Ցաւակցագիր. Հանգուցեալ Ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի Հարազատներուն
Սիրելի՛ հարազատներ,
Խոր ցաւով իմացանք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երկար տարիներու պատգամաւոր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ձեր հարազատին` Վահան Յովհաննիսեանի վաղաժամ մահուան լուրը:
Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը բաժնեկից է ձեր սուգին եւ կը խոնարհի հանգուցեալ ընկերոջ վաստակին եւ գործին դիմաց:
Այս գրութեամբ կու գանք թարգմանը հանդիսանալու մեր ընկերական կազմին եւ համայնքի ապրած դառն վիշտին եւ կը փոխանցենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները ձեզի:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
30 դեկտեմբեր, 2014
CATEGORIES Հայկական