Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բարեկամէ մը ստացած ձեր նուէրը շատ պիտի ուրախացնէ ձեզ: Օրը պիտի ըլլայ խրախուսիչ եւ արդիւնաւէտ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Գործի մէջ ծագած պատմութիւնները մէկ կողմ դրէք, օրը յարմար չէ հարցեր հրահրելու: Խոհեմ եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անոնք, որոնք կը ճամբորդեն, հոյակապ ծնունդի գիշեր մը պիտի անցընեն: Տարին բախտաբեր է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այս իրիկուն բոլորին սրտին մէջ ուրախութիւնը պիտի ցնծայ: Ծնունդի գիշեր է, հարկ է հաշտ տրամադրութիւն ունենալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրիշներու երջանկութեամբ պիտի ուրախանաք, որովհետեւ պիտի գիտնաք երջանկացնել դժբախտ անձերը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր իւրաքանչիւր անձ փափկանկատ պիտի ըլլայ միւսին նկատմամբ: Օրը թելադրական է հաճելիին եւ օգտակարին համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք ձեր կարողութիւնը ներկայացնել եւ հմայել ձեր շուրջինները: Պիտի ունենաք նախատեսուածէն աւելի յաջողութիւն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը սքանչելի է արտայայտելու համար ձեր սէրը: Ոչինչ պիտի վերապահէք եւ պիտի ըլլաք անկեղծ ձեր շուրջիններուն հետ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծնունդը առիթ մը պիտի ստեղծէ միանալու ընտանեկան պարագաներու հետ: Ուրախ տրամադրութիւն ցուցաբերեցէք իրարու հանդէպ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պարզ նուէր մը պիտի ստանաք, բայց պիտի զգաք մեծ խանդավառութիւն: Նուէրին արժէքը մեծ կամ փոքր ըլլալուն մէջ չէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրախացուցէք ձեր շուրջինները, որոնք պիտի փոխադարձեն ձեզի: Կեանքը առ եւ տուրով կը ջերմանայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մտածեցէք անոնց մասին, որոնք վատառողջ են: Ձեր օգնութիւնը ուժ պիտի տայ անոնց եւ պիտի ամոքէ իրենց ցաւերը:

