50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1964)
Խմբագրական
Հայութեան Տեսիլքը
Ժամանակի անհատնում շղթայի այս օղակն ալ կը սուզուի անցեալին գիրկը, եւ Նոր տարին կը թեւակոխենք բացառիկ պայաններու ներքեւ, որոնք ամբողջ հայութեան կեանքը պիտի յատկանշեն գալիք օրերու ընթացքին:
Բացառիկ պայմաններ, որովհետեւ յիսուն տարի առաջ պատահած անագորոյն դէպքերու յաճախանքը պիտի ապրի իւրաքանչիւր հայ` հոգեբանական այն պատրաստութեամբ, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին ծաւալեցաւ գաղութէ գաղութ` մէկ գաղափարի եւ մէկ մտասեւեռումի սպասարկուն դարձնելով ամբողջ ժողովուրդ մը:
Սովորական մաղթանքներու տարի մը պիտի չըլլայ 1965-ը: Գալիք երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերը բացառիկ արժէք եւ իմաստ պիտի ունենան մեզի համար: Իւրաքանչիւր հայ պիտի հարստանայ ներկայութեամբը սիրելի դէմքերու, որոնք մեր կեանքին մասնիկն էին երէկ, ու հիմա անաւարտ երազի մը զանգահարները կը հանդիսանան` դաժան, այլ քաղցր բռնակալութեամբ մը ցնցելով բոլոր անտարբերութիւնները:
Յիսնամեակի առթիւ հոգեկան այս հարստացումը, որուն հաստատումը կը կատարենք գրեթէ ամէն օր, անձնական ապրումներու, թէ հանրային մտահոգութիւններու ծիրին մէջ, հիմնական նախապայմանն է այն նպաստաւոր մթնոլորտին, որուն ստեղծման կը ձգտի հայութիւնը` ի խնդիր իր սրբազան Դատին:
Յիսուն երկա՜ր տարիներ մեզ կը բաժնեն այն աղէտէն, որ մերն էր երէկ` իր դառն իրականութիւններով, բայց նաեւ` վերազարթնումի մէջ եղող ժողովուրդի մը վառ յոյսերով: Այսօր ալ, թէեւ հեռու, թէեւ հորիզոններ անդին, ան մերը ըլլալէ աւելի, մեր մէջն է դարձեալ, խառնուած է մեր ամէնօրեայ կեանքին, մեր զգացումներուն եւ մտածումներուն` գերակշիռ զօրութեամբ մը:
Յիսուն տարինե՜ր, ցաւի եւ սփոփանքի, յոյսերու եւ դառնութիւններու, պարտութիւններու եւ յաղթանակներու: Տաք ու պաղ օրերու յիսնամեակ մը ամբողջ, որ կու գայ ու կը ծանրանայ 1965-ի ուսերուն` խտացնելով այդ բոլորը:
1965-ի ընթացքին, որքան ալ մեր Դատը պայմանաւորուած չըլլայ ժամանակով ու չոր թիւերով, իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի ի՛ր կեանքը, ու նաեւ` իր ժողովուրդինը, ամէն մէկը ընդլայնելով իր հանրային հետաքրքրութեան շրջանակը, այդ յաւելեալ հետաքրքրութիւններու գումարը վերածելով ազգային կիրքի, գիտակից ու ծանրախոհ մօտեցումով:
Աքսորի ճամբաներէն, հուրի եւ սուրի արհաւիրքէն փրկուած բեկորներու ժառանգորդները նուիրական արժէքներու նոյն ուխտակիրներն են այսօր` հայութեան եւ հայրենիքի նոյն պաշտամունքով:
Հոգեփոխուած հայութիւն մը, խոր գիտակցութեամբը պատմական եւ քաղաքակրթական իր դերին, աւելի քան երբեք վճռական ու անյողդողդ, 1965-ի սեմէն ներս ոտք կը դնէ ճակատը բարձր` պատմական առաքելութիւն մը կատարելու նախանձախնդրութեամբ:
Ժողովուրդները իրենց անմահութեան գաղտնիքը կը խլեն մեծ աղէտներէն: Հայ ժողովուրդը քսաներորդ դարուն ճաշակեց դառնութիւնը աղէտներու ամէնէն դաժանին` իր արեան տուրքը տալով միլիոններու ծով արիւնով:
Այդ արիւնէն, կրակներէն վերածնած հայը նոյն ճամբորդն է այսօր իր ժողովուրդի անմահութեան ճամբաներուն: Երկար է ճամբան ու տաժանելի, բայց այնքան շքեղ է հայութեան տեսիլքը, այնքան հարուստ մեր հոգեկան ժառանգութիւնը, որ ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ արգելք հանդիսանալ մեր քայլերուն:
Ասիկա հաւատք է մեր ժողովուրդին համար, աւելի քան երբեք` հզօր ու ստեղծարար:
1965… ներքին զրահումի, հայութեամբ լիանալու, հարստանալու տարի:
Հաւաքական կամքի արտայայտութիւն` համազգային շքեղ երազներու տեսիլքով:
Սրբազան ուխտ` անդուլ պահանջատէրի արիւնագիր մուրհակին վրայ: