Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Վիվասէլ-Էմ. Թի. Էս.»-ը Կ՛աջակցի
Լուկաշինի Ջուրի Հարցի Լուծման

DSC_2673Արմաւիրի մարզի Լուկաշին համայնքին մէջ ջուրի հարցեր կային խորհրդային տարիներէն: Շուրջ 2600 բնակիչ ունեցող գիւղի որոշ թաղամասերուն առհասարակ ջուր չէ մատակարարուած, իսկ զգալի մասին մէջ գործած է մատակարարման երկժամեայ դրութիւն: Տարիներ շարունակ օգտագործուած խողովակները արդէն իսկ փճացած եւ գրեթէ անգործածելի դարձած են:

Լուկաշինցիները տարիներ առաջ փորձած են ջուրի տագնապին ժամանակաւոր լուծում գտնել, սակայն այդ համակարգը արդիւնաւէտութեան իմաստով ինքզինք չէ արդարացուցած: Հանրապետութեան 4 համայնքներու մէջ ջուրի կորուստները կանխարգիլելու, մատակարարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու եւ կենցաղային տարրական պայմաններ ապահովելու նպատակով, «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ը, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը  եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը գարնան համաձայնագիր ստորագրած են:

Լուկաշինի մէջ ամրան սկսած ջրամատակարարման ծրագիրը մեծ թափ ստացած է: Բացի 4,2 քմ երկարութիւն ունեցող մայր ջրագիծէն, այս համայնքին մէջ կառուցուող ջրամատակարարման ներքին ցանցի երկարութիւնը պիտի կազմէ շուրջ 12,2 քմ: Նախալեռնային այս շրջանին մէջ իրականացուող աշխատանքները մեծ համբերութիւն եւ ջանասիրութիւն կը պահանջեն: Այս ծրագիրով համագործակցող կողմերն ու գիւղացիները, սակայն, չեն յուսահատիր: Նոր ջրատարի ժամանակակից, գրեթէ կորուստ չտուող խողովակներու տեղադրման, ջրաչափական ենթակառուցուածքի ներդրման միջոցով անոնք կը ձգտին պահանջուած արդիւնքին հասնիլ:

Իրականացուող վերականգնման աշխատանքներուն շնորհիւ կ՛ակնկալուի ջրամատակարարման դրութեան բարելաւում (օրական 2 ժամէն մինչեւ շուրջօրեայ), ըմպելի ջուրի անվտանգութեան բարձրացում, ցանցին մէջ խանգարումներու հաւանականութեան նուազում, ինչպէս նաեւ` ջուրի եւ ելեկտրականութեան խնայողութիւն: Լուկաշինի գիւղապետ Կարէն Մկրտչեան տեղեկացուցած է, որ ծրագիրը արդէն 70 տոկոսով իրականացուած է:

Յառաջիկային պիտի տեղադրուին ջրաչափեր, ջրաչափական ժամանակակից դիտահորեր, որոնք պիտի նպաստեն ջուրի տնտեսման ու հաշուառման, պիտի կատարուին մասնակի այլ աշխատանքներ, եւ լուկաշինցիները պիտի ազատին սակաւաջուր աղբիւրէն ջուր կրելու հոգէն:

Եռակողմ համաձայնագիրին ծիրին մէջ իրականացուող ծրագիրէն ընդհանուր առմամբ պիտի օգտուին 4 համայնքի աւելի քան 6800 բնակիչներ: Այդ նպատակով «Վիվասէլ-Էմ.Թի.Էս.»-ը պիտի տրամադրէ 70 միլիոն, իսկ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը` 60 միլիոն դրամ:

«Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները»`
Նաեւ Հայերէնով

1210The Sandcastle GirlsՀայ ընթերցողին դատողութեան յանձնուած է ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպին հայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքը, որ Հայոց ցեղասպանութեան կ՛անդրադառնայ, արդէն թարգմանուած է քանի մը լեզուներու, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ նկատուած է ամէնէն աւելի վաճառուած գիրքերէն:

Վերջին հինգ տարիներուն բացառապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրքեր թարգմանած Արամ Արսէնեան կը խոստովանի, որ մեծ եռանդով եւ պատրաստակամութեամբ սկսած է գիրքին թարգմանութեան:

Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած շնորհահանդէսին ընթացքին Արսէնեան հաստատած է, որ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է բառերու ընտրութեան, շեշտերուն, որպէսզի հայերէն տարբերակը բնագիրէն տարբեր չըլլայ: «Նիւթը այնքան հետաքրքրական էր, կարծես գրուած ըլլար մասնագէտ բեմագիրի ոճով», դիտել տուած է Արսէնեան:

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան շեշտած է, որ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը նախաձեռնութիւններ կը կատարէ, որպէսզի մինչեւ 2015 թուական գիրքը թարգմանուի նաեւ քանի մը այլ լեզուներու: «Գիրքին մէջ չկայ զգացողութիւններու չափազանցութիւն, ցաւի ուռճացում, գիրքը առարկայական հարթութեան վրայ կը ներկայացնէ տեղի ունեցածը: Գիրքը դուրս է հրապարակախօսութեան ոճէն եւ անոր մէջ կը կայանայ անոր յաջողութիւնը», ըսած է Էդուարդ Միլիտոնեան:

«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքը հրատարակուած է 2012 թուականին եւ կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին դարձած է Միացեալ Նահանգներու մէջ լայն արձագանգ ունեցած գիրք մը: Այս վէպին հիման վրայ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը պատրաստուի գեղարուեստական ժապաւէն: «Ասիկա լաւագոյն գիրքն է, զոր ես երբեւէ գրած եմ եւ կարեւորագոյնը` իմ բոլոր գրածներուս մէջ: Սիրտիս խորերուն մէջ ես ատիկա լաւ գիտեմ», առիթով մը ըսած է հեղինակը:

ՀՕՄ-ականները Այցելեցին
Արցախի Հաշմանդամներուն

1204arsartsakhՀաշմանդամներու միջազգային օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորին անդամները այցելեցին Արցախի մէջ հաշմանդամներու հարցերով զբաղող «Վիտա» հասարակական կազմակերպութիւն: ՀՕՄ-ականները իրենց փոքրիկ նուէրները տուին հաշմանդամներուն:

«Վիտա» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արեւիկ Պետրոսեանին համաձայն, առաւօտ կանուխէն կազմակերպութիւն այցելողներուն եռուզեռը չէ դադրած: Հաշմանդամները յատուկ ուշադրութեան արժանի են: Նոյնանման նախաձեռնութիւններու ամբողջ շարք մը նախատեսուած է:

Արեւիկ Պետրոսեան նշած է, որ թէեւ զգալի է պետութեան կողմէ հոգածութիւնը եւ աջակցութիւնը, սակայն առ այսօր հասարակութեան ընկերային ծանր պայմաններ դիմագրաւող խաւին մաս կը կազմեն նաեւ հաշմանդամները:

ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան իր խօսքը ուղղելով հաշմանդամներուն` յայտնած է, որ անոնք իրենց ապրելակերպով օրինակ կը ծառայեն բոլորին: «Ձեզմէ շատերը հաշմանդամ դարձած են պատերազմի պատճառով: Այդ մէկը արժանի է ակնածանքի եւ խոնարհումի», շեշտած է Ա. Յարութիւնեան:

Ստորագրուած Է «Հին Երեւան»
Ծրագիրին Համաձայնագիրը

1203oldyerevanԴեկտեմբեր 2-ին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը` յանձինս Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեանի, «Մալթիքոնթինենթըլ տիսթրիպիուշըն» ընկերութիւնը` յանձինս զուիցերաբնակ ներդրող Վարդան Սիրմաքեսի լիազօր Գէորգ Մաչանեանի, Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ստորագրած են համաձայնագիր մը` «Հին Երեւան» կառուցապատման ներդրումային ծրագիրին վերաբերեալ: Վարդան Սրմաքես «Արցախ պանք»-ին գլխաւոր բաժնետէրն է:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի կառավարութեան 6 նոյեմբեր 2014-ի 1227-Ա որոշման («Երեւան քաղաքի Գլխաւոր պողոտայի` Աբովեան, Փաւստոս Բիւզանդի, Եզնիկ Կողբացիի եւ Արամի փողոցներով պարփակուած եւ Երեւան քաղաքի Կոնդ թաղամասին գերակայ հանրային շահ ճանաչուած տարածքներուն մէջ կառուցապատման նախապատրաստական միջոցառումներուն մասին») 3-րդ կէտով, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարին պատուիրած էր ապահովել Երեւան քաղաքի գլխաւոր պողոտայի` Աբովեան, Փաւստոս Բիւզանդի, Եզնիկ Կողբացիի եւ Արամի փողոցներով պարփակուած տարածքներուն մէջ, «Հին Երեւան» համալիրի կառուցապատման նախագծի մշակումը:

Արարողութեան մասնակցած են` Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Հայկ Դաւթեանը եւ «Կլենտէյլ Հիլզ» ընկերութեան ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ ծրագրի շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին 2015 թուականին: Կառուցապատման աշխատանքներու իրականացման ժամանակացոյցը պիտի համադրուի կողմերուն միջեւ` իբրեւ համաձայնագիրի անբաժան մաս:

Բարերարին Աջակցութեամբ Կահաւորուեցաւ
Կապանի Հիւանդանոցին Մանկական Բաժանմունքը

Բրիտանահայ բարերար Կարօ Պէրպէրեանի հովանաւորութեամբ կահաւորուեցաւ Կապանի բժշկական կենդրոնի մանկական բաժանմունքը: 2009-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ հիմնովին նորոգուած եւ ժամանակակից բժշկական սարքաւորումներով համալրուած բաժանմունքին համար ութ միլիոն դրամ արժողութեան գոյք` մահճակալներ, սառնարաններ, պատկերասփիւռներ, բժշկական կշիռքներ եւ պահարաններ տրամադրեց բարերարը:

«Կապանի հիւանդանոցին հետ համագործակցած եմ եւ տեղեկացած էի հոն գտնուող հարցերուն մասին: Այդ պատճառով ալ, երբ բարերարը դիմեց ինծի, առաջարկեցի բարեգործութիւնը ուղղել Կապանի հիւանդանոցին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց «Ապաւէն համայնքներուն» բարեսիրական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն, ընտանեկան բժշկուհի Սուսաննա Օնանեանը, որ կ՛ընկերակցէր Կարօ Պէրպէրեանին:

Կապանի հիւանդանոցին մէջ հանդիպելով բարերարին` Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Վոլոդեա Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեգործութեան համար եւ Պէրպէրեանին նուիրեց իր հեղինակած «Սիսական ջոկատ» գիրքը:

4 դեկտեմբերին Կարօ Պէրպէրեանը ընդունուեցաւ նաեւ Կապանի փոխքաղաքապետ Ռուդոլֆ Սարգսեանի կողմէ, որ զայն պարգեւատրեց քաղաքապետի շնորհակալագիրով` կապանցի մանուկներուն հանդէպ ցուցաբերած հոգատարութեան եւ Կապանի հիւանդանոցի մանկական բաժանմունքին կահաւորման նպատակով կատարած բարեգործութեան համար:

Յարութիւն Խաչատրեանին Ժապաւէնը
Արժանացած Է Թուրին Միջազգային
Փառատօնի Գլխաւոր Մրցանակին

1204harutyunkhachaderyanՇարժապատկերի բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանին «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» ֆիլմաշարի առաջին` «Հայկ. փախուստ» ժապաւէնը Թուրինի 33-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» անուանակարգի գլխաւոր մրցանակին: Անկէ բացի, ժապաւէնը արժանացած է նաեւ հինգ հազար եւրօ պարգեւի:

«Հայկ. Փախուստ» ժապաւէնին հետ մրցումին ներկայացուած են նաեւ 10 այլ ժապաւէններ` Միացեալ Նահանգներէն, Պրազիլէն, Քանատայէն, Գերմանիայէն, Բրիտանիայէն, Սինկափուրէն, Պելճիքայէն, Սուրիայէն եւ Հայաստանէն: Միջազգային դատական կազմին մէջ էին` չեխ վաւերագրող Մարեք Հովորքա, գերմանացի բեմադրիչ Ֆրետ Կելեմենը եւ ֆրանսացի շարժապատկերի քննադատ Ժան-Պաթիսթ Մորենը:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Խաչատրեան յայտնած է, որ ժապաւէնը կը ներկայացնէ հայ ազգը անհանգստացնող հարցերը:

«25 տարի նկարահանուած ժապաւէն է: Այնքան սէր կայ հերոսներու խօսքերուն մէջ, նաեւ` հայրենիքի մասին խօսելու ցանկութիւն: Հերոսներուս պատահական հանդիպած եմ: Ֆիլմաշարին երկրորդ ժապաւէնին հերոսը մեքենագործ Լեւոնն է, երրորդը` նկարիչ Վահանը, իսկ չորրորդ ժապաւէնին հերոսը` Ռուբէն Հախվերդեանն է», նշած է Յարութիւն Խաչատրեան:

Ըստ անոր, Թուրինի շարժապատկերի փառատօնը կարեւորագոյններէն է Իտալիոյ մէջ կազմակերպուածներուն մէջ: «Երեք անգամ ժապաւէնը դիտուած է: Մինչ այդ ժապաւէնը երեք մրցանակներու արժանացած էր. մէկը Քոսովոյի եւ երկուքը «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան մէջ: Երբ սկսայ նկարահանել իմ առաջին ժապաւէններս, ինձ կը թուէր, որ բացի հայերէն, անոնք ոչ մէկուն պէտք են, սակայն պարզուեցաւ, որ ժապաւէնները կարեւոր են նաեւ արտասահմանցիներու համար, որովհետեւ հարցերը նոյնն են ամէնուր: Սինեման համամարդկային լեզու է, չկայ ազգ, որ այսպիսի հարցեր չունենայ», ընդգծած է Յարութիւն Խաչատրեան:

Հայաստանի ազգային շարժապատկերի կեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեան շնորհաւորած է Յարութիւն Խաչատրեանը` այս կարեւոր մրցանակին համար: «Անգլիայէն անգամ խնդրած են անոր ժապաւէնները ցուցադրել, որպէսզի ուսանողները տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս կը նկարահանուի վաւերագրական ժապաւէն», ըսած է Գէորգեան: Ան խոստացած է աջակցիլ Խաչատրեանի ֆիլմաշարին եւ «Լեւոն. փակուղի»-ի ստեղծման:

Շարժապատկերի մասնագէտ Րաֆֆի Մովսիսեան աւելցուցած է, որ վաւերագրական ժապաւէնի առաջնային հարցերը երկրորդ դասակարգ իջած են: «Այսօրուան վաւերագրական շարժապատկերին առաքելութիւնը գոյութիւն ունեցող հարցերուն անդրադառնալը եւ հարց յառաջացնելն է», շեշտած է ան:

Խաչատրեանի նոր աշխատանքի հիմքը Հայաստանէն հեռացած եւ օտար հողի վրայ նոր կեանք սկսած մարդոց պատմութիւններն են: «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» ֆիլմաշարը նուիրուած է այսօրուան Հայաստանի ամէնէն ցաւոտ հարցին` արտագաղթին: Հայրենիքէն եւ ազգէն փախուստը շարք մը երկիրներու համար հարց է, եւ այդ բոլոր ազգերը կ՛ուսումնասիրեն տուեալ հարցերը: Ուսումնասիրութիւն մըն է ինքնին այս ժապաւէնը: 25 տարի անընդմէջ Յարութիւն Խաչատրեան նկարած է տարբեր մարդիկ, որոնք 1980-ականներէն սկսեալ հեռացած են Հայաստանէն, հետեւած է անոնց կեանքին, ճամբորդութիւններուն, ձեռքբերումներուն:

Երեկանի Մէջ Սկսած Են Գործելու
Աղբահաւաքման Երկու Ընկերութիւններ

Քաղաքապետարանի յայտարարած միջազգային մրցումին յաղթած լիբանանեան ընկերութիւնը իր ծառայութիւններուն մեկնարկը տուած է մայրաքաղաքին մէջ:

Դեկտեմբեր 1-ին Շահումեան հրապարակին վրայ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին ներկայացուած են «Սանիթեք» ընկերութեան աղբահաւաքութեան սարքաւորումները:

2012-ին յայտարարուած միջազգային մրցումին աշխարհի 8 երկիրներէն դիմում ներկայացուցած աղբահաւաքութեան եւ մաքրութեան ծառայութիւններ մատուցող մասնագիտացած ընկերութիւններէն ընտրուած են երկու հատ:

Լիբանանեան ընկերութիւնը պատասխանատու է Երեւանի արեւմտեան հատուածին (Աջափնեակ, Դաւթաշէն, Կեդրոն, Մալաթիա-Սեբաստիա, Շէնգաւիթ վարչական շրջաններ), իսկ հայ-շուէտական «Էքոկրուփ» եւ «ԼԼ Միլէօքոնսուլթ» ընկերութիւնները` արեւելեան հատուածին մէջ (Արաբկիր, Աւան, Էրեբունի, Քանաքեռ-Զէյթուն, Նորք-Մարաշ, Նոր Նորք եւ Նուպարաշէն վարչական շրջաններ) ծառայութիւններու մատուցման:

«Աղբահանութեան կազմակերպումը իւրաքանչիւր մեծ քաղաքի համար լուրջ, հիմնական հարց է, իսկ Երեւանն ալ բացառութիւն չէ», նշած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, որ աւելցուցած է, թէ երկու ընկերութիւններուն 10 տարի ժամկէտով վստահուած է Երեւանի աղբահանութիւնը:

«Գործընթացը առայժմ կը սկսի միայն Կեդրոն վարչական շրջանին մէջ, որուն անցումային հանգրուանը աւարտելէ եւ ծառայութիւնները հունի մէջ դնելէ ետք հերթականութեամբ կ՛անցնի միւս վարչական շրջաններ: Այսպիսով, կրնանք ըսել, որ արդէն այսօրուընէ Երեւանի մէջ հետզհետէ կը սկսին մատուցուիլ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան աղբահանութեան եւ մաքրման ծառայութիւններ», յայտնած է Տ. Մարգարեան:

«Սանիթեք» ընկերութեան ներկայացուցիչին համաձայն` ընկերութիւնը ցարդ մօտաւորապէս 10 միլիոն եւրօ (մօտ 12.5 միլիոն տոլար) ներդրած է Հայաստանի մէջ: Անիկա ներկայիս ունի 150 գործաւոր, սակայն մտադիր է անձնակազմին թիւը հասցնել 300-ի, իսկ միջին աշխատավարձը սահմանուած է 500 տոլար:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք որակեալ ծառայութիւններու մատուցման դիմաց բնակիչներէն աղբահաւաքման համար գանձուող սակերը պիտի չբարձրանա՞ն, քաղաքապետ Տ. Մարգարեան նշած է. «Այս ծառայութիւնով պայմանաւորուած` աղբահանութեան վճարումին չափը 2015 թուականին չի փոխուիր, որովհետեւ կազմակերպութիւններու խոշորացման եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման հաշուոյն կը նախատեսենք նոյն գումարով որակեալ ծառայութեան մատուցում»:

Առաջին Ալիքը Անվճար Հասանելի Է
Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի
Եւ Քանատայի Հայերուն

1203firstchannelՀայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութիւնը արդէն իսկ անվճար հասանելի դարձած է Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքայի եւ Քանատայի հայերուն եւ մայր ցամաքամասի բոլոր բնակիչներուն: Հանրային կայանը արդէն իսկ կը հեռարձակուի «Կալաքսի 19» արբանեակով, որ բաւական նշանաւոր եւ ճանչցուած է Հիւսիսային Ամերիկայի, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նոյն արբանեակով կը սփռուին այլ նշանաւոր ալիքներ եւս, ինչպէս` «Ժազիրա» եւ «Russia Today» կայանները:

Առաջին ալիքի հասարակութեան հետ կապի բաժանմունքէն յայտնած են, որ նոր կարելիութիւն ստեղծուած է նաեւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքին համար: Անոնք CH18.10 եւ CH20.5 ալիքներով, վերգետնեայ ոչ քոտերով հեռարձակմամբ կրնան դիտել Առաջին ալիքի բոլոր հաղորդումները` ժամային տուեալ գօտիին համապատասխան` Հայաստանի մէջ ուղիղ հեռարձակումէն 12 ժամ անց: Ասիկա պատկերասփիւռի կայանի զարգացման ռազմավարութեան կարեւորագոյն քայլերէն մէկն է, որովհետեւ կարելիութիւն կու տայ սփիւռքահայութեան հետեւելու իր ծրագիրներուն:

Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքայի մեր հայրենակիցները Առաջին ալիքին միանալու համար իրենց տարածաշրջաններուն համապատասխան թեքնիք տուեալներուն կրնան ծանօթանալ այցելելով կայանի կայքը` http://www.1tv.am/hy/satellites:

Առաջին ալիքը այսպիսով կը սփռուի Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )