Նաւասարդեան. «Եւրոպական Միութեան Նոր Համաձայնագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Թեքնիք Բնոյթ Կը Կրեն»

1224_navԸստ Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանի, Եւրոպական Միութեան նոր համաձայնագիրին շուրջ ընթացք առնող  բանակցութիւնները թեքնիք բնոյթ կը կրեն:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին մէջ Նաւասարդեան, որ մինչեւ վերջերս Եւրոպական Միութեան  Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական ծրագիրի ազգային համակարգողն էր, ըսած է.

«Նախ` Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կար որոշ առեւտրական դրութիւն, եւ  ատիկա պէտք է վերաբանակցուի, որովհետեւ  Հայաստան այժմ դարձած է Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, եւ  համապատասխանաբար որոշ հարցեր պէտք է ճշդուին, համատեղուին: Երկրորդ հանգամանքը` ամէն պարագայի, Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Հայաստանին որոշ աջակցութիւն ցուցաբերել` նաեւ դրամական: Մենք գիտենք պիւտճէին աջակցութեան ձեւով տրամադրուած մօտակայ  չորս տարիներուն համար 140 -170 միլիոն եւրոյի մասին, որոնց տակ որոշ ծրագիրներ կան, եւ այդ ծրագիրներուն բովանդակութիւնը, ուղղուածութիւնը պէտք է գործնականացուի, եւ ատոր համար նոյնպէս անհրաժեշտ են բանակցութիւններ»:

Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կարէն Նազարեան  յայտարարած էր, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելով  Հայաստան պատրաստակամ է առաջ մղելու Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութիւնը:

Թէ որքա՛ն խոր կ՛ըլլայ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան հետագայ համագործակցութիւնն ու ինչպիսի՛ որակ կը ստանան այդ յարաբերութիւնները, ըստ Նաւասարդեանի, կանուխ է ըսել:

«Ինծի կը թուի, թէ գործը առայժմ այդտեղ չէ հասած, եւ որքան ալ մենք յոյս ունէինք, որ մինչեւ  Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի վեհաժողովը որոշ համաձայնագիր, գոնէ տեսական, կը ձեւաւորուի, ցաւօք ատիկա տեղի չ՛ունենար», ըսած է Նաւասարդեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )