Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը շատ յարմար է արտայայտելու այն, ինչ որ կայ ձեր սրտին մէջ: Անկեղծ եղէք ամէնուն հանդէպ, չէք զղջար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի պիտի հրաւիրեն տօնի մը, որ պիտի ըլլայ բացառիկ: Մի՛ մերժէք, այլ արժեւորեցէք այս հրաւէրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարիքը ունիք մէկու մը խրատներուն, որ կը ճանչնայ ձեր արհեստը եւ գործունէութիւնը: Ձեր սրտին խօսող հարցումները ուղղեցէք այդ անձին:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ճամբորդութիւնները մեծ ուրախութիւն կը ներշնչեն: Որքան որ կրնաք, առիթներ ստեղծեցէք ճամբորդելու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շնորհիւ ձեր մերձաւորներուն` պիտի կարենաք պահել ձեր տրամադրութիւնը: Հետեւեցէք ձեզի տրուած խրատներուն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ամուսնական ձեր կեանքին մէջ հարցեր պիտի ունենաք եւ պիտի առանձնանաք բոլորէն: Ինքնագլուխ մի՛ գործէք, հաշտ եղէք

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ֆիզիքական աշխուժութիւն մը ձեզ պիտի մղէ աւելի գործնական ըլլալու: Օրը պիտի անցընէք արդիւնաւէտ գործերով:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզանքը լաւ միջոց մըն է աշխուժացնելու ձեր մարմինը եւ բարելաւելու ձեր տրամադրութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր թափած ջանքերը ձեր ընտանիքին համար շատ օգտակար պիտի ըլլան: Գտէք այն միջոցը, որ ձեզ կը խանդավառէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ուրախութիւնը բաժնեցէք ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն հետ, բայց` առանց պարտադրելու: Ուրախացէք եւ ուրախացուցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արձակուրդի մէջ եղողները պիտի զուարճանան առանց մեծ գումարներ ծախսելու: Օգտուեցէք այս գեղեցիկ առիթէն: Ուրախութիւնը միայն դրամով չըլլար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր մտքով եւ մարմնով շատ առողջ պիտի զգաք, եւ դրական զգացումներ պիտի ողողեն ձեզ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )