«Թուրքիոյ Դրօշը Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին Վերածուած Է Ճնշուած Ժողովուրդներու Պաշտպանութեան Խորհրդանիշի» Ըսաւ Տաւութօղլու

1229_Meshaal-DavutogluԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Թուրքիա իր ջանքը կը թափէ Պաղեստինի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութեան գոյատեւման համար եւ պիտի չճանչնայ իրողական կացութիւն ստեղծող որեւէ քաղաքականութիւն, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Աքսայի մզկիթին»:

Ան շեշտեց. «Թուրքիա իր բոլոր ջանքերը պիտի թափէ Երուսաղէմն ու Աքսայի մզկիթը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ մարդասիրական կացութիւնը բարելաւելու»` նշելով. «Մաշաալի հետ համակարծիք ենք (պաղեստինեան) ազգային միասնականութեան կառավարութեան աշխատանքի շարունակման շուրջ»:

Նշենք, որ Մաշաալ Քոնիոյ մէջ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ընդհանուր ժողովի պատուոյ հիւրն էր:

Մաշաալ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ ուժեղ Թուրքիա մը ուժեղ Երուսաղէմ ու Պաղեստին կը նշանակէ: «Ժողովրդավարական, կայուն եւ զարգացած Թուրքիա մը բոլոր իսլամները կը զօրացնէ», ըսաւ Մաշաալ` աւելցնելով. «Մենք յոյսով ենք, որ ապագային պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը, ճիշդ ինչպէս ձեր ժողովուրդը անցեալին դարերով պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան ու Պաղեստինը»:

«Ինչպէս անցեալին ձեր ժողովուրդը պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան եւ Պաղեստինը, մենք անգամ մը եւս պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը», նշեց ան:

Տաւութօղլու իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ թրքական դրօշը Թուրքիոյ անկախութեան նշանին կողքին ամբողջ աշխարհի տարածքին ճնշուած ժողովուրդներու պաշտպանութեան խորհրդանիշին վերածուած է:

«Ամբողջ աշխարհի տարածքին, այս կարմիր դրօշը պիտի ծածանի Պաղեստինի, ազատ Սուրիոյ եւ բոլոր այլ ճնշուած ժողովուրդներուն դրօշներուն կողքին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Թուրքիա պաղեստինեան դատը իր դատը կը նկատէ, իսկ Պաղեստինի հողը նոյնքան սրբազան է որքան Թուրքիոյ հողը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )