Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բնական է վախ ունենալ անծանօթին դիմաց. յառաջացէ՛ք, ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամներու միջեւ յարաբերութիւնը քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ: Լաւ կ՛ընէք, եթէ պահ մը առանձին մնաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բոլոր ճակատներու վրայ ինքնավստահ պիտի չըլլաք: Հանգչեցէք մէկու մը ապաւինելով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարիքը ունիք մարզանքի: Ձեր մարմինը ձեզի շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ, սակայն` քիչ մը ուշ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանիքի մէջ իւրաքանչիւրը ակնկալութիւններ պիտի ունենայ ուրիշներէ, բայց` քիչ մը դժուար իրագործելի: Ինքնավստահ մնացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շաբաթավերջը ամէն տեսակէտով լաւ պիտի ըլլայ, բայց` նոյն ատեն զգուշացէք ճամբու արկածներէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արկածախնդրական նախաձեռնութիւն մը պիտի ունենաք, եթէ փոփոխութիւն կ՛ուզէք: Անորոշէն մի՛ վախնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կրնաք հետեւիլ ձեր իտէալ յայտագրին: Ուրեմն կրնաք իրագործել ձեր փափաքած հարցերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ըստ ձեր կշռոյթին քալեցէք, ոչինչ կը ստիպէ ձեզի` աճապարել: Օրը ունի հաճելի պահեր եւ ժամանց:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Տօնական երեկոյթի մը երթալու խոստումը որոշելը ձեզի կը մնայ: Ձեզ պիտի սպասեն, ուրեմն ձեր պատասխանը դրական թող ըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ ուշադրութեամբ շարժեցէք: Ոչ մէկ որոշում տուէք աճապարանքով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Լաւ դիմաւորեցէք անոնք, որոնք կու գան արտասահմանէն: Ձեր դուռը բաց պահեցէք հիւրերու դիմաց: