50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1964)
Պատանիին Սիւնակը
Մտածումներ Գիշերուան Մէջ
Գիշեր է. այո՛, տխո՜ւր գիշեր:
Կարծես գիշերուան մէջ է, որ մարդ իրաւունք կ՛ունենայ տխրելու…: Գիշերուան` մութին, լռութեան ու խորհուրդին մէջ:
Լո՜յսը, կ՛ատեմ այդ լոյսը: Կ՛ատեմ զայն, երբ տխուր եմ:
Կեանքը ուրախ եւ տխուր է միանգամայն: Բայց ես կը սիրեմ միա՛յն տխուր կողմը անոր…
Որովհետեւ ստիպուա՛ծ եմ սիրելու տխուրը:
Որովհետեւ չեմ կրնար ուրախ ըլլալ: Չեմ կրնար ուրախ ըլլալ, մինչեւ ա՛յն ատեն, երբ կը մնամ հայ պատանի մը…
Եւ`
Վստա՛հ եմ, որ հա՛յ եմ, որովհետեւ ուրախ չեմ, այլ` տխուր, որովհետեւ կը զգամ արիւնիս տաք հոսքը, երբ աչքերս կը դիտեն Վարդաններու, Արտաշէսներու, Մաշտոցներու դէմքերը, որովհետեւ կը զգամ մարմնիս փշաքաղուիլը, երբ ականջնե՛րս կը լսեն Կոմիտա՜սը…
Վարդաններու նկարները հո՞ն են, սենեակս:
Որքա՜ն գիշերներ այդ նկարներուն առջեւ անցուցեր եմ: Սենեակս կայ նաեւ Հայաստանի քարտեսը, որ դժբախտաբար Հայաստանը չէ… գրիչովս ամբողջացուցած Հայաստանը միայն իմս է…
Միշտ կ՛ըսենք, թէ օր մը պիտի տեսնենք Հայաստանը, այն ատեն երբ Կոստան Զարեանի նաւը իսկապէ՛ս հասնի Սեւանայ լիճ…
Բայց…
Բայց ե՞րբ նաւը պիտի հասնի Սեւանայ լիճ…
Միթէ կանգնած նաւը ժամանակի ընթացքին չի՞ ժանգոտիր…
Եւ այն ատեն նաւը ճամբորդներ պիտի ունենա՞յ…
Տխո՛ւր եմ` ըսի եւ կը կրկնեմ:
Որովհետեւ մենք` սփիւռքահայերս, լերան այն ծաղիկն ենք, որ պոկուած ենք, բաժնուած մեր հողէն եւ ճակատագրուած` թորմելու ծաղկամաններու մէջ…
Մե՛նք` հայերս…
Մեր միութիւննե՜րը… այո՛, մենք շատ միութիւններ ունինք: Չափազա՛նց շատ:
Եւ`
Ահա հո՛ն է մեր տկարութիւնը, մեր միութիւններուն շատութեան մէջն է մեր տկարութիւնը:
Մե՛նք` հայերս…
Լաւ կազմակերպութիւններ ունինք…
Եւ,
Անոր համար է, որ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր ըմբռնած ձեւով, առանձին Հայ դատ հետապնդած է… Հայութեան անունով ներկայացուած է զայն…
Ասիկա` անցեալին մէջ…
Իսկ ներկայի՞ս…
Մեր կուսակցութիւննե՜րը…
Մեր կուսակցութիւնները զիրար կը բզկտեն ու զիրար կը չէզոքացնեն, մինչ միւս ազգերը մեր վրա՜յ կը խնդան, արդէն մինչեւ հիմա ի՞նչ ըրած են որ…
Անցեալէն դաս չենք առած…
Արդի՞ւնքը` ներկան…
Իսկ մեր ապագա՞ն…
Նոր սերո՛ւնդը, հայ չէ՛:
Նոր սերունդը միայն կեղեւով հայ է:
Ան բնաւ անհրաժեշտ չի գտներ ազգային տօներ ոգեկոչելու, որ հա՜յ մնայ:
Նոր սերո՞ւնդը… եթէ անգամ մը մերկացնէք, ինչե՜ր պիտի տեսնէք…
«Փարիզ»-ուհիներ, «ամերիկ»-ուհիներ, կամ մէկ խօսքով` «հոլիվուտ»-ականները:
Անոնց համար Սայաթ Նովայի մը երգը եւ կամ հայկական պար մը խորթ կու գայ, անիմա՛ստ կու գայ…
Որովհետեւ…
Անոնք վարժուած են լսելու եւ պարելու թուիսթ, սըրֆը, շէյքը եւ այս շարքը:
Նոր սերո՛ւնդը…
Անիծուա՛ծ նոր սերունդը:
Հարցո՛ւր անոր, թէ կը զբաղի՞ իր ծագումով, հարցուր` բայց ականջներդ գոցէ՛… որ չլսես:
– «Հայերէն գիրք կեանքիս մէջ մէկ անգամ կարդացեր եմ, այն ալ` պզտիկուց, գիտե՞ս ինչ, «Կիւլիվերի ճամբորդութիւնը»…
– «Չեմ գիտեր ինչո՛ւ հայերէն գիրք չեմ կրնար կարդալ, շատ անգամ կը փորձեմ ու կէս կը ձգեմ»…
– Հայերէն ալ մարդավարի գիրք չկա՛յ, բոլոր գիրքերն ալ ձանձրանալի, միշտ կրկնութիւն»…
Նոր սերունդը ձուլումի դեղահատը կլլած է արդէն, պիտի ձուլուին կամա՜յ թէ ակամա՜յ…
Եթէ ո՞չ,
Ո՞ւր է նոր սերունդին հայկական ոգին:
Չկա՜յ, չկայ հայկական ոգի:
Հայաստան օտար արշաւանքներու տակ կը հիւծէ…
Իսկ նոր սերունդը` սնոպիզմի տակ:
Նոր սերունդը քաղաքակրթուած է, իր կարծիքով` եւրոպակա՜ն քաղաքակրթութեամբ: Դժբախտաբար սակայն չի գիտեր, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «եւրոպական քաղաքակրթութիւն»:
Եւրոպական քաղաքակրթութի՞ւն, թէ… սնոպիզմ…
Փորձէ՛ հայ աշակերտի մը ու տե՛ս… բայց քեզ կ՛ըսեմ մի՛ փորձեր, աւելորդ է այդ:
Ճազի ձայնապնակ մը աւելի արժէքաւոր է, քան` Դ. Դեմիրճեանի մը «Վարդանանք»-ը:
Այս սերունդէն ետք սփիւռքի մէջ հայ պիտի չմնա՜յ: Մեր պատմութիւնը անցեալի՛ն պիտի պատկանի…
Նո՜ր սերունդ, մա՛հը սփիւռքահայութեան:
Ապրիլ 24-ը օտար է իրեն: Ինչո՞ւ այդ օրը պիտի զոհէ եւ ոգեկոչումի երթայ: Աւելի լաւ չէ՞, որ ադ օրուան արձակուրդը սինեմա կամ սթերէօ անցընէ, պարէ, ցատկռտէ ու շրթները հպեցնէ «Ժիւլիէթ»-ներու եւ «Ռոմէօ»-ներու փափուկ շրթներուն:
– Ապրի՜լ 24, նահատակութեա՞ն օր, ինչ ապուշ բան, ատիկա միայն «հին գլուխ»-ներուն է, մենք ի՞նչ յանցանք ունինք. եթէ այսպիսի բաներ հաշիւ ընենք, օր մ՛իսկ չենք կրնար վայելել»…
Իսկ այն հայ պատանիները, որոնք կը զգա՛ն իրենց հայկական արեան տաք հոսքը եւ այդ օրը իրենց նահատակներուն յիշատակը կը յարգեն, անոնք «հին գլուխ» կը կոչուին, որովհետեւ ամբաստանողները շա՜տ տաք «նոր գլուխ» ըլլալնուն` դժբախտաբար «նոր գլուխ» բառին իմաստը չեն գիտեր:
Նոր սերունդը ինքզինք կորսնցուցած է պլու ճինզ պլուզոն նուարներու մէջ եւ ընկղմած «Ռէյ Չարլզ»-ներու երգերուն մէջ:
Ընկղմած նաւ մը չի վերականգնուիր… այլ հոն կը հաստատուին ծովային կենդանիներ… որոնք հետախոյզներն ալ կը մոլորեցնեն…
Գուցէ յանցաւորը իրենք չըլլան…
Այլ`
Պայմանները… պարագաները…
Հայո՛ւն պարագաները…
Սխալ չհասկնա՛ք:
Այս բոլորով ըսել չեմ ուզեր, որ արդի կեանքին պէտք չէ հետեւիլ, այլ պէտք չէ ինքզինք կորսնցնել:
Ըսել չեմ ուզեր, որ Ռէյ Չարլզ պէտք չէ ունկնդրել, թուիսթ պէտք չէ պարել, այլ` ամէնը ընել, պայմանաւ որ մոռացութեան չթողուին ազգային պարտականութիւնները:
Այժմ ամէն ոք կը սիրէ այս նորութիւնները եւ չսիրողը «հին գլուխ» կը կոչուի:
Բայց`
Այն որ միմիա՛յն այս բաները կը սիրէ ու միմիա՛յն այս բաներով կը զբաղի… այլասերած կը կոչուի:
Բայց դժուար է այս բաները նոր սերունդին հասկցնել:
Դժուար է…
Կամ` ուշ…
* * *
Մութին մէջ հազիւ դուռը կը բանամ:
Տունն եմ: Աւելի ճիշդը` սենեա՛կս: Ուր կը դիտեմ մեր պատմութիւնը, մեր սուրբերուն դէմքերը:
Կը յիշեմ մեր անցեալը, կը տեսնեմ մեր ներկան, կը գուշակեմ մեր ապագան…
Ու`
Կը զգամ տաք հեղուկի մը հոսքը այտերէս վար…
ՊԱՐՄԱՆ