ կը բաւէ անոր պարզել «բացի մէջ ենք» յանկերգի վերածուած սպառնալիքը: Միայն ուսուցիչին պարագային դրա՞մ չկայ: Հապա ինչպէ՞ս բացատրել բազում նորոգութիւններու եւ պերճ շինարարութիւններու ձեռնարկումը, որուն ականատես կ՛ըլլամ շատ մը դպրոցներու մէջ. քարին համար դրամ կայ, իսկ մարդուն համար չկա՞յ… դժբախտաբար այդ կը նկատեմ կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Եթէ մեր պատասխանատուները կ՛ուզեն դպրոցը պահել, պարտին պահել նախ զայն կենդանացնող նուիրեալները: Թող պահեն ուսուցիչը, մանաւանդ լեզու եւ մշակոյթ աւանդող հայ ուսուցիչը, որ անտեսուած է, որովհետեւ առաջնահերթութիւնը կը տրուի գիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչին: Ճիշդ է, որ ծնողները կ՛ապրին նիւթական ծանր պայմաններու տակ, որոնց պատճառով անոնք ի վիճակի չեն օրէ օր մագլցող կրթաթոշակները վճարելու: Ճիշդ է, որ այս իրողութեան իբրեւ հետեւանք, կրթարանները կը մատնուին նիւթական անելի` ապահովելու համար ուսուցիչներուն ամսաթոշակները: Սակայն, նաեւ ճիշդ է, որ առանց ուսուցիչի դպրոց մը չի՛ գոյատեւեր: Հետեւաբար, կրթական պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է ճարել նոր միջոցներ պահպանելու եւ պահելու համար իրենց հաստատութիւնները:

«Կամենալը կարենալ է» ըսուած է: Ունենալով բարի կամքով, անոնք կրնան հրաշքներ գործել շնորհիւ այն բարերարներուն, որոնք հաւատալով դպրոցներուն մէջ փոխանցուող հայ գիրին, գրականութեան ու մշակոյթին, առատաձեռն նուիրատուութիւններով կը սատարեն կրթական կեանքին բարելաւման ու բարգաւաճման: Էականը սակայն, այդ գումարներուն ճիշդ տեղը յատկացուիլն է` հեռու տանայեան տակառներ լեցնելու մղձաւանջէն:

Որպէս եզրափակիչ խօսք, կը հաստատեմ, որ դպրոցին սիւներն են ուսուցիչները: Զանոնք շահագործել, չարչրկել եւ նսեմացնել համազօր է այդ սիւները հարուածելու: Եթէ խախտին այդ սիւները, հետեւանքը կ՛ըլլայ փլուզում: Ուսուցիչին իրաւունքը անկորնչելի է: Ուստի, երբ ամսականի յաւելում մը կայ, պէտք է անվարան որդեգրել զայն եւ գոհացնել ուսուցիչը, որ ընդհանրապէս տարիներու յոգնատանջ մաշումէ մը վերջ է, որ կը տիրանայ իր այժմու վարձատրութեան: Այդ կը պահանջէ արդարամտութիւնը եւ այդ կը պարտադրէ ասպարէզին, իմա` առաքելութեան բարոյագիտութիւնը:

Հուսկ, ուսուցիչը պէտք է ապրի մարդու նման: Այդպէս չէ՞ սիրելի կրթական պատասխանատուներ…

Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ բոլոր կրթական մշակները եւ անոնց կը մաղթեմ համբերութիւն, յարատեւութիւն եւ իրաւունքի պահանջատիրութիւն:

ՎԱՀԷ ԷԼՄԱՃԵԱՆ

ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅԻՆ ԵՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ՏՕՆԸ
Համայն մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդի տօնացոյցին վրայ իր արդար տեղը գրաւած ընթացիկ թուական մը չէ, որ կը նշենք այսօր: Ժողովուրդներու պատմութեան մէջ նոր էջ բացած իւրաքանչիւր տօն ունի իր իւրայատուկ արժէքն ու նշանակութիւնը` իբրեւ տուեալ ժողովուրդի պատմութիւնը, ազգային դիմագիծը, քաղաքակրթական ինքնութիւնը եւ հոգեմտաւոր կերպարն ու ոգին պայծառակերտած կենդանի դաս ու կենսայորդ դասագիրք: Նոյնպէս եւ նոյն ուժգնութեամբ` նաե՛ւ համեստ ու հեզահամբոյր տօներ կարծուած թուականները, որոնցմէ մէկն է, պիտի սիրէինք ըսել` գլխաւորագոյնն է այսօրը` Ուսուցչաց Օրը:

Ա. Բ. Գ.ի կախարդական լուսաշխարհէն ներս դեռ նոր ոտք դրած հայ մանուկին աչքերուն չափ ժիր ու պայծառ, մեր պաշտելի մայրերուն հաւատքին ու երազին պէս հեզ ու խոնարհ, մեր պաշտելի հերոսներուն երակներն ու ողջ էութիւնը հրդեհած արեան ուխտին նման տաք ու իրաւ, եւ կում մը ջուրով ու պատառ մը ցամաք հացով գիր ու գրականութիւն, դպրանոց ու դպրութիւն լուսակերտած մեր սրբանուն վարդապետներուն տեսլականին ու նուիրումին զօրութեամբ կախարդական ու սրտագրաւ այս տօնը միշտ բացառիկ, քիչ կը մնայ ըսել` անմեկնաբանելի խորհուրդով ու իմաստով ներկայացած է հայ ժողովուրդին:

Պարզ այն պատճառով հաւանաբար, որ «միսը քեզի, ոսկորը` ինծի» յուզիչ խոստովանութեամբ իր զաւակը հայ ուսուցիչին վստահած հայ ծնողքը իր դիմաց կանգնած նուիրեալին մէջ տեսած է ո՛չ միայն գիտութիւն եւ ուսում ջամբող հմուտ վարժապետ մը, այլեւ առաջ քան զամենայն` հոգի եւ նկարագիր դարբնող վաւերակա՛ն դաստիարակը: Արուեստագէ՛տ մանկավարժը, որ նոր բացուող իւրաքանչիւր արշալոյսի հետ նորոգուելու բնատուր շնորհով օժտուած է, ծանօթ է ամէն օր ա՛լ աւելի հարստանալու եւ շրջապատը հարստացնելու արուեստին գաղտնիքներուն եւ իր սրտին վերանորոգ կրակն ու մտքին նորահրաշ լոյսը իրարու միախառնելով` մատղաշ սերունդներու հոգիիի եւ մտքի դաշտերը նորաշունչ սերմերով ալեկոծել գիտէ:

Հասկնալի է լռելեայն, որ խօսքը կը վերաբերի ծառայական առաքելութիւնը կեանքի գերխնդիր ընտրած ամբողջական դաստիարակի առաքելատիպ կերպարին: Անմնացո՛րդ նուիրեալին, որ դասագիրքի եւ դասարանի չորս պատերուն մէջ ամփոփուող նոյնիսկ անթերի դասատու մը չէ, միայն, այլեւ` անմրցելի կախարդ է, մարդկութեան ազնուացման ի խնդիր շունչ ու հոգի սպառող պատարագիչ է, զոհ ու զոհաբեր միաժամանակ` յար եւ նման նազովրեցի Առաջին Ուսուցիչին:

Ա՛յս որակի դաստիարակին տօնն է Ուսուցչաց Օրը: Մաշտոցեան աւանդի արժանաւոր ժառանգորդ մեծամեծներուն` Մխիթար Սեբաստացիներու եւ Խաչատուր Աբովեաններու, Խրիմեան Հայրիկներու եւ Դուրեան արքեպիսկոպոսներու, Ռետթէոս Պէրպէրեաններու եւ Թլկատինցիներու, Դանիէլ Վարուժաններու եւ Ռուբէն Զարդարեաններու, Յակոբ Օշականներու եւ Լեւոն Շանթերու, Հրաչեայ Աճառեաններու եւ Ռաֆայէլ Իշխանեաններու եւ բազմանուն այլ հսկաներու եւ անոնց դարաւոր աւանդին արժանապատիւ պահնորդներուն տօնը, որոնք բառին ազնուագոյն ու ամբողջական առումով եղան քրմապետ ու զօրավար, թագաւոր ու իշխան, խնկարկու եւ ծառայ, եւ ամենայն արութեամբ մղեցին հայ ժողովուրդի լինելութեան ու «վարդահեղեղ արշալոյս»ին գոյամարտը:

Որպէսզի յաւերժ ու յաղթական ապրի Թորգոմեան ցեղը, իրենց յաջորդած նոյնքան նուիրեալ ջահակիրներ բարձր պահեն փոխանցուած ջահը եւ Ուսուցչաց Օրը իրաւամբ դառնայ մեր պայծառ ներկային ու յաղթագնաց ապագային տօնը:

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՊԵՏՆԵՐԸ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
Ամէն հինգշաբթի, դասսկիզբը ծանուցող զանգակէն հինգ վայրկեան առաջ անպատրաստները կ՛աճապարէին ապաստանիլ դասարանի հեռաւոր ու աննշմարելի անկիւնները, մինչ ուրիշներ, գրածնին կարդալու մարմաջով, կը գրաւէին անոնց լքած դիրքերը, աղմկելով, կռուելով, իրար հրելով:

Խաղաղութիւնը ետ կու գայ դասարան, երբ դուռը բացուելով, ներս կը մտնէր եթէ ոչ կլորիկ, գէթ գիրուկ ու ամրակազմ մարդ մը, բարի դէմքով ու հաստատ քալուածքով:

Դուրսի աշխարհը Օշական անունով կը ճանչնար զինքը, մենք` «Մենծ Աղա»: Ուսուցչական սեղանին առջեւ «բարի լոս» մը կը նետէր ոտքի վրայ սպասող տղոց ու իր ժպտող աչքերը պտտցնելով անոնց վրայ, կ՛ըսէր որ նստին: Իր խոշոր մարմինը տեղաւորելով աթոռին վրայ, որ ցաւագնօրէն կը ճարճատէր, խօսք կ՛ուղղէր առաջին տղուն:

– Ե՛լ նայիմ, «մենծ փիլիսոփայ», ո՞ւր տեղացի ես:

– Մշեցի:

– Մուշը կը յիշե՞ս. քանի՞ տարի է անկէ հեռանալդ:

– Վեց տարի:

– Քաղաքէ՞ն ես:

– Ո՛չ, գիւղէն:

– Հելէ ատոր գեղ ըսէ: Ձեզի խրատ` բոլոր անոնք, որոնք գաւառացի են, թո՛ղ գիւղի տեղ գեղ գործածեն: Կարդա՛:

– «Վերջալոյսի պատկերներ»…

– Ա՜յ, ի՜նչ շողշողուն վերնագիր է. քալէ՛:

– «Իրիկուն է. հորիզոնին վրայ արեւը մահին կը մօտենայ, մինչ նուաղկոտ ու մաշած ցոլքեր կը վէտվէտին ճերմակ ամպերու խառնիխուռն գեղմին մէջ ոսկեզօծ…»:

– Ճանըմ,- կ՛ընդմիջէ Օշական,- տղան թամ բանաստեղծ է: Ես ձեզի ըսած չե՞մ, որ պարզ գրէք, առանց զարդի: Գրականութիւն ըրած ըլլալու համար մի՛ գրէք. աշխատեցէք պարզ ու բնական ըլլալ. մի՛ տարուիք շիք բառերու հրապոյրէն: Շարունակէ՛:

– «Ոսկեզօծելով անհունի մէջ. նիհար բազուկներու պէս վեր նետուող, մահիկաւոր մինարէթներու երկար սիլուէթները եւ հեռաւոր հորիզոններու կապոյտին մէջ գծագրուող նոճիներու ստուերախիտ պուրակները, որոնց մէջ…»:

– Կեցի՛ր,- կ՛ըսէ Օշական,- ես շարունակեմ, հաւանաբար թռչնոց խումբեր եւ անոնց կապած քաղցր դայլայլիկներ ունիս:

– Այո՛, միւսիւ:

– Գետինն անցնին այդ բոլորն ալ, նոճիներն ալ, թռչուններն ալ, պուրակն ալ: Հիմա անցիր տեղդ եւ աշխատէ չմոռնալ խրատներս:

– Միւսիւ, վերջը պարզ գրած եմ:

– Սկի՞զբը ինչու այնպէս է. աս նախաբա՞նն է. քալէ տեսնենք:

Խեղճ տղան թաշկինակը կ՛անցընէ ճակտին վրայէն ու քանի մը հատուած ցատկելով, կը սկսի կարդալ:

– «Գլխարկս գլուխս կը դնեմ ու հացիս ծրարը առած…»:

– Կը բաւէ, անցի՛ր տեղդ,- կը սրտնեղի Օշական,- գլխարկը ոտքերնիս չենք դներ, ոչ ալ կրնաք ուտել. յետոյ, վերջալոյսին հացիդ ծրարով ո՞ւր կ՛երթաս: Այս սովորական ու անկապ բաները մեզի մի՛ պատմեր. ամէն մարդու տեսածը ու լսածը մեզ չի շահագրգռեր: Աշխատէ նոր ու չլսուած բաներ ըսել. եթէ չես կրնար տեսնել զանոնք, գէթ նոր ձեւ մը գտիր. մանաւանդ գրէ տեսած ու ապրած միջավայրէդ. այլապէս անօգուտ է այն ազատութիւնը, զոր ես ձեզի կու տամ նիւթերու ընտրութեան մէջ: Բարեբախտ ես, որ Մուշի պէս տեղ մըն ես ծնած: Քեպապ դարձուցած չէ՞ք հոն: Կրնա՞ս հրամցնել մեզի անոր բերնի ջուր վազցնող գոյնը, հոտը, բրինձով լեցուած գառը կամ հնդկահաւի մը արքայական զիստը: Ասոնք բացառիկ բաներ են: Հացիդ ծրարը իր երկու կուտ ձիթապտուղով մի՛ բանար մեր առջեւ վերջալոյսներու տակ, լսեցի՞ր: Անցի՛ր տեղդ եւ մի՛ մոռնար խրատներս: Չես ըսեր, թէ բոլորովին պարապ է գրածդ. հոն քանի մը յաջողուած պատկերներ կան, բայց կորած են ընդհանուր շփոթին մէջ: Յաջորդը թո՛ղ գայ:

Դեղնած ու ճղլած տղայ մը կը բաժնուի սեղաններէն ու տետրակը ձեռքը, կը սպասէ հարցաքննութեան:

– Դո՞ւն ուրտեղացի ես:

Գում գափուցի:

– Կարդա՛:

– «Պալըքճիները»…

– Թա՛մ գլխուն զարկիր. հայտէ նայինք:

Ձկնորսներուն առօրեայ կեանքէն առնուած հասարակ նկարագրական մըն է աս տղունը, զոր կարդաց առանց ընդմիջուելու:

– Ինծի նայէ, տղա՛ս,- կը խօսի Օշական,- գրածիդ մէջ ինչ որ գետնին վրայ է, կարելի է յաջողուած համարել, բայց քու ձկնորսդ թուղթով շինուած է, հոգի չունի: Յաճախ բառ մը, խօսք մը փրցուած անոր բերնէն, կամ հոն դրուած, շատ աւելի բան կ՛ըսեն մեզի, քան ամբողջ հատուածներ ու էջեր: Չե՞ս լսած, անոնք թոհաֆ խօսքեր ունին: Օրինակ` «հայտէ՛, գնա՛, դուն ատ ձուկը չես կրնար ուտել, փշոտ է»: Սուղ ձուկերու գնորդ ելնող աղքատ յաճախորդներու կ՛ըսեն ասանկ բաներ: Յաջորդը թող գայ:

Այս վերջինն ալ գաւառացի մըն է, որ գիւղի մը պատկերը կը վրձինէ քանի մը հարուածով. կը նկարագրէ աղբիւրին գիշերուան երգը` ձմեռ ժամանակ:

Զգայուն տղայ մը ըլլալու է: Բառերը կարծես հնչիւն ու կարկաչ դարձած կը հասնին մեր ականջներուն, եւ կարծես մենք կը տեսնենք ձիւնապատ դաշտին մէջէն իր ուղին գծող առուին խաղաղ ու ջինջ ջուրերը:

Կ՛աշխատինք կարդալ ուսուցչին դէմքը, որ ամփոփուած է. անոր աչքերը տարօրինակ ու անանուն բան մը ունին իրենց մէջ, որ չէ կարելի նկարագրել. կարծես ան ճիգ կ՛ընէ մտաբերելու տեսարան մը ու անոր կապուած հնչիւն մը, որ կը փախի մտքէն եւ որ ըսուած է անգամ մը, այնտեղ, հեռուն, գեղի պարտէզներուն խաղաղ կիսախաւարին մէջ, հին ու երջանիկ օրերուն:

Երբ ընթերցողին ձայնը կը կտրի, ան յաջորդ մը կանչելէ առաջ, իր չհատնող «բայց»երէն եւ առարկութիւններէն հատ մը երկուք ալ ասոր կու տայ` իր «աղէկ էր»ի գնահատումին պոչին փակցուցած:

Զանգը կը փակէր վէճը: Աղմուկը գլուխ կը վերցնէր դասարանին մէջ եւ խառնակութիւնը ծայր կու տար:

– Կեցէ՛ք, դեռ հոս եմ,- դիտել կու տար Օշական ու կը պատրաստուէր մեկնելու:

– Միւսիւ, տետրակները չէ՞ք տանիր սրբագրելու,- կը հարցնէր անհամարձակ պոլսեցու ձայն մը:

– Մինչեւ հիմա ըրածնիս ի՞նչ էր:

– Ուղղագրական սխալները ըսել կ՛ուզեմ:

– Ըսէ՛ք, տնօրէնին, ձեզի քերականութեան ուսուցիչ մը թող յատկացնէ: Ես գրականութեան դաս տալու կու գամ:

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Լ. ՇԱՆԹ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ
Շանթ որքան գիտուն մանկավարժ, նոյնքան արուեստագէտ ուսուցիչ մըն էր: Տեսութիւնները կենդանի գործի վերածող բազմաշնորհ վարպետ մը, որուն համար իւրաքանչիւր դաս ստեղծագործութիւն մըն է եւ ստեղծագործական բարձրագոյն վայելք: Արձանագործը մարմարի կոշտ զանգուածէն գեղեցիկ արտայայտութիւն մը կը կերտէ: Աշխատանքի պահուն ան կը շարժի ներքին ոգեւորութեան եւ ներշնչումի բուռն մղումին անձնատուր: Ուսուցիչին ըրածն ալ ուրիշ բան չէ, սա տարբերութեամբ, որ անոր ստեղծագործող ճիգերը կը ներգործեն ապրող եւ թարմ էակներու վրայ, փոխանակ անշունչ իրերու:

Ուսուցիչ Շանթի տաղանդին գլխաւոր յատկանիշը, զոր ան գիտցաւ լայնօրէն օգտագործել` նիւթ մը կենդանացնելու, գրաւիչ եւ հետաքրքրական դարձնելու իր յորդ կարողութիւնն էր: Ընթացիկ տեղեկութիւններուն մէջ անգամ ան վարժ էր բաբախուն կեանք եւ սրտագրաւ ջերմութիւն դնելու: Օժտուած էր անցեալը վառ գոյներով ոգեկոչելու, վերացական գաղափարները գունաւորելու, շահագրգռութենէ զուրկ կարծուած նիւթերը մարդկային անմիջական որոնումներուն կապակցելու բնատուր շնորհով: Ասոր համար ինչ որ աւանդէր – պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, հոգեբանութիւն, մակավարժութիւն – կը դառնար հիւթեղ եւ տպաւորիչ:

Մանրամասնութիւններու մէջ ոչ միայն չէր կորսուեր, այլ զանոնք թել առ թել կը հիւսէր, ամբողջական գաղափարի մը կամ պատկերի մը շուրջ: Հեռու իրմէ` ունկնդիրները զարմացնելու, վերացնելու կամ զարտուղի աշխարհներ առաջնորդելու ամէն մեղաւոր դիտում: Միշտ նիւթին հետ եւ միշտ նիւթին մէջ:

Ստեղծող իր երեւակայութեան կը միացնէր արտայայտութեան անստուեր պայծառութիւն եւ լեզուի կատարեալ յստակութիւն, որոնք այնքա՜ն անհրաժեշտ են ամէն ուսուցիչի համար: Ծանօթէն դէպի անծանօթը, պարզէն դէպի բարդը եւ դիւրինէն դէպի դժուարը մեկնիլ յանձնարարող մանկավարժական օրէնքը ոչ մէկ գաղտնիք կը յարուցանէր Շանթին առջեւ:

Կրկնութեան պահանջը, որ մանկավարժութեան կարեւոր զէնքերէն մէկն է, երկսայրի սուր մը կը դառնայ յաճախ անճարակ դասախօսի ձեռքին մէջ, տաղտկացուցիչ միօրինակութեամբ օրօրելով պահը, եթէ զգոյշ եւ վարպետ եղանակով չգործածուի: Շանթ իր այլազան օրինակներու առատութեամբ եւ տարբեր անկիւններէ նոյն հարցին վրայ յարձակելու ռազմագիտութեամբ անզգալիօրէն կրկնութեան կու տար նորին հրապոյրը:

Մութը հալածելու, տարտամութիւններէն խորշելու հակումը, բանին պերճութիւնը, արտայայտուելու դիւրութիւնը եւ մտածումին հաստատուն նկարագիրը մեծապէս կը նպաստէին անշուշտ այս արդիւնքին: Բայց ատկէ զատ եւ ատկէ վեր` Շանթ գիտէր դիմացինները իր հետ միասին մտածել տալ, խորհրդածութեան մղել:

Մտքերը գործօն լարումի մէջ պահելու եւ հոգիները յուզելու այս աշխատանքին մասնագէտն էր Շանթ:

Մ. ԻՇԽԱՆ

(Հատուած)

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԴԱՍՏԻԱՐԱԿ

Դաստիարակն է:- Կը խօսի ծանր, յըստակ.

Ձայնն աստղերէն, լոյսին կու գայ,

Բառը կ՛ելլէ, թըռիչներուն վրայ հուր կայ.

Զայն կ՛արձակեն իրենց բոյնէն գիրքն ու կեանք:

Թոք կը սպառէ, միտք կը լըլկէ, շունչ կու տայ,

Եւ չի խորհիր իր վէրքերուն,

Մանկութեան դէմ դըրած ամբողջ ծերութիւնն`

Կը բաժնէ իր ծովը բազում լըճի վրայ…

Վըսե՜մ կոչում: Հոգեակներու մէջ հըլու,

Ըզգուշաւոր հըպումներով`

Կը գըրէ գութն էջերու վրայ ապահով.

Կը ցանէ սէրն` անձնուիրութիւն քաղելու:

Անոնց կոկոն ուղեղին մէջ կիսաբաց

Կը զետեղէ ճառագայթներ,

Եւ կը լեցնէ խաւերն անոր` բարեբեր

Իր գիտութիւնն Աստուծոյ մէ՜ջ ամփոփած:

Եւ հաւաքած ամանին շուրջն իր սըրտին

Մանկան շըրթներ` որք կը ծըծեն,

Կը բաշխէ, հեզ, անոնց արիւն արիւնէն.-

Այդ իր կեանքն է` որ կ՛անցընէ ուրիշին:

Եւ այսպէս օր մ՛երբոր ըլլայ զոհ մը ծեր,

Մեռնելու մօտ եւ հոգեվարք:

Պիտ՛ մընայ լոկ անոր այս մեծ մխիթարանք`

Թէ` իր կեանքն իր սաներուն մէջ կ՛ապրի՜ դեռ:

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՈՒՆՉՈՎ

(ՕՐՀՆԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ)

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Թող օրհնուին մատները ձեր,

Հողէն հանող անմահ հոգին:

ԽՈՒՄԲ

Թող օրհնուի մատներն անոնց

Որոնք գոյնէն ու գրիչէն, մշտամշո՜ւշ,

ՈՒ անձանձիր ու աննուաղ` հոծ երկունքէն,

Տարին դրին տարիներուն,

Ու մարդկօրէն ըրին ամէնն

Որպէսզի մեծ մութին խորէն,

չգիտութեան սանդարմետէն

Բերեն լոյսին սա փառքն անշէջ,

Գիրերուն Գիրքն,

Աստուածախօս Մատեանն ահեղ:

Թող օրհնուին, բիւր օրհնուին

Աչքերն հզօր, աչքերը սուրբ

Անոնց` որոնք

Եղան լարուած, քունն հալածող,

Հանգիստէն վեր

Ու կեանքէն դուրս ու չճանչցան դուլը սրտին

Մինչեւ բերին

Սա սրբազան կաթողիկէն

Իր աւարտին.

Թող օրհնուին խոնարհ դպիրն ու շինական

Պարզ քերթողներ,

Պարզ քերթողներ,

Որոնք գառնուկն ու իր մորթին

Ըրին խորան Աստուածներէն անմահ բանին:

Թող օրհնուին հեռուներէն խուրձ-խուրձ եղէգ

Մեզ բերողներն

Ու օրհնուին հզօրամիտ,

Խորաթափանց վերծանողներն,

Վարդապետներ ու երէցներ,

Ու թարգմաններ,

Բոլորն ալ բիւր, բիւր բարիքով

Յիշուին առաջն ամենակալ ու անվախճան

Թագաւորին:

Փա՜ռք ու պարծանք ձեզ առաջին

մշակներուն

Հայաստանեայց սուրբ բարբառին:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ

(Հատուած)

ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ

Երանելին մենակեաց մ՛էր նորատի,

Հոգին` ազատ անցաւորին պայմանէն,

Եւ անձնատուր Երազի մը տարօրէն,

Որ մենութեան անկիւնին մէջ կը փըթթի:

Տըւայտանք մը խոր, անըսփոփ կարօտի

Մենակեացին կը պրկէր սիրտն ուժգնօրէն.

Պիտի գըտնէ՜ր, երբ գար շընորհն հրեղէն,

Պայծառ բըխում աստուածային ոլորտի:

Եւ աղօթքի պահու մը մէջ վերասլաց,

Հոգւոյն վըճիտ ամենատես աչքը բա՜ց,

Տեսա՜ւ շարանն հըրաքանդակ տառերուն…

Ու դարեր վերջ, նոյնիսկ դըպիր մ՛աննշան

Այդ նիշերով թեւ կու տայ իր ներշնչման`

Սուրբին ձօնուած իր այս տաղովն անանուն:

ԱՐՏԱՇԷՍ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՓԱՌԱԲԱՆԱՆՔԷՆ ԱՆԴԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ՊԷՏՔ Է
Լիբանանի տարածքին այսօր կը նշուի Ուսուցիչներու տօնը: Իսկ մեր պարագային ու բնականաբար, այս տօնը կը կայանայ ու կը վերածուի Հայ ուսուցիչի տօնի:

Հայ ըսելով, անշուշտ, պիտի հասկնանք մեր վարժարաններուն մէջ դասաւանդող բոլոր հայ ուսուցիչները, որոնք ո՛չ միայն հայերէն լեզուով նիւթեր կը փոխանցեն, այլ նաեւ գիտական, լեզուի թէ պատմութեան, ու մինչեւ իսկ արուեստի, երաժշտութեան թէ մարմնակրթութեան նիւթեր:

Այս պարզաբանումը պարզապէս, որպէսզի յստակ դառնայ, թէ հայ դպրոցին մէջ իւրաքանչիւր հայ ուսուցիչ, անկախ իր դասաւանդած նիւթէն, արժէք է ու առաքելութիւն ունի հայ աշակերտը հայ պահելու եւ հայ դպրոցը հայ պահելու ճիգին մէջ:

Ուրեմն, երէկ մեր ուսուցիչները իրենց աշակերտներէն քաղցր ժպիտով ստացած պիտի ըլլան ծաղիկներ, երբեմն յիշատակի փոքր նուէրներ (այն դպրոցներու պարագային, ուր երախտագիտութիւնը նուէրով արտայայտելը արտօնուած է…), աշակերտական ձեռնարկներու ընթացքին փառաբանական խօսքեր (երբեմն ուսուցիչները կապկելու թատերական ներկայացումներ…), ու աւարտին` «Սիրելի ուսուցիչ» երգով կը փակուի ուսուցչաց տօնը:

Երէկ, այսօր կամ յառաջիկայ քանի մը օրերուն, վարժարաններու պատասխանատու մարմիններ պիտի պատուեն իրենց հովանիին տակ գործող ուսուցիչները` ճաշկերոյթով կամ ընթրիքով, ուր պատուոյ սեղանին շուրջ բազմող պատասխանատուները բարձրօրէն պիտի գնահատեն ուսուցիչները, պիտի գովաբանեն անոնց առաքելութիւնը, վեր պիտի առնեն հայ ուսուցիչի զոհաբերութեան ոգին, պիտի յիշեն իրենց մանկութեան ուսուցիչներէն մէկ քանին ու  զիրենք գօտեպնդելով յաւուր պատշաճի ծիսակատարութիւնը կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ, պիտի խոստանան միշտ հանդիպիլ յաւելեալ գովերգ հիւսելու համար: Կը պատահի նաեւ, որ ուսուցիչները կ՛արժանանան  «խորհրդանշական» նուէրներու` չինական արտադրութեամբ գրիչ մը, սուրճի գաւաթ մը կամ փոքր մոմակալ մը: Այս վերջինը պարզապէս յիշեցնելու համար, թէ ուսուցիչը իր շուրջը լուսաւորող այն մոմն է, որ կը վառի, կը լուսաւորէ ու կը հալի, եթէ հանգիստ ձգեն զինք, որ ինքնաբերաբար մարի:

Ու յաջորդ օրը հայ ուսուցիչը զինուած ու գօտեպնդուած փառաբանական ու գովաբանական խօսքերով` յաղթական մուտք կը գործէ վարժարան իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակելու համար:

Անկեղծօրէն, սովորութիւն չունիմ երգիծական էջեր գրելու: Բայց նաեւ հակառակ ակնոց գործածելուս, տեսողութիւնս բաւական զօրաւոր է եւ զգայարանքներս զիս չեն դաւաճաներ, ոչ ալ խոշորացոյցով կը դիտեմ հարցերը:

Ներկայացուածը ճշգրիտ արտայայտութիւնն է տասնամեակներէ ի վեր կրկնուող պատկերին:

Թերեւս պէտք է աւելցնել նաեւ, որ ազգային պատասխանատուութեան մէջ գտնուող հազուագիւտ անձեր հեռաձայնով կամ փոքր բացիկով մը կը շնորհաւորեն դպրոցի տնօրէններ կամ բարեկամ ուսուցիչներ: Իսկ դեռ կան շրջանաւարտներ, որոնք պիտի այցելեն իրենց երբեմնի ուսուցիչներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեն իրենց նկատմամբ տարիներու վրայ երկարող անոնց ցուցաբերած հոգածութեան համար:

Անկասկած, երախտագիտական զգացումներով հրապարակ գալը, գնահատանքն ու գովաբանութիւնը, հայ ուսուցիչի առաքելութեան պանծացումը, հայավայել ու անհրաժեշտ կեցուածք է: Պահա՛նջք է նաեւ անվիճելի կերպով:

Բայց չէ, որ գիտութեան, գործնական կեցուածքներու, իրապաշտութեան ժամանակները կ՛ապրի՞նք:

Ինչո՞ւ ժողովրդային ձեռնարկով պիտի չտօնուի Հայ ուսուցիչի տօնը:

Ինչո՞ւ գործնական գնահատական պիտի չտրուի հայ ուսուցիչին:

Ինչո՞ւ երբ կարգը հայ ուսուցիչին գայ անոր կենսամակարդակը բարձրացնելու մասին վարանումներ պիտի ըլլան:

Ինչո՞ւ պետական օրէնքները երբ մեզի շահաւէտ են պիտի գործադրուին ուսուցիչներու նկատմամբ, իսկ երբ յաւելումներ կը ճշդուին, պետական օրէնքով պիտի դանդաղինք անոնց վճարումները կատարելու ընթացքին:

Ինչո՞ւ փոխադրածախսը պիտի վճարուի միշտ տարբեր ու նուազ գումարներով:

Ինչո՞ւ հայ ուսուցիչը պիտի չունենայ հանգստեան թոշակ եւ կամ իր պաշտօնավարութեան աւարտի հատուցումը պիտի ստանայ ամսէ ամիս ու չկարենայ դիմանալ մինչեւ իր մահը:

Ինչո՞ւ հայ ուսուցիչը պիտի չունենայ իր հանգստեան տունը (ինչպէս երկու տասնամեակ առաջ խոստացուած էր Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառին կողմէ) ու ան իր վերջին օրերը պիտի անցնէ լքուած, ծերանոցին մէկ անկիւնը, իսկ իր թաղումը պիտի կատարուի աննշան կերպով, մէկ քահանայով եւ երկու մեռելաթաղով:

Ինչո՞ւ մեր սիրելի ուսուցիչներէն պիտի պահանջենք ամէն ինչ ու պիտի տանք նուազագոյնը, իսկ անդին նուազ կարեւոր հարցերու քարոզչական նպատակներով պիտի ծախսենք շատ ու շատ աւելին:

Ինչո՞ւ հայ դպրոցին ամբողջ բեռը պիտի ծանրաբեռնենք մեր ուսուցիչներուն վրայ: Հայ աշակերտը հայ դպրոցին մէջ պահելու համար կը կատարենք զեղչեր, դպրոցները կ՛արձանագրեն բացեր, ուսուցիչներու վճարումները չենք կատարեր: Հայ աշակերտը հայ դպրոց կը յաճախէ, դպրոցը կը գործէ, հայ բարերարները օժանդակութիւն կը կատարեն, սակայն կը մոռցուի, որ հայ ուսուցիչը մեծագոյն բարերարն է հայ դպրոցին:

Եւ դեռ ինչո՛ւները կրնանք շարունակել:

Ուսուցիչներու տօնին, փառաբանանքի կողքին, կա՛մք է պէտք եւ լրջութիւն` հայ ուսուցիչը հայ դպրոցին մէջ պահելու համար: Կա՛մք է պէտք է լրջութիւն` հայ ուսուցիչը պահելու, որպէսզի հայ դպրոցը պահուի:

Եթէ այս յիշուած ու դեռ չյիշուած ինչո՛ւներէն մէկ հատին պատասխանը միայն գործնապէս արտայայտութիւն գտնէ, հազար կենաց ու հազար ճառ կ՛արժէ:

Ու այդ պարագային միա՛յն ուսուցիչը կրնայ դիմանալ իր ասպարէզին մէջ եւ ըլլալ մոմ, որ կը մերժէ զինք մարեցնող բոլոր հովերը:

Պատի՛ւ հայ ուսուցիչին, որ դեռ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ուսուցիչներու տօնին, երախտագիտական իմ զգացումներս ա՛յս ձեւով ուզեցի արտայայտել:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ՊԱՐՈՆԸ … ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ (ՁՕՆ` ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻՆ)
Պողոս Սնապեան

Մէկ շունչով կարդացի նոր հրատարակած գիրքդ, Պարո’ն: Գիշեր մը ամբողջ արթուն պահեց զիս: Տառ առ տառ կը բաբախէիր հոն: Տարբեր տարիներու ուսանողներուդ քու մասիդ գրածները  ուսուցիչը վերակենդանացուցին անգամ մը եւս, եւ ես` իբրեւ անցեալ տարիներու մէկ ուսանողուհիդ, յիշեցի շա՜տ բան` կապուած քեզի, քու հմայքիդ, ուսուցման ոճիդ ու մանաւա՛նդ ներքին կրակիդ:

Հայոց լեզուի եւ գրականութեան նկատմամբ սէրդ էր այդ կրակը, այդ բորբոքուն կիրքը, որ օր առ օր փոխանցեցիր մեզի` ուսանողական նստարաններէն մինչեւ «Բագին»ի խմբագրատուն, այլեւ մինչեւ օրս, երբ տակաւին գրեթէ օրական դրութեամբ քեզ կը տեսնենք հակած թուղթերու, գիրքերու եւ ամսագիրներու անվերջանալի դէզերու վրայ, այս անգամ` «Ազդակ»ի յարկին տակ, «Ազդակ»ի ամէնամսեայ գրական-յաւելուածի պատրաստութեանդ, թէ քու անհատական գիրքերուդ խմբագրման աշխատանքին լծուած:

Եւ ուրախ եմ անչափ, որ տակաւին կա՛ս դուն, կա՛ս իբրեւ ուսուցիչ առաջին հերթին, պատրաստ` ամէն հարցումի, մանրամասն փնտռտուքի, գրականութեան պատմութիւնը յուզող ամէն խնդրի, որովհետեւ ուսուցիչ ես դուն է՜ն գլխէն, Պարո՛ն, ուսուցիչ` յանուն հայոց լեզուի ու գիր-դպրութեան, յանուն նոր ուժերու ստեղծման, յանուն նոր խորհուրդներու բացայայտման, յանուն նոր գիւտերու, նոր երեւումներու, նոր աշխարհներու յայտնաբերման:

Այդպէս նաեւ յայտնաբերեցիր մեզ, Պարո՛ն, յայնաբերեցիր մեր ներքին աշխարհներու մէջ թաքնուած խմորները ու շաղեցիր անընդհատ, շաղեցիր` յոյսո՛վ, անկոտրում  հաւատքէդ սերմեր ցանելով նաեւ մեր տակաւին անձեւ քաոսներուն մէջ, մեր հոգիներուն մէջ բռնկեցնելով գրականութեան նկատմամբ խանդաղատանք ու սէր, արարման հուր, երկնելու տենդ, գրող ըլլալու փառասիրութի՜ւն…

Խոստովանիմ, որ 1986 թուականը եղաւ կեանքիս ամէնէն կարեւոր դարձակէտը, Պարո’ն, երբ վախուորած ու անինքնավստահ մուտք գործեցի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը (այդ օրերուն` Պուրճ Համուտ, ներկայի` «Շաղզոյեան» շէնք): Բայց եկայ հաւատքով, եկայ, որովհետեւ ներսս ինչ որ բաներ կային, բաներ, որոնք սակայն անգոյն էին, անհեռանկար, անստոյգ այնքան, մինչեւ որ, տարի մը ետք, քեզ ունեցանք իբրեւ հայոց գրականութեան ուսուցիչ, իսկ երբ հասայ աւարտական դասարան, կարծես թէ  խորհրդաւոր մատ մը ճակատս օծեց հայ գրականութեան ծառայելու անյեղլի կնիքով:

Եւ այսպէս, Հայագիտական հիմնարկին մէջ քեզ աշակերտելու առաջին իսկ օրէն մեծ պատասխանատուութիւն մը դրիր ուսերուս, Պարո՛ն: Որովհետեւ, ինչպէս ինձմէ առաջ ու ինձմէ ետք քու հասցուցած մարդուժդ , այդպէս ալ զիս ու իմ դասընկերներս լուրջի առիր դուն, լուրջի առիր մեզ առանձին-առանձին, իւրաքանչիւրս` իբրեւ ուրոյն անհատականութիւն, ու մեր տմոյն ներաշխարհները, մեր երկչոտ կիրքերը, նոյնիսկ մեր անձնական կեանքի դժուարութիւնները քեզ հետաքրքրեցին այնքան, որ յաճախ եղար մեր խոստովանահայրը,  երբ մեր առաջին փորձերը յանձնեցինք թուղթին ու քաջութեամբ սկսանք բանալ մեր հոգին քու աչքերուդ դիմաց, մեզի ներշնչած վստահութեանդ իբրեւ արդիւնք, այնպէս, ինչպէս պիտի գտնուէինք մեր Արարչին դէմ յանդիման` անկեղծ, անշահախնդիր, մարդկային մեր հագուստներէն մերկացած, բայց ստեղծագործ հուրով պարուրուած մաքրամաքուր հոգինե՜ր…

Այսպէս նաեւ յաջողեցար վեր հանել մեզ մեր առօրեայէն, Պարո՛ն, իսկ մեր առօրեան` տժգոյն ու խառնափնթոր, մեր գլխուն վրայ պայթող քանի մը մեթր երկարութեամբ ռումբերու որոտներով լեցուն, նոր սարսափներով ու նոր անորոշութիւններով ընդարձակուող, մեզմէ ոմանք` տնտեսապէս քայքայուած ընտանիքներու զաւակներ, մերթ ծնողազուրկ, մերթ ալ պատերազմի պատճառով Լիբանանէն հեռացած  հարազատներու կարօտով տոչորող, քեզ ունեցանք իբրեւ հոգեկան ապաւէն, ամէն անգամ որ յուսահատութիւնը պատեց մեզ` ի հետեւանք մեր շուրջ տարածուող գոյութենական արհաւիրքին, որովհետեւ դուն ուսուցիր մեզ ո՛չ միայն անտեսել երկրին մէջ տիրող պատերազմական մթնոլորտը, այլեւ օգտուիլ մեզի պարտադրուած սահմանափակումներէն ու մահուան ուրուրին հակազդել` երիտասարդական մեր խանդը, մեր զգայնութիւնները, մեր միտքն ու հոգին աւելի եւս հարստացնելով գեղարուեստական գրականութեան աննիւթեղէն գոհարներու ծանօթութեամբ ու ընկալումով:

Աւելի՛ն.  քու անմիջական շրջապատիդ ու մանաւա՛նդ մեզմէ շատերուն համար պատերազմական մութ ու մռայլ  օրերուն դուն եղար կենդանի օրինակ, Պարո՛ն, աշխատանքէն չվախնալու, աշխատանքը ամէն բանէ վեր ու առաջ դասելու, այլեւ աշխատանքո՛վ մենք զմեզ գերազանցելու աշխարհընկալման մեր փորձը վերածելով ներքին այնպիսի կրթանքի մը, որուն շնորհիւ, տարբեր սերունդներու ուսանողներէդ շատ-շատեր, Լիբանան թէ աշխարհացրիւ մեր գաղութներուն մէջ, այսօր ազգային մեր կեանքը վարող կառոյցներու մէջ գործօն տարրեր են, Պարո՛ն:

Եւ, վերջապէս,  յաւիտենական ուսուցիչի կերպարդ վեր հանող մասնիկ մը միայն` «ՊԱՐՈՆԸ…», նորատիպ հատորդ, Պարո՛ն: Բայց որքան բան կայ գրուելիք տակաւին: Մեր նիւթականացած ներկան անտեսող որքան իրաւ արժէքներ` քեզի կապուած, ուսուցման քու մեթոտիդ կենսունակութեան առնչուող:

Յակոբ Օշականի աշակերտած ըլլալդ մեծ իրադարձութիւն մը եղած էր քեզի համար, Պարո՛ն, ու չէիր վարաներ զայն յիշելու ամէն հեղ` քու տղայական հոգիիդ մէջ իբրեւ գրականութեան կրակը վառող քուրմ ու հայ ստեղծագործ հոգիի քրմապետ: Օշականէն ազդուած էիր, բայց Օշական մը չկրկնեցիր երբեք, այլ ուսուցչական բազմատասնեակ տարիներու փորձառութեամբդ արժանի եղար այն մեծ գնահատանքին, որ «Պարոն» բառը կը խտացնէ իր մէջ. Պարոնը … յաւիտենական ուսուցիչը…

Ս.Դ.  ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Պէյրութ

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՄԵՆԱԿԵԱՑ ԴԱՐԲԻՆԸ
«Պարտուած է այն ժողովուրդը,

որ շուտ է յոգնում»:

ԳԱՐԵԳԻՆ ՆԺԴԵՀ

Փաղաքշանքի եւ հրճուանքով լեցուն արտայայտութիւններ անպակաս են յաճախ` տօնական նման պատեհութիւններու ընթացքին:

Դասականացած մօտեցումներու եւ ըմբռնումներու հեղեղ մը մեզ կը շրջապատէ ամէնուրեք:

Պարտուողական երեւոյթներու շքահանդէսներ կը սարքուին ամէն քայլափոխի:

Քմայքոտ վերաբերումներու տեսականի կը տողանցէ հայ դպրութեան դարպասին մէջ:

Ինքնութեամբ հրաբորբ կազմաւորումներ կը նուազին օրըստօրէ:

Հայ գիրի պաշտամունքին հաւատացող փաղանգներու կարօտը կ՛ապրինք հաւաքաբար:

Հայ մշակոյթի վեհափառ եւ անկրկնելի գանձերուն սպասարկու անհատներու կորովը սկսած է տեղի տալ:

Հայերէն լեզուի պահպանումին եւ տարածումին մասին կ՛արձանագրուին լոկ խօսքերու տարափ:

Հայաշունչ ապրումներու, պատուաբեր իրագործումներու եւ հայավայել   զգացողութեան աշտանակը` շիջումի տխրութեամբ կը պատկերէ իր գոյութիւնը:

Աւելի՛ն. տեսլահար եւ ճառագայթող դաստիարակ-ուսուցիչի կերպարի բնորոշ յատկութիւնն անգամ տակաւ կ՛այլասերի, մերօրեայ կեանքի յորձանուտերու եւ կեցուածքներու շռայլութեան տակ:

Անդին, բոցավառ եւ ուժականութեամբ յորդ առաքեալին` հայ ուսուցիչին, անոր գոյութենական թէ իրաւախոհական հայեցակարգին մասին միա՛յն լոզունգախառն արտաբերումներ կը կատարուին, դժբախտաբար, վայրկեանի մը ծարաւը յագեցնելու զիլ տրամաբանութեամբ:

Իսկ այս բոլորի ընդգծումը` պարզապէս ըսելու, թէ հայ ուսուցիչի կամ դաստիարակի դարաւոր էութեան խախտումին եւ խեղումին ականատես կ՛ըլլանք ազգովին, սփիւռքի թէ վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ:

Իրօք, Մեսրոպ Մաշտոցի ու անոր օշականաբոյր գերեզմանին դիմաց ծնրադիր ինչպիսի՛ աղօթք պէտք է մրմնջալ` ի տես այսօրուան այլանդակ իրավիճակներու եւ տխեղծ վարքագծերու, երբ, սփիւռքի դաժան ու հոգեմաշ առօրեային եւ հայրենի համապատասխան կառոյցներու գաւիթին մէջ` կարմրաշռայլ կը թեքերին այնպիսի անձնաւորութիւններ, տխրահռչակ կրթական պատասխանատուներ, որոնց համար մայրենի լեզուամտածողութիւնն անգամ կասկածանքի առարկայ է, առանց մոռացութեան մատնելու այն տժգոյն վարկածները` օտար լեզուներու հանդէպ ստեղծուած անտեղի օտարամոլութեամբ:

Արդարեւ, դարերու խորերէն եւ իմաստութեամբ սպառազինուած քի՜չ խօսքի մասունքներ մեզի են հասած, ուր, անվերապահօրէն եւ առանց վարանումի կը շեշտադրուին հայ ուսուցիչի անփոխարինելի կերպարը:

Հայ ժողովուրդի ոսկեդարը` 5-րդ դարու մեծասքանչ իրագործումը, կարելի՞ էր մարդկութեան սեփականութիւնը դարձնել առանց տիպար ուսուցիչի նուիրաբերումին, հաւատքին, շրջահայեաց, արիասիրտ եւ ժուժկալ կեցուածքին:

Անհայրենիք ըլլալու իրողութեան դիմաց հայ գիրն ու մշակոյթը որո՛ւ համար դարձան վահան ու պաշտպանական համակարգ, կորուսեալ պետականութեան եւ հողի պաշտամունքը սերունդէ սերունդ փոխանցելու գիտակցութեամբ, եթէ ոչ` այն մենակեացներուն, որոնց հմտութիւնը, հայերէնապաշտութիւնն ու ոսկեղնիկին հանդէպ տածած սէրն ու հաւատամքը, զիրենք մղեցին լուսաւորելու գորշ մատեաններն անգամ:

Այսօ՛րը, իսկ ամէնէն էականը վաղուան համար կենսագործելի արարքներու հրայրքը ապրելու տեսակէտէ, դարաւոր եւ հազարամեակներու խորքէն հնչող ինքնագիտակցութեան թելադրանքն է, որ կը յուշէ մէկ ու միա՛կ ճշմարտութեան ցոլքը, ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉ կերպարի ամբողջական հասկացողութեան ընկալումին անհրաժեշտութեամբ, հեռու մեծախօսիկ դրսեւորումներէ:

Որովհետեւ, եթէ երբեք հայ վարժարանի առաքելութեան եւ հոգեփոխիչ դերկատարութեան կը հաւատանք կամ կը փափաքինք տեսնել իբրեւ այդպիսին, հարկ է, որ նոյնինքն հայ վարժարանի դարպասին սպասարկու անհատներու հմայքն ու հեղինակութիւնը բարձրացնել, գուրգուրանքի եւ քաջալերանքի առընթեր` նիւթական ու բարոյական ապահովութիւն ներշնչել, եւ ինքնաբիւրեղացման ճանապարհին` լծուիլ բարոյահոգեբանական արշաւներու առաւել խթանումին:

Փաստօրէն, արդի ժամանակներու հոլովոյթին մէջ մենք կը հանդիպինք հայ տիտղոսակիր ուսուցիչներու, որոնց ներկայութիւնը հաւանաբար ուրախացնէ շրջապատ մը ինքնին, սակայն, ինչո՛վ բացատրել անոնց անարդիւնաւէտ աշխատանքային իրականութիւնը:

Ի դէպ, երախտարժան աշխատանքի փայլքը կը սնուցեն այն մասնագէտ ուսուցիչները, իրենց ասպարէզային հմտութեամբ` բանասիրական, գրական թէ  պատմագիտութեան ոլորտներուն մէջ, որոնց համար հայագիտական ուսուցման ոլորտը` գիտական հայեցողութիւններու հարթակ է կատարելապէս:

Այստեղ, զանց առնել հայ ուսուցիչի բարեմասնութիւններու նշումը չի նշանակեր անպայման անտեսել անցեալի եւ կամ ցարդ ապրող հայերէն լեզուի դասատուներու շնորհակալ աշխատանքը, այլապէս ալ կարելի չէ ուրանալ անոնց հոգեշահ ծառայութիւնները:

Ճիշդ է, որ հայ ժողովուրդի լինելութեան գուպարին մէջ հայրենիքի կերտումին, հզօրացումին եւ ազատասիրութեան զգացողութեան ատրուշանի բոցավառումին միակ զինուորագրեալը է՛ ու կը մնայ իբրեւ այդպիսին` հայ ուսուցիչը, որ,  իրօք, իր դաստիարակի առաքինի յատկութիւններու առընթեր, առաւել եւս  անոր մօտ պարագծելին կը մնայ հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակութիւնը ի գին մեծ զոհողութիւններու, զինք մղելով հայերէնի կատարեալ իմացութեան` յատկապէս ընթերցասիրութեան ճամբով:

Հաւանաբար, այսօրուան ամէնէն ճակատագրորոշ իրականութեան հզօր, ամուր եւ վաւերական զրահն ու պաշտպանական համակարգի հիմքը ընթերցանութիւնն է, այո՛, մղումն ու քաջալերանքը:

Եւ այդ` ամէնէն փոքր տարիքին, մանկապարտէզի ճռուողիւն դասապահերէն մինչեւ խանդաղատանքով լեցուն պարապոյ ժամերուն:

Արդ, որպէսզի ազգովին պարտուելու դառն բաժակի առկայութիւնը հեռացնենք:

Այո՛,  հարկադրուած ենք հաւաքաբար, ընթերցասիրութեան ջահով վարակել համակ շրջապատը

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ