50 Տարի Առաջ (27 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Երբ Իրենք Կը Խոստովանին…

Պոլսոյ «Տիւնիա» թերթին խմբագրապետը` Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ, որ լրագրութեան մէջ մազ-մօրուք ճերմկցուցած է վեթերան մըն է, վերջերես եզակի անկեղծութեամբ մը եւ դառնութեամբ կը նկատէր, թէ` «Թուրքիա կսկծալի եւ ամօթալի վիճակի մը մատնուած է»:

Իբրեւ օրինակ յիշելով Աւստրիան եւ Դանիան, որոնք Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ենթարկուեցան Հիթլերեան բռնակալութեան եւ ահաւոր զրկանքներու, բայց հազիւ բռնութեան լուծը թօթափած` վերականգնեցան ու այսօր տնտեսական բարգաւաճ վիճակի մը մէջ կը գտնուին, թուրք յօդուածագիրը ափսոսանքով կ՛աւելցնէր, թէ «մեր հսկայ Թուրքիան, որուն հպարտութենէն, նետել-բռնելէն չէք կրնար կենալ, օգնութեան դրամ ստացեր է այդ երկու փոքրիկ երկիրներէն` Աւստրիայէն եւ Դանիայէն»:

Այս հաստատումը կատարելէ ետք Ֆալիհ Ռըֆքը Աթայ կը փորձէր կացութեան խոր պատճառներուն թափանցել եւ ապշեցուցիչ խոստովանութեամբ մը կը յարէր. «Աւստրիոյ եւ Դանիոյ նման երկիրներու համար սա մեր Պոլսոյ լերկ ու անմշակ լեռներն անգամ բերրի եւ արդիւնաբեր հողեր կրնան ըլլալ: Անատոլուի մէջ երբ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններ կային, մեր հողերը, զորս հիմա կ՛արհամարհենք իբրեւ թափուր բացաստաններ, արեւմտեան Անատոլուէն աւելի ճոխ այգեստաններ էին, անոնցմէ աւելի գինեւէտ»:

Տասնամեակներէ ի վեր մենք ալ ուրիշ բան ըրած չունինք: Կ՛ըսեն մանաւանդ այսօր, յիսուն տարի ետք այն ահաւոր ոճիրէն, որ այդ հողերը դատարկեց իր «քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն», ինչպէս կ՛ըսէ թուրք լրագրողը, չտալու համար բուն անունը այն ժողովուրդին, որ իր հայրերը ջարդեցին ու տեղահան ըրին, այսօրուան անապատն ու աւերակները ժառանգ ձգելով Աթայներուն:

«Տիւնիա»-ի խմբագիրը մատը կը դնէ բուն վէրքին վրայ, երբ կ՛ափսոսայ երբեմնի գինեւէտ շրջաններու այսօրուան ողբալի վիճակին համար: Այդ վիճակը կու տայ պատմական եւ աշխարհագրական վկայութիւն մը, զոր չեն կրնար ուրանալ ո՛չ Անգարան եւ ո՛չ ալ այն պետութիւնները, որոնք շահագրգռուած են Փոքր Ասիոյ տնտեսական ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ:

Պատմական եւ աշխարհագրական այդ վկայութիւնը այն է, որ Անատոլուն` Թուրքիոյ արեւելեան նահանգները, որոնք անանջատելիօրէն մաս  կը կազմեն միացեալ Հայաստանին, կրնան երբեմնի իրենց բարգաւաճ եւ «գինեւէտ» վիճակը վերստանալ միայն այն ատեն, երբ կը վերաբնակուին իրեն բուն տէրերէն: Այդ շրջաններու բարգաւաճումն ու զարգացումը պայմանաւորուած է հայ ժողովուրդի ներկայութեամբ: Դարերու պատմութեան ընթացքին  ոչ մէկ ժողովուրդ կրցած է Հայկական Բարձրաւանդակը բնակելի դարձնել ու զարգացնել` բացի հայ ժողովուրդէն: Ժայռերէն հաց հանող հայը միայն կրցած է այսօր  «արհամարհանքի արժանացող թափուր բացաստանները» ճոխ այգեստաններու վերածել: Ու հիմա, որ այդ հողերը դատարկուած են իրենց տէրերէն, ամայութիւն եւ աւերակ է ամէն կողմ, չկան շէն գիւղեր եւ արդիւնաշատ հողեր, այլ միայն բուեր կը վայեն անտէր երդիքներու վրայ:

Քանի որ Աթայ այնքան առաջ գացած է փնտռելու եւ գտնելու համար Թուրքիոյ սնանկութեան բուն պատճառը, կրնար քայլ մը եւս առնել` դարմանի մասին մտածելու համար:

Այդ դարմանը մենք տասնամեակներէ ի վեր կ՛առաջարկենք ու մեր պապենական հողերուն վրայ ամուլ կերպով նստած թուրքը խուլ կը ձեւանայ:

Նոյն դարմանը այսօր եւս ի զօրու է, քանի դեռ ուշ չէ: Քանի դեռ օտար դրամով Թուրքիան կը պահուի սնանկութեան եզրին:

Փոքր Ասիոյ այդ շրջաններուն մէջ խաղաղ ու արդիւնաւոր կեանքի պայմաններ չեն կրնար ստեղծուիլ, այնքան ատեն որ այդ շրջանները չեն վերադարձուած իրենց բուն իրաւատիրոջ` հայ ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )