Անդրադարձ. Մաշաալ Դարձեալ Մոռցաւ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Կիրակի, 28 դեկտեմբերին Քոնիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նահանգային ընդհանուր ժողովը, որուն պատուոյ հիւրն էր պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ, որ իր արտասանած խօսքին մէջ նշելէ ետք, որ «ձեր ժողովուրդը անցեալին դարերով պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան ու Պաղեստինը» յայտարարեց. «Ինչպէս անցեալին ձեր ժողովուրդը պաշտպանեց Երուսաղէմը, Աքսան եւ Պաղեստինը, մենք անգամ մը եւս պիտի փրկենք Պաղեստինն ու Երուսաղէմը». կարծէք Օսմանեան կայսրութիւնը օրին Պաղեստինի անկախութիւնը պաշտպանած ըլլար:
Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Մաշաալ այսպիսի յայտարարութիւն մը կը կատարէ: Ան 30 սեպտեմբեր 2012-ին Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին եւս նոյնիմաստ յայտարարութիւն մը կատարած էր:
Կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ Օսմանեան կայսրութիւնը բռնագրաւած էր Պաղեստինը եւ իր կայսրութիւնն էր, որ կը փորձէր պաշտպանել եւ ոչ թէ Պաղեստինի անկախութիւնը: Կարիք կա՞յ նաեւ յիշեցնելու, որ այդ փորձը ձախողութեամբ աւարտեցաւ: Մաշաալ իր երկիրը բռնագրաւումէ փրկելու համար պայքարող շարժումի մը ղեկավարն է: Ատիկա որեւէ բռնագրաւումի դէմ սկզբունքային կեցուածք մը կ՛ենթադրէ, սակայն ահա ան օսմանեան բռնագրաւումը կը գովաբանէ` ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, թէ հարցը բռնագրաւումը չէ, այլ` բռնագրաւողը:
Անկախութիւնը բացարձակ արժէք մըն է եւ կարելի չէ անոր նկատմամբ երկու չափ երկու կշիռ կիրարկել: Պահ մը երեւակայենք հետեւեալը. թրքական բանակը կը ներխուժէ Պաղեստին եւ կը վերագրաւէ զայն: Այդ պարագային Պաղեստինի անկախութեան համար պայքարող պաղեստինեան դիմադրութիւնը զէնքերը վար պէտք է դնէ եւ նոր բռնագրաւումը անկախութեան տիրացո՞ւմ նկատէ: Անշուշտ ո՛չ, որովհետեւ բռնագրաւումը ժխտական երեւոյթ է, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ է բռնագրաւողը:
2012-էն երկու տարի ետք Մաշաալ դարձեալ մոռցաւ, թէ անկախութեան պայքարի մը մէջ երկու չափ երկու կշիռ կարելի չէ կիրարկել: