Հարցաքննուած Է «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Պաքուի Գրասենեակի 20 Աշխատակից

1229_AzadutyunԱզրպէյճանական «Kontakt.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ծանր յանցագործութիւններու քննչական վարչութիւնը կիրակի օր հարցաքննած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Պաքուի գրասենեակի շուրջ քսան աշխատակից:

Անոնք բոլորն ալ ազատ արձակուած են միայն քննութեան գաղտնիքը չբացայայտելու վերաբերեալ ստորագրութիւն տալէ ետք:

«Ընդհանուր առմամբ` լրագրողներուն հարցումներ ուղղած են` կապուած անոնց մասնագիտական գործունէութեան հետ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ի դէպ, ձայնասփիւռի կայանի աշխատակիցներու իրաւունքներու պաշտպանութենէն հեռացուած է փաստաբան Եալչին Իմանով: Գլխաւոր դատախազի առաջին տեղակալին որոշումով` Իմանով գործին մէջ ներգրաւուած է իբրեւ վկայ եւ այդ պատճառով ալ հեռացուած է պաշտօնէն:

«Այդ որոշումը ես անօրինական կը նկատեմ եւ կը գնահատեմ իբրեւ ձայնասփիւռի կայանի Պաքուի գրասենեակի աշխատակիցները առանց պաշտպանի ձգելու փորձ», ըսած է Իմանով:

Փաստաբանը նշած է, որ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին մէջ իրականացուած խուզարկութիւնը որեւէ իրաւաբանական կապ չունի ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու դէմ քրէական գործի հետ:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի դատախազութիւնը վերջերս խուզարկած էր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Պաքուի գրասենեակները:

Եւրոպական խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով «Ազատութեան» գրասենեակի փակումին գծով Ազրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան իրավիճակին վերաբերեալ մտահոգութիւն յայտնեց:

«Եւրոպական խորհուրդը այդ գործողութիւններուն վերաբերեալ իրաւական բացատրութիւն պիտի պահանջէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )