«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նապաայի Եւ Թէլ Զաաթարի Անկումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Հայկական Հաստատութիւնները Ապաստան`
Նապաացի Գաղթականներուն

Մայրիի պահակներու միլիսներ Նապաայի մէջ
Նապաայի վրայ փաղանգաւորներու, ազատականներու եւ մայրիի պահակներու շղթայազերծած մեծ յարձակումը սկսաւ չորեքշաբթի, 4 օգոստոս 1976-ին: Առտուան ժամը 3:30-էն սկսեալ փաղանգաւորներ սաստկօրէն ռմբակոծեցին շրջանը, որմէ ետք երեք կողմերէ յարձակման անցան: Տահր Ժամալի վրայ կատարուած առաջին յարձակումէն ետք, Յունական սառնարանի ճակատին կողմէ փաղանգաւորները փորձեցին մտնել Նապաա, մինչ Սին էլ Ֆիլի բոլորակին վրայ զինուորական շարժումներ սկսան:
Առտուան ժամը 5-էն սկսեալ փաղանգաւորները Տահր Ժամալէն, Սալոմէէն, Սին էլ Ֆիլէն, Ազուզի ճակատէն եւ Տորայէն յարձակում գործեցին Նապաայի վրայ:
Բախումներէն եւ ռմբակոծումներէն փախուստ տալով, մօտաւորապէս հազար նապաացիներ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերուն, հայկական դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ ապաստանեցան:
Կէսօրին մայրիի պահակներու 75 միլիսներ մտան Տահր Ժամալ: Իսկ փաղանգաւորներ գրաւեցին Նապաայի համայնավարներուն ակումբը եւ բազմաթիւ շէնքեր, որոնց վրայ լիբանանեան եւ փաղանգաւոր կուսակցութեան դրօշակները զետեղեցին:
Շիի համայնքի պետ իմամ Մուսա Սատրի հիմնած զրկեալներու շարժումի Նապաայի պատասխանատուն անձնատուր եղաւ փաղանգաւորներուն եւ յայտարարեց, որ իր զինեալները կը քաշուին կռիւներէն:
Յետմիջօրէին բազմաթիւ նապաացիներ ճերմակ դրօշակ պարզեցին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին անձնատուր ըլլալու: Ժըտէյտէի մէջ գումարուած ժողովէ մը ետք, որուն ներկայ գտնուեցան շէյխ Ամին Ժըմայէլ եւ Էթիէն Սաքր, նապաացիներուն առաջարկը ընդունուեցաւ, պայմանաւ որ մինչեւ հինգշաբթի առտուան ժամը 4:00, Նապաա գտնուողները իրենց զէնքերով անձնատուր ըլլան:
Նապաայի շուրջ կռիւները եւ ռմբակոծումները շարունակուեցան ամենասաստիկ կերպով, որոնք շատ մեծ թիւով զոհեր խլեցին, իսկ քանդումները եւ նիւթական վնասները անհամար եղան:
Կռիւներու անմիջական շրջագիծէն հեռու գտնուող շրջաններուն վրայ եւս ռումբեր եւ հրթիռներ ինկան, որոնք անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ խլեցին: Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղերը եւս տուժեցին եւ ռումբերու հետ միասին, արձակազէնները եւ կորսուած փամփուշտները նոր զոհեր ու վիրաւորներ խլեցին:
Այդ օր, օգոստոս 4-ին, Թրատ, Նիկոլ Դումանի շրջանի պահակ տղոցմէ Սահակ Քէշիշեան եւ Յովհաննէս Զաքոյեան, իսկ Արագածի մէջ` Վարդան Ալեէմէզեան զոհ գացին արձակազէնի փամփուշտներուն:
Պէյրութի սահմանագիծին վրայ, յառաջդիմական ուժերը նոր դիրքեր գրաւեցին Պշարա Խուրի պողոտային վրայ եւ յառաջացան դէպի Ֆրանսական համալսարանի շրջանը:
* * *
Օգոստոս 4-էն 5 լուսցող գիշերուան ընթացքին ահռելի ռմբակոծումները եւ բուռն հրթիռարձակումները սաստկացան, եւ Պուրճ Համուտ, Նապաա եւ այլ շրջաններ ծանր ու մղձաւանջային գիշեր մը անցուցին:
Կէս գիշերէն ետք, մութին մէջ մնացող թաղերուն բարձր ու ցած շէնքերուն վրայէն անցան քաթիուշաներ, կրատներ, 155-նոց ռումբեր, հակօդային եւ 120 մմ.նոց ռումբեր, որոնք քաոսային վիճակ մը ստեղծեցին: Ահ ու սարսափի մատնուած ժողովուրդը շէնքերուն գետնայարկերը եւ ապաստանարաններուն մէջ լուսցուց:
Հինգշաբթի, օգոստոս 5-ի առաւօտուն փաղանգաւոր, ազատական եւ մայրիի պահակներու միլիսներ ծանր զէնքերով եւ հրասայլերով մտան Նապաա:
Աւազի տոպրակները, որոնք իբրեւ պատնէշ ծառայած էին, հաստատուած` իւրաքանչիւր անկիւնադարձին, լքուեցան պաշտպանուողներուն կողմէ: Գետնայարկ շէնքերուն միջեւ բացուած ծակերէ անցնելով, Նապպացիք սկսան փախուստի դիմել: Սակայն բազմաթիւ անձեր բռնուեցան եւ սպաննուեցան: Սպաննուածներու դիակները հրկիզուեցան եւ գարշելի հոտ մը ապականեց մթնոլորտը:

Թէլ Զաաթար
Նապաայի բոլոր տուները եւ շէնքերը ծակծկած եւ մեծ մասամբ այրած էին: Ածխացած ինքնաշարժներ շրջուած էին մայթերու վրայ:
Նապաացիք, իրենց տուներէն հեռանալով, զանգուածաբար Պուրճ Համուտի հայաբնակ շրջաններու մէջ ապաստանեցան: Հայկական ակումբները, եկեղեցիները եւ վարժարանները իսկական գաղթակայաններու վերածուեցան: Նապաացիք խումբ առ խումբ ընդունուեցան հայկական հաստատութիւններու մէջ եւ բազմաթիւ կռուողներ ապաստանեցան հայաբնակ թաղեր, ուր պատասխանատու անձեր եւ հայ պահակներ ջանք չխնայեցին փրկելու համար նապաացիներու կեանքերը:
Տասնեակներով վիրաւորներ խնամուեցան, մինչ կիներ, ծերեր ու մանուկներ, որոնք օրերէ ի վեր առանց ջուրի եւ ուտելիքի մնացած էին, փրկուեցան մահէ: Օտար լրագրողներ այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած ապաստանարանները եւ իրենց յօդուածներուն մէջ մեծ գովեստով անդրադարձան հայերու ցուցաբերած մարդկային պատասխանատուութեան եւ գուրգուրանքին` հանդէպ շրջանի մը բնակչութեան, որ տեղահան եղած էր ու մահուան դէմ կը պայքարէր:
Այդ օր, Պուրճ Համուտի մէջ, ռմբակոծումներուն զոհ գացին Եղիա Չոպանեան, Կարօ Մարսուպեան, Յակոբ Մազմանեան, Երուանդ Խզարճեան, Պելկիւզար Ալթունեան եւ աղջնակ մը, մինչ Յակոբ Էսկիճեան եւ Շաւարշ Կրակեան ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Անզէն վիճակի մէջ Պուրճ Համուտ մտնող նապաացի բազմաթիւ կռուողներու ներկայութիւնը փափուկ կացութիւն մը ստեղծեց հայկական կազմակերպութեանց համար, երբ մանաւանդ փաղանգաւորներու կողմէ յամառ կերպով եւ սպառնագին պահանջուեցաւ անոնց յանձնումը իրենց:
Այս կացութեանց առջեւ, հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները եւ պետական հայ երեսփոխանները տենդոտ աշխատանքի լծուեցան, որպէսզի հայոց մօտ գտնուող նապաացի կռուողներուն ապաստանեալի հանգամանք տրուի: Այս մասին տեսակցութիւններ եւ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան մարոնիներու Խըրէյշ պատրիարքին, փաղանգաւորներու պետ Փիեռ Ժըմայէլի, Ամին Ժըմայէլի, ինչպէս նաեւ ազգային յառաջդիմական ճակատի եւ պաղեստինեան դիմադրութեան ղեկավարներուն հետ:
Տարուած աշխատանքներուն արդիւնքը եղաւ այն, որ ուրբաթ, 6 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին հայկական կազմակերպութեանց եւ փաղանգաւորներու միջեւ գոյացաւ գրաւոր համաձայնութիւն մը, ըստ որուն նապաացի յիշեալ կռուողները պիտի յանձնուէին փաղանգաւորներուն, պայմանաւ որ յարգուէր անոնց պատերազմական գերիի հանգամանքը եւ երաշխաւորուէր անոնց կեանքին ապահովութիւնը:
Երեկոյեան, ժամը 8:20-ին, երբ կը բանաձեւուէին այս համաձայնագրի վերջին ձեւակերպութիւնները եւ երբ հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները կը կապուէին զանազան կողմերու հետ` վերջին եզրակացութեանց շուրջ անոնց համամտութիւնը ստանալու համար (բան մը` որ յաւելեալ ժամանակի կը կարօտէր), յանկարծ եւ զինական մեծ ուժերով Պուրճ Համուտ հասած փաղանգաւոր զինեալ տարրեր անհամբերութեամբ խուժեցին Նոր Մարաշի Սարդարապատ ակումբէն ներս եւ բռնութեամբ տարին հոն գտնուող նապաացի 12 կռուողները: Տեղւոյն վրայ գտնուող հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, բուռն կերպով բողոքելէ ետք այս բիրտ միջամտութեան դէմ, յաջողեցան ի վերջոյ ստորագրել տալ վերոյիշեալ համաձայնագիրը նոյն ինքն Ամին Ժըմայէլի, որ հրապարակաւ պատուոյ խօսք տուաւ ենթականերուն հետ վարուելու իբրեւ պատերազմական գերիներու:
Միւս կողմէ, անմիջապէս դիմուեցաւ զանազան քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ, յատկապէս, Արաբական Լիկայի ներկայացուցիչ տոքթ. Հասան Սապրի Խուրիի, որ խոստացաւ անձամբ զբաղիլ խնդրոյ առարկայ կռուողներու եւ ընդհանրապէս նապաացի բոլոր ապաստանեալներու ապահովութեան հարցով:
Մինչ այդ Նապաայի պարպումը կը շարունակուէր եւ հայաբնակ թաղերուն մէջ ապաստանողները անձնատուր կ՛ըլլային: Փաղանգաւորներ եւ անոնց դաշնակիցները Նապաայի բոլոր թաղերը իրենց հակակշիռին տակ առած էին եւ 170 պաղեստինցի եւ համայնավար միլիսներ ձերբակալած էին: Շէյխ Ամին Ժըմայէլ յայտնեց թէ ձերբակալուողները պատերազմական գերիներ պիտի նկատուէին:
* * *
Նապաայի անկումէն ետք, փաղանգաւորներ սկսան թափանցել Թէլ Զաաթարի վերջին դիրքերէն ներս, կացիններով ջարդելով պաղեստինցիները: Կռիւներու սկիզբէն երկու հարիւր հազար ռումբեր ստացած, հազարաւոր վիրաւորներ եւ երկու հազարէ աւելի զոհ տուած եւ բոլորովին մեկուսացած գաղթակայանին պատասխանատուները այլեւս ըմբռնեցին, որ փրկութեան ոչ մէկ յոյս մնացած է իրենց:
Փաղանգաւորները գիշերով, բարձրախօսներով պաղեստինցիները կը հրաւիրէին յանձնուելու, վստահեցնելով թէ զէնքերը վար առնելու պարագային, որեւէ վնաս պիտի չհասցնեն անոնց: Բայց անձնատուր եղողներուն դէմ գազանութիւններ գործուեցան, ոմանք գնդակահարուեցան եւ ուրիշներ ալ կտոր-կտոր եղան:
Օգոստոս 7-էն 8 լուսցող գիշերուան ընթացքին խումբ մը պաղեստինցիներ յաջողեցան փախուստ տալ Թէլ Զաաթարէն եւ Տըքուանէի շրջանին մէջ ապաստան գտան: Փաղանգաւորներ իրենց հսկողութեան տակ առին զանոնք:

Թէլ Զաաթարի գաղթականները
Օգոստոս 8-էն 9 լուսցող գիշերուան ընթացքին 2700 թէլ զաաթարցիներ, մեծամասնութեամբ կիներ, ծերեր եւ մանուկներ դուրս ելան գաղթակայանէն եւ անձնատուր եղան փաղանգաւորներուն: Միլիսներ զանոնք գաղթակայանին մօտակայ վայր մը փոխադրեցին:
Երեքշաբթի, օգոստոս 10-ի առաւօտեան առաջին ժամերէն սկսեալ Թէլ Զաաթար բուռն յարձակումներու ենթարկուեցաւ:
Հարիւրաւոր հրթիռներ ու ռումբեր ինկան ապաստանարաններու եւ բազմաթիւ շէնքերու վրայ, քաոսային վիճակ մը ստեղծելով պաղեստինցիներուն համար:
Փաղանգաւորները փորձեցին գաղթակայան մտնել Տըքուանէէն, Թէլ Զաաթարի բոլորակէն, Սլաֆէն եւ Մըքալլէսի գործարաններու շրջանէն:
Նոյն ժամերուն, իրարանցումէն օգտուելով, խումբ մը պաղեստինցիներ, ճերմակ դրօշակ ձեռքերնին յաջողեցան Ռաս Տըքուանէի կողմէն փախուստ տալ եւ յանձնուիլ ազատականներուն:
Զրահապատ կառքեր, «AMX 13» հրասայլեր, 500-նոց եւ 800-նոց գնդացիրներ գործածուեցան յարձակող միլիսներուն կողմէ: Անոնք յաջողեցան գաղթակայանի մուտքերէն մէկուն վրայ որոշ յառաջխաղացում ձեռք բերել եւ գրաւեցին Էֆ. Փէ. Էլ. Փէ.-ի կեդրոնը:
Սահիքայի հրամանատարներէն Պիլալ Հասան խումբ մը զինեալներով յաջողեցաւ փախուստ տալ գաղթակայանէն եւ Տըքուանէ հասնելով անձնատուր եղաւ փաղանգաւորներուն:
Չորեքշաբթի, օգոստոս 11-ին փաղանգաւորներ անգամ մը եւս զրահապատ կառքերով, հրասայլերով, թնդանօթներով եւ ծանր գնդացիրներով յարձակման անցան Թէլ Զաաթարի վրայ:
Գաղթակայանը բուռն կերպով ռմբակոծուեցաւ: Փաղանգաւորներ փորձեցին վար առնել այն շէնքերը, որոնց մէջէն կրակ կը բացուէր իրենց վրայ:

Պաղեստինցի ֆետայիներու դիրք մարոնի եկեղեցիի մը մէջ
Քիչ ետք, պաղեստինցիք սկսան ռմբակոծել գաղթակայանին մէջ եւ շուրջը գտնուող փաղանգաւորներու դիրքերը: Թէլ Զաաթարի մէջ կամ դուրսը մնացող զինեալները եւ քաղաքացիները քաոսային օր մը անցուցին: Գաղթակայանին ամբողջ բնակչութիւնը եւ կռուողները համախմբուեցան տասնեակ մը շէնքերու շրջագիծին մէջ: Ստեղծուեցաւ քաոսային վիճակ:
Հինգշաբթի, 12 օգոստոսի կէս գիշերին, փաղանգաւորներ եւ անոնց դաշնակից ուժերը զինուորական կեդրոնացումներ կը կատարէին Թէլ Զաաթարի շուրջ եւ տենդագին պատրաստութեան մէջ էին լայնածաւալ յարձակումի անցնելու համար: Վճռական ժամը հնչած էր: 52 օր գաղթակայանը պաշարման ենթարկելով նոյն ուժերը 71 յարձակումներ կատարած, բայց ձախողած էին գրաւելու Թէլ Զաաթարը:
Գիշերուան մասնակի հանդարտութենէն օգտուելով, մօտաւորապէս հինգ հազար պաղեստինցիներ հեռացան գաղթակայանէն եւ Տըքուանէ հասնելով անձնատուր եղան փաղանգաւորներուն:
Ռումբերու հեղեղը սկսաւ գիշերուան ժամը 2:45-ին: Ռմբակոծումը հազիւ սկսած, փամփուշտներու տարափը եկաւ աւելի ծանրացնելու կացութիւնը:
Ժամը 3:30-էն ետք կարելի չեղաւ զսպել կացութիւնը: Բուռն կռիւներ կը մղուէին տունէ տուն, շէնքէ շէնք: Գիրկնդխառն կռիւները սարսափեցուցին պաշարուածները: Մօտաւորապէս 300 զոհեր ինկան գաղթակայանին մէջ, իսկ հարիւր ուրիշներ ալ ինկան Տըքուանէ տանող ճամբուն վրայ:
Առտուան առաջին ժամերուն, տասնեակներով պաղեստինցիներ շարունակեցին փախուստ տալ գաղթակայանէն, հակառակ տեղացող փամփուշտներուն եւ հրթիռներուն:
Ժամը 9-էն ետք, Միջազգային կարմիր խաչի պատասխանատուները 41 բեռնատար կառքեր վարձեցին գաղթակայանէն փախչողները Թանգարան փոխադրելու համար:
Սարսափահար, ահ ու դողի մատնուած, մօտաւորապէս երկու ամիս պաշարուած մնացած կիներ, երիտասարդներ, ծերեր, մանուկներ եւ պատանիներ, մահուան դէմ իրենց վերջին պայքարը մղեցին ու հակառակ գաղթակայանէն արձակուող փամփուշտներուն, հասան Ռաս Տըքուանէ, Մըքալլէս, Հըրշ Թապէթ, Կալըրի Մաթթա, Պոն Փասթէոր վարժարան, Մանսուրիէ, Այն Սաատէ, Ֆանար, Ժըտէյտէ, Սին էլ Ֆիլ եւ Ժըսր Պաշա: Անոնց թիւը կը հասնէր հազարի: Լեղապատառ եղողներուն թիւը մեծ էր, որոնց մէջ կային վիրաւորներ:
Ցաւալի դէպքեր պատահեցան կարգ մը շրջաններու մէջ: Անմարդկային եւ վայրագ ձեւով Տըքուանէի բնակիչներէն մօտ տասը անձեր յարձակելով պաղեստինցիներուն վրայ, սպաննեցին եւ մորթեցին 15 երիտասարդներ:
Կռիւներուն պատճառով Տըքուանէի իրենց տուներէն հեռացողները, լսելով որ գաղթակայանի պաղեստինցիներէն շատեր Տըքուանէ ապաստանած են, գացին «վրէժ» լուծելու եւ իրենց հանդիպած պաղեստինցիները վայրագօրէն ջարդեցին:
Լուրը հազիւ տարածուած, Ամին Ժըմայէլ եւ ազատական ղեկավարներ Տըքուանէ մեկնեցան եւ իրենց ջոկատներուն հրահանգեցին կրակ բանալ բոլոր անոնց վրայ, որոնք կը փորձէին մօտենալ գաղթակայանէն հեռացողներուն:
Ժամը 10:15-ին փաղանգաւորներ մտան Թէլ Զաաթարի ներքին թաղերը եւ նուաճեցին պաղեստինցիներու վերջին դիրքերը: Մինչ այդ, մօտաւորապէս 12 հազար ժողովուրդ արդէն սկսած էր խուճապահար փախուստ տալ գաղթակայանէն: Անոնք յետոյ արեւմտեան Պէյրութ փոխադրուեցան: Ժամը 13:50-ին գաղթակայանը պարպուած էր: