Բանակը Կը Շարունակէ Ամրապնդել Իր Դիրքերը` Արսալի Մերձակայ Շրջաններուն Մէջ

1229_arsali-metchԱհաբեկիչներու խափանարարական ծրագիրներուն գծով լրատուական թէ ապահովական-զինուորական տեղեկութիւններու լոյսին տակ, բանակը շարունակեց ամրապնդել իր դիրքերը Արսալի մերձակայքը: Սակայն բանակի այս քայլը որոշ ընդվզում յառաջացուց շրջանի կարգ մը բնակիչներուն մօտ, որոնք մօտէն կ՛առնչուին բանակի այդ քայլերու հետեւանքներուն:

Արդարեւ, երէկ առաւօտեան խումբ մը երիտասարդներ փորձեցին բողոքի ցոյց կազմակերպել բանակի Ուատի Հըմայետի դիրքին մօտ, ինչ որ բանակը մղեց միջամտելու: Ցուցարարներու այս քայլը որոշ իրարանցում ստեղծեց եւ լարուած վիճակ մը տիրեց, որուն պատճառով բանակը ստիպուեցաւ կրակել եւ ցրուել ցուցարարները: Դէպքը պատճառ դարձաւ երեք վիրաւորներու: Այս գծով Արսալի քաղաքապետ Ալի Հուժէյրի «օտարամուտ տարրերու» խափանարարական քայլերուն վերագրեց պատահածը` ընդգծելով, որ բանակին հետ յարաբերութիւնները շատ լաւ են, եւ ոչ ոք կրնայ պղտորել մթնոլորտը: Հուժէյրի աւելցուց, որ Արսալի բնակչութեան 95 առ հարիւրին գործերը բարձունքներու շրջաններուն մէջ են եւ անտրամաբանական է, որ ամէն օր յատուկ արտօնագիրի դիմում ներկայացնեն: Ան անտեղի գտաւ արտօնագիրներու պահանջը:

Իրենց կարգին, բանակի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ցուցարարները փորձած են ներխուժել եւ «գրաւել» բանակի նշեալ դիրքը, ինչ որ զինուորները մղած է կրակ բանալու` հեռացնելու համար ցուցարարները:

Միջադէպը զօրաշարժի մատնած էր շրջանի ղեկավար դէմքերը, յատկապէս Մուսթաքպալ հոսանքի շրջանին պատասխանատուները, որոնք արտակարգ նիստ մը գումարելով շեշտած են բանակին դերը` դատապարտելով բողոքի որեւէ քայլ, որ կը միտի երկպառակութիւն հրահրել: Շրջանի բնակիչներուն եւ գործատէրերուն հետ կայացած հանդիպումին որոշուած է երթեւեկի համար օգտագործել բանակի գլխաւոր երկու անցարգելները` Ուատի Հըմայետի եւ Մասիատայի դիրքերուն վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )