50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1964)
Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, երկու բարեկամներ կը զրուցեն.
– Կէսօրէն ետքերը դուրս չեմ ելլեր, կ՛ըսէ առաջինը: – Կնոջս հետ կը նստիմ եւ պատկերասփիւռ կը դիտեմ:
– Յայտագիրը լա՞ւ է,- կը հարցնէ երկրորդը:
– Երէկ կէսօրէ ետք, կը բացատրէր շագանակով ու սալորով լեցուած հնդկահաւ եփելու կերպը: Չտեսա՞ր:
– Դժբախտաբար ո՛չ: Ամբողջ կէսօրէ ետքը կարգի սպասեցի երկու քիլօ հողկիթ առնելու համար,- կ՛ըսէ երկրորդը:
* * *
Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ մը իր ինքնաշարժով լեհական պզտիկ գիւղ մը կը հասնի եւ կը հրահանգէ, որ բոլոր բնակիչները գիւղին հրապարակը հաւաքուին:
Ժամ մը վերջ գիւղացիները գիւղին հրապարակն են: Կուսակցութեան ներկայացուցիչը աթոռի մը վրայ ելլելով` կ՛ըսէ.
– Շատ մը հարցեր կան, որոնց մասին պիտի խօսիմ ձեզի: Ամէնէն կարեւորը ա՛յն է, որ Լեհաստանի կառավարութիւնը ուտեստեղէններու հարցին մէջ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց: Բայց, շնորհիւ իր ձեռք առած միջոցներուն, վստահ է, որ յառաջիկայ տարի` 1966-ին, ուտեստեղէններու մէջ նկատուած փոքր պակասը գոյութիւն պիտի չունենայ այլեւս:
– Փոքր պակասը` լաւ: Հապա մեծ պակասը ի՞նչ պիտի ըլլայ, ընկե՛ր,- կը հարցնէ գիւղացիներէն մէկը:
* * *
Ռուսական պատուիրակութիւն մը Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ առեւտրական դաշնագիր մը կնքելու համար Թեհրան կ՛երթայ: Շահը պատուիրակութեան ի պատիւ ընդունելութիւն մը կը կազմակերպէ պալատին մէջ:
Պատուիրակութեան պետը` Շահին հետ խօսած պահուն կ՛ըսէ.
– Վեհափա՛ռ, կ՛ընդունինք, թէ ձեր ազգային տնտեսութիւնը իսկապէս կը յառաջդիմէ: Սակայն պէտք է անկեղծօրէն ըսենք, թէ չենք յուսար, որ խորհրդային ազգային տնտեսութեան արդիւնքներուն պիտի կրնայ հասնիլ:
Շահը ժպտելով կը պատասխանէ.
– Մենք ալ չենք յուսար…
Օգնութեան Խաչի Կազմակերպած
Դասախօսութիւնը Էշրեֆիէի Մէջ
Օգնութեան խաչի Էշրեֆիէի վարչութեան կազմակերպած դասախօսական հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, «Ազատամարտ» ակումբին մէջ: Սրահը լեցուած էր ընկերուհիներով եւ համակիր տիկիններով եւ օրիորդներով:
Վարչութեան կողմէ Վ. Թրթռեան ընկերուհիներուն բարիգալուստ մաղթելէ ետք, վարչութեան ունեցած վերջին 6 ամիսներու գործունէութեան մասին զեկուցում տուաւ:
1963-ի Պատգամաւորական ժողովին որոշումով վարչութիւնը տարի մը եւս կ ը մնայ նոյն կազմով:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը. Ա. Էմէյեան իր թովիչ ձայնով մեներգեց Սայաթ Նովայէն կտոր մը: Օր. Վ. Թրթռեան ապրումով արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Պատուէրը»:
Ապա Վ. Թրթռեան քանի մը խօսքով ներկայացուց դասախօս` Երուանդ Տեմիրճեանը, որ տնօրէնն է Ս. Յակոբ վարժարանի, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ դասախօսը. մօտ 30 վայրկեան տեւող իր դասախօսութիւնը բոլորն ալ հաճոյքով մտիկ ըրին: Ե. Տեմիրճեան ըսաւ. «Նիւթը, նիւթ մըն է, որ շատ ծեծուած է. «Հայ կնոջ դերը ազգապահպանման մէջ»: Կ՛ըսեմ` հայ կնոջ, որովհետեւ օտար կիներ չեն հետաքրքրուիր իրենց ազգապահպանման գործով: Ես կ՛ուզեմ քիչ մը աւելի պարզ եւ աւելի անկեղծ մօտենալ մեր կիներուն ունեցած դերին, ներկայ դարուս, որ դժբախտաբար ազգապահպանման մէջ քիչ մը աւելի վերապահ է: Մեր կիները կը բաժնուին երեք դասակարգի. Ա. տգէտներ, Բ. շատ սոփեստներ եւ Գ. միջին դասակարգը, եւ այս վերջիններն են, որ կը պահեն ազգը… Ո՞ւր է մեր Տէր Զօրի մայրը, որ աւազին վրայ ԱԲԳ կը սորվեցնէր իր զաւկին, ո՞ւր է Դերենիկի մայրը (Դ. Վ. «Դերենիկը»), որ իր տղան դուրս կ՛ընէր ու կ՛ըսէր. «Մինչեւ արիւնդ, անոր արեամբ (թուրքին) չմաքրես, տուն չես գար» այսօր դժուար է բոլորը գտնել:
… Մեր մայրերը անցեալին մէջ եղած են իսկական ֆետայիներ, մեր մայրերը եղած են տան նահապետ, երբ բացակայած է տան այր նահապետը…: Դուք ալ ձեր կարգին պէտք է ըլլաք պատմութեան մէջի կինը. չի բաւեր միայն այր մարդուն հաւասար իրաւունք ունենալ քաղաքական կամ ընկերային կեանքին մէջ, այլ անոնք պէտք է սիրեն եւ իրենց զաւակներուն սիրցնեն մեր հերոսներու պատմութիւնները, եւ այդ բանը, ինչպէս անցեալին մէջ, հիմա նորէն կ՛ըլլայ հեքիաթներու ճամբով: Հաւաքեցէք ձեր զաւակները ձեր շուրջը պառկելէ առաջ եւ պատմեցէք իրենց մեր հերոսներու կեանքէն: Չխնդանք իրարու վրայ, այլ քաջալերենք զիրար, որովհետեւ այդ ձեւով ազգը կանգուն կը մնայ: Բոլորիդ աչքերը թող ուղուին Օգնութեան խաչին եւ պիտի տեսնէք, որ կը մտածէ կանգուն պահել ազգը. ուրեմն անդամագրուեցէք Օգնութեան խաչին եւ այս պիտի ըլլայ մեր բոլորիս վարձատրութիւնը»:
Թրթռեան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսին, ներկաներուն եւ հաւաքոյթը փակուած յայտարարեց.
Ներկաները գոհ սրտով մեկնեցան ակումբէն:
ԽԱՉՈՒՀԻ
8-11-64