Category: 50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1964)

December 31, 2014

Խմբագրական Հայութեան Տեսիլքը Ժամանակի անհատնում շղթայի այս օղակն ալ կը սուզուի անցեալին գիրկը, եւ Նոր տարին կը թեւակոխենք բացառիկ պայաններու ներքեւ, որոնք ամբողջ հայութեան կեանքը պիտի յատկանշեն գալիք օրերու ընթացքին: ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1964)

December 30, 2014

Կոչ Համայն Հայութեան Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշարձանին Կառուցման Առթիւ Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ ի սփիւռս աշխարհի, Ֆրեզնոյի հայոց «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, աճիւնները առժամաբար Ֆրանսա փոխադրուած ազգային հերոս զօր. Անդրանիկի նախկին դամբանի կողքին, ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1964)

December 27, 2014

Խմբագրական Երբ Իրենք Կը Խոստովանին... Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթին խմբագրապետը` Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ, որ լրագրութեան մէջ մազ-մօրուք ճերմկցուցած է վեթերան մըն է, վերջերես եզակի անկեղծութեամբ մը եւ դառնութեամբ կը նկատէր, թէ` ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1964)

December 25, 2014

Հայագիտական Կեդրոններու Պահանջը Հաղորդուեցաւ, թէ հայրենակից մը խոստացած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քսան հազար տոլար նուիրել` իր անունով հայագիտական ամպիոն մը եւ ուսուցչանոց հաստատելու համար Պէյրութի մէջ: Յիշեալ հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1964)

December 24, 2014

Պէյրութ` Մեր Քաղաքը 50.000 Ինքնաշարժ Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ Լուսանշաններու Կանոնաւորութիւնը Անհրաժեշտ Է Երթեւեկը Դիւրացնելու Համար  Իշխանութիւնները հաստատեցին մէկուղի ճամբաներ, ստեղծեցին կանաչ գօտի մը, զետեղեցին ինքնագործ լուսանշաններ, պարտադրեցին տեղւոյն վրայ գանձուող ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1964)

December 23, 2014

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի Յաջողութիւնը Գերմանական Մշակ. Կեդրոնի Նկարչական Ցուցահանդէսին Պէյրութի Գերմանական մշակութային կեդրոնը աշակերտական նկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպած էր, որ տեւեց դեկտեմբեր 11-էն 18: Մասնակցած էին 7 օտար եւ 3 ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1964)

December 22, 2014

Տոմսեր Կաղանդ Եւ Ծնունդ Եւ Չարաշահութիւն... Տօնական օրեր: Կաղանդ: Ծնունդ: Պէյրութ եւ վաճառականութիւն: Ճամբաները` պազար: Մարդիկ, սա օրերուն, քիչ մը աւելի լայն կը բանան իրենց քսակները, կը ծախսեն քիչ մը ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1964)

December 20, 2014

«Միսակ Ազիրեան» Ակումբին Բացումը Երէկ` կիրակի, մեծ շուքով տեղի ունեցաւ Նոր Սիսի ՀՅ Դաշնակցութեան «Իշխան» կոմիտէութեան «Միսակ Ազիրեան» նորակառոյց ակումբին բացումը` հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: Ամբողջ շրջանը ցնծութեան մէջ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1964)

December 19, 2014

Խմբագրական Մեր Ակումբները (Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» Ակումբի Բացման Առթիւ) Վաղը, կիրակի, Նոր Սիսի մէջ, ուրախութեամբ պիտի կատարենք բացումը նոր ակումբի մը` «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ին, որուն անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1964)

December 18, 2014

Խմբագրական Հայ Ուսուցիչը Իր Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ Անցեալ օր հաճելի անակնկալն ունեցանք մեր սեղանին վրայ գտնելու նոր պարբերաթերթ մը` «Մշակ», որ կը ներկայանար իբրեւ պաշտօնաթերթը Լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ուսուցչական միութեան: ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1964)

December 17, 2014

Պատանիին Սիւնակը Մտածումներ Գիշերուան Մէջ Գիշեր է. այո՛, տխո՜ւր գիշեր: Կարծես գիշերուան մէջ է, որ մարդ իրաւունք կ՛ունենայ տխրելու...: Գիշերուան` մութին, լռութեան ու խորհուրդին մէջ: Լո՜յսը, կ՛ատեմ այդ լոյսը: Կ՛ատեմ ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1964)

December 16, 2014

Առաջարկ Մը Յիսնամեակի Առթիւ Առանց վերյուշի անցնելու: Առանց «յօդուած»-ի վերածելու նիւթը: Երբ մեզի հետ պապենական հողերէն քշուեցանք, չափով մը մեզի հետ բերինք մեր թափուները: Այգիին, տունին, գիւղին, արտին մե՛րը ըլլալու ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1964)

December 15, 2014

Հայաստան Մանկական Գրականութիւն «Գրական Թերթ»-ի նոյեմբեր 20-ի թիւին մէջ, գրադատ Ա. Քալանթարեան կը ներկայացնէ մանուկներու ընթերցանութեան սահմանուած գիրքերը եւ կու գայ այն եզրակացութեան, որ գրեթէ բոլոր գիրքերն ալ կը կրեն ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (13 Դեկտեմբեր 1964)

December 13, 2014

Ինչո՞ւ Գունաւոր Կ՛ըլլայ Անձրեւը Եւ Ձուկեր Ու Գորտեր Կը Թափին Երկինքէն Եթէ ձեզի ըսեն, որ կ՛ըլլան կարմիր, դեղին սեւ եւ այլ գոյնի անձրեւներ, որ` անձրեւի ժամանակ երկինքէն կրնան թափիլ ձուկեր, ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1964)

December 12, 2014

Տոմսեր Աղքատութեան Հարստութիւնը Անգլիոյ գահաժառանգ իշխանը` Չարլզ, որ 16 տարեկան պատանի մըն է, ու դպրոցական, նիւթական անձկութեան մատնուած է: Իր հայրը` իշխան Ֆիլիփ, կը գրեն անգլիական թերթերը, ամսական հազիւ երեք տոլարի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1964)

December 11, 2014

Խմբագրական Յատկանշական Երեւոյթներ Տարուան վախճանին հազիւ երեք շաբաթ մնացած` քաղաքական աշխարհը արտակարգ եռուզեռի մը մէջ է: Գրեթէ բոլոր ճակատներու վրայ եւ բոլոր հարցերու շուրջ, գլուխ-գլխի խօսակցութիւններ, խորհրդակցութիւններ, բանակցութիւններ եւ տեսակէտի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1964)

December 10, 2014

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, երկու բարեկամներ  կը զրուցեն. - Կէսօրէն ետքերը դուրս չեմ ելլեր, կ՛ըսէ առաջինը: - Կնոջս հետ կը նստիմ եւ պատկերասփիւռ կը դիտեմ: - Յայտագիրը ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1964)

December 9, 2014

Թուրք Մամուլ Հալք Կուսակցութիւնը Ծանր Ամբաստանութեան Տակ «Թուրքիոյ Մէջ Գաղափարի Ազատութիւն Չկայ, Նիւթական Մսխումներ, Ներքին Անդորրութիւն Չկայ, Զինեալ Բախումներ. Կողոպուտներ, Անգործութիւն...» Պոլսոյ «Միլլիէթ» թերթին մէջ Չեթին Ալթան կը գրէ.- Քանի ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1964)

December 8, 2014

Մարզական Կեանքը Հալէպի Մէջ Նախանցեալ շաբաթ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Նետի Արապի, յաղթելէ ետք ՀՄՄ-ի 1-0, ՀՄԸՄ կը բարձրանայ առաջին կարգի, իսկ ՀՄՄ կ՛իջնէ երկրորդականի: Գալով Մումթազի խաղերուն` Հալէպի Ահլին ... Շարն.

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1964)

December 6, 2014

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ Երէկ` կիրակի, 6 փետրուար 1964, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի մէջ փառահեղ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը: ... Շարն.