Ցաւակցագիր. ՀՅԴ Բիւրոյին Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին

ARF_Logo-coloredՍիրելի՛ ընկերներ,

Խոր ցաւով իմացանք ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երկար տարիներու պատգամաւոր եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի վաղաժամ մահուան լուրը:

Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը բաժնեկից է ձեր սուգին եւ կը խոնարհի հանգուցեալ ընկերոջ վաստակին եւ գործին դիմաց:

Ընկ. Վահան Յովհաննիսեանի համար միշտ ալ սիրելի մնաց Լիբանանը եւ Լիբանանի Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցը:

Այս գրութեամբ կու գանք թարգմանը հանդիսանալու մեր ընկերական կազմին եւ համայնքի ապրած դառն վիշտին եւ կը փոխանցենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները ՀՅԴ Բիւրոյին:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

30 դեկտեմբեր, 2014

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )