50 Տարի Առաջ (24 Դեկտեմբեր 1964)

Պէյրութ` Մեր Քաղաքը

50.000 Ինքնաշարժ
Պէյրութի Փողոցներուն Մէջ

Լուսանշաններու Կանոնաւորութիւնը
Անհրաժեշտ Է Երթեւեկը Դիւրացնելու Համար 

Իշխանութիւնները հաստատեցին մէկուղի ճամբաներ, ստեղծեցին կանաչ գօտի մը, զետեղեցին ինքնագործ լուսանշաններ, պարտադրեցին տեղւոյն վրայ գանձուող տուգանքներ, բայց հազիւ յաջողեցան քիչ մը աւելի արագ երթեւեկի հնարաւորութիւն ընծայել Պէյրութի մէջ: Երթեւեկի խնդիրը իսկապէս անլուծելի՞ է մայրաքաղաքին մէջ:

Մէկ կողմէ հետիոտն քաղաքացիները եւ շարժավարները, միւս կողմէ` երթեւեկի ոստիկանները նոյն անզօրութեան առջեւ կը գտնուին: Վերջինները չեն յաջողի օրէնքները կիրարկել, իսկ առաջինները չեն կրնար կամ չեն ուզեր զանոնք յարգել: Փողոցի խառնակութիւնը մեծ մասամբ հետեւանք է զայն գործածողներու անկարգապահութեան: Եւ սակայն ասիկա այնքան կրկնուեցաւ, որ հիմա կը կարծուի, թէ Պէյրութի երթեւեկի դժուարութեանց միակ պատճառը այդ է: Անցորդներն ու շարժավարները անշուշտ մեղաւոր են, բայց իշխանութիւնը եւս ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը: Ան ալ մեծ ճիգ մը պէտք է ընէ: Պէտք է կազմակերպուի` կարենալ կազմակերպելու համար երթեւեկը:

Անկասկած, երբեմն ականատես կ՛ըլլանք իշխանութեան կողմէ գիտակցութեան որոշ զարթնումի մը: Ի զօրու կը դրուին օրէնքներ, որոնք չէին կիրարկուեր: Նոր կարգադրութիւններ կ՛ըլլան: Բայց եւ այնպէս, երթեւեկի կանոնաւորման ի նպաստ իշխանութեան ճիգը կը մնայ անբաւարար, անազդու եւ թերի: Եթէ մօտէն քննենք, հարցը զարմանալի չի թուիր, այլ ընդհակառակն, բնական: Որովհետեւ Պէյրութի երթեւեկին երկու պատասխանատու մարմինները` քաղաքապետութիւնն ու երթեւեկի ջոկատը յարմարագոյն միջոցներէն զուրկ են: Քաղաքապետութիւնը պէտք ունի թեքնիք գրասենեակի մը, կազմուած` մասնագէտներէ, որոնց միակ պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել երթեւեկը կազմակերպելու միջոցները: Երկրորդը պէտք եղած թիւը չունի:

Ըստ քաղաքապետական օրէնքին, Պէյրութի երթեւեկը կ՛իյնայ մայրաքաղաքի կուսակալութեան պատասխանատուութեան տակ: Կուսակալ Էմիլ Եաննի նախագահութեան տակ գտնուող յանձնախումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Պէյրութի ոստիկանութեան հրամանատարը, երթեւեկի ջոկատին պետը եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեայ ճարտարագէտ մը, երթեւեկը կազմակերպելու պաշտօն ունի: Հարկ եղած պարագային կրնայ դիմել մասնագէտներու:

Բոլոր որոշումները պէտք է վաւերացուին կուսակալին կողմէ: Այս յանձնախումբն է, որ կու տայ երթեւեկի կազմակերպման վերաբերեալ որոշումները: Անոր աշխատանքը մեծ մասամբ փորձառական հիմ ունի: Գործնական փորձառութեան բերած դասերու լոյսին տակ այս կամ այն միջոցը ձեռք կ՛առնուի:

Ուստի, առ ի չգոյէ մնայուն կերպով երթեւեկի կազմակերպումը ուսումնասիրող մասնագէտներու գրասենեակի մը եղած կարգադրութիւնները մանրամասնութիւններու կը վերաբերին: Գոյութիւն չունի ընդհանուր ծրագիր մը երթեւեկի կազմակերպման համար, ծրագիր մը` ճկուն, փոփոխելի օրը օրին` նայած նոր պահանջներու, յատուկ երթեւեկի կարիքներուն:

Երթեւեկի յատուկ թեքնիք գրասենեակ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը յստակօրէն ի յայտ կու գայ, երբ կը քննենք լուսանշաններու աշխատման խնդիրը: Յանձնախումբի անդամ ճարտարագէտին պարտականութիւն տրուած է հաստատելու այդ լուսանշանները: Բայց անոր բուն պաշտօնը ուրիշ է: Պետն է քաղաքապետական կառատան: Երբ Պէյրութի մէջ ելեկտրական լուսանշաններ հաստատելու որոշումը տրուեցաւ, անոր վստահեցան անոնց յանձանձումը` նկատելով, որ կրնայ ստանձնել երկու պաշտօնները: Սկիզբը դիւրին էր: Միայն քանի մը լուսանշաններ կային: Բայց հիմա որ բազմացած են, անոնց յանձանձումը կը կարօտի յատուկ սպասարկութեան մը:

Ինքնագործ լուսանշանները օգտակար են, երբ անոնց աշխատանքը կանոնաւոր է: Փողոցի մը առանցքին վրայ հաստատուած երկու լուսանշաններ աւելի կը խանգարեն երթեւեկը, քան կը դիւրացնեն, եթէ կանոնաւոր կերպով չգործեն: Պարագան այս է Ֆուատ Ա. պողոտային վրայ: Այդ փողոցին եւ Օմար Խաթթապ ու Պասթա փողոցներու խաչաձեւումներուն վրայ հաստատուած լուսանշանները նոյն կշռոյթով չեն աշխատիր: Ֆուատ Ա. – Օմար Խաթթապ փողոցներու լուսանշանը կանաչ ցոյց կու տայ, երբ երկրորդը կարմիր է, ու` փոխադարձաբար: Ուստի, առաջին լուսանշանին առջեւ կանգ առած ինքնաշարժները ճամբայ կ՛ելլեն, երբ կանաչ լոյսը կը վառի, կանգ առնելու համար 75 մեթր անդին:

Այլ երկիրներու մէջ նոյն փողոցի առանցքին վրայ հաստատուած լուսանշանները լարուած են այնպիսի ձեւով մը, որ աստիճանաբար նոյն գոյնը կը ստանան իրարու ետեւէ: Անոնց աշխատանքը սենքրոնիզէ եղած է: Կարմիր լոյսի մը առջեւ կանգ առած շարժավար մը, երբ ճամբայ կ՛ելլէ լուսանշանի փոփոխութեամբ, այլեւս կանգ չ՛առներ այլ լուսանշանի մը առջեւ, քանի մը վայրկեան չանցած: Ու այս տրամաբանական է, այլապէս ի՞նչ պիտի ըլլայ օգտակարութիւնը ինքնագործ լուսանշաններու, եթէ մէկ կողմէ պիտի չապահովեն երթեւեկի արագ ընթացքը` խաչաձեւման կէտերու խճողումը ջնջելով, եւ միւս կողմէ` մեծ թիւով ոստիկաններ անշարժութեան չմատնեն:

Լուսանշաններու գէշ աշխատումը ծանր է, որովհետեւ կրնայ արկածներու պատճառ դառնալ: Ներկայիս այդ լուսանշաններէն շատեր շատ շուտ կանաչէն կարմիրի կ՛անցնին` առանց նարնջագոյնի վրայ կանգ առնելու: Շարժավարը յաճախ քառուղիի մը մէջտեղ կու գայ, երբ լոյսը արդէն կարմիր է: Եթէ հոն կենայ, երթեւեկը կը խանգարէ: Եթէ ճամբան շարունակէ, կրնայ զարնուիլ այլ ինքնաշարժներու, որոնց անցնելու կարգը եկած է:

Եւրոպական մեծ քաղաքներու մէջ լուսանշանները կը կանոնաւորուին ելեկտրոնային ուղեղի մը միջոցով ու ատոր համար ալ արդիւնաւոր են:

Անշուշտ, քաղաքապետութեան մէջ մասնաւոր գրասենեակի մը ստեղծումը պիտի կարօտի նոր ծախսերու, որոնք պիտի գան բարդուիլ քաղաքապետութեան պիւտճէին վրայ: Բայց Պէյրութ, որ կը հաշուէ 600.000 բնակիչ, եւ որուն ինքնաշարժներու թիւը 50.000 է, կրնա՞յ աւելի երկար ատեն առանց նման սպասարկութեան մը մնալ:

ՌՈԺԷ ԺԵՀՇԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )