Category: Լիբանանեան
Մամլոյ Արձակուրդ
Ամանորի առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 1 եւ ուրբաթ, 2 յունուար 2015-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 3 յունուարին: Շարն.
Թեւակոխելով 2015-ի Դիմաւորման Տօնական Արձակուրդը`. Տարեվերջի Հաշուետուութեան Հանդիպումները Շարունակուեցան
Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք համայն աշխարհի կողքին կը պատրաստուին դիմաւորել 2015-ը, թեւակոխելով տօնական արձակուրդի «զբօսանքը», անդին ճիգերը շարունակուեցան մէկէ աւելի ճակատներու վրայ: Իւրաքանչիւր մարզի պատասխանատու ինքնակոչ «հաշուեյարդար»-ով մը կը ջանար ... Շարն.
Ներքին Անդորրութեան Ամրապնդման Գծով. Տարեվերջի Քաղաքական Բարեմաղթութիւններ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` ներքին անդորրութեան ամրապնդման գծով: Տօնական առիթով եւ մարոնի պատրիարքական փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսի ներկայութեամբ, Հըզպալլայի կազմակերպած հացկերոյթի ընթացքին արտասանած իր ... Շարն.
Սննդեղէնի Առողջապահութեան Նախանձախնդրութեամբ. Ապու Ֆաուրի Արշաւը Կանգ Առաւ Ցորենի Շտեմարաններուն Մէջ
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ձեռնարկած «սննդեղէնի առողջապահութեան պահպանման» արշաւը շարունակուեցաւ տարեվերջին եւ անիկա կանգ առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարաններուն մէջ: Ապու Ֆաուր աղէտալի որակեց իր տեսած տեսարանները ցորենի շտեմարաններուն ... Շարն.
Ապու Զէյնապ Կը Հերքէ Փտածութեան Յանցանքով Զինք Հըզպալլայէն Հեռացնելու Լուրերը
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ երէկ կրկին հերքեց իր մասին շրջան ընող անհիմն լուրերը, ըստ որոնց, ինք Հըզպալլայէն հեռացուած է փտածութեան եւ Իսրայէլի հետ գործակցութեան յանցանքով, եւ թէ ... Շարն.
Տօնական Մթնոլորտի Զուգահեռ Ապահովական Միջոցառումներ. Գինով Վիճակով Մի՛ Վարեր Ինքնաշարժդ Եւ Թաքսիով Տուն Վերադարձիր Անվճար
Ներքին ապահովութեան ուժերու պատկան մարմիններ երէկ յայտարարեցին, որ 1720 թիւով կարելի է փոխանցել որեւէ անախորժ արկածի կամ միջադէպի մասին, գործակցաբար քաղաքացիական ոչ կառավարական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու: Այս գծով հարիւր թաքսիներ ... Շարն.
Սպասելով Տօնական Արձակուրդի Աւարտին`. Հրատապ Հարցերու Լուծման Ճիգերը` «Հանդարտ Կրակ»-ի Վրայ
Տօնական օրերուն արձակուրդի մթնոլորտը արգելք չեղաւ քաղաքական հանդիպումներու կայացման: Ընդհակառակն` տօնական օրերուն կատարուող շնորհաւորական այցելութիւնները առիթ եղան արծարծելու քաղաքական եւ այլ մարզերու հրատապ հարցեր: Արդարեւ, վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին անձնակազմին ... Շարն.
Բանակը Կը Շարունակէ Ամրապնդել Իր Դիրքերը` Արսալի Մերձակայ Շրջաններուն Մէջ
Ահաբեկիչներու խափանարարական ծրագիրներուն գծով լրատուական թէ ապահովական-զինուորական տեղեկութիւններու լոյսին տակ, բանակը շարունակեց ամրապնդել իր դիրքերը Արսալի մերձակայքը: Սակայն բանակի այս քայլը որոշ ընդվզում յառաջացուց շրջանի կարգ մը բնակիչներուն մօտ, որոնք ... Շարն.
Նախագահի Ընտրութեան Նոր Նիստ` Եօթը Յունուարին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն, յառաջիկայ չորեքշաբթի, 7 յունուարին ժողով գումարելու` նախագահի ընտրութեան համար: Շարն.
Խոստանալով Չսաստկացնել Իրենց Քայլերը`. Առեւանգեալ Զինուորականներու Ընտանիքները Այցելեցին Սլէյման Ֆրենժիէի
Լրատուական աղբիւրներ օրըստօրէ կը շեշտեն առեւանգեալ զինուորականներու թնճուկի խրթին լուծումը` կարգ մը մտավախութիւններու լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ, Ժապհաթ Նուսրայի մէկ ղեկավարը բանագնացներէն մէկուն հետ կատակելով յայտնած է, թէ իրենք ... Շարն.
Ներքին Ապահովութեան Ուժեր Կը Զգուշացնեն
Տօնական օրերու նախօրեակին ներքին ապահովութեան ուժեր զգուշացուցին քաղաքացիները` ցնծութեան կրակոցներ արձակելէ եւ հրավառութիւն կատարելէ: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ օրինազանցները հետապնդումի պիտի ենթարկուին: Շարն.
Նախկին Վարչապետ Օմար Քարամէի Վիճակը` Մտահոգիչ
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի մօտիկ աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Քարամէի առողջական վիճակը մտահոգիչ է` հերքելով անոր մահուան մասին շրջան ըրած կարգ մը անհիմն լուրերը: Շարն.
Որդեգրել Ուժանիւթի Նախարարութեան Որոշած Սակագիները
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը երէկ կոչ ուղղեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն` ենթարկուելու ուժանիւթի նախարարութեան որոշած սակագիներուն: Նախարարութեան այս կոչը կու գայ ընդառաջելու զանազան շրջաններու քաղաքացիներու ընդվզումին եւ պետական սակագիներու որդեգրման պահանջին: ... Շարն.
Ամանորի Նախօրեակին Սերտ Յարաբերութիւններ` Ներքին Անդորրութեան Ամրապնդման Գծով. Ապահովութեան Կողքին Երկխօսութիւնն Ու Նախագահական Ընտրութիւնը` Հիմնական Օրակարգ
Ամանորի նախօրեակին հայեացքները սեւեռուած են երկրի ներքին անդորրութեան ամրապնդման վրայ վերջերս յաճախակիօրէն շեշտուող մտավախութիւններուն լոյսին տակ: Այլ աղբիւրներ անհաւանական չեն նկատեր ականուած ինքնաշարժներով խափանարարական արարք մը Կաղանդի գիշեր: Հոսկէ` երկրի ... Շարն.
Ամանորեան Իր Պատգամին Մէջ Շնորհաւորութեանց Կողքին. Վարչապետ Սալամ Համբերութիւն Կը Մաղթէ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին: Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի ընկերակցութեամբ կատարած իր այս այցելութեան աւարտին Սալամ յայտնեց, որ եկած ... Շարն.
Հանդիսապետելով Առաջնորդ Տուէյհիի Թաղման Կարգին`. Պշարա Ռայի Պատրիարքը Այցելեց Ֆախրի Ամոլի Եւ Նահատակ Զինուորներու Ընտանիքներուն
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` կիրակի, 28 դեկտեմբերի առաւօտեան, այցելեց ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գլխատուած լիբանանցի զինուորականներ Մոհամետ Համիէի, Ապպաս Մտլեժի եւ Ալի Պազզալի ընտանիքներուն` իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնելով անոնց: Պեքաայի Թալիա, ... Շարն.
Ղալեպ Ապու Զէյնապ Կը Յստակացնէ. «Հըզպալլայէն Չեմ Հրաժարած»
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ երէկ հերքեց լրատուական տեղեկութիւնները` Հըզպալլայէն իր հրաժարման մասին: 14 տարիներու քաղաքական ղեկավար դէմքը, որ նաեւ եղած էր Աուն-Հըզպալլա հասկացողութեան գլխաւոր ջատագովներէն, յստակացուց, թէ ... Շարն.
Արսալցիք Բողոքեցին Բանակի Միջոցառումներուն Դէմ
Արսալի բնակիչները երէկ որոշ ատենով փակեցին Արսալի մուտքի ճամբաները` իբրեւ բողոք բանակի որդեգրած միջոցառումներուն դէմ: Բանակը վերջին քանի մը օրերուն կ՛արգիլէ Արսալի բարձունքներ ուղղուիլ անոնց, որոնք այդտեղ գործ կամ տուն ... Շարն.
Նախկին Նախարար Մոհամետ Շաթահի Անունով Թաղամաս` Պէյրութի Մէջ
Նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութեան առաջին տարելիցին առիթով ոգեկոչումի յատուկ ձեռնարկ կատարուեցաւ շաբաթավերջին: Այս առիթով ցաւակցական յատուկ խօսքեր արտասանեցին Շաթահի ընտանիքի ներկայացուցիչն ու անոր բարեկամները` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, լիբանանեան ... Շարն.
Փորձելով Կանխարգիլել Հըզպալլայի Կողմէ Հաւանական Յարձակում Մը`. Իսրայէլեան Ծովային Անցարգելներ
Լիբանանեան «Էլ.Պի.Սի.» կայանը երէկ երեկոյ հաղորդեց, որ Իսրայէլ ծովային, ելեկտրոնային յատուկ անցարգելներ ստեղծած է` կանխարգիլելու համար Հըզպալլայի կողմէ հաւանական որեւէ յարձակում: Նոյն աղբիւրին համաձայն, իսրայէլեան այս քայլերը կու գան իսրայէլեան ... Շարն.