Թեւակոխելով 2015-ի Դիմաւորման Տօնական Արձակուրդը`. Տարեվերջի Հաշուետուութեան Հանդիպումները Շարունակուեցան

Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք համայն աշխարհի կողքին կը պատրաստուին դիմաւորել 2015-ը, թեւակոխելով տօնական արձակուրդի «զբօսանքը», անդին ճիգերը շարունակուեցան մէկէ աւելի ճակատներու վրայ: Իւրաքանչիւր մարզի պատասխանատու ինքնակոչ «հաշուեյարդար»-ով մը կը ջանար դրական տպաւորութեամբ հրաժեշտ տալ 2014-ին:

Այս ծիրին մէջ, երկրի ամէնէն ցաւոտ հարցերէն` առեւանգեալ զինուորականներու թնճուկն ու անոր հետեւանքները տիրական եղան հանդիպումներու ընթացքին: Այս իմաստով, լիբանանեան «Լիուա» օրաթերթը, իրազեկ աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հաղորդակցութեան մէջ մտած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` խորհրդակցելով երկրին ընդհանուր իրավիճակին շուրջ:

Այս առիթով Սալամ զօր. Քահուաժիէն պահանջած է մեղմացնել Արսալի շուրջ բանակին որդեգրած վերջին միջոցառումները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի յատուկ արտօնագիրի տուչութեան: Խօսակցութեանց դրական մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Սալամ գործնական առաջարկ մը ներկայացուցած է զօր. Քահուաժիին` թելադրելով, որ արսալցիք իրենց երթեւեկի արտօնագիրը ստանան իրենց ամէնէն մօտ գտնուող բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնէն` Ապլահի զօրանոցին փոխարէն, որուն հեռաւորութիւնը որոշ դժուարութիւններ կը ստեղծէ արսալցիներուն համար:

Ըստ նոյն աղբիւրին, զօր. Քահուաժի իր նախանձախնդրութիւնը յայտնած է արսալցիներու ապահովութեան գծով: Քահուաժի բարձր գնահատած է արսալցիներու զօրակցութիւնը բանակին` դիտել տալով, որ արսալցիք եւս տասնեակ մը զոհեր տուին բանակի թէ ապահովական այլ ուժերուն անդամագրուած իրենց զաւակներէն:

ՏԱՀԵՇ-ի Պահանջներն Ու
Փոխադարձ Կաղանդչէքը

1230_R-Soloh--1Միւս կողմէ, «որոշ քայլ»-ի մը գծով նախապատրաստութիւնները շարունակուեցան առեւանգեալներու հարցին ուղղութեամբ: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, ՏԱՀԵՇ ամրացուցած է իր դիրքերը զինական նոր կազմածներով եւ զինուորական նոր մարդուժով: Յատկապէս վերջերս սահմանակից Քալամունի շրջանէն Ֆլիթա գիւղաքաղաք թափանցած են ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, ուր ծանր բախումներ պատահեցան անոնց եւ Հըզպալլայի զինեալներուն միջեւ:

Սպասելով նախատեսուող «քայլ»-ին կամ «գործողութեան», ինքնակոչ սալաֆական միջնորդ շէյխ Ուիսամ Մասրի երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին այցելած է Արսալի բարձունքները, ուր ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ իրեն փոխանցուած են նորագոյն պահանջներ: Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շէյխ Մասրի ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի պայքարը լիբանանեան բանակին կամ կառավարութեան դէմ չէ, այլ` Հըզպալլայի դէմ եւ թուեց ՏԱՀԵՇ-ի պահանջները.

– Առաջին, սուրիացի գաղթականներու պաշտպանութեան համար ապազինեալ գօտի մը հաստատել, որ կը տարածուի Հըմայետի ձորէն մինչեւ Թֆէյլ եւ Արսալ:

– Երկրորդ, առողջապահական արդիական կազմածներով յատուկ դարմանատուն-հիւանդանոց մը սարքել` դարմանելու համար հիւանդներն ու բախումներէն վիրաւորուողները:

– Երրորդ, լիբանանեան բանտերէն ազատ արձակել բոլոր իսլամական «քոյրերը» (յատկապէս` Սաժա Տուլէյմին եւ Ուլա Աքիլին, որոնք արգելափակուած են սուրիական թղթածրարին պատճառով:

Փոխադարձաբար ՏԱՀԵՇ յայտարարած է իր «կաղանդչէք»-ի խոստումը, ըստ որուն ոեւէ առեւանգեալ զինուորական պիտի չգլխատուի կամ մահավճիռի պիտի չենթարկուի, այնքան ատեն որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ որեւէ խախտում այս բանակցութեանց կամ Թֆէյլի դիրքերուն վերացման, կը վտանգէ առեւանգեալներու կեանքը:

Իրենց կարգին, առեւանգեալ զինուորականներու ընտանիքները յուսադրուած` ողջունեցին իրենց զաւակներուն ազատութեան միտող որեւէ ճիգ: Անոնց անունով շէյխ Օմար Հայտար կոչ ուղղեց ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային` պաշտօնապէս բացայայտելու, թէ ո՞վ է իրենց կողմէ լիազօրուած միջնորդը` շէյխ Մասրի՞ն, թէ՞ Ահմետ ֆլիթին:

Նաեւ` Քաղաքական-Դիւանագիտական
Առումով

Յաճախ շեշտուող առեւանգեալներու թնճուկին, քաղաքական տագնապին (նախագահի ընտրութիւն, երկխօսութիւն…) հետ առնչութեան հարցը երէկ յոյսի նշոյլներով դիմաւորուեցաւ նաեւ առնչակից ճակատներու վրայ, ուր շեշտուեցաւ զինուորականներու ազատ արձակման հրամայականը, որ իր դրական արձագանգը կրնայ ունենալ քաղաքական հարցերու լուծման գծով եւ փոխադարձաբար:

1230_Patr-RaiԱյս ծիրին մէջ Իրանի դեսպան Ֆաթհալի երէկ Ս. Ծննդեան տօնի եւ Ամանորի առիթով շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին` դրուատելով անոր դերակատարութիւնը միջլիբանանեան համախոհութեան ամրապնդման մէջ: Իրանի դեսպանը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանի անդորրութեան:

Նմանապէս, Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետ Ռայի պատրիարքին տուած իր շնորհաւորական այցելութեան ընթացքին վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը նախագահական թափուր աթոռի տագնապին վերացման եւ նախագահի շուտափոյթ ընտրութեան:

Իր կարգին, Իրաքի փոխնախագահ Իյատ Ալլաուի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով շեշտեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` առաջարկելով ռազմավարական ծրագիր մը պատրաստել ահաբեկչական վտանգի դիմակալման համար:

Նմանապէս Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի բացայայտեց, թէ նախագահի ընտրութիւնը խիստ հաւանական է յառաջիկայ երկու ամիսներուն: Աւետելով, թէ բանակին յատկացուելիք զինական կազմածները Լիբանան կը հասնին տարեսկիզբին, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը յստակացուց, որ իր երկիրը չ՛ուզեր միջամուխ դառնալ Լիբանանի ներքին հարցերուն: Ան նշեց, որ տօնական օրերու վաղորդայնին մարոնի ղեկավարները համախմբող հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի ձայնասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան պէտք ունի զօրաւոր նախագահի, գործօն կառավարութեան եւ զինուած բանակի: Ան աւելցուց, որ միջլիբանանեան որեւէ համերաշխ հանդիպում իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ Սուրիոյ կացութեան վրայ` ընդգծելով, որ բոլորն ալ կը զգան ահաբեկչութեան վտանգը:

Նաեւ` Ներքին Ուղղութեամբ

Դրական մաղթանքներու եւ նախաձեռնութեանց տրամադրութիւնը տիրական էր նաեւ երկրին բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն յայտարարութեանց մէջ, ուր իւրաքանչիւրը մեկնելով դէպքերու իր դիտանկիւնէն շեշտեց երկրի հիմնահարցերուն բարեյաջող ելքի անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ ենթահող ներքին անդորրութեան ամրապնդման:

Ականուած Շրջուն Երկու
Ինքնաշարժներ

Քաղաքական-դիւանագիտական խորհրդակցութիւնները եկան այն մթնոլորտին մէջ, ուր ըստ լրատուական միջոցներուն եւ «Սաֆիր» օրաթերթին, ապահովական ցանց մը հրապարակած է յար եւ նման երկու ականուած ինքնաշարժներու նկարագրականը: Ըստ նոյն աղբիւրին, ինքնաշարժները Լիբանան մուտք գործած են հիւսիսային ապօրինի անցքի մը ճամբով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )