Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սիրային պատմութիւնը մը հաճելի հետեւանքներ պիտի ունենայ: Այս յաջողութիւնը պիտի ուրախացնէ ձեզ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր մերձաւորներուն կարիքը պիտի ունենաք: Արտայայտեցէք, ինչ բանի պէտք ունիք, անոնք պիտի օգնեն ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երաժշտութիւնը հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ գերյոգնած երկուորեակներուն համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախատեսուածէն աւելի կ՛աշխատիք, եւ ոեւէ մէկը չի նշմարեր այս: Ձեզի կը վերաբերի կատարելու ձեզի պատկանող գործը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յառաջացէք, պիտի գնահատուիք: Օրը ունի ուրախ առիթներ` նիւթական եւ բարոյական իմաստով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Խրախուսիչ եւ օգտաշատ ծրագիրներ ունիք ձեր բարեկամներուն: Լաւ առիթ է մաքուր օդ շնչելու պտոյտի մը ընթացքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դժուար է ունենալ այն, ինչ որ կ՛ուզէք ձեր աշխատանքէն: Շարունակեցէք բանաձեւել ձեր փափաքները, որպէսզի ամէն ինչ յստակ ըլլայ բոլորին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս ամիս ճամբորդութիւնը օգտաշատ է: Առիթը օգտագործեցէք ձեր փափաքը իրագործելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Միշտ ուրիշներուն վրայ չէք կրնար վստահիլ: Սորվեցէք անկախ ըլլալ: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք ալ իրաւունք ունիք տկարութիւն ունենալու: Ընդունեցէք դուք ձեզ այնպէս, ինչպէս որ էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ճիգերը` մերձաւորի մը հետ կրկին կապուելու, պիտի ձախողին: Այս հարցը ձեր սրտին մի՛ առնէք, դարձեալ կրնաք տեսնուիլ օր մը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ գործեր ունիք կատարելիք, անշուշտ պիտի յոգնիք, բայց ձեր դժուարին թող չերթայ այս երեւոյթը:

