Խմբագրական. Փակուող-Բացուող Տարին Այն Ինչ Որ Պիտի Փորձենք Իրականացնել: Միասին: (Գ.)
Օրաթերթի, յաւելուածներու, բացառիկներու եւ ելեկտրոնային հրատարակութիւններու այլեւս սովորական դարձած աշխատանքները բնականաբար պիտի շարունակուին: Ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի աշխուժութեան նոր թափ ապահովելու համար, Դիմատետրի եւ «Թուիթըր»-ի «Ազդակ»-ի էջերուն պիտի աւելնայ նաեւ «Ինսթակրամ»-ի վրայ բաժին ապահովելը: Նկատուած է, որ «Ինսթակրամ»-ը բացառաբար երիտասարդ օգտատէրեր ունի եւ նախաձեռնութիւնը կը միտի առնուազն «Ազդակ»-ի բովանդակութիւնը երիտասարդութեան ծանօթացնելը. եւ այս ցանցի իւրայատկութիւնները նկատի ունենալով առաւել զարկ պիտի տրուի լուսանկարներուն եւ անոնց ընկերակցող ամփոփ լրատուութիւններուն:
Ելեկտրոնային տարածքին վերաբերեալ, «Ազդակ» նկատելով ընդհանուր միտումը` համացանցային եւ արբանեակային հեռատեսիլներու համատեղման, պիտի փորձէ ծրագրել «Ազդակ»-ի համացանցային հեռատեսիլի նախագիծ մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ հարցազրոյցներուն առընթեր հետզհետէ տեղադրել լրատուական նիւթեր, հեռակայ կարգով զրոյց-քննարկումներ եւ մանաւանդ ձեռնարկներու ցանցային ուղղակի սփռումներ: Կը մնայ, որ արդէն իսկ սմարթ ֆոներու վրայ կարդացուող «Ազդակ-մոպայլ»-ը ունենայ իր էփլիքէյշընը, ամէնէն արագ միջոցին եւ «Ազդակ»-ի էփը ներբեռնողը իր հեռախօսին վրայ ստանայ «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հաղորդագրութիւնները:
Այս մարզի աշխուժացումը հրամայական է նաեւ այն առումով, որ տարին ամբողջ 100-ամեակ է եւ թէ՛ այստեղ տեղի ունենալիք ձեռնարկները եւ թէ՛ հայրենիքի կամ տարբեր գաղութներու մէջ տեղի ունենալիքները օգտակար կ՛ըլլայ ցանցային դրութեամբ հեռարձակելը:
100-ամեակին «Ազդակ» կը ծրագրէ ապրիլքսանչորսեան բացառիկին տալ տարողունակ բովանդակութիւն եւ համագործակցիլ հայրենիքի թէ սփիւռքի ցեղասպանագիտական տարբեր կեդրոններու հետ` ապահովելու համար ժամանակակից գիտաշխատութիւններ: Այս հրատարակութեան կը հետեւի նաեւ օտարալեզու յաւելուած, որ ուղղուած պիտի ըլլայ լիբանանցի կամ ընդհանրապէս արաբ ընթերցող լսարանին:
Տպարանն ու ցրուումի բաժանմունքը, ինչպէս նաեւ «Փիւնիկ» սրահի յանձանձումը յանձնուած են արդէն հաշուապահական-վարչարարական պատասխանատուութեան: Մեր տպարանը «Ազդակ»-ի տպագրութեան առընթեր սկսած է ստանձնել նաեւ այլ թերթերու հրատարակութիւնը, որ շուտով կը սկսի գործադրուիլ: Նախատեսած ենք, որ «Փիւնիկ» սրահը աւելի աշխուժ թափով հիւրընկալէ միութենական եւ անհատական ձեռնարկներ:
2015-ի առաջին եռամսեակին «Ազդակ» հրապարակի վրայ կը դնէ 88-ամեայ իր արխիւին թուայնացուած ամբողջութիւնը: Նկարահանուած, ծրագրաւորուած եւ որոնողական համակարգի ենթակայ` մեր թերթը կը դառնայ ուսումնասիրողին համար ժամանակակից արհեստագիտութեամբ որոնելի սկզբնաղբիւր: Դժուար է պատկերացնելը թէ տասնամեակներու վրայ ի՛նչ տեսակի նիւթեր, մեկնաբանութիւններ, քաղաքական կեցուածքներ, գաղութային, միջազգային, հայրենական, սփիւռքեան եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի ժամանակակից պատմութեան ի՛նչ վիթխարի գրականութեան մասին է խօսքը, որ արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցներու օգտագործումով տրամադրելի է այսօր հանրութեան, բայց մանաւանդ աշխարհի որ ծայրը գտնուող ուսումնասիրող մարդուն: Հրապարակումի սկիզբը պիտի փորձենք կատարել արժանավայել շուքով` ներգրաւելով հայաստանեան թէ սփիւռքեան արխիւային կարեւորագոյն կեդրոնները:
Այն ինչ որ խմբագրականի առաջին սիւնակով ընդգծած էինք իբրեւ չյաղթահարուած դժուարութիւններ, պիտի փորձենք այդ ուղղութեամբ լուծման ուղիներ փնտռել: Բոլորը` խոստումի կարգով. եւ չէ բացառուած, որ վերը նշուած առաջադրանքներէն այլ ծրագիրներ եւս իրականացնենք: Համացանցային հեռատեսիլի նախագիծի պատրաստութենէն զատ, այն ինչ որ յայտնեցինք գրեթէ իրենց լրումին հասած ծրագիրներ են: Մնացեալը պէտք է ձգել ժամանակին եւ խօսիլ միայն այն ատեն, երբ իրականութիւն դարձած են:
Տարին կը փակենք անբաւարարուածութեան զգացումով: Ըրինք այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք. չկրցանք ընել, դարձեալ այն ինչ որ պէ՛տք է ընէինք: Կ՛ակնկալենք առողջ, բաց քննադատութիւն: Առանց ցեխարձակումի, առանց վարկաբեկումի: Կը հրապարակենք բոլոր քննադատութիւնները, երբ այնտեղ զգանք կառուցողականութիւնը, միայն սրբագրուած տեսնելու մօտեցումը: Մնացեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալն իսկ կը գտնենք անիմաստ: «Ազդակ»-ը հերթական արեւածագին 10 էջով ինքզինք կը յանձնէ իր ընթերցողներու դատողութեան: Եւ չէ բացառուած, որ մենք ամէն օր այս կամ այն ձեւով տեղի տանք սխալի մը: Մեր ընթերցողները սրբագրիչներ չեն. բայց մեր ընթերցողները մաս կը կազմեն «Ազդակ»-ի ընտանիքին եւ իբրեւ այդպիսին սխալները պէտք է մատնացոյց ընեն օրին, ելեկտրոնային նամակով, հեռաձայնով, անձամբ` ունենալու համար այն «Ազդակ»-ը, որ բոլորս կ՛ուզենք: Միասին: