Ապու Զէյնապ Կը Հերքէ Փտածութեան Յանցանքով Զինք Հըզպալլայէն Հեռացնելու Լուրերը
Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ղալեպ Ապու Զէյնապ երէկ կրկին հերքեց իր մասին շրջան ընող անհիմն լուրերը, ըստ որոնց, ինք Հըզպալլայէն հեռացուած է փտածութեան եւ Իսրայէլի հետ գործակցութեան յանցանքով, եւ թէ այս գծով ամբաստանեալ Շաուրապայի մեղսակից է: Ապու Զէյնապ յստակացուց, որ ինք կուսակցութեան քրիստոնեաներու հետ կապի բաժանմունքէն հրաժարած է, աւելի քան ամիս մը առաջ եւ ոչ մէկ կապ ունի Իսրայէլի ի նպաստ լրտեսութեամբ մեղադրուած, Հըզպալլայի նախկին ղեկավար Շաուրապայի հետ: Ան ժխտեց, թէ վերջինս իր քեռայրն է, որովհետեւ «ես քոյր չունիմ», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան