Արսալցիք Բողոքեցին Բանակի Միջոցառումներուն Դէմ

1228_poghokԱրսալի բնակիչները երէկ որոշ ատենով փակեցին Արսալի մուտքի ճամբաները` իբրեւ բողոք բանակի որդեգրած միջոցառումներուն դէմ: Բանակը վերջին քանի մը օրերուն կ՛արգիլէ Արսալի բարձունքներ ուղղուիլ անոնց, որոնք այդտեղ գործ կամ տուն չունին: Անհրաժեշտութեան պարագային, յատուկ արտօնագիր պէտք է առնուի բանակի գաղտնի սպասարկութեանց բաժանմունքէն:

Լրատուական կարգ մը աղբիւրներու համաձայն, արսալցիներու բողոքին ետին կը կանգնի անոր քաղաքապետը, որ դրդած է զանոնք փողոց իջնելու եւ բողոքելու բանակին դէմ: Կարճ ատեն ետք բանակը յաջողեցաւ վերաբանալ ճամբաները եւ հաստատել շրջանի կայունութիւնը:

Զահլէի Մէջ Հրկիզուած Անիւներով
Փակուեցան Ճամբաները

Զահլէի մէջ կարգ մը ցուցարարներ երէկ անիւներու հրկիզումով կարճ ատենով փակեցին Զահլէի մայրուղին եւ կարգ մը ճամբաները` Շթորա-Ժլալա,Մասնաա-Թաալապայա, Զահլէ-Թարշիշ եւ այլն: Անոնք կը բողոքէին Հասան Օրէյպիի մահուան առիթով, որ անցնող հինգշաբթի զոհ գացած էր ոճրարարքի մը: Օրէյպիի ընտանիքը ոճիրին պատասխանատու նկատեց սիմենթի գործարանի արտօնագիրին գծով Ֆաթթուշ ընտանիքին հետ ծագած վէճը, որ վերածուած էր զինեալ բախումի եւ որուն ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած էր Հասան Օրէյպի: Այս գծով Զահլէի ղեկավարներ բուռն կերպով դատապարտեցին ճամբաներու փակումը` պետութենէն պահանջելով ստանձնել ապահովութեան ամրապնդման իր առաքելութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )