Թուային Ժամանակներու Մէջ. Արհեստական Խելացութիւնը Կրնայ Վերջ Դնել Մարդկութեան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԹՈՒԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՁԳՏՈՒՄՆ Է ՍՏԵՂԾԵԼ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՅԺՄ ՀԱՐՑԸ ԱՅՆ ՉԷ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ԿԱՐԵԼԻ՞ Է, ԱՅԼ ԱՐԴԷՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻՆ ՆՄԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ: ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԳԻՏՆԱԿԱՆ ՍԹԻՖԸՆ ՀՈՔԻՆԿԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ՄՏԱԾՈՂ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՃԻԳԵՐԸ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ:
«Արհեստական խելացութեան ամբողջական կազմաւորումը կրնայ նշել մարդկային ցեղին աւարտը», կը զգուշացնէ բնաբանութեան տեսաբան Սթիֆըն Հոքինկ:
Անոր զգուշացումի կոչը պատասխան մըն է այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերանորոգէ այն արհեստագիտութիւնը, զոր կ՛օգտագործէ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, եւ որուն մէջ դեր ունի արհեստական խելացութիւնը:
Սակայն այլ գիտնականներ նուազ յոռետես են արհեստական խելացութեան խոստացած ապագային վերաբերեալ:
Հոքինկ կը տառապի շարժումները ղեկավարող ջիղերու հիւանդութենէ մը, որ կը կարծրացնէ մարմնին հիւսկէնները: Ան խօսելու համար կ՛օգտագործէ Ինթել ընկերութեան կողմէ պատրաստուած համակարգչային նոր ծրագիր մը:
Բրիտանական Սուիֆթքի ընկերութեան մէջ սորվող մեքենաներ պատրաստող մասնագէտներ եւս մասնակցած են ծրագիրին պատրաստութեան: Անոնց օգտագործած արհեստագիտութիւնը, որ արդէն կիրարկուած է խելացի հեռաձայններու ստեղնաշարին վրայ, կը սորվի Հոքինկի մտածելու ձեւը եւ կ՛առաջարկէ բառեր, զորս ան պիտի ուզէր գործածել իր խօսակցութեան ընթացքին:

Սթենլի Քուպրիքի 2001-ին հրապարակած ժապաւէնը, որ կը պատմէ ոճրային նպատակներ հետապնդող ՀԱԼ անունով համակարգիչի մը մասին, կ՛արտացոլէ շատերու մտավախութիւնները մարդկային կեանքին սպառնացող արհեստական խելացութեան նկատմամբ:
Հոքինկ կ՛ըսէ, թէ ցարդ արհեստական խելացութեան նախնական ձեւերու կիրարկումը շատ արդիւնաւէտ է: Սակայն ան մտավախութիւն կը յայտնէ մարդկութեան հետ մրցող կամ զայն գերազանցող բան մը ստեղծելու հետեւանքներուն վերաբերեալ:
«Արհեստական խելացութիւնը առանձին պիտի կարենայ շարունակել իր ճամբան եւ ինքզինք վերաձեւաւորել նոյնիսկ աւելի արագ ընթացքով,- կ՛ըսէ Հոքինկ:- Մարդկութիւնը, որ կաշկանդուած է կենսաբանական դանդաղ եղափոխութեամբ, պիտի չկարենայ մրցիլ արհեստական խելացութեան դէմ, որ պիտի գերազանցէ զինք»:
Սակայն ուրիշներ նուազ յոռետես են:
«Կը հաւատամ, թէ բաւական երկար ժամանակի համար միշտ ալ մարդը պիտի ղեկավարէ արհեստագիտութիւնը եւ ի յայտ պիտի գայ աշխարհի մէջ բազմաթիւ հարցեր լուծելու արհեստական խելացութեան կարողականութիւնը», կ՛ըսէ Քլեւըրպոթ համակարգչային ծրագիրը ստեղծած գիտնականը` Ռոլօ Քարփենթըր:
Քլեւըրպոթ մտածել կը սորվի իր միջոցով կատարուած զրոյցներէն եւ բարձր նիշեր արձանագրած է Թուրինկի քննութեան մէջ` խաբելով մեծ թիւով անձեր, հաւատացնելով, թէ կը խօսի մարդու պէս:
Մարդամեքենաներու Դարը
Քարփենթըրի համաձայն, տակաւին շատ հեռու է համակարգչային զօրութեամբ կամ հանրահաշիւի (ալկըրիտըմ) կատարելագործուած միջոցներով արհեստական խելացութեան ամբողջական իրագործումը: Սակայն ան կը հաւատայ, թէ այս մէկը կրնայ իրականութիւն դառնալ յառաջիկայ քանի մը տասնամեակներուն:
«Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ մեքենան իր սեփական խելացութեամբ գերազանցէ մեզ: Հետեւաբար չենք գիտեր, թէ արդեօք անիկա պիտի կարենա՞յ անսահմանօրէն օգնել մեզի, արդեօք պիտի անտեսէ՞ մեզ, արդեօք պիտի անգիտանա՞յ մեր գոյութիւնը, արդեօք մտածուած ձեւով պիտի կործանէ՞ մեզ», կ՛ըսէ ան:
Այսուհանդերձ, Քարփենթըրի գրաւը այն է, թէ արհեստական խելացութիւնը դրական ուժ մը պիտի ըլլայ:
Իսկ Հոքինկ միակը չէ, որ մտավախութիւններ կը յայտնէ ապագայի նկատմամբ:
Կը տիրէ այն մտավախութիւնը, թէ մօտիկ ապագային խելացի մեքենաները պիտի կարենան կատարել ցարդ մարդոց կողմէ կատարուող աշխատանքներ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ միլիոնաւոր անձերու գործազրկութեան:
Հրթիռ կառուցող Սփէյս Էքս ընկերութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն` Էլըն Մասք եւս մտավախութիւններ կը յայտնէ արհեստական խելացութեան նկատմամբ եւ կ՛ըսէ, թէ երկար ժամանակի վրայ անիկա կրնայ դառնալ «մարդկութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը»:
Մարդամեքենաներու Ձայնով
Հոքինկ նաեւ կը խօսի համացանցի բարիքներուն եւ վտանգներուն մասին:
Ան կը մէջբերէ բրիտանական ապահովական եւ գաղտնի սպասարկութեան պետական հաղորդակցութեան կեդրոնին կողմէ հրապարակուած նախազգուշացում մը, որուն համաձայն, համացանցը սկսած է վերածուիլ ահաբեկիչներու հրամանատարական կեդրոնի: «Համացանցի ընկերութիւններ պէտք է շատ աւելի ճիգ թափեն` պայքարելու համար այս սպառնալիքին դէմ, սակայն դժուար է այս մէկը իրագործել` առանց զոհելու մարդոց անձնական ազատութիւնը»:
Այսուհանդերձ, Հոքինկ առաջին անձերէն է, որ խանդավառօրէն օգտագործած է արհեստագիտական հաղորդակցութեան տարբեր տեսակի միջոցներ եւ անհամբեր կը սպասէ այն օրը, երբ պիտի կարենայ շատ աւելի արագ գրել արհեստագիտական իր նոր համակարգին միջոցով:

«Մարդկութիւնը, որ կաշկանդուած է կենսաբանական դանդաղ եղափոխութեամբ, պիտի չկարենայ մրցիլ արհեստական խելացութեան դէմ, որ պիտի գերազանցէ զինք», կ՛ըսէ Սթիֆըն Հոքինկ, որ կ՛օգտագործէ համակարգչային նոր ծրագիր մը` խօսելու համար, սակայն նախընտրած է պահել նախկին ծրագիրով արտադրուած ձայնը:
Սակայն անոր օգտագործած համակարգչային նոր ծրագիրին մէջ մէկ բան կը մնայ անփոփոխ. ծրագիրին միջոցով արտադրուած ձայնը:
Հոքինկ կ՛ըսէ, թէ անիկա քիչ մը կը հնչէ մարդամեքենայի պէս, սակայն կը նշէ, թէ չի փափաքիր ունենալ աւելի բնական ձայն մը:
«Այս ձայնը դարձած է իմ վաճառանիշս: Պիտի չուզէի զայն փոխարինել բրիտանական շեշտով եւ աւելի բնական ձայնով մը», կ՛ըսէ ան:
«Կ՛ըսեն, թէ այն մանուկները, որոնք կարիքը ունին համակարգիչով վերարտադրուած մարդկային ձայնի մը, կը փափաքին ունենալ իմ ձայնիս նման ձայն մը», կ՛աւելցնէ ան:

Քլեւըրպոթ համակարգչային ծրագիր մըն է, որ կրնայ զրուցել մարդու պէս: