Թուային Ժամանակներու Մէջ. Խորհրդածութիւն Մը` Չփորձելու Արուեստին Մասին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՅԱՃԱԽ ՄԵԾ ՃԻԳ ԿԸ ԹԱՓԵՆՔ, ԿԸ ՄՏԱՏԱՆՋՈՒԻՆՔ, ԿԸ ՓՆՏՌԵՆՔ ՃԻՇԴ ՁԵՒԸ, ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ԲԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՈՒՂԻՆ, ՆՈՐ ԳՈՐԾԻ ՄԸ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՒԺԸ… ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ՈՐՔԱ՞Ն ՃԻՇԴ Է ԼԱՐՈՒԱԾ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ԿԸ ԹԵԼԱԴՐԷ ՊԱՀԵԼ ԲՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՉԻՆԱԿԱՆ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՄԲ:
Տրուած խորհուրդը նոյնքան խելայեղ է, որքան` անխուսափելի: Որեւէ լարուած վիճակի պարագային, ինչպէս` անծանօթի հետ հանդիպում, դասախօսութիւն, գործի դիմելէ ետք հարցազրոյցի պատրաստութիւն, առկայ յանձնարարականը հետեւեալն է. հանդարտեցէ՛ք, բնական վարուեցէ՛ք, պարզապէս եղէք այն, ինչ որ է՛ք:
Սակայն, երբ ջղային էք, ինչպէ՞ս կրնաք ըլլալ այն, ինչ որ էք: Ինչպէ՞ս կրնաք դուք ձեզի հանդարտութիւն պարտադրել: Ինչպէ՞ս կրնաք փորձելու փորձ մը չկատարել:
Անիմաստ կրնայ թուիլ այս հակասութիւնը, սակայն անիկա կենսական է քաղաքակրթութեան համար, ինչպէս կը մտածէ Էտուըրտ Սլինկըրլենտ: Ան միտումնաւոր կերպով զարգացուցած է բնական մղումի տեսութիւն մը` հիմնուած ասիական հազարամեակներու փիլիսոփայութեան մը վրայ, ինչպէս նաեւ` հոգեբաններու եւ ջղագէտներու կողմէ տասնամեակներէ ի վեր կատարուող ուսումնասիրութիւններու:
Առանց Ճիգի
Սլինկըրլենտ զայն կը կոչէ օու ուէյի հակասութիւնը. չինական եզր մը, որ կը նշանակէ` «առանց ճիգի կատարուած արարք»: Անիկա նմանութեան եզրեր ունի հոսքի գաղափարին հետ եւ առանց ճիգի կատարողութեան, զոր կը ձգտին իրագործել մարզիկները, սակայն կարելի է զայն կիրարկել նաեւ մարզաշխարհէն դուրս: Օու ուէյ մաս կը կազմէ վիպերգութեան, կրօնի, քաղաքականութեան եւ առեւտուրի: Անոր գոյութեան շնորհիւ է, որ կարգ մը ղեկավարներ օժտուած են հզօր գրաւչութեամբ, անոր պատճառով է, որ գործառնութիւններ ղեկավարող պաշտօնեաներ անպայման կը ցանկան ընթրիքի սեղանի մը շուրջ հարբենալ` համաձայնութիւն մը կնքելէ առաջ:
Սլինկըրլենտ ասիական գիտութիւններու դասախօս է Պրիթիշ Քոլոմպիա համալսարանին մէջ: Ան կը վիճի, թէ օու ուէյի ձգտումը գոյութիւն ունի այն օրէն, երբ մարդիկ սկսած են ապրիլ որսորդ-հաւաքականութիւններ կազմող գերդաստաններէ աւելի ստուար հաւաքականութիւններու մէջ: Արիւնակցական կապերու ապաւինելու կարելիութենէն զուրկ` առաջին քաղաքներու բնակիչները սկսած են զարգացնել հասարակաց արժէքներ, մասնաւորաբար` կրօնի ճամբով, որպէսզի կարենան վստահիլ մէկզմէկու արժանիքներուն եւ գործակցիլ` հասարակաց բարիքին համար:
Սակայն միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է այն վտանգը, թէ մէկը կրնար կեղծել զայն եւ կատարելապէս տրամաբանական որոշում մը ներկայացնել` գերադասելով իր սեփական շահը, եթէ առիթ ունենար խուսափելու իր պարտականութենէն: Վստահութիւն շահելու համար բաւարար չէր զգաստ, օրինապահ քաղաքացի ըլլալ, նոյնիսկ բաւարար չէր պարտաճանաչ կերպով ձգտիլ առաքինութեան: Պէտք էր ցոյց տալ, թէ առաքինութիւնը այնքա՛ն ընդոծին էր, որ առանց ճիգի կը դրսեւորուէր:
Բնազդային Զգացողութեամբ
Հետեւաբար օու ուէյ կը դառնար կենսական: Անոր հնադարեան կարեւորութիւնը յստակ դարձած է գիտնականներու համար, երբ 1993-ին Չինաստանի կեդրոնական Կուոտիան գիւղին մէկ գերեզմանէն յայտնաբերուած են եղէգի շերտեր, որոնց վրայ արձանագրուած գրութիւնները կու գան Ն.Ք. 3-րդ դարէն: Անոնք կը շեշտեն, թէ օրէնքներու հետեւիլը եւ պարտականութիւններ լրացնելը բաւարար չեն` ընկերային կարգը պահպանելու համար:
Այս գրութիւնները կ՛ըսեն, թէ քաղաքագէտ դառնալու համար հարկ է ունենալ մեծաւորներու նկատմամբ պարտականութեան բնազդային զգացողութիւն մը: «Եթէ փորձէք եւ ճիգ թափէք որդիական թուիլ, ապա չէք կրնար որդիական թուիլ: Եթէ փորձէք հնազանդ ըլլալ, ճշմարիտ հնազանդութիւն չէ այս: Չէք կրնար փորձել, սակայն նաեւ չէք կրնար փորձել չփորձել», կ՛ըսէ գրութիւններէն մէկը:
Այնուհետեւ այս հակասութեամբ համակուած են փիլիսոփաներ եւ աստուածաբաններ, ինչպէս Սլինկըրլենտ մանրամասն կերպով կը նկարագրէ իր գիրքին մէջ, որուն վերնագիրն է` «Թրայինկ նաթ թու թրայ. տի արթ էնտ սայընս աֆ սփոնթանյըթի» (փորձելով` չփորձել. բնազդաբար վարուելու արուեստն ու գիտութիւնը): Փիլիսոփայական մտածողութեան դպրոց մը կը նախընտրէ կոնփուկիոսեան մօտեցումը առանց ճիգի դրսեւորուած առաքինութեան, ինչ որ իրականութեան մէջ սկիզբէն կը պահանջէ մեծ ճիգ:
Կամքի, ինչպէս նաեւ օրէնքներու, աւանդութիւններու եւ ծէսերու կառչող կոմփուկիոսեան «ազնուականը» այնքա՛ն լաւ պէտք էր տիրապետէր պատշաճ վարուելակերպի գիտելիքներուն, որ ի վերջոյ անոնք մաս պիտի կազմէին իր բնաւորութեան: Ան պէտք էր վարուէր առաքինի եւ շնորհալի ձեւով, առանց գիտակցուած ճիգի, հռետորի մը պէս, որ այնքա՛ն լաւ գիտէ իր ըսելիքը, կարծէք կը խօսի առանց որեւէ փորձ կատարած ըլլալու:
Ընթանալ` Հոսանքին Հետ
Սակայն, արդեօք ա՞յս է բուն օու ուէյը: Ն.Ք. 5-րդ դարուն կոնփուկիոսեան դպրոցին յայտնութեան ժամանակներուն յայտնուած թաոյեական դպրոցին հետեւորդները տարակարծիք են: Թաօ Թէ Չինկ գրած էր «Ուղին եւ առաքինութիւնը. դասական մօտեցումը» վերնագիրով գիրք մը, որուն թիրախը Կոնփուկիոսն էր: Ան կը գրէր. «Ամէնէն վատ տեսակի առաքինութիւնը այն է, որ չի դադրիր առաքինութեան ձգտելէ, հետեւաբար երբեք չի հասնիր առաքինութեան»:
Թաոյեականները բնաւ չէին ձգտեր: Փոխանակ հետեւելու Կոնփուկիոսի պահանջած խիստ վարժութիւններուն եւ ծէսերուն, անոնք կը ձգտէին շղթայազերծել իրենց ներքին բնական առաքինութիւնը: Այլ խօսքով, անոնք կ՛ընթանային հոսանքին հետ, կը խրտչէին աւանդական երաժշտութենէն եւ կը նախընտրէին մղկտացող նոր ոճ մը: Շեշտը կը դնէին անձնական ինքնախորհրդածութեան վրայ եւ ոչ` պաշտօնական գիտութեան:
Նիւթապաշտ տենչերը, ինչպէս նաեւ իրենց ժամանակներու արհեստագիտութիւնը մերժելով` թաոյեականները խոյս տուած էին դէպի քաղաքամերձ շրջաններ, ուր կը կիրարկէին երկրագործութեան նախնական ձեւ մը` արօրը իրե՛նք քաշելով, եւ ոչ թէ` եզը լծելով: Սլինկըրլենտ զանոնք կը կոչէ «առաջին հիփփիները, մարդկային ընկերութենէն հեռացած, ընդդիմադիր եւ ըմբոստ մարդիկ, որոնք ապրած են մերօրեայ ներկուած հագուստներու եւ ամերիկեան «Կրէյթֆուլ տետ» ռոք խումբին յայտնութենէն աւելի քան 2000 տարի առաջ»:
Տարբեր վիճարկութիւններ մղուած են զեն պուտտայական, հինտու եւ քրիստոնեայ փիլիսոփաներու միջեւ: Հոգեբաններ եւ ջղագէտներ կը շարունակեն վիճիլ, թէ արդեօք բարոյական եւ վարուելակերպի երեւոյթներ որքա՞ն արդիւնք են մտածուած ընտրութիւններու եւ որքա՞ն` չգիտակցուած զգացումներու:
«Այժմ հոգեբանական գիտութիւնը մտածել կու տայ, թէ չին փիլիսոփաները լուրջ նպատակ մը կը հետապնդէին,- կ՛ըսէ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ հոգեբանութեան դասախօս Ճոնաթըն Սքուլըր,- մասնաւորաբար, երբ մէկը որոշ կարողութիւններու տիրացած է յատուկ մարզի մը մէջ, յաճախ աւելի լաւ արդիւնք կրնայ տալ, եթէ պարզապէս ընթանայ հոսանքին հետ: Անընդհատ վերլուծելը եւ մտատանջուիլը կրնան անդամալուծել եւ խրամներ փորել. բան մը, որմէ խուսափելու համար ձեւագծուած է օու ուէյը»:
Հարբենալ` Գործի Համաձայնութիւն Մը
Կնքելու Համար
Ինչ ձեւով ալ տիրապետենք օու ուէյի, վիճելի չէ անոր միջոցով գրաւելու կարողութիւնը: Անիկա մեզ կ՛օժտէ այնպիսի հարազատութեամբ մը, որ գրաւիչ կը դարձնէ մեզ, երբ մեր խօսքը կ՛ուղղենք բազմութեան մը կամ երբ կը զրուցենք անձի մը հետ: Առաջին հանդիպումի մը առիթով տպաւորութիւն ստեղծելու գաղտնիքը տպաւորելու ճիգ չթափելն է:
Ոմանք, ինչպէս` քաղաքագէտներ եւ ծախողներ, յաճախ կը յաջողին բնական վարուելակերպ կեղծելու մէջ, իսկ մենք տեւաբար կը փորձենք փաստել, թէ կը կեղծեն անոնք: Նախագահական թեկնածուներու համար ընտրապայքարներ կը կազմակերպենք եւ կը սպասենք այն վայրկեանը, երբ պիտի յայտնուի անոնց «ճշմարիտ» նկարագիրը:
Ճակատագրական համաձայնութիւն մը կնքելէ առաջ գործառնութեան մարզերու մէջ աշխատող անձեր յաճախ կը պահանջեն հաւանական գործընկերներու հետ հարբենալ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ, որովհետեւ ոգելից ըմպելին կը դժուարացնէ զգացումները կեղծելը: Ջղագէտներ նոյն ներգործութիւնը յաջողած են ստեղծել` ուղեղը նկարելով մագնիսական ուժի ազդեցութեան տակ, ինչ որ կը ջլատէ իմացական հակակշիռը եւ կը դժուարացնէ համոզիչ սուտեր խօսիլը:
«Հարբենալը հիմնականին մէջ մտային անձնատուութիւն մըն է,- կը գրէ Սլինկըրլենտ:- Այնպէս` ինչպէս ձեռք թօթուելը կը ստեղծէ ապահովութեան այն զգացումը, թէ զէնք չենք կրեր, նոյնպէս ալ թեքիլա կոնծելը զինաթափ կ՛ընէ մեր ուղեղին յառաջամասը: Անիկա կը ներշնչէ ապահովութեան զգացումը, որ կ՛ըսէ` տեսէք, իմացական հակակշիռ չունիմ, կրնաք վստահիլ ինծի»:
Փորձե՞լ, Թէ՞ Չփորձել
Սակայն, եթէ չենք նախընտրեր հարբենալ, ապա ի՞նչ է օու ուէյի լաւագոյն ռազմավարութիւնը: Փորձե՞լ, թէ՞ չփորձել: Սլինկըրլենտ կը յանձնարարէ այս երկուքին մէկտեղումը: Գիտակցուած ճիգը անհրաժեշտ է` կարողութեան մը տիրապետելու համար: Ծէսեր կիրարկելու կոմփուկիոսեան մօտեցումը կը համապատասխանէ հոգեբանութեան մէջ կատարուող ուսումնասիրութիւններու այն եզրակացութեան, թէ մեր կամքի զօրութիւնը սահմանափակ է: Մեր անձը բնական ձեւով օրէնքներ կիրարկելու վարժեցնելը կրնայ ազատագրել մեզ, որովհետեւ առիթ կու տայ իմացական ուժ վերապահելու այլ պարտականութիւններու:
Սակայն, ինքնին փորձելը կրնայ հակառակ ազդեցութիւնը գործել, ինչպէս նկատած են թաոյեականները եւ ցոյց տուած են հոգեբաններ, երբ կամաւորներէ խնդրած են անշարժ պահել ճօճանակ մը, սակայն զայն անշարժ պահելու ճիգը ինքնին պատճառ դարձած է, որ ճօճանակը աւելի արագ շարժի:
«Մեր մշակոյթը ատակ է մեզ մղելու յաւելեալ աշխատանքի կամ առիթ տալու, որ տիրապետենք արհեստագիտական որոշ կարողութիւններու,- կը բացատրէ Սլինկըրլենտ:- Սակայն բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ յաջողութիւնը կախեալ է վարժութիւնը գերազանցելու կարողութենէն, ամբողջութեամբ հանդարտ մօտեցումով կատարելու մեր աշխատանքը կամ պարզապէս մոռնալով, թէ մենք ենք դերակատարը»:
Սլինկըրլենտ կողմնակից է Ն.Ք. 4-րդ դարուն ապրած չին փիլիսոփայ Մենքիուսի առաջադրած միջին եզրին, որ կը մէկտեղէ կոմփուկիոսեան եւ թաոյեական մօտեցումները. փորձեցէ՛ք, սակայն` ոչ շատ մեծ ճիգ թափելով, կը թելադրէ ան եւ կը պատմէ առակ մը ցորեն ցանող մշակի մը մասին, որ օր մը երեկոյեան տուն կը վերադառնայ յոգնաբեկ.
«Ամբողջ օրը դաշտերն էի, եւ կ՛աշխատէի, որպէսզի հասկերը աճէին», կ՛ըսէ ան: Զաւակները անմիջապէս դուրս կը վազեն տեսնելու համար արդիւնքը: Անոնք կը տեսնեն հասկեր, որոնք ի վերջոյ փճացած էին իրենց հօր ճիգերուն իբրեւ արդիւնք:
Հասկերը կը խորհրդանշէին Մենքիուսի օու ուէյի գաղափարը. բնական բան մը, որ կարիքը ունի համբերատար մշակումի: Նախ կը ցանես հունտերը, ապա կը ջրես հասկերը, սակայն որոշ տեղ մը պէտք է առիթ տաս, որ բնութիւնը գտնէ իր ընթացքը: Պարզապէս պէտք է առիթ տալ, որ հասկերը աճին իրենց կշռոյթով: