50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1964)

Խմբագրական

Մեր Ակումբները

(Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» Ակումբի
Բացման Առթիւ)

Վաղը, կիրակի, Նոր Սիսի մէջ, ուրախութեամբ պիտի կատարենք բացումը նոր ակումբի մը` «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ին, որուն անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանին անունը:

Տասնամեակներ առաջ, երբ Անդրնահրի շրջանին մէջ հետզհետէ կը կազմաւորուէր հայ կեանքը եւ առաջին հերթին` կուսակցական կեանքը, Միսաք Ազիրեան Նոր Սիսի իր կալուածը ազնուօրէն կը տրամադրէր` իբրեւ մանկապարտէզ ու նաեւ կուսակցական հաւաքավայր գործածուելու համար: Քանի մը տարի առաջ Մ. Ազիրեան իր կալուածը վերջնականապէս կը նուիրէր կուսակցութեան, որ կը յղանար գաղափարը` ամբողջովին նորոգուած եւ շրջանի բարգաւաճման աստիճանին վայել ակումբի մը շինութեան: Այս հաւաքավայրն է, որ իրականութիւն դարձած է այսօր` շնորհիւ ձեռներէցութեանը շրջանի մեր ընկերներուն, որոնք ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առին Դաշնակցութեան սեփական տունը կերտելու համար:

Այսօր, լիբանանահայութեան սիրտը Պուրճ Համուտի մէջ կը բաբախէ: Հոն է ժողովուրդը, որ հայու շինարարական առհաւական ոգիին իր տուրքը տուաւ վերջին տասնամեակի ընթացքին մասնաւորապէս` իրարու ետեւէ կանգնելով եկեղեցիներ, վարժարաններ եւ ակումբներ, որոնք պատիւ կը բերեն շրջանի պատասխանատուներուն ձեռներէցութեան:

Նոր Մարաշի շրջանին մէջ կառուցուած «Ժողովրդային տուն»-էն ետք, ուր ներկայիս շինուելու վրայ է նաեւ ժողովրդային թատրոնը` արդիական յարմարութիւններով, ահա երկրորդ կառուցումն է Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ը, որուն անպայման պիտի հետեւի Նոր Ատանայի կուսակցական ակումբը` նոյնքան արդիական շինութեամբ:

Այս բոլորը որոշ մտահոգութեան մը արդիւնք են եւ որոշ հեռանկարի մը ճամբուն վրայ առնուած դրական քայլեր, որոնք անպայմանօրէն պիտի կատարեն իրենց դերը հայապահպանման այն պայքարին մէջ, որուն լծուած ենք ազգովին:

Դպրոցէն ետք, ՀՅ դաշնակցութեան ակումբները հայեցի ու գաղափարական դաստիարակութեան կեդրոններ են, ուր մեր երիտասարդութեան հոգին ու միտքը կ՛ազնուանան` հայրենասիրութեան եւ վսեմ գաղափարներու քուրային մէջ: Անոնք` այդ ակումբները, մանրանկար Հայաստաններ են, ուր նորահաս սերունդները կը հաղորդուին անցեալի փառքին եւ ամուր ու հաստատ քայլերով կը դիմեն վաղուան` ապագայի վառ յոյսերով:

Անդրնահրի շրջանին մէջ մեր ակումբները եղան սերունդներու փրկութեան լաստեր, երբ տակաւին մեր կեանքը չէր գտած իր հաւասարակշռութիւնը: Երբեմն շատ խեղճ արտաքինով, բայց հարուստ բովանդակութեամբ, այդ ակումբները եղան գաղափարական կեանքի վարժարաններ, ուրկէ դուրս ելան նուիրումի պատրաստ սերունդներ` հայրենասիրութեամբ տոգորուած եւ ազգային խոր գիտակցութեամբ:

Հիմա, երբ շնորհիւ աւելի լաւ պայմաններու, լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, մեր ակումբները աւելի մեծ դեր ունին կատարելիք` նոր սերունդներու կազմութեան գործին մէջ: Հոն է, որ պատանին, երիտասարդը ու չափահաս շարքայինը գոհացում պիտի գտնեն իրենց գաղափարական ծարաւին: Հոն է, որ հաղորդակից պիտի դառնան մեր ժողովուրդի ընդհանրական ապրումներուն եւ պիտի պատրաստուին այն մեծ պայքարին, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը կը մղէ յանուն հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ միացեալ ու անկախ Հայաստանին:

Գաղութներու կեանքին մէջ մեր ակումբները լոյսի եւ ջերմութեան օճախներ են, գաղափարական բերդեր` այլասերման վտանգին դէմ:

Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան ակումբ»-ը այդ գաղափարական բերդերէն մէկն է եւ իբրեւ այդպիսին, կ՛ողջունենք անոր բացումը` շնորհաւորելով շրջանի մեր ընկերները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )