Սննդեղէնի Առողջապահութեան Նախանձախնդրութեամբ. Ապու Ֆաուրի Արշաւը Կանգ Առաւ Ցորենի Շտեմարաններուն Մէջ

377883_img650x420_img650x420_cropԱռողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ձեռնարկած «սննդեղէնի առողջապահութեան պահպանման» արշաւը շարունակուեցաւ տարեվերջին եւ անիկա կանգ առաւ Պէյրութի նաւահանգիստի ցորենի շտեմարաններուն մէջ: Ապու Ֆաուր աղէտալի որակեց իր տեսած տեսարանները ցորենի շտեմարաններուն մէջ, ուր ցորենը «համեղ կեր դարձած էր միջատներուն եւ… թռչուններուն համար: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ անցնող 10 դեկտեմբերին նախարարութենէն պատուիրակութիւն մը այցելած էր այդ վայրերը եւ զգուշացուցած, սակայն որդեգրուած բարեկարգումները անբաւարար էին:

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ կատարած իր այս այցելութեան ընթացքին, Ապու Ֆաուր եւ Շեհայէպ իրենց մորթին վրայ զգացին ելեկտրական հոսանքի ընդհատման տագնապը, երբ աւելի քան քսան վայրկեան արգելափակուած մնացին շտեմարանի վերելակներէն մէկուն մէջ:

Միւս կողմէ, տնտեսութեան նախարարութիւնը յատուկ հաղորդակցութեամբ յստակացուց, որ Ապու Ֆաուրի այցելած շտեմարանը կը պատկանի սեփական մարզէն անձնական հաստատութեան մը: «Այսուհանդերձ», շարունակեց տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ, բարեկարգումի ճիգերը կը շարունակուին եւ կ՛ամբողջանան մինչեւ տասը օր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )