Ամանորեան Իր Պատգամին Մէջ Շնորհաւորութեանց Կողքին. Վարչապետ Սալամ Համբերութիւն Կը Մաղթէ

1228_salamՎարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին: Կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի ընկերակցութեամբ կատարած իր այս այցելութեան աւարտին Սալամ յայտնեց, որ եկած էր շնորհաւորելու առաջնորդ Աուտէ եպիսկոպոսը, որուն հետ պատմական սերտ կապեր կան: Այս առիթով ան անհրաժեշտ նկատեց խօսքերու եւ  ճիգերու համերաշխութիւնը` ներքին անդորրութեան ամրապնդման ի խնդիր: Ան յատկապէս երկրի պատասխանատուներէն պահանջեց լծուիլ հիմնահարցերու լուծման եւ հարցերը տեղադրել իրենց ճիշդ հունին մէջ: «Այս առիթով լսեցինք առաջնորդ հօր թելադրանքներն ու յորդորները, որոնց վարժ էինք լսելու եւ անսալու նախապէս եւս», ընդգծեց վարչապետ Սալամ:

Միւս կողմէ, Սալամ ամանորեան իր պատգամով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները` տօնական օրերու սեմին մաղթելով, որ երկրի հրատապ հարցերը բարւօք լուծում գտնեն ճիգերու համերաշխութեամբ: Սալամ համբերութիւն մաղթեց բոլորին, տոկալու եւ դիմակալելու Լիբանանը հարուածող վտանգները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )