Որդեգրել Ուժանիւթի Նախարարութեան Որոշած Սակագիները
Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը երէկ կոչ ուղղեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն` ենթարկուելու ուժանիւթի նախարարութեան որոշած սակագիներուն: Նախարարութեան այս կոչը կու գայ ընդառաջելու զանազան շրջաններու քաղաքացիներու ընդվզումին եւ պետական սակագիներու որդեգրման պահանջին:
Նախարարութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց օրինազանցութեան պարագային նախարարութիւնը տեղեակ պահել` հեռաձայնելով 1739 թիւին:
CATEGORIES Լիբանանեան

