Ամանորի Նախօրեակին Սերտ Յարաբերութիւններ` Ներքին Անդորրութեան Ամրապնդման Գծով. Ապահովութեան Կողքին Երկխօսութիւնն Ու Նախագահական Ընտրութիւնը` Հիմնական Օրակարգ
Ամանորի նախօրեակին հայեացքները սեւեռուած են երկրի ներքին անդորրութեան ամրապնդման վրայ վերջերս յաճախակիօրէն շեշտուող մտավախութիւններուն լոյսին տակ: Այլ աղբիւրներ անհաւանական չեն նկատեր ականուած ինքնաշարժներով խափանարարական արարք մը Կաղանդի գիշեր: Հոսկէ` երկրի վարիչներու ճիգերը սպառնալիքներու վերացման ու անդորրութեան ամրապնդման գծով, քաղաքական, ապահովական թէ կեցուածքներու ընդմէջէն: Այս ծիրին մէջ բանակը որդեգրեց խիստ միջոցառումներ, որոնց հիմամբ կ՛արգիլուի դէպի Արսալ եւ անոր բարձունքները ուղղուիլ բոլոր անոնց համար, որոնք հոն չեն բնակիր եւ զիրենք այդ շրջանին կապող առեւտրական թէ ապրուստի անհրաժեշտութիւն չկայ: Այլապէս, Արսալ կարելի է մուտք գործել բանակէն տրամադրուած յատուկ արտօնագիրով միայն: «Օ.Թի.Վի» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, բանակի որդեգրած ապահովական այս միջոցառումները կը միտին Արսալի բնակիչները պաշտպանել ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն եւ կամ` անոնք նախաքայլեր են Արսալի բարձունքներուն ուղղութեամբ կատարուելիք բանակի մօտալուտ գործողութեան:

Հայր Ապտօ Ապու Քասմ
Ապահովական այս միջոցառումներուն զուգահեռ, երկրին անդորրութեան ու կայունութեան գծով ճիգերը շարունակուեցան լուսարձակէ հեռու, տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ Կաթողիկէ լրատուական կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ յայտնեց, թէ եւրոպական, ամերիկեան ու Վատիկանի մակարդակով սերտ ճիգեր կը գործադրուին նախագահի ընտրութեան իրագործման գծով: «Անցեալին տկարացուցին նախագահի լիազօրութիւնները, իսկ ներկայիս կը ջանան չքացնել անոր դերը», ընդգծեց հայր Ապու Քասմ` անհրաժեշտ նկատելով նախագահի ընտրութեան փութացումը:
Քաղաքական Կաղանդչէք

Իպրահիմ Քանաան
Երկրի քաղաքական կայունութեան ամրապնդման նախանձախնդրութեամբ, շաբաթավերջին դրսեւորուած կեցուածքները վերահաստատեցին նախագահական ընտրութեան գլխաւոր ենթահող կազմող` երկխօսութեան կայացման հրամայականը, իւրաքանչիւր կողմ մեկնելով իր դիտանկիւնէն: Արդարեւ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ, հովանաւորելով Պասքինթայի մէջ ամանորեան ձեռնարկ մը, յայտնեց, թէ երկրի ազգային միասնութեան կառավարումը կ՛ամբողջանայ ժողովուրդին կողմէ մօտերս նախագահի ընտրութեամբ: Ան մաղթեց, որ բոլոր առեւանգեալ զինուորականները ազատ արձակուին, «որպէսզի ամբողջանայ տօնական այս ուրախութիւնը»: Երկխօսութեան անդրադառնալով` Քանաան ձայնասփռուած հարցազրոյցով մը ընդգծեց, որ Աուն-Ժահժահ հանդիպումին քննարկումները ձեւականէն անդին պիտի քննեն երկրին հրատապ հիմնահարցերը: Ան յայտնեց, որ ցարդ հաղորդակցութեան մէկ միջոց կը միջնորդէր մինչեւ վերջերս, երբ տօնական շնորհաւորութեան ուղղակի հաղորդակցութիւն եղաւ Աունի եւ Ժահժահի միջեւ: Քանաան մերժեց յստակ օրն ու ժամը յայտնել այս հանդիպումին` «ապահովական պատճառներով»: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Նահար» օրաթերթը յայտնած էր, թէ Աուն-Ժահժահ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունուարի առաջին շաբթուան ընթացքին: Իսկ «Մուսթաքպալ»-ի աղբիւրներ «խիստ մօտալուտ» նկատեցին Ազգային ազատ հոսանք-Լիբանանեան ուժեր երկխօսութեան սկիզբը: «Լեպանոն ֆայլզ» կայքը դիւանագիտական աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հարցը դէպի լուծում կ՛ընթանայ:

Նիտալ Թոհմէ
Նոյն ծիրին մէջ դէտեր լաւատես են Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութեան արդիւնաւէտութեան գծով: Երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ դիտել տուաւ, որ թէեւ Մուսթաքպալ եւ Հըզպալլա լիբանանեան հրապարակի բոլոր ուժերը չեն ներկայացներ, այսուհանդերձ անոնց միջեւ երկխօսութիւնը կրնայ յանգիլ այնպիսի լուծումներու, որոնցմէ կրնան օգտուիլ բոլոր ուժերը: Նախարար Ապտել Մութթալեպ Հըննաուի` անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հարցին, ընդգծեց, որ ճիգերը կը կեդրոնանան համախոհական նախագահի մը ընտրութեան վրայ:
Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը «քաղաքական խաբկանք» որակեց նախագահական ընտրութեան հարցին վճռումը լիբանանեան քրիստոնէական դաշտ «յղելու» շրջանային ճիգերը: Նոյն աղբիւրը անհաւանական նկատեց նման իրագործում` մօտիկ ապագային: Լիբանանցիներուն կը մնայ համբերութեամբ սպասել դրական լուրերուն, որոնք իբրեւ կաղանդչէք պիտի գան ուրախացնելու բոլորը: