«ԱՐՁԱՆ»ԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Կիրակի, 11 յուլիս 2011-ին, երկար եւ խճողուած շարքին մէջ կանգնած` հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ կը սպասեմ տեսնելու աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը: Ռիօ Տէ Ժաներօ ոչ միայն Պրազիլի ամէնէն գեղեցիկ եւ հմայիչ քաղաքներուն շարքին կը դասուի այլ նաեւ` աշխարհին: Ովկիանոսին եւ լեռներուն միջեւ տարածուած այս քաղաքը ունի գրաւչութիւն մը, որ գլած անցած է գեղեցկութեան բոլոր չափանիշները. նոյնինքն ովկիանոսին եւ լեռներու շաղկապին մէջ կայ քանդակագործութեան հրաշալիքներէն  մէկը` «Քրիստոս Փրկիչ» հսկայական արձանը, որ զետեղուած է եօթը հարիւր մեթր բարձրութեամբ «Քորքովատօ» լերան վրայ:

Անշուշտ տարբեր է այս արձանին գեղեցկութիւնը մօտէն դիտելը, քան` նկարներուն մէջ տեսնել զայն, նոյնիսկ եթէ քանի մը ժամի կը կարօտի հոն հասնիլը:

Բայց հասայ…

Մօտաւորապէս 40 մեթր բարձրութեամբ, 30 մեթր լայնք եւ 635 թոն ծանրութեամբ այս արձանը իսկապէս հրաշալիք մըն է, որուն շինութիւնը տեւած է աւելի քան ինը տարի (1922-1931). անոր մէջ մէկ կողմէն կայ ճարտարարուեստական կոթողի եւ արուեստի հրաշալիքը, իսկ միւս կողմէն` ներշնչող ու խօսուն պատգամը:

Քանդակին մէջ ակներեւ է Քրիստոսի աչքերուն կարեկցանքի եւ գութի հաղորդակցութիւնը: Ճիշդ հոս կը շեշտուի արձանին պատգամը:

Քրիստոսի ձեռքերուն հորիզոնական բացուածքը կու գայ արտայայտելու մարդկութիւնը իր «թեւերուն» մէջ առնելու եւ այդ «թեւերուն» մէջէն խաղաղութիւն ու նոր կեանք շնորհելու իրականութիւնը:

Բայց կայ նաեւ աւելին, եւ դուն այդ աւելիին մէջ կ՛ապրիս արձանին պատգամին հզօրութիւնը: Թեւերուն բացուածքը չի սահմանափակուիր Ռիոյի տարածքով, այլ կը հասնի ամէնուրեք, ուր որ կը զգաս ու կ՛ապրիս Քրիստոսի շնորհած խաղաղութիւնը, մանաւանդ` «խաղաղութեան» ապրուող իրականութիւնը: Այդ խուռներամ, բազմութեան մէջ ինչպէս ըսուած է` «խելագարուած ամբոխները», կը փորձեմ ապրիլ պահը իր ամբողջութեամբ, որուն

մէջ կան իրականութիւններ մէկ կողմէ իմ կեանքիս ու եկեղեցւոյ առաքելութեան կապուած, միւս կողմէ` հայկական քրիստոնէական ինքնութեան:

Կը սկսին միտքիս ու հոգիիս չարչրկումները… Արձանին փոխանցած պատգամը որքա՞ն կենդանի է այսօր ինծի, մեզի եւ հայութեան համար:

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 165-րդ տարեդարձին առիթով կ՛արժէ «գրգռել» մեր միտքերն ու հոգիները` տեսնելու համար Ռիոյի «Քրիստոս փրկիչ»ը արձանին պատգամը. արդեօք անիկա ո՞ւր կը գտնուի մեր անմիջական եւ հաւաքական կեանքերուն մէջ: Կարկինը աւելի լայն բանալով` հարց տանք, թէ ո՞ւր է հայ ժողովուրդը (Սփիւռքի եւ մայր հայրենիքի), երբ դէմ յանդիման գտնուինք հոգեւոր քրիստոնէական-եկեղեցական եւ կրօնական արժեչափերուն:

Կարկինը լայն բացինք, որովհետեւ իրականութեան մէջ ներկայ աշխարհի մտահոգութիւնները եւ մարտահրաւէրները համազգային եւ ամբողջական են, քան` հատուածական եւ ներհամայնքային: Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 165-րդ տարեդարձը եւ անոր ստեղծած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները պէտք է դիտել, ներառել եւ ներմուծել համազգային տարողութեամբ եւ այդ ծիրին մէջ: Նոյնն է պարագան նաեւ իւրաքանչիւր հայկական եկեղեցւոյ. հարցերուն հոլովոյթները պէտք  դիտել իրարու հետ եւ իրարմով, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրս կը պահենք մեր ինքնուրոյն եւ անկախ դրուածքը: Անհրաժեշտ է խօսիք ներկայ օրերու իրավիճակին մասին, որքան որ ալ անոնք ըլլան յոգնեցուցիչ եւ դժուար:

Հայ ժողովուրդը` ի սփիւռք եւ հայրենիք, իբրեւ գաղութ եւ պետականութիւն, այսօր կը դիմագրաւէ հազար ու մէկ մտահոգութիւններ, որոնք կը հանգուցեն հայ հաւաքական ազգային կեանքերը` անոր տարբեր տարողութիւններով. այդ հանգոյցներու տարածքին մէջ կ՛իյնան նաեւ հոգեւոր-քրիստոնէական եւ եկեղեցական շատ մը հիմնահարցեր:

Մէկ կողմէն հոգեւոր-քրիստոնէական եւ եկեղեցական աժեչափերը կը տկարանան ու կը հեռանան մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքերէն ու նկարագիրներէն, միւս կողմէն` ապակրօն մտածողութիւնը կը սկսի աւելիով արմատանալ մեր ինքնութեան մէջ: Մեր կեանքերը կ՛ողողուին աղանդներու եւ այլ վարդապետական մտածելակերպերու հեւքով` ստեղծելով «նոր» արժեչափեր եւ ազգային-հասարակական ու մշակութային կենցաղ` ըլլայ սփիւռքի կամ հայրենի իրականութեան մէջ:

«Նոր աշխարհ»ի ստեղծած «նոր մշակոյթ»ով կը քալենք կամայ-ակամայ` էականն ու խորքայինը փոխարինելով նորով: Տակաւին «Նոր աշխարհ»ի ստեղծած ճարտարարուեստականօրէն արագ, ճնշող ու պահանջկոտ մտահոգիչ կեանքերը դուռ կը բանան շատ մը հարցադրումներու եւ տեսակէտներու ընկալումին:

Հայ մարդն ու հայ հաւաքականութիւնը այսօր շատ հարցեր եւ հարցադրումներ կ՛առաջադրէ ու կը դիմագրաւէ` իր առօրեայ կեանքի պայքարէն եւ տագնապէն մեկնելով: Իր ամբողջական հասկացողութեամբ կը փնտռէ ելքեր եւ պատասխաններ, որոնք զինք պիտի հասցնեն «Իմաստին» բայց նաեւ` այդ «իմաստ»ին շնորհած «խաղաղութեան»: Թէեւ այս հարցերը կը դրսեւորուին առանձին, բայց նաեւ անոնց արձագանգը կ՛ըլլայ բարձրաձայն ու տեղեկատուութեան աշխարհին ընձեռած բոլոր կարելիութիւններուն միջոցով:

Հայաստանի քաղաքացի Կարէն Մկրտչեան իր «corrupt clergy of Armenia damage Apostolic church» անգլերէն յօդուածին մէջ (տես` www.keghart.com կայքէջի 1 օգոստոս 2011-ի թիւը) կ՛արտայայտէ իր մտահոգութիւնները: «… Ինչպէս կ՛ըլլայ, որ երկար տարիներու պարսիկ-զրադաշտական եւ թուրք-մահմետական տիրապետութեան տակ մենք (հայերս-ընդգծումը մեր կողմէն) կրցանք պահել մեր կրօնը եւ սովորութիւնները, որքան ալ տիրապետող ուժերը փորձեցին փոխել մեր հաւատամքները»: Բայց հիմա, միայն քսան տարի անկախացումէ ետք, կը տեսնենք նոր աղանդներու հետեւող մեծ թիւով հայորդիներ: Ինչո՞ւ մարդիկ կը կորսնցնեն իրենց հաւատքն ու կը հեռանան եկեղեցիէն: Ինչպէս կարելի է քրիստոնէացումէ 1700 տարիներ ետք այլ նոր հաւատքներ փնտռել: Ինչպէ՞ս կրնան նմանօրինակ նոր կազմակերպութիւններ հայը հեռացնել ոչ միայն եկեղեցիէն, այլ նաեւ` ազգային արժէքներէն»: Մկրտչեան կը շարունակէ իր իսկ բանաձեւումով` «մեծագոյն հարցումը» ուղղելով. «Ի՞նչ ըրաւ եկեղեցին` դէմ կենալու համար այս բոլոր նոր հաւատամքներուն»: Կարէն Մկրտչեանի «փոթորկոտ» ներաշխարհը ու հոնկէ դուրս եկած հարցադրումները, բացայայտումները եւ մեղադրանքները ամէն տեղ եւ տարբեր մակարդակներուն վրայ մեր դիմաց յաճախ կը դրուին: Բայց կ՛արժէ այս «ներաշխարհներուն» մօտենալ ոչ թէ որպէս քննադատութիւն, այլ` որպէս զգաստութեան եւ արթնութեան մեծ հրաւէր մը` ուղղուած հայկական երեք յարանուանութիւններուն, որոնք պէտք է գիտակցին հայկական իրականութեան մէջ առկայ հոգեւոր, քրիստոնէական եւ եկեղեցական երեւոյթներուն եւ անոնց ունեցած համազգային տարողութեան:

Հայկական իրականութեան մէջ, յատկապէս Հայաստանի մէջ թափանցած աղանդներուն եւ ծայրայեղ վարդապետութիւններուն մասին անոնք բանավէճի նիւթ եղած են, կոչ ուղղած է անոնց դէմ պայքարելու: Եղան նաեւ տարբեր բնութագրումներով «շիտակը» «սխալ»ին հետ համեմատելու երեւոյթներ: Ասոր կողքին, խօսուեցաւ նաեւ հայուն անտարբերութեան մասին` այս պարագային հոգեւոր ու եկեղեցական իմաստով: Ըսուեցաւ, որ հայը կորսնցուցած է իր հետաքրքրութիւնը քրիստոնէական արժէքներու եւ հոգեւոր մշակոյթի նկատմամբ: Անդրադարձ կատարուեցաւ այն մասին, որ եկեղեցիները կը դատարկուին, որ անոնք կարողութիւն չունին հայ մարդուն այսօրուան պայքարին գոհացուցիչ եւ լրացուցիչ պատասխաններ տալու, եւ շարքը երկար է…

Որքան որ երկարենք յառաջ քշուած բոլոր մտահոգութիւնները, կը մնայ օրուան մեծագոյն հրամակայանը, որուն համաձայն, այսօր հայուն պէտք է հոգեւոր-եկեղեցական նոր հայեցակէտ: Անհրաժեշտ է, որ հայկական երեք յարանուանութիւնները վերադասաւորեն իրենց եկեղեցական առաքելութիւնները` մեկնելով օրուան տագնապէն ու հիմնահարցէն, որոնք առաւելաբար համազգային են իրենց տարողութեամբ: Անհրաժեշտ է վերատեսնել տագնապին տարողութիւնն ու խորքը եւ միասնաբար աշխատիլ հայը քրիստոնեայ պահելու համար… Մեր հայկական եկեղեցական իրականութիւններուն մէջ եթէ մէկ կողմէ կայ իւրաքանչիւրին ներքին բարեկարգումի անհրաժեշտութիւնը (անպայմանօրէն կայ), կայ նաեւ արտաքին իրավիճակը, որուն հիմնահարցերը հարկ է դիտել մեկնելով հաւաքական անհրաժեշտութիւններէ: Հայ եկեղեցին, դարձեալ իր ընդհանրական հասկացողութեամբ, պիտի պահէ իր կառոյցները եւ կազմակերպական գործօնները, բայց աւելիով պիտի բանայ իր` իմա Քրիստոսի թեւերը հորիզոնական ուղղութեամբ, ընդգրկելու համար հայ մարդը իր ամբողջ մտահոգութիւններով եւ պայքարով… Հայ եկեղեցին, դարձեալ իր ընդհանրական հասկացողութեամբ, պիտի երաշխաւորէ իր ու ժողովուրդին «ապահովութիւնը» եւ հաստատ մնայ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան մէջ: Քրիստոնեայ անհատին ուժը կախեալ է անոր մօտ Աստուածաշունչի դաստիարակութեան արժեչափէն: Աստուածաշունչի դաստիարակութեամբ, ի պահանջել հարկին` վերադաստիարակութեամբ, մենք կրնանք դիմադրել աղանդներուն եւ այլ գաղափարախօսութիւններուն յառաջխաղացքին:

Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ 165-ամեակը պէտք է դիտել մէկ կողմէ իբրեւ արժեւորում իր անցեալէն ու իրագործումներուն, միւս կողմէ` իբրեւ ներկայի ու գալիք օրերու հեռանկար: Այս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը պէտք է դիտել նաեւ այս հայեցակերտով եւ պայմանները վեր առնել մեր համազգային հիմնահարցերու պրիսմակէն եւ այս` Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տեսադաշտին մէջ:

Այս հարցին միւս երեսը մեր միւս հայ յարանուանութիւններուն պատրաստակամութիւնն է եւ անոր հետ առնչուած մեծագոյն հարցումը` «Պիտի կարենա՞նք ստեղծել այն հաւաքական «ճիգը», երբ հայուն քրիստոնէական տագնապները, վտանգները, ներկայի ու ապագայի հորիզոնին վրայ երեւցող մտահոգեցուցիչ երեւոյթները դառնան համահայկական աշխատանքային կիզակէտ` ներառելով մեր երեք հայկական եկեղեցական իրականութիւնները:

Վերջապէս, արձանին պատգամը մէկ է ու յստակ: Անիկա կը խօսի իւրաքանչիւր հայուն, հոս թէ հոն. «Քրիստոս Փրկիչը» նոր կեանքի շնորհքն է ու նկարագիրը, պատմութեան բոլոր հոլովոյթներուն մէջ հայը պահած է այս նկարագիրը եւ կոչուած է պահելու զայն գալիքի օրերուն` անկախ իր համայնքային տարբերութիւններէն…

Իսկ հարցումին, թէ «ի՞նչ ըրաւ եկեղեցին», անհրաժեշտ է պատասխանել. «… Կրցաւ պահել Արժէքը»:

… Որովհետեւ ա՛յս է արձանին պատգամը իւրաքանչիւր հայուն, թէ պէտք է պահել նոյնինքն այս Արժէքը:

 

Share this Article
CATEGORIES