Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ ճկուն եղէք բանակցութիւններու ընթացքին: Կրնաք համաձայնութիւն մը ունենալ: Յարգալիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կռնակի ցաւը եւ ռոմաթիզմը պիտի ըլլան հեռաւոր անցած-գացած յիշատակներ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարզանքի հետեւեցէք ձեր մարմինին բարեձեւութիւնը պահելու համար, մի՛ ծուլանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալին եղած սխալները ներեցէք, ուրիշներ նոյնը պիտի ընեն ձեզի համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արուեստը ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ, երիտասարդացնող յատկութիւն մը, որ դեղերով բուժումէ աւելի ազդու է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքի մէջ ձեր ճիգերը պիտի գնահատուին, եւ պիտի քաջալերուիք: Օրը դրական պահեր ունի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք ձեր կարողութիւնը ներկայացնել եւ հմայել ձեր շուրջինները: Պիտի ունենաք նախատեսուածէն աւելի յաջողութիւն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւ տրամադրուած բարի անձեր բառեր պիտի գտնեն ձեզ ներշնչելու համար առողջ տրամադրութիւն: Օրը յաջող է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հանգստանալու պահ մը շնորհեցէք դուք ձեզի: Շատ լուրջ էք եւ` մասամբ յոռետես:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ունենաք այն տրամադրութիւնը եւ զգացումը, թէ ուրիշներէն շատ աւելի կ՛աշխատիք: Պիտի գնահատուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներու հետ կապ պահեցէք, յարաբերութիւն մշակեցէք, որպէսզի դուք ձեզ առանձին չզգաք: Ընկերասէր եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի օգնեն ուրիշներ, որպէսզի աւելի յստակ տեսնէք ձեր կատարած գործերը: Արթուն եղէք` ձեր շուրջիններուն խօսքերը լսելով:

