50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1964)
Հայագիտական Կեդրոններու
Պահանջը
Հաղորդուեցաւ, թէ հայրենակից մը խոստացած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քսան հազար տոլար նուիրել` իր անունով հայագիտական ամպիոն մը եւ ուսուցչանոց հաստատելու համար Պէյրութի մէջ:
Յիշեալ հիմնարկութեան վարիչ-քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան, Պէյրութէն վերադարձին, քաղաքիս մէջ տուած իր դասախօսութեան ընթացքին ու «Հայրենիք»-ին կատարած իր յայտարարութիւններով շեշտած էր անհրաժեշտութիւնը ուսուցչանոցի մը, նաեւ հայագիտական կեդրոնի մը` Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ: Հաճելի է տեսնել, թէ այս յայտարարութիւնը այնքան փութով արձագանգ գտած է Հայ կրթական հիմնարկութեան շրջանակէն ներս, եւ արդէն կրթասէր հայրենակից մը, որ առայժմ անանուն կը մնայ, քսան հազար տոլար կը նուիրէ յիշեալ երկու ծրագիրներու իրագործման համար:
Հայագիտական կեդրոն եւ ուսուցչանոց` երկուքն ալ անհրաժեշտ հաստատութիւններ են, եթէ որոշած ենք սփիւռքի մէջ պահել ու զարգացնել մեր ազգային մշակոյթը, դպրոցները, որոնք մասնաւորաբար կը տառապին ուսուցիչներու պակասէն:
Հայագիտութիւնը, որ երբեմն կը ծաղկէր արտասահմանի մէջ, եւ յատկապէս` Մխիթարեան միաբանութեանց երկու վանքերուն մէջ, Վենետիկ եւ Վիեննա, այժմ գրեթէ հայաստանեան մենաշնորհ մը դարձած է, եթէ բացառութիւն նկատենք Վիեննայի Մխիթարեաններուն շարունակած որոշ աշխատանքները: Հայաստանի հայագէտները պատկառելի վաստակ ունին, սակայն սփիւռքը չի կրնար շարունակ «մշակութային նպաստընկալ»-ի դերին մէջ մնալ` հայրենիքէն ակնկալելով միայն իր հայագիտական հետաքրքրութեանց եւ պահանջին գոհացումը, առանց սեփական վաստակի:
Այսօր, ակնարկ մը միայն մեր մամուլի վրայ, բաւական է հաստատելու համար, թէ որքան «նպաստընկալ» դարձած ենք Խորհրդային Հայաստանի: Հայագիտական, պատմական երկեր, յօդուածներ, մենագրութիւններ լոյս կը տեսնեն Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ու իրենց լուրջ բովանդակութեան պատճառով անոնք կ՛արտատպուին սփիւռքի բոլոր հայ թերթերէն:
Չենք բողոքեր այս կացութեան համար, սակայն չենք կրնար շեշտել միաժամանակ, թէ սփիւռքի աղքատութիւնն է, որ կը ցուցադրուի այս ձեւով, որովհետեւ մենք զուրկ ենք համապատասխան աշխատանքներէ, այնպիսի մարզի մը մէջ, որ կենսական է գաղութներու ազգային անկախ ոգիին ու մշակոյթին պահպանման համար:
Ազատ աշխարհին մաս կազմող սփիւռքը պէտք է ունենար իր քանի մը հայագիտական կեդրոնները, որոնց մէջ պատրաստուած մասնագէտներ լրջօրէն եւ արդիական տուեալներով պիտի ուսումնասիրէին մեր լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, տալով գործեր, որոնք որեւէ քաղաքական ազդեցութենէ անկախ, պիտի կրնային նոյնիսկ հայրենիքի գիտնականներուն եւ ժողովուրդին ուշադրութիւնը գրաւել, մինչդեռ այժմ հակառակն է, որ տեղի կ՛ունենայ` խիստ աննպաստ կացութեան մէջ դնելով սփիւռքի յաւակնութիւններն ու ձգտումները, ապագայի նկատմամբ:
Եթէ կարելի ըլլար գէթ Պէյրութի մէջ հաստատել հայագիտական կեդրոն մը, առայժմ` ամպիոնի անունով, նոր կռուան մը պիտի հանդիսանար ան մեր ժողովուրդին համար, իր նոր սերունդներուն ազգային կրթութեան տեսակէտէն:
Շատ աւելի կարեւոր է հայ ուսուցչանոցի մը հաստատումը, որուն կը նպաստէ, դարձեալ անանուն նուիրատուն:
Դպրոցներ ունինք, հոծ գաղութներու մէջ, եւ նորեր կը շինենք. սակայն յաճախ կը յայտարարուի, թէ ուսուցիչներ կը պակսին, մանաւանդ` որակաւորներ եւ ասպարէզին պահանջած շնորհներով օժտուածներ: Ուսուցչութիւնը կրնայ արհամարհուիլ տգէտներու կողմէ միայն, սակայն չի դադրիր ըլլալէ մէկը ամէնէն կարեւոր ասպարէզներէն, որոնք սերունդ կը պատրաստեն, եւ հետեւաբար, ժողովուրդի մը ապագան:
Առանց ընտիր, պատրաստուած ուսուցիչներու` մեր ամէնէն գեղեցիկ դպրոցները դատապարտուած պիտի ըլլան մնալու «դատարկ» շէնքեր միայն, ուր ոգին եւ գաղափարը պիտի բացակային, տեղ տալով հասարակ դասատուին:
Ուսուցչանոցը պիտի պատրաստէ ուսուցիչներ, որոնք իրենց կարգին, աշակերտութեան պիտի ներշնչեն այն լուրջ պատասխանատուութիւնը, որ հայ ըլլալը կը նշանակէ` իբրեւ մարդ եւ իբրեւ ազգային:
Շա՜տ ուսանողներ ունեցանք եւ ունինք տակաւին սփիւռքի մէջ, սակայն ցաւալի է ըսել, թէ անոնց մեծագոյն մասը անհատապաշտներ դարձան եւ քիչեր միայն հետաքրքրուեցան ազգային պարտականութիւններով: Բաւական շօշափելի նիւթական միջոցներ ալ սպառեցան, եւ սակայն ազգը իր ակնկալած օգտակարութիւնը չտեսաւ այդ զոհողութիւններէն: Ապացոյց` այն իրողութիւնը, թէ այնքան քիչեր յօժարութիւն ցոյց կու տան հանրային ասպարէզի ծառայութեան համար:
Սփիւռքը այժմ կը գտնուի իր ամէնէն տագնապալի շրջանին մէջ, եւ իր բոլոր միջոցները պիտի գործածէ` հնարաւոր իմաստութեամբ, նոր սերունդը պատրաստելու համար իբրեւ գիտակից ու պարտաճանաչ հայ:
Ժամանակ չունինք վատնելու կամ կորսնցնելու համար: Այսօր ապրող սերունդները իրենց ձեռքին մէջ կը պահեն պատրաստութիւնը հայ ապագային:
Բարերարներ ու նուիրեալներ այսօր պէտք են մեզի` ամէնէն ամուր հիմերու վրայ հաստատելու համար հայ կեանքը, որ պէտք է շարունակուի, ցոյց տալով նաեւ ազատ հայագիտութեան գերակշռութիւնը, բռնակալութեան ենթակայ ու հետեւաբար երբեմն միակողմանի գիտութեան վրայ:
«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
1965-ը Պիտի Ըլլայ Սարսափելի Տարի Մը…
Ուիլսըն Պիտի Մեռնի, ՄԱԿ-ը Պիտի Լուծուի Եւ
Ասիոյ Մէջ Պատերազմ Պիտի Ծագի
«Մարգարէութիւններու մեծ գիրքը» հրատարակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ: Գերման աստղաբաշխական դասական այս մեծ գործը ամէն տարի այս օրերուն անհամբերութեամբ կը սպասուի աւելորդապաշտներու կողմէ:
Հեղինակն է գերման գուշակ Հանրիխ Հիւթեր, որ լաւատես չէ երբեք 1965-ի համար: Ստորեւ` իր քանի մը գուշակութիւնները.
– Անգլիոյ վարչապետ Ուիլսըն պիտի մեռնի:
– Գերմանիոյ վարչապետ Էրհարթ ինքնաշարժի կամ օդանաւի ծանր արկած մը պիտի ունենայ:
– Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը պիտի լուծուի:
– Չինաստան պիտի յարձակի Ֆորմոզայի վրայ, ինչ որ ընդհանուր պատերազմ պիտի շղթայազերծէ 1966-ին Ասիոյ մէջ:
– Խառնակութիւններ պիտի ըլլան Ֆրանսայի մէջ, որ աղէտներու պիտի ենթարկուի:
– Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին ծանր հիւանդութեան մը պիտի ենթարկուի:
– Քաղաքական կարեւոր անձնաւորութիւն մը պիտի մեռնի Սպանիոյ մէջ, ու երկիրը յեղաշրջում մը պիտի ունենայ:
– Քաղաքական կարեւոր փոփոխութիւններ պիտի ըլլան Լեհաստանի եւ Չեխոսլովաքիոյ մէջ:
Ըստ երեւոյթին, միայն մէկ բան պիտի չփոխուի: Այդ ալ Զուիցերիոյ աւանդական չէզոքութիւնն է:
Երկար ատեն աստղերը դիտելէ ետք գերման մոգը կ՛երաշխաւորէ իր գուշակութիւնները…